Skip to main content

Սաղմոսաց 31-60

31
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Ո՛վ Տէր, քեզի յուսացի,
Յաւիտեան պիտի չամչնամ.
Քու արդարութիւնովդ զիս ազատէ։
2 Քու ականջդ ինծի խոնարհեցուր,
Շուտով զիս ազատէ։
Ինծի ամրութեան վէմ մը եղիր
Եւ զիս ապրեցնելու համար՝ ապաստանի տուն մը։
3 Վասն զի իմ Վէմս ու բերդս դուն ես
Եւ քու անուանդ համար ինծի առաջնորդէ ու զիս կառավարէ։
4 Որոգայթէն զիս հանէ, որ ինծի համար գաղտուկ լարած են։
Վասն զի իմ զօրութիւնս դուն ես։
5 Իմ հոգիս քու ձեռքդ կը յանձնեմ։
Ո՜հ Եհովա՝ Աստուա՛ծ ճշմարտութեան՝ դուն զիս փրկեցիր։
6 Սնոտի ունայնութիւններ պահողները ատեցիր,
Բայց ես Տէրոջը յուսացի։
7 Քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ եւ ուրախ ըլլամ.
Վասն զի իմ թշուառութիւնս տեսար
Ու իմ տառապանքներս գիտցար։
8 Զիս թշնամիին ձեռքը չմատնեցիր,
Հապա իմ ոտքերս լայնարձակ տեղ մը կանգնեցուցիր։
9 Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի նեղութեան մէջ եմ.
Սրտնեղութենէ մաշեցան իմ աչքս, իմ անձս ու իմ մարմինս։
10 Վասն զի իմ կեանքս՝ տրտմութենէ
Ու տարիներս հառաչանք ընելէ սպառեցան.
Իմ ոյժս թշուառութենէս տկարացաւ,
Ոսկորներս ալ մաշեցան։
11 Իմ բոլոր թշնամիներուս, մանաւանդ դրացիներուս առջեւ նախատուեցայ
Ու իմ ծանօթներուս երկիւղ եղայ.
Զիս դուրսը տեսնողները ինծմէ կը փախչէին։
12 Մեռածի պէս սրտէ մոռցուեցայ,
Կորսուած ամանի նմանեցայ։
13 Շատերու բամբասանքը լսեցի։
Չորս կողմս վախ կար։
Երբ անոնք ինծի համար մէկտեղ հաւաքուեցան,
Խորհուրդ կ՚ընէին, որ հոգիս առնեն։
14 Բայց ես քեզի՛ յուսացի, ո՛վ Տէր.
Ըսի թէ՝ «Դուն ես իմ Աստուածս».
15 Իմ ժամանակներս քու ձեռքդ են.
Փրկէ՛ զիս թշնամիներուս ձեռքէն ու զիս հալածողներէն։
16 Քու ծառայիդ վրայ երեսդ փայլեցուր,
Քու ողորմութիւնովդ զիս փրկէ։
17 Ո՛վ Տէր, չամչնամ,
Վասն զի քեզի կանչեցի։
Ամբարիշտները թող ամչնան
Ու գերեզմանին մէջ թող լուռ կենան։
18 Թող պապանձին ստախօս շրթունքները,
Որոնք հպարտութեամբ եւ նախատինքով
Ամբարտաւանութիւն կը խօսին արդարին դէմ։
19 Ո՜րչափ մեծ է քու բարութիւնդ
Որ քեզմէ վախցողներուն համար պահեցիր
Ու քեզի յուսացողներուն համար ըրիր՝
Մարդոց որդիներուն առջեւ։
20 Զանոնք քու երեսիդ ծածկոցովը պիտի ծածկես,
Մարդոց դաւաճանութիւններէն.
Խորանին մէջ պիտի ծածկես զանոնք
Լեզուներուն հակառակութենէն։
21 Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը,
Վասն զի իր զարմանալի ողորմութիւնը ցուցուց ինծի
Պարսպաւոր քաղաքի մէջ։
22 Իմ շփոթութեանս մէջ ըսի թէ՝
«Ես քու աչքերէդ ինկայ».
Սակայն դուն իմ աղօթքիս ձայնը լսեցիր,
Երբ քեզի աղաղակեցի։
23 Տէ՛րը սիրեցէք, ո՛վ անոր բոլոր սուրբեր,
Վասն զի Տէրը հաւատացեալները կը պահէ
Ու ամբարտաւանութիւն ընողներուն առատօրէն հատուցում կ՚ընէ։
24 Կտրի՛ճ եղէք ու ձեր սիրտը թող զօրանայ,
Դուք ամէնքդ, որ Տէրոջը կը յուսաք։
32
ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԹՈՂՈՒԹԻՒՆ
Դաւիթին երգը
1 Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ
Ու անոր մեղքերը ծածկուեցան։
2 Երանի՜ այն մարդուն՝ որուն՝ Տէրը անօրէնութիւն չի սեպեր
Ու անոր հոգիին մէջ նենգութիւն չկայ։
3 Երբ մեղքերս չխոստովանեցայ, ոսկորներս մաշեցան
Ամէն օր աղաղակելովս,
4 Վասն զի ցորեկ ու գիշեր քու ձեռքդ իմ վրաս ծանրացաւ.
Իմ թացութիւնս ամառուան չորութեան դարձաւ։ (Սէլա։)
5 Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի
Ու իմ անօրէնութիւնս չծածկեցի։
Ըսի թէ՝ «Տէրոջը պիտի խոստովանիմ յանցանքներս»։
Ու դուն ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը։ (Սէլա։)
6 Ասոր համար ամէն աստուածապաշտ աղօթք պիտի ընէ քեզի
Քու գտնուելու ժամանակդ։
Արդարեւ շատ ջուրերու հեղեղներուն ատենը
Անոր պիտի չմօտենան։
7 Դուն ես իմ ապաստանարանս։
Նեղութենէն զիս պիտի պահես։
Դուն զիս պիտի պատես ազատութեան երգերով։ (Սէլա։)
8 Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի.
Քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ։
9 Ձիու պէս ու ջորիի պէս մի՛ ըլլաք, որոնք միտք չունին
Ու իրենց սանձով ու պախուրցով կապելու ես, որպէս զի քեզի չմօտենան։
10 Ամբարշտին տանջանքները շատ պիտի ըլլան,
Սակայն սէրը պիտի պատէ Տէրոջը յուսացողին չորս կողմը։
11 Ո՛վ արդարներ, Տէրոջմով ուրախ եղէ՛ք ու ցնծացէ՛ք,
Ցնծութեամբ երգեցէ՛ք դուք ամէնքդ, որ սրտով ուղիղ էք։
33
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
1 Ո՛վ արդարներ, Տէրոջմով ցնծացէք։
Ուղիղներուն կը վայլէ օրհնութիւն երգել։
2 Գովեցէ՛ք Տէրը քնարով։
Տասը լար ունեցող տաւիղով սաղմոս երգեցէ՛ք անոր։
3 Նոր երգ մը երգեցէ՛ք անոր,
Վարպետութեամբ նուագարանները զարկէ՛ք՝ ցնծութեան ձայնով,
4 Վասն զի Տէրոջը խօսքը շիտակ է
Ու անոր բոլոր գործերը ճշմարտութեամբ են։
5 Անիկա արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ։
Տէրոջը ողորմութիւնովը երկիրը լեցուն է։
6 Տէրոջը խօսքովը երկինք ստեղծուեցաւ
Ու իր բերնին հոգիովը՝ անոր բոլոր զօրքը։
7 Ծովուն ջուրերը դէզի մը պէս կը հաւաքէ,
Անդունդները շտեմարաններու մէջ կը դնէ։
8 Ամէն երկիր թող Տէրոջմէն վախնայ
Ու անկէ դողան աշխարհի բոլոր բնակիչները։
9 Վասն զի անիկա ըսաւ ու եղաւ։
Ինք հրամայեց ու հաստատուեցաւ։
10 Տէրը կը ցրուէ հեթանոսներուն խորհուրդները,
Փուճ կը հանէ ժողովուրդներուն դիտաւորութիւնները։
11 Տէրոջը խորհուրդը յաւիտեան կը մնայ
Ու անոր սրտին դիտաւորութիւնները՝ ազգէ մինչեւ ազգ։
12 Երանի՜ այն ազգին, որուն Աստուածը Տէրն է
Ու այն ժողովուրդին, որ իր ժառանգութեան համար ընտրեց։
13 Տէրը երկնքէն կը նայի
Եւ բոլոր մարդոց որդիները կը տեսնէ։
14 Իր բնակութեանը տեղէն
Աշխարհի բոլոր բնակիչները կը դիտէ։
15 Անոնց սրտերը հաւասարապէս ինք ստեղծեց։
Անոնց բոլոր ըրածները կ՚իմանայ։
16 Թագաւոր մը զօրքի շատութիւնովը չազատիր,
Ոչ ալ զօրաւոր մարդ մը ուժի շատութիւնով կը փրկուի։
17 Ձին ազատութեան համար պարապ բան է
Ու իր ուժին շատութիւնովը չի կրնար ազատել։
18 Ահա Տէրոջը աչքը իրմէ վախցողներուն
Ու իր ողորմութեանը յուսացողներուն վրայ է,
19 Անոնց անձը՝ մահուանէ փրկելու
Եւ սովի ժամանակ զանոնք ապրեցնելու համար։
20 Մեր անձը Տէրոջը կը սպասէ։
Մեր օգնութիւնը ու մեր վահանը անիկա է,
21 Վասն զի մեր սրտերը անով կ՚ուրախանան,
Քանզի անոր սուրբ անուանը յուսացինք։
22 Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մեր վրայ ըլլայ,
Ինչպէս քեզի կը յուսանք։
34
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Սաղմոս Դաւիթի, այն ատեն որ Աբիմելէքի առջեւ յիմար ձեւացաւ
1 Ամէն ժամանակ Տէրը պիտի գովեմ։
Անոր գովութիւնը միշտ իմ բերանս պիտի ըլլայ։
2 Իմ անձս Տէրոջմով պիտի պարծի։
Խոնարհները պիտի լսեն եւ ուրախ ըլլան։
3 Ինծի հետ Տէրը մեծցուցէ՛ք
Ու մէկտեղ բարձրացնենք անոր անունը։
4 Տէրը փնտռեցի ու ինծի պատասխան տուաւ
Եւ իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց։
5 Անոր նայեցան ու լոյս առին
Եւ անոնց երեսները չամչցան։
6 Այս աղքատը աղաղակեց ու Տէրը լսեց անոր
Եւ զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն փրկեց։
7 Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ
Ու զանոնք կ՚ազատէ։
8 Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։
Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ։
9 Տէրոջմէ վախցէ՛ք, ո՛վ անոր սուրբեր,
Վասն զի անկէ վախցողներուն բան մը պակաս չըլլար։
10 Առիւծի կորիւնները չքաւորութիւն ու անօթութիւն կը կրեն,
Սակայն Տէրը փնտռողներուն բարութիւն մը պակաս պիտի չըլլայ։
11 Եկէ՛ք, ո՛րդիք, մտի՛կ ըրէք ինծի,
Տէրոջը վախը ձեզի պիտի սորվեցնեմ։
12 Ո՞վ է այն մարդը որ ապրիլ կ՚ուզէ
Ու շատ օրեր կը սիրէ՝ բարութիւն տեսնելու համար։
13 Քու լեզուդ չարութենէ պահէ
Ու շրթունքներդ՝ նենգութիւն խօսելէ։
14 Չարութենէ հեռացիր ու բարութիւն ըրէ,
Խաղաղութիւն փնտռէ ու անոր ետեւէն գնա՛։
15 Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են
Ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին։
16 Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է,
Անոնց յիշատակը երկրէն բնաջնջելու համար։
17 Արդարները կ՚աղաղակէն ու Տէրը կը լսէ
Ու իրենց բոլոր նեղութիւններէն կը փրկէ զանոնք։
18 Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է
Ու հոգիով խոնարհածները կ՚ապրեցնէ։
19 Արդարին նեղութիւնները շատ են,
Բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա։
20 Անոր բոլոր ոսկորները կը պահէ,
Անոնցմէ մէկը չի կոտրուիր։
21 Չարութիւնը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ
Ու արդարը ատողները պիտի դատապարտուին։
22 Տէրը իր ծառաներուն անձը կը փրկէ
Եւ իրեն յուսացողներէն բնաւ մէկը պիտի չդատապարտուի։
35
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Ո՛վ Տէր, ինծի հետ հակառակողներուն հետ հակառակէ՛.
Ինծի հետ պատերազմողներուն հետ պատերազմէ՛։
2 Ասպարը ու վահանը ա՛ռ
Ու ելի՛ր ինծի օգնութիւն ընելու։
3 Նաեւ նիզակը քաշէ՛ ու ճամբան գոցէ՛ զիս հալածողներուն դէմ.
Ըսէ՛ անձիս. «Քու փրկութիւնդ ես եմ»։
4 Իմ անձս փնտռողները թող ամչնան ու խայտառակ ըլլան։
Թող ետ դառնան ու ամչնան
Անոնք, որ ինծի համար չարութիւն կը խորհին։
5 Հովին առջեւ եղած մղեղին պէս թող ըլլան անոնք
Եւ Տէրոջը հրեշտակը փախցնէ զանոնք։
6 Անոնց ճամբան թող խաւար ու սահուն ըլլայ
Եւ Տէրոջը հրեշտակը թող հալածէ զանոնք։
7 Վասն զի զո՜ւր տեղը իրենց որոգայթը փոսի մէջ ինծի համար ծածկեցին
Ու զո՜ւր տեղը փոս փորեցին անձիս համար։
8 Թող անոր վրայ յանկարծ աւերում գայ
Եւ իր ծածկած որոգայթը զինք բռնէ,
Նոյն աւերման մէջ իյնայ։
9 Սակայն իմ անձս Տէրոջմով պիտի ցնծայ,
Անոր փրկութիւնովը ուրախ պիտի ըլլայ։
10 Իմ բոլոր ոսկորներս պիտի ըսեն.
«Տէ՛ր, ո՞վ քեզի նման է,
Որ աղքատը կ՚ազատես անկէ, որ կը բռնանայ անոր վրայ
Ու աղքատը եւ տնանկը՝ իրենց յափշտակողէն»։
11 Սուտ վկաներ ելան,
Չգիտցածներս կը հարցնէին ինծի։
12 Աղէկութեան փոխարէն ինծի գէշութիւն ըրին։
Հոգիս անօգնական է։
13 Բայց ես անոնց հիւանդութեան ատեն քուրձ կը հագնէի.
Իմ անձս ծոմով կը չարչարէի
Ու իմ աղօթքս իմ ծոցս պիտի դառնայ։
14 Ինչպէս իմ ընկերիս կամ եղբօրս հետ՝ այնպէս ալ անոնց հետ կը վարուէի,
Իր մօրը համար սուգ ունեցողի մը պէս տրտմութեամբ կը խոնարհէի։
15 Բայց անոնք իմ ինկած ատենս միասնաբար խնդացին։
Զարնողները իմ դէմ հաւաքուեցան, բայց ես բան մը չէի գիտեր։
Պատռեցին զիս, առանց դադարի.
16 Խնճոյքի կեղծաւոր խեղկատակներու հետ
Ակռանին իմ վրաս կը կրճտէին։
17 Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ պիտի նայիս։
Ազատէ՛ իմ անձս անոնց աւերումներէն,
Իմ կեանքս՝ առիւծի կորիւններէն։
18 Այն ատեն մեծ ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ,
Մեծ բազմութեան մէջ քեզ պիտի օրհնեմ։
19 Զուր տեղը ինծի թշնամի եղողները՝ թող իմ վրաս չխնդան,
Առանց պատճառի զիս ատողները աչքով նշան թող չընեն։
20 Վասն զի խաղաղութիւն չեն խօսիր,
Հապա երկրին մէջ հանդարտներուն դէմ նեղութիւն կը խորհին,
21 Իրենց բերանը ինծի դէմ կը լայնցնեն՝ ըսելով.
«Վա՛շ, վա՛շ, մեր աչքերը տեսան»։
22 Ո՛վ Տէր, դուն տեսար, լուռ մի՛ կենար.
Ո՛վ Տէր, ինծմէ մի՛ հեռանար։
23 Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ Աստուածս ու Տէրս
Ու իմ դատաստանիս ու դատիս հսկէ։
24 Քու արդարութեանդ համեմատ իրաւունք ըրէ ինծի, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս,
Որպէս զի վրաս չխնդան.
25 Իրենց սրտին մէջ թող չըսեն թէ «Ահա մեր փափաքածը եղաւ»։
Ու թող չըսեն թէ «Կլլեցինք զանիկա»։
26 Թող ամչնան ու մէկտեղ խայտառակ ըլլան
Անոնք, որ իմ չարիքիս վրայ կը խնդան.
Իմ վրաս հպարտացողները
Թող ամօթ եւ խայտառակութիւն հագնին։
27 Թող ցնծան եւ ուրախանան
Անոնք, որ իմ արդարութիւնս կ՚ուզեն
Ու միշտ թող ըսեն. «Աստուած թող մեծնայ,
Որ իր ծառային խաղաղութիւն կ՚ուզէ»։
28 Իմ լեզուս քու արդարութիւնդ պիտի պատմէ
Ու ամէն օր՝ քու գովութիւնդ։
36
ՄԱՐԴՈՒՆ ՉԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Ամբարշտին չարութեանը վրայով սրտիս մէջի խօսքը այս է.
Աստուծոյ վախը չկայ իր աչքերուն առջեւ։
2 Վասն զի ինքզինք կը շողոքորթէ իր աչքերուն առջեւ՝
Խորհելով թէ իր անօրէնութիւնը յայտնի եւ ատելի չըլլար։
3 Անոր բերնին խօսքերը անօրէնութիւն ու նենգութիւն են.
Իմաստութիւն չունի բարին ընելու համար։
4 Իր անկողնին մէջ անօրէնութեան վրայ կը մտածէ
Ու կը կենայ այնպիսի ճամբու մը մէջ, որ աղէկ չէ
Եւ չարէն չի զզուիր։
5 Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք կը հասնի
Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ ամպերը։
6 Քու արդարութիւնդ հզօր լեռներու պէս է,
Քու իրաւունքդ մեծ անդունդ մըն է.
Մարդիկն ու անասունները դուն կ՚ապրեցնես, ո՛վ Տէր։
7 Ո՛վ Աստուած, ի՜նչ գերազանց է քու գթութիւնդ։
Մարդոց որդիները քու թեւերուդ հովանաւորութեանը կ՚ապաւինին։
8 Անոնք քու տանդ պարարտութենէն պիտի կշտանան
Ու քու հաճութիւններուդ գետէն պիտի խմցնես անոնց։
9 Վասն զի կեանքի աղբիւրը քու քովդ է.
Քու լուսովդ լոյս պիտի տեսնենք։
10 Քու ողորմութիւնդ քեզ ճանչցողներուն շարունակէ
Ու քու արդարութիւնդ՝ սրտով ուղիղներուն։
11 Ամբարտաւանութեան ոտքը թող իմ վրաս չգայ
Ու չարերուն ձեռքը զիս չշարժէ։
12 Հոն ինկան անօրէնութիւն գործողները.
Գետինը զարնուեցան ու չկրցան վեր ելլել։
37
ՉԱՐԻՆ ՈՒ ԲԱՐԻԻՆ ՎԻՃԱԿԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Չարերուն համար մի՛ նեղանար,
Անօրէնութիւն գործողներուն մի՛ նախանձիր,
2 Վասն զի անոնք խոտի պէս շուտով պիտի կտրուին
Ու կանանչ խոտի պէս պիտի չորնան։
3 Տէրոջը յուսա՛ ու բարութիւն ըրէ՛,
Երկրին վրայ բնակէ՛ ու ճշմարտութեան մէջ արածուիր
4 Ու Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի
Անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները։
5 Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ
Ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ
6 Ու դուրս պիտի հանէ քու արդարութիւնդ լոյսի պէս
Ու քու իրաւունքդ՝ կէսօրուան պէս։
7 Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր սպասէ՛
Եւ մի՛ նախանձիր իր ճամբան յաջողութեամբ գացողին
Ու խաբէութիւն ընող մարդուն։
8 Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր։
Մի՛ նեղանար, որ չարութիւն ընել չփորձուիս։
9 Վասն զի չարագործները պիտի կորսուին,
Սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն։
10 Վասն զի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ,
Անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։
11 Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը
Ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան։
12 Մեղաւորը արդարին դէմ դաւ կը լարէ
Ու անոր վրայ ակռաները կը կրճտէ։
13 Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանիկա,
Վասն զի անոր օրը հասնելու վրայ կը տեսնէ։
14 Մեղաւորները թուր քաշեցին
Ու աղեղնին լարեցին՝
Աղքատն ու տնանկը վար ձգելու համար,
Շիտակ ճամբու մէջ քալողները սպաննելու համար։
15 Անոնց թուրը իրենց սիրտը պիտի մտնէ
Ու անոնց աղեղները պիտի կոտրտին։
16 Արդարին քիչ բանը
Ամբարիշտներու առատ ստացուածքէն աղէկ է։
17 Վասն զի ամբարիշտներուն բազուկները պիտի կոտրուին,
Բայց արդարներուն ապաւէնը Տէրն է։
18 Տէրը արդարներուն օրերը գիտէ
Եւ անոնց ժառանգութիւնը յաւիտենական պիտի ըլլայ.
19 Փորձանքի ժամանակ պիտի չամչնան
Ու սովի օրերը պիտի կշտանան։
20 Բայց ամբարիշտները պիտի կորսուին
Ու Տէրոջը թշնամիները գառնուկներու ճարպին պէս պիտի սպառին,
Մուխի պէս պիտի ցնդին։
21 Ամբարիշտը փոխ կ՚առնէ ու չի վճարեր.
Սակայն արդարը կ՚ողորմի ու կու տայ։
22 Վասն զի անոր օրհնածները պիտի ժառանգեն երկիրը,
Բայց անկէ անիծուածները պիտի կորսուին։
23 Բարի մարդուն քայլերը Տէրոջմէ կը հաստատուին
Ու Անիկա անոր ճամբուն կը հաւնի։
24 Թէեւ իյնայ, պիտի չկործանի,
Վասն զի Տէրը անոր ձեռքը պիտի բռնէ։
25 Տղայ էի ու ծերացայ,
Բայց արդարը անտես եղած չտեսայ,
Կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող։
26 Ամէն օր կ՚ողորմի ու փոխ կու տայ
Եւ անոր սերունդը օրհնուած է։
27 Չարութենէ ետ կեցի՛ր ու բարութիւն ըրէ՛
Եւ յաւիտեան պիտի մնաս.
28 Վասն զի Տէրը կը սիրէ իրաւունքը
Եւ իր սուրբերը երեսէ չի ձգեր.
Յաւիտեան կը պահուին անոնք,
Բայց ամբարիշտներուն սերունդը պիտի կորսուի։
29 Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը
Ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին։
30 Արդարին բերանը իմաստութեամբ կը խօսի
Ու անոր լեզուն իրաւունքը կը յայտնէ։
31 Իր Աստուծոյն օրէնքը իր սրտին մէջ է
Եւ անոր քայլերը պիտի չսահին։
32 Մեղաւորը արդարը կը դիտէ
Եւ զանիկա մեռցնելու ետեւէ կ՚ըլլայ։
33 Տէրը չարին ձեռքը պիտի չձգէ զանիկա
Եւ անոր դատաստանը տեսնուած ատեն պիտի չդատապարտէ զանիկա։
34 Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛
Եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես։
Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես։
35 Ամբարիշտը զօրացած տեսայ
Ու իր տեղը կեցող կանանչ ծառի մը պէս տարածուած,
36 Բայց ան անցաւ ու ահա չկայ։
Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։
37 Արդարը տե՛ս եւ ուղիղին նայէ՛.
Վասն զի խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ,
38 Իսկ անօրէնները մէկտեղ պիտի կորսուին։
Ամբարիշտներուն վախճանը կորուստ պիտի ըլլայ,
39 Բայց արդարներուն փրկութիւնը Տէրոջմէն է,
Նեղութեան ժամանակ ինք անոնց ապաւէնն է։
40 Տէրը պիտի օգնէ անոնց եւ պիտի ազատէ զանոնք,
Ամբարիշտներէն պիտի ազատէ
Ու պիտի փրկէ զանոնք, վասն զի իրեն կը յուսան։
38
ՏԱՌԱՊՈՂ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
Սաղմոս Դաւիթի՝ յիշատակի համար
1 Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ
Ու բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։
2 Վասն զի քու նետերդ իմ ներսիդիս մխուեցան
Եւ քու ձեռքդ իմ վրաս կը ճնշէ։
3 Իմ մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ՝ քու բարկութեանդ երեսէն
Ու ոսկորներուս մէջ հանգստութիւն չկայ իմ մեղքիս պատճառով,
4 Վասն զի անօրէնութիւններս գլխէս վեր բարձրացան,
Ծանր բեռի պէս իմ վրաս ծանրացան։
5 Վէրքերս հոտեցան ու փտտեցան
Իմ յիմարութեանս պատճառով։
6 Նուաստացայ ու խիստ ցածցայ.
Ամէն օր տրտում կը պտըտիմ,
7 Վասն զի աղիքներս ջերմութիւնով լեցուեցան
Ու մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ։
8 Տկարացայ ու խիստ ճնշուեցայ.
Սրտիս հեծութենէն մռնչեցի։
9 Ո՛վ Տէր, իմ ամէն բաղձանքս քու առջեւդ է
Ու իմ հեծութիւնս քեզմէ չծածկուեցաւ։
10 Սիրտս կը բաբախէ, ոյժս պակսեցաւ
Ու իմ աչքերուս լոյսը՝ ան ալ ինծի հետ չէ։
11 Սիրականներս ու ընկերներս իմ չարչարանքիս պատճառով հեռու կը կենան,
Ազգականներս ալ հեռու կը կենան
12 Ու անձս փնտռողները ինծի որոգայթ կը լարեն
Ու ինծի չարիք ուզողները աւերումի մասին կը խօսին
Եւ ամէն օր նենգութեան մասին կը մտածեն։
13 Սակայն ես խուլի պէս չեմ լսեր
Ու բերանը չբացող համրի մը պէս եմ։
14 Եւ ես այնպիսի մարդու մը պէս եմ, որ չի լսեր
Ու հակառակ խօսք չկայ իր բերանը։
15 Վասն զի, ո՛վ Տէր, ես քեզի կը յուսամ։
Դուն պիտի պատասխանես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։
16 Վասն զի ըսի. «Թող չխնդան իմ վրաս, անոնք որ
Ոտքիս սահած ժամանակը ինծի դէմ կը հպարտանան»։
17 Վասն զի ես կաղ ըլլալու պատրաստ եմ
Ու իմ ցաւս ամէն ատեն առջեւս է։
18 Վասն զի անօրէնութիւնս պիտի պատմեմ
Ու մեղքիս համար հոգ պիտի ընեմ։
19 Բայց թշնամիներս ողջ են, ուժովցան։
Զիս զուր տեղը ատողները շատցան։
20 Ու աղէկութեան փոխարէն գէշութիւն ընողները
Ինծի դէմ կը կենան, վասն զի ես աղէկութեան ետեւէ կ՚երթամ։
21 Զիս մի՛ թողուր, ո՛վ Տէր,
Ո՛վ իմ Աստուածս, ինծմէ մի հեռանար։
22 Ինծի օգնութիւն ընելու արտորցիր,
Ո՛վ Տէր, իմ փրկութիւնս։
39
ՏԱՌԱՊՈՂ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Ըսի թէ ճամբաներուս զգուշութիւն ընեմ,
Որպէս զի լեզուովս մեղք չգործեմ։
Բերանս սանձով պահեմ՝
Ամբարիշտին իմ առջեւս եղած ատենը։
2 Մունջ եղայ լռութիւնով,
Աղէկութեան վրայով ալ լռեցի
Ու ցաւս շարժեցաւ։
3 Սիրտս բորբոքեցաւ ներսիդիս,
Ջերմութեանս մէջ կրակը վառեցաւ,
Այն ատեն լեզուովս խօսեցայ.
4 «Ցուցո՛ւր ինծի, ո՛վ Տէր, իմ վերջս
Եւ օրերուս չափը որչափ է»,
Որպէս զի գիտնամ թէ ի՛նչպէս անցաւոր եմ։
5 Ահա իմ օրերս թիզերու չափ դրիր
Ու իմ կեանքս ոչնչի պէս է քու առջեւդ։
Իրաւ ամէն մարդ թէեւ հաստատուած ըլլայ,
Բայց բոլորովին ունայնութիւն է։ (Սէլա։)
6 Արդարեւ մարդը ստուերի մը պէս կը պտըտի.
Արդարեւ փուճ տեղը անհանգիստ կ՚ըլլայ.
Կը դիզէ, բայց չի գիտեր թէ ո՞վ պիտի առնէ զանոնք։
7 «Ու հիմա ի՞նչ բանի սպասեմ, ո՛վ Տէր.
Իմ յոյսս դուն ես։
8 Փրկէ զիս իմ բոլոր յանցանքներէս,
Զիս յիմարներուն նախատինքին առարկայ մի՛ ըներ։
9 Մունջ եղայ ու բերանս չբացի,
Վասն զի դուն ըրիր։
10 Քու հարուածդ հեռացո՛ւր ինծմէ.
Ձեռքիդ զարնելովը ես կորսուեցայ։
11 Անօրէնութեան համար յանդիմանութիւններով կը խրատես մարդը,
Ցեցի մը պէս կը մաշեցնես անոր ցանկալի բաները.
Իրաւ ամէն մարդ ունայնութիւն է։ (Սէլա։)
12 Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս ու ակա՛նջ դիր աղաղակիս.
Արցունքներս մի՛ անտեսեր.
Վասն զի քու առջեւդ պանդուխտ մըն եմ ես,
Հիւր մը իմ բոլոր նախնիքներուս պէս։
13 Թոյլտուութիւն ըրէ ինծի, որ զուարթանամ,
Քանի որ չեմ գացեր այն տեղը որ ա՛լ պիտի չգտնուիմ»։
40
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Սպասելով սպասեցի Տէրոջը,
Որ ծռեցաւ ինծի ու լսեց իմ աղաղակս
2 Եւ զիս կորստեան փոսէն, տղմալից կաւէն հանեց
Ու ոտքերս վէմի վրայ ամրացուց ու քալուածքս հաստատեց
3 Ու բերանս դրաւ նոր երգ մը,
Մեր Աստուծոյ գովութիւնը։
Շատերը պիտի տեսնեն ու պիտի վախնան
Ու Տէրոջը պիտի յուսան։
4 Երանի՜ այն մարդուն, որ իր յոյսը Տէրոջը վրայ կը դնէ
Ու չի նայիր հպարտներուն ու ստութեան ետեւէ գացողներուն։
5 Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես,
Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։
Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ
Մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ.
Պիտի պատմէի ու խօսէի,
Բայց համրանքէն աւելի շատ են։
6 Զոհի ու ընծայի չհաւնեցար,
Հապա իմ ականջներս բացիր։
Ոզջակէզ ու մեղքի պատարագ չպահանջեցիր։
7 Այն ժամանակ ըսի թէ՝ «Ահա կու գամ ես.
Գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է,
8 Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ
Ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։
9 Արդարութիւն քարոզեցի շատ ժողովուրդի մէջ։
Ահա շրթունքներս չարգիլեցի,
Ո՛վ Տէր, դուն գիտես։
10 Սրտիս մէջ գաղտուկ չպահեցի քու արդարութիւնդ։
Հաւատարմութիւնդ ու փրկութիւնդ պատմեցի։
Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ժողովուրդէն չծածկեցի։
11 Դուն, ո՛վ Տէր, քու գթութիւնդ մի՛ հեռացներ ինծմէ.
Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ամէն ժամանակ թող պաշտպանեն զիս։
 ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
 (Սաղմ. 70)
12 Վասն զի անթիւ չարիքներ զիս պատեցին.
Անօրէնութիւններս ինծի հասան ու ես չեմ կրնար տեսնել։
Գլխուս մազէն շատ են ու սիրտս զիս թողուց։
13 Ո՛վ Տէր, զիս փրկելու կամք ըրէ.
Ո՛վ Տէր, ինծի օգնելու արտորցիր։
14 Թող ամչնան ու մէկտեղ խայտառակ ըլլան
Իմ անձս փնտռողները՝ զանիկա կորսնցնելու համար։
Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան
Ինծի չարութիւն ուզողները։
15 Թող ամչնալով կործանին
Անոնք որ ինծի «Վա՛շ, վա՛շ» կ՚ըսեն։
16 Ամէն քեզ փնտռող
Քեզմով թող ցնծայ եւ ուրախանայ։
Քու փրկութիւնդ սիրողները
Ամէն ժամանակ թող ըսեն. «Մեծ է Տէրը»։
17 Թէեւ ես աղքատ ու տնանկ եմ,
Սակայն Տէրը հոգ կը տանի ինծի։
Իմ օգնականս ու փրկիչս դո՛ւն ես։
Ո՛վ իմ Աստուածս, մի՛ ուշանար։
41
ՀԻՒԱՆԴԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի։
Նեղութեան օրը Տէրը պիտի փրկէ զանիկա։
2 Տէրը պիտի պահէ ու ապրեցնէ զանիկա,
Երանելի պիտի ըլլայ երկրի վրայ
Ու թշնամիներուն կամքին պիտի չմատնէ զանիկա։
3 Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ.
Անոր բոլոր տկարութիւնները պիտի բուժէ հիւանդութեան ատենը։
4 Ես ըսի. «Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի,
Բժշկէ՛ իմ անձս, վասն զի ես քեզի դէմ մեղանչեցի»։
5 Թշնամիներս գէշ կը խօսին իմ վրայովս,
Ըսելով. «Ե՞րբ պիտի մեռնի ու անունը կորսուի»։
6 Եթէ մէկը ինծի գալու ըլլայ զիս տեսնելու համար, ունայն խօսքեր կ՚ըսէ։
Իր սիրտը անօրէնութիւն կը հաւաքէ իրեն համար,
Որպէս զի դուրս ելլելով խօսի։
7 Ինծի դէմ մէկտեղ կը փսփսան բոլոր զիս ատողները,
Իմ վրայովս չարութիւն կը խորհին.
8 Կ՚ըսեն. «Չարութեան բան մը անոր վրայ թափեցաւ
Ու հիմա որ պառկած է, ա՛լ պիտի չելլէ»։
9 Մինչեւ անգամ իմ բարեկամս, որու ապաւիներ էի,
Իմ հացս ուտողը, ինծի դէմ կրունկ վերցուց։
10 Սակայն, ո՛վ Տէր, դուն ողորմէ՛ ինծի ու կանգնեցո՛ւր զիս
Ու ես փոխարէնը պիտի տամ անոնց։
11 Գիտեմ թէ՝ ինծի կը հաւնիս,
Անոր համար թշնամիս յաղթական չըլլար։
12 Զիս իմ անմեղութեանս մէջ կը պահես
Ու յաւիտեան զիս քու առջեւդ կը կայնեցնես։
13 Օրհնեա՛լ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը՝
Յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն ու ամէն։
42
ՏԱՐԱԳԻՐԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
Կորխի որդիներուն երգը
1 Ինչպէս եղջերուն ջուրի վտակներու կը փափաքի,
Այնպէս ալ իմ անձս քեզի կը փափաքի, ո՛վ Աստուած։
2 Հոգիս ծարաւի է Աստուծոյ, կենդանի Աստուծոյն,
Ե՞րբ պիտի գամ ու երեւնամ Աստուծոյ առջեւ։
3 Ցորեկ ու գիշեր արցունքներս ինծի հաց եղան,
Որովհետեւ ամէն օր ինծի կ՚ըսեն. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։
4 Այս բաները միտքս կը բերեմ
Ու հոգիս կը թափեմ իմ ներսիդիս,
Փափաքելով որ բազմութեան հետ երթամ,
Անոնց հետ հանդէսով Աստուծոյ տունը մտնեմ՝
Ուրախութեան ու օրհնութեան ձայնով,
Տօնախմբող բազմութեան հետ։
5 Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս
Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։
Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ,
Իր երեսին փրկութեանը համար։
6 Ո՛վ իմ Աստուածս, հոգիս իմ ներսիդիս կը ցածնայ.
Անոր համար քեզ կը յիշեմ Յորդանանի երկրէն
Ու Հերմոններէն ու Փոքր լեռնէն։
7 Անդունդը անդունդին կը կանչէ քու յորձանքներուդ ձայնովը.
Քու ամէն կոհակներդ ու ալիքներդ իմ վրայէս անցան։
8 Ցորեկը Տէրը՝ պիտի պատուիրէ իր ողորմութեանը
Ու գիշերը իր երգը ինծի հետ պիտի ըլլայ
Ու աղօթք մը՝ իմ կեանքիս Աստուծոյն։
9 Պիտի ըսեմ Աստուծոյ, իմ Վէմիս.
«Ինչո՞ւ զիս մոռցեր ես,
Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ
Թշնամիին հարստահարութենէն»։
10 Ոսկորներս կոտրտելու չափ՝ թշնամիներս զիս կը նախատեն՝
Ամէն օր ինծի ըսելով. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։
11 Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս
Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։
Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ։
Ան է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։
43
ՏԱՐԱԳԻՐԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
1 Իմ դատս տես, ո՛վ Աստուած ու իրաւունքս պաշտպանէ՛
Անաստուած ազգէն։
Նենգաւոր ու անօրէն մարդէն զիս ազատէ,
2 Քանզի դուն ես իմ ամրութեանս Աստուածը։
Ինչո՞ւ զիս կը մերժես,
Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ
Թշնամիին հարստահարութենէն։
3 Քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, որպէս զի
Անոնք առաջնորդէն ինծի ու զիս հանեն
Քու սուրբ լեռդ ու բնակարաններդ։
4 Աստուծոյ սեղանին քով պիտի երթամ,
Իմ ուրախութեանս ու ցնծութեանս Աստուծոյն առջեւ։
Քեզ քնարով պիտի գովեմ,
Ո՛վ Աստուած, իմ Աստուածս։
5 Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս
Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։
Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ.
Ա՛ն է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։
44
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Կորխի որդիներուն երգը
1 Ո՛վ Աստուած, մեր ականջներովը լսեցինք,
Հայրերնիս մեզի պատմեցին
Այն գործը, որ իրենց օրերուն մէջ գործեցիր՝
Հին ժամանակը։
2 Դուն քո ձեռքովդ հեթանոսները քշեցիր
Ու զանոնք տնկեցիր։
Չարչարեցիր ժողովուրդները
Ու տարածեցիր զանոնք։
3 Քանզի ո՛չ թէ իրենց սրովը ժառանգեցին երկիրը
Ու ո՛չ թէ իրենց բազուկը զիրենք փրկեց,
Այլ քու աջ ձեռքդ ու քու բազուկդ եւ քու երեսիդ լոյսը՝
Վասն զի անոնց հաճեցար։
4 Դուն ինքդ ես իմ Թագաւորս, ո՛վ Աստուած.
Դուն Յակոբին փրկութիւններ ապահովեցիր։
5 Քեզմով մեր թշնամիները գետինը պիտի զարնենք.
Մեր վրայ ելնողները քու անունովդ ոտքի տակ պիտի առնենք։
6 Վասն զի աղեղիս չեմ յուսար
Ու թուրս զիս չի կրնար ազատել.
7 Հապա դուն մեզ կը փրկես մեր թշնամիներէն
Ու մեզ ատողները ամօթով կ՚ընես։
8 Ամէն օր Աստուծմով կը պարծենանք
Ու յաւիտեան քու անունդ պիտի գովենք։ (Սէլա։)
9 Սակայն մեզ մերժեցիր ու խայտառակ ըրիր
Ու մեր զօրքերուն հետ չելար։
10 Թշնամիէն մեզ ետ դարձուցիր
Ու մեզ ատողները մեզ կողոպտեցին։
11 Մեզ ոչխարի պէս ուտուելու տուիր
Ու հեթանոսներուն մէջ մեզ ցրուեցիր։
12 Քու ժողովուրդդ ոչինչ գնով ծախեցիր,
Առանց մեծ գին պահանջելու։
13 Մեր դրացիներուն առջեւ մեզ խայտառակ ըրիր,
Մեր բոլորտիքը եղողներուն՝ ծաղր ու ծանակ։
14 Մեզ հեթանոսներուն մէջ ծաղրանքի առարկայ ըրիր
Ու ժողովուրդներուն մէջ գլուխ երերցնելու պատճառ։
15 Ամէն օր իմ նախատինքս առջեւս է
Ու երեսիս ամօթը զիս կը ծածկէ՝
16 Նախատողին ու հայհոյողին ձայնէն՝
Թշնամիին ու վրէժխնդրին երեսէն։
17 Այս ամէնը մեր վրայ եկաւ,
Սակայն մենք քեզ չմոռցանք եւ
Քու ուխտդ սուտ չհանեցինք։
18 Մեր սրտերը ետ չդարձան,
Մեր քալուածքները քու ճամբայէդ դուրս չելան.
19 Թէպէտ չագալներուն եղած տեղը մեզ ճզմեցիր
Ու մահուան ստուերովը մեզ ծածկեցիր։
20 Եթէ մեր Աստուծոյն անունը մոռցեր ենք,
Կամ օտար աստուծոյ ձեռքերնիս երկնցուցեր ենք,
21 Միթէ Աստուած այս բանը պիտի չփնտռէ՞,
Քանի որ ինք սրտին գաղտնիքները գիտէ,
22 Բայց ամէն օր քեզի համար կ՚սպաննուինք,
Մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք։
23 Արթնցի՛ր, ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ կը քնանաս.
Ելի՛ր, մի՛ մերժեր մեզ յաւիտեան։
24 Ինչո՞ւ երեսդ կը ծածկես,
Մեր տրտմութիւնը ու տառապանքը կը մոռնաս։
25 Վասն զի մեր անձը մինչեւ հողը ծռեցաւ,
Մեր փորը գետինը փակաւ։
26 Ելի՛ր, օգնէ՛ մեզի
Ու ազատէ՛ մեզ քու անուանդ համար։
45
ԵՐԳ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻ ՄԸ
Կորխի որդիներուն քերթուածը. երգ սիրոյ
1 Իմ սրտէս բարի խօսք կը բղխի
Շարադրածս թագաւորին համար է,
Իմ լեզուս արագագիր դպիրին գրչին պէս է։
2 Դուն մարդոց որդիներէն աւելի գեղեցիկ ես.
Քու շրթունքներէդ շնորհք կը հոսի.
Անոր համար Աստուած քեզ օրհնեց յաւիտեան։
3 Ո՛վ Հզօր, թուրդ մէջքդ կապէ
Քու փառքովդ ու վայելչութիւնովդ։
4 Ու քու վայելչութիւնովդ յառաջացիր։
Ճշմարտութեան ու հեզութեան եւ արդարութեան համար հեծիր
Ու քու աջ ձեռքդ քեզի ահաւոր բաներ պիտի սորվեցնէ։
5 Քու նետերդ սուր են
Ու թագաւորին թշնամիներուն սրտին մէջ մխուած են։
Ժողովուրդները քու տակդ պիտի իյնան։
6 Ո՛վ Աստուած, քու աթոռդ յաւիտեանս յաւիտենից կը տեւէ։
Քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է։
7 Արդարութիւնը կը սիրես ու անօրէնութիւնը կ՚ատես.
Անոր համար, Աստուած, քու Աստուածդ,
Ուրախութեան իւղով քեզ օծեց քու ընկերներէդ աւելի։
8 Քու բոլոր հանդերձներդ զմուռս ու հալուէ եւ կասիա կը բուրեն.
Փղոսկրէ պալատներէն նուագարաններուն լարերը քեզ ուրախացուցին։
9 Թագաւորներու աղջիկները քու պատուոյ տիկիններուդ մէջ են.
Թագուհին քու աջ կողմդ կը կանգնի Ոփիրի ոսկիով զարդարուած։
10 Ո՛վ աղջիկ, լսէ՛ ու տե՛ս եւ քու ականջդ ծռէ՛.
Մոռցի՛ր քու ժողովուրդդ ու քու հօրդ տունը։
11 Այն ատեն թագաւորը պիտի ցանկայ քու գեղեցկութեանդ,
Վասն զի ան է քու տէրդ, ուստի խոնարհիր անոր առջեւ։
12 Տիւրոսի աղջիկը ու ժողովուրդին հարուստները
Ընծայով պիտի խնդրեն քու շնորհքդ։
13 Թագաւորին աղջիկը փառաւոր է,
Ոսկի թելով հիւսուած է իր հանդերձը։
14 Նկարազարդ հանդերձով պիտի բերուի թագաւորին.
Անոր ընկերացող աղջիկները քեզի պիտի բերուին։
15 Ցնծութիւնով եւ ուրախութիւնով պիտի բերուին,
Թագաւորին պալատը պիտի մտնեն։
16 Քու հայրերուդ տեղը որդիներդ պիտի ըլլան.
Բոլոր երկրի մէջ իշխաններ պիտի ընես զանոնք։
17 Քու անունդ հռչակել պիտի տամ ազգէ մինչեւ ազգ.
Անոր համար ժողովուրդները քեզ պիտի գովեն յաւիտեանս յաւիտենից։
46
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ Է
Կորխի որդիներուն երգը
1 Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է.
Նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու։
2 Անոր համար պիտի չվախնանք, թէեւ երկիրը փոխուի
Ու լեռները ծովուն մէջտեղը ձգուին,
3 Թէեւ անոր ջուրերը գոռան ու պղտորին,
Լեռները դողան անոր ուռենալովը։ (Սէլա։)
4 Գետին վտակները պիտի ուրախացնեն Աստուծոյ քաղաքը,
Բարձրելոյն սուրբ բնակարանները։
5 Աստուած անոր մէջ է, անիկա պիտի չսասանի.
Աստուած անոր պիտի օգնէ առտուն կանուխ։
6 Հեթանոսները կը խռովին, թագաւորութիւնները կը շարժին.
Բարձրեալը իր ձայնը կու տայ, երկիր կը հալի։
7 Զօրաց Տէրը մեզի հետ է.
Յակոբին Աստուածը մեր ապաւէնն է։ (Սէլա։)
8 Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջը գործերը,
Որ աւերումներ ըրաւ երկրի մէջ։
9 Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը.
Աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ՚այրէ։
10 Հանդարտ կեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք թէ՝ ես եմ Աստուած.
Հեթանոսներուն մէջ պիտի բարձրանամ, երկրի վրայ պիտի բարձրանամ։
11 Զօրաց Տէրը մեզի հետ է,
Յակոբին Աստուածը մեզի ապաւէն է։ (Սէլա։)
47
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՇԽՈՂԸ
Կորխի որդիներուն Սաղմոսը
1 Ծափ զարկէ՛ք, ժողովուրդնե՛ր,
Ցնծութեան ձայնով Աստուծոյ աղաղակեցէ՛ք։
2 Վասն զի Տէրը Բարձրեալ եւ Ահարկու է.
Բոլոր երկրի վրայ Մեծ Թագաւոր է։
3 Ժողովուրդները մեզի կը հնազանդեցնէ
Ու ազգերը մեր ոտքերուն տակ կը դնէ։
4 Ընտրեց մեզի մեր ժառանգութիւնը,
Յակոբին փառաւորութիւնը՝ որ ինք սիրեց։ (Սէլա։)
5 Աստուած ցնծութիւնով վեր ելաւ,
Տէրը՝ փողի ձայնով։
6 Սաղմոս երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք.
Սաղմոս երգեցէք մեր Թագաւորին. սաղմոս երգեցէ՛ք.
7 Վասն զի Աստուած թագաւոր է բոլոր երկրի վրայ։
Երգ երգեցէ՛ք անոր։
8 Աստուած ազգերուն վրայ կը թագաւորէ,
Աստուած կը նստի իր սուրբ աթոռին վրայ։
9 Ժողովուրդին իշխանները հաւաքուեցան
Աբրահամին Աստուծոյն ժողովուրդին հետ
Վասն զի երկրին ասպարները Աստուծոյն են.
Ինք խիստ բարձրացած է։
48
ՍԻՕՆ, ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՔԱՂԱՔԸ
Կորխի որդիներուն երգն ու Սաղմոսը
1 Տէրը մեծ է ու խիստ օրհնեալ է
Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ,
Իր սուրբ լերանը վրայ։
2 Գեղեցիկ բարձրութիւնով,
Բոլոր երկրին ուրախութիւնը՝
Հիւսիսային կողմերը եղող Սիօն լեռն է,
Մեծ Թագաւորին քաղաքը։
3 Աստուած անոր պալատներուն մէջ
Իբր ապաւէն ճանչցուած է։
4 Վասն զի ահա թագաւորները հաւաքուեցան,
Անոնք միացան իրարու։
5 Անոնք տեսան ու զարմացան.
Զարհուրեցան ու շուտով փախան։
6 Հոն դող մը բռնեց զանոնք
Ու ցաւը՝ զաւակ ծնանողի ցաւի պէս։
7 Արեւելեան հովով
Թարսիսի նաւերը կը խորտակես։
8 Ինչպէս լսեցինք, այնպէս ալ տեսանք
Զօրութիւններու Տէրոջը քաղաքին մէջ,
Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ.
Աստուած զանիկա պիտի հաստատէ յաւիտեան։ (Սէլա։)
9 Ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ վրայ կը մտածենք
Քու տաճարիդ մէջ։
10 Քու գովութիւնդ, ո՛վ Աստուած,
Քու անուանդ պէս մինչեւ երկրի ծայրերն է.
Արդարութիւնով լեցուն է քու աջ ձեռքդ։
11 Սիօն լեռը թող ուրախանայ,
Ու Յուդային աղջիկները թող ցնծան
Քու դատաստաններուդ համար։
12 Սիօնին չորս կողմը պտըտեցէ՛ք
Ու անոր բոլորտիքը շարուեցէ՛ք
Ու աշտարակները համրեցէ՛ք.
13 Ուշադրութեամբ դիտեցէ՛ք անոր պարիսպները,
Անոր պալատները զննեցէ՛ք,
Որպէս զի գալու ազգին պատմէք։
14 Վասն զի այս Աստուածը մեր Աստուածն է յաւիտեանս յաւիտենից.
Անիկա պիտի առաջնորդէ մեզ մինչեւ ի մահ։
49
ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍՏԱՀԵԼՈՒ ՅԻՄԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Կորխի որդիներուն Սաղմոսը
1 Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ բոլոր ազգեր,
Ակա՛նջ դրէք, աշխարհի բոլոր բնակիչներ,
2 Ռամիկներ ու ազնուականներ,
Հարուստներ ու աղքատներ մէկտեղ։
3 Բերանս իմաստութիւն պիտի խօսի
Ու սրտիս խորհուրդները՝ հանճար։
4 Իմ ականջս առակի պիտի ծռեմ,
Հանելուկս քնարով պիտի լուծեմ։
5 Ինչո՞ւ վախնամ չար օրերու մէջ
Երբ դարանակալներու անօրէնութիւնը չորս կողմս կը պատէ։
6 Իրենց զօրութեանը յուսացողներէն
Ու իրենց հարստութեանը շատութիւնովը հպարտացողներէն
7 Մէկը բնաւ չի կրնար փրկել իր եղբայրը,
Ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել,
8 (Քանզի սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը,
Երբեք կարելի չէ գոհացնել։)
9 Որպէս զի ապրի յաւիտեան
Ու ապականութիւն չտեսնէ։
10 Վասն զի կը տեսնէ թէ իմաստունները կը մեռնին,
Յիմարը ու անխելքը մէկտեղ կը կորսուին
Ու իրենց ստացուածքները ուրիշներուն կը թողուն։
11 Անոնք կը կարծեն թէ իրենց տուները յաւիտեան պիտի մնան
Ու իրենց բնակարանները՝ ազգէ մինչեւ ազգ.
Երկիրները իրենց անուններովը կը կոչեն։
12 Բայց մարդը պատուոյ մէջ չի մնար,
Անասուններուն նման է, որոնք կը կորսուին։
13 Անոնց այս ճամբան իրենց յիմարութիւն է,
Սակայն անոնց ետեւէն եկողները անոնց խօսքէն պիտի հաճոյանան։ (Սէլա։)
14 Անոնք ոչխարներու պէս գերեզմանը պիտի դրուին։
Մահը անոնց հովիւը պիտի ըլլայ։
Ուղիղը զանոնք գերեզմանը պիտի իջեցնէ.
Առտուն անոնց կերպարանքը պիտի կորսուի.
Գերեզմանը անոնց բնակարան պիտի ըլլայ։
15 Սակայն Աստուած գերեզմանին իշխանութենէն պիտի փրկէ իմ անձս,
Վասն զի զիս պիտի ընդունի։ (Սէլա։)
16 Մի՛ վախնար, երբ մարդ մը հարստանայ
Ու անոր տանը փառքը շատնայ.
17 Վասն զի մեռնելու ատենը ամենեւին բան մը իրեն հետ պիտի չտանի
Ու իր փառքը իր ետեւէն պիտի չիջնէ։
18 Թէպէտեւ իր կենդանութեան զինք երջանիկ կը կարծէր։
(Ու մարդ կը գովուի, երբ իր անձին աղէկութիւն կ՚ընէ։)
19 Սակայն իր նախահայրերուն պիտի երթայ
Ու ալ երբեք լոյս պիտի չտեսնեն։
20 Մարդը, որ պատուոյ մէջ եղած ատեն իմաստուն չեղաւ՝
Անասուններու կը նմանի, որոնք կը կորսուին։
50
ՃՇՄԱՐԻՏ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ
Սաղմոս Ասափի
1 Աստուածներուն Աստուածը, Տէրը, խօսեցաւ
Ու երկիրը կանչեց արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք։
2 Սիօնէն, գեղեցկութեան կատարելութենէն,
Աստուած փայլեցաւ։
3 Մեր Աստուածը պիտի գայ ու պիտի չլռէ.
Անոր առջեւ մաշող կրակ,
Ու բոլորտիքը սաստիկ փոթորիկ պիտի ըլլայ։
4 Վերէն պիտի կանչէ երկինքը
Ու երկիրը՝ իր ժողովուրդը դատելու համար։
5 «Ինծի հաւաքեցէք իմ սուրբերս
Ու ինծի հետ զոհով ուխտ ընողները»։
6 Երկինքները անոր արդարութիւնը պիտի պատմեն,
Վասն զի Աստուած ինք դատաւոր է։ (Սէլա։)
7 «Լսէ՛, ով իմ ժողովուրդս ու խօսիմ,
Ով Իսրայէլ ու քեզի վկայութիւն ընեմ,
Թէ ես եմ Աստուած, քու Աստուածդ։
8 Ոչ թէ քու զոհերուդ համար քեզ կը յանդիմանեմ
Ու քու ողջակէզներուդ համար՝ որոնք միշտ իմ առջեւս են։
9 Քու տունէդ զուարակ չեմ առներ,
Ոչ ալ քու գոմերէդ՝ նոխազներ։
10 Վասն զի իմս են անտառին բոլոր գազանները,
Հազարաւոր լեռներուն անասունները։
11 Ես կը ճանչնամ լեռներուն բոլոր թռչունները
Ու դաշտի գազանները իմ քովս են»։
12 «Եթէ անօթենամ՝ քեզի պիտի չըսեմ.
Վասն զի աշխարհ ու անոր լիութիւնը իմս է։
13 Միթէ ես ցուլերու միս կ՚ուտե՞մ
Կամ նոխազներու արիւն կը խմե՞մ։
14 Շնորհակալութեան զոհ մատուցանէ Աստուծոյ,
Ու քու ուխտերդ կատարէ Բարձրելոյն
15 Ու նեղութեան օրը ինծի կանչէ.
Ես քեզ պիտի ազատեմ ու դուն զիս պիտի փառաւորես»։
16 Սակայն Աստուած ամբարշտին կ՚ըսէ.
«Քեզ ի՞նչ՝ որ դուն իմ օրէնքներս կը պատմես
Ու իմ ուխտս բերանդ կ՚առնես։
17 Վասն զի դուն խրատը ատեցիր
Ու իմ խօսքերս ետիդ ձգեցիր.
18 Գողը տեսնելով՝ անոր հետ միաբանեցար
Ու շնացողներուն հետ բաժին ունեցար.
19 Քու բերանդ չարութեան տուիր,
Ու քու լեզուդ նենգութիւն կը հնարէ.
20 Կը նստիս եղբորդ դէմ կը խօսիս,
Մօրդ որդիին դէմ չարախօսութիւն կ՚ընես։
21 Այս բաները ըրիր ու ես լռեցի.
Կարծեցիր թէ ես բոլորովին քեզի կը նմանիմ,
Բայց քեզ պիտի յանդիմանեմ
Ու աչքերուդ առջեւ պիտի շարեմ քու ըրածներդ։
22 Արդ, իմացէ՛ք ասիկա, ո՛վ դուք Աստուած մոռցողներ.
Չըլլայ որ ձեզ պատռեմ եւ ազատող մըն ալ չգտնուի։
23 Շնորհակալութիւն մատուցանողը զիս կը փառաւորէ.
Ու իր ճամբուն զգուշութիւն ընողին
Պիտի ցուցնեմ Աստուծոյ փրկութիւնը»։
51
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՆԵՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը Նաթան մարգարէին եկած ժամանակը
1 Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ համեմատ,
Քու առատ գթութեանդ համեմատ ջնջէ իմ յանցանքներս։
2 Իմ անօրէնութենէս բոլորովին զիս լուա
Ու իմ մեղքէս զիս սրբէ։
3 Վասն զի ես կը ճանչնամ իմ յանցանքներս
Ու իմ մեղքս միշտ իմ առջեւս է։
4 Քեզի՛՝ միա՛յն քեզի դէմ մեղանչեցի
Եւ քու աչքերուդ առջեւ չարութիւն ըրի,
Որպէս զի արդար ըլլաս խօսքերուդ մէջ
Ու անարատ ըլլաս դատաստանիդ մէջ։
5 Ահա ես անօրէնութիւնով ծնայ
Ու իմ մայրս մեղքով յղացաւ զիս։
6 Ահա դուն ճշմարտութիւն կ՚ուզես երիկամունքներու մէջ.
Ու ծածուկ տեղը իմաստութիւնդ պիտի յայտնես ինծի։
7 Զոպայի մշտիկով մաքրէ զիս ու մաքուր պիտի ըլլամ։
Զիս լուայ ու ձիւնէն աւելի ճերմակ պիտի ըլլամ։
8 Ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցուր զիս։
Թող ցնծան այն ոսկորները, որոնք կոտրեցիր։
9 Իմ մեղքերէս երեսդ ծածկէ՛
Ու բոլոր անօրէնութիւններս ջնջէ՛։
10 Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛
Եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ։
11 Զիս երեսէդ մի՛ ձգեր
Ու քու Սուրբ Հոգիդ ինծմէ մի՛ առներ։
12 Քու փրկութեանդ ցնծութիւնը ինծի վերադարձո՛ւր
Ու կամաւոր հոգի մը թող հաստատէ՛ զիս։
13 Ամբարիշտներուն պիտի սորվեցնեմ քու ճամբաներդ
Ու մեղաւորները քեզի պիտի դառնան։
14 Ո՛վ Աստուած, իմ փրկութեանս Աստուածը,
Փրկէ՛ զիս արիւնահեղութենէ.
Լեզուս ցնծութեամբ պիտի խօսի քու արդարութեանդ վրայով։
15 Ո՛վ Տէր, իմ շրթունքներս բա՛ց
Ու բերանս պիտի պատմէ քու գովութիւնդ։
16 Վասն զի զոհի չես հաճիր, որ զանիկա մատուցանեմ։
Դուն ողջակէզի ա՛լ չես հաճիր։
17 Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է.
Կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր։
18 Քու բարեսրտութիւնովդ Սիօնի բարիք ըրէ,
Երուսաղէմի պարիսպները շինէ։
19 Այն ատեն պիտի հաճիս արդարութեան զոհերուն,
Ողջակէզներուն ու բոլորովին այրուած զոհերուն.
Այն ատեն քու սեղանիդ վրայ զուարակներ պիտի մատուցանեն։
52
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՇՀՈՐՀՔԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը, երբ Դովեկ իմացուց Սաւուղին թէ Դաւիթ Աքիմելէքին տունն է
1 Ինչո՞ւ անօրէնութիւնով կը պարծիս, ո՛վ բռնաւոր.
Աստուծոյ ողորմութիւնը յաւիտենական է։
2 Լեզուդ չարութիւններ կը հնարէ
Եւ սուր ածելիի պէս նենգութիւն կը գործէ։
3 Չարութիւնը բարութենէն աւելի կը սիրես
Ու ստութիւնը՝ արդարութիւն խօսելէն աւելի։ (Սէլա։)
4 Ամէն կործանման խօսք
Ու նենգաւոր լեզու կը սիրես։
5 Ուստի Աստուած յաւիտեան քեզ պիտի կործանէ,
Քեզ պիտի բռնէ ու քեզ հանէ քու բնակարանէդ
Ու քեզ արմատէդ պիտի խլէ կենդանիներուն երկրէն։ (Սէլա։)
6 Արդարները պիտի տեսնեն ու վախնան
Ու անոր վրայ պիտի ծիծաղին՝ ըսելով.
7 «Ահա այն մարդը, որ Աստուած իրեն ապաւէն չըրաւ,
Հապա իր շատ հարստութեանը վստահեցաւ
Ու իր անօրէնութիւնովը զօրացաւ»։
8 Սակայն ես Աստուծոյ տանը մէջ կանանչ ձիթենիի պէս եմ.
Աստուծոյ ողորմութեանը կը յուսամ յաւիտեանս յաւիտենից։
9 Քեզ պիտի գովեմ յաւիտեան,
Որ այս բանը կատարեցիր
Ու քու անուանդ պիտի յուսամ,
Վասն զի բարի է սուրբերուդ առջեւ։
53
ՄԱՐԴՈՑ ԱՆԶԳԱՄՈՒԹԻՒՆԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը
1 Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ. «Աստուած չկայ»։
Ապականեցան պիղծ անօրէնութիւն ընելով։
Մէ՛կը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։
2 Աստուած երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն վրայ,
Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը,
Որ Աստուած փնտռէ։
3 Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան.
Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։
4 Միթէ չե՞ն ճանչնար անօրէնութիւն ընողները,
Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ՚ուտեն
Ու Աստուծոյ չեն կանչեր։
5 Անոնք հո՛ն շատ վախցան՝ ուր վախ չկար.
Վասն զի քեզ պաշարողներուն ոսկորները ցրուեց Աստուած։
Անոնք պիտի ամչնան եւ ամօթով մնան, վասն զի Աստուած անարգեց զանոնք։
6 Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլի փրկութիւնը։
Աստուծոյ՝ իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝
Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։
54
ԱՂՕԹՔ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԷՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը, երբ Զիփացիք ըսին Սաւուղին. «Ահա Դաւիթ մեր քով պահուած է»։
1 Ո՛վ Աստուած, քու անունովդ զիս ազատէ
Ու քու զօրութիւնովդ իրաւունք ըրէ ինծի։
2 Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս։
Բերնիս խօսքերուն ականջ դիր,
3 Վասն զի օտարները իմ վրաս ելան
Ու բռնաւորները կը փնտռեն իմ անձս
Ու Աստուած իրենց առջեւ չդրին։ (Սէլա։)
4 Ահա Աստուած ինծի օգնական է։
Տէրը իմ հոգիիս պաշտպաններուն հետ է։
5 Չարութիւնը թշնամիներուս վրայ պիտի դարձնէ։
Քու ճշմարտութիւնովդ կորսնցուր զանոնք։
6 Ես իմ կամքովս քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ,
Ո՛վ Տէր, քու անունդ պիտի գովեմ, վասն զի բարի է,
7 Վասն զի ամէն նեղութենէ զիս փրկեց
Ու իմ աչքս թշնամիներուս կորուստը տեսաւ։
55
ԲԱՐԵԿԱՄԷ ՄԸ ՄԱՏՆՈՒԱԾԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը
1 Ո՛վ Աստուած, ականջ դիր իմ աղօթքիս
Ու իմ խնդրուածքէս քու երեսդ մի՛ ծածկեր։
2 Մտի՛կ ըրէ ու պատասխանէ՛ ինծի։
Իմ գանգատովս կը մոլորիմ ու կը խռովիմ,
3 Թշնամիին ձայնէն ու ամբարշտին նեղութիւն տալէն,
Վասն զի իմ վրաս անիրաւութիւն կը բերեն
Ու բարկութիւնով զիս կը հալածեն։
4 Սիրտս դողաց իմ ներսիդիս
Ու մահուան արհաւիրքները իմ վրաս ինկան։
5 Վախ ու դող եկաւ իմ վրաս
Ու սոսկումը զիս ծածկեց
6 Ու ըսի. «Երանի՜ թէ աղաւնիի թեւեր ունենայի,
Որպէս զի թռչէի ու հանգիստ ըլլայի։
7 Հեռուն պիտի փախչէի,
Անապատին մէջ պիտի բնակէի։ (Սէլա։)
8 Սաստիկ հովէն ու փոթորիկէն
Փախչիլ պիտի արտորայի, ապաստան մը գտնելու համար»։
9 Ո՛վ Տէր, կորսնցո՛ւր, անոնց լեզուները բաժնէ՛,
Վասն զի քաղաքին մէջ բռնութիւն ու կռիւ տեսայ։
10 Ցորեկ ու գիշեր անոր չորս կողմը, անոր պարիսպներուն վրայ կը պտըտին.
Անօրէնութիւն ու չարիք կայ անոր մէջ։
11 Անոր մէջ եղեռնագործութիւն կայ
Եւ բռնութիւնը ու նենգութիւնը անոր հրապարակներէն չեն հեռանար,
12 Վասն զի թշնամին չէր զիս նախատողը, որ համբերէի.
Կամ ատողը չէր իմ վրաս հպարտացողը, որ անկէ պահուէի։
13 Հապա դո՛ւն, ո՛վ մարդ, իմ հաւասա՛րս,
Իմ ընկե՛րս ու ճանչուո՛րս,
14 Որ իրարու հետ անոյշ խօսակցութիւն կ՚ունենայինք
Եւ բազմութեան հետ Աստուծոյ տունը կ՚երթայինք։
15 Մահը յանկարծ անոնց վրայ պիտի հասնի
Ու ողջ ողջ գերեզմանը պիտի իջնեն,
Վասն զի իրենց բնակարաններուն ու իրենց մէջ չարութիւն կայ,
16 Իսկ ես Աստուծոյ պիտի կանչեմ
Ու Տէրը զիս պիտի փրկէ։
17 Իրիկունը, առտուն ու կէսօրը պիտի գանգատիմ ու հառաչեմ։
Անիկա պիտի լսէ իմ ձայնս։
18 Խաղաղութիւնով պիտի փրկէ իմ անձս այն պատերազմէն, որ կը մղեմ,
Վասն զի շատ թշնամիներ ինծի կը մօտենան։
19 Աստուած պիտի լսէ
Ու յաւիտենականութեան մէջ բնակողը պիտի խոնարհեցնէ զանոնք. (Սէլա.)
Որովհետեւ չեն փոխուիր անոնք
Ու Աստուծմէ չեն վախնար։
20 Ձեռքը իրեն հետ հաշտ եղողներուն վրայ երկնցուց,
Իր ուխտը աւրեց։
21 Անոր բերնին խօսքերը կոգիէն կակուղ են,
Բայց անոր սրտին մէջ պատերազմ կայ։
Անոր խօսքերը ձեթէն կակուղ են,
Բայց մերկ սուրեր են։
22 Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛
Ու ան քեզ պիտի խնամէ.
Անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ։
23 Բայց դուն, ո՛վ Աստուած, զանոնք ապականութեան գուբին մէջ պիտի իջեցնես.
Արիւնահեղ ու նենգաւոր մարդիկ օրերնուն կիսուն պիտի չհասնին,
Սակայն ես քեզ պիտի յուսամ։
56
ԱՂՕԹՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը, երբ Փղշտացիք բռնեցին զանիկա
1 Ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի,
Վասն զի մարդը կ՚ուզէ զիս կլլել.
Ամէն օր պատերազմ ընելով զիս կը նեղէ։
2 Թշնամիներս ամէն օր կ՚ուզեն զիս կլլել,
Վասն զի շատ մարդիկ ամբարտաւանութիւնով ինծի հետ կը մարտնչին։
3 Երբ վախնամ քեզի պիտի յուսամ։
4 Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը.
Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ.
Մարմինը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։
5 Ամէն օր իմ բաներուս վնաս կու տան,
Իմ վրայովս անոնց բոլոր խորհուրդները չարիքի համար են։
6 Կը հաւաքուին ու կը պահուին,
Իմ շաւիղներս կը դիտեն,
Վասն զի իմ անձիս կը սպասեն։
7 Միթէ անօրէնութիւնով անոնց փրկութիւն կ՚ըլլա՞յ.
Բարկութիւնով ժողովուրդները վար ձգէ՛, ո՛վ Աստուած։
8 Իմ թափառական պտըտիլս համրեցիր,
Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր։
Միթէ անոնք քու գրքիդ մէջ գրուած չե՞ն։
9 Երբ քեզի կանչեմ, ետ պիտի դառնան իմ թշնամիներս.
Գիտեմ թէ Աստուած ինծի հետ է։
10 Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը,
Տէրոջմով պիտի գովեմ իր խօսքը։
11 Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ.
Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։
12 Ո՛վ Աստուած, քեզի հետ ունեցած ուխտս պիտի կատարեմ։
Քեզի շնորհակալութեան զոհ պիտի մատուցանեմ,
13 Որովհետեւ իմ անձս մահուանէ ազատեցիր։
Ոտքերս ալ անկումէ չե՞ս ազատեր,
Որպէս զի Աստուծոյ առջեւ քալեմ կեանքի լոյսին մէջ։
57
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը. Սաւուղի երեսէն փախած ատեն
1 Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի,
Վասն զի իմ անձս քեզի կը յուսայ։
Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը պիտի ապաւինիմ,
Մինչեւ որ թշուառութիւնները անցնին։
2 Բարձրեալ Աստուծոյն պիտի աղաղակեմ,
Իմ բարերար Աստուծոյս։
3 Երկնքէն պիտի ղրկէ ու փրկէ՛ զիս
Ու զիս կլլել ուզողները պիտի նախատէ. (Սէլա.)
Աստուած պիտի ղրկէ իր ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը։
4 Իմ անձս առիւծներու մէջ է.
Բոց փչող մարդոց որդիներուն մէջ կը պառկիմ,
Որոնց ակռաները նիզակներ ու նետեր են
Եւ անոնց լեզուները սրած թուրեր են։
5 Ո՛վ Աստուած, երկնքի վրայ բարձրացիր.
Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։
6 Իմ քայլերուս որոգայթ պատրաստեցին,
Անձս խոնարհեցաւ,
Փոս փորեցին առջեւս,
Բայց իրենք ինկան անոր մէջ։ (Սէլա։)
7 Սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած, սիրտս պատրաստ է.
Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ։
8 Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ փառքս.
Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար.
Ես կանուխ պիտի արթննամ։
9 Ո՛վ Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ եւ
Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ.
10 Վասն զի մեծ է քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք
Ու քու ճշմարտութիւնդ մինչեւ ամպերը։
11 Երկնքի վրայ բարձրացիր, ո՛վ Աստուած,
Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։
58
ԱՂՕԹՔ ՉԱՐԸ ՊԱՏԺԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը
1 Իրաւցընէ անբարբառ արդարութի՞ւն կը խօսիք,
Ուղղութիւնով դատաստա՞ն կը տեսնէք, ո՛վ մարդոց որդիներ։
2 Արդարեւ սրտով անօրէնութիւններ կը գործէք,
Երկրի վրայ ձեռքերով բռնութիւն կը բանեցնէք։
3 Ամբարիշտները իրենց մօրը արգանդէն խոտորեցան,
Որովայնէն մոլորեցան եւ սուտ խօսեցան։
4 Անոնց թոյնը օձի թոյնի պէս է,
Խուլ իժի պէս, որ կը գոցէ իր ականջները,
5 Որ չի լսեր թովիչներուն ձայնը,
Թէեւ վարպետութեամբ կը հմայեն։
6 Ո՛վ Աստուած, անոնց ակռաները իրենց բերաններուն մէջ փշրէ։
Ո՛վ Տէր, առիւծի կորիւններուն ժանիքները կոտրտէ։
7 Թող անոնք հալին ջուրերու պէս, որ կը հոսին.
Երբ իրենց աղեղները լարեն, թող կոտրտին։
8 Խխունջի պէս՝ որ քալած ատենը կը հալի,
Կնոջ մը վիժած զաւակին պէս արեւը չտեսնեն։
9 Ձեր կաթսաներուն՝ փուշերուն կրակը զգալէն առաջ,
Թէ՛ թարմ եւ թէ՛ այրուող փուշերը փոթորիկով պիտի ցրուէ։
10 Արդարը պիտի ուրախանայ, երբ վրէժխնդրութիւնը տեսնէ.
Իր ոտքերը ամբարշտին արիւնին մէջ պիտի լուայ։
11 Ու մարդը պիտի ըսէ. «Իրաւցընէ արդարին համար վարձք կայ.
Իրաւցընէ Աստուած կայ, որ երկրի վրայ դատաւոր է»։
59
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը. երբ իր տունը պաշարեցին զինք մեռցնելու համար
1 Թշնամիներէս զիս փրկէ՛, ո՛վ իմ Աստուածս.
Իմ վրաս ելնողներէն զիս պաշտպանէ՛։
2 Անօրէնութիւն գործողներէն զիս ազատէ՛
Ու արիւնահեղ մարդոցմէն զիս փրկէ՛։
3 Վասն զի ահա իմ անձիս համար դարանը մտան,
Զօրաւոր մարդիկ իմ վրաս հաւաքուեցան։
Ո՛չ թէ մեղքիս ու յանցանքիս համար, ո՛վ Տէր։
4 Մեղք չունեցած ատենս ալ վրաս վազեցին ու պատրաստուեցան.
Արթնցի՛ր, զիս դիմաւորէ՛ եւ նայէ՛։
5 Ո՛վ Տէր Աստուած զօրութեան, Աստուած Իսրայէլի,
Արթնցի՛ր եւ բոլոր հեթանոսները քննէ՛։
Չար անօրէններուն բնաւ մի՛ ողորմիր։ (Սէլա։)
6 Անոնք իրիկունը ետ կու գան,
Շան պէս կ՚ոռնան
Ու քաղաքին չորս կողմը կը պտըտին։
7 Ահա իրենց բերնէն չարութիւն դուրս կը թափեն,
Անոնց շրթունքներուն վրայ սուրեր կան,
Վասն զի կ՚ըսեն. «Ո՞վ պիտի լսէ»։
8 Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր, անոնց վրայ պիտի ծիծաղիս։
Բոլոր հեթանոսները ծաղր պիտի ընես։
9 Ո՛վ իմ զօրութիւնս, քեզի պիտի սպասեմ,
Վասն զի Աստուած է իմ ապաւէնս։
10 Ողորմութեանս Աստուածը ինծի պիտի հասնի.
Աստուած պիտի ցուցնէ ինծի թշնամիներուս կորուստը։
11 Մի՛ մեռցներ զանոնք, որպէս զի ժողովուրդս չմոռնայ.
Զանոնք ցիրուցան ըրէ՛ քու զօրութիւնովդ
Ու վար ձգէ՛ զանոնք, ո՛վ Տէր, մեր վահանը։
12 Անոնք իրենց բերաններուն մեղքին ու շրթունքներուն խօսքին համար
Իրենց ամբարտաւանութեանը մէջ թող բռնուին,
Նաեւ անէծքին ու սուտին համար որ կը խօսին։
13 Կորսնցո՛ւր բարկութիւնով, կորսնցո՛ւր զանոնք՝ որպէս զի ոչնչանան
Ու գիտնան թէ Աստուած կը տիրէ Յակոբին վրայ
Մինչեւ երկրին ծայրերը։ (Սէլա։)
14 Անոնք իրիկունը ետ կու գան,
Շան պէս ոռնալով,
Քաղաքին չորս կողմը կը պտըտին։
15 Ուտելիքի համար պիտի թափառին,
Եթէ չկշտանան՝ գիշերը այնպէս պիտի անցնեն։
16 Բայց ես քու զօրութիւնդ պիտի փառաբանեմ
Ու առտուն քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ,
Վասն զի դուն ինծի պահապան եղար
Ու ապաւէն՝ իմ նեղութեանս օրը։
17 Ո՛վ իմ զօրութիւնս, քեզի սաղմոս պիտի երգեմ,
Վասն զի իմ պաշտպանս Աստուած է,
Իմ ողորմութեանս Աստուածը։
60
ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը. երբ տասներկու հազար հոգի զարկաւ
1 Ո՛վ Աստուած, մեզ երեսէ ձգեցիր,
Մեզի բարկացար ու ցրուեցիր։
Մեզի դարձիր։
2 Երկիրը դողացուցիր, զանիկա պատռեցիր։
Անոր փլած տեղերը նորոգէ՛, վասն զի կ՚երերայ։
3 Քու ժողովուրդիդ խստութիւն ցուցուցիր.
Մեզի թմրութեան գինի խմցուցիր։
4 Քեզմէ վախցողներուն դրօշակ տուիր,
Ճշմարտութեան համար վերցնելու,
5 Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին։
Աջ ձեռքովդ ապրեցո՛ւր ու պատասխան տո՛ւր ինծի։
6 Աստուած իր սրբութիւնովը խօսեցաւ, ուստի
Ես պիտի ցնծամ, Սիւքէմը պիտի բաժնեմ
Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ։
7 Իմս է Գաղաադը ու իմս է Մանասէն,
Եփրեմը գլխուս զօրութիւնն է.
Յուդան իմ օրէնսդիրս է։
8 Մովաբը իմ լուացուելու ամանս է.
Եդովմին վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս։
Ո՛վ Փղշտացիներ, ինծի համար ձայնով ցնծացէ՛ք։
9 Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը.
Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչեւ Եդովմ։
10 Չէ՞ որ դուն, ո՛վ Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ
Ու մեր զօրքերուն հետ չելար, ո՛վ Աստուած։
11 Նեղութեան մէջ մեզի օգնութիւն տուր.
Վասն զի փուճ է մարդուն փրկութիւնը։
12 Աստուծմով քաջութիւն պիտի ընենք.
Ու ան պիտի արհամարհէ մեր թշնամիները։