Skip to main content

Սաղմոսաց 61-90

ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղաղակս
Ու մտիկ ըրէ՛ իմ աղօթքիս։
2 Երկրի ծայրէն քեզի պիտի կանչեմ՝ սրտիս մարելու ատենը,
Դէպի ինծմէ բարձր եղած վէմը առաջնորդէ՛ զիս։
3 Վասն զի դուն ինծի ապաւէն եղար,
Ամուր աշտարակ մը՝ թշնամիին դէմ։
4 Ես քու խորանիդ մէջ պիտի բնակիմ յաւիտեան.
Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ապաւինիմ։ (Սէլա։)
5 Վասն զի դուն՝ ո՛վ Աստուած՝ լսեցիր իմ ուխտերս.
Քու անունէդ վախցողներուն ժառանգութիւնը ինծի տուիր։
6 Թագաւորին օրերուն վրայ օրեր պիտի աւելցնես.
Անոր տարիները ազգէ մինչեւ ազգ թող տեւեն։
7 Անիկա յաւիտեան Աստուծոյ առջեւ պիտի նստի։
Ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն պիտի պատրաստէ, որպէս զի զանիկա պահպանեն։
8 Այսպէս սաղմոս պիտի երգեմ քու անուանդ յաւիտեան,
Որպէս զի ամէն օր ուխտերս կատարեմ։

62
ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՐԱՅ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Յիրաւի իմ անձս լռիկ միայն Աստուծոյ կը սպասէ։
Անկէ է իմ փրկութիւնս.
2 Յիրաւի ա՛ն է իմ վէմս ու փրկութիւնս.
Իմ ապաւէնս է, բնաւ պիտի չսասանիմ։
3 Մինչեւ ե՞րբ մարդու վրայ պիտի յարձակիք.
Դուք ամէնքդ, որպէս զի կոտրտէք զանիկա,
Ծռած պատի ու խախտած ցանկապատի պէս։
4 Արդարեւ իր բարձրութենէն ձգել կը ծրագրեն,
Ստութիւն կը սիրեն.
Իրենց բերնովը կ՚օրհնեն.
Բայց իրենց սրտովը կ՚անիծեն։ (Սէլա։)
5 Ո՛վ իմ անձս, միայն Աստուծոյ սպասէ,
Վասն զի անկէ է իմ յոյսս։
6 Յիրաւի ան է իմ վէմս ու փկութիւնս.
Իմ ապաւէնս է։ Պիտի չսասանիմ։
7 Աստուծմէ է իմ փրկութիւնս ու փառքս։
Իմ զօրութեանս վէմը ու իմ ապաւէնս Աստուած է։
8 Ամէն ժամանակ անոր յուսացէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդ.
Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք,
Քանզի Աստուած ապաւէն է մեզի։ (Սէլա։)
9 Արդարեւ ռամիկ մարդիկը փուճ են,
Ազնուական մարդիկը սուտ են։
Եթէ կշիռքի մէջ դրուելու ըլլան,
Ամէնքն ալ ունայնութենէն թեթեւ են։
10 Հարստահարութեան մի՛ յուսաք,
Յափշտակութեան վրայ փուճ յոյս մի՛ դնէք.
Հարստութիւնը եթէ շատնայ,
Սրտերնիդ թող չվստահի անոր։
11 Մէկ անգամ խօսեցաւ Աստուած.
Երկու անգամ լսեցի ասիկա,
Թէ զօրութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի։
12 Ողորմութիւնն ալ քուկդ է, ո՛վ Տէր,
Վասն զի ամէն մէկուն իր գործին համեմատ հատուցում կ՚ընես։

63
ՓԱՓԱՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի, երբ ինք Յուդայի անապատին մէջ էր
1 Ո՛վ Աստուած, դո՛ւն ես իմ Աստուածս,
Ես առտուն քեզ կը փնտռեմ.
Հոգիս կը ծարաւի քեզի ու մարմինս քեզի կը փափաքի
Չոր ու ծարաւ տեղը, ուր ջուր չկայ։
2 Քու զօրութիւնդ ու փառքդ տեսնելու համար
Ինչպէս քեզ տեսած եմ սրբարանին մէջ։
3 Որովհետեւ քու ողորմութիւնդ կեանքէն աղէկ է։
Իմ շրթունքներս քեզ պիտի գովեն։
4 Այսպէս պիտի օրհնեմ քեզ իմ կեանքիս ընթացքին,
Քու անունովդ ձեռքերս վեր պիտի վերցնեմ։
5 Իբր թէ ճարպով ու պարարտութիւնով պիտի կշտանայ իմ անձս
Ու ցնծութեան շրթունքներով պիտի գովէ քեզ իմ բերանս։
6 Անկողնիս վրայ քեզ կը յիշեմ,
Գիշերուան պահերուն մէջ քու վրայովդ կը մտածեմ.
7 Վասն զի ինծի օգնական եղար
Ու քու թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ցնծամ։
8 Իմ անձս քեզի կը յարի,
Քու աջ ձեռքդ զիս կը պահէ.
9 Բայց անոնք որ անձս կը փնտռեն զանիկա կորսնցնելու համար,
Գետնին խորունկ տեղերը պիտի մտնեն,
10 Սուրի պիտի մատնուին,
Աղուէսներու բաժին պիտի ըլլան։
11 Բայց թագաւորը Աստուծմով պիտի ուրախանայ,
Բոլոր անով երդում ընողները պիտի պարծենան,
Իսկ ստախօսներուն բերանը պիտի պապանձի։

64
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ ձայնս իմ գանգատելու ատենս.
Թշնամիին վախէն իմ կեանքս պահպանէ։
2 Ծածկէ զիս չարերու ժողովէն,
Անօրէնութիւն գործողներուն բազմութենէն,
3 Որոնք իրենց լեզուները թուրի պէս կը սրեն,
Որոնք նետերու պէս լեղի խօսքեր կը գործածեն,
4 Գաղտուկ տեղէն անմեղին նետելու համար.
Յանկարծակի անոր կը նետեն ու չեն վախնար։
5 Իրենց չար նպատակները ամուր կը պահեն։
Գաղտնի որոգայթներ դնելու մասին կը խօսին եւ
Կ՚ըսեն. «Զանոնք ո՞վ պիտի տեսնէ»։
6 Անօրէնութիւն կը փնտռեն,
Կ՚ըսեն թէ «Կատարեցինք մեր ծրագրածը»։
Մարդուն միտքը եւ սիրտը խորունկ է,
7 Բայց Աստուած զանոնք պիտի զարնէ նետով։
Անոնք յանկարծ պիտի վիրաւորուին։
8 Իրենց լեզուներուն պատճառով պիտի աւերուին։
Բոլոր զանոնք տեսնողները գլուխ պիտի շարժեն։
9 Բոլոր մարդիկ պիտի վախնան.
Աստուծոյ գործը պիտի պատմեն
Ու անոր ըրածին ուշադրութեամբ պիտի նային։
10 Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ եւ անոր պիտի յուսայ
Եւ ամէն ուղիղ սրտով եղող անով պիտի պարծի։

65
ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսն ու երգը
1 Քեզի կը վայլէ օրհնութիւնը, ո՛վ Աստուած, Սիօնի մէջ։
Ու քեզի ըրած ուխտերը պիտի կատարենք։
2 Ո՛վ աղօթքի լսող,
Քեզի պիտի գայ ամէն մարմին։
3 Անօրէնութիւնները իմ վրաս ճնշեցին։
Մեր մեղքերը դուն պիտի քաւես։
4 Երանի՜ անոր որ կ՚ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես,
Որպէս զի բնակի քու սրահներուդ մէջ.
Պիտի լեցուինք քու տանդ եւ
Քու սուրբ տաճարիդ բարութեամբ։
5 Սքանչելի բաներով, արդարութիւնով պիտի պատասխանես մեզի,
Ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը,
Որ երկրի բոլոր ծայրերուն ու ծովերէն հեռու եղողներուն յոյսն ես,
6 Որ քու զօրութիւնովդ լեռները հաստատեցիր,
Կարողութիւնով գօտեպնդուեցար,
7 Որ կը ցածցնես ծովուն ձայնը,
Անոր ալիքներուն ձայնը
Ու ազգերուն խռովութիւնը։
8 Երկրի ծայրերը բնակողները պիտի վախնան քու նշաններէդ.
Առտուան ու իրիկուան ելքը դուն կ՚ուրախացնես։
9 Երկրին այցելութիւն կ՚ընես ու զանիկա կը ջրես,
Շատ կը հարստացնես զանիկա.
Աստուծոյ գետը ջրով լեցուն է։
Անոնց ցորեն կը պատրաստես,
Վասն զի այսպէս պատրաստեցիր զանիկա։
10 Անոր ակօսները կը խմցնես
Ու անոր փոսերը կը շտկես,
Անձրեւներով կը կակուղցնես զանիկա։
Կ՚օրհնես անոր բոյսը։
11 Կը պսակես տարին քու բարութիւնովդ
Ու քու շաւիղներդ պարարտութիւն կը կաթեցնեն,
12 Անապատի արօտներուն վրայ կը կաթեցնեն
Ու բլուրները ուրախութիւնով պատած են։
13 Արօտները հօտերով ծածկուած են
Ու հովիտները՝ ցորենով։
Անոնք ցնծութեամբ կ՚աղաղակեն ու կ՚երգեն։

66
ԵՐԳ ՄԸ ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ
Գլխաւոր երաժշտին Սաղմոսն ու երգը
1 Ո՛վ բոլոր երկիր, ցնծութիւնով Աստուծոյ աղաղակեցէ՛ք։
2 Սաղմոս երգեցէ՛ք անոր անուանը,
Անոր օրհնութիւնը փառաւորեցէ՛ք։
3 Աստուծոյ ըսէք. «Որքա՜ն ահաւոր են քու գործերդ.
Քու մեծ զօրութեանդ համար
Թշնամիներդ քեզի խոնարհութիւն պիտի ընեն։
4 Ամէն երկիր երկրպագութիւն պիտի ընէ քեզի։
Սաղմոս պիտի երգեն քեզի,
Սաղմոս պիտի երգեն քու անուանդ։ (Սէլա։)
5 Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Աստուծոյ ըրածները.
Անիկա իր գործովը մարդոց որդիներուն վրայ ահաւոր է։
6 Ծովը ցամաքի դարձուց,
Գետէն ոտքով անցան։
Այն տեղը իրմով ուրախացանք։
7 Իր ուժովը յաւիտեան կը տիրէ.
Անոր աչքերը ազգերը կը դիտեն.
Ապստամբները իրենց անձերը թող չբարձրացնեն։ (Սէլա։)
8 Ո՛վ ժողովուրդներ, օրհնեցէ՛ք մեր Աստուածը
Ու անոր գովութեան ձայնը թող լսուի։
9 Անիկա մեր հոգին կենդանի կը պահէ
Ու ոտքերնուս սասանիլ չի տար։
10 Վասն զի դո՛ւն քննեցիր մեզ, ո՛վ Աստուած.
Փորձեցիր մեզ, ինչպէս արծաթը կը փորձուի։
11 Մեզ որոգայթի մէջ մտցուցիր,
Ծանր բեռ դրիր մեր կռնակին վրայ։
12 Մեր գլուխներուն վրայ մարդիկ հեծցուցիր.
Կրակը ու ջուրը մտանք,
Սակայն մեզ առատութեան տեղը հանեցիր։
13 Ողջակէզներով պիտի մտնեմ քու տունդ,
Պիտի կատարեմ իմ ուխտերս,
14 Որոնք շրթունքներս խոստացան
Ու նեղութեանս մէջ բերանս խօսեցաւ։
15 Պարարտ խոյեր իբր ողջակէզ պիտի մատուցանեմ խունկով.
Զուարակներ պիտի զոհեմ նոխազներու հետ։ (Սէլա։)
16 Եկէ՛ք, լսեցէ՛ք դուք ամէնքդ, որ Աստուծմէ կը վախնաք
Ու պատմեմ ինչ որ ըրաւ իմ անձիս։
17 Բերնովս անոր աղաղակեցի
Ու լեզուովս զանիկա բարձրացուցի։
18 Եթէ սրտիս մէջ անօրէնութիւն տեսնէի,
Տէրը պիտի չլսէր։
19 Սակայն Աստուած լսեց,
Իմ աղօթքիս ձայնին մտիկ ըրաւ։
20 Օրհնեալ ըլլայ Աստուած, որ իմ աղօթքս չմերժեց
Ու իր ողորմութիւնը ինծմէ ետ չդարձուց։

67
ԵՐԳ ՄԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ
Գլխաւոր երաժշտին Սաղմոսն ու երգը
1 Աստուած թող ողորմի մեզի ու օրհնէ մեզ,
Երեսը թող փայլեցնէ մեր վրայ, (Սէլա,)
2 Որպէս զի երկրի վրայ քու ճամբադ ճանչցուի
Ու բոլոր ազգերուն մէջ՝ քու փրկութիւնդ։
3 Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած,
Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։
4 Ազգերը թող ուրախանան ու ցնծան,
Վասն զի ժողովուրդները ուղղութիւնով պիտի դատես
Ու երկրի ազգերը դո՛ւն պիտի առաջնորդես։ (Սէլա։)
5 Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած,
Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։
6 Երկիր իր պտուղը պիտի տայ.
Ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ։
7 Աստուած մեզ պիտի օրհնէ
Ու երկրին բոլոր ծայրերը անկէ պիտի վախնան։

68
ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳ ՄԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսն ու երգը
1 Թող ելլէ՛ Աստուած եւ անոր թշնամիները թող ցրուին
Ու զինք ատողները իր երեսէն թո՛ղ փախչին։
2 Ցրուէ՛ զանոնք ինչպէս մուխը կը ցրուի,
Ինչպէս մոմը կրակին առջեւ կը հալի,
Այնպէ՛ս թող կորսուին ամբարիշտները Աստուծոյ երեսէն։
3 Բայց արդարները թո՛ղ ուրախանան,
Աստուծոյ առջեւ թո՛ղ ցնծան
Եւ ուրախութիւնով թո՛ղ զուարճանան։
4 Երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք անոր անուանը.
Ճամբայ պատրաստեցէ՛ք ամպերու վրայ հեծնողին.
Որուն անունը Եահ է
Ու ցնծացէք անոր առջեւ։
5 Որբերուն հայրը ու որբեւարիներուն դատաւորը
Աստուած է՝ իր սուրբ բնակարանին մէջ։
6 Աստուած լքեալները տան մէջ կը բնակեցնէ,
Կապուածները յաջողութեան կ՚առաջնորդէ,
Բայց ապստամբները չոր տեղ պիտի բնակին։
7 Ո՛վ Աստուած, քու ժողովուրդիդ առջեւէն գացած ատենդ,
Անապատէն անցած ատենդ, (Սէլա,)
8 Երկիրը շարժեցաւ, երկինքն ալ շաղ կաթեցուց Աստուծոյ երեսէն։
Սինան ալ շարժեցաւ Աստուծոյ, Իսրայէլին Աստուծոյն երեսէն։
9 Ո՛վ Աստուած, թէեւ քու ժառանգութիւնդ չորցած էր,
Դուն առատ անձրեւով ոռոգեցիր զանիկա։
10 Քու ժողովուրդդ անոր մէջ բնակեցաւ.
Քու բարութիւնովդ աղքատին համար պատրաստեցիր, ո՛վ Աստուած։
11 Տէրը պատգամ տուաւ.
Աւետիս տուողները մեծ բազմութիւն են.
12 «Զօրքերուն թագաւորները կը փախչին, կը փախչին»։
Տան մէջ բնակող կիները աւարը կը բաժնեն,
13 Թէեւ գոմերուն մէջտեղը պառկած ըլլան,
Աղաւնիի թեւերուն պէս արծաթով պատուած
Ու անոր փետուրները՝ դեղին ոսկիով։
14 Ամենակարողին՝ այն երկրին վրայ թագաւորներ ցրուած ատենը,
Երկիրը Սելմօնին մէջի ձիւնին պէս ճերմկցաւ։
15 Աստուծոյ լեռը Բասան լեռն է,
Բազմագագաթ լեռը Բասան լեռն է,
16 Ո՛վ բազմագագաթ լեռներ, ինչո՞ւ նախանձով կը նայիք.
Ասիկա այն լեռն է՝ որուն մէջ Աստուած հաճեցաւ բնակիլ։
Յիրաւի Տէրը հոն պիտի բնակի յաւիտեան։
17 Աստուծոյ կառքերը երկու անգամ տասը հազար են, հազարաւոր անգամ հազար.
Տէրը անոնց մէջ է, իր սուրբ տեղն է իբրեւ Սինայի մէջ։
18 Բարձր տեղը ելար, գերութիւնը գերի ըրիր,
Պարգեւներ առիր մարդոց համար
Ու ապստամբներուն համար ալ,
Որպէս զի Տէր Աստուած անոնց մէջ բնակի։
19 Տէրը օրհնեալ ըլլայ օրէ օր.
Եթէ բեռ ալ դնէ մեր վրայ,
Աստուած է մեր փրկիչը։ (Սէլա։)
20 Աստուած մեզի փրկութեան Աստուած է,
Մեզ մահուանէն ազատողը Տէր Եհովան է։
21 Աստուած պիտի փշրէ իր թշնամիներուն գլուխը,
Նաեւ իր անօրէնութիւններուն մէջ պտըտողին մազոտ գանկը։
22 Տէրը ըսաւ. «Զանոնք Բասանէն ետ դարձնեմ.
Ծովուն անդունդներէն ետ դարձնեմ.
23 Այնպէս որ ոտքդ արեան մէջ թաթխուի,
Շուներուդ լեզուն թշնամիներէն իր բաժինը առնէ»։
24 Քու քալուածքներդ տեսան, ո՛վ Աստուած.
Իմ Աստուծոյս, իմ Թագաւորիս, քալուածքները սուրբ տեղին մէջ։
25 Առջեւէն երգողները գացին,
Ետեւէն նուագածուները՝
Թմբուկ զարնող կոյսերուն մէջտեղը։
26 «Ժողովուրդներուն մէջ Աստուած օրհնեցէ՛ք,
Տէրը՝ դո՛ւք որ Իսրայէլի աղբիւրէն էք»։
27 Այն տեղ են փոքր Բենիամինը, անոնց տիրապետողը,
Յուդայի իշխանները իրենց բազմութիւնովը,
Զաբուղոնի իշխանները ու Նեփթաղիմի իշխանները։
28 Քու Աստուածդ քու զօրութիւնդ հաստատեց։
Զօրացո՛ւր, ո՛վ Աստուած, այն բանը որ մեզի համար ըրիր։
29 Երուսաղէմ եղող տաճարիդ համար՝
Թագաւորները քեզի ընծաներ պիտի բերեն։
30 Եղէգներու մէջ բնակող գազանները ու ցուլերուն ժողովը
Ժողովուրդներուն զուարակներուն հետ սաստէ՛,
Որպէս զի խոնարհին՝ անոնք որ արծաթի կը ցանկան,
Պատերազմ սիրող ժողովուրդները ցրուէ՛։
31 Եգիպտոսէն ազնուականներ պիտի գան.
Եթովպիա իր ձեռքերը շուտով Աստուծոյ պիտի երկնցնէ։
32 Ո՛վ երկրի թագաւորութիւններ, երգեցէ՛ք Աստուծոյ,
Սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը, (Սէլա,)
33 Անոր՝ որ յաւիտեանս յաւիտենից երկինքներուն վրայ կը նստի
Ահա անիկա ձայն կու տայ իր զօրաւոր ձայնովը,
34 Փառք տուէ՛ք Աստուծոյ.
Անոր մեծավայելչութիւնը Իսրայէլի վրայ է
Ու անոր զօրութիւնը ամպերուն մէջ է։
35 Ահաւոր ես, ո՛վ Աստուած, քու սուրբ տեղերուդ մէջ։
Իսրայէլի Աստուածը՝
Ինք կու տայ իր ժողովուրդին ոյժ ու կարողութիւն։
Աստուած օրհնեալ ըլլայ։

69
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԵՐՍ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Ապրեցո՛ւր զիս, ո՛վ Աստուած
Վասն զի ջուրերը իմ անձիս հասան։
2 Խորունկ ցեխի մէջ կ՚ընկղմիմ,
Ուր կայնելու տեղ չկայ,
Ջուրերուն խորունկ տեղերը մտայ
Ու յորձանքները զիս ընկղմեցին։
3 Յոգնեցայ ես կանչելէն, կոկորդս ցամքեցաւ,
Աչքերս նուաղեցան իմ Աստուծոյս սպասելէն։
4 Առանց պատճառի զիս ատողները գլխուս մազերէն շատ են.
Զիս փուճ տեղ կորսնցնող թշնամիներս զօրացան։
Այն բանը որ չէի յափշտակած, ստիպեցին որ վճարեմ։
5 Ո՛վ Աստուած, իմ յիմարութիւնս դո՛ւն գիտես
Ու յանցանքներս քեզմէ ծածկուած չեն։
6 Քեզի համբերողները իմ պատճառովս թող ամչնան,
Ո՛վ Տէր, զօրաց Տէր,
Քեզ փնտռողները իմ պատճառովս թող ամօթով չըլլան,
Ո՛վ Իսրայէլի Աստուածը։
7 Վասն զի քեզի համար նախատինքի համբերեցի,
Ամօթը ծածկեց իմ երեսս։
8 Եղբայրներուս՝ օտար
Ու մօրս որդիներուն անծանօթ եղայ։
9 Վասն զի քու տանդ նախանձը զիս կերաւ
Ու քեզ նախատողներուն նախատինքները իմ վրաս ինկան։
10 Իմ անձս խոնարհեցուցի ծոմ պահելով,
Ասիկա ինծի նախատինք սեպուեցաւ։
11 Իբր հանդերձ քուրձ հագայ
Ու անոնց ծաղրանքի առարկայ եղայ։
12 Դուռը նստողները իմ վրայովս կը խօսին
Ու արբեցողները երգեր շինեցին իմ վրաս։
13 Բայց ես իմ աղօթքս կ՚ընեմ քեզի,
Ո՛վ Տէր, ընդունելի ժամանակին։
Ո՛վ Աստուած, քու մեծ ողորմութիւնովդ,
Քու փրկութեանդ ճշմարտութիւնովը ինծի պատասխան տուր։
14 Հանէ՛ զիս ցեխէն, որ չընկղմիմ
Եւ զիս ատողներէն ու խորունկ ջուրերէն ազատուիմ։
15 Ջուրերուն յորձանքը թող զիս չընկղմէ
Ու անդունդը թող զիս չկլլէ
Ու ջրհորը իր բերանը վրաս թող չգոցէ։
16 Պատասխա՛ն տուր ինծի, ո՛վ Տէր,
Վասն զի քու ողորմութիւնդ քաղցր է։
Քու առատ գթութեանդ համեմատ նայէ՛ ինծի
17 Ու երեսդ մի՛ ծածկեր քու ծառայէդ,
Վասն զի ես նեղութեան մէջ եմ։
Շուտով պատասխա՛ն տուր ինծի։
18 Իմ անձիս մօտեցի՛ր ու զանիկա փրկէ՛.
Իմ թշնամիներէս զիս ազատէ։
19 Դուն գիտես իմ նախատինքս
Եւ իմ ամօթս ու իմ խայտառակութիւնս։
Քու առջեւդ են բոլոր զիս նեղողները։
20 Նախատինքը սիրտս կոտրեց ու հիւանդացայ.
Գթացող մը փնտռեցի, բայց չկար
Ու մխիթարութիւն տուողներ՝ բայց չգտայ։
21 Հապա կերակուրի տեղ թոյն տուին ինծի
Ու ծարաւցած ատենս՝ քացախ խմցուցին ինծի։
22 Անոնց սեղանը թող իրենց առջեւ՝ որոգայթ,
Անոնց խնճոյքները իրենց վարմ ըլլան։
23 Անոնց աչքերը թող մթննան, որպէս զի չտեսնեն
Ու անոնց մէջքերը դողացո՛ւր։
24 Քու սրտմտութիւնդ անոնց վրայ թափէ՛
Ու սաստիկ բարկութիւնդ անոնց վրայ թող հասնի։
25 Անոնց բնակարանը աւերակ ըլլայ
Ու անոնց վրաններուն մէջ բնակող չգտնուի։
26 Վասն զի զայն որ դուն զարկիր, անոնք կը հալածեն
Եւ քու վիրաւորածիդ ցաւին վրայով կը խօսին։
27 Անոնց անօրէնութեան վրայ անօրէնութիւն դիր,
Որպէս զի արդարութեանդ չհասնին։
28 Կենաց գրքէն թո՛ղ ջնջուին
Ու արդարներուն հետ թող չգրուին։
29 Բայց ես աղքատ ու վշտացած եմ.
Ո՛վ Աստուած, քու փրկութիւնդ թո՛ղ զիս պաշտպանէ։
30 Աստուծոյ անունը պիտի գովեմ երգով
Ու պիտի բարձրացնեմ զանիկա գոհութիւնով։
31 Ասիկա եղջերաւոր ու կճղակաւոր եզէն ու զուարակէն
Աւելի՛ ընդունելի պիտի ըլլայ Տէրոջը։
32 Հեզերը պիտի տեսնեն եւ ուրախանան.
Ո՛վ Աստուած փնտռողներ, ձեր սիրտն ալ պիտի ապրի,
33 Վասն զի Տէրը տնանկներուն կը լսէ
Ու իր կապուածները չանարգեր։
34 Թող գովեն զանիկա երկինք ու երկիր,
Ծովն ու բոլոր անոր մէջ շարժողները։
35 Վասն զի Աստուած Սիօնը պիտի փրկէ
Ու Յուդայի քաղաքները պիտի շինէ
Եւ հոն պիտի բնակին ու ժառանգեն զանիկա։
36 Իր ծառաներուն սերունդը պիտի ժառանգէ զանիկա
Ու իր անունը սիրողները անոր մէջ պիտի բնակին։

70
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը յիշատակի համար
1 Ո՛վ Աստուած, զիս փրկելու կամք ըրէ.
Ո՛վ Տէր, ինծի օգնելու արտորցիր։
2 Թող ամչնան ու խայտառակ ըլլան
Իմ անձս փնտռողները։
Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան
Ինծի չարիք ուզողները։
3 Թող ամչնալով ետ դառնան
Անոնք որ ինծի «Վա՛շ, վա՛շ» կ՚ըսեն։
4 Ամէն քեզ փնտռող
Քեզմով թող ցնծայ եւ ուրախանայ
Եւ քու փրկութիւնդ սիրողները
Ամէն ժամանակ թող ըսեն. «Աստուած թո՛ղ մեծնայ»։
5 Բայց ես աղքատ ու տնանկ եմ,
Ո՛վ Աստուած, շուտով հասի՛ր ինծի։
Իմ օգնականս ու փրկիչս դուն ես,
Ո՛վ Տէր, մի՛ ուշանար։

71
ԾԵՐՈՒՆԻԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
1 Ո՛վ Տէր, քեզի յուսացի.
Թող չամչնամ յաւիտեան։
2 Քու արդարութիւնովդ զիս ապրեցո՛ւր ու ազատէ՛ զիս։
Ականջդ ծռէ՛ ինծի ու փրկէ՛ զիս։
3 Ինծի ապաւինութեան վէ՛մ եղիր
Եւ ամուր բերդ մը՝ զիս փրկելու,
Քանզի դուն ես իմ վէմս ու ամրոցս։
4 Ո՛վ իմ Աստուածս, ամբարշտին ձեռքէն,
Անօրէնին ու բռնաւորին ձեռքէն զիս փրկէ՛։
5 Վասն զի իմ վստահութիւնս դուն ես, ո՛վ Տէր Եհովա.
Մանկութենէս ի վեր դուն ես իմ յոյսս,
6 Ես քու վրադ հաստատուեցայ արգանդէն,
Մօրս որովայնէն իմ պաշտպանս դուն ես.
Իմ գովութեանս առարկան դո՛ւն ես։
7 Զարմանալի բանի մը պէս եղայ շատերուն,
Բայց իմ զօրաւոր ապաւէնս դուն ես։
8 Բերանս քու գովաբանութիւնովդ լեցուն է.
Ամէն օր՝ քու փառաբանութիւնովդ։
9 Ծերութեան ատեն զիս մի՛ ձգեր.
Ոյժիս պակսած ատենը զիս մի՛ թողուր։
10 Վասն զի թշնամիներս ինծի համար կը խօսին
Ու իմ անձս պաշարողները մէկտեղ խորհուրդ կ՚ընեն,
11 Ըսելով. «Աստուած թողուց զանիկա.
Հալածեցէ՛ք ու բռնեցէ՛ք զանիկա,
Վասն զի ալ ազատող չկայ»։
12 Ո՛վ Աստուած, ինծմէ մի՛ հեռանար։
Ո՛վ իմ Աստուածս, ինծի օգնելու արտորցի՛ր։
13 Թող ամչնան ու կորսուին իմ անձիս հակառակորդները,
Նախատինքով ու ամօթով թող ծածկուին ինծի չարութիւն ուզողները։
14 Բայց ես ամէն ատեն պիտի յուսամ
Եւ քու գովաբանութիւններդ պիտի աւելցնեմ։
15 Բերանս պիտի պատմէ քու արդարութիւնդ,
Ամէն օր՝ քու փրկութիւնդ,
Վասն զի ես անոնց համրանքը չեմ գիտեր։
16 Պիտի քալեմ Տէր Եհովային զօրութիւնովը։
Քու արդարութիւնդ, միայն քուկդ պիտի յիշեմ։
17 Ո՛վ Աստուած, մանկութենէս ի վեր սորվեցուցիր ինծի.
Մինչեւ հիմա քու հրաշալի գործերդ պատմեցի։
18 Ու հիմա մինչեւ ծերութեան ու ալեւորութեան ատենս
Զիս մի՛ ձգեր, ո՛վ Աստուած.
Որպէս զի պատմեմ քու կարողութիւնդ գալու ազգին
Եւ քու զօրութիւնդ՝ այն ամենուն, որոնք պիտի գան։
19 Քու արդարութիւնդ ալ շատ բարձր է, ո՛վ Աստուած.
Որ մեծամեծ բաներ ըրիր.
Քեզի պէս ո՞վ կայ, ո՛վ Աստուած։
20 Դուն որ շատ ու ծանր նեղութիւններ ցուցուցիր ինծի,
Նորէն զիս պիտի կենդանացնես
Ու երկրին անդունդներէն նորէն զիս պիտի հանես։
21 Իմ պատիւս պիտի շատցնես
Ու զիս պիտի մխիթարես։
22 Ուստի ես ալ պիտի գովեմ քեզ տաւիղով
Քու ճշմարտութեանդ համար, ո՛վ իմ Աստուածս։
Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի քնարով,
Ո՛վ Իսրայէլի Սուրբը։
23 Քեզի սաղմոս երգած ատենս իմ շրթունքներս պիտի ցնծան
Ու իմ հոգիս՝ որ դուն փրկեցիր։
24 Իմ լեզուս ամէն օր քու արդարութեանդ մասին պիտի խօսի,
Վասն զի ինծի չարիք ուզողները ամչցան ու խայտառակ եղան։

72
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ
1 Ո՛վ Աստուած, քու իրաւունքներդ թագաւորին տուր
Ու արդարութիւնդ՝ թագաւորին որդիին։
2 Անիկա արդարութիւնով պիտի դատէ քու ժողովուրդդ
Ու աղքատներդ՝ իրաւունքով։
3 Լեռները խաղաղութիւն պիտի բերեն ժողովուրդին
Ու բլուրներն ալ՝ արդարութիւն։
4 Ժողովուրդին աղքատներուն իրաւունք պիտի ընէ,
Տնանկին զաւակները պիտի ազատէ
Ու բռնաւորը պիտի ջարդէ։
5 Քեզմէ պիտի վախնան որչափ ատեն որ արեգակը ու լուսինը կը մնան,
Ազգէ մինչեւ ազգ։
6 Հնձուած խոտի վրայ իջած անձրեւի պէս պիտի իջնէ,
Տեղատարափներու պէս՝ որոնք երկիրը կը թրջեն։
7 Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի
Ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ,
Մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ։
8 Ծովէն մինչեւ ծովը պիտի տիրէ անիկա
Ու գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը։
9 Անոր առջեւ անապատին բնակիչները ծունկ պիտի ծռեն
Ու անոր թշնամիները փոշի պիտի լզեն։
10 Թարսիսի ու կղզիներուն թագաւորները ընծայ պիտի մատուցանեն,
Շաբայի ու Սաբայի թագաւորները պարգեւ պիտի բերեն։
11 Բոլոր թագաւորները անոր երկրպագութիւն պիտի ընեն,
Բոլոր ազգերը անոր պիտի ծառայեն։
12 Վասն զի աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը,
Խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։
13 Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին
Եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։
14 Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը
Եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ իր առջեւ։
15 Պիտի ապրի եւ Շաբայի ոսկիէն անոր պիտի տրուի
Ու ամէն ատեն աղօթք պիտի մատուցանուի անոր։
Ամէն օր պիտի օրհնեն զանիկա։
16 Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։
Լեռներուն գլուխը,
Անոր պտուղը Լիբանանի պէս պիտի ըլլայ։
Գետնի խոտին պէս պիտի ծաղկին քաղաքացիները։
17 Անոր անունը յաւիտեան պիտի մնայ։
Որչափ ատեն որ արեգակը կը մնայ, անոր անունն ալ պիտի մնայ
Ու մարդիկ անով պիտի օրհնուին։
Բոլոր ազգերը երանութիւն պիտի տան անոր։
18 Օրհնեալ ըլլայ Տէր Աստուածը, Իսրայէլի Աստուածը։
Միայն ինքն է հրաշքներ ընողը։
19 Անոր փառաւոր անունը յաւիտեան օրհնեալ պիտի ըլլայ։
Ու բոլոր երկիր թող լեցուի անոր փառքովը։ Ամէն ու ամէն։
20 Յեսսէի որդիին՝ Դաւիթին՝ աղօթքները լմնցան։

73
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Սաղմոս Ասափի
1 Յիրաւի Աստուած բարի է Իսրայէլի,
Այսինքն սրտով մաքուր եղողներուն։
2 Բայց քիչ մնաց, որ իմ ոտքերս ծռէին
Ու մազ մնաց, որ իմ քայլերս սայթաքէին։
3 Վասն զի նախանձեցայ հպարտներուն,
Երբ ամբարիշտներուն յաջողութիւնը տեսայ.
4 Քանզի իրենց մահուան ժամանակն ալ ցաւ չունին,
Մարմիննին ալ պատրաստ է։
5 Անոնք ուրիշ մարդոց նման նեղութեան մէջ չեն
Եւ ուրիշ մարդոց պէս չեն տանջուիր։
6 Անոր համար վզնոցի պէս ամբարտաւանութիւնը զանոնք կը շրջապատէ.
Բռնութիւնը հանդերձի պէս զանոնք կը ծածկէ։
7 Անոնց աչքերը պարարտութենէն դուրս կ՚ելլեն եւ
Սրտի խորհուրդներէն անդին կ՚անցնին։
8 Ծաղր կ՚ընեն ու չարութիւնով կը խօսին բռնութեան համար,
Հպարտութիւնով կը խօսին։
9 Բերաննին երկնքի դէմ կը դնեն
Ու իրենց լեզուն երկրի մէջ կը պտըտի։
10 (Անոր համար իր ժողովուրդը հոս պիտի դառնայ
Ու առատութիւնով ջուր պիտի քամուի անոնց։)
11 Ու կ՚ըսեն. «Աստուած ի՞նչպէս կրնայ գիտնալ,
Բարձրեալին քով գիտութիւն կա՞յ»։
12 Ահա ասոնք են ամբարիշտները,
Միշտ յաջողութիւն ունին ու հարստութիւն կ՚աւելցնեն։
13 Յիրաւի զուր տեղը իմ սիրտս մաքրեցի
Ու իմ ձեռքերս անմեղութիւնով լուացի,
14 Որովհետեւ ամէն օր կը տանջուիմ
Ու ամէն առտու կը խրատուիմ։
15 Եթէ ըսէի. «Ես այսպէս պիտի խօսիմ»,
Քու որդիներուդ նենգութիւն ըրած պիտի ըլլայի։
16 Երբ խորհեցայ ասիկա իմանալու մասին,
Դժուար թուեցաւ իմ աչքերուս,
17 Մինչեւ որ Աստուծոյ սրբարանը մտայ,
Անոնց վախճանը իմացայ։
18 Իրաւամբ դուն զանոնք սահուն տեղեր դրեր ես.
Կործանման մէջ իջեցուցիր զանոնք։
19 Ի՜նչպէս յանկարծակի աւերմունքի մէջ ինկան.
Հատան ու վախերով կորսուեցան։
20 Ինչպէս երազ մը՝ մարդուն արթննալէն յետոյ,
Այնպէս, ո՛վ Տէր, քաղաքին մէջ անոնց պատկերը պիտի անարգես։
21 Երբ իմ սիրտս ցաւեցաւ
Ու իմ երիկամունքներէս խոցուեցայ,
22 Ես յիմար էի ու չէի իմանար,
Քու առջեւդ անասուններու պէս էի։
23 Սակայն ես միշտ քեզի հետ եմ,
Դուն իմ աջ ձեռքէս կը բռնես։
24 Դուն պիտի առաջնորդես զիս քու խորհրդովդ
Ու վերջը փառքով զիս պիտի ընդունիս։
25 Ո՞վ ունիմ ես երկնքի մէջ.
Երկրի վրայ ալ քեզմէ զատ մէկը չեմ ուզեր։
26 Իմ մարմինս ու սիրտս կը մաշին,
Բայց Աստուած իմ սրտիս զօրութիւնը ու իմ բաժինս է յաւիտեան։
27 Վասն զի ահա անոնք որ քեզմէ կը հեռանան, կը կորսուին.
Դուն կը սատկեցնես ամէնքը որ շնութիւն կ՚ընեն՝ քեզմէ մոլորելով։
28 Բայց Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։
Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ,
Որպէս զի քու բոլոր գործերդ պատմեմ։

74
ԱԶԳԻՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
Երգ Ասափի
1 Ո՛վ Աստուած, ինչո՞ւ մեզ բոլորովին մերժեցիր
Ու բարկութիւնդ կը մխայ քու արօտիդ ոչխարներուն վրայ։
2 Յիշէ՛ քու ժողովուրդդ որ սկիզբէն ստացար,
Քու ժառանգութեանդ վիճակը որ փրկեցիր
Ու Սիօն լեռը, ուր բնակեցար։
3 Բարձրացուր քու քայլերդ դէպի բոլորովին աւերուածները,
Դէպի սուրբ տեղը թշնամիին ըրած բոլոր գէշ գործերը։
4 Քու թշնամիներդ կը պոռան քու տաճարիդ մէջ։
Իրենց նշանները նշանի տեղ կը դնեն։
5 Անիկա անտառի ծառերուն վրայ
Կացիններ վերցնողի մը պէս ճանչցուեցաւ
6 Ու հիմա անոր քանդակած զարդերը,
Ամէնքը մէկէն, կացիններով ու մուրճերով կը կոտրտեն։
7 Կրակով այրեցին քու սրբարանդ։
Մինչեւ գետինը կործանեցին քու անուանդ բնակարանը։
8 Իրենց սրտերուն մէջ ըսին. «Կորսնցնենք ասոնք ամէնքը»։
Երկրին մէջ Աստուծոյ բոլոր ժողովարանները այրեցին։
9 Մեր նշանները չենք տեսներ։
Ալ մարգարէ չկայ։
Մեր քով մէկը չկայ,
Որ գիտնայ թէ ասիկա մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ։
10 Ո՛վ Աստուած, մինչեւ ե՞րբ նեղիչը պիտի նախատէ։
Թշնամին մինչեւ յաւիտեան քու անունդ պիտի անարգէ՞։
11 Ինչո՞ւ ետ կը քաշես քու ձեռքդ ու քու աջ ձեռքդ։
Զանիկա ծոցէդ հանէ ու կորսնցուր զանոնք։
12 Բայց սկիզբէն իմ թագաւորս Աստուած է,
Որ փրկութիւն կ՚ընէ երկրի մէջ։
13 Դուն քու զօրութիւնովդ ծովը պատռեցիր,
Վիշապներուն գլուխները ջուրերուն մէջ փշրեցիր։
14 Դուն ջարդեցիր Լեւիաթանին գլուխները.
Զանիկա կերակուր ըլլալու տուիր անապատին մէջի ժողովուրդին։
15 Դուն ճեղքեցիր աղբիւրը ու վտակը,
Դուն չորցուցիր մշտնջենաւոր գետերը։
16 Քուկդ է ցորեկը եւ քուկդ է գիշերը։
Լոյսը ու արեւը դուն պատրաստեցիր։
17 Դուն հաստատեցիր երկրին սահմանները։
Ամառը ու ձմեռը դուն ստեղծեցիր։
18 Յիշէ թէ թշնամին նախատեց Տէրը
Ու յիմար ժողովուրդը քու անունդ անարգեց։
19 Գազանին մի՛ մատներ քու տատրակիդ անձը.
Մի՛ մոռնար յաւիտեան քու աղքատներուդ կեանքը։
20 Նայէ՛ քու ուխտիդ, վասն զի երկրին խաւար տեղերը
Բռնութեան բնակարաններով լեցուած են։
21 Թո՛ղ խեղճը ետ չդառնայ ամօթով.
Թո՛ղ աղքատը ու տնանկը օրհնե՛ն քու անունդ։
22 Ելի՛ր, ո՛վ Աստուած, քու դատդ պաշտպանէ.
Յիշէ՛ այն նախատինքը՝ որ անզգամը ամէն օր քեզի կ՚ընէ։
23 Մի՛ մոռնար քու թշնամիներուդ ձայնը.
Քեզի դէմ ոտքի ելլողներուն խռովութիւնը ամէն ժամանակ կը բարձրանայ։

75
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԴԱՏԱՒՈՐԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսն ու երգը
1 Կը գովենք քեզ, ո՛վ Աստուած,
Կը գովենք քեզ եւ քու անունդ կը կանչենք,
Քու հրաշքներդ կը պատմենք։
2 Երբ որոշուած ժամանակը գայ,
Ուղիղ դատաստան պիտի տեսնեմ։
3 Երկիրն ու անոր բոլոր բնակիչները մաշեցան.
Անոր սիւները ես հաստատեցի։ (Սէլա։)
4 Ըսի հպարտներուն. «Մի՛ հպարատանաք»
Ու ամբարիշտներուն՝ «Եղջիւր մի՛ վերցնէք։
5 Ձեր եղջիւրները վեր մի՛ վերցնէք։
Ամբարտաւան պարանոցով մի՛ խօսիք»։
6 Վասն զի բարձրանալը ո՛չ արեւելքէն է
Եւ ո՛չ արեւմուտքէն, ո՛չ ալ անապատէն,
7 Հապա դատաւորը Աստուած է։
Մէկը կը ցածցնէ ու միւսը կը բարձրացնէ։
8 Վասն զի Տէրոջը ձեռքը բաժակ կայ ու գինին կարմիր է։
Անիկա լաւ խառնուած է ու անկէ կը թափէ
Եւ երկրին բոլոր ամբարիշտները
Անոր մրուրները քամելով պիտի խմեն։
9 Բայց ես յաւիտեան պիտի գովեմ,
Յակոբին Աստուծոյն սաղմոս պիտի երգեմ։
10 Ամբարիշտներուն բոլոր եղջիւրները պիտի փշրուին,
Արդարին եղջիւրները պիտի բարձրանան։

76
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ՅԱՂԹԱԿԱՆԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսն ու երգը
1 Աստուած Յուդայի մէջ ճանչցուած է.
Անոր անունը Իսրայէլի մէջ մեծ է։
2 Անոր խորանը Սաղէմի մէջ է
Եւ անոր բնակարանը՝ Սիօնի մէջ։
3 Տէրը հոն ջարդեց աղեղին նետերը,
Վահանը, սուրը եւ պատերազմի զէնքերը։ (Սէլա։)
4 Դուն փառաւոր ես,
Յաւիտենական լեռներէն աւելի գերազանց ես։
5 Սրտով զօրաւորները յափշտակուեցան,
Քունի մէջ թաղուեցան,
Բոլոր զօրեղ մարդիկը ձեռքերնին չկրցան գործածել։
6 Ո՛վ Յակոբին Աստուածը, քու յանդիմանութեանդ պատճառով
Կառքն ու ձին անզգայ պառկեցան։
7 Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, դուն ահաւոր ես
Եւ ո՞վ կրնայ կայնիլ քու առջեւդ քու բարկութեանդ ատենը։
8 Դուն երկնքէն կատարեցիր դատաստանը։
Երկիրը վախցաւ ու լռեց,
9 Աստուած դատաստան ընելու ելաւ,
Որպէս զի երկրին բոլոր հեզերը փրկէ։ (Սէլա։)
10 Իրաւցընէ մարդուն բարկութիւնը քեզ պիտի գովէ
Ու մնացած բարկութիւնը դուն պիտի զսպես։
11 Ուխտ ըրէք ձեր Տէր Աստուծոյն ու կատարեցէք.
Անոր բոլորտիքը եղողները
Թող ընծաներ բերեն Ահաւորին։
12 Ինք իշխաններուն հոգին պիտի կտրէ,
Ինք ահաւոր է երկրի թագաւորներուն։

77
ՏԱԳՆԱՊԻ ԺԱՄՈՒ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԻՒՆ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսը
1 Աստուծոյ կ՚աղաղակեմ.
Իմ ձայնս Աստուծոյ է ու ան ինծի պիտի լսէ։
2 Իմ նեղութեանս օրը Տէրը փնտռեցի։
Գիշերը տարածուած էր իմ ձեռքս ու չէր թուլնար։
Իմ անձս մխիթարուիլ չէր ուզեր։
3 Աստուած յիշեցի ու անհանգիստ եղայ։
Խորհեցայ ու իմ հոգիս նուաղեցաւ։ (Սէլա։)
4 Իմ աչքերս արթուն պահեցիր,
Խռովեցայ ու չկրցայ խօսիլ։
5 Միտքս բերի նախկին օրերը,
Հին ժամանակներուն տարիները։
6 Գիշերուան մէջ կը յիշեմ իմ երգս,
Իմ սրտիս հետ կը խօսիմ
Ու իմ հոգիս ալ կը քննեմ։
7 «Արդեօք Տէրը յաւիտեան պիտի մերժէ՞
Ու ալ բնաւ պիտի չհաճի՞։
8 Միթէ անոր ողորմութիւնը բոլորովին պակսեցա՞ւ
Ու իր խոստումը վերջացա՞ւ ազգէ մինչեւ ազգ։
9 Միթէ Աստուած գթութիւն ընելը մոռցա՞ւ,
Միթէ բարկութիւնով արգիլե՞ց իր ողորմութիւնը»։ (Սէլա։)
10 Ուստի ըսի. «Այս է իմ վիշտս, որ
Բարձրեալին աջ ձեռքը փոխուած է»։
11 Տէրոջը գործերը պիտի յիշեմ.
Յիրաւի քու հին օրերու հրաշքներդ պիտի յիշեմ։
12 Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ
Ու քու ըրածներուդ վրայ պիտի մտածեմ։
13 Ո՛վ Աստուած, քու ճամբադ սրբութեան մէջ է։
Աստուծոյ պէս մեծ Աստուած ո՞վ կայ։
14 Հրաշքներ ընող Աստուածը դո՛ւն ես.
Քու զօրութիւնդ ժողովուրդներու մէջ ցուցուցիր։
15 Քու բազուկովդ փրկեցիր քու ժողովուրդդ՝
Յակոբին ու Յովսէփին որդիները։ (Սէլա։)
16 Երբ ջուրերը քեզ տեսան, ո՛վ Աստուած,
Երբ ջուրերը քեզ տեսան՝ դողացին,
Անդունդներն ալ սարսափեցան։
17 Ամպերը ջուր թափեցին.
Երկինքները ձայն հանեցին.
Նետերդ ալ գացին։
18 Քու որոտումիդ ձայնը երկինքն էր։
Փայլակները լոյս տուին աշխարհի։
Երկիր սասանեցաւ ու դողաց։
19 Քու ճանապարհդ ծովուն մէջ է
Եւ քու ճամբադ մեծ ջուրերուն մէջ է
Ու քու շաւիղներդ չեն երեւիր։
20 Հօտի պէս քու ժողովուրդիդ առաջնորդեցիր
Մովսէսին ու Ահարոնին ձեռքովը։

78
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
Երգ Ասափի
1 Ո՛վ իմ ժողովուրդս, մտիկ ըրէք իմ օրէնքիս։
Խոնարհեցուցէք ձեր ականջը իմ բերնիս խօսքերուն։
2 Առակով պիտի բանամ իմ բերանս
Ու հին ժամանակի խրթնաբանութիւնները պիտի յայտնեմ,
3 Որոնք լսեցինք ու գիտցանք
Եւ մեր հայրերը մեզի պատմեցին։
4 Մենք պիտի չպահենք անոնց որդիներէն եւ
Յաջորդ սերունդին պիտի պատմենք
Տէրոջը փառաւոր գործերն ու անոր զօրութիւնը
Եւ անոր ըրած հրաշքները։
5 Վասն զի վկայութիւն հաստատեց Յակոբի մէջ
Ու օրէնք դրաւ Իսրայէլի մէջ,
Որոնք պատուիրեց մեր հայրերուն,
Որպէս զի սորվեցնեն իրենց որդիներուն.
6 Որպէս զի յաջորդ սերունդը եւ ծնանելու տղաքը, ասոնք իմանան
Ու իրենց որդիներուն պատմեն։
7 Անոնք ալ իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դնելով՝
Չմոռնան Աստուծոյ գործերը,
Հապա անոր պատուիրանքները պահեն
8 Ու իրենց հայրերուն պէս
Կամակոր ու ապստամբ ազգ մը չըլլան.
Այնպիսի ազգ մը, որոնց սիրտը չէ հաստատուած
Ու իրենց հոգին հաւատարիմ չէ Աստուծոյ։
9 Եփրեմի որդիները՝ որոնք սպառազինեալ աղեղնաւորներ էին,
Պատերազմին օրը ետ դարձան,
10 Աստուծոյ ուխտը չպահեցին
Ու անոր օրէնքին համեմատ քալել չուզեցին
11 Ու մոռցան անոր գործերը
Եւ անոր հրաշքները, որոնք իրենց ցուցուցեր էր։
12 Անոնց հայրերուն առջեւ հրաշքներ ըրաւ,
Եգիպտոսի երկրին՝ Տայանիսի դաշտին մէջ։
13 Ծովը պատռեց ու զանոնք անցուց
Եւ ջուրերն ալ դէզի պէս կանգնեցուց։
14 Ցորեկը ամպով առաջնորդեց անոնց
Եւ բոլոր գիշերը կրակի լոյսով։
15 Վէմերը պատռեց անապատին մէջ
Ու խմցուց անոնց՝ իբր թէ մեծ անդունդէ մը։
16 Առուներ հանեց վէմէն
Ու ջուրերը գետերու պէս բղխեցուց։
17 Բայց անոնք նորէն մեղանչեցին անոր դէմ
Ու անապատին մէջ բարկացուցին Բարձրեալը
18 Եւ իրենց սրտերուն մէջ Աստուած փորձեցին՝
Կերակուր ուզելով իրենց անձերուն համար։
19 Աստուծոյ դէմ խօսեցան ու ըսին.
«Միթէ կարո՞ղ է Աստուած
Անապատին մէջ սեղան պատրաստել։
20 Ահա վէմին զարկաւ ու ջուրերը բղխեցան
Ու առուները վազեցին.
Արդեօք հաց ալ կրնա՞յ տալ,
Արդեօք միս կը պատրաստէ՞ իր ժողովուրդին համար»։
21 Ուստի՝ երբ Տէրը լսեց՝ բարկացաւ
Եւ կրակ մը բորբոքեցաւ Յակոբին դէմ,
Նաեւ բարկութիւն՝ Իսրայէլին վրայ.
22 Վասն զի Աստուծոյ չհաւատացին
Ու յոյսերնին անոր փրկութեանը վրայ չդրին.
23 Թէեւ ինք վերէն հրաման ըրեր էր ամպերուն
Ու երկնքի դռները բացեր էր
24 Եւ կերակուրի համար անոնց վրայ մանանայ տեղացուցեր էր
Ու երկնքի ցորենը տուեր էր անոնց։
25 Մարդիկ հրեշտակներուն հացը կերան,
Կշտանալու չափ պաշար ղրկեց անոնց։
26 Երկնքի մէջ արեւելեան հովը հանեց
Եւ իր զօրութիւնովը հարաւային հովը բերաւ.
27 Անոնց վրայ փոշիի պէս միս տեղացուց։
Ծովու աւազին չափ թեւաւոր թռչուններ
28 Անոնց բանակին մէջ եւ
Անոնց վրաններուն չորս կողմը իջեցուց։
29 Կերան եւ աղէկ կշտացան.
Վասն զի իրենց ցանկացածը իրենց տուաւ։
30 Իրենց ցանկացածներէն զուրկ չմնացին
Եւ քանի որ իրենց կերակուրը իրենց բերանն էր,
31 Աստուծոյ բարկութիւնը անոնց վրայ բորբոքեցաւ
Ու սպաննեց անոնց զօրաւորները
Ու գետինը զարկաւ Իսրայէլի ընտիրները։
32 Հակառակ ասոր նորէն մեղանչեցին
Ու չհաւատացին անոր հրաշքներուն։
33 Ուստի ունայնութեան մէջ սպառեց անոնց օրերը
Եւ ահի մէջ՝ անոնց տարիները։
34 Երբ կը սպաննէր զանոնք, զինք կը փնտռէին
Ու ետ կը դառնային եւ առտու կանուխ ջերմեռանդութեամբ Աստուած կը փնտռէին։
35 Ու կը յիշէին թէ Աստուած իրենց Վէմն էր
Եւ Բարձրեալն Աստուած իրենց Փրկիչն էր,
36 Սակայն իրենց բերնովը կը շողոքորթէին
Ու իրենց լեզուովը սուտ կը խօսէին անոր։
37 Իրենց սիրտը ուղիղ չէր անոր առջեւ
Ու հաւատարիմ չէին անոր ուխտին մէջ։
38 Բայց ան ողորմած ըլլալով՝ անոնց անօրէնութեան կը ներէր
Ու չէր կորսնցներ զանոնք։
Շատ անգամ կը զսպէր իր բարկութիւնը
Ու չէր բորբոքեցներ իր բոլոր սրտմտութիւնը,
39 Վասն զի կը յիշէր թէ անոնք մարմին են,
Հովի մը պէս, որ կ՚երթայ ու ետ չի դառնար։
40 Քանի՜ անգամ զանիկա սրդողցուցին անապատին մէջ
Ու բարկացուցին զանիկա անջուր տեղին մէջ
41 Եւ կրկին ու կրկին Աստուած փորձեցին
Ու Իսրայէլի Սուրբը նեղացուցին։
42 Չյիշեցին անոր ձեռքը
Ու այն օրը երբ զիրենք թշնամիէն փրկեց
43 Եւ թէ ի՛նչպէս իր նշանները ըրաւ Եգիպտոսի մէջ
Ու իր հրաշքները՝ Տայանիսի դաշտին մէջ։
44 Արիւնի դարձուց անոնց գետերը
Եւ անոնց առուները, որ չկրնան խմել։
45 Շանաճանճեր ղրկեց անոնց վրայ, որոնք կերան զանոնք։
Գորտեր՝ որոնք ապականեցին զանոնք։
46 Ու անոնց բերքը գրուիճին տուաւ
Եւ անոնց վաստակը՝ մարախին.
47 Անոնց որթատունկերը կարկուտով փճացուց
Ու անոնց ժանտաթզենիները՝ խոշոր կարկուտով
48 Եւ անոնց անասունները կարկուտին մատնեց
Ու անոնց հօտերը՝ կայծակին։
49 Անոնց վրայ ղրկեց սաստիկ բարկութիւն,
Սրտմտութիւն ու բարկութիւն ու նեղութիւն։
Չար հրեշտակները ղրկելով
50 Իր բարկութեանը ճամբայ բացաւ։
Անոնց անձը մահուանէ չխնայեց,
Հապա անոնց կեանքը ժանտախտի մատնեց։
51 Ամէն անդրանիկ սպաննեց Եգիպտոսի մէջ
Եւ առջինեկները՝ Քամի վրաններուն մէջ։
52 Իր ժողովուրդը ոչխարներու պէս հանեց։
Զանոնք հօտի պէս վարեց անապատին մէջէն
53 Եւ ապահովութեամբ առաջնորդեց, այնպէս որ չվախցան,
Իսկ ծովը ծածկեց անոնց թշնամիները։
54 Ու զանոնք տարաւ իր սուրբ երկիրը՝
Այն լեռը՝ որ իր աջ ձեռքը ստացեր էր։
55 Անոնց առջեւէն ազգեր վռնտեց
Եւ ժառանգութիւն բաժնեց անոնց
Ու Իսրայէլի ցեղերը անոնց վրաններուն մէջ բնակեցուց։
56 Բայց անոնք փորձեցին ու սրդողցուցին Բարձրեալն Աստուածը
Ու նկատի չառին անոր վկայութիւնները։
57 Իրենց հայրերուն պէս ետ դարձան ու նենգութիւն ըրին.
Խաբեբայ աղեղի պէս խոտորեցան։
58 Վասն զի զանիկա սրդողցուցին իրենց բարձր տեղերովը
Ու անոր նախանձը շարժեցին իրենց կուռքերովը։
59 Երբ Աստուած լսեց՝ բարկացաւ
Եւ շատ անարգեց Իսրայէլը։
60 Սելովի խորանը մերժեց,
Այն վրանը՝ որ մարդոց մէջ կանգնեցուցած էր։
61 Իր զօրութիւնը գերութեան մատնեց,
Իր փառքը՝ թշնամիներուն ձեռքը։
62 Իր ժողովուրդը սուրի մատնեց
Ու իր ժառանգութեանը վրայ բարկացաւ։
63 Կրակը կերաւ անոր երիտասարդները
Ու անոր աղջիկները սուգ չըրին։
64 Անոր քահանաները սրով ինկան
Ու անոր որբեւարիները չլացին։
65 Բայց Տէրը արթնցաւ որպէս թէ քունէ՝
Գինիէ սթափած զօրաւոր մարդու մը պէս
66 Ու իր թշնամիները ետեւնուն զարկաւ,
Յաւիտենական նախատինք տուաւ անոնց։
67 Յովսէփին վրանը մերժեց
Ու Եփրեմին ցեղը չընտրեց,
68 Հապա Յուդային ցեղը ընտրեց
Ու Սիօն լեռը՝ որ սիրեց։
69 Իր սրբարանը շինեց բարձր բլուրներու պէս,
Այն երկրին պէս որ յաւիտենապէս հաստատեց։
70 Իր Դաւիթ ծառան ընտրեց
Եւ զանիկա ոչխարի փարախներէն առաւ,
71 Ծիծ տուող ոչխարներուն ետեւէն բերաւ զանիկա,
Որպէս զի իր Յակոբ ժողովուրդը
Ու իր Իսրայէլ ժառանգութիւնը հովուէ։
72 Անիկա ալ հովուեց զանոնք իր սրտին անմեղութիւնովը
Ու իր ձեռքերուն ճարտարութեամբը առաջնորդեց անոնց։

79
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱԶԳԻՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Ասափի
1 Ո՛վ Աստուած, հեթանոսները քու ժառանգութեանդ մէջ մտան,
Քու սուրբ տաճարդ պղծեցին,
Երուսաղէմը աւերակներու դարձուցին։
2 Քու ծառաներուդ դիակները
Երկնքի թռչուններուն կերակուր տուին,
Քու սուրբերուդ մարմինը՝ երկրի գազաններուն։
3 Անոնց արիւնը ջուրի պէս թափեցին Երուսաղէմի շուրջը
Ու մէկը չկար որ զանոնք թաղէր։
4 Մեր դրացիներուն նախատինք եղանք,
Ծաղր ու ծանակ՝ մեր շուրջը եղողներուն։
5 Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր, միշտ պիտի բարկանա՞ս.
Քու նախանձդ կրակի պէս պիտի բորբոքի՞։
6 Թափէ՛ քու բարկութիւնդ այն ազգերուն վրայ,
Որոնք քեզ չեն ճանչնար
Ու այն թագաւորութիւններուն վրայ,
Որոնք քու անունդ չեն կանչեր։
7 Վասն զի Յակոբը կերան
Ու անոր բնակութիւնը աւերակ դարձուցին։
8 Մի՛ յիշեր մեր առաջուան անօրէնութիւնները.
Թող շուտով հասնին մեզի քու ողորմութիւններդ,
Վասն զի խիստ թշուառացանք։
9 Քու անուանդ փառքին համար
Օգնէ՛ մեզի, ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը։
Քու անուանդ համար փրկէ՛ մեզ
Ու մեր մեղքերը քաւէ՛։
10 Ինչո՞ւ ըսեն հեթանոսները. «Ո՞ւր է անոնց Աստուածը»։
Թող քու ծառաներուդ թափուած արեան վրէժը
Մեր աչքերուն առջեւ յայտնուի հեթանոսներուն մէջ։
11 Կապուածին հառաչանքը քու առջեւդ թո՛ղ ելլէ։
Քու զօրութեանդ մեծութիւնովը,
Մահուան մատնուածները ապրեցո՛ւր
12 Ու եօթնապատիկ հատուցում ըրէ՛ մեր դրացիներուն իրենց ծոցին մէջ
Այն նախատինքին փոխարէն, որով քեզ անարգեցին, ո՛վ Տէր։
13 Բայց մենք քու ժողովուրդդ ու քու արօտիդ ոչխարները,
Յաւիտեան քեզ պիտի գովենք
Ու քու փառքդ պիտի պատմենք սերունդէ սերունդ։

80
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱԶԳԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսը
1 Ականջ դի՛ր, ո՛վ Իսրայէլին Հովիւը,
Որ Յովսէփին հօտի պէս կ՚առաջնորդես։
Դո՛ւն, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, պայծառացի՛ր։
2 Եփրեմին ու Բենիամինին եւ Մանասէին առջեւ
Արթնցո՛ւր քու զօրութիւնդ
Ու եկո՛ւր մեզ փրկէ։
3 Ո՛վ Աստուած, մեզի՛ դարձիր
Եւ քու երեսդ փայլեցուր ու պիտի փրկուինք։
4 Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած,
Մինչեւ ե՞րբ պիտի բարկանաս քու ժողովուրդիդ աղօթքին։
5 Արտասուքի հաց կը կերցնես անոնց
Ու մեծ չափով արտասուք կը խմցնես անոնց։
6 Մեզ նախատինքի առարկայ կ՚ընես մեր դրացիներուն
Ու մեր թշնամիներուն մէջ ծաղրանքի առարկայ։
7 Ո՛վ զօրաց Աստուած, մեզի՛ դարձիր
Եւ քու երեսդ փայլեցո՛ւր ու պիտի փրկուինք։
8 Եգիպտոսէն որթատունկ մը փոխադրեցիր,
Հեթանոսները վռնտեցիր ու զանիկա տնկեցիր։
9 Անոր առջեւէն տե՛ղ պատրաստեցիր,
Անոր արմատները հաստատեցիր
Եւ անիկա երկիրը լեցուց։
10 Լեռները ծածկուեցան անոր հովանիովը
Ու անոր ճիւղերը Աստուծոյ եղեւիններուն պէս եղան։
11 Իր ճիւղերը երկնցուց մինչեւ ծովը
Ու իր բարունակները՝ մինչեւ Գետը։
12 Ինչո՞ւ փլցուցիր անոր ցանկերը,
Որ ճամբայէն բոլոր անցնողները անոր պտուղը քաղեն։
13 Անտառին խոզը ապականեց զանիկա
Ու դաշտի գազանները կերան զանիկա։
14 Ո՛վ զօրաց Աստուած, կ՚աղաչե՛մ, դարձի՛ր.
Նայէ՛ երկնքէն ու տե՛ս
Ու այցելէ՛ այս որթատունկին,
15 Որ քու աջ ձեռքովդ տնկեցիր
Ու արմատը՝ որ քեզի համար զօրացուցիր։
16 Թող անոնք կրակով այրուին ու կտրուին,
Քու սաստէդ թող կորնչին։
17 Թող քու ձեռքդ մարդուն վրայ ըլլայ
Ու քու աջ ձեռքդ մարդու որդիին վրայ, որ քեզի համար զօրացուցիր։
18 Մենք այլեւս պիտի չդառնանք քեզմէ.
Կենդանացո՛ւր մեզ ու քու անունդ պիտի կանչենք։
19 Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, մեզի՛ դարձիր
Եւ քու երեսդ փայլեցո՛ւր ու պիտի փրկուինք։

81
ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսը
1 Ցնծացէ՛ք Աստուծոյ առջեւ, որ մեր զօրութիւնն է,
Ուրախութեա՛մբ աղաղակեցէք Յակոբին Աստուծոյն։
2 Սաղմոս ըսէ՛ք ու թմբուկ զարկէ՛ք
Նաեւ անոյշ քնարը՝ տաւիղին հետ։
3 Փո՛ղ հնչեցուցէք ամսագլխուն,
Նաեւ լուսնի լրման ատենը, մեր տօնին օրը։
4 Վասն զի ասիկա Իսրայէլի կանոնն է,
Յակոբին Աստուծոյն հրամանն է։
5 Ինք վկայութիւն դրաւ ասիկա Յովսէփին մէջ,
Եգիպտոսի երկրին վրայ յարձակած ատեն,
Ուր լեզու մը լսեց, որ չէր գիտեր.
6 «Քու թիկունքդ հեռացուցի բեռէն.
Քու ձեռքերդ հանգչեցան կողովէն։
7 Նեղութեան մէջ կանչեցիր ու քեզ փրկեցի։
Պատասխան տուի քեզի որոտման մէջ գաղտնի տեղերէս։
Փորձեցի քեզ Մերիպայի ջուրին քով։ (Սէլա։)
8 Լսէ՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս ու վկայեմ քեզի.
Ո՛վ Իսրայէլ, ինծի մտիկ ըրէ՛,
9 Օտար Աստուած թող չըլլայ քու մէջդ
Ու օտար Աստուծոյ երկրպագութիւն մի՛ ըներ։
10 Ես եմ քու Տէր Աստուածդ,
Որ հանեցի քեզ Եգիպտոսի երկրէն։
Լայն բաց քու բերանդ
Ու զանիկա ես պիտի լեցնեմ։
11 Բայց իմ ժողովուրդս մտիկ չըրաւ իմ ձայնիս
Ու Իսրայէլ զիս չուզեց։
12 Ուստի զանոնք իրենց սրտին կամակորութեանը թողուցի,
Որպէս զի իրենց խորհուրդներուն համեմատ քալեն։
13 Երանի՜ թէ իմ ժողովուրդս ինծի մտիկ ընէր
Ու Իսրայէլ իմ ճամբաներուս մէջ քալէր։
14 Շուտով պիտի խոնարհեցնէի անոնց թշնամիները
Ու ձեռքս պիտի դարձնէի անոնց նեղիչներուն դէմ։
15 Տէրը ատողները խոնարհութիւն պիտի ընէին իրեն
Ու անոնց ժամանակը յաւիտեան պիտի ըլլար։
16 Ան պիտի կերակրէր ձեզ պարարտ ցորենով
Ու վէմէն վազած մեղրով ձեզ պիտի կշտացնէր»։

82
ԱՍՏՈՒԱԾ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՇԽՈՂԸ
Սաղմոս Ասափի
1 Աստուած կայնած է աստուածային ժողովին մէջ,
Աստուածներուն մէջ դատաստան կը տեսնէ։
2 «Մինչեւ ե՞րբ անիրաւութեամբ պիտի դատէք
Ու ամբարիշտներուն աչառութիւն պիտի ընէք։ (Սէլա։)
3 Արդար դատաստան ըրէք աղքատին ու որբին,
Խեղճին ու չքաւորին իրաւունքը պաշտպանեցէ՛ք։
4 Փրկեցէ՛ք աղքատը ու տնանկը,
Ամբարիշտներուն ձեռքէն ազատեցէ՛ք զանոնք»։
5 Չեն իմանար ու չեն հասկնար,
Խաւարի մէջ կը պտըտին։
Երկրի բոլոր հիմերը շարժեցան։
6 Ես ըսի. «Դուք աստուածներ էք.
Ու դուք ամէնքդ Բարձրեալին որդիներն էք,
7 Բայց մարդոց պէս պիտի մեռնիք
Ու իշխաններէն մէկուն պէս պիտի իյնաք»։
8 Ելի՛ր, ո՛վ Աստուած, դատէ՛ երկիրը
Վասն զի բոլոր ազգերը քեզի կը պատկանին։

83
ԱՂՕԹՔ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՒ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Ասափին երգն ու Սաղմոսը
1 Ո՛վ Աստուած, լուռ մի՛ կենար.
Անձայն մի՛ ըլլար ու հանդարտ մի՛ կենար, ո՛վ Աստուած։
2 Վասն զի ահա քու թշնամիներդ կը գոռան
Ու քեզ ատողները գլուխ կը վերցնեն։
3 Խորամանկութեան հնարք կը գտնեն քու ժողովուրդիդ դէմ
Ու խորհուրդ կ՚ընեն քու պահպանածներուդ դէմ։
4 Կ՚ըսեն. «Եկէ՛ք, կորսնցնե՛նք զանոնք, որպէս զի ազգ չըլլան
Ու ալ չյիշուի Իսրայէլին անունը»։
5 Վասն զի միաբան սրտով խորհուրդ ըրին
Ու քեզի դէմ դաշնակցութիւն ըրին
6 Եդովմին վրանները ու Իսմայելացիները,
Մովաբն ու Հագարացիները,
7 Գեբաղն ու Ամմոնը եւ Ամաղէկը,
Փղշտացիները՝ Տիւրոսի բնակիչներուն հետ։
8 Նաեւ Ասուր անոնց հետ միաբանեցաւ,
Ղովտին որդիներուն ձեռնտու եղան։ (Սէլա։)
9 Ըրէ՛ անոնց ինչպէս Մադիամին,
Ինչպէս Սիսարային ու Յաբինին ըրիր Կիսոն հեղեղատին քով։
10 Անոնք Ենդովրի մէջ սատկեցան,
Աղբի պէս եղան երկրին վրայ։
11 Անոնց իշխանները Օրէբին ու Զէբին պէս
Ու անոնց բոլոր երեւելիները Զեբէէին ու Սաղմանային պէս ըրէ,
12 Որոնք ըսին. «Աստուծոյ բնակարանները
Մենք ժառանգենք մեզի համար»։
13 Ո՛վ իմ Աստուածս, անոնք մղեղի պէս,
Հովի առջեւ եղող շիւղի պէս ըրէ՛։
14 Ինչպէս կրակը անտառը կ՚այրէ
Ու բոցը լեռները կը բռնկեցնէ,
15 Այնպէս հալածէ՛ զանոնք քու մրրիկովդ
Ու խռովութեան մէջ ձգէ՛ զանոնք քու փոթորիկովդ։
16 Լեցո՛ւր անոնց երեսները անարգանքով,
Որպէս զի քու անունդ խնդրեն, ո՛վ Տէր։
17 Թող ամչնան ու խռովին յաւիտեան
Եւ ամօթալից ըլլան ու կորսուին.
18 Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է,
Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ։

84
ԲԱՂՁԱՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԱՆԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Կորխի որդիներուն Սաղմոսը
1 Ի՜նչպէս սիրելի են քու բնակարաններդ,
Ո՛վ զօրաց Տէր։
2 Իմ անձս կը փափաքի ու նաեւ կը մարի
Տէրոջը սրահներուն համար։
Իմ սիրտս ու մարմինս ցնծութեամբ կ՚աղաղակեն
Կենդանի Աստուծոյն։
3 Ճնճղուկն ալ տուն գտաւ
Ու ծիծեռնակը իրեն բոյն՝ իր ձագերը դնելու համար,
Քու սեղաններուդ քով, ո՛վ զօրաց Տէր,
Իմ Թագաւորս ու Աստուածս։
4 Երանի՜ անոնց որ քու տանդ մէջ կը բնակին։
Անոնք անդադար քեզ պիտի օրհնեն։ (Սէլա։)
5 Երանի՜ այն մարդոց, որոնց զօրութիւնը քեզմէ է
Ու իրենց սրտին մէջ տանդ ճամբաները կան։
6 Արտասուաց հովիտէն անցնելով աղբիւրի պէս կ՚ընեն զանիկա։
Առաջին անձրեւն ալ օրհնութիւնով պիտի ծածկէ զանիկա։
7 Անոնք զօրութենէ զօրութիւն պիտի երթան,
Մինչեւ որ Սիօնի մէջ Աստուծոյ առջեւ երեւնան.
8 Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս,
Ականջ դի՛ր, ո՛վ Յակոբին Աստուածը։ (Սէլա։)
9 Ո՛վ մեր վահանը Աստուած, տե՛ս
Ու քու օծեալիդ երեսին նայէ՛։
10 Վասն զի քու սրահներուդ մէջ
Մէկ օրը ուրիշ տեղի հազարէն աղէկ է։
Աւելի նախընտրեցի իմ Աստուծոյս տանը շեմին վրայ կենալ,
Քան թէ ամբարիշտներու վրաններուն մէջ բնակիլ։
11 Քանզի Տէր Աստուածը արեւ ու վահան է.
Տէրը շնորհք ու փառք պիտի տայ։
Բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ
Ուղղութեամբ քալողներէն։
12 Ո՛վ զօրաց Տէր,
Երանելի՜ է քեզի յուսացող մարդը։

85
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱԶԳԻՆ ԲԱՐՕՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Կորխի որդիներուն Սաղմոսը
1 Ո՛վ Տէր, դուն հաւնեցար քու երկրիդ,
Յակոբը գերութենէ դուն դարձուցիր։
2 Քու ժողովուրդիդ անօրէնութիւնը ներեցիր,
Անոնց բոլոր մեղքերը ծածկեցիր։ (Սէլա։)
3 Հեռացուցիր քու բոլոր սրտմտութիւնդ,
Ետ դարձար քու սաստիկ բարկութենէդ։
4 Մեզ դարձուր, ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը
Եւ քու բարկութիւնդ՝ որ մեր վրայ է՝ դադրեցո՛ւր։
5 Միթէ յաւիտեան պիտի բարկանա՞ս մեզի.
Քու բարկութիւնդ ազգէ մինչեւ ազգ պիտի երկնցնե՞ս։
6 Միթէ ետ պիտի չդառնա՞ս ու մեզ կենդանացնես,
Որպէս զի քու ժողովուրդդ քեզմով ուրախ ըլլայ։
7 Ցուցո՛ւր մեզի, ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ
Եւ քու փրկութիւնդ մեզի տուր։
8 Պիտի լսեմ ինչ որ կը խօսի Տէր Աստուած.
Վասն զի խաղաղութեամբ պիտի խօսի իր ժողովուրդին ու իր սուրբերուն,
Որ սրտով իրեն կը դառնան։
9 Արդարեւ փրկութիւնը մօտ է իրմէ վախցողներուն,
Որպէս զի մեր երկրին մէջ փառքը բնակի։
10 Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը իրարու պատահեցան,
Արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը իրար համբուրեցին։
11 Ճշմարտութիւնը երկրէն պիտի բուսնի
Ու արդարութիւնը երկնքէն վար պիտի նայի։
12 Տէրը բարութիւն պիտի տայ
Ու մեր երկիրը՝ իր պտուղը։
13 Արդարութիւնը անոր առջեւէն պիտի երթայ
Ու գնացքները ճամբու պիտի դնէ։

86
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Աղօթք Դաւիթի
1 Ո՛վ Տէր, խոնարհեցուր քու ականջդ։
Պատասխան տո՛ւր ինծի, վասն զի աղքատ ու տնանկ եմ։
2 Պահէ իմ անձս, վասն զի ես սուրբ եմ։
Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացող ծառադ դո՛ւն փրկէ։
3 Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր,
Վասն զի քեզի կը կանչեմ ամէն օր։
4 Ուրախացուր քու ծառայիդ անձը,
Վասն զի դէպի քեզ կը վերցնեմ իմ անձս, ո՜վ Տէր։
5 Վասն զի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես
Եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն։
6 Ակա՛նջ դիր իմ աղօթքիս, ո՛վ Տէր
Ու մտի՛կ ըրէ իմ աղաչանքներուս ձայնին։
7 Նեղութեանս օրը քեզի կ՚աղաղակեմ,
Վասն զի դուն ինծի կը պատասխանես։
8 Աստուածներուն մէջ քեզի նման մէկը չկայ, ո՛վ Տէր
Եւ քու գործերուդ պէս չկայ։
9 Բոլոր ազգերը, որոնք դուն ստեղծեցիր, պիտի գան
Ու երկրպագութիւն ընեն քու առջեւդ, ո՛վ Տէր
Եւ քու անուանդ փառք պիտի տան։
10 Վասն զի դուն մեծ ես ու հրաշքներ կ՚ընես։
Միայն դո՛ւն Աստուած ես։
11 Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ,
Որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ.
Միացուր իմ սիրտս, որպէս զի քու անունէդ վախնայ։
12 Իմ բոլոր սրտովս քեզ պիտի գովեմ, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս
Ու յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ։
13 Վասն զի քու ողորմութիւնդ մեծ եղաւ իմ վրաս
Ու դուն փրկեցիր իմ անձս խորունկ դժոխքէն։
14 Ո՛վ Աստուած, ամբարտաւանները ինծի դէմ ելան
Ու խումբ մը բռնաւորներ իմ անձս փնտռեցին
Եւ քեզ իրենց առջեւ չդրին։
15 Բայց դուն, ո՛վ Տէր, գթած ու ողորմած Աստուած ես,
Երկայնամիտ ու ողորմութիւնով եւ ճշմարտութիւնով լեցուն ես։
16 Նայէ՛ ինծի ու ողորմէ՛ ինծի։
Քու զօրութիւնդ տո՛ւր քու ծառայիդ
Ու քու աղախինիդ որդին փրկէ՛։
17 Բարութեան նշան մը ցուցո՛ւր ինծի,
Որպէս զի զիս ատողները տեսնեն ու ամչնան։
Վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, ինծի օգնեցիր ու զիս մխիթարեցիր։

87
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ՓԱՌՔԻ ՄԷՋ
Կորխի որդիներուն Սաղմոսն ու երգը
1 Անոր հիմերը սուրբ լեռներուն վրայ են։
2 Տէրը Սիօնի դռները
Յակոբին բոլոր բնակարաններէն աւելի կըսիրէ։
3 Փառաւոր բաներ կը պատմուին քեզի համար,
Ո՛վ Աստուծոյ քաղաքը։ (Սէլա։)
4 Ռահաբը ու Բաբելոնը պիտի յիշեմ զիս ճանչցողներուն մէջ,
Ահա Փղշտացիներուն երկիրը ու Տիւրոս Քուշի հետ.
Ասոնք ալ հոն ծնան։
5 Սիօնին համար պիտի ըսուի թէ
«Այս մարդը ու այն մարդը հոն ծնաւ»
Եւ Բարձրեալը ի՛նք պիտի հաստատէ զանիկա։
6 Տէրը ազգերը գրած ժամանակը պիտի ըսէ.
«Ասիկա հոն ծնաւ»։ (Սէլա։)
7 Ու երգողները նոյնպէս ալ սրնգահարները պիտի ըսեն.
«Իմ բոլոր աղբիւրներս քու մէջդ են»։

88
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԵՐՍ ՄԸ
Կորխի որդիներուն երգն ու Սաղմոսը
1 Ո՛վ Տէր իմ փրկութեանս Աստուածը,
Ցորեկը կ՚աղաղակեմ ու գիշերը քու առջեւդ եմ։
2 Իմ աղօթքս թող քու առջեւդ ելլէ։
Խոնարհեցո՛ւր քու ականջդ իմ աղաղակիս։
3 Վասն զի իմ անձս չարիքներով լեցուեցաւ
Ու իմ կեանքս գերեզմանին մօտեցաւ։
4 Գուբը իջնողներուն հետ սեպուեցայ.
Ոյժ չունեցող մարդու մը պէս եղայ։
5 Մեռելներու մէջ ինկած եմ
Գերեզմանի մէջ պառկող սպաննուածներու պէս,
Որոնք ա՛լ չես յիշեր
Ու քու ձեռքէդ մերժուած են։
6 Դուն զիս ամենէն խորունկ գուբին մէջ դրիր,
Խաւար ու խոր անդունդներու մէջ։
7 Քու տրտմութիւնդ ճնշեց իմ վրաս
Եւ քու բոլոր ալիքներովդ զիս չարչարեցիր։ (Սէլա։)
8 Իմ ճանչուորներս ինծմէ հեռացուցիր,
Զիս գարշելի ըրիր անոնց առջեւ.
Գոցուեցայ ու դուրս չեմ ելլեր։
9 Տառապանքէն աչքերս վատացան.
Ամէն օր քեզի աղաղակեցի, ո՛վ Տէր,
Ձեռքերս քեզի երկնցուցի։
10 Միթէ մեռելներո՞ւն հրաշք պիտի ընես.
Միթէ մեռածնե՞րը պիտի ելլեն ու քեզ գովեն։ (Սէլա։)
11 Միթէ կը պատմուի՞ քու ողորմութիւնդ գերեզմանին մէջ
Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ կորստեան մէջ։
12 Միթէ կը ճանչցուի՞ն քու հրաշքներդ խաւարին մէջ
Ու քու արդարութիւնդ՝ մոռացման երկրին մէջ։
13 Բայց ես, ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի
Ու իմ աղօթքս առտուն քու առջեւդ պիտի ելլէ։
14 Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ իմ անձս կը մերժես
Ու քու երեսդ կը ծածկես ինծմէ։
15 Ես խեղճ եմ ու մանկութենէս ի վեր մեռնելու վրայ եմ։
Քու ահերդ քաշեցի ու խռովեցայ։
16 Քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս իջաւ
Եւ քու զարհուրանքներդ զիս կորսնցուցին։
17 Ամէն օր ջուրի պէս զիս պատեցին,
Միասին չորս կողմս առին։
18 Հեռացուցիր ինծմէ սիրելին ու բարեկամը,
Իմ ճանչուորներս խաւարի մէջ են։

89
ԵՐԳ ՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԱՏԵՆ
Եթան Եզրահացիին երգը
1 Տէրոջը ողորմութիւնները յաւիտեան պիտի երգեմ.
Քու հաւատարմութիւնդ իմ բերնովս ազգէ ազգ պիտի պատմեմ։
2 Վասն զի ըսի թէ ողորմութիւնդ յաւիտեան պիտի հաստատուի.
Երկնքի մէջ պիտի հաստատես քու հաւատարմութիւնդ։
3 «Ես իմ ընտրեալիս հետ ուխտ ըրի,
Իմ Դաւիթ ծառայիս երդում ըրի, ըսելով.
4 ‘Քու սերունդդ յաւիտեան պիտի հաստատեմ
Եւ ազգէ ազգ պիտի շինեմ քու աթոռդ’»։ (Սէլա։)
5 Երկինքն ալ կը փառաւորէ քու հրաշքներդ, ո՛վ Տէր
Եւ քու հաւատարմութիւնդ՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։
6 Վասն զի ո՞վ կայ երկնքի մէջ Տէրոջը հաւասար
Ու հզօրներու որդիներուն մէջ ո՜վ կը նմանի Տէրոջը։
7 Աստուած խիստ զարհուրելի է սուրբերուն ժողովին մէջ
Եւ ահաւոր է շուրջը եղողներուն վրայ։
8 Ո՛վ Տէր, զօրքերու Աստուած, ո՞վ է քեզի պէս հզօր Տէր
Եւ քու հաւատարմութիւնդ քու բոլորտիքդ է։
9 Դուն կը տիրես ծովուն հպարտութեանը վրայ,
Երբ անոր ալիքները բարձրանան, դուն կը հանդարտեցնես զանոնք։
10 Դուն ճնշեցիր Ռահաբը խոցուածի պէս,
Քու զօրութեանդ բազուկովը ցրուեցիր քու թշնամիներդ։
11 Քուկդ է երկինքը եւ քուկդ է երկիրը։
Դո՛ւն հիմնեցիր աշխարհը ու անոր լիութիւնը։
12 Հիւսիսը ու հարաւը դո՛ւն ստեղծեցիր.
Թաբորն ու Հերմոնը քու անունովդ կը ցնծան։
13 Դուն զօրաւոր բազուկ ունիս.
Քու ձեռքդ ուժով է, քու աջ ձեռքդ բարձրացած է։
14 Արդարութիւնը ու իրաւունքը քու աթոռիդ հիմն են,
Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը քու երեսիդ առջեւէն կ՚երթան։
15 Երանի այն ժողովուրդին որ կը ճանչնայ ազդարարութեան փողերուն ձայնը.
Ո՛վ Տէր, անոնք քու երեսիդ լոյսովը պիտի քալեն։
16 Քու անունովդ ամէն օր պիտի ցնծան
Ու քու արդարութիւնովդ պիտի բարձրանան։
17 Վասն զի դուն ես անոնց զօրութեանը փառքը
Եւ քու հաճութիւնովդ պիտի բարձրանայ մեր եղջիւրը։
18 Վասն զի մեր վահանը Տէրոջն է
Ու մեր թագաւորը Իսրայէլի Սուրբն է։
 ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԴԱՒԻԹԻՆ
19 Այն ժամանակ տեսիլքով խօսեցար քու սուրբիդ հետ
Ու ըսիր. «Օգնութիւն դրի զօրաւորին վրայ,
Ժողովուրդէն ընտրուածը բարձրացուցի։
20 Իմ ծառաս Դաւիթը գտայ,
Իմ սուրբ իւղովս օծեցի զանիկա.
21 Անոր հետ իմ ձեռքս պիտի հաստատուի
Ու իմ բազուկս պիտի զօրացնէ զանիկա։
22 Թշնամին պիտի չհարստահարէ զանիկա
Ու անօրէնութեան որդին պիտի չչարչարէ զանիկա։
23 Անոր թշնամիները իր առջեւէն պիտի կոտրեմ
Ու զանիկա ատողները պիտի զարնեմ։
24 Իմ հաւատարմութիւնս ու ողորմութիւնս անոր հետ պիտի ըլլան
Ու անոր եղջիւրը իմ անունովս պիտի բարձրանայ։
25 Անոր ձեռքը ծովուն մէջ պիտի դնեմ
Ու անոր աջ ձեռքը՝ գետերուն մէջ։
26 Անիկա ինծի պիտի կանչէ՝ ‘Դուն ես իմ Հայրս,
Իմ Աստուածս ու իմ փրկութեանս Վէմը’։
27 Ես զանիկա անդրանիկ պիտի ընեմ՝
Երկրի թագաւորներէն աւելի բարձր։
28 Իմ ողորմութիւնս յաւիտեան պիտի պահեմ անոր համար
Ու իմ ուխտս անոր հետ հաւատարիմ պիտի ըլլայ։
29 Անոր սերունդը յաւիտեան պիտի հաստատեմ
Ու անոր աթոռը երկնքի օրերուն չափ պիտի ընեմ։
30 Եթէ անոր որդիները իմ օրէնքս թողուն
Ու իմ իրաւունքներովս չքալեն,
31 Եթէ իմ կանոններս անարգեն
Ու իմ պատուիրանքներս չպահեն,
32 Ես ալ գաւազանով պիտի պատժեմ անոնց յանցանքը
Ու հարուածներով՝ անոնց անօրէնութիւնը։
33 Բայց իմ ողորմութիւնս պիտի չկտրեմ անկէ
Ու իմ հաւատարմութիւնս սուտ պիտի չհանեմ։
34 Իմ ուխտս պիտի չանարգեմ
Ու շրթունքներէս ելածը պիտի չփոխեմ։
35 Անգամ մը երդում ըրի իմ սրբութիւնովս,
Որ սուտ պիտի չըսեմ Դաւիթին.
36 Անոր սերունդը յաւիտեան պիտի մնայ
Ու անոր աթոռը իմ առջեւս արեգակին չափ.
37 Լուսնին պէս յաւիտեան պիտի հաստատուի
Ու երկնքի մէջ հաւատարիմ վկայի պէս»։ (Սէլա։)
 ՈՂԲ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
38 Բայց դուն երեսէ ձգեցիր ու անարգեցիր.
Քու օծեալիդ բարկացար,
39 Քու ծառայիդ հետ ըրած ուխտդ մերժեցիր,
Անոր թագը գետնին հաւասար ըրիր,
40 Անոր բոլոր պարիսպները փլցուցիր,
Անոր բերդերը աւերակ ըրիր։
41 Բոլոր ճամբայէն անցնողները կողոպտեցին զանիկա,
Նախատինք եղաւ իր դրացիներուն։
42 Զինք նեղողներուն աջ ձեռքը բարձրացուցիր,
Անոր բոլոր թշնամիները ուրախացուցիր։
43 Անոր սուրին բերանը դարձուցիր
Ու զինք պատերազմի մէջ չկայնեցուցիր։
44 Անոր փառքը դադրեցուցիր
Ու անոր աթոռը գետինը զարկիր։
45 Անոր երիտասարդութեան օրերը կարճցուցիր,
Զանիկա ամօթով ծածկեցիր։ (Սէլա։)
 ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
46 Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր,
Քու անձդ միշտ պիտի պահե՞ս
Եւ քու սրտմտութիւնդ կրակի պէս պիտի բորբոքի՞։
47 Յիշէ՛ իմ կեանքիս երկարութիւնը.
Միթէ ունայնութեան համա՞ր ստեղծեցիր մարդոց բոլոր որդիները։
48 Ո՞վ է այն մարդը, որ կրնայ ապրիլ ու երբեք մահ չտեսնել
Եւ իր անձը դժոխքին ձեռքէն կրնայ փրկել։ (Սէլա։)
49 Ո՛վ Տէր, ո՞ւր են քու առաջուան ողորմութիւններդ,
Որոնք երդում ըրիր Դաւիթին քու հաւատարմութիւնովդ։
50 Ո՛վ Տէր, յիշէ՛ քու ծառաներուդ նախատինքը,
Որ իմ ծոցիս մէջ կը կրեմ բոլոր մեծ ազգերէն.
51 Որ քու թշնամիներդ անարգեցին, ո՛վ Տէր,
Որ քու օծեալիդ քայլերը անարգեցին։
52 Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը յաւիտեան։ Ամէն ու ամէն։

90
ՉՈՐՍ ԳԻՐՔ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ
Աստուծոյ մարդուն՝ Մովսէսին աղօթքը
1 Ո՜վ Տէր, դուն մեզի ապաւէն եղար ազգէ մինչեւ ազգ։
2 Լեռներուն ծնանելէն առաջ՝
Երկրի եւ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ՝
Յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս դո՛ւն ես Աստուած։
3 Դուն մարդը փոշի կը դարձնես
Ու կ՚ըսես. «Ե՛տ դարձէք, մարդոց որդիներ»։
4 Վասն զի հազար տարին քու առջեւդ երէկուան պէս է, որ անցաւ,
Կամ գիշերուան պահու մը պէս։
5 Կ՚ընկղմես զանոնք, երազի պէս կ՚ըլլան.
Առտուն կանանչացած խոտի պէս կ՚ըլլան.
6 Առտուն կը ծաղկի ու կը կանանչանայ,
Իրիկունը կը կտրուի ու կը չորնայ։
7 Վասն զի քու բարկութենէդ կը մաշինք
Եւ քու սրտմտութենէդ կը խռովինք։
8 Մեր անօրէնութիւնները՝ քու առջեւդ
Ու մեր ծածուկ մեղքերը քու երեսիդ լոյսին մէջ դրիր։
9 Վասն զի մեր բոլոր օրերը քու բարկութիւնովդ կ՚անցնին,
Մեր տարիները՝ ցնորքի մը պէս։
10 Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են.
Եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան,
Տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է,
Վասն զի անոնք շուտով կ՚անցնին ու մենք կը թռչինք։
11 Ո՞վ գիտէ քու բարկութեանդ զօրութիւնը
Եւ քու սրտմտութիւնդ քու վախիդ համեմատ։
12 Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել,
Որ սրտի իմաստութիւն ստանանք։
13 Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ.
Գթա՛ քու ծառաներուդ։
14 Կշտացուր մեզ կանուխ քու ողորմութիւնովդ,
Որպէս զի ցնծանք ու ուրախ ըլլանք մեր բոլոր օրերուն մէջ։
15 Ուրախացո՛ւր մեզ այն օրերուն չափովը որ տրտմեցուցիր.
Այն տարիներուն չափովը որ չարիք տեսանք։
16 Թող երեւնայ քու գործդ քու ծառաներուդ
Եւ քու փառքդ՝ անոնց որդիներուն։
17 Ու մեր Տէր Աստուծոյն վայելչութիւնը մեր վրայ ըլլայ։
Ձեռքերնուս գործը հաստատէ մեր վրայ.
Մեր ձեռքերուն գործը հաստատէ։