Skip to main content

Եսայեայ (1-34)

1 Ամովսի որդիին Եսայիի տեսիլքը, որ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ տեսաւ՝ Յուդայի թագաւորներուն Ոզիային, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային օրերը։
 ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՅԱՆԴԻՄԱՆԷ
2 Լսէ՛, ո՛վ երկինք եւ ականջ դի՛ր, ո՛վ երկիր,
Վասն զի Տէրը կը խօսի։
«Զաւակներ մեծցուցի ու բարձրացուցի,
Բայց անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան։
3 Եզը իր տէրը կը ճանչնայ
Ու էշը իր տիրոջ մսուրը,
Բայց Իսրայէլ զիս չի ճանչնար,
Իմ ժողովուրդս չ՚իմանար»։
4 Վա՜յ մեղաւոր ազգին՝
Անօրէնութիւնով ծանրացած ժողովուրդ,
Չարագործներո՛ւ սերունդ, ապականի՛չ զաւակներ։
Անոնք Տէրը թողուցին,
Իսրայէլին Սուրբը անարգեցին
Ու ետ քաշուեցան։
5 Ի՞նչ պատիժ սահմանենք,
Երբ ա՛լ աւելի ապստամբիք։
Բոլոր գլուխը հիւանդ
Եւ բոլոր սիրտը տրտմած է։
6 Ոտքին թաթէն մինչեւ գլուխը
Անոր վրայ բնաւ ողջ տեղ չմնաց.
Հարուածներ, վէրքեր ու շարաւալից խոցեր կան։
Անոնք չգոցուեցան, չկապուեցան
Ու իւղով ալ չկակուղցան։
7 Ձեր երկիրը աւերակ դարձեր է
Եւ ձեր քաղաքները կրակով այրուած են։
Ձեր արտերը աչքներուդ առջեւ օտարները կ՚ուտեն
Ու անոնք օտարներուն ըրած աւերակներուն պէս խոպանացած են։
8 Սիօնի աղջիկը այգիի մէջ եղած խրճիթի պէս,
Վարունգի արտի մէջ եղած հիւղի պէս,
Պաշարուած քաղաքի պէս լքուած մնացեր է։
9 Եթէ զօրքերու Տէրը մեզի քիչ մը մնացորդ թողուած չըլլար,
Մենք Սոդոմի պէս պիտի ըլլայինք
Ու Գոմորի պիտի նմանէինք։
10 Լսեցէ՛ք Տէրոջը խօսքը, ո՛վ Սոդոմի իշխաններ,
Ակա՛նջ դրէք մեր Աստուծոյն օրէնքին, ո՛վ Գոմորի ժողովուրդ.
11 «Ի՞նչ պէտք է ինծի ձեր զոհերուն շատութիւնը, կ՚ըսէ Տէրը.
Ձեր խոյերուն ողջակէզներէն
Ու պարարտ անասուններուն ճարպէն կշտացած եմ։
Եւ զուարակներուն ու գառներուն
Եւ նոխազներուն արիւնները չեմ ուզեր։
12 Երբ կու գաք իմ առջեւս երեւնալու,
Ո՞վ պահանջեց ձեզմէ, որ այսպէս իմ սրահներս կոխկռտէք։
13 Ա՛լ ինծի ունայն ընծաներ մի՛ բերէք։
Ձեր խունկը ինծի պիղծ է։
Ամսագլուխներուն ու շաբաթներուն
Եւ ժողովներու գումարուելուն չեմ կրնար հանդուրժել։
Ձեր տօնախմբութիւնը անգամ անօրէնութիւն է։
14 Ձեր ամսագլուխներէն ու տօներէն կը զզուի իմ հոգիս,
Անոնք իմ վրաս ծանր բեռ եղան,
Վերցնելէ յոգնեցայ։
15 Ուստի երբ ձեռքերնիդ տարածէք,
Աչքերս ձեզմէ պիտի ծածկեմ,
Նաեւ երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ,
Վասն զի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են։
16 Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք,
Իմ աչքերուս առջեւէն ձեր չար գործերը մէկդի՛ ըրէք,
Չարութիւն գործելէ դադրեցէ՛ք.
17 Բարութիւն ընել սորվեցէ՛ք,
Իրաւունքը փնտռեցէ՛ք, զրկուածին ուղղութիւն ըրէ՛ք,
Որբին դատաստանը տեսէ՛ք ու որբեւարիին դատը պաշտպանեցէ՛ք»։
18 «Հիմա եկէք վիճաբանինք, կ՚ըսէ Տէրը.
Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են,
Ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան
Եւ եթէ որդան կարմիրի նման են,
Ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան։
19 Եթէ դուք յօժարիք ու հնազանդիք,
Երկրին բարիքը պիտի ուտէք,
20 Բայց եթէ զիս մերժելով պիտի ապստամբիք,
Սուրը պիտի ուտէ ձեզ»։
Վասն զի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ ասիկա։
 ՄԵՂԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔԸ
21 Ինչպէս պոռնկացաւ այդ հաւատարիմ քաղաքը։
Անիկա իրաւունքով լեցուն էր
Ու անոր մէջ արդարութիւնը կը բնակէր,
Բայց հիմա մարդասպաններու բնակարան եղած է։
22 Քու արծաթդ կղկղանք դարձաւ,
Գինիիդ մէջ ջուր խառնուած է։
23 Քու իշխաններդ ապստամբ ու գողերու ընկեր եղան.
Ամէնքն ալ կաշառք սիրելով՝ պարգեւներ կը փնտռեն.
Անոնք որբին դատաստանը չեն տեսներ
Եւ որբեւարիին դատը անոնց առջեւ չի գար։
24 Անոր համար զօրքերու Եհովա Տէրը,
Իսրայէլի Հզօրը, այսպէս կ՚ըսէ.
«Աւա՜ղ, իմ հակառակորդներուս հատուցում պիտի ընեմ
Ու թշնամիներէս վրէժ պիտի առնեմ։
25 Իմ ձեռքս քու վրադ պիտի դարձնեմ
Եւ քու կղկղանքդ բորակով պիտի մաքրեմ
Ու բոլոր անագդ մէկդի պիտի զատեմ։
26 Քու դատաւորներդ առաջուան պէս
Ու խորհրդականներդ սկիզբէն եղածին պէս նորէն պիտի հաստատեմ։
Անկէ ետքը դուն պիտի կոչուիս
Արդարութեան քաղաք եւ Հաւատարիմ աւան»։
27 Սիօնը դատաստանով պիտի փրկուի
Եւ հոն դարձողները արդարութեամբ։
28 Բայց անօրէններն ու մեղաւորները մէկտեղ պիտի ջարդուին։
Անոնք որ Տէրը կը թողուն, բնաջինջ պիտի ըլլան։
29 Քանզի ձեր ցանկացած բեւեկնիներէն պիտի ամչնաք
Եւ ձեր ընտրած պարտէզներէն ամօթով պիտի մնաք։
30 Տերեւները թառամած բեւեկնիի պէս
Եւ ջուր չունեցող պարտէզի պէս պիտի ըլլաք։
31 Զօրութիւն ունեցողը՝ խծուծի պէս
Եւ անոր գործը կայծի նման պիտի ըլլայ։
Երկուքն ալ մէկէն պիտի այրին
Եւ մարող պիտի չգտնուի։

2
ԱՆՎԵՐՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ
1 Յուդայի եւ Երուսաղէմի նկատմամբ տրուած պատգամը, որ Աստուած իմացուց Ամովսի որդիին Եսայիին.
2 «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը
Լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի,
Բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ,
Բոլոր հեթանոսները հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր։
3 Շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն.
«Եկէ՛ք, Եհովային լեռը,
Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք,
Որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ
Ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։
Վասն զի օրէնքը՝ Սիօնէն
Ու Տէրոջը խօսքը Երուսաղէմէն պիտի ելլէ.
4 Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի տեսնէ
Եւ շատ ժողովուրդներ պիտի յանդիմանէ։
Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր
Եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։
Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ
Եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին։
5 Ո՛վ Յակոբի տուն,
Եկէ՛ք Տէրոջը լոյսովը քալենք։
 ՅՈԽՈՐՏԱՆՔԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԻ
6 Քանզի դուն քու ժողովուրդդ, Յակոբին տունը թողուցիր,
Վասն զի արեւելքի կախարդներովը լեցուեցան
Եւ Փղշտացիներու պէս հմայութիւն կ՚ընեն
Ու օտարներու որդիներուն հետ դաշնակից եղան։
7 Անոնց երկիրը արծաթով ու ոսկիով լեցուեցաւ
Ու անոնց գանձերը անթիւ եղան։
Անոնց երկիրը ձիերով լեցուեցաւ
Եւ անոնց կառքերը անհաշիւ են։
8 Կուռքերով ալ լեցուն է անոնց երկիրը։
Իրենց ձեռքերուն գործերուն երկրպագութիւն կ՚ընեն,
Անոնց՝ որոնք իրենց մատերը շինեցին։
9 Ռամիկ մարդը ծռեցաւ,
Ազնուականը խոնարհեցաւ։
Անոնց մի՛ ներեր։
10 Տէրոջը վախէն
Եւ անոր վեհափառութեանը մեծութենէն
Վէմին մէջ մտի՛ր ու հողին մէջ պահուըտէ՛։
11 Մարդուն ամբարտաւան աչքերը պիտի խոնարհին,
Մարդոց հպարտութիւնը պիտի ցածնայ։
Այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ։
12 Վասն զի զօրքերու Տէրոջը օրը
Բոլոր ամբարտաւաններուն ու բարձրամիտներուն
Եւ բոլոր հպարտներուն պիտի հակառակի։
13 Լիբանանի բոլոր բարձրացած ու վերացած եղեւիններուն վրայ
Ու Բասանի բոլոր կաղնիներուն վրայ,
14 Բոլոր բարձր լեռներուն վրայ
Ու բոլոր բարձրացած բլուրներուն վրայ
15 Եւ բոլոր բարձր աշտարակներուն վրայ
Ու բոլոր ամուր պարիսպներուն վրայ
16 Եւ Թարսիսի բոլոր նաւերուն վրայ
Ու բոլոր հաճելի երեւցած բաներուն վրայ պիտի բարձրանայ։
17 Մարդուն ամբարտաւանութիւնը պիտի ցածնայ,
Մարդոց հպարտութիւնը պիտի խոնարհի։
Այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ։
18 Կուռքերը բնաջինջ պիտի ըլլան։
19 Քարայրներու մէջ
Ու երկրին խոռոչները պիտի մտնեն
Տէրոջը վախէն
Եւ անոր վեհափառութեանը մեծութենէն,
Երբ ինք երկիրը սարսելու ելլէ։
20 Այն օրը մարդ խլուրդներուն ու ջղջիկներուն պիտի նետէ
Իր արծաթեղէն կուռքերն ու իր ոսկեղէն կուռքերը,
Որոնք շիներ էին երկրպագելու համար,
21 Որպէս զի Տէրոջը վախէն
Ու անոր վեհափառութեանը մեծութենէն
Ապառաժներուն՝ ծակերը
Ու վէմերուն ծերպերը մտնէ,
Երբ Անիկա երկիրը սարսելու ելլէ։
22 Ե՛տ կեցէք մարդէն, որուն շունչը իր ռնգունքներուն մէջ է.
Վասն զի ի՞նչ բանի մէջ հաստատ կը համարուի ան»։

3
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՔԱՈՍ
1 Վասն զի ահա զօրքերու Եհովա Տէրը
Երուսաղէմէն եւ Յուդայէն պիտի վերցնէ գաւազանը եւ ցուպը,
Հացին բոլոր զօրութիւնն ու ջուրին բոլոր զօրութիւնը,
2 Կտրիճն ու պատերազմող մարդը,
Դատաւորն ու մարգարէն, գուշակութիւն ընողն ու ծերը,
3 Յիսնապետն ու պատուաւոր մարդը,
Խորհրդականն ու իմաստուն ճարտարապետը եւ հանճարեղ կախարդը։
4 Անոնց վրայ մանուկները իշխան պիտի կարգեմ,
Անոնց վրայ տղաք պիտի իշխեն։
5 Ժողովուրդը՝ իրարմէ
Ու ընկերը իր ընկերէն հարստահարութիւն պիտի կրեն.
Մանուկները ծերերուն վրայ պիտի գոռոզանան
Եւ անարգները՝ պատուականներուն։
6 Այն ատեն մարդ իր հօրը տունէն եղող իր եղբայրը պիտի բռնէ ու ըսէ.
«Դուն հանդերձ ունիս,
Մեր վրայ իշխան եղիր
Ու այս աւերակը քու ձեռքիդ տակ թող ըլլայ»։
7 Այն օրը անիկա պատասխան պիտի տայ ու ըսէ.
«Ես առաջնորդ չեմ ըլլար,
Վասն զի իմ տանս մէջ ո՛չ հաց կայ եւ ո՛չ հանդերձ.
Զիս ժողովուրդին վրայ իշխան մի՛ կարգէք»։
8 Քանզի Երուսաղէմ սասանեցաւ եւ Յուդա ինկաւ։
Վասն զի անոնց լեզուներն ու գործերը Տէրոջը դէմ են,
Որպէս զի բարկացնեն անոր փառաւոր աչքերը։
9 Անոնց երեսներուն տեսքը իրենց դէմ կը վկայէ
Եւ իրենց մեղքերը Սոդոմի պէս կը յայտնեն, չեն ծածկեր։
Վա՜յ անոնց անձին, վասն զի իրենց վրայ չարիք բերին։
10 Արդարին ըսէք թէ իրեն աղէկ պիտի ըլլայ.
Վասն զի անոնք իրենց գործերուն պտուղը պիտի ուտեն։
11 Վա՜յ անօրէնին, գէշ պիտի ըլլայ անոր,
Վասն զի անոր ձեռքերուն գործերուն փոխարէնը իրեն պիտի տրուի։
12 Բայց իմ ժողովուրդիս հարստահարիչները տղաք են
Ու անոր վրայ կիներ կը տիրեն։
Ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու առաջնորդներդ քեզ գլխէ կը հանեն
Եւ քու շաւիղներուդ ճամբան կը խանգարեն։
 ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԴԱՏԷ
13 Տէրը դատաստան տեսնելու ելեր է
Ու ժողովուրդները դատելու կեցեր է։
14 Տէրը ինք դատաստան ընելու պիտի գայ
Իր ժողովուրդին ծերերուն ու իշխաններուն հետ։
«Վասն զի դուք այգին այրեցիք
Ու աղքատէն յափշտակուածը ձեր տունն է։
15 Դուք իմ ժողովուրդս կը կեղեքէք
Ու աղքատները կը հարստահարէք»,
Կ՚ըսէ Եհովան, զօրքերու Տէրը։
16 Եւ Տէրը այսպէս ըսաւ.
«Որովհետեւ Սիօնի աղջիկները հպարտացան
Ու բարձրապարանոց կը քալեն,
Անհամեստ ակնարկութիւններ կ՚ընեն,
Մանրաքայլ կ՚երթան
Ու ոտքերով շաչիւն կը հանեն,
17 Տէրն ալ Սիօնի աղջիկներուն գագաթը պիտի կնտացնէ
Եւ անոնց ամօթոյքը պիտի մերկացնէ»։
 ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԿԻՆԵՐՈՒՆ
18 Եւ այն օրը Տէրը պիտի վերցնէ
Անոնց ոտքի մեհեւանդներուն փառքը
Ու ցանցակերպ ծամակալները եւ մահիկները,
19 Գինդերը, ապարանջաններն ու շղարշատեռները,
20 Ապառօշները, ոտքի շղթաներն ու գօտիները,
Անուշահոտութիւններու տուփերը, հմայեակները,
21 Մատանիները եւ քթերուն օղերը,
22 Պատմուճանները, վերարկուները,
Ծածկոցներն ու քսակները,
23 Հայելիներն ու բեհեզները,
Խոյրերն ու քօղերը։
24 Որպէս զի անուշահոտութեան տեղ փտտութիւն
Ու գօտիի տեղ չուան
Եւ գանգուր մազերու տեղ կնտութիւն
Եւ լանջագեղ կամարի տեղ քուրձի գօտի
Ու գեղեցկութեան տեղ խարան ըլլայ։
25 Քու մարդիկդ սուրով պիտի իյնան
Ու կտրիճներդ ալ պատերազմի մէջ։
26 Եւ անոր դռները պիտի ողբան ու սուգ բռնեն
Եւ անիկա ամայի ըլլալով՝ գետինը պիտի նստի։

4
1 Այն օրը եօթը կին մէկ այր մարդ պիտի բռնեն ու ըսեն.
«Մեր հացը ուտենք ու մեր հանդերձը հագնինք,
Բայց միայն քու անունդ կանչուի մեր վրայ՝
Մեր նախատինքը վերցնելու համար»։
 ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ
2 Այն օրը Տէրոջը շառաւիղը
Փառաւոր ու պատուական պիտի ըլլայ
Եւ Իսրայէլի ազատուածներուն՝
Երկրին պտուղը պարծանքի եւ պատիւի համար պիտի ըլլայ։
3 Որպէս զի Սիօնի մէջ մնացածը
Ու Երուսաղէմի մնացորդը,
Այսինքն Երուսաղէմի մէջ բոլոր ողջ մնացողները,
Սուրբ կոչուին,
4 Երբ Տէրը Սիօնի աղջիկներուն աղտը լուայ
Ու դատաստանի հոգիով եւ այրող հոգիով
Երուսաղէմի արիւնները անոր մէջէն սրբէ։
5 Տէրը Սիօն լերանը վրայ
Ու անոր ժողովարաններուն վրայ
Ցորեկը ամպ եւ մէգ
Ու գիշերը փայլուն կրակի բոց պիտի ստեղծէ,
Որպէս զի բոլոր փառքին վրայ հովանի ըլլայ։
6 Ցորեկը վրան պիտի ըլլայ,
Տաքութեան համար՝ հովանի
Եւ մրրիկին ու անձրեւի համար
Ապաստանարան ու ծածկոց ըլլալու։

5
ԱՅԳԻԻՆ ԵՐԳԸ
1 Հիմա իմ սիրականիս երգը
Իմ սիրելիիս երգեմ իր այգիին վրայով.
Իմ սիրելիս այգի մը ունէր
Խիստ պտղաբեր բլուրի մը վրայ։
2 Զանիկա ցանկով պատեց, քարերը հանեց մէջէն
Եւ ընտիր որթատունկեր տնկեց։
Անոր մէջտեղը աշտարակ շինեց
Եւ հոն հնձան մըն ալ փորեց։
Կը սպասէր, որ խաղող տար,
Բայց անիկա ազոխ տուաւ։
3 Ուստի հիմա դուք, ո՛վ Երուսաղէմի բնակիչներ ու Յուդայի մարդիկ,
Իմ ու այգիիս մէջտեղ դատաւոր եղէք։
4 Իմ այգիիս ուրիշ ի՞նչ պէտք էր ընէի,
Որ ես անոր չըրի։
Ինչո՞ւ համար, երբ ես խաղող տալուն կը սպասէի,
Անիկա ազոխ տուաւ։
5 Ուրեմն ես ձեզի ըսեմ,
Թէ ի՛նչ պիտի ընեմ իմ այգիիս։
Անոր ցանկը պիտի քակեմ, որպէս զի անասուններու ճարակ ըլլայ։
Անոր պատերը պիտի փլցնեմ, որպէս զի ոտնակոխ ըլլայ։
6 Խոպանացած պիտի թողում։
Անիկա պիտի չյօտուի ու չբրուի,
Որպէս զի ցախ ու փուշ բուսցնէ։
Ամպերուն պիտի պատուիրեմ,
Որ անոր վրայ անձրեւ չտեղան։
7 Վասն զի զօրքերուն Տէրոջը այգին Իսրայէլի տունն է
Ու Յուդայի մարդիկը՝ անոր ախորժելի տունկը։
Անիկա իրաւունքի կը սպասէր եւ ահա՝ արիւնահեղութիւն եղաւ,
Արդարութեան՝ եւ ահա աղաղակ։
 ՉԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ՄԱՐԴԻԿ Կ՚ԸՆԵՆ
8 Վա՜յ անոնց, որոնք տունը տան կը միացնեն,
Ագարակ ագարակի վրայ կ՚աւելցնեն.
Մինչեւ որ տեղ չմնայ
Ու միայն դուք բնակիք երկրի մէջ։
9 Զօրքերու Տէրը իմ ականջիս խօսեցաւ՝ ըսելով
«Յիրաւի շատ տուներ աւերակ պիտի ըլլան,
Մեծ ու գեղեցիկ տուներ ու անոնց մէջ բնակող պիտի չգտնուի։
10 Վասն զի տասը լծավար այգին մէկ մար պիտի տայ
Ու մէկ քոռ սերմը մէկ արդու պիտի տայ»։
11 Վա՜յ անոնց, որոնք առտուն կանուխ կ՚ելլեն
Ու ցքի խմելու ետեւէ կ՚ըլլան
Եւ իրիկունն ալ կ՚ուշանան,
Մինչեւ որ գինին իրենց գլուխը տաքցնէ։
12 Անոնց խնճոյքներուն մէջ քնար ու տաւիղ,
Թմբուկ ու սրինգ եւ գինի կը գտնուի,
Բայց Տէրոջը ըրածներուն ուշադրութիւն չեն ըներ
Եւ անոր ձեռքերուն գործերուն չեն նայիր։
13 Անոր համար իմ ժողովուրդս Տէրը չճանչնալով՝ գերի կ՚իյնայ
Ու անոր մեծամեծ մարդիկը սով կը կրեն,
Բազմութիւնը ծարաւէն կը ցամքի։
14 Անոր համար դժոխքը ինքզինք կը լայնցնէ
Ու բերանը չափէ դուրս կը բանայ։
Անոր պարծանքն ու բազմութիւնը
Եւ աղաղակն ու զուարճութիւնը անոր մէջ պիտի իջնեն։
15 Ռամիկ մարդը պիտի իյնայ
Ու ազնուականը պիտի խոնարհի։
Ամբարտաւաններուն աչքերն ալ պիտի խոնարհին։
16 Զօրքերու Տէրը իրաւունքով պիտի բարձրանայ։
Սուրբ Աստուած արդարութիւնով պիտի փառաւորուի։
17 Գառնուկները իրենց սովորութեանը պէս պիտի արածին
Ու հարուստներուն աւերակները օտարները պիտի ուտեն։
18 Վա՜յ անոնց, որոնք անօրէնութիւնը ունայնութեան չուաններով կը քաշեն
Ու մեղքը՝ սայլի փոկերով քաշելու պէս,
19 Որոնք կ՚ըսեն. «Թող արտորայ,
Իր գործը շուտով կատարէ, որպէս զի զանիկա տեսնենք։
Իսրայէլին Սուրբին խորհուրդը
Թող մօտենայ, գայ, որպէս զի զանիկա գիտնանք»։
20 Վա՜յ անոնց, որոնք չարին բարի կ՚ըսեն ու բարիին՝ չար.
Որոնք խաւարը՝ լոյսի տեղ ու լոյսը խաւարի տեղ կը դնեն,
Որոնք դառնը՝ քաղցրի տեղ ու քաղցրը դառնի տեղ կը դնեն։
21 Վա՜յ անոնց, որոնք իրենց աչքին իմաստուն
Եւ իրենց առջեւ խոհական են։
22 Վա՜յ անոնց, որոնք գինի խմելու համար՝ զօրաւոր
Ու ցքի խառնելու համար կտրիճ են,
23 Որոնք կաշառքի համար ամբարիշտը կ՚արդարացնեն
Եւ արդարը իր իրաւունքէն կը զրկեն։
24 Անոր համար ինչպէս կրակին բոցը յարդը կ՚ուտէ
Ու չոր խոտը բոցին մէջ կը հատնի,
Այնպէս ալ անոնց արմատը փտտութեան պէս պիտի ըլլայ
Ու անոնց ծաղիկը փոշիի պէս վեր պիտի ելլէ։
Վասն զի զօրքերու Տէրոջը օրէնքը մերժեցին
Եւ Իսրայէլի Սուրբին խօսքը անարգեցին։
25 Անոր համար Տէրոջը բարկութիւնը իր ժողովուրդին դէմ բորբոքեցաւ
Ու անոնց վրայ ձեռքը երկնցուց ու զարկաւ զանոնք,
Այնպէս որ լեռները դողացին
Ու անոնց դիակները ճամբաներուն վրայ աղբի պէս մնացին։
Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ,
Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
26 Հեռաւոր ազգերու դրօշակը պիտի վերցնէ
Ու զանոնք երկրի ծայրէն սուլելով պիտի կանչէ։
Ահա անոնք արտորալով եւ արագութեամբ պիտի գան։
27 Անոնցմէ մէ՛կը պիտի չյոգնի ու մէ՛կը պիտի չսահի.
Մէ՛կը պիտի չմրափէ ու չքնանայ։
Մէ՛կուն մէջքի գօտին պիտի չքակուի,
Ո՛չ ալ կօշիկին կապը պիտի կտրուի։
28 Անոնց նետերը սուր են
Ու բոլոր աղեղները՝ լարուած։
Անոնց ձիերուն սմբակները գայլախազի կը նմանին
Եւ կառքերուն անիւները մրրիկի պէս են։
29 Անոնք առիւծի պէս կը մռնչեն,
Կորիւններու պէս կը գոռան։
Կը գոչեն ու կողոպուտը կը յափշտակեն,
Զանիկա կը փախցնեն, բայց ազատող մը չկայ։
30 Այն օրը անոնց վրայ պիտի գոչեն ծովուն գոչելուն պէս
Ու երբ մէկը երկրին նայի, ահա խաւար եւ տագնապ պիտի տեսնէ
Եւ լոյսը անոր ամպերուն մէջ պիտի խաւարի։

6
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՍԱՅԻՆ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ՄԱՐԳԱՐԷԱՆԱԼՈՒ
1 Ոզիա թագաւորին մահուան տարին Տէրը տեսայ, որ բարձր ու վերացած աթոռի վրայ նստեր էր։ Անոր քղանցքը տաճարը կը լեցնէր։ 2 Վերի կողմը սերովբէները կը կենային անոր առջեւ, որոնց ամէն մէկը վեց թեւ ունէր։ Երկուքով երեսնին կը ծածկէին, երկուքով ոտքերնին կը ծածկէին ու երկուքով կը թռչէին։ 3 Եւ փոփոխակի կ՚աղաղակէին ու կ՚ըսէին.
«Սուրբ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը.
Բոլոր երկիր անոր փառքովը լեցուն է»։
4 Եւ աղաղակին ձայնէն դրան սեմերուն հիմերը շարժեցան եւ տունը ծուխով լեցուեցաւ։
5 Եւ ըսի.
«Վա՜յ ինծի, ահա կը կորսուիմ.
Վասն զի ես պիղծ շրթունք ունեցող մարդ մըն եմ
Ու պղծաշուրթն ժողովուրդի մէջ կը բնակիմ
Եւ իմ աչքերս զօրքերու Տէրը, Թագաւորը տեսան»։
6 Բայց սերովբէներէն մէկը իմ կողմս թռաւ ու ձեռքը կրակի կայծ մը ունէր, որ սեղանէն ունելիով առած էր։ 7 Եւ բերնիս դպցնելով՝ ըսաւ.
«Ահա ասիկա քու շրթունքներուդ դպաւ
Ու քու անօրէնութիւնդ վերցուեցաւ
Եւ մեղքիդ քաւութիւն եղաւ»։
8 Ետքը լսեցի Տէրոջը ձայնը, որ ըսաւ.
«Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ»։
Ու ես ըսի. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։
9 Այն ատեն ըսաւ.
«Գնա՛, ըսէ՛ այս ժողովուրդին.
‘Լսելով պիտի լսէք, բայց պիտի չիմանաք
Ու տեսնելով պիտի տեսնէք, բայց պիտի չգիտնաք’։
10 Այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացուր
Եւ ականջները ծանրացուր ու անոր ոտքերը գոցէ,
Որպէս զի չըլլայ թէ աչքերովը տեսնէ ու ականջներովը լսէ
Եւ սրտովը իմանայ եւ դարձի գայ ու բժշկուի»։
11 Ես ըսի. «Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր իմ»։ Ան ըսաւ.
«Մինչեւ որ քաղաքները բնակիչ չունենալով
Եւ տուները մարդ չգտնուելով՝ ամայի մնան
Ու երկիրը բոլորովին աւերակ ըլլայ
12 Ու մինչեւ որ Տէրը հեռացնէ մարդիկը
Ու երկրին մէջ մեծ ամայութիւն ըլլայ։
13 Անոր մէջ դեռ մէկ տասներորդ մասը պիտի գտնուի,
Բայց այն ալ դարձեալ պիտի սպառի.
Ինչպէս բեւեկնին ու կաղնին կտրուելով՝ անոնց բունը կը մնայ»։
Այսպէս սուրբ սերունդը այն ժողովուրդին բունը պիտի ըլլայ։

7
ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ՈԶԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ
1 Յուդայի թագաւորին, Ոզիայի որդիին Յովաթամի որդիին Աքազին օրերը Ասորիներուն Ռասին թագաւորն ու Իսրայէլի թագաւորը Ռովմելայի որդին Փակէէն Երուսաղէմի դէմ պատերազմելու ելան, բայց չկրցան անոր հետ պատերազմ ընել։ 2 Ուստի երբ Դաւիթին տանը լուր տրուեցաւ թէ Ասորիները Եփրեմի հետ միաբանեցան, անոր սիրտը եւ անոր ժողովուրդին սիրտը ցնցուեցաւ, ինչպէս անտառին ծառերը հովէն կը ցնցուին։ 3 Բայց Տէրը Եսայիին ըսաւ. «Հիմա դուն քեզի հետ առ քու որդիդ Սէար-Յասուբը, թափիչի ագարակին ճամբուն վրայ, վերի աւազանին ջրմուղին եզերքը ելի՛ր Աքազը դիմաւորելու։ 4 Եւ ըսէ՛ անոր.
‘Զգո՛յշ եղիր ու հանդա՛րտ կեցիր,
Մի՛ վախնար ու սիրտդ թող չմարի
Այս ծուխ հանող երկու կիսայրեաց փայտի ծայրերէն՝
Այսինքն Ռասինի ու Ասորիներու
Եւ Ռովմելայի որդիին սաստիկ բարկութենէն։
5 Որովհետեւ Ասորիները, Եփրեմն ու Ռովմելային որդին
Քու վրայովդ չար խորհուրդ ըրին ու ըսին.
6 «Յուդայի վրայ երթանք ու զանիկա բռնադատենք
Եւ մեզի հնազանդեցնենք,
Ետքը անոր մէջ Տաբէէլին որդին թագաւոր դնենք»’։
7 Տէր Եհովան այսպէս կ՚ըսէ.
Այս խորհուրդը պիտի չհաստատուի ու չկատարուի.
8 Վասն զի Ասորիներուն երկրին գլուխը՝ Դամասկոս
Եւ Դամասկոսին գլուխը Ռասին է։
Վաթսունըհինգ տարուան մէջ Եփրեմ ժողովուրդ ըլլալէ պիտի ջնջուի։
9 Եփրեմին գլուխը՝ Սամարիա
Եւ Սամարիային գլուխը Ռովմելային որդին է.
Եթէ չհաւատաք, հաստատուն պիտի չըլլաք’։
 ԷՄՄԱՆՈՒԷԼԻՆ ՆՇԱՆԸ
10 Դարձեալ Տէրը խօսեցաւ Աքազին ու ըսաւ.
11 «Քու Տէր Աստուծմէդ քեզի համար նշան խնդրէ,
Խորութեան մէջ կամ բարձրութեան մէջ»։
12 Բայց Աքազ ըսաւ. «Չեմ խնդրեր ու Տէրը չեմ փորձեր»։
13 Այն ատեն անիկա ըսաւ.
«Լսէ՛ հիմա, ո՛վ Դաւիթի տուն.
Պզտի՞կ բան կ՚երեւնայ քեզի մարդիկ աշխատցնելդ,
Որ իմ Աստուածս ալ պիտի աշխատցնես։
14 Անոր համար Տէրը ինք նշան պիտի տայ քեզի.
Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի
Եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչուի։
15 Անիկա կոգի ու մեղր պիտի ուտէ,
Մինչեւ որ գիտնայ չարը մերժել ու բարին ընտրել։
16 Վասն զի տղան չարը մերժելը ու բարին ընտրելը գիտնալէն առաջ
Պիտի թողու այն երկիրը,
Որուն երկու թագաւորներէն դուն կը վախնաս։
17 Տէրը քու վրադ ու քու ժողովուրդիդ վրայ
Եւ քու հօրդ տանը վրայ այնպիսի օրեր պիտի բերէ,
Որ Եփրեմին Յուդայէն զատուած օրէն ի վեր չեկան,
Այսինքն Ասորեստանի թագաւորը»։
18 Այն օրը Տէրը պիտի սուլէ,
Եգիպտոսի գետերուն ծայրը եղած ճանճերը
Ու Ասորեստանի երկրին մէջ եղած մեղուները,
19 Բոլորը պիտի գան ու պիտի հանգչին
Ամայի ձորերուն մէջ ու վէմերուն խոռոչներուն մէջ
Եւ բոլոր թուփերուն ու բոլոր արօտներուն մէջ։
20 Այն օրը Տէրը, վարձքով առնուած ածելիով,
Այսինքն Գետին անդիի կողմը եղող Ասորեստանի թագաւորով,
Գլուխն ու ոտքերուն մազը պիտի ածիլէ
Եւ մօրուքն ալ բոլորովին պիտի սափրէ։
21 Այն օրը մարդ մը,
Մէկ երինջ ու երկու ոչխար պահելով,
22 Անոնց տուած կաթին առատութենէն կոգի պիտի ուտէ,
Վասն զի երկրին մէջ բոլոր մնացողները
Կոգի ու մեղր պիտի ուտեն։
23 Եւ այն օրը,
Ուր որ հազար որթատունկ տնկուած է հազար սիկղ արծաթի արժէքով,
Ցախերով ու փուշերով պիտի լեցուի։
24 Նետերով ու աղեղներով հոն պիտի գան,
Վասն զի բոլոր երկիրը ցախերով ու փուշերով պիտի լեցուի։
25 Եւ այն բոլոր լեռները, որոնք բրիչով կը փորուէին,
Ցախի ու փուշի երկիւղին պատճառով հոն պիտի չերթաք.
Արջառներուն արօտ ու խաշինքներուն կոխան պիտի ըլլան։

8
ԵՍԱՅԻԻՆ ՈՐԴԻՆ ՈՐՊԷՍ ՆՇԱՆ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
1 Տէրը ինծի ըսաւ. «Դուն քեզի մեծ տոմս մը առ եւ անոր վրայ մարդու գրիչով գրէ՝ ‘Մահէր-Շալալ-Հաշ-Պազին մասին’»։ 2 Եւ ինծի հաւատարիմ վկաներ բռնեցի Ուրիա քահանան ու Բարաքիայի որդին Զաքարիան։ 3 Մերձեցայ մարգարէուհիին ու անիկա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Անոր անունը Մահէր-Շալալ-Հաշ-Պազ դիր. 4 Վասն զի դեռ տղան «Հայրս եւ մայրս» կանչելը չսորված՝ Դամասկոսի հարստութիւններն ու Սամարիայի աւարը Ասորեստանի թագաւորին առջեւ պիտի տարուին»։
 ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿՈՒ ԳԱՅ
5 Դարձեալ Տէրը ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ. 6 «Որովհետեւ այս ժողովուրդը Սիլովայի հանդարտ վազող ջուրերը կ՚արհամարհէ եւ Ռասինի ու Ռովմելայի որդիին կը հաւնի,
7 Անոր համար ահա Տէրը անոնց վրայ Գետին զօրաւոր ու առատ ջուրերը,
Այսինքն Ասորեստանի թագաւորը ու անոր բոլոր զօրութիւնը, պիտի հանէ
Եւ անիկա իր բոլոր յատակներէն վեր պիտի ելլէ
Ու իր բոլոր եզերքներուն վրայէն պիտի քալէ։
8 Յուդային մէջէն յորդելով՝ պիտի անցնի երթայ
Ու մինչեւ մարդոց պարանոցը պիտի հասնի
Եւ անոր թեւերուն տարածութիւնը
Քու երկրիդ լայնութիւնը պիտի լեցնէ, ո՛վ Էմմանուէլ»։
9 Ո՛վ ժողովուրդներ, դաշնակի՛ց եղէք, բայց պիտի խորտակուիք.
Ո՛վ երկրին հեռաւոր տեղեր, ակա՛նջ դրէք,
Պատրաստուեցէ՛ք, բայց պիտի խորտակուիք.
*Պատրաստուեցէ՛ք, բայց պիտի խորտակուիք.
10 Խորհո՛ւրդ ըրէք, բայց պիտի խափանուի.
Խօ՛սք խօսեցէք, բայց պիտի չհաստատուի.
Քանզի Աստուած մեզի հետ է։
 ՏԷՐԸ ԿԸ ԽՐԱՏԷ ՄԱՐԳԱՐԷՆ
11 Քանզի Տէրը հզօր ձեռքով այսպէս խօսեցաւ ինծի
Ու խրատեց զիս՝ թէ պէտք չէ այս ժողովուրդին ճամբուն մէջ քալել՝ ըսելով.
12 «Դաւադրութիւն մի՛ ըսէք
Ինչ բանի որ այս ժողովուրդը դաւադրութիւն կ՚ըսէ։
Անոր վախովը մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք։
13 Միայն զօրքերու Տէրը փառաւորեցէք,
Անիկա ըլլայ ձեր վախը եւ ձեր զարհուրանքը։
14 Եւ անիկա ձեզի սրբարան պիտի ըլլայ,
Բայց Իսրայէլի երկու տուներուն՝
Գայթակղութեան քար եւ գլորելու վէմ
Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն թակարդ ու որոգայթ պիտի ըլլայ։
15 Եւ անոնցմէ շատերը պիտի գլորին,
Ու իյնալով պիտի խորտակուին
Եւ որոգայթի մէջ իյնալով պիտի բռնուին»։
 ՄԵՌԵԼԱՀԱՐՑՈՒԹԵՆԷ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
16 Վկայութիւնը կապէ,
Աշակերտներուս մէջ օրէնքը կնքէ։
17 Ուրեմն ես պիտի սպասեմ Տէրոջը,
Որ Յակոբի տունէն իր երեսը ծածկեր է
Ու անոր պիտի յուսամ։
18 Ահաւասիկ ես ու այն զաւակները, որոնք Տէրը ինծի տուաւ,
Նշաններ ու սքանչելիքներ ըլլալու Իսրայէլի մէջ՝
Սիօն լեռը բնակող զօրքերու Տէրոջը կողմանէ։
19 Ու երբ ձեզի ըսեն թէ՝
«Շշնջող ու քրթմնջող վհուկներուն
Եւ նշանագէտներուն հարցուցէք»,
Այն ատեն ըսէք թէ
Ժողովուրդը իր Աստուծոյն պիտի չհարցնէ՞.
Կենդանիներուն համար մեռածներո՞ւն պիտի հարցնէ։
20 Օրէնքին ու վկայութեանը թող հարցնեն.
Եթէ այս խօսքին համեմատ չխօսին,
Անոնք ամենեւին լոյս չունին։
 ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄԸ
21 Եւ ժողովուրդը վիշտ ու սով կրելով պիտի անցնի անկէ
Ու երբ անօթենայ, պիտի բարկանայ
Ու իր թագաւորին եւ իր Աստուծոյն պիտի հայհոյէ ու վեր նայի
22 Եւ դէպի երկիր պիտի նայի
Եւ ահա վիշտ ու խաւար, նեղութեան մէգ։
Դէպի մառախուղ պիտի քշուին։

9

ԱՊԱԳԱՅ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1 Բայց այնպէս խաւար պիտի չըլլայ, ինչպէս նեղութեան ժամանակը,
Երբ ժամանակին անարգեց Զաբուղոնի երկիրը ու Նեփթաղիմի երկիրը.
Հապա վերջին ատենը պիտի փառաւորէ ծովուն ճամբան,
Յորդանանի անդիի կողմը, Հեթանոսներու Գալիլիան։
2 Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ,
Մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ։
3 Ազգը շատցուցիր, անոր ուրախութիւնը մեծցուցիր.
Անոնք քու առջեւդ կ՚ուրախանան՝ հունձքի ատենի ուրախութեան պէս,
Ինչպէս կը ցնծան անոնք, որ աւար կը բաժնեն։
4 Վասն զի Մադիամի օրուանը պէս՝
Անոր ծանր լուծը ու կռնակին գաւազանը
Եւ անոր վրայ բռնութիւն ընողին ցուպը կոտրեցիր։
5 Քանզի շառաչիւնով պատերազմողներուն բոլոր զէնքերը
Եւ արիւնաթաթախ հանդերձները
Պիտի այրին եւ հրոյ ճարակ ըլլան։
6 Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ,
Մեզի որդի մը տրուեցաւ
Եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։
Անոր անունը պիտի կոչուի
Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած,
Յաւիտենականութեան Իշխան։
7 Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ
Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ,
Որպէս զի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան
Իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա։
Զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ ասիկա։
 ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
8 Տէրը Յակոբին պատգամ ղրկեց
Ու անիկա Իսրայէլին վրայ իջաւ։
9 Բոլոր ժողովուրդը պիտի իմանայ,
Այսինքն Եփրեմ ու Սամարիայի բնակիչները,
Որոնք ամբարտաւանութեամբ եւ սրտի հպարտութեամբ կ՚ըսեն.
10 «Թէեւ աղիւսները ինկան,
Բայց մենք տաշուած քարերով պիտի շինենք։
Մոլաթզենիները կտրուեցան,
Բայց մենք անոնց տեղ եղեւնափայտեր պիտի դնենք»։
11 Սակայն Տէրը անոր վրայ Ռասինին հակառակորդները պիտի յարուցանէ
Ու անոր թշնամիները պիտի գրգռէ։
12 Ասորիները՝ արեւելքէն, Փղշտացիները՝ արեւմուտքէն
Անոնք լեցուն բերանով Իսրայէլը պիտի ուտեն։
Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ,
Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
13 Քանզի ժողովուրդը զինք զարնողին չի դառնար
Ու զօրքերու Տէրը չի փնտռեր։
14 Տէրը Իսրայէլին գլուխն ու պոչը,
Արմաւենիի ոստն ու կնիւնը
Մէկ օրուայ մէջ պիտի կտրէ։
15 (Ծերն ու պատուաւոր մարդը գլուխն է
Եւ ստութիւն սորվեցնող մարգարէն պոչն է)
16 Եւ այս ժողովուրդին առաջնորդները պիտի մոլորեցնեն զանոնք
Եւ անոնցմէ առաջնորդուածները պիտի կլլուին։
17 Այս պատճառով Տէրը անոր երիտասարդներուն պիտի չհաճի
Եւ անոր որբերուն ու որբեւարիներուն պիտի չողորմի.
Վասն զի ամէնքն ալ կեղծաւոր ու չարագործ եղան
Եւ ամէն բերան անզգամութիւն կը խօսի։
Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ,
Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
18 Քանզի անօրէնութիւնը կրակի պէս կ՚այրէ,
Ցախերն ու փուշերը կը սպառէ,
Անտառին թանձրախիտ ծառերը կ՚այրէ
Ու անոնք կը ցնդին վեր ելլող ծուխի պէս։
19 Զօրքերու Տէրոջը բարկութենէն երկիրը պիտի այրի
Ու ժողովուրդը հրոյ ճարակ եղածի պէս պիտի ըլլայ։
Մարդ իր եղբօրը պիտի չխնայէ։
20 Աջ կողմը եղածը պիտի յափշտակէ ու անօթի պիտի մնայ։
Ձախ կողմինն ալ պիտի ուտէ ու պիտի չկշտանայ։
Ամէն մարդ իր բազուկներուն միսը պիտի ուտէ։
21 Մանասէն Եփրեմը պիտի ուտէ ու Եփրեմը՝ Մանասէն։
Անոնք մէկտեղ Յուդային վրայ պիտի յարձակին։
Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ,
Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։

10
1 Վա՜յ անոնց, որոնք անօրէնութեան կանոններ կը սահմանեն
Եւ այն դպիրներուն, որոնք անօրէնութիւն կը գրեն,
2 Որպէս զի աղքատներուն դատը խոտորեն
Ու իմ ժողովուրդիս տնանկներուն իրաւունքը յափշտակեն.
Որպէս զի որբեւարիները իրենց աւար ըլլան
Ու իրենք որբերը կողոպտեն։
3 Ուրեմն ի՞նչ պիտի ընէք այցելութեան օրը
Եւ հեռուէն գալու կործանման ատենը։
Օգնութեան համար որո՞ւ պիտի դիմէք
Ու ձեր փառքը ո՞ւր պիտի թողուք։
4 Առանց ինծի գերիներուն մէջ պիտի ծռին
Ու սպաննուածներուն *մէջ պիտի իյնան։
Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ,
Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
 ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՐԾԻՔ
5 Վա՜յ Ասորեստանի թագաւորին, որ իմ բարկութեանս գաւազանը եղաւ
Եւ որուն ձեռքի ցուպը իմ սրտմտութիւնս է։
6 Զանիկա կեղծաւոր ազգի մը վրայ պիտի ղրկեմ
Ու հրաման պիտի տամ անոր այն ժողովուրդին դէմ, որուն սրդողած եմ,
Որ հաւաքէ ու յափշտակութիւն ընէ
Եւ զանոնք փողոցներուն ցեխին պէս կոխկռտէ։
7 Բայց անիկա այնպէս չի մտածեր
Ու սրտովը այնպէս չի խորհիր.
Հապա իր միտքը դրեր է որ կորսնցնէ
Եւ շատ ազգեր բնաջինջ ընէ։
8 Վասն զի կ՚ըսէ.
«Միթէ իմ իշխաններս ամէնքն ալ թագաւորներ չե՞ն.
9 Քաղանէն Քարքամիսին պէս չէ՞.
Եմաթը Արփաթին պէս չէ՞.
Սամարիան Դամասկոսին պէս չէ՞։
10 Իմ ձեռքս տիրեց կռապաշտ թագաւորութիւններուն,
Որոնց կուռքերը Երուսաղէմի ու Սամարիայի կուռքերէն շատ էին։
11 Միթէ Սամարիային ու անոր կուռքերուն ըրածիս պէս,
Երուսաղէմին ու անոր կուռքերուն ալ պիտի չընե՞մ»։
12 Երբ Տէրը Սիօն լերանը վրայ
Ու Երուսաղէմի մէջ իր գործը կատարէ,
Ասորեստանի թագաւորին հպարտացած սրտին պտուղը
Եւ անոր ամբարտաւան աչքերուն փառքը պիտի պատժեմ։
13 Քանզի անիկա կ՚ըսէ.
«Ես իմ ձեռքիս ուժովը
Ու իմ իմաստութիւնովս ըրի ասիկա,
Որովհետեւ ես խելացի եմ։
Ազգերուն սահմանները վերցուցի
Ու անոնց գանձերը յափշտակեցի
Եւ զօրաւորի պէս բնակիչները նուաճեցի։
14 Ու իմ ձեռքս ժողովուրդներուն ստացուածքը բոյնի պէս գտաւ
Եւ բոլոր երկիրը հաւաքեցի,
Ինչպէս մէկը կը հաւաքէ թողուած հաւկիթները
Եւ շարժող կամ բերան բացող
Կամ ճիչ հանող մը չեղաւ»։
15 Միթէ տապարը իրմով կտրող մարդուն դէմ կը գոռոզանա՞յ.
Կամ սղոցը զինք գործածողին դէմ կը հպարտանա՞յ։
Ասիկա այսպէս է՝ որպէս թէ գաւազանը զինք վերցնողը շարժէր
Եւ ցուպը բարձրացնէր զայն որ փայտ չէ։
16 Անոր համար Տէրը զօրքերու Տէրը
Գէր մարդոց նիհարութիւն պիտի ղրկէ
Ու անոր փառքին տակ հրդեհ մը պիտի վառէ
Բոցավառ հրդեհի պէս։
17 Իսրայէլի Լոյսը՝ կրակ
Ու անոր Սուրբը բոց պիտի ըլլայ։
Մէկ օրուան մէջ անոր փուշերն ու ցախերը
Այրելով պիտի սպառէ
18 Եւ անոր անտառին ու բարեբեր ագարակին փառքը,
Հոգին ու մարմինը, պիտի հատցնէ
Եւ ան մարող հիւանդի պէս պիտի ըլլայ։
19 Անոր անտառին մէջ մնացած ծառերը քիչ պիտի ըլլան,
Այնպէս որ տղայ մը կարենայ անոնց թիւը համրել։
 ՈՄԱՆՔ ԵՏ ՊԻՏԻ ԳԱՆ
20 Այն օրը, Իսրայէլին մնացորդը
Ու Յակոբին տանը ազատուածները,
Անգամ մըն ալ պիտի չապաւինին զիրենք զարնողին.
Հապա ճշմարտութեամբ՝ Տէրոջը՝ Իսրայէլի Սուրբին պիտի ապաւինին։
21 Մնացորդը՝ Յակոբին մնացորդը,
Հզօր Աստուծոյն պիտի դառնայ։
22 Վասն զի քու ժողովուրդդ, ո՛վ Իսրայէլ, թէեւ ծովու աւազին չափ ըլլայ,
Անոնցմէ մնացորդ մը միայն պիտի դառնայ։
Նախասահմանեալ աւերումը արդարութեամբ պիտի յարձակի։
23 Քանզի զօրքերուն Տէր Եհովան՝ բոլոր երկրին մէջ
Նախասահմանեալ աւերումը պիտի գործադրէ։
 ՏԷՐԸ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
24 Անոր համար զօրքերուն Տէր Եհովան այսպէս կ՚ըսէ.
«Ո՛վ Սիօնի մէջ բնակող ժողովուրդ,
Ասորեստանցիէն մի՛ վախնար։
Անիկա քեզ գաւազանով պիտի զարնէ
Եւ իր ցուպը քու վրադ պիտի վերցնէ Եգիպտացիներուն նման։
25 Բայց շատ քիչ ժամանակի մէջ իմ բարկութիւնս պիտի դադրի
Ու իմ սրտմտութիւնս անոնց կորուստին պիտի դառնայ։
26 Զօրքերուն Տէրը անոր վրայ խարազան մը պիտի վերցնէ,
Օրէբի վէմին քով Մադիամի հարուածին պէս։
Իր գաւազանը ծովուն վրայ պիտի վերցնէ,
Ինչպէս ըրաւ Եգիպտոսի մէջ։
27 Այն օրը անոր բեռը քու կռնակէդ
Ու անոր լուծը քու պարանոցէդ պիտի վերնայ
Եւ լուծը գիրութեան պատճառով պիտի կոտրի»։
 ԱՍՊԱՏԱԿՈՂԸ ԿԸ ՅԱՐՁԱԿԻ
28 Անգէն քաղաքը եկաւ, Մագրոն անցաւ
Ու իր կահ կարասիները Մաքմասի մէջ տեղաւորեց։
29 Անցքէն անցան, Գաբայի մէջ իջեւան ըրին։
Ռաման վախցաւ, Սաւուղին Գաբաան փախաւ։
30 Ո՛վ Գաղղիմի աղջիկ, ձայնդ վերցուր,
Լայիսին լսել տուր, ո՛վ խեղճ Անաթովթ։
31 Մադմենան հեռացաւ,
Գեբեմին բնակիչները փախան։
32 Տակաւին այսօր Նոբին մէջ պիտի կենայ,
Դէպի Սիօնին աղջկան լեռը, Երուսաղէմին բլուրը,
Ձեռքը պիտի շարժէ։
33 Ահա զօրքերու Տէր՝ Եհովան
Ահաւոր զօրութեամբ գեղեցիկ ոստերը պիտի կտրէ
Եւ բարձրահասակները պիտի կտրուին
Ու բարձրերը պիտի ցածնան։
34 Եւ անիկա անտառին խիտ ծառերը երկաթով պիտի կտրէ
Ու Լիբանան Հզօրին ձեռքով պիտի իյնայ։

11
ԽԱՂԱՂ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
1 Յեսսէին բունէն շառաւիղ մը պիտի ելլէ
Եւ անոր արմատէն ընձիւղ մը պիտի բուսնի
2 Ու անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին,
Իմաստութեան ու հանճարի Հոգին,
Խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին,
Գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին Հոգին։
3 Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի
Եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ
Ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ.
4 Հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ
Ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ։
Իր բերնին գաւազանովը երկիրը պիտի զարնէ
Ու իր շրթունքներուն հոգիովը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ։
5 Իր մէջքին գօտին՝ արդարութիւնը
Ու իր երիկամունքներուն գօտին հաւատարմութիւնը պիտի ըլլայ։
6 Գայլը գառին հետ պիտի բնակի
Ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։
Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին
Ու զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ։
7 Կովը արջին հետ պիտի ճարակի,
Անոնց ձագերը մէկտեղ պիտի պառկին։
Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ
8 Ու կաթնկեր տղան իժին ծակին վրայ պիտի խաղայ
Եւ կաթէն կտրուածը ձեռքը քարբին բոյնին վրայ պիտի դնէ։
9 Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ.
Քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի,
Ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն։
 ԱՔՍՈՐՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ
10 Այն օրը Յեսսէին արմատը պիտի կանգնի ժողովուրդներուն դրօշակ ըլլալու համար։
Ազգերը զանիկա պիտի փնտռեն
Ու անոր հանգիստը փառաւոր պիտի ըլլայ։
11 Եւ այն օրը
Տէրը նորէն իր ձեռքը պիտի երկնցնէ,
Որպէս զի Ասորեստանէն, Եգիպտոսէն, Պաթուրէսէն, Եթովպիայէն,
Եղամէն, Սենաարէն, Եմաթէն
Ու ծովուն կղզիներէն իրեն առնէ
Իր ժողովուրդին մնացորդը։
12 Եւ ազգերուն դրօշակը պիտի վերցնէ
Ու Իսրայէլին աքսորուածները պիտի հաւաքէ
Ու երկրին չորս անկիւններէն
Յուդային ցրուածները պիտի հաւաքէ։
13 Եփրեմին նախանձը պիտի վերնայ
Եւ Յուդան նեղողները պիտի կորսուին.
Եփրեմը պիտի չնախանձի Յուդային։
Յուդան պիտի չնեղէ Եփրեմը.
14 Հապա անոնք դէպի արեւմուտք Փղշտացիներուն ուսերուն վրայ պիտի թռչին
Ու մէկտեղ արեւելքի բնակիչները պիտի կողոպտեն։
Եդովմին ու Մովաբին վրայ ձեռքերնին պիտի երկնցնեն
Ու Ամմոնին որդիները անոնց պիտի հնազանդին։
15 Տէրը Եգիպտոսին ծովին լեզուն պիտի կործանէ
Եւ իր հովին սաստիկ զօրութիւնովը ձեռքը գետին վրայ պիտի շարժէ
Ու զանիկա եօթը ձորի բաժնելով պիտի զարնէ,
Այնպէս որ անոր վրայ կօշիկներով քալուի։
16 Իր ժողովուրդին մնացորդին համար
Բանուկ ճամբայ մը պիտի ըլլայ Ասորեստանէն,
Ինչպէս եղաւ Իսրայէլին,
Այն օրը՝ երբ Եգիպտոսէն ելան։

12
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԸ
1 Այն օրը պիտի ըսես.
«Ո՛վ Տէր, քեզ պիտի օրհնեմ,
Քանի որ թէեւ ինծի բարկացած էիր՝
Սակայն բարկութիւնդ ինծմէ դարձուցիր
Եւ զիս մխիթարեցիր։
2 Ահա իմ փրկութիւնս Աստուած է։
Ես անոր պիտի վստահիմ ու պիտի չվախնամ,
Քանզի իմ զօրութիւնս ու օրհնութիւնս Տէր Եհովան է
Ու անիկա է իմ փրկութիւնս»։
3 Ուրախութեամբ ջուր պիտի քաշէք
Փրկութեան աղբիւրներէն.
4 Ու այն օրը պիտի ըսէք.
«Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անո՛ւնը կանչեցէք,
Անոր գործերը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք,
Յիշեցէ՛ք թէ անոր անունը բարձր է։
5 Տէրոջը սաղմոս ըսէ՛ք,
Վասն զի անիկա մեծամեծ բաներ ըրաւ։
Ասիկա բոլոր երկրի մէջ գիտցուած է։
6 Ո՛վ Սիօնի բնակիչներ, աղաղակեցէ՛ք ու ցնծացէ՛ք,
Քանզի Իսրայէլի Սուրբը մեծ է ձեր մէջ»։

13
ԱՍՏՈՒԱԾ ԲԱԲԵԼՈՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
1 Բաբելոնին համար տրուած պատգամը, որ Ամովսին որդիին Եսայիին յայտնուեցաւ։
2 Մերկ լերանը վրայ դրօշակ տնկեցէ՛ք,
Բարձր ձայնով կանչեցէք անոնց,
Ձեռքով նշան ըրէք, որպէս զի իշխաններուն դռները մտնեն։
3 Իմ որոշածներուս հրաման ըրի.
Իմ զօրաւորներս, իմ փառքիս համար ուրախացողները,
Իմ բարկութիւնս գործադրելու կանչեցի։
4 Լեռներուն վրայ բազմութեան ձայն մը կայ,
Մեծ ժողովուրդի մը ձայնին պէս,
Մէկտեղ հաւաքուած ազգերու թագաւորութիւններուն աղմուկին ձայնը կայ.
Զօրքերու Տէրը պատերազմի համար իր զօրքերը աչքէ կ՚անցնէ։
5 Հեռաւոր երկրէն, երկնքի ծայրէն,
Տէրը ու անոր բարկութեանը գործիքները
Բոլոր երկիրը աւերելու կու գան։
6 Ողբացէ՛ք, վասն զի Տէրոջը օրը մօտ է.
Անիկա Ամենակարողէն եկած աւերման պէս պիտի գայ։
7 Անոր համար բոլոր ձեռքերը պիտի թուլնան
Ու ամէն մարդու սիրտ պիտի հալի։
8 Անոնք պիտի սոսկան։
Նեղութիւն ու անձկութիւն պիտի տիրէ անոնց,
Ծննդական կնոջ պէս ցաւ պիտի քաշեն։
Ամէն մարդ իր ընկերին վրայ պիտի նայի ու ապշի։
Անոնց երեսները բոցագոյն պիտի ըլլան։
9 Ահա Տէրոջը օրը կու գայ՝
Անգթութեամբ, սրտմտութեամբ եւ սաստիկ բարկութեամբ,
Որպէս զի երկիրը աւերակ դարձնէ
Ու մեղաւորները անկէ բնաջինջ ընէ։
10 Վասն զի երկնքի աստղերն ու անոնց համաստեղութիւնները
Իրենց լոյսը պիտի չտան։
Արեւը իր ելած ատենը պիտի խաւարի
Եւ լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։
11 Ես պիտի պատժեմ աշխարհը իր չարութեանը համար
Եւ ամբարիշտները՝ իրենց անօրէնութեանը համար։
Հպարտներուն ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմ
Եւ բռնաւորներուն գոռոզութիւնը պիտի ցածցնեմ։
12 Մարդը զուտ ոսկիէն
Ու Ոփիրի ոսկիէն պատուական պիտի ընեմ։
13 Ուստի պիտի սարսեմ երկինքը
Ու երկիր իր տեղէն պիտի սասանի
Զօրքերու Տէրոջը սրտմտութիւնովը՝
Անոր սաստիկ բարկութեանը օրը։
14 Բաբելոնի բնակիչները հալածուած այծեամի պէս պիտի ըլլան
Ու մոլորած ոչխարներու պէս, ու զանոնք հաւաքող մը պիտի չըլլայ։
Անոնց ամէն մէկը իր ժողովուրդին պիտի դառնայ
Եւ ամէն մարդ իր երկիրը պիտի փախչի։
15 Ով որ գտնուի՝ պիտի խոցուի
Եւ ով որ գտնուի՝ սուրով պիտի իյնայ։
16 Անոնց տղաքը աչքերնուն առջեւ գետինը պիտի զարնուին,
Անոնց տուները պիտի կողոպտուին
Եւ անոնց կիները պիտի պղծուին։
17 Ահա անոնց դէմ Մարերու ազգը ոտքի պիտի հանեմ,
Որոնք արծաթը բանի տեղ չեն դներ
Ու ոսկիէն չեն ախորժիր։
18 Անոնց աղեղները երիտասարդները պիտի խոցեն
Ու անոնք որովայնի պտուղին գթութիւն պիտի չընեն։
Անոնց աչքը պիտի չգթայ տղաքներուն։
19 Թագաւորութիւններուն փառքը
Եւ Քաղդէացիներուն փառաւորութեանը պարծանքը եղող Բաբելոնը
Տակնուվրայ պիտի ըլլայ,
Ինչպէս Աստուած Սոդոմն ու Գոմորը կործանեց։
20 Հոն յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ
Եւ ազգէ ազգ մարդ պիտի չբնակի։
Հոն Արաբացիները վրան պիտի չկանգնեցնեն
Եւ հովիւները իրենց հօտը հոն պիտի չպառկեցնեն.
21 Հապա հոն վայրենի կատուներ պիտի պառկին
Ու անոնց տուները ոռնացող անասուններով պիտի լեցուին
Եւ հոն ջայլամներ պիտի բնակին
Ու հոն այծամարդեր պիտի կաքաւեն։
22 Անոր պալատներուն մէջ բորենիներ
Ու զբօսանքի տուներուն մէջ ճագարներ պիտի կանչուըռտեն։
Եւ անոր ժամանակը հասնելու վրայ է
Ու անոր օրերը ա՛լ պիտի չերկննան։

14
ԱՔՍՈՐԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
1 Վասն զի Տէրը պիտի ողորմի Յակոբին
Եւ Իսրայէլը նորէն պիտի ընտրէ
Ու զանոնք իրենց երկրին վրայ պիտի հանգստացնէ.
Օտարազգիները պիտի միանան անոնց
Ու Յակոբին տանը պիտի յարին։
2 Ժողովուրդները պիտի առնեն ու իրենց տեղը պիտի տանին։
Իսրայէլին տունը պիտի ժառանգէ զանոնք Տէրոջը երկրին վրայ,
Իբրեւ ծառաներ եւ աղախիններ
Եւ անոնք զիրենք գերի տանողները գերի պիտի առնեն
Ու իրենց բռնութիւն ընողներուն վրայ պիտի տիրեն։
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՄԵՌԵԼՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ
3 Երբ Տէրը քեզ հանգստացնէ քու աշխատանքէդ, տանջանքէդ ու քու վրադ դրուած ծանր ծառայութենէն, 4 Բաբելոնի թագաւորին համար այս առակը խօսիր ու ըսէ՛.
Ի՜նչպէս դադրեցաւ բռնութիւն ընողը,
Ի՜նչպէս դադրեցաւ հարկապահանջ քաղաքը։
5 Տէրը՝ ամբարիշտներուն գաւազանը
Ու իշխողներուն ցուպը կոտրեց։
6 Սրտմտութեամբ եւ անդադար հարուածով ազգերը զարնողը,
Բարկութեամբ ժողովուրդներուն վրայ իշխողը
Հիմա կը հալածուի ու արգիլող մը չկայ։
7 Բոլոր երկիրը հանգստացաւ ու հանդարտեցաւ
Եւ ցնծութեան ձայներ կը հանեն։
8 Նաեւ մայրիները ու Լիբանանի եղեւինները
Քեզի համար կ՚ուրախանան ու կ՚ըսեն.
‘Քանի որ դուն պառկեր ես,
Մեր վրայ փայտ կտրող չելաւ’։
9 Դժոխքը վարէն քեզի համար դղրդեցաւ,
Որպէս զի քու գալուստդ դիմաւորէ։
Քեզի համար արթնցուց մեռելները,
Երկրի բոլոր իշխանները
Եւ բոլոր ազգերուն թագաւորները
Իրենց աթոռներէն վերցուց։
10 Անոնք պիտի պատասխանեն ու քեզի ըսեն.
Միթէ դո՞ւն ալ մեզի պէս տկարացար
Ու մեզի նմանեցար’։
11 Քու փառքդ եւ տաւիղներուդ ձայնը գերեզմանը իջան.
Քու տակդ զեռուններ տարածուեցան
Ու որդերը քեզ կը ծածկեն։
12 Ով առտուն ծագող Արուսեակ,
Ի՜նչպէս երկնքէն ինկար
Ու մինչեւ գետինը կործանեցար,
Դուն որ ազգերը նկուն կ՚ընէիր։
13 Դուն սրտիդ մէջ ըսած էիր.
‘Երկինքը պիտի ելլեմ
Ու իմ աթոռս Աստուծոյ աստղերէն վեր պիտի բարձրացնեմ
Եւ ժողովի լեռը, հիւսիսի քովերը պիտի բնակիմ.
14 Ամպերու բարձրութիւններուն վրայ պիտի ելլեմ,
Բարձրելոյն պիտի նմանիմ’։
15 Բայց ահա դժոխքը կ՚իջնես, գուբին խորունկ տեղերը։
16 Քեզ տեսնողները քու վրադ պիտի զարմանան
Ու քեզի նայելով պիտի ըսեն.
‘Աս այն մարդն է, որ երկիրը կը սարսէր,
Թագաւորութիւնները կը դողացնէր,
17 Աշխարհս անապատ կը դարձնէր,
Անոր քաղաքները աւերակ կ՚ընէր
Ու իր գերիները տուներնին չէր ղրկեր’։
18 Ազգերուն բոլոր թագաւորները
Ամէն մէկը պատուով իր տանը մէջ կը պառկի։
19 Բայց դուն գարշելի ընձիւղի մը պէս,
Գուբի քարերուն մէջ իջնող,
Սուրով խոցուած մեռելներուն հանդերձին պէս,
Ոտքի տակ կոխուած դիակի պէս
Քու գերեզմանէդ դուրս նետուեցար։
20 Դուն թաղումով անոնց հետ չմիացար,
Քանզի քու երկիրդ աւերեցիր
Ու ժողովուրդդ սպաննեցիր։
Չարերուն սերունդը յաւիտեան պիտի չյիշուի։
21 Կոտորած պատրաստեցէ՛ք անոր տղոցը,
Իրենց հայրերուն անօրէնութեանը համար,
Որպէս զի չելլեն ու երկիրը չժառանգեն
Եւ աշխարհի երեսը թշնամիներով չլեցնեն»։
 ԱՍՏՈՒԱԾ ԲԱԲԵԼՈՆԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԷ
22 Քանզի զօրքերու Տէրը կ՚ըսէ.
«Անոնց վրայ պիտի ելլեմ
Եւ Բաբելոնի անունն ու մնացորդը
Եւ զաւակն ու սերունդը պիտի բնաջնջեմ։
23 Զանիկա՝ ոզնիներուն ժառանգութիւն
Ու ջուրի լճակներ պիտի ընեմ
Եւ կորստեան աւելով պիտի աւլեմ զանիկա»։
 ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԷ
24 Զօրքերու Տէրը երդում ըրաւ ու ըսաւ.
«Ինչպէս ծրագրեցի, անշուշտ այնպէս պիտի ըլլայ
Ու ինչ որ որոշեցի, ա՛ն պիտի կատարուի։
25 Ասորեստանցին իմ երկրիս մէջ պիտի կոտորեմ
Ու զանիկա լեռներուս վրայ պիտի կոխկռտեմ
Եւ անոր լուծը անոնց վրայէն պիտի վերնայ
Ու անոր բեռը՝ անոնց ուսէն»։
26 Բոլոր երկրի համար որոշուած նախասահմանութիւնը ասիկա է։
Բոլոր ազգերուն վրայ երկնցած ձեռքը ասիկա է։
27 Քանի որ զօրքերու Տէրը նախասահմանեց,
Ո՞վ կրնայ զանիկա խափանել։
Անոր ձեռքը երկնցած է,
Ո՞վ կրնայ զանիկա ետ դարձնել։
 ԱՍՏՈՒԱԾ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԷ
28 Աքազ թագաւորին մահուան տարին այս պատգամը եղաւ.
29 «Ո՛վ Փղշտացիներու երկիր,
Քեզ զարնողին գաւազանը կոտրուելուն համար մի՛ ուրախանար.
Քանզի օձին արմատէն քարբ պիտի ելլէ
Ու անոր պտուղը կիզող թեւաւոր օձ պիտի ըլլայ։
30 Աղքատներուն անդրանիկները պիտի կերակրուին
Ու չքաւորները ապահովութեամբ պիտի պառկին։
Քու արմատդ սուրով պիտի կորսնցնեմ
Ու անիկա քու մնացորդդ պիտի մեռցնէ։
31 Ողբա՛, ո՛վ դուռ, աղաղակէ՛, ո՛վ քաղաք,
Դո՛ւն, ո՛վ Փղշտացիներու երկիր, տակնուվրայ պիտի ըլլաս,
Քանզի հիւսիսէն ծուխ մը կու գայ
Ու անոր զօրքերէն փախստական մը պիտի չըլլայ»։
32 Ազգերու դեսպաններուն ի՞նչ պատասխան պիտի տրուի.
«Տէրը Սիօնի հիմերը հաստատեց
Ու անոր ժողովուրդին աղքատները հոն պիտի ապաստանին»։

15
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄՈՎԱԲԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԷ
1 Մովաբին պատգամը։
Յիրաւի Մովաբին Ար քաղաքը գիշերով յարձակում կրեց ու կործանուեցաւ.
Յիրաւի Մովաբին Կիր քաղաքը գիշերով յարձակում կրեց ու կործանուեցաւ։
2 Անիկա տաճարն ու Դեբոն
Եւ բարձր տեղերը ելաւ լալու համար։
Մովաբ պիտի ողբայ Նաբաւի ու Մեդաբայի համար։
Անոր բոլոր գլուխները կնտակ պիտի ըլլան,
Ամէն մօրուք պիտի կտրուի։
3 Անոր փողոցներուն մէջ քուրձ պիտի հագնին,
Անոր տանիքներուն ու հրապարակներուն մէջ
Ամէնքը պիտի ողբան ու լան,
4 Եսեբոնն ու Եղէաղէն պիտի աղաղակեն։
Անոնց ձայնը մինչեւ Յասսա պիտի լսուի։
Անոր համար Մովաբին սպառազէնները պիտի կոծեն,
Իրենց հոգին պիտի խռովուի։
5 Իմ սիրտս Մովաբին համար պիտի աղաղակէ։
Անոր փախստականները երեք տարեկան երինջի պէս մինչեւ Սեգովը պիտի փախչին.
Քանզի Ղուիթին զառիվերէն լալով պիտի ելլեն,
Վասն զի Որոնայիմի ճամբան կոտորածի աղաղակ պիտի հանեն։
6 Քանզի Նեմերիմին ջուրերը կ՚աւրուին,
Քանզի խոտը կը չորնայ, կանանչ խոտը կը հատնի
Ու կանանչեղէն չի մնար։
7 Անոր համար իրենց ստացած հարստութիւնը
Ու բոլոր պահածնին ուռիներուն ձորը պիտի տանին.
8 Քանզի աղաղակը շրջապատեց Մովաբին սահմանը։
Անոր ողբը՝ մինչեւ Եգլայիմ,
Անոր ողբը մինչեւ Բերելիմ հասաւ։
9 Քանզի Դեմոնին ջուրերը արիւնով պիտի լեցուին.
Քանզի Դեմոնին վրայ աւելի չարիք
Ու Մովաբէն ազատուածներուն
Ու երկրին մնացորդին վրայ առիւծներ պիտի ղրկեմ։

16
ՄՈՎԱԲԻՆ ԱՆՅՈՅՍ ՎԻՃԱԿԸ
1 Ղրկեցէ՛ք գառը երկրին տիրողին,
Վէմէն անապատին ճամբով Սիօնին աղջկան լեռը։
2 Մովաբին աղջիկները Առնոնին անցքերուն քով՝
Բոյնէն վռնտուած թափառական թռչունի պէս պիտի ըլլան։
3 «Խորհո՛ւրդ տուր, դատաստա՛ն ըրէ։
Քու հովանիդ կէսօրուան ատեն գիշերի պէս դի՛ր,
Աքսորուածները պահէ՛ ու փախստականները մի՛ յանձներ։
4 Աքսորուածները թող քու քովդ պանդուխտի պէս բնակին, ո՛վ Մովաբ.
Դուն զանոնք ծածկէ հալածողէն։
Քանզի բռնաւոր չմնաց, աւերողը պակսեցաւ
Եւ կոխկռտողները երկրին վրայէն վերցուեցան։
5 Աթոռը ողորմութեամբ պիտի հաստատուի
Եւ անոր վրայ Դաւիթին խորանին մէջ
Այնպիսի դատաւոր մը պիտի նստի ճշմարտութեամբ,
Որ իրաւունքը պիտի փնտռէ
Ու արդարութիւնը շուտով պիտի գործադրէ»։
6 Մովաբին ամբարտաւանութիւնը լսեցինք։
Անիկա խիստ ամբարտաւան է։
Անոր գոռոզութիւնը, ամբարտաւանութիւնն ու սրտմտութիւնը լսեցինք։
Անոր սնապարծ խօսքերը պարապ են։
7 Այս պատճառով Մովաբ պիտի ողբայ,
Ամէնքը պիտի ողբան Մովաբին համար։
Կիրհարէսէթին հիմերուն վրայ պիտի հեծեծէք,
Անոնք իրապէս կործանուած են։
8 Քանզի Եսեբոնին դաշտերը նուաղեցան.
Ազգերու իշխանները Սեբամային որթատունկին ամենէն պատուական ճիւղերը կոտրեցին,
Որոնք մինչեւ Յազեր հասեր էին եւ անապատը շրջապատեր էին։
Անոր շառաւիղները երկննալով՝ ծովէն անցեր էին։
9 Ասոր համար Սեբամային որթատունկին վրայ Յազերին լացովը պիտի լամ.
Ձեզ աչքիս արցունքովը պիտի ոռոգեմ, ո՛վ Եսեբոն ու Եղէաղէ,
Վասն զի ձեր ամառնային պտուղին ու հունձքին համար եղած աղաղակը դադրեցաւ։
10 Պտղաբեր արտերէն ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը պիտի վերնան,
Այգիներու մէջ երգերու եւ ցնծութեան ձայն պիտի չլսուի։
Հնձանի մէջ ա՛լ գինի պիտի չկոխեն։
Անոնց աղաղակը վերջացուցի։
11 Այս պատճառով իմ հոգիս՝ Մովաբին համար
Ու սիրտս Կիրհարէսէթին համար քնարի պէս ձայն պիտի տայ։
12 Այն ատեն պիտի երեւնայ
Թէ ինչպէս Մովաբ իր բարձր տեղը երթալով պիտի յոգնի
Ու իր սրբարանը պիտի մտնէ աղօթք ընելու համար,
Բայց օգուտ մը պիտի չունենայ։
13 Այս է այն խօսքը որ Տէրը շատոնց Մովաբին համար ըսեր էր։
14 Բայց հիմա Տէրը խօսեցաւ ու ըսաւ.
«Երեք տարուան մէջ, վարձկանի տարիներու պէս,
Մովաբին փառքը պիտի անարգուի
Այն բոլոր մեծ բազմութիւնովը
Եւ մնացորդը խիստ փոքր ու տկար պիտի ըլլայ»։

17
ԱՍՏՈՒԱԾ ՍՈՒՐԻԱՆ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
1 Դամասկոսին պատգամը։
«Ահա Դամասկոսը քաղաք ըլլալէ պիտի դադրի
Ու աւերակի շեղջ մը պիտի ըլլայ։
2 Անոր քաղաքները պիտի լքուին,
Հօտերու փարախներ պիտի ըլլան,
Որպէս զի անոնք պառկին ու վախցնող չըլլայ։
3 Եփրեմի պարիսպը պիտի վերնայ
Եւ Դամասկոսի ու Ասորիներու մնացորդէն՝ թագաւորութիւնը։
Անոնք Իսրայէլի որդիներուն փառքին պէս պիտի ըլլան»,
Կ՚ըսէ զօրքերու Տէրը։
4 «Այն օրը Յակոբին փառքը պիտի պակսի
Ու անոր մարմնին գիրութիւնը պիտի նիհարնայ։
5 Այնպէս պիտի ըլլայ, ինչպէս հնձողը, երբ ցորեն կը հնձէ,
Թեւին վրայ հասկերը կը ժողվէ։
Ռափայիններուն հովիտը հասկեր քաղողին պէս պիտի ըլլայ։
6 Ինչպէս ձիթենին կը թօթուեն
Ու բարձր ոստին ծայրը՝ երկու երեք հատ
Եւ խիստ պտղաբեր ոստին վրայ չորս հինգ հատ կը մնայ,
Անոր վրայ ալ միայն ճիռեր պիտի մնան»,
Կ՚ըսէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը։
7 Այն օրը մարդիկ իրենց Ստեղծիչին պիտի նային
Ու իրենց աչքերը Իսրայէլին Սուրբը պիտի դիտեն։
8 Եւ իրենց ձեռագործ սեղաններուն վրայ պիտի չնային։
Իրենց մատներուն շինածը,
Թէ՛ Աստարովթին կուռքերը,
Թէ՛ արեգակին կուռքերը պիտի չդիտեն։
9 Այն օրը անոր ամուր քաղաքները,
Իսրայէլի որդիներուն երեսէն լքուած
Անպիտան թուփերու եւ բարձր ոստերու պիտի նմանին
Ու աւերակ պիտի ըլլան։
10 Քանի որ դուն քու փրկութեանդ Աստուածը մոռցար
Եւ քու զօրութեանդ Վէմը չյիշեցիր,
Անոր համար հաճելի տունկեր պիտի տնկես
Եւ օտար երկրէ բերուած տունկեր պիտի տնկես։
11 Տնկածդ ցորեկը պիտի աճեցնես
Ու ցանածդ առաւօտուն պիտի բուսցնես,
Բայց բերքին օրը հունձքը պիտի պակսի
Եւ սաստիկ տրտմութիւն պիտի ըլլայ։
 ԹՇՆԱՄԻ ԱԶԳԵՐ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻՆ
12 Վա՜յ շատ ժողովուրդներու բազմութեանը,
Որոնք ծովու ձայնին պէս կը գոռան
Ու վա՜յ ժողովուրդներու աղմուկին՝
Որոնք սաստիկ ջուրերու ձայնին պէս կը գոչեն։
13 Ժողովուրդները շատ ջուրերու ձայնին պէս կը գոչեն,
Բայց Աստուած զանոնք պիտի յանդիմանէ.
Ուստի հեռու պիտի փախչին
Ու լեռներուն վրայի մղեղին պէս հովին երեսէն
Եւ մրրիկին առջեւէն քշուած փոշիին պէս պիտի հալածուին։
14 Ու իրիկունները խռովութիւն պիտի գայ
Ու առտու չեղած բնաջինջ պիտի ըլլան։
Մեզ յափշտակողներուն բաժինը
Ու մեզ կողոպտողներուն վիճակը ասիկա է։

18
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵԹՈՎՊԻԱՆ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
1 Ո՛վ Եթովպիացիներու գետերուն անդիի կողմը եղող
Թեւերով հովանաւոր երկիր,
2 Որ ծովէն՝ պրտուեղէն նաւակներով
Ջուրի երեսին վրայէն դեսպաններ կը ղրկէ։
Ո՛վ արագընթաց դեսպաններ, գացէ՛ք
Երկայնահասակ ու լերկ ազգին,
Սկիզբէն մինչեւ հիմա ահեղ ժողովուրդին,
Խիստ զօրաւոր ու ամէնքը կոխկռտող ազգին,
Որուն երկիրը գետերը կը կտրեն։
3 Ո՛վ աշխարհի բնակիչներ,
Ու երկրի վրայ բնակողներ,
Երբ լեռներուն վրայ դրօշակ բարձրացուի՝ նայեցէ՛ք
Ու երբ փող հնչուի՝ լսեցէ՛ք։
4 Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ.
«Ես հանգիստ պիտի ըլլամ ու իմ բնակարանէս պիտի նայիմ՝
Խոտի վրայի պայծառ տաքութեանը պէս
Ու հունձքերու տաքութեանը մէջ ցօղաբեր ամպի պէս»։
5 Քանզի հունձքի ժամանակէն առաջ,
Երբ ընձիւղը մեծնայ
Ու ծաղիկը ազոխ ըլլալով հասնելու ըլլայ,
Անիկա ճիւղերը յօտոցով պիտի կտրէ
Եւ ուռերը պիտի փրցնէ նետէ։
6 Անոնք մէկտեղ լեռներու թռչուններուն
Ու երկրի գազաններուն պիտի թողուին։
Թռչունները ամառը անոնց վրայ պիտի անցընեն
Ու երկրի բոլոր գազանները անոնց վրայ պիտի ձմեռեն։
7 Այն ժամանակ զօրքերու Տէրոջը ընծայ պիտի բերուի՝
Երկայնահասակ ու լերկ ժողովուրդէն՝
Սկիզբէն մինչեւ հիմա ահեղ ժողովուրդէն՝
Խիստ զօրաւոր ու ամէնքը կոխկռտող ազգէն,
Որուն երկիրը գետերը կը կտրեն՝
Զօրքերու Տէրոջը անուանը տեղ՝
Սիօն լեռը՝ ընծայ պիտի բերեն։

19
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵԳԻՊՏՈՍԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
1 Եգիպտոսին պատգամը։
Ահա Տէրը թեթեւընթաց ամպի վրայ հեծեր է
Ու Եգիպտոս կը մտնէ։
Անոր երեսէն Եգիպտոսին կուռքերը պիտի սարսռան
Ու Եգիպտոսին սիրտը իր ներսիդին պիտի հալի։
2 «Եգիպտացիները պիտի գրգռեմ Եգիպտացներուն դէմ։
Ամէն մէկը իր եղբօրը հետ եւ ամէն մէկը իր ընկերին հետ,
Քաղաք քաղաքի հետ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան հետ
Պատերազմ պիտի ընէ։
3 Եգիպտոսին ոգին իր ներսիդին պիտի նուաղի
Եւ ես անոր խորհուրդը պիտի ցրուեմ։
Անոնք կուռքերու, կախարդներու,
Վհուկներու ու նշանագէտներու պիտի հարցնեն։
4 Եգիպտացիները խստասիրտ տիրոջ մը ձեռքը պիտի մատնեմ։
Անոնց վրայ անգութ թագաւորութիւն պիտի տիրէ»,
Կ՚ըսէ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան։
5 Եւ ջուրերը ծովէն պիտի պակսին
Ու գետը պիտի ցամքի ու չորնայ։
6 Գետերուն ջուրերը պիտի քաշուին
Ու պարսպապատ քաղաքներուն գետերը պիտի պարպուին ու չորնան,
Եղէգն ու պրտուն պիտի թառամին։
7 Գետին քով ու գետին եզերքին վրայ եղող մարգարիտները
Եւ գետին բոլոր վարուցանը
Պիտի չորնան, ցիրուցան ըլլան ու կորսուին։
8 Ձկնորսներն ալ պիտի հեծեն
Ու գետին բոլոր կարթընկէցները պիտի ողբան,
Ջուրին վրայ ցանց նետողները պիտի տրտմին։
9 Բարակ քթան գործողները
Ու ճերմակ կտաւ հինողները պիտի ամչնան։
10 Անոր սիւները պիտի կոտրտին
Ու բոլոր վարձք առնողներուն հոգին պիտի տրտմի։
11 Իրաւ որ Տայանիսին իշխանները յիմարներ են.
Փարաւոնին իմաստուն խորհրդականներուն խորհուրդը անասնական է։
Ի՞նչպէս Փարաւոնին կրնաք ըսել՝
«Ես իմաստուններու որդի եմ,
Ես հին թագաւորներու որդի եմ»։
12 Արդ՝ ո՞ւր են քու իմաստուններդ,
Որ հիմա քեզի պատմեն ու իմացընեն
Թէ զօրքերու Տէրը ի՛նչ վճռեր է Եգիպտոսին համար։
13 Տայանիսին իշխանները յիմարացան.
Մեմփիսին իշխանները խաբուեցան.
Իր ցեղերուն գլխաւորները Եգիպտոսը մոլորեցուցին։
14 Տէրը անոր մէջ մոլորութեան ոգի խառնեց
Ու անոնք Եգիպտոսը իր ամէն գործի մէջ մոլորեցուցին,
Ինչպէս փսխող գինովը կը մոլորի։
15 Եգիպտոսի մէջ գործ պիտի չըլլայ,
Որ գլուխ կամ պոչ եղողը
Արմաւենիի ոստ կամ կնիւն գործէ։
ԵԳԻՊՏՈՍ ՏԷՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏԷ
16 Այն օրը Եգիպտոս կիներու պէս պիտի ըլլայ
Ու պիտի դողայ եւ զարհուրի
Զօրքերու Տէրոջը ձեռքին շարժումէն,
Որ պիտի բարձրացնէ անոր վրայ։
17 Յուդային երկիրը Եգիպտացիներուն արհաւիրք պիտի ըլլայ։
Ով որ զանիկա յիշէ՝ պիտի վախնայ
Զօրքերու Տէրոջը խորհուրդին պատճառով,
Որ անոր դէմ սահմաներ է։
18 Այն օրը Եգիպտոսի մէջ
Քանանի լեզուն խօսող
Եւ զօրքերու Տէրոջը անունովն երդում ընող
Հինգ քաղաք պիտի ըլլայ։
Մէկը Արեգ քաղաք պիտի կոչուի։
19 Այն օրը Եգիպտոսի մէջ Տէրոջը համար սեղան
Ու անոր սահմանին քով Տէրոջը համար կոթող մը պիտի ըլլայ։
20 Անիկա Եգիպտացիներու երկրին մէջ
Զօրքերու Տէրոջը համար նշան ու վկայութիւն պիտի ըլլայ.
Վասն զի բռնաւորներուն պատճառով
Տէրոջը պիտի աղաղակեն
Ու անիկա ազատարար մը ու մեծ մարդ մը ղրկելով անոնց՝ պիտի ազատէ զանոնք։
21 Տէրը Եգիպտոսի մէջ պիտի յայտնուի
Ու Եգիպտացիները պիտի ճանչնան Տէրը
Եւ զոհեր ու պատարագներ պիտի մատուցանեն
Եւ Տէրոջը ուխտ պիտի ընեն ու կատարեն։
22 Տէրը Եգիպտացիները պիտի զարնէ։
Պիտի զարնէ բայց պիտի բժշկէ
Եւ անոնք Տէրոջը պիտի դառնան
Ու անիկա պիտի ընդունի զանոնք ու պիտի բժշկէ։
23 Այն օրը Եգիպտոսէն դէպի Ասորեստան բանուկ ճամբայ պիտի ըլլայ
Ու Ասորեստանցիները Եգիպտոս ու Եգիպտացիները Ասորեստան պիտի երթան
Ու Եգիպտացիները Ասորեստանցիներուն հետ Աստուծոյ պիտի ծառայեն։
24 Այն օրը Իսրայէլ երրորդ պիտի ըլլայ
Եգիպտոսի ու Ասորեստանի հետ
Ու երկրին մէջ օրհնութիւն պիտի ըլլայ։
25 Քանզի զօրքերու Տէրը զանիկա պիտի օրհնէ
Ու պիտի ըսէ. «Օրհնեալ ըլլայ իմ ժողովուրդս՝ Եգիպտոս
Ու իմ ձեռքերուս գործը՝ Ասորեստան
Եւ իմ ժառանգութիւնս՝ Իսրայէլ»։

20
ՄԵՐԿ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ՆՇԱՆԸ
1 Երբ Տարաթան Ասորեստանի Սարգոն թագաւորէն զրկուելով՝ Ազովտոս գնաց ու Ազովտեսին դէմ պատերազմեցաւ ու առաւ, 2 Այն ժամանակ Տէրը Ամովսի որդիին Եսայիին միջոցով խօսեցաւ՝ ըսելով. «Գնա՛, մէջքէդ քուրձդ հանէ՛ ու ոտքերէդ կօշիկներդ»։ Անիկա այնպէս ըրաւ եւ սկսաւ մերկ ու բոկոտն շրջիլ։ 3 Տէրը ըսաւ. «Ինչպէս իմ ծառաս Եսայի երեք տարի մերկ ու բոկոտն շրջեցաւ, որպէս զի Եգիպտոսի ու Եթովպիայի համար նշան ու ցոյց ըլլայ, 4 Այնպէս ալ Ասորեստանի թագաւորը Եգիպտացիները պիտի գերէ ու Եթովպիացիները պիտի աքսորէ երիտասարդներն ու ծերերը՝ մերկ, բոկոտն եւ իրենց ամօթոյքը բաց՝ Եգիպտոսի նախատինք պիտի ըլլան։ 5 Անոնք պիտի սոսկան ու ամչնան Եթովպիայէն, որ իրենց ապաւէնն էր ու Եգիպտոսէն, որ իրենց փառքն էր։ 6 Այն օրը այս ծովեզերեայ երկրին բնակիչները պիտի ըսեն. ‘Ահա այսպէս եղաւ մեր ապաստանարանը՝ ուր մենք Ասորեստանի թագաւորին երեսէն ազատելու համար ու օգնութիւն գտնելու համար փախանք։ Ուրեմն մենք ի՞նչպէս պիտի ազատինք’»։

21
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՆԿՄԱՆ ՏԵՍԻԼՔԸ
1 Ծովուն անապատին պատգամը։
Հարաւէն յարձակող մրրիկներուն պէս
Անիկա անապատէն, սոսկալի երկրէն կու գայ։
2 Ինծի վշտալի տեսիլք մը յայտնուեցաւ։
Յափշտակողը կը յափշտակէ ու կործանողը կը կործանէ։
Ո՛վ Եդեմացիներ, վե՛ր ելէք. ո՛վ Մարեր, պաշարեցէ՛ք։
Անոր պատճառած բոլոր հառաչանքը դադրեցուցի։
3 Ասոր համար երիկամունքս ցաւով լեցուեցաւ
Ու ծննդական կնոջ ցաւերուն պէս ցաւեր բռնեցին զիս։
Այնպէս կծկուած եմ, որ չեմ կրնար լսել,
Այնպէս խռոված եմ, որ չեմ կրնար տեսնել։
4 Սիրտս շփոթեցաւ, արհաւիրքը զիս դողացուց.
Իմ ուրախութեանս գիշերը ինծի սրտադողի գիշեր ըրաւ։
5 Սեղան կը պատրաստեն, դէտեր կը դնեն, կ՚ուտեն կը խմեն.
Ելէ՛ք, ո՛վ իշխաններ, վահանները օծեցէ՛ք։
6 Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ.
«Գնա՛, դէտ մը դի՛ր, որ տեսածը պատմէ»։
7 Անիկա հեծեալներ տեսաւ, երկու ձիաւոր
Ու էշերու վրայ հեծեալներ եւ ուղտերու վրայ հեծեալներ։
Ուշադրութեամբ, մեծ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ
8 Ու աղաղակեց առիւծի պէս.
«Ո՛վ Տէր, ես ցորեկը միշտ իմ դիտանոցիս մէջ կը կայնիմ
Ու բոլոր գիշերը իմ պահպանութեանս տեղը կը կենամ։
9 Ահա հեծեալ մարդիկ,
Երկու ձիաւոր՝ կու գան»։
Նաեւ պատասխան տուաւ ու ըսաւ.
«Ինկաւ Բաբելոն, ինկաւ
Ու անոր աստուածներուն բոլոր արձանները
Կոտրտեցան ու գետինը նետուեցան»։
10 Ով իմ ժողովուրդս՝ ցորենի նման կամնուած ու հոսուած,
Ես ձեզի պատմեցի, ինչ որ լսած էի
Զօրքերու Տէրոջմէն, Իսրայէլի Աստուծմէն։
 ՊԱՏԳԱՄ ԵԴՈՎՄԻ ՄԱՍԻՆ
11 Սէիրէն ձայն մը կու գայ ինծի.
«Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր,
Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր կայ»։
12 Պահապանը կ՚ըսէ.
«Առաւօտը կու գայ ու նաեւ գիշերը.
Եթէ կ՚ուզէք հարցնել, հարցուցէ՛ք.
Դարձէ՛ք ու եկէ՛ք»։
 ՊԱՏԳԱՄ ԱՐԱԲԻՈՅ ՄԱՍԻՆ
13 Արաբիայի անտառին մէջ գիշերը պիտի անցընէք,
Ո՛վ Դեդանացիներու կարաւաններ։
14 Ո՛վ Թեմայի երկրի բնակիչներ,
Ծարաւին առջեւ ջրով ելէ՛ք,
Փախստականին առջեւ հացով եկէ՛ք։
15 Վասն զի անոնք կը փախչին սուրերու առջեւէն,
Քաշուած սուրին առջեւէն
Ու լարուած աղեղին առջեւէն
Եւ սաստիկ պատերազմին առջեւէն։
16 Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ.
«Մէկ տարուան մէջ՝ վարձկանի տարիներու պէս՝
Կեդարին բոլոր փառքը պիտի վերջանայ
17 Ու աղեղնաւորներուն՝ մնացած թիւը,
Կեդարին որդիներուն զօրաւոր մարդիկը պիտի քիչնան,
Քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը խօսեցաւ»։

22
ՊԱՏԳԱՄ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍԻՆ
1 Հիմա ձեզի ի՞նչ եղաւ,
Որ ամէնքդ տանիքներու վրայ ելաք։
2 Ով խռովութեամբ լեցուած
Աղմուկի քաղաք՝ զբօսասէր քաղաք
Քու սպաննուածներդ սուրով սպաննուած չեն
Ու պատերազմի մէջ չմեռան։
3 Բոլոր իշխաններդ մէկէն փախան,
Աղեղնաւորներէն կապուեցան։
Քու ժողովուրդիդ հեռու փախչողներէն
Բոլոր գտնուածները մէկտեղ կապուեցան։
4 Անոր համար ըսի.
«Թո՛ղ տուէք զիս, որ դառնապէս լամ։
Իմ ժողովուրդիս աղջկան կործանումին համար
Զիս մխիթարելու մի՛ աշխատիք»։
5 Քանզի տեսիլքի ձորին մէջ զօրքերու Եհովա Տէրոջը
Խռովութեան, կոխման ու շփոթութեան օրն է։
Պարիսպը կը փլցնեն եւ աղաղակը մինչեւ լեռը կը հասնի։
6 Եղամ՝ իր ձիաւոր մարդոցմով կապարճը վերցուց
Եւ Կիր վահանը բացաւ
7 Եւ քու ընտիր հովիտներդ կառքերով լեցուեցան
Ու ձիաւորները գունդ կազմեցին դռներուն քով։
8 Յուդային ծածկոցը բացուեցաւ
Ու այն օրը անտառին տանը զէնքերուն նայեցաք եւ
9 Դաւիթին քաղաքին փլած տեղերուն շատ ըլլալը տեսաք։
Վարի աւազանին ջուրերը հաւաքեցիք
10 Ու Երուսաղէմի տուները համրեցիք։
Պարիսպը ամրացնելու համար տուներ փլցուցիք։
11 Հին աւազանին ջուրերուն համար
Երկու պարսպին մէջտեղ ջրամբար մը շինեցիք,
Բայց զանիկա շինողին չնայեցաք
Ու նախապէս զանիկա կազմողին ուշադրութիւն չըրիք։
12 Այն օրը զօրքերու Տէր Եհովան ձեզ կանչեց
Լալու ու սգալու,
Գլուխ կնտեցնելու եւ քուրձ հագնելու։
13 Ահա ցնծութիւն եւ ուրախութիւն ըրիք,
Արջառներ կը սպաննէիք եւ ոչխարներ կը մորթէիք,
Միս կ՚ուտէիք ու գինի կը խմէիք՝ ըսելով.
«Ուտենք ու խմենք,
Քանզի վաղը պիտի մեռնինք»։
14 Բայց զօրքերու Տէրոջը կողմանէ իմ ականջներուս յայտնուեցաւ թէ՝
«Անշուշտ այս անօրէնութիւնը ձեզի պիտի չթողուի,
Մինչեւ որ դուք մեռնիք»,
Կ՚ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան։
 ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍԵԲՆԱՅԻՆ
15 Զօրքերու Եհովա Տէրը այսպէս ըսաւ.
«Գնա՛ ու պալատին հրամանատարին,
Սեբնա գանձապետին քով մտիր ու ըսէ՛.
16 ‘Դուն հոս ի՞նչ ունիս եւ հոս ո՞վ ունիս,
Որ հոս քեզի գերեզման փորեցիր.
Ո՛վ դուն, որ քու գերեզմանդ բարձր տեղ կը փորես
Ու քեզի վէմի մէջ բնակարան կը շինես’։
17 Ահա Տէրը քեզ պիտի նետէ ուժգնօրէն
Եւ քեզ բոլորովին պիտի ծածկէ։
18 Անշուշտ գնդակի պէս
Լայնատարած երկիր մը պիտի գլորէ քեզ
Դուն հոն պիտի մեռնիս
Եւ քու փառքիդ կառքերը հոն պիտի մնան,
Ո՛վ քու տիրոջդ տանը անարգանքը։
19 Ու քու պաշտօնէդ քեզ պիտի վռնտեմ,
Քու աստիճանէդ քեզ պիտի զրկեմ։
20 Այն օրը պիտի կանչեմ իմ ծառաս,
Քեղկիայի որդին՝ Եղիակիմը՝
21 Եւ քու պատմուճանդ անոր պիտի հագցնեմ,
Քու գօտիովդ զանիկա պիտի զօրացնեմ,
Քու իշխանութիւնդ անոր ձեռքը պիտի տամ,
Անիկա Երուսաղէմի բնակիչներուն
Ու Յուդային տանը հայրը պիտի ըլլայ։
22 Դաւիթին տանը բանալին
Անոր ուսին վրայ պիտի դնեմ,
Որպէս զի անիկա բանայ եւ գոցող չըլլայ
Ու գոցէ եւ բացող չըլլայ։
23 Զանիկա հաստատ տեղ մը
Բեւեռի պէս պիտի գամեմ։
Անիկա իր հօրը տանը
Փառաւոր աթոռի պէս պիտի ըլլայ։
24 Անոր հօրը տանը բոլոր փառքը անոր վրայ պիտի կախուի,
Անոր սերունդէն եղող պատուականներն ու անարգները,
Բոլոր պզտիկ ամանները, տեսակ տեսակ թասերէն
Մինչեւ ամէն տեսակ տիկերը։
25 «Այն օրը, կ՚ըսէ զօրքերու Տէրը,
Այս հաստատ տեղը գամուած բեւեռը պիտի վերցուի
Եւ պիտի կոտրի ու իյնայ
Ու անոր վրայ եղած բեռը պիտի կոտրտի»,
Քանզի Տէրը խօսեցաւ։

23
ՊԱՏԳԱՄ ՓԻՒՆԻԿԷԻ ՄԱՍԻՆ
1 Ողբացէ՛ք, ո՛վ Թարսիսի նաւեր,
Քանզի անիկա բնաջինջ եղաւ, հոն տուն կամ դուռ չմնաց։
Ասիկա Կիտացիներու երկրէն յայտնուեցաւ անոնց։
2 Ո՜վ կղզիի բնակիչներ, լռեցէ՛ք.
Ծովէ անցնող Սիդոնացիներու վաճառականները լեցուցեր էին քեզ։
3 Եւ շատ ջուրերու մէջ գոյացող Սիովրի հունտերը,
Գետին հունձքը անոր եկամուտն էր։
Անիկա ազգերուն վաճառանոցն էր։
4 Ո՛վ Սիդոն, ամչցի՛ր, քանզի ծովը կը խօսի.
Ծովուն զօրութիւնը կը խօսի ու կ՚ըսէ.
«Ես ծննդականի ցաւ չեմ քաշեր ու չեմ ծնանիր.
Երիտասարդներ չեմ սնուցաներ եւ կոյս աղջիկներ չեմ մեծցներ»։
5 Երբ այս բանը Եգիպտացիներուն ականջը հասնի,
Տիւրոսին լուրին համար պիտի տագնապին։
6 Թարսիս անցէ՛ք,
Ո՛վ ծովեզերքի բնակիչներ, ողբացէ՛ք։
7 Ձեր ուրախութեան քաղաքը ասիկա՞ է,
Որուն ծագումը հին օրերէն է,
Անոր ոտքերը հեռու տեղ պանդուխտ ըլլալու պիտի տանին զանիկա։
8 Ո՞վ այս խորհուրդը ըրաւ Տիւրոսի դէմ,
Որ իր բնակիչները կը պսակէր։
Անոր վաճառականները իշխաններ էին
Ու առուտուր ընողները՝ երկրին պատուաւոր մարդիկը։
9 Զօրքերու Տէրը այս խորհուրդը ըրաւ,
Որպէս զի ամէն փառքի ամբարտաւանութիւն խայտառակէ
Ու երկրին բոլոր պատուաւորները անարգէ։
10 Ո՛վ Թարսիսի աղջիկ,
Քու տեղէդ գետի պէս անցիր,
Ասկէ ետքը գօտի չկայ։
11 Իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց,
Թագաւորութիւնները սարսեց։
Տէրը Քանանացիներուն հրամայեց,
Որ անոր բերդերը աւերեն.
12 Ու ըսաւ. «Դուն անգամ մըն ալ պիտի չուրախանաս,
Ո՛վ Սիդոնի անարգուած կոյս աղջիկ,
Ելի՛ր, Կիտի՛մ անցիր,
Բայց հոն ալ հանգստութիւն պիտի չունենաս»։
13 Ահա Քաղդէացիներու երկիրը,
Որ ատենօք ժողովուրդ չէր,
Ասորեստանցիները հիմնեցին զանիկա անապատի բնակիչներուն համար.
Իրենց աշտարակներ կանգնեցին, անոր պալատները քանդեցին
Եւ զանիկա հիմա աւերակ ըրին։
14 Ողբացէ՛ք, ո՛վ Թարսիսի նաւեր,
Վասն զի ձեր զօրութիւնը կորսուեցաւ։
15 Եւ այն օրը Տիւրոս մոռցուած պիտի մնայ եօթանասուն տարի,
Մէկ թագաւորի օրերուն չափ։
Իսկ եօթանասուն տարի ետքը
Երգ մը պիտի երգեն Տիւրոսին, պոռնիկի երգին պէս.
16 «Ո՛վ մոռցուած պոռնիկ, քնարը ա՛ռ
Ու քաղաքին մէջ պտըտէ՛.
Աղէ՛կ զարկ, շա՛տ խաղ կանչէ,
Որպէս զի քեզ յիշեն»։
17 Եօթանասուն տարի ետքը
Տէրը այցելութիւն պիտի ընէ Տիւրոսին։
Անիկա իր շահին պիտի դառնայ
Ու աշխարհի երեսը եղող բոլոր երկրի թագաւորութիւններուն հետ
Պոռնկութիւն պիտի ընէ։
18 Անոր վաճառականութեան շահը Տէրոջը պիտի նուիրուի.
Անիկա գանձատունը պիտի չդրուի,
Կամ շտեմարանի մէջ պիտի չպահուի.
Հապա անոր վաճառականութեան շահը
Տէրոջը առջեւ բնակողներուն պիտի ըլլայ,
Որպէս զի ուտեն մինչեւ կշտանան
Ու պատուական զգեստներ հագնին։

24
ՏԷՐԸ ԵՐԿԻՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
1 Ահա Տէրը երկիրը կը պարպէ ու զանիկա կը դատարկեցնէ
Եւ տակնուվրայ ընելով անոր բնակիչները կը ցրուէ։
2 Ինչպէս է ժողովուրդը, քահանան ալ՝ այնպէս,
Ինչպէս է աղախինը, իր տիկինն ալ՝ այնպէս,
Ինչպէս է ծախու առնողը, ծախողն ալ՝ այնպէս,
Ինչպէս է փոխ տուողը, առնողն ալ՝ այնպէս,
Ինչպէս է տոկոս առնողը՝ տոկոս տուող ալ այնպէս պիտի ըլլայ։
3 Երկիրը բոլորովին պիտի պարպուի
Ու բոլորովին պիտի կողոպտուի,
Քանզի այս խօսքը Տէրը խօսեցաւ։
4 Երկիրը սուգ կը բռնէ ու կը մարի,
Աշխարհը կը նուաղի ու կը մարի,
Երկրին ժողովուրդին մեծերը կը նուաղին։
5 Երկիրը իր բնակիչներուն կողմէ պղծուեցաւ,
Քանզի անոնք օրէնքները զանց ըրին,
Պատուիրանքը փոխեցին, յաւիտենական ուխտը խափանեցին։
6 Այս պատճառով նզովուեցաւ երկիրը
Ու անոր մէջ բնակողները իրենց յանցանքին պատիժը կրեցին,
Որուն համար երկրին բնակիչները այրեցան
Ու քիչ մարդիկ մնացին։
7 Նոր գինին սուգ կը բռնէ, որթատունկը կը նուաղի
Եւ բոլոր ուրախ եղողները կը հառաչեն։
8 Թմբուկներուն ցնծութիւնը կը դադարի,
Ուրախութիւն ընողներուն աղաղակը կը կտրի,
Քնարին ցնծութիւնը կը դադրի։
9 Երգով գինի պիտի չխմեն.
Ցքին խմողներուն դառն պիտի ըլլայ։
10 Դատարկ քաղաքը կործանուեցաւ,
Ամէն տուն գոցուեցաւ, որպէս զի մարդ մը չմտնէ։
11 Փողոցներուն մէջ գինիի համար աղաղակ կայ.
Ամէն ուրախութիւն լռեց,
Երկրին ցնծութիւնը վերցուեցաւ։
12 Քաղաքին մէջ ամայութիւն մնաց
Ու դուռը կոտրուեցաւ ու աւերակ եղաւ։
13 Քանզի երկրին մէջ, ժողովուրդներուն մէջ,
Թօթուրուած ձիթենիի պէս
Ու այգեկութքէն ետքը ճռաքաղի պէս պիտի ըլլայ։
14 Անոնք ձայներնին վերցնելով ցնծութեամբ պիտի երգեն,
Ծովու կողմէն Տէրոջը փառքին համար բարձրաձայն պիտի աղաղակեն։
15 Անոր համար արեւելեան կողմը փառաւորեցէ՛ք Տէրը,
Ծովու կղզիներուն մէջ՝ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունը։
16 Երկրի ծայրերէն օրհնութիւններ լսեցինք,
Արդարին փառք մատուցանեցէք,
Բայց ես ըսի. «Նիհար եմ, նիհար եմ, վա՜յ ինձ.
Յափշտակողները կը յափշտակեն.
Յափշտակողները բռնի կը յափշտակեն»։
17 Ո՛վ երկրի բնակիչ,
Վախ, գուբ եւ որոգայթ պիտի ըլլայ քու վրադ։
18 Վախին ձայնէն փախչողը գուբը պիտի իյնայ,
Գուբին մէջէն ելլողը որոգայթին մէջ պիտի բռնուի,
Քանզի բարձրէն պատուհանները բաց են
Ու երկրին հիմերը կը շարժին։
19 Երկիրը բոլորովին կը ճնշուի.
Երկիրը բոլորովին կը պատռուի
Երկիրը բոլորովին կը սարսի.
20 Երկիրը գինովի պէս անդադար պիտի երերայ
Ու հիւղի պէս պիտի շարժի։
Անոր մեղքը պիտի ծանրանայ անոր վրայ։
Անիկա պիտի իյնայ ու անգամ մըն ալ պիտի չելլէ։
21 Այն օրը Տէրը բարձրէն այցելութիւն պիտի ընէ հպարտներուն զօրքին
Ու երկրի վրայ՝ երկրի թագաւորներուն։
22 Անոնք պիտի հաւաքուին,
Ինչպէս բանտարկեալները գուբին մէջ կը հաւաքուին
Ու բանտի մէջ պիտի գոցուին։
Շատ ժամանակ յետոյ անոնք պիտի պատժուին։
23 Լուսինը պիտի ամչնայ ու արեւը պիտի պատկառի,
Երբ զօրքերու Տէրը Սիօն լերանը վրայ
Ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորէ
Ու իր մեծերուն առջեւ փառաւորուի։

25
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
1 Ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս դուն ես.
Քեզ պիտի բարձրացնեմ, քու անուանդ փառք պիտի տամ.
Քանզի սքանչելի բաներ ըրիր,
Քու վաղեմի խորհուրդներն հաւատարիմ եւ ճշմարիտ են։
2 Քանզի քաղաքը հողակոյտ
Ու պարսպապատ քաղաքը աւերակ դարձուցիր,
Որպէս զի այսուհետեւ քաղաք չըլլալով՝
Օտարականներուն պալատը յաւիտեան չշինուի։
3 Անոր համար զօրաւոր ժողովուրդը քեզ պիտի պատուէ
Եւ ահարկու ազգերուն քաղաքը քեզմէ պիտի վախնայ։
4 Վասն զի դուն ապաւէն եղար աղքատին,
Ապաւէն՝ չքաւորին իր նեղութեան ատենը,
Ապաստանարան՝ փոթորիկէն, հովանի՝ տաքութենէն,
Երբ անօրէն մարդոց կատաղութիւնը պատ փլցնող փոթորիկի պէս գայ։
5 Օտարականներուն աղաղակը
Չոր տեղին տաքութեանը պէս պիտի մեղմացնես։
Ինչպէս տաքութիւնը ամպի հովանիով կ՚իջնէ,
Այնպէս բռնաւորներուն ցնծութեանը ձայնը պիտի ցածնայ։
 ԱՍՏՈՒԱԾ ԿՈՉՈՒՆՔ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷ
6 Զօրքերու Տէրը այս լերան վրայ
Բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ,
Պարարտ բաներու եւ հին գինիներու,
Ծուծով լեցուած պարարտ բաներու
Ու զտուած հին գինիներու կոչունք։
7 Այս լերան վրայ
Բոլոր ժողովուրդներուն վրայ տարածուած ծածկոցը
Ու բոլոր ազգերուն վրայ փռուած վարագոյրը բնաջինջ պիտի ընէ։
8 Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ
Ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ
Եւ բոլոր երկրի երեսէն իր ժողովուրդին նախատինքը պիտի վերցնէ.
Վասն զի Տէրը խօսեցաւ։
9 Ու այն օրը պիտի ըսեն.
«Ահա մեր Աստուածը ասիկա է.
Անոր յուսացինք ու անիկա մեզ ազատեց.
Տէրը ասիկա է, անոր յուսացինք.
Անոր փրկութիւնովը պիտի ցնծանք եւ ուրախանանք»։
 ԱՍՏՈՒԱԾ ՄՈՎԱԲԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
10 Քանզի Տէրոջը ձեռքը այս լերան վրայ պիտի հանգչի
Ու Մովաբ անոր տակ պիտի կոխկռտուի,
Ինչպէս յարդը կը կոխկռտուի աղբանոցին մէջ։
11 Իր ձեռքերը պիտի տարածէ անոր վրայ,
Ինչպէս լողացողը կը տարածէ լողալու ատեն։
Անոր հպարտութիւնը անոր ձեռքերուն հնարքներուն հետ պիտի կործանէ։
12 Եւ քու բարձր պարիսպներուդ ամրութիւնը պիտի խոնարհեցնէ
Ու գետնին հետ հաւասարեցնելով փոշիի մէջ պիտի ձգէ։

26
ԱՍՏՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՅԱՂԹՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՏԱՅ
1 Այն օրը Յուդային երկրին մէջ այս երգը պիտի երգեն.
«Մենք զօրաւոր քաղաք մը ունինք.
Փրկութիւնը պարիսպներու ու պատնէշներու տեղ կը կանգնեցնէ։
2 Դռները բացէ՛ք,
Որպէս զի ճշմարտութիւն պահող արդար ազգը ներս մտնէ։
3 Հաստատ միտքը կատարեալ խաղաղութեան մէջ կը պահես,
Վասն զի քեզի կը յուսայ։
4 Յաւիտեան Տէրոջը յուսացէք,
Քանզի Տէր Եհովան յաւիտենական վէմ է,
5 Քանզի անիկա բարձր տեղեր բնակողները կը խոնարհեցնէ,
Բարձր քաղաքը կը ցածցնէ,
Զանիկա հողի հետ հաւասար կ՚ընէ։
6 Ոտքը զանիկա պիտի կոխկռտէ,
Աղքատին ոտքն ու չքաւորներուն գարշապարը»։
7 Արդարին ճամբան շիտակ է։
Դո՛ւն, որ ուղիղ ես, արդարին ճամբան դուն կ՚ուղղես։
8 Քու դատաստաններուդ ճամբուն մէջ քեզի կը սպասենք, ո՛վ Տէր.
Մեր հոգիին ցանկութիւնը քու անուանդ եւ քու յիշատակիդ համար է։
9 Գիշերը հոգիով քեզի ցանկացի
Ու առաւօտուն քեզ փնտռեցի բոլոր սրտովս.
Քանզի, երբ քու դատաստաններդ երկրի վրայ ըլլան,
Աշխարհի բնակիչները արդարութիւն կը սորվին։
10 Ամբարշտին ողորմութիւն ալ ըլլայ՝ արդարութիւն չի սորվիր։
Անիկա ուղղութեան երկրին մէջ անօրէնութիւն կը գործէ
Ու Տէրոջը մեծափառութիւնը չի տեսներ։
11 Ո՛վ Տէր, անոնք քու ձեռքիդ բարձրանալը չեն տեսներ,
Բայց ժողովուրդին վրայ քու ունեցած նախանձդ պիտի տեսնեն ու ամչնան։
Կրակը պիտի սպառէ քու թշնամիներդ։
12 Ո՛վ Տէր, մեզի խաղաղութիւն պիտի տաս,
Վասն զի մեր բոլոր գործերն ալ դուն մեզի համար կատարեցիր։
13 Ո՛վ Տէր Աստուած մեր, քեզմէ զատ ուրիշ տէրեր մեր վրայ տիրեցին,
Բայց քու անունդ, միայն քո՛ւկդ կը յիշենք։
14 Անոնք մեռած են, պիտի չողջնան,
Ուրուականներ են, չեն կրնար ելլել,
Վասն զի դուն այցելութիւն ընելով՝ զանոնք բնաջինջ ըրիր
Ու անոնց յիշատակը կորսնցուցիր։
15 Դուն այս ազգը աւելցուցիր, ո՛վ Տէր,
Այս ազգը աւելցնելով՝ փառաւորուեցար,
Երկրին բոլոր ծայրերը ընդարձակեցիր։
16 Ո՛վ Տէր, նեղութեան մէջ քեզ փնտռեցին,
Քու պատիժդ անոնց վրայ եղած ատեն աղաչանք ըրին։
17 Ինչպէս ծնանելու մօտ եղող յղի կինը
Իր երկունքին մէջ տանջուելով կ՚աղաղակէ,
Մենք ալ քու առջեւդ այնպէս եղանք, ո՛վ Տէր։
18 Յղացանք, ցաւեր քաշեցինք,
Հով ծնանողի պէս եղանք
Ու երկիրը չկրցանք ազատել
Եւ աշխարհի բնակիչները չինկան։
19 Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։
Մեռելներուդ մարմինները յարութիւն պիտի առնեն։
Արթնցէ՛ք ու ցնծութեամբ երգեցէ՛ք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ.
Քանզի քու ցօղդ խոտերու ցօղ է։
Երկիրը իր մեռելները դուրս պիտի նետէ։
 ԴԱՏԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ
20 Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր
Ու քու վրադ դռներդ գոցէ՛.
Պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը,
Մինչեւ բարկութիւնը անցնի։
21 Քանզի ահա Տէրը իր տեղէն կ՚ելլէ,
Որպէս զի երկրի բնակիչներուն այցելութիւն ընէ իրենց անօրէնութեանը համար։
Եւ երկիր իր արիւնները պիտի յայտնէ
Եւ սպաննուածներն ալ պիտի չծածկէ։

27
1 Այն օրը Տէրը իր ամրակուռ, մեծ ու զօրաւոր սուրովը
Պիտի պատժէ Լեւիաթանը, փախչող օձը,
Այսինքն այն Լեւիաթանը՝ գալարուող օձը
Ու ծովուն մէջ եղող վիշապը պիտի մեռցնէ։
2 «Այն օրը գինիի այգիին վրայ երգեցէք.
3 Ես՝ Տէրս՝ կը պահեմ զանիկա,
Ամէն վայրկեան պիտի ոռոգեմ զանիկա,
Գիշեր ու ցորեկ անոր պահպանութիւն պիտի ընեմ,
Որպէս զի չըլլայ թէ մարդ մը անոր վնասէ։
4 Ես բարկութիւն չունիմ.
Երանի՜ թէ ցախերն ու փուշերը ինծի դէմ պատերազմէին։
Ես անոնց վրայ պիտի քալէի
Ու զանոնք մէկէն պիտի այրէի։
5 Եթէ ոչ՝ թող իմ զօրութեանս ապաւինին,
Թող ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն.
Թող ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն»։
6 Ապագային Յակոբ պիտի արմատանայ,
Իսրայէլ պիտի ծաղկի ու պիտի ընձիւղի
Եւ պտուղով աշխարհի երեսը պիտի լեցնեն։
7 Միթէ զանիկա զարնողին հարուածի՞ն պէս զարկաւ զանիկա,
Կամ անկէ սպաննուածներուն սպաննութեա՞ն պէս սպանուեցաւ։
8 Չափաւորութեամբ վիճեցար անոր հետ,
Երբ զանիկա ղրկեցիր,
Թէեւ արեւելեան հովին օրը սասատիկ հովով տարիր։
9 Ուստի ասով քաւութիւն պիտի ըլլայ Յակոբին անօրէնութեանը։
Բոլոր դիտաւորութիւնը այս է, որ անոր մեղքը վերցնէ,
Երբ զոհարաններուն բոլոր քարերը կիրի փշրուած քարերու պէս ընէ,
Աստարովթի կուռքերն ու արեգակին արձանները, ա՛լ պիտի չկանգնին։
10 Քանզի պարսպապատ քաղաքը՝ ամայի
Ու շէն տեղը անապատի պէս պիտի թողուի ու մոռցուի։
Զուարակը հո՛ն պիտի արածի ու հո՛ն պիտի պառկի
Ու անոր ճիւղերը պիտի հատցնէ։
11 Անոր ոստերը չորնալով պիտի կոտրին,
Կիները պիտի գան ու զանոնք պիտի բռնկեցնեն։
Անիկա իմաստուն ժողովուրդ չէ,
Ուստի զանիկա ստեղծողը անոր վրայ պիտի չգթայ
Ու զանիկա կազմողը անոր պիտի չողորմի։
12 Այն օրը,
Տէրը Գետին յորձանքէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը պիտի թօթուէ։
Դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ,
Մէկիկ մէկիկ պիտի հաւաքուիք։
13 Այն օրը մեծ փողը պիտի հնչեցնեն
Եւ Ասորեստանի երկրին մէջ թափառական եղողները
Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ աքսորուածները պիտի գան
Ու Երուսաղէմ սուրբ լերանը վրայ
Տէրոջը երկրպագութիւն պիտի ընեն։

28
ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
1 Վա՜յ Եփրեմի գինովներուն հպարտութեան պսակին,
Որուն փառաւոր զարդը թառամեալ ծաղիկ մըն է,
Որ գինիով թմրածներուն պարարտ հովիտին գլուխը կը կենայ։
2 Ահա Տէրոջ կողմէ քաջ ու զօրաւոր թշնամի մը,
Կարկուտի փոթորիկի պէս, աւերիչ մրրիկի պէս
Ու սաստիկ ջուրերու յորդահոս հեղեղի պէս,
Ձեռքովը գետինը պիտի զարնէ զանոնք։
3 Եփրեմի գինովներուն հպարտութեան պսակը
Ոտքերով պիտի կոխկռտուի։
4 Եւ պարարտ հովիտին գլուխը եղող անոր փառքերուն զարդը,
Որ թառամեալ ծաղիկ մըն է,
Հունձքէն առաջ վաղահաս թուզի պէս պիտի ըլլայ,
Որ տեսնողը ձեռքը առածին պէս կը կլլէ։
5 Այն օրը զօրքերու Տէրը իր ժողովուրդին մնացորդին
Փառաւոր պսակ ու շքեղ թագ պիտի ըլլայ
6 Եւ դատաստանի նստողին՝ արդարութեան ոգի
Ու պատերազմը դէպի թշնամիին դուռը դարձնողին զօրութիւն պիտի ըլլայ։
 ԵՍԱՅԻ ԵՒ ՅՈՒԴԱՅԻ ԳԻՆՈՎ ՄԱՐԳԱՐԷՆԵՐԸ
7 Բայց ասոնք ալ գինիով կը մոլորին
Ու ցքիով կ՚երերան։
Քահանան ու մարգարէն ցքիով կը մոլորին.
Անոնք գինիէն կը շփոթին, ցքիէն կը դանդաչեն,
Տեսիլքի մէջ կը մոլորին ու դատաստանի մէջ կը սխալին.
8 Վասն զի անոնց բոլոր սեղանները փսխունքի պղծութիւնով ծածկուած են,
Այնպէս որ մաքուր տեղ մը չկայ։
9 Որո՞ւ գիտութիւն սորվեցնէ,
Որո՞ւ կրթութիւն հասկցնէ.
Կաթէ կտրուածներո՞ւն,
Ստինքէ զատուածներո՞ւն։
10 Քանզի խրատ խրատի վրայ, խրատ խրատի վրայ,
Հրաման հրամանի վրայ, հրաման հրամանի վրայ,
Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն։
11 Յիրաւի այս ժողովուրդին հետ
Չհասկցուելու շրթունքով եւ օտար լեզուով պիտի խօսի։
12 Քանզի անոնց ըսաւ.
«Յոգնածը հանգստացնելու միջոցը ասիկա է
Ու մխիթարութիւնը ասիկա է»։
Բայց անոնք մտիկ ընել չուզեցին։
13 Ուստի Տէրոջը խօսքը պիտի ըլլայ անոնց՝
Խրատ խրատի վրայ, խրատ խրատի վրայ,
Հրաման հրամանի վրայ, հրաման հրամանի վրայ,
Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն.
Որպէս զի երթան, կռնակի վրայ իյնան ու կոտրտին
Եւ որոգայթի մէջ իյնալով բռնուին։
 ՍԻՕՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՆԿԵԱՆ ՔԱՐ ՄԸ
14 Ուրեմն Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք,
Ո՛վ ծաղր ընող մարդիկ,
Որ Երուսաղէմի մէջ բնակող այս ժողովուրդին վրայ կը տիրէք,
15 Որովհետեւ ըսիք.
«Մենք մահուան հետ ուխտ ըրինք
Ու գերեզմանին հետ դաշնակից եղանք,
Որ եթէ յորդահոս հեղեղը ասկէ անցնի, մեր վրայ չգայ.
Վասն զի ստութիւնը մեզի պատսպարան ըրինք
Եւ ունայնութեան մէջ պահուեցանք»։
16 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ՚ըսէ.
«Ահա ես Սիօնի մէջ վէմ մը կը դնեմ իբրեւ հիմ.
Ընտիր վէմ՝ պատուական անկիւն, հաստատուն հիմ.
‘Ով որ հաւատայ անոր, պիտի չարտորայ փախչելու’։
17 Իրաւունքը՝ կապարալար,
Արդարութիւնը խորաչափ պիտի ընեմ։
Կարկուտը ստութեան պատսպարանը պիտի տանի
Ու ջուրերը պահուելու տեղը պիտի կոխեն։
18 Մահուան հետ ըրած ուխտերնիդ պիտի աւրուի
Ու գերեզմանին հետ ըրած դաշնակցութիւննիդ պիտի չհաստատուի։
Երբ յորդահոս հեղեղը ասկէ անցնի,
Դուք անոր մէջ պիտի ընկղմիք,
19 Անցնելու ատեն ձեզ պիտի քշէ,
Քանզի ամէն առտու, ցորեկ ու գիշեր պիտի անցնի
Ու անոր ձայնը լսելն անգամ սոսկալի պիտի ըլլայ։
20 Քանզի անկողինը երկննալու համար կարճ է
Ու ծածկոցը ծածկուելու համար նեղ է։
21 Քանզի Տէրը պիտի ելլէ, ինչպէս Փարասին լերանը վրայ ելաւ
Ու պիտի բարկանայ, ինչպէս Գարաւոնին ձորին մէջ բարկացաւ,
Որպէս զի իր օտարոտի գործը կատարէ, որքան խորթ թուի,
Իր պաշտօնը կատարէ, որքան խորհրդաւոր թուի։
22 Հիմա ծաղր ընողներ մի՛ ըլլաք,
Որպէս զի չըլլայ թէ ձեր կապանքները աւելի ուժովնան.
Քանզի զօրքերու Տէր Եհովային կողմէ
Բոլոր երկրին վրայ աւերումի վճիռ մը լսեցի։
 ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
23 Ակա՛նջ տուէք ու իմ ձայնս լսեցէ՛ք.
Մտի՛կ ըրէք ու իմ խօսքս լսեցէք.
24 Միթէ հերկողը ցանելու համար շարունակ կը հերկէ՞.
Միշտ իր երկիրը կը բանայ ու անոր կոշտերը կը տափանէ՞.
25 Անոր երեսը շտկելէն ետքը
Միթէ արջնդեղն ու չամանը չի՞ ցաներ
Եւ ցորենը՝ կարգով ու գարին՝ որոշուած տեղը
Եւ հաճարը իր սահմանին մէջ չի՞ դներ։
26 Վասն զի իր Աստուածը կրթութիւն կու տայ անոր
Ու կը սորվեցնէ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ։
27 Քանզի արջնդեղը կամնասայլով չի ծեծուիր
Ու չամանին վրայ սայլին անիւը չի դառնար.
Հապա արջնդեղը՝ գաւազանով
Ու չամանը ցուպով կը թօթուըուի։
28 Հացին ցորենը կը կոխկռտուի,
Բայց զանիկա միշտ չի ծեծեր
Ու սայլին անիւը զանիկա չի կոտրտեր
Եւ ձիերը զանիկա չեն փշրեր։
29 Ասիկա ալ զօրքերու Տէրոջմէն կ՚ելլէ,
Որուն խորհուրդը սքանչելի է։
Ու անոր իմաստութիւնը գերազանց է։

29
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
1 Վա՜յ Արիէլին,
Դաւիթին բնակած Արիէլ քաղաքին.
Տարի տարիի վրայ աւելցուցէք։
Թող տարեկան տօները դառնան։
2 Բայց ես Արիէլը նեղը պիտի ձգեմ ու անիկա տրտում ու տխուր պիտի ըլլայ
Եւ ինծի Արիէլին պէս պիտի ըլլայ։
3 Ու քեզի դէմ շուրջանակի բանակ պիտի դնեմ,
Քեզ պատնէշներով պիտի պաշարեմ,
Քեզի դէմ հողաբլուրներ պիտի կանգնեցնեմ։
4 Եւ պիտի ցածնաս ու գետնէն խօսիս
Եւ քու խօսքերդ հողին տակէն պիտի լսուին
Ու քու ձայնդ վհուկի ձայնին պէս գետնէն պիտի գայ
Եւ քու խօսքդ հողէն պիտի փսփսայ։
5 Ու քու թշնամիներուդ բազմութիւնը՝ մանր փոշիի պէս
Եւ քու բռնաւորներուդ բազմութիւնը անցնող մղեղի պէս պիտի ըլլայ։
Ասիկա յանկարծ մէկ վայրկեանի մէջ պիտի ըլլայ։
6 Զօրքերու Տէրոջը կողմէ՝
Որոտումով, երկրաշարժով, մեծ ձայնով,
Մրրիկով, փոթորիկով ու մաշող կրակի բոցով
Այցելութիւն մը պիտի ըլլայ։
7 Արիէլին վրայ պատերազմի եկող բոլոր ազգերուն բազմութիւնը
Եւ այս քաղաքին վրայ ու անոր պարիսպներուն վրայ բոլոր յարձակողները
Ու զանիկա պաշարողները
Գիշերը տեսնուած երազի պէս պիտի ըլլան։
8 Ինչպէս անօթի եղողը երազին մէջ կը տեսնէ թէ կերակուր կ՚ուտէ,
Բայց արթննալէն ետքը փորը անօթի կը մնայ,
Ինչպէս ծարաւ մարդը երազին մէջ կը տեսնէ թէ ջուր կը խմէ,
Բայց արթննալէն ետքը կը մարի ու հոգին կը պապակի,
Այնպէս պիտի ըլլայ բոլոր ազգերուն բազմութեանը,
Որ Սիօնի լերանը դէմ պատերազմի կու գայ։
 ԱՆՆԿԱՏ ԹՈՂՈՒԱԾ ՅԱՆԴԻՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
9 Ապշեցէ՛ք ու զարմացէ՛ք,
Շլացէ՛ք ու թմրեցէ՛ք.
Անոնք արբած են, բայց գինիէն չէ.
Անոնք կ՚երերան, բայց ցքիէն չէ.
10 Քանզի Տէրը ձեր վրայ թմրութեան ոգի թափեց
Ու ձեր աչքերը գոցեց.
Մարգարէներն ու ձեր գլխաւորները,
Որոնք տեսիլք կը տեսնէին, կուրցուց։
11 Եւ ամենուն տեսիլքները կնքուած գրքի մը խօսքերուն պէս պիտի ըլլան ձեզի,
Որ կարդալ գիտցողին կու տան
Ու կ՚ըսեն. «Կ՚աղաչենք, ասիկա կարդա՛»։
Ու անիկա կ՚ըսէ. «Չեմ կրնար, վասն զի կնքուած է»։
12 Այն գիրքը կարդալ չգիտցողին կու տան
Ու կ՚ըսեն. «Կ՚աղաչենք, ասիկա կարդա՛»։
Ու անիկա կ՚ըսէ. «Կարդալ չեմ գիտեր»։
13 Անոր համար Տէրը կ՚ըսէ.
«Այս ժողովուրդը ինծի բերնովը կը մօտենայ
Եւ զիս շրթունքներովը կը պատուէ,
Բայց անոնց սիրտը ինծմէ հեռու է
Ու ինծմէ ունեցած վախերնին
Մարդոց սորվեցուցած պատուիրանք մըն է.
14 Անոր համար ահա ես այս ժողովուրդին մէջ
Այսուհետեւ զարմանալի գործեր ու հրաշքներ պիտի ընեմ
Եւ անոնց իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսուի
Ու հանճարեղներուն հանճարը բնաջինջ պիտի ըլլայ»։
 ՅՈՅՍ ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՄԱՐ
15 Վա՜յ անոնց, որ խորունկ տեղ կը փնտռեն
Իրենց խորհուրդը Տէրոջմէ պահելու համար
Ու իրենց գործը մութին մէջ կ՚ընեն
Ու կ՚ըսեն. «Մեզ ո՞վ կը տեսնէ ու մեզ ո՞վ կը ճանչնայ»։
16 Դուք գործերը տակն ու վրայ կ՚ընէք։
Միթէ բրուտը կաւին տեղ կը դրուի՞.
Քանզի կարելի՞ է, որ առարկան զինք շինողին համար ըսէ.
«Անիկա զիս չշինեց»։
Ու ստեղծուածը՝ զինք ստեղծողին համար ըսէ.
«Անիկա իր ըրածը չի գիտեր»։
17 Ահա շատ քիչ ժամանակէն
Լիբանան պտղաբեր արտի պիտի դառնայ
Ու պտղաբեր արտը անտառ պիտի սեպուի։
18 Այն օրը խուլերը գրքին խօսքերը պիտի լսեն,
Կոյրերուն աչքերը մէգէն ու խաւարէն ազատուելով՝ պիտի տեսնեն։
19 Խեղճերը Տէրոջմով իրենց ուրախութիւնը պիտի աւելցնեն,
Չքաւոր մարդիկ Իսրայէլի Սուրբովը պիտի ցնծան,
20 Վասն զի բռնաւորը պիտի վերնայ
Եւ ծաղր ընող պիտի չմնայ
Ու ամէն անոնք, որոնք անօրէնութեան համար կը հսկեն՝ պիտի կորսուին.
21 Անոնք ալ, որոնք մարդը դատաստանի մէջ յանցաւոր կը հանեն
Ու քաղաքին դրանը մէջ ջատագովութիւն ընողին համար որոգայթ կը լարեն
Եւ արդարին իրաւունքը կը խափանեն։
22 Անոր համար Աբրահամը փրկող Տէրը
Յակոբին տանը համար այսպէս կ՚ըսէ.
«Յակոբ անգամ մըն ալ պիտի չամչնայ
Ու անոր երեսը անգամ մըն ալ պիտի չդեղնի.
23 Վասն զի երբ տեսնէ իր տղաքը՝ իմ ձեռքերուս գործը՝ իր մէջ,
Այն ատեն իմ անունս պիտի փառաւորեն,
Յակոբին Սուրբը պիտի *փառաւորեն
Ու Իսրայէլին Աստուծմէն պիտի վախնան։
24 Հոգիով մոլորածները խոհեմութիւնը պիտի ճանչնան
Ու տրտնջողները իմաստութիւն պիտի սորվին»։

30
ԱՆՕԳՈՒՏ ԴԱՇԻՆՔ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԵՏ
1 «Վա՜յ ապստամբ տղաքներուն, կ՚ըսէ Տէրը,
Որոնք մեղք մեղքի վրայ աւելցնելու համար
Խորհուրդ կ՚ընեն, բայց ինծմով չէ.
Դաշինք կը կնքեն, բայց իմ Հոգիովս չէ.
2 Որոնք առանց իմ խորհուրդս հարցնելու
Կ՚երթան Եգիպտոս կ՚իջնեն,
Փարաւոնին պաշտպանութեանը տակ ապաստան փնտռելու
Ու Եգիպտոսին հովանիին ապաւինելու համար։
3 Բայց Փարաւոնին պաշտպանութիւնը ձեզի՝ ամօթ
Ու Եգիպտոսին հովանիին ապաւինիլը ձեզի նախատինք պիտի ըլլայ,
4 Քանզի անոր իշխանները Տայանիս գացին
Ու դեսպանները Հանէս հասան։
5 Ամէնքը ամչցան այն ժողովուրդին պատճառով,
Որ իրենց օգուտ մը ընելու կարողութիւն չունի։
Անիկա չի կրնար օգնութիւն մը ընել կամ օգուտ մը ունենալ,
Հապա իրենց ամօթ ու նախատինք պիտի ըլլայ»։
6 Ահա բեռ կրող անասունները դէպի հարաւ՝
Նեղութեան ու վշտերու,
Մատակ առիւծի եւ առոյգ առիւծի,
Իժի ու կիզող թեւաւոր օձի երկիրը կ՚երթան.
Իրենց ստացուածքը՝ էշերու կռնակին վրայ
Ու իրենց գանձերը ուղտի սապատին վրայ կը տանին
Այնպիսի ժողովուրդի մը, որ իրենց օգուտ չունի։
7 Վասն զի Եգիպտացիները պարապ ու զուր տեղ օգնութիւն կ՚ընեն։
Անոր համար զինք «Պարապ նստող, պարծենկոտ» կոչեցի։
 ԱՆՀՆԱԶԱՆԴ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
8 Ուրեմն գնա՛, անոնց առջեւ ասիկա տախտակի վրայ գրէ՛
Եւ գրքի մէջ դրոշմէ՛,
Որպէս զի ապագային
Յաւիտենականութեան վկայութեան համար մնայ։
9 Քանզի ասիկա ապստամբ ժողովուրդ մըն է,
Ատախօս տղաքներ են
Ու այնպիսի տղաքներ են, որոնք Տէրոջը օրէնքը լսել չեն ուզեր,
10 Որոնք տեսանողներուն կ՚ըսեն. «Մի՛ տեսնէք»
Ու մարգարէներուն՝ «Մեզի համար ուղիղ բաներ մի՛ մարգարէանաք.
Մեզի շողոքորթութիւններ ըրէ՛ք,
Խաբէութիւններ մարգարէացէ՛ք,
11 Ճամբայէն ե՛տ քաշուեցէք,
Շաւիղէն խոտորեցէ՛ք,
Իսրայէլին Սուրբը մեր առջեւէն վերցուցէ՛ք»։
12 Ահա Իսրայէլին Սուրբը այսպէս կ՚ըսէ.
«Որովհետեւ դուք այս խօսքը անարգեցիք
Եւ բռնութեան ու ծռութեան ապաւինեցաք՝
13 Անոր համար այս անօրէնութիւնը
Բարձր պարիսպի մը՝ իյնալու վրայ եղող
Ուռեցած ճեղքուածքի պէս պիտի ըլլայ ձեզի,
Որուն կործանումը յանկարծակի՝ մէկ վայրկեանի մէջ՝ պիտի գայ։
14 Եւ զանիկա բրուտներու սափորին կոտրուելուն պէս պիտի կոտրէ.
Պիտի փշրէ ու չխնայէ։
Անոր կտորուանքներուն մէջ
Կրակարանէն կրակ առնելու
Կամ փոսէն ջուր հանելու խեցիի կտոր մը պիտի չգտնուի։
15 Վասն զի Տէր Եհովան, Իսրայէլին Սուրբը, այսպէս կ՚ըսէ.
«Դուք դառնալով ու հանգստանալով փրկութիւն կը գտնէք,
Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ՚ըլլայ»։
Բայց դուք չուզեցիք,
16 Հապա ըսիք. «Ո՛չ, ձի հեծնենք փախչինք»։
Անոր համար պիտի փախչիք։
«Արագընթաց ձիերու վրայ հեծնենք», ըսիք,
Անոր համար ձեզ հալածողներն ալ արագընթաց պիտի ըլլան։
17 Մէկուն սպառնալիքովը՝ հազարնիդ,
Հինգին սպառնալիքովը ամէնքդ պիտի փախչիք.
Մինչեւ որ լերան գլուխը սիւնի պէս
Ու բլուրին վրայ նշանի պէս լքուիք։
18 Բայց Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ
Ու պիտի բարձրանայ, որպէս զի ձեզի ողորմի.
Քանզի Տէրը արդար Աստուած մըն է։
Երանի՜ այն ամենուն, որ անոր կը սպասեն։
 ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԻՏԻ ՕՐՀՆԷ
19 Ահա ո՛վ ժողովուրդ, որ Երուսաղէմի մէջ, Սիօնի վրայ կը բնակիս,
Ա՛լ բնաւ պիտի չլաս։
Քու աղաղակիդ ձայնը լսածին պէս շուտով քեզի պիտի ողորմի
Եւ քեզի պատասխան պիտի տայ։
20 Թէեւ Տէրը ձեզի նեղութեան հաց ու տառապանքի ջուր տայ,
Քու ուսուցիչներդ անգամ մըն ալ պիտի չհեռանան,
Հապա քու աչքերդ քու ուսուցիչներդ պիտի տեսնեն։
21 Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս,
Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ՚ըսէ.
«Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։
22 Այն ատեն քու քանդակած արծաթ կուռքերուդ ծածկոցները
Ու ձուլածոյ ոսկի կուռքերուդ զարդերը պիղծ պիտի համարես,
Զանոնք դաշտանի լաթի պէս պիտի նետես։
Անոնց ամէն մէկուն պիտի ըսես. «Դո՛ւրս ելիր»։
23 Եւ Տէրը քու սերմանած երկրիդ հունտերուն վրայ՝ անձրեւ
Ու երկրի արդիւնքէն հաց պիտի տայ
Եւ առատ ու պարարտ պիտի ըլլայ։
Այն օրը քու խաշինքդ ընդարձակ արօտի մէջ պիտի ճարակին։
24 Երկիրը գործող եզներն ու էշերը
Թիով ու հեծանոցով հոսած
Մաքուր կերակուր պիտի ուտեն։
25 Մեծ կոտորածին օրը,
Աշտարակներուն կործանման ատենը,
Ամէն բարձր լերան վրայ
Եւ ամէն բարձրացած բլուրի վրայ
Գետեր ու ջուրի առուներ պիտի ըլլան։
26 Այն օրը երբ Տէրը իր ժողովուրդին վերքը պատէ
Ու անոնց հարուածին խոցը բժշկէ,
Լուսնին լոյսը արեւին լոյսին պէս
Ու արեւին լոյսը եօթնապատիկ աւելի
Ու եօթը օրուան լոյսին չափ պիտի ըլլայ։
 ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՍՈՐԵՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
27 Ահա Տէրոջը անունը հեռուէն կու գայ։
Անոր բարկութիւնը կը վառի ու բոցը սաստիկ է։
Շրթունքները սրտմտութեամբ լեցուած են
Ու լեզուն մաշող կրակի պէս է։
28 Անոր հոգին յորդահոս գետի պէս
Մինչեւ պարանոցը պիտի հասնի,
Որպէս զի ազգերը ունայնութեան մաղով մաղէ
Եւ ժողովուրդներուն կզակը սանձ դնելով՝ զանոնք մոլորեցնէ։
29 Դուք սուրբ տօնի մը գիշերուան պէս երգ պիտի ունենաք
Ու Իսրայէլին Վէմին՝ Տէրոջը՝ լեռը երթալու համար
Սրինգով գացողի պէս սրտի ուրախութիւն պիտի ունենաք։
30 Տէրը իր փառաւոր ձայնը լսել պիտի տայ
Ու իր սաստիկ բարկութիւնովը եւ մաշող կրակին բոցովը,
Հեղեղով, փոթորիկով ու կարկուտի քարերով
Իր երկնցած բազուկը պիտի ցուցնէ։
31 Վասն զի գաւազանով զարնող Ասորեստանցին
Տէրոջը ձայնէն պիտի զարհուրի
32 Ու որոշուած գաւազանին ամէն հարուած,
Որ Տէրը անոր վրայ պիտի իջեցնէ,
Թմբուկներով ու քնարներով պիտի ըլլայ։
Անոր հետ աղմկալից պատերազմներով պիտի պատերազմի։
33 Քանզի Տոփեթը շատոնց պատրաստուած է։
Անիկա ալ թագաւորին համար պատրաստուեցաւ,
Զանիկա խորունկցուց ու լայնցուց,
Ան դիզած է կրակ ու փայտ։
Տէրոջը շունչը ծծումբի հեղեղի պէս զայն պիտի բռնկեցնէ։

31
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԷ
1 Վա՜յ անոնց, որ օգնութեան համար Եգիպտոս կ՚իջնեն
Ու ձիերու կը վստահին եւ կառքերու կ՚ապաւինին, որովհետեւ շատ են
Ու ձիաւորներու՝ որովհետեւ խիստ զօրաւոր են,
Սակայն Իսրայէլի Սուրբին չեն նայիր
Ու Տէրը չեն փնտռեր։
2 Բայց ան իմաստուն է ու աղէտ կը բերէ։
Եւ իր խօսքերը ետ չի դարձներ։
Բայց չարերուն տանը դէմ
Եւ անօրէնութիւն գործողներուն օգնութեանը դէմ պիտի ելլէ։
3 Արդ՝ Եգիպտացիները մարդ են, ոչ թէ Աստուած
Ու անոնց ձիերը մարմին են, ոչ թէ հոգի
Ու երբ Տէրը իր ձեռքը երկնցնէ
Թէ՛ օգնութիւն ընողը պիտի սահի
Եւ թէ՛ օգնութիւն գտնողը պիտի իյնայ
Ու ամէնքը մէկտեղ պիտի կորսուին։
4 Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ.
Ինչպէս առիւծը կամ կորիւնը իր որսին համար կը մռնչէ
Ու երբ հովիւներուն գունդը անոր դէմ հաւաքուի,
Անոնց ձայնէն չի վախնար
Ու անոնց աղաղակէն չի վհատիր,
Այնպէս ալ զօրքերու Տէրը Սիօն լերանը համար
Ու անոր բլուրին համար պատերազմելու պիտի իջնէ։
5 Ինչպէս թռչունները իրենց ձագերը կը ծածկեն,
Այնպէս զօրքերու Տէրը Երուսաղէմին պաշտպանութիւն պիտի ընէ։
Պիտի պաշտպանէ ու փրկէ զանիկա,
Պիտի անցնի ու պիտի ազատէ։
6 Դուք այն Աստուծոյն դարձէք,
Որուն դէմ Իսրայէլին որդիները չարաչար ապստամբեցան,
7 Քանզի այն օրը ամէն մարդ մէկդի պիտի նետէ
Իր արծաթէ կուռքերն ու ոսկիէ կուռքերը,
Որոնք իրենց մեղաւոր ձեռքերով շինեցին ձեզի։
8 «Ասորեստանցին սուրով պիտի իյնայ, բայց ո՛չ թէ մարդու սուրով.
Հապա այնպիսի սուր մը պիտի ուտէ զանիկա, որ մարդու սուր չէ
Ու անիկա սուրէն պիտի փախչի։
Անոր երիտասարդները հարկատու պիտի ըլլան։
9 Իր վախին պատճառով իր բերդը պիտի անհետանայ
Եւ անոր իշխանները յանկարծ դրօշակը պիտի լքեն»,
Կ՚ըսէ Տէրը, որուն կրակը Սիօնի մէջ է
Ու փուռը՝ Երուսաղէմի մէջ։

32
ԱՐԴԱՐԱԴԱՏ ԹԱԳԱՒՈՐ ՄԸ
1 Ահա թագաւոր մը արդարութեամբ պիտի թագաւորէ
Ու իշխանները իրաւունքով պիտի իշխեն։
2 Այս մարդը՝ հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս
Ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս,
Չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս
Եւ ծարաւուտ երկրի մէջ
Մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ։
3 Տեսնողներուն աչքերը պիտի շլանան,
Լսողներուն ականջները մտիկ պիտի ընեն։
4 Արտորացողներուն սիրտը առողջ դատողութիւն պիտի ունենայ
Եւ թոթովախօսներուն լեզուն
Յստակ խօսելու պատրաստ պիտի ըլլայ։
5 Անզգամին անգամ մըն ալ ազնուաբարոյ պիտի չըսուի,
Ագահին անգամ մըն ալ առատաձեռն պիտի չըսուի.
6 Վասն զի անզգամը անզգամութեամբ կը խօսի
Ու անոր սիրտը անօրէնութեամբ կը գործէ։
Կեղծաւորութիւն կ՚ընէ ու Տէրոջը վրայով ամբարշտութեամբ կը խօսի։
Անօթին հոգին կերակուրէ կը զրկէ
Ու ծարաւին խմելիքը կը հատցնէ։
7 Ագահին հնարքները չար են
Անիկա սուտ խօսքերով աղքատները կորսնցնելու համար
Նենգութիւններ կը խորհի,
Եթէ նոյնիսկ տնանկին դատը արդար ըլլայ։
8 Բայց ազնուաբարոյ մարդը ազնիւ բաներ կը խորհի
Ու ազնիւ բաներու վրայ հաստատ կը մնայ։
 ԴԱՏԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ
9 Ո՛վ հանգիստ կիներ, ելէ՛ք,
Իմ ձայնիս մտիկ ըրէ՛ք.
Ո՛վ անհոգ աղջիկներ,
Իմ խօսքիս ակա՛նջ տուէք։
10 Օրերով ու տարիներով խռովութեան մէջ պիտի ըլլաք,
Ո՛վ անհոգ կիներ,
Քանզի այգեկութքը կորսուեցաւ,
Հունձքին ժամանակը պիտի չգայ։
11 Ո՛վ հանգիստ կիներ, դողացէ՛ք.
Ո՛վ անհոգ կիներ, խռովութեան մէջ ինկէ՛ք.
Հանուեցէ՛ք ու մերկացէ՛ք
Ու մէջքերնիդ քուրձ կապեցէ՛ք։
12 Ցանկալի արտերուն ու պտղաբեր որթատունկին համար
Կուրծքերնին պիտի ծեծեն։
13 Իմ ժողովուրդիս երկրին վրայ
Փուշ եւ ցախ պիտի բուսնի.
Նոյնպէս բոլոր ուրախութեան տուներուն վրայ՝
Բերկրալի քաղաքին մէջ։
14 Քանզի պալատները երեսէ պիտի ձգուին,
Աղմկայոյզ քաղաքը պիտի լքուի,
Բերդերն ու պարիսպները յաւիտեան քարայրներ պիտի ըլլան,
Ցիռերու զուարճութեան համար ու խաշինքներու արօտ ըլլալու համար,
15 Մինչեւ որ վերէն մեր վրայ Հոգի թափուի
Ու անապատը պտղաբեր արտի դառնայ
Եւ պտղաբեր արտը անտառ համարուի։
16 Այն ատեն անապատին մէջ իրաւունքը պիտի բնակի
Ու պտղաբեր արտին մէջ արդարութիւնը պիտի հանգչի։
17 Եւ արդարութեան գործը՝ խաղաղութիւն
Ու արդարութեան արդիւնքը հանգիստ ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ յաւիտեան։
18 Իմ ժողովուրդս խաղաղաւէտ բնակութեան մէջ
Ու ապահով վրաններու մէջ
Եւ կատարեալ հանգստութեան մէջ պիտի բնակի։
19 Բայց կարկուտ պիտի իջնէ անտառին վրայ
Ու քաղաքը բոլորովին պիտի խոնարհի։
20 Երանի՜ ձեզի, որ ջուրերու քով կը ցանէք
Ու եզն ու էշը ազատ կը թափառին։

33
ԱՂՕԹՔ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
1 Վա՜յ քեզի, ո՛վ կործանող, որ դուն չկործանուեցար
Ու վա՜յ քեզի, ո՛վ յափշտակող որ քեզ չյափշտակեցին։
Երբ դուն կործանելը լմնցնես, քեզ պիտի կործանեն.
Երբ յափշտակելէ դադրիս, քեզ պիտի յափշտակեն։
2 Ո՛վ Տէր, մեզի ողորմէ, քեզի՛ կը յուսանք.
Ամէն առտու մեր զօրութիւնը եղիր
Ու նեղութեան ժամանակ մեզի փրկութիւն եղիր։
3 Աղմուկին ձայնէն ժողովուրդները կը փախչին,
Քու բարձրանալէդ ազգերը կը ցրուին։
4 Ձեր աւարը թրթուրին հաւաքուելուն պէս պիտի հաւաքեն.
Անոր վրայ՝ մարախներուն ցատկելուն պէս պիտի ցատկեն։
5 Տէրը բարձրացած է, վասն զի բարձրերը կը բնակի։
Սիօնը իրաւունքով ու արդարութիւնով լեցուց։
6 Քու ժամանակներուդ հաստատութիւնը
Ու փրկութեանդ զօրութիւնը իմաստութիւն ու գիտութիւն պիտի ըլլայ։
Տէրոջը վախը անոր գանձն է։
7 Ահա անոնց քաջերը դուրսը կ՚աղաղակեն.
Խաղաղութեան դեսպանները դառնապէս կու լան։
8 Բանուկ ճամբաները ամայի եղան,
Ճամբայէն անցնող չմնաց։
Անիկա ուխտը աւրեց, քաղաքները անարգեց,
Մարդը բանի տեղ չի սեպեր.
9 Երկիրը սուգ կը բռնէ ու կը նուաղի,
Լիբանան ամչցաւ ու թառամեցաւ,
Սարօն անապատի պէս եղաւ։
Բասան ու Կարմեղոս կը թօթուուին։
 ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ԿԸ ԽՐԱՏԷ
10 «Հիմա պիտի ելլեմ, կ՚ըսէ Տէրը,
Հիմա պիտի փառաւորուիմ,
Հիմա պիտի բարձրանամ։
11 Դուք յարդով պիտի յղանաք եւ մղեղ պիտի ծնանիք
Ու ձեր շունչը կրակի պէս ձեզ պիտի ուտէ։
12 Ժողովուրդները կիրի այրուելուն պէս պիտի ըլլան.
Անոնք կրակի մէջ նետուած փուշերու պէս պիտի այրին»։
13 Ո՛վ հեռու եղողներ, լսեցէք թէ ի՞նչ ըրի
Ու մօտ եղողներ, իմ զօրութիւնս ճանչցէք։
14 Սիօնի մէջ մեղաւորները կը վախնան,
Դողը կեղծաւորները կը բռնէ։
Մեզմէ ո՞վ կրնայ բնակիլ լափող կրակի մէջ.
Մեզմէ ո՞վ կրնայ բնակիլ յաւիտենական բոցերուն մէջ։
15 Արդարութեամբ քալողը եւ ուղղութեամբ խօսողը,
Անիրաւութեան շահը մերժողը,
Կաշառք առնելէն ձեռք թօթուողը,
Արիւնահեղութեան խօսքերը չլսելու համար ականջները գոցողը
Ու չարութիւնը չտեսնելու համար աչքերը գոցողը։
16 Անիկա բարձրերը պիտի բնակի,
Անոր բերդը ամուր վէմերու վրայ պիտի ըլլայ.
Անոր հաց պիտի տրուի
Ու անոր ջուրը անպակաս պիտի ըլլայ։
 ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՆ
17 Քու աչքերդ թագաւորը իր վայելչութիւնովը պիտի տեսնեն,
Անոնք հեռաւոր երկրի պիտի նային։
18 Քու միտքդ վախերու վրայ պիտի մտածէ.
«Ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է կշռողը,
Ո՞ւր է աշտարակները համրողը։
19 Դուն պիտի չտեսնես այն խիստ ժողովուրդը,
Դժուարիմաց ու անծանօթ լեզու ունեցող ժողովուրդը,
Թոթովախօս ու անիմանալի լեզուով խօսող ժողովուրդը։
20 Մեր տօնախմբութիւններու քաղաքին՝ Սիօնին՝ նայէ՛։
Քու աչքերդ Երուսաղէմը պիտի տեսնեն,
Իբրեւ խաղաղ բնակարան մը ու անխախտ վրան մը,
Որուն ցիցերը յաւիտեան պիտի չշարժին
Ու չուանները բնաւ պիտի չկտրին։
21 Հապա հոն փառաւորեալ Տէրը պիտի ըլլայ մեզի
Լայնատարած գետերու ու վտակներու տեղ,
Ուր թիաքարշ նաւ պիտի չմտնէ
Եւ անկէ մեծ նաւ պիտի չանցնի։
22 Քանզի մեր դատաւորը Տէրն է,
Մեր օրէնսդիրը Տէրն է,
Մեր թագաւորը Տէրն է,
Անիկա մեզ պիտի ազատէ։
23 Քու չուաններդ թուլցան,
Իրենց կայմին խարիսխը չկրցան հաստատ բռնել,
Առագաստը չկրցան բանալ։
Այն ատեն մեծ աւար բաժնուեցաւ։
Մինչեւ անգամ կաղերը աւար առին։
24 Ու հոն բնակողը պիտի չըսէ. «Հիւանդ եմ»։
Հոն բնակող ժողովուրդին անօրէնութիւնը պիտի ներուի։

34
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺԷ
1 Ո՛վ ազգեր, մօտեցէ՛ք, որպէս զի լսէք,
Ո՛վ ժողովուրդներ, ականջ տուէ՛ք.
Երկիրն ու անոր լիութիւնը,
Աշխարհն ու անոր բոլոր բնակիչները թող մտիկ ընեն։
2 Վասն զի Տէրոջը բարկութիւնը՝ բոլոր ազգերուն վրայ
Ու սրտմտութիւնը անոնց բոլոր զօրքերուն վրայ է։
Անիկա զանոնք նզովեց, զանոնք սպանդի մատնեց։
3 Անոնց սպաննուածները պիտի նետուին
Ու անոնց դիակներէն գէշ հոտ պիտի ելլէ։
Անոնց արիւնէն լեռները պիտի հալին,
4 Երկնքի բոլոր զօրքերը պիտի հալին
Ու երկինք մագաղաթի պէս պիտի գալարի
Եւ անոր բոլոր զօրքերը վար պիտի թափին՝
Ինչպէս տերեւը որթատունկէն կը թափի
Ու ինչպէս թուզը թզենիէն կը թափի։
5 Քանզի իմ սուրս երկնքի մէջ արբեցած է։
Ահա անիկա Եդովմին վրայ ու իմ նզոված ժողովուրդիս վրայ
Դատաստան ընելու պիտի իջնէ։
6 Տէրոջը սուրը արիւնով լեցուած է
Ու ճարպով իւղոտուած է՝
Գառներուն եւ նոխազներուն արիւնովը
Ու խոյերուն երիկամունքներուն ճարպովը,
Քանզի Տէրը Բօսրայի մէջ զոհ ունի
Ու Եդովմի երկրին մէջ՝ մեծ սպանդ։
7 Անոնց հետ պիտի իյնան միեղջերուները
Ու զուարակները՝ ցուլերուն հետ
Եւ անոնց երկիրը արիւնով պիտի գինովնայ
Ու անոնց հողը ճարպով պիտի պարարտանայ,
8 Քանզի Տէրոջը վրէժխնդրութեան օրը
Ու Սիօնին վէճին համար հատուցման տարին է։
9 Անոր գետերը՝ ձիւթի
Ու հողը ծծումբի պիտի դառնան։
Անոր երկիրը վառուած ձիւթ պիտի ըլլայ,
10 Գիշեր ու ցորեկ պիտի չմարի.
Անոր ծուխը յաւիտեան պիտի ելլէ
Եւ դարէ դար աւերակ պիտի մնայ։
Յաւիտեանս յաւիտենից անկէ անցնող պիտի չըլլայ։
11 Հապա զանիկա հաւալուսներն ու ոզնիները պիտի ժառանգեն։
Հոն քաջահաւն ու ագռաւը պիտի բնակին։
Անոր վրայ դատարկութեան լարը
Եւ ունայնութեան կշիռքը պիտի քաշուի։
12 Անոր ազնուականները թագաւորութեան պիտի կանչեն,
Բայց հոն մէկը պիտի չգտնուի։
Անոր բոլոր իշխանները պիտի ոչնչանան։
13 Անոր պալատներուն մէջ փուշեր։
Անոր պարիսպներուն վրայ եղիճ ու եկքան պիտի բուսնին.
Չագալներու՝ բնակարան,
Ջայլամներու գաւիթ պիտի ըլլայ։
14 Վայրենի կատուները բորենիներուն պիտի հանդիպին,
Այծամարդերը իրարու ձայն պիտի տան։
Յուշկապարիկները հոն պիտի հանգչին
Ու հոն իրենց հանգիստ տեղ պիտի գտնեն։
15 Հոն իժը իր բոյնը պիտի շինէ ու հաւկիթ պիտի ածէ
Եւ իր ձագերը պիտի հանէ ու իր հովանիին տակ առնելով պիտի խնամէ։
Ուրուրները հոն պիտի հաւաքուին, ամէն մէկը իր ընկերին հետ։
16 Տէրոջը գրքին մէջ փնտռեցէ՛ք ու կարդացէ՛ք.
Ասոնց մէ՛կը պիտի չպակսի,
Մէ՛կուն ընկերը պակաս պիտի չըլլայ,
Վասն զի իր բերանը հրամայեր է
Ու իր Հոգին պիտի հաւաքէ զանոնք։
17 Ինք անոնց համար վիճակ ձգեր է
Ու իր ձեռքը զանիկա լարով բաժներ է անոնց։
Զանիկա յաւիտեան պիտի ժառանգեն,
Դարէ դար անոր մէջ պիտի բնակին։