Skip to main content

Սաղմոսաց 121-150

ՏԷՐԸ ՄԵՐ ՊԱՇՏՊԱՆԸ
Աստիճաններուն երգը
1 Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ,
Ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ։
2 Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է,
Որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց։
3 Անիկա քու ոտքդ պիտի չդողացնէ
Ու քու Պահապանդ պիտի չքնանայ։
4 Ահա Իսրայէլի Պահապանը
Պիտի չմրափէ ու պիտի չքնանայ։
5 Տէրը քու պահապանդ է.
Տէրը քու աջ ձեռքիդ քով քու հովանիդ է։
6 Ցորեկը արեգակը քեզ պիտի չզարնէ,
Ո՛չ ալ գիշերը՝ լուսինը։
7 Տէրը քեզ ամէն չարէն պիտի պահպանէ,
Քու անձդ պիտի պահպանէ։
8 Տէրը քու ելլելդ ու մտնելդ պիտի պահպանէ
Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։

122
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՓԱՌՔԸ
Դաւիթին աստիճաններուն երգը
1 Կ՚ուրախանայի երբ ինծի կ՚ըսէին.
«Տէրոջը տունը երթանք»։
2 Մեր ոտքերը քու դռներուդ մէջ կայնեցան,
Ո՛վ Երուսաղէմ։
3 Երուսաղէմ այնպիսի քաղաքի մը պէս շինուած է,
Որ ինքնիրեն ամրօրէն միացած է։
4 Ցեղերը, Տէրոջը ցեղերը հոն կ՚ելնեն
Իսրայէլի պատուիրածին պէս.
Տէրոջը անուանը գոհութիւն մատուցանելու համար։
5 Վասն զի հոն դրուած են դատաստանի աթոռները,
Դաւիթի տանը աթոռները։
6 Երուսաղէմին համար խաղաղութիւն խնդրեցէք։
Թո՛ղ յաջողին անոնք, որ քեզ կը սիրեն։
7 Խաղաղութիւն թո՛ղ ըլլայ քու պարիսպներուդ մէջ
Ու յաջողութիւն՝ քու պալատներուդ մէջ։
8 Իմ եղբայրներուս ու ընկերներուս համար
Հիմա պիտի ըսեմ. «Խաղաղութիւն ըլլայ քու մէջդ»։
9 Մեր Տէր Աստուծոյն տանը համար
Քեզի բարութիւն պիտի ուզեմ։

123
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՆԵՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Աստիճաններուն երգը
1 Քեզի կը բարձրացնեմ ին աչքերս,
Ով երկնքի մէջ Բնակող։
2 Ահա ինչպէս ծառաներուն աչքերը իրենց տիրոջը ձեռքին կը նային
Ու ինչպէս աղախինին աչքերը՝ իր տիկնոջ ձեռքին,
Այնպէս ալ մեր աչքերը Տէրոջը՝ մեր Աստուծոյն՝ պիտի նային,
Մինչեւ մեզի ողորմի։
3 Ողորմէ՛ մեզի, ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ մեզի,
Վասն զի խիստ լեցուեցանք անարգանքով։
4 Խիստ լեցուած է մեր անձը հանգիստ վայելողներուն նախատինքովը
Ու ամբարտաւաններուն անարգանքովը։

124
ԱՍՏՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՊԱՀԱՊԱՆ
Դաւիթին աստիճաններուն երգը
1 Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար
Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ՝
2 Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար,
Երբ մարդիկ մեր վրայ ելան,
3 Այն ատեն ողջ ողջ պիտի կլլէին մեզ,
Երբ անոնց բարկութիւնը մեր վրայ բորբոքած էր։
4 Այն ատեն ջուրերը մեզ պիտի ընկղմէին,
Հեղեղը մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէր.
5 Այն ատեն փրփրած ջուրերը
Մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէին։
6 Օրհնեալ ըլլայ Տէրը,
Որ մեզ անոնց ակռաներուն որս չտուաւ։
7 Մեր անձերը ճնճղուկի պէս որսորդներուն որոգայթէն ազատեցան.
Որոգայթը կոտրուեցաւ ու մենք ազատեցանք։
8 Մեր օգնութիւնը Տէրոջը անունովն է,
Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։

125
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ
Աստիճաններուն երգը
1 Տէրոջը յուսացողները Սիօն լերանը պէս են,
Որ չսասանիր, հապա յաւիտեան կը մնայ։
2 Ինչպէս Երուսաղէմ լեռներով շրջապատուած է,
Նոյնպէս Տէրը իր ժողովուրդին չորս կողմն է
Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։
3 Վասն զի ամբարշտին գաւազանը արդարներուն վիճակին վրայ պիտի չմնայ,
Որպէս զի արդարները ձեռքերնին անօրէնութեան չերկնցնեն։
4 Ո՛վ Տէր, բարիք ըրէ բարիներուն
Ու սրտով ուղիղներուն։
5 Սակայն զանոնք որ իրենց ծուռ ճամբաներուն մէջ կը մոլորին,
Տէրը պիտի կորսնցնէ անօրէնութիւն ընողներուն հետ։
Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։

126
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Աստիճաններուն երգը
1 Երբ Տէրը Սիօնին գերութիւնը դարձուց,
Երազ տեսնողներու պէս եղանք։
2 Այն ժամանակ մեր բերանը խնդութիւնով լեցուեցաւ
Ու մեր լեզուն՝ ցնծութիւնով։
Այն ժամանակ հեթանոսներուն մէջ ըսին.
«Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ»։
3 Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ
Ու մենք ուրախացանք։
4 Ո՛վ Տէր, դարձուր մեր գերութիւնը
Հարաւի առուներուն պէս։
5 Անոնք որ արցունքով կը ցանեն,
Ցնծութիւնով պիտի հնձեն։
6 Ան որ լալով կ՚երթայ,
Ցանելու սերմը տանելով,
Անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ,
Իր ցորենի խուրձերը բերելով։

127
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌՔԸ
Սողոմոնին աստիճաններուն երգը
1 Եթէ Տէրը չշինէ տունը,
Զուր տեղ կ՚աշխատին անոր շինողները։
Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը,
Զուր տեղ կը հսկեն պահապանները։
2 Պարապ բան է ձեզի համար կանուխ ելնելը եւ ուշ հանգչիլը
Ու ցաւով հաց ուտելը։
Արդարեւ անիկա իր սիրելիին քուն կու տայ։
3 Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են.
Որովայնի պտուղը անոր պարգեւն է։
4 Ինչպէս են նետերը զօրաւորին ձեռքին մէջ,
Այնպէս են երիտասարդներուն տղաքը։
5 Երանի՜ այն մարդուն,
Որ իր կապարճը անոնցմով լեցուց։
Երբ դրանը մէջ թշնամիներուն հետ խօսելու ըլլան,
Պիտի չամչնան։

128
ՏԷՐՈՋԸ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ
Աստիճաններուն երգը
1 Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան
Ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն։
2 Վասն զի քու ձեռքիդ աշխատութիւնը պիտի ուտես.
Երանի՜ է քեզի ու քեզի լաւ պիտի ըլլայ։
3 Քու կինդ պտղաբեր որթատունկի մը պէս պիտի ըլլայ
Քու տունէդ ներս
Ու քու որդիներդ ձիթենիի տունկերու պէս պիտի ըլլան
Քու սեղանիդ չորս կողմը։
4 Ահա Տէրոջմէն վախցող մարդը
Այսպէ՛ս պիտի օրհնուի։
5 Տէրը քեզ Սիօնէն օրհնէ
Ու Երուսաղէմին բարութիւնը տեսնես
Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ
6 Եւ քու որդիներուդ որդիները տեսնես։
Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։

129
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Աստիճաններուն երգը
1 Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ.
«Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին։
2 Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին,
Բայց ինծի չյաղթեցին։
3 Հերկողները իմ կռնակիս վրայ հերկեցին
Ու իրենց ակօսները երկնցուցին»։
4 Տէրը արդար է.
Անիկա ամբարիշտներուն չուանները կտրտեց։
5 Բոլոր Սիօնը ատողները
Պիտի ամչնան ու ետ դառնան.
6 Տանիքին վրայի խոտին պէս պիտի ըլլան,
Որ դեռ չփրցուած կը չորնայ։
7 Հնձողը չի կրնար իր ձեռքը լեցնել անով,
Ոչ ալ խուրձ կապողը՝ իր գոգը։
8 Անցնողները չեն ըսեր.
«Տէրոջը օրհնութիւնը ձեր վրայ ըլլայ
Ու ձեզ Տէրոջը անունովը կ՚օրհնենք»։

130
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Աստիճաններուն երգը
1 Խորունկ տեղերէն քեզի կանչեցի, ո՛վ Տէր։
2 Ո՛վ Տէր, իմ ձայնս լսէ։
Քու ականջներդ թող մտիկ ընեն իմ աղօթքիս ձայնին։
3 Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս,
Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ։
4 Բայց քու քովդ է թողութիւնը,
Որպէս զի քեզմէ վախնան։
5 Ես Տէրոջը կը սպասեմ, իմ անձս կը սպասէ
Ու անոր խօսքին կը յուսամ։
6 Առտուան սպասողներէն, առտուան սպասողներէն աւելի
Իմ անձս Տէրոջը կը սպասէ։
7 Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ,
Վասն զի Տէրոջը քով ողորմութիւն կայ
Ու անոր քով շատ փրկութիւն կայ։
8 Անիկա պիտի փրկէ Իսրայէլը
Իր բոլոր անօրէնութիւններէն։

131
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ
Դաւիթին աստիճաններուն երգը
1 Ո՛վ Տէր, իմ սիրտս չգոռոզացաւ
Եւ իմ աչքերս չբարձրացան։
Ես մեծամեծ բաներու մէջ
Եւ ինծմէ բարձր բաներու մէջ չքալեցի։
2 Արդարեւ իմ անձս հանդարտեցուցի ու հանգստացուցի
Իր մօրը կաթէն կտրուած տղու մը պէս,
Իմ անձս կաթէն կտրուած տղու մը պէս է։
3 Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ
Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։

132
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՏԱՃԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ
Աստիճաններուն երգը
1 Դաւիթին սիրոյն, ո՛վ Տէր, յիշէ՛ Դաւիթը եւ անոր բոլոր նեղութիւնները,
2 Որ երդում ըրաւ Տէրոջը
Եւ ուխտ դրաւ Յակոբին Զօրաւորին,
3 Ըսելով. «Իմ տանս բնակարանը պիտի չմտնեմ
Ու իմ փռած անկողինիս վրայ պիտի չելնեմ։
4 Իմ աչքերուս՝ քուն
Եւ արտեւանունքներուս նիրհում պիտի չտամ,
5 Մինչեւ Տէրոջը համար տեղ մը գտնեմ
Յակոբին՝ Զօրաւորին համար՝ բնակարան»։
6 Ահա անոր վրայով լսեցինք Եփրաթայի մէջ
Եւ զանիկա գտանք անտառի դաշտերուն մէջ։
7 «Մտնենք անոր բնակարանները
Ու երկրպագութիւն ընենք անոր պատուանդանին քով»։
8 Քու հանգստութեանդ տեղը ելի՛ր, ո՛վ Տէր,
Դուն ու քու զօրութեանդ տապանակը։
9 Քահանաներդ թող արդարութիւն հագնին
Եւ քու սուրբերդ ցնծան։
10 Քու Դաւիթ ծառայիդ սիրոյն
Անդին մի՛ դարձներ քու օծեալիդ երեսը։
11 Տէրը երդում ըրաւ Դաւիթին ճշմարտութեամբ
Ու ետ չի դառնար անկէ.
«Քու որովայնիդ պտուղէն մէկը
Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստեցնեմ։
12 Եթէ քու որդիներդ պահեն իմ ուխտս ու վկայութիւններս
Որոնք անոնց պիտի սորվեցնեմ,
Այն ատեն անոնց որդիներն ալ
Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստին յաւիտեան»։
13 Վասն զի Տէրը Սիօնը ընտրեց
Եւ զանիկա իրեն բնակութեան համար ուզեց,
14 Ըսելով. «Այս է իմ յաւիտենական հանգստավայրս։
Ասոր մէջ պիտի բնակիմ, վասն զի ասիկա ուզեցի։
15 Անոր պաշարը առատութեամբ պիտի օրհնեմ
Ու անոր աղքատները հացով պիտի կշտացնեմ
16 Եւ անոր քահանաներուն փրկութիւն պիտի հագցնեմ
Ու անոր սուրբերը ուրախութեամբ պիտի ցնծան։
17 Այն տեղը Դաւիթին եղջիւր պիտի բուսցնեմ
Ու ճրագ պիտի պատրաստեմ իմ օծեալիս համար։
18 Անոր թշնամիներուն ամօթ պիտի հագցնեմ,
Բայց անոր վրայ իր թագը պիտի ծաղկի։

133
ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՍԷՐԸ ՓԱՌՔԻ ՄԷՋ
Դաւիթին աստիճաններուն երգը
1 Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է
Որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին։
2 Այն ազնիւ իւղին պէս է,
Որ գլխուն վրայէն մօրուքին վրայ,
Ահարոնին մօրուքին վրայ վազեց
Ու մինչեւ անոր զգեստներուն ծայրը իջաւ։
3 Սիօնի լեռներուն վրայ իջած
Հերմոնի շաղին պէս է,
Վասն զի Տէրը հոն հաստատեց օրհնութիւնը
Ու կեանքը մինչեւ յաւիտեան։

134
ԱՍՏՈՒԱԾ ՓԱՌԱՒՈՐԵԼՈՒ ԿՈՉ ՄԸ
Աստիճաններուն երգը
1 Աղէ՜, օրհնեցէ՛ք Տէրը, ով Տէրոջ բոլոր ծառաներ,
Որ Տէրոջ տունը կը կենաք գիշերները։
2 Սուրբ տեղը ձեռքերնիդ վերցուցէ՛ք
Ու օրհնեցէ՛ք Տէրը։
3 Երկինքը ու երկիրը ստեղծող Տէրը
Թող օրհնէ քեզ Սիօնէն։

135
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
1 Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը,
Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ,
2 Որ Տէրոջը տունը կը կենաք,
Մեր Աստուծոյն տանը սրահներուն մէջ։
3 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, վասն զի Տէրը բարի է.
Սաղմո՛ս ըսէք անոր անուանը, վասն զի քաղցր է։
4 Վասն զի Տէրը իրեն համար ընտրեց Յակոբը
Ու Իսրայէլը՝ իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլալու։
5 Վասն զի ես իմացայ, թէ Եհովան մեծ է
Ու մեր Տէրը՝ բոլոր աստուածներէն։
6 Տէրը ամէն ինչ որ ուզեց ըրաւ երկնքի ու երկրի մէջ,
Ծովերուն ու բոլոր անդունդներուն մէջ։
7 Երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ,
Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ
Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։
8 Անիկա Եգիպտոսի անդրանիկները զարկաւ
Մարդէն մինչեւ անասուն։
9 Նշաններ ու հրաշքներ ղրկեց քու մէջդ, ո՛վ Եգիպտոս,
Փարաւոնին ու անոր բոլոր ծառաներուն վրայ։
10 Շատ ազգեր զարկաւ
Ու զօրեղ թագաւորներ սպաննեց։
11 Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորը,
Բասանի Ովգ թագաւորը
Եւ Քանանի բոլոր թագաւորութիւնները
12 Ու անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուաւ,
Իր Իսրայէլ ժողովուրդին ժառանգութիւն։
13 Ո՛վ Տէր, քու անունդ մինչեւ յաւիտեան պիտի մնայ.
Ո՛վ Տէր, քու յիշատակդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։
14 Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը դատէ
Եւ իր ծառաներուն կ՚ողորմի։
15 Հեթանոսներուն կուռքերը արծաթ ու ոսկի են,
Մարդու ձեռքի գործեր են։
16 Բերան ունին, բայց չեն խօսիր.
Աչքեր ունին, բայց չեն տեսներ.
17 Ականջներ ունին, բայց չեն լսեր
Ու շունչ չկայ անոնց բերնին մէջ։
18 Անոնց նման կ՚ըլլան զանոնք շինողները
Ու բոլոր անոնց յուսացողները։
19 Ո՛վ Իսրայէլի տուն, օրհնեցէ՛ք Տէրը,
Ո՛վ Ահարոնի տուն, օրհնեցէ՛ք Տէրը.
20 Ո՛վ Ղեւիի տուն, օրհնեցէ՛ք Տէրը.
Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, օրհնեցէ՛ք Տէրը։
21 Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը Սիօնէն,
Որ Երուսաղէմի մէջ կը բնակի։ Ալէլուիա՜։

136
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ
1 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է.
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
2 Գոհացէ՛ք աստուածներուն Աստուծմէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
3 Գոհացէ՛ք տէրերուն Տէրոջմէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
4 Մինակ մեծ հրաշքներ ընողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է,
5 Երկինքը իմաստութեամբ ստեղծողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
6 Երկիրը ջուրերուն վրայ տարածողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
7 Մեծամեծ լուսաւորներ ստեղծողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
8 Արեգակը՝ որպէս զի ցորեկին իշխէ,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
9 Լուսինը ու աստղերը՝ որպէս զի գիշերին իշխեն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
10 Եգիպտացիներու անդրանիկները զարնողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
11 Ու Իսրայէլը անոնց մէջէն հանողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
12 Հզօր ձեռքով ու տարածուած բազուկով,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
13 Կարմիր ծովը երկուքի բաժնողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
14 Ու Իսրայէլը անոր մէջէն անցընողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
15 Եւ Փարաւոնը ու անոր զօրքը Կարմիր ծովուն մէջ ընկղմողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
16 Իր ժողովուրդը անապատին մէջ պտըտցնողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
17 Մեծ թագաւորներ զարնողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
18 Ու զօրեղ թագաւորներ սպաննողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
19 Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորը,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
20 Ու Բասանի Ովգ թագաւորը,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
21 Եւ անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
22 Իր Իսրայէլ ծառային՝ ժառանգութիւն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
23 Մեր խոնարհութեանը մէջ մեզ յիշողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
24 Ու մեր թշնամիներէն մեզ փրկողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
25 Բոլոր մարմիններուն հաց տուողէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
26 Գոհացէ՛ք երկնքի Աստուծմէն,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

137
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՈՂԲԸ ԱՔՍՈՐԻ ՄԷՋ
1 Բաբելոնի գետերուն քով՝
Հո՛ն կը նստէինք
Ու Սիօնը մտքերնիս բերելով կու լայինք։
2 Անոր մէջ՝ ուռիներուն վրայ
Կախեցինք մեր քնարները.
3 Վասն զի մեզ գերի ընողները
Հոն մեզմէ երգ մը խնդրեցին
Ու մեր կողոպտիչները ուրախութիւն,
Ըսելով. «Երգեցէ՛ք մեզի Սիօնի երգերէն»։
4 Տէրոջը երգը ի՛նչպէս երգենք
Օտար երկրի մէջ։
5 Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ,
Թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ.
6 Թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի,
Եթէ քեզ չյիշեմ,
Եթէ Երուսաղէմը իմ գլխաւոր ուրախութենէս
Աւելի մեծ չհամարեմ։
7 Յիշէ՛, ո՛վ Տէր, Եդովմի որդիները
Երուսաղէմի օրուանը մէջ,
Որոնք կ՚ըսէին. «Փլցուցէ՛ք, փլցուցէ՛ք
Մինչեւ անոր հիմը»։
8 Ո՛վ Բաբելոնի աւերող աղջիկ,
Երանի՜ անոր՝ որ քեզի կը հատուցանէ
Մեզի ըրած գործերուդ փոխարէնը։
9 Երանի՜ անոր՝ որ քու զաւակներդ կը բռնէ
Ու քարի կը զարնէ։

138
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ իմ բոլոր սրտովս
Աստուածներուն առջեւ քեզի սաղմոս պիտի երգեմ։
2 Երկրպագութիւն պիտի ընեմ դէպի քու սուրբ տաճարդ
Եւ քու անուանդ գոհութիւն պիտի մատուցանեմ
Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար,
Վասն զի քու բոլոր անունէդ վեր մեծցուցիր քու խօսքդ։
3 Կանչած օրս պատասխան տուիր ինծ,
Իմ անձիս մէջ զօրութիւնով զիս ուժովցուցիր։
4 Ո՛վ Տէր, երկրի բոլոր թագաւորները քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեն,
Երբ քու բերնիդ խօսքերը լսեն։
5 Տէրոջը ճամբաներուն մէջ պիտի երգեն.
Վասն զի Տէրոջը փառքը մեծ է։
6 Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ
Ու բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ։
7 Եթէ նեղութեան մէջ ալ քալեմ,
Դուն զիս պիտի կենդանացնես,
Իմ թշնամիներուս բարկութեանը դէմ
Քու ձեռքդ պիտի երկնցնես
Եւ քու աջ ձեռքդ զիս պիտի փրկէ։
8 Տէրը պիտի գործէ ինծի համար։
Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ յաւիտենական է։
Քու ձեռքիդ գործերը երեսէ մի՛ ձգեր։

139
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ
1 Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար։
2 Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելնելս,
Իմ խորհուրդս հեռուէն կ՚իմանաս։
3 Իմ շաւիղս ու պառկիլս կը քննես
Ու իմ բոլոր ճամբաներս գիտես։
4 Վասն զի բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ,
Ահա, ո՛վ Տէր, դուն ամէնը գիտես։
5 Իմ ետեւէս ու առջեւէս զիս պաշարեցիր
Եւ քու ձեռքդ իմ վրաս դրիր։
6 Այս գիտութիւնը ինծի խիստ զարմանալի է,
Բարձր է ու չեմ կրնար հասկնալ զանիկա։
7 Ո՞ւր երթամ քու Հոգիէդ
Եւ քու երեսէդ ո՞ւր փախչիմ։
8 Եթէ երկինք ելլեմ, դուն հոն ես.
Եթէ դժոխքը անկողինս ընեմ, ահա դուն հոն ես.
9 Եթէ արշալոյսին թեւերը առնեմ
Եւ ծովուն վերջի ծայրերը բնակիմ,
10 Հո՛ն ալ քու ձեռքդ ինծի պիտի առաջնորդէ
Ու քու աջ ձեռքդ զիս պիտի բռնէ։
11 Եթէ ըսեմ. «Իրաւցընէ խաւարը զիս պիտի ծածկէ,
Այն ատեն գիշերն ալ լոյս կ՚ըլլայ իմ բոլորտիքս»։
12 Մութն ալ քեզի խաւար չէ,
Հապա գիշերը ցորեկի պէս լուսաւոր կ՚ըլլայ։
Խաւարը եւ լոյսը միեւնոյն բանն են քու առջեւդ։
13 Վասն զի դուն ստեղծեցիր իմ երիկամունքներս
Ու իմ մօրս որովայնին մէջ դո՛ւն զիս ծածկեցիր։
14 Կը գոհանամ քեզմէ,
Որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։
Քու գործերդ զարմանալի են
Ու իմ անձս աղէկ գիտէ։
15 Իմ գոյութիւնս չծածկուեցաւ քեզմէ,
Երբ գաղտուկ տեղը շինուեցայ,
Երկրի խորութիւններուն մէջ ճարտարութեամբ կազմուեցայ։
16 Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան
Ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին,
Որոնք ժամանակին պիտի կազմուէին,
Երբ դեռ անոնցմէ մէկը չկար։
17 Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ, ո՛վ Աստուած։
Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը։
18 Եթէ համրեմ զանոնք՝ աւազէն շատ են։
Երբ արթննամ՝ դեռ քեզի հետ եմ։
19 Իրաւցընէ ամբարիշտը պիտի սպաննես, ո՛վ Աստուած.
Ուրեմն ո՛վ արիւնահեղ մարդիկ, հեռացէ՛ք ինծմէ։
20 Անոնք քեզի դէմ նենգութեամբ կը խօսին
Եւ քու թշնամիներդ քու անունդ պարապ տեղ կ՚առնեն։
21 Քեզ ատողները չե՞մ ատեր, ո՛վ Տէր
Ու քեզի դէմ ելնողներէն չե՞մ զզուիր։
22 Զանոնք կատարեալ ատելութեամբ կ՚ատեմ
Եւ ինծի թշնամի կը համարեմ։
23 Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս.
Զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս
24 Եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ
Եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ։

140
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Ո՛վ Տէր, չար մարդէն զիս փրկէ՛
Ու բռնաւոր մարդէն զիս պահէ՛,
2 Որոնք սրտերնուն մէջ չար բաներ կը մտածեն
Ու ամէն օր կռիւներու համար կը հաւաքուին։
3 Իրենց լեզուները օձի պէս սրեցին։
Իժի թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ։ (Սէլա։)
4 Ո՛վ Տէր, զիս ամբարշտին ձեռքէն պահէ՛.
Զիս բռնաւոր մարդէն պահպանէ՛,
Որոնք իմ գնացքներս խափանելու խորհուրդ ըրին։
5 Ամբարտաւանները ինծի համար գաղտնի որոգայթ ու չուաններ լարեցին,
Ուռկան փռեցին իմ ճամբուս վրայ,
Վարմեր դրին ինծի համար։ (Սէլա։)
6 Ըսի Տէրոջը. «Դուն ես իմ Աստուածս»։
Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղաչանքիս ձայնը։
7 Ով Տէր Եհովա, իմ փրկութեանս զօրութիւնը,
Դուն իմ գլխուս հովանի եղար պատերազմին օրը։
8 Ո՛վ Տէր, ամբարշտին ցանկութիւնները մի՛ գոհացներ,
Անոր չար խորհուրդը մի՛ յաջողցներ,
Որ չըլլայ թէ բարձրանան։ (Սէլա։)
9 Զիս պաշարողները բարձրացուցին իրենց գլուխները եւ
Իրենց շրթունքներուն չարախօսութիւնը թող զիրենք ընկճէ։
10 Վառած ածուխներ թող իյնան անոնց վրայ.
Խորունկ ջուրերու մէջ թող ձգէ, որպէս զի բնաւ վեր չելլեն։
11 Չարախօս մարդը երկրի վրայ պիտի չհաստատուի.
Թշուառութիւնը պիտի որսայ բռնաւոր մարդը,
Որպէս զի զանիկա կործանէ։
12 Գիտեմ թէ Տէրը խեղճին դատաստանը պիտի տեսնէ
Ու իրաւունք պիտի ընէ աղքատներուն։
13 Յիրաւի արդարները քու անունդ պիտի գովեն.
Ուղիղները քու առջեւդ պիտի բնակին։

141
ԻՐԻԿՈՒԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ, շուտով հասիր ինծի.
Ակա՛նջ դիր իմ ձայնիս, երբ քեզի կը կանչեմ։
2 Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ
Եւ իմ ձեռքերուս վեր վերցուիլը՝ իրիկուան պատարագին պէս։
3 Ո՛վ Տէր, պահապա՛ն դիր իմ բերնիս
Ու իմ շրթունքներուս դուռը պահպանէ։
4 Մի՛ թողուր որ սիրտս չար բանի ետեւէ խոտորի,
Որպէս զի անօրէնութիւն գործող մարդոց հետ գէշ գործեր չընեմ
Ու անոնց համադամ կերակուրներէն չուտեմ։
5 Արդարը թող զիս խրատէ եւ զարնէ ողորմութեամբ,
Բայց անօրէնին իւղը թող չօծէ գլուխս,
Վասն զի անդադար անոնց չարութիւններուն դէմ պիտի աղօթեմ։
6 Երբ անոնց դատաւորները ապառաժներու մէջ ձգուին,
Այն ատեն իմ խօսքերս պիտի լսեն, վասն զի քաղցր են։
7 Ինչպէս հերկողը ու ճեղքողը կը ցրուէ երկրի վրայ,
Այնպէս անոնց ոսկորները գերեզմանին բերանը ցիրուցան եղան.
8 Սակայն, ո՛վ Տէր Եհովա, իմ աչքերս դէպի քեզ են.
Քեզի՛ յուսացի, իմ հոգիս անպաշտպան մի՛ ձգեր։
9 Ինծի համար լարուած որոգայթէն
Ու անօրէնութիւն գործողներուն վարմերէն զիս պահէ։
10 Ամբարիշտները իրենց ցանցերուն մէջ պիտի իյնան,
Մինչ միայն ես անվնաս պիտի անցնիմ։

142
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Դաւիթին երգն ու աղօթքը՝ երբ ինք այրին մէջ էր
1 Իմ ձայնովս Տէրոջը կ՚աղաղակեմ,
Իմ ձայնովս Տէրոջը կ՚աղաչեմ։
2 Իմ գանգատս անոր առջեւ կը թափեմ.
Իմ նեղութիւնս անոր առջեւ կը պատմեմ։
3 Երբ հոգիս իմ մէջս կը նուաղէր,
Դուն իմ շաւիղս գիտցար։
Իմ քալած ճամբուս մէջ
Ինծի համար գաղտուկ որոգայթ լարեցին։
4 Աջ կողմս կը նայիմ ու կը տեսնեմ թէ
Ոչ ոք կը ճանչնայ զիս։
Ապաւէնը ինծմէ կորսուեցաւ.
Բնաւ մէկը չկայ, որ իմ անձիս համար հոգ ընէ։
5 Ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի
Ու ըսի. «Դո՛ւն ես իմ ապաւէնս
Եւ իմ բաժինս կենդանիներու երկրին մէջ։
6 Ակա՛նջ դիր իմ աղաղակիս,
Վասն զի շատ նուաստացայ։
Ազատէ՛ զիս իմ հալածիչներէս,
Վասն զի ինծմէ զօրաւոր են։
7 Իմ անձս բանտէն հանէ՛,
Որպէս զի քու անուանդ գոհութիւն մատուցանեմ։
Արդարները իմ չորս կողմս պիտի պատեն,
Երբ ինծի բարութիւն ընես»։

143
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս,
Ակա՛նջ դիր իմ աղաչանքիս,
Պատասխան տուր ինծի քու ճշմարտութիւնովդ
Ու քու արդարութիւնովդ։
2 Քու ծառայիդ հետ դատաստանի մի՛ մտներ,
Վասն զի բնաւ կենդանի մը պիտի չարդարանայ քու առջեւդ։
3 Վասն զի թշնամին իմ անձս հալածեց,
Իմ կեանքս գետինը զարկաւ,
Զիս շատոնց մեռածներուն պէս
Մութը նստեցուց։
4 Իմ հոգիս ներսիդիս մարեցաւ,
Իմ սիրտս ներսիդիս խռովեցաւ։
5 Նախկին օրերը կը յիշեմ,
Քու բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ,
Քու ձեռքերուդ ըրածներուն վրայ կը խորհիմ։
6 Ձեռքերս դէպի քեզ կ՚երկնցնեմ։
Իմ անձս չոր երկրի պէս քեզի կը ծարաւի։ (Սէլա։)
7 Շուտով պատասխան տուր ինծի, ո՛վ Տէր.
Իմ հոգիս մարեցաւ.
Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինծմէ,
Որպէս զի գուբը իջնողներուն պէս չըլլամ։
8 Առտուն քու ողորմութիւնդ ինծի լսել տուր,
Վասն զի քեզի յուսացի։
Իմ երթալու ճամբաս ինծի ցուցուր,
Վասն զի իմ անձս դէպի քեզ վերցուցի։
9 Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ զիս իմ թշնամիներէս,
Վասն զի քեզ իմ ապաւէնս ըրի։
10 Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ,
Քանզի դուն ես իմ Աստուածս.
Թող քու բարի Հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ։
11 Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար կենդանացո՛ւր զիս,
Քու արդարութեանդ համար իմ անձս նեղութենէ հանէ՛.
12 Քու ողորմութիւնովդ սատկեցուր իմ թշնամիներս
Ու կորսնցուր բոլոր իմ անձս վշտացնողները,
Վասն զի ես քու ծառադ եմ։

144
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը, իմ Վէմս,
Որ իմ ձեռքերս մարտնչելու կը վարժեցնէ
Ու իմ մատներս՝ պատերազմելու։
2 Անիկա է իմ ողորմութիւնս ու պարիսպս,
Իմ ապաւէնս ու փրկիչս,
Իմ վահանս, ուստի ես անոր կը յուսամ,
Որ իմ ժողովուրդս ինծի կը հնազանդեցնէ։
3 Ո՛վ Տէր, մարդը ի՞նչ է որ զանիկա կը ճանչնաս
Ու մարդու որդին, որ զանիկա կը յարգես։
4 Մարդը ունայնութեան պէս է
Անոր օրերը անցնող շուքի պէս են։
5 Ո՛վ Տէր, խոնարհեցո՛ւր քու երկինքդ ու վա՛ր իջիր,
Լեռներուն դպչէ ու պիտի մխան։
6 Փայլակը նետէ ու ցրուէ զանոնք,
Քու նետերդ ղրկէ ու զանոնք խռովեցուր։
7 Քու ձեռքդ վերէն ղրկէ եւ ազատէ՛ զիս.
Փրկէ՛ զիս շատ ջուրերէն ու օտարներուն ձեռքէն,
8 Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի
Եւ անոնց աջ ձեռքը ստութեան աջ ձեռքն է։
9 Ո՛վ Աստուած, քեզի նոր երգ պիտի երգեմ,
Տասը լար ունեցող տաւիղով սաղմոս պիտի ըսեմ քեզի։
10 Թագաւորներուն փրկութիւն տուողը
Ու իր Դաւիթ ծառան չար սուրէն ազատողը ա՛ն է։
11 Զիս ազատէ ու օտարներուն ձեռքէն փրկէ՛,
Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի
Եւ անոնց աջ ձեռքը ստութեան աջ ձեռքն է։
12 Որպէս զի մեր որդիները իրենց երիտասարդութեանը մէջ տունկերու պէս մեծնան
Ու մեր աղջիկները պալատի շէնքին համար փորագրուած անկիւնի քարերու պէս ըլլան։
13 Որպէս զի մեր ամբարները լեցուին
Եւ տեսակ տեսակ կերակուրներ բղխեցնեն
Ու մեր ոչխարները հազարաւոր եւ բիւրաւոր ծնանին մեր արտերուն մէջ։
14 Որպէս զի մեր արջառները բազմածին ըլլան
Ու ամենեւին դժբաղդութեան եւ աւերումի վիժում չըլլայ,
Ոչ ալ աղաղակ՝ մեր հրապարակներուն մէջ։
15 Երանի՜ այսպիսի վիճակի մէջ եղող ժողովուրդին.
Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է։

145
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
Օրհնութիւն Դաւիթի
1 Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ո՛վ իմ Աստուածս, որ Թագաւոր ես
Ու քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի օրհնեմ։
2 Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմ
Եւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ։
3 Մեծ ու խիստ գովելի է Տէրը
Ու անոր մեծութիւնը անքննելի է։
4 Մէկ սերունդը միւսին պիտի գովէ քու գործերդ
Եւ քու զօրութիւններդ պիտի պատմէ։
5 Քու փառքիդ մեծութեանը վայելչութիւնը
Ու քու հրաշալի գործերդ պիտի յայտնեմ։
6 Եւ քու ահաւոր գործերուդ վրայ պիտի խօսին
Ու ես քու մեծութիւնդ պիտի պատմեմ։
7 Քու մեծ բարերարութեանդ յիշատակը պիտի հրատարակեն
Եւ քու արդարութիւնովդ պիտի ցնծան։
8 Ողորմած ու գթած է Տէրը,
Երկայնամիտ ու բազումողորմ է։
9 Տէրը ամենուն բարի է
Ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են։
10 Ո՛վ Տէր, քու բոլոր գործերդ քեզ պիտի գովեն
Եւ քու սուրբերդ քեզ պիտի օրհնեն։
11 Քու թագաւորութեանդ փառքը պիտի յայտնեն
Ու քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն.
12 Որպէս զի անոր զօրաւոր գործերը ու անոր թագաւորական փառաւոր մեծութիւնը
Մարդոց որդիներուն գիտցնեն։
13 Քու թագաւորութիւնդ յաւիտենական թագաւորութիւն է
Ու քու տէրութիւնդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։
14 Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները
Եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ։
15 Ամենուն աչքերը քեզի կը սպասեն
Ու ժամանակին անոնց կերակուրը դուն իրենց կու տաս։
16 Քու ձեռքդ կը բանաս
Ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես։
17 Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ
Ու ողորմած է իր բոլոր գործերուն մէջ։
18 Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն,
Այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։
19 Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ
Եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք։
20 Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահէ,
Սակայն բոլոր ամբարիշտները կը կորսնցնէ։
21 Իմ բերանս Տէրոջը գովութիւնը պիտի պատմէ
Ու ամէն մարմին անոր սուրբ անունը պիտի օրհնէ յաւիտեանս յաւիտենից։

146
ՓՐԿԻՉ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ
1 Ալէլուիա՜։ Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։
2 Տէրը պիտի օրհնեմ իմ կեանքիս մէջ։
Որքան ատեն որ ողջ եմ՝ իմ Աստուծոյս սաղմոս պիտի ըսեմ։
3 Մի՛ յուսաք իշխաններուն,
Մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ։
4 Անոր հոգին կ՚ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։
Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին։
5 Երանի՜ անոր՝ որուն օգնականը Յակոբին Աստուածն է
Ու անոր յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է,
6 Որ երկինքը ու երկիրը,
Ծովն ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեց։
Ճշմարտութիւնը կը պահէ յաւիտեան,
7 Իրաւունք կ՚ընէ զրկուածներուն
Ու հաց կու տայ անօթիներուն։
Տէրը կ՚արձակէ կապուածները,
8 Տէրը կը բանայ կոյրերուն աչքերը,
Տէրը կը կանգնեցնէ վար ծռածները,
Տէրը կը սիրէ արդարները,
9 Տէրը կը պահէ պանդուխտները,
Կը հաստատէ որբն ու որբեւարին,
Բայց ամբարիշտներուն ճամբան կը ծռէ։
10 Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեան,
Քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն, ազգէ մինչեւ ազգ։ Ալէլուիա՜։

147
ԱՄԵՆԱԿԱՐՈՂ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ
1 Գովեցէք Տէրը, վասն զի բարի է մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսելը,
Վասն զի քաղցր ու վայելուչ է օրհնութիւնը։
2 Տէրը կը շինէ Երուսաղէմը,
Իսրայէլի ցրուածները կը հաւաքէ,
3 Սրտով կոտրածները կը բժշկէ
Ու անոնց խոցերը կը փաթթէ։
4 Աստղերուն թիւը կը համրէ,
Անոնց ամէնքն ալ իրենց անուններովը կը կանչէ։
5 Մեծ է մեր Տէրը ու իր զօրութիւնը շատ է.
Անոր իմաստութիւնը անհուն է։
6 Տէրը կը հաստատէ խեղճերը
Ու ամբարիշտները մինչեւ հողը կը խոնարհեցնէ։
7 Երգեցէ՛ք Տէրոջը գոհութիւնով,
Մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսէք քնարով,
8 Որ երկինքը ամպերով կը ծածկէ,
Անձրեւ կը պատրաստէ երկրի համար,
Խոտ կը բուսցնէ լեռներուն վրայ,
9 Որ անասուններուն իրենց կերակուրը կու տայ
Ու ագռաւին ձագերուն՝ որոնք կ՚աղաղակեն։
10 Անիկա ձիուն զօրութեանը չի հաճիր,
Մարդուն սրունքները չի հաւնիր։
11 Տէրը կը հաւնի իրմէ վախցողները
Ու իր ողորմութեանը յուսացողները։
12 Ո՛վ Երուսաղէմ, գովէ՛ Տէրը.
Օրհնէ՛ քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն։
13 Վասն զի անիկա քու դռներուդ նիգերը ամրացուց
Եւ քու որդիներդ քու մէջդ օրհնեց։
14 Անիկա քու սահմաններուդ խաղաղութիւն կու տայ
Ու պարարտ ցորենով քեզ կը կշտացնէ։
15 Անիկա իր պատուէրը երկրին կը ղրկէ.
Իր խօսքը արագութեամբ կը վազէ։
16 Անիկա բուրդի պէս ձիւն կու տայ
Ու եղեամը մոխիրի պէս կը ցանէ։
17 Իր սառը պատառներու պէս կը նետէ.
Անոր ցուրտին դէմ ո՞վ կրնայ կենալ։
18 Անիկա իր խօսքը կը ղրկէ ու կը հալեցնէ զանոնք։
Իր հովը կը փչէ ու ջուրեր կը վազեն։
19 Անիկա իր խօսքը կը պատմէ Յակոբին
Եւ իր կանոնները ու դատաստանները՝ Իսրայէլին։
20 Բնաւ ազգի մը այսպէս չըրաւ,
Բայց անոնք անոր դատաստանները չճանչցան։ Ալէլուիա՜՜,

148
ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԿՈՉ ՄԸ ԱՍՏՈՒԱԾ ՓԱՌԱՒՈՐԵԼՈՒ
1 Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկնքէն.
Օրհնեցէ՛ք զանիկա բարձր տեղերուն մէջ։
2 Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ անոր բոլոր հրեշտակներ,
Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր։
3 Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ արեգակ ու լուսին.
Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ բոլոր փայլուն աստղեր։
4 Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ երկինք.
Ու երկնքէն վեր եղող ջուրերը
5 Թող Տէրոջը անունը օրհնեն.
Վասն զի ինք հրամայեց ու անոնք ստեղծուեցան։
6 Զանոնք յաւիտեանս յաւիտենից հաստատեց,
Կանոն դրաւ որը չի խափանուիր։
7 Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկրէն,
Ո՛վ վիշապներ ու բոլոր անդունդներ։
8 Կրակ եւ կարկուտ, ձիւն ու շոգի
Եւ անոր խօսքը կատարող մրրկալից հով,
9 Լեռներ ու բոլոր բլուրներ,
Պտղատու ծառեր ու եղեւիններ,
10 Գազաններ ու բոլոր անասուններ,
Սողացողներ ու թեւաւոր թռչուններ,
11 Երկրի թագաւորներ եւ բոլոր ազգեր,
Իշխաններ ու երկրի բոլոր դատաւորներ,
12 Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ,
Ծերեր ու տղաքներ։
13 Բոլորը թող Տէրոջը անունը օրհնեն,
Վասն զի միայն անոր անունը բարձր է,
Անոր փառքը երկրէն ու երկնքէն վեր է։
14 Անիկա բարձրացուց իր ժողովուրդին եղջիւրը,
Իր բոլոր սուրբերուն,
Իրեն մօտ եղող ժողովուրդին,
Իսրայէլի որդիներուն օրհնութիւնը։ Ալէլուիա՜։

149
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
1 Ալէլուիա՜։ Տէրոջը նոր երգ երգեցէք
Ու անոր օրհնութիւնը՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։
2 Իսրայէլ թող ուրախանայ իր Ստեղծողին վրայ.
Սիօնի որդիները թող ցնծան իրենց Թագաւորին վրայ։
3 Թող անոր անունը պարով օրհնեն,
Թմբուկով եւ քնարով սաղմոս թող ըսեն անոր։
4 Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի,
Խոնարհները փրկութիւնով պիտի փառաւորէ։
5 Թող սուրբերը ուրախանան փառքով
Ու իրենց անկողիններուն մէջ ցնծան։
6 Աստուծոյ գովութիւնները անոնց բերնին մէջ թող ըլլան
Ու երկսայրի սուր՝ անոնց ձեռքին մէջ,
7 Որպէս զի հեթանոսներէն վրէժ առնեն
Ու ժողովուրդները պատժեն,
8 Որպէս զի անոնց թագաւորները շղթաներով կապեն
Ու անոնց ազնուականները՝ երկաթէ կապանքներով,
9 Որպէս զի գրուած դատաստանը անոնց վրայ կատարեն։
Այս անոր բոլոր սուրբերուն փառքն է։ Ալէլուիա՜։

150
ՓԱՌՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
1 Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Աստուած իր սրբարանին մէջ.
Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր զօրութեանը հաստատութեանը մէջ։
2 Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր զօրաւոր գործերուն համար,
Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր մեծափառութեանը համեմատ։
3 Օրհնեցէ՛ք զանիկա փողի ձայնով,
Օրհնեցէ՛ք զանիկա տաւիղով ու քնարով։
4 Օրհնեցէ՛ք զանիկա թմբուկով ու պարով,
Օրհնեցէ՛ք զանիկա լար ունեցող նուագարաններով ու սրինգով։
5 Օրհնեցէ՛ք զանիկա մեծաձայն ծնծղաներով,
Օրհնեցէ՛ք զանիկա ցնծութեան ծնծղաներով։
6 Ամէն շունչ ունեցող թող Տէրը օրհնէ։ Ալէլուիա՜։