Skip to main content

Երեմիայ (30-52)


ՏԷՐՈՋԸ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
1 Տէրոջը կողմանէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ՝ 2 Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կը խօսի ու կ՚ըսէ. «Բոլոր քեզի ըսած խօսքերս գրքի մը մէջ գրէ՛. 3 Քանզի ահա օրեր պիտի գան, երբ իմ ժողովուրդս Իսրայէլն ու Յուդան գերութենէ պիտի դարձնեմ ու զանոնք իրենց հայրերուն տուած երկիրս պիտի դարձնեմ, որ զանիկա ժառանգեն»։
4 Եւ Իսրայէլի համար ու Յուդայի համար Տէրոջը ըսած խօսքերը ասոնք են.
5 «Սոսկալի ձայն մը լսեցինք,
Վախ կայ ու խաղաղութիւն չկայ։
6 Հիմա հարցուցէ՛ք ու տեսէ՛ք,
Թէ արդեօք այր մարդը զաւակ կը ծնանի՞.
Ինչո՞ւ համար ամէն կտրիճ
Ծննդական կնոջ պէս ձեռքերը մէջքը դրած
Ու բոլորին երեսները դեղնած կը տեսնեմ։
7 Վա՜յ, քանզի անիկա մեծ օր է, անոր պէս չկայ։
Անիկա Յակոբին նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ,
Բայց անկէ պիտի ազատի։
8 «Վասն զի այն օրը, կ՚ըսէ զօրքերու Տէրը,
Անոր լուծը անոնց պարանոցէն պիտի կոտրեմ
Եւ կապերը պիտի փրցնեմ
Ու անգամ մըն ալ օտարներուն պիտի չծառայեն.
9 Հապա անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն
Ու Դաւիթ թագաւորին ծառայութիւն պիտի ընեն,
Որ ես պիտի հանեմ անոնց։
10 «Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, մի՛ վախնար
Ու ո՛վ Իսրայէլ, մի՛ զարհուրիր.
Քանզի ահա ես քեզ պիտի պահեմ
Եւ քու սերունդդ իրենց գերութեանը երկրէն պիտի ազատեմ։
Յակոբ պիտի դառնայ եւ հանդարտ ու հանգիստ պիտի ըլլայ
Եւ զանիկա վախցնող պիտի չըլլայ։
11 «Վասն զի ես քեզ ազատելու համար քեզի հետ եմ, կ՚ըսէ Տէրը.
Քանզի պիտի սպառեմ այն բոլոր ազգերը,
Որոնց մէջ քեզ ցրուեցի,
Բայց քեզ պիտի չսպառեմ,
Հապա քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ,
Սակայն քեզ բոլորովին պիտի չհանեմ»։
12 Վասն զի Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Քու հարուածդ անբժշկելի է ու վէրքդ անդարմանելի է.
13 Զանիկա դարմանելու համար քու դատդ տեսնող մը չկայ.
Քեզի համար դեղ ու սպեղանի չկայ։
14 Քու բոլոր հոմանիներդ քեզ մոռցան,
Քեզ չեն փնտռեր։
Վասն զի քեզ թշնամիի հարուածով,
Անգութ մէկուն պատիժովը զարկի՝
Քու անօրէնութիւններուդ շատութեանը համար,
Քանզի քու մեղքերդ շատցան։
15 Քու վէրքիդ համար ինչո՞ւ կ՚աղաղակես։
Քու ցաւդ անբժշկելի է։
Այդ բաները քու անօրէնութիւններուդ շատութեանը համար քեզի ըրի,
Քանզի քու մեղքերդ շատցան։
16 Անոր համար ամէն անոնք, որ քեզ կը կլլեն, պիտի կլլուին։
Քու բոլոր թշնամիներդ գերութեան պիտի երթան։
Քեզ յափշտակողները պիտի յափշտակուին։
Քեզ կողոպտողները կողոպտուելու պիտի մատնեմ.
17 Վասն զի քու վէրքդ պիտի դարմանեմ
Եւ քու վէրքդ պիտի բժշկեմ, կ՚ըսէ Տէրը,
Քանզի քեզ ‘Աքսորուած’ կոչեցին,
‘Այս այն Սիօնն է, որ փնտռող չկայ’, ըսին»։
18 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Ահա ես Յակոբին վրանները գերութենէ պիտի դարձնեմ,
Անոր բնակարաններուն պիտի ողորմիմ։
Քաղաքը իր աւերակներուն վրայ պիտի շինուի
Եւ պալատը առաջուան պէս պիտի վերականգնի։
19 Անոնցմէ պիտի լսուի գովութեան երգ եւ
Ուրախութեան ձայն։
Զանոնք պիտի շատցնեմ ու պիտի չքիչնան,
Զանոնք պիտի փառաւորեմ ու պզտիկ պիտի չըլլան։
20 Անոնց տղաքները առաջուան պէս պիտի ըլլան,
Անոնց ժողովը իմ առջեւս պիտի հաստատուի
Ու բոլոր անոնց նեղութիւն տուողները պիտի պատժեմ։
21 Անոնց իշխանը իրենցմէ պիտի ըլլայ,
Անոնց վրայ տիրողը իրենց մէջէն պիտի ելլէ։
Զանիկա պիտի մօտեցնեմ ու ինծի մօտ պիտի ըլլայ.
Վասն զի ո՞վ է անիկա, որ իր սիրտը պատրաստեց ինծի մօտենալու։
22 Դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք,
Ես ալ ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ»։
23 Ահա Տէրոջը մրրիկը սրտմտութեամբ ելաւ։
Անիկա աւլող մրրիկ է,
Ամբարիշտներուն վրայ պիտի յարձակի։
24 Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ետ պիտի չդառնայ,
Մինչեւ որ իր սրտին խորհուրդները չկատարէ ու չգործադրէ։
Վերջին օրերը ասիկա պիտի հասկնաք։

31
ԻՍՐԱՅԷԼ ՏՈՒՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ
1 «Այն ատեն, կ՚ըսէ Տէրը,
Իսրայէլի բոլոր ազգատոհմերուն Աստուած պիտի ըլլամ
Ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան»։
2 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Սուրէն փախած ժողովուրդը անապատին մէջ շնորհք գտաւ,
Երբ Իսրայէլ կ՚երթար հանգստութիւն գտնելու»։
3 Տէրը շատոնցմէ ինծի երեւցաւ՝ ըսելով.
«Քեզ յաւիտենական սիրով սիրեցի.
Անոր համար ողորմութեամբ քեզ քաշեցի։
4 Քեզ նորէն պիտի շինեմ ու պիտի շինուիս, ո՛վ Իսրայէլ։
Նորէն քու թմբուկներդ պիտի առնես
Եւ ցնծութեամբ պար բռնողներուն խումբին հետ պիտի միանաս։
5 Նորէն Սամարիայի լեռներուն վրայ այգիներ պիտի տնկես։
Տնկողները պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։
6 Վասն զի օր պիտի գայ, երբ
Եփրեմի լերանը վրայի պահապանները պիտի կանչեն.
‘Ելէ՛ք ու մեր Տէր Աստուծոյն՝ դէպի Սիօն երթանք’»։
7 Քանզի Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Յակոբին համար ուրախութեամբ երգեցէ՛ք
Եւ ազգերուն ղեկավարին համար ցնծացէ՛ք.
Ձա՛յն տուէք, օրհնեցէ՛ք ու ըսէ՛ք.
‘Ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդդ՝
Իսրայէլի մնացորդը՝ փրկէ՛’։
8 Ահա ես զանոնք հիւսիսի երկրէն պիտի բերեմ
Ու զանոնք՝ երկրի ծայրերէն
Ու անոնց հետ կոյրն ու կաղը,
Յղին ու ծնած կինը զաւակներով մէկտեղ պիտի հաւաքեմ։
Մեծ խումբ մը հոս պիտի դառնայ։
9 Լալով պիտի գան ու աղաչանքներով զանոնք պիտի բերեմ.
Զանոնք ջուրերու վտակներուն քովէն պիտի պտըտցնեմ,
Շիտակ ճամբայէն, որուն մէջ պիտի չգայթին.
Վասն զի Իսրայէլին հա՛յր եղայ
Ու Եփրեմը իմ անդրանիկս է։
10 «Ո՛վ ազգեր, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք
Ու հեռաւոր կղզիներուն պատմեցէ՛ք ու ըսէ՛ք.
‘Իսրայէլը ցրուողը զանիկա պիտի հաւաքէ
Եւ զանիկա պիտի պահպանէ, ինչպէս հովիւը իր հօտը կը պահպանէ’։
11 Քանզի Տէրը փրկեց Յակոբը
Ու զանիկա իրմէ զօրաւորին ձեռքէն ազատեց։
12 Եւ անոնք պիտի գան ու Սիօնի բարձրութեանը վրայ ուրախութեան ձայն պիտի վերցնեն
Եւ պիտի դիմեն Տէրոջը բարիքներուն,
Այսինքն ցորենին ու գինիին ու իւղին
Եւ հօտերուն ու արջառներուն։
Անոնց անձերը ջրուած պարտէզի պէս պիտի ըլլան
Ու ա՛լ պիտի չնուաղին։
13 Այն ատեն կոյսը պար բռնելով պիտի ուրախանայ,
Նաեւ երիտասարդները եւ ծերերը մէկտեղ։
Վասն զի անոնց սուգը ուրախութեան պիտի փոխեմ
Եւ զանոնք տրտմութենէն պիտի ուրախացնեմ։
14 Քահանաներուն հոգիները պարարտութիւնով պիտի լեցնեմ։
Իմ ժողովուրդս իմ բարիքներովս պիտի կշտանայ»։
 ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳՈՒԹԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՆԴԷՊ
15 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ,
Ողբի ու դառնագին լացի ձայն։
Ռաքէլ իր տղոցը համար կու լար
Եւ իր տղոցը համար մխիթարուիլ չէր ուզեր,
Վասն զի անոնք չկային»։
16 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Քու ձայնդ լալէն
Եւ աչքերդ արցունքէն դադրեցո՛ւր։
Վասն զի քու գործիդ համար վարձք կայ
Ու թշնամիին երկրէն պիտի դառնան»։
17 «Քու ապագայիդ համար յոյս կայ, կ՚ըսէ Տէրը,
Թէ քու տղաքներդ իրենց սեփական երկիրը պիտի դառնան»։
18 «Յիրաւի Եփրեմին այսպէս ողբալը լսեցի.
‘Զիս խրատեցիր ու խրատուեցայ՝
Լուծի չսորված զուարակի պէս.
Զիս դարձո՛ւր, որպէս զի դառնամ,
Վասն զի իմ Տէր Աստուածս դո՛ւն ես։
19 Իրաւցընէ դառնալէս ետքը զղջացի
Ու կրթուելէս ետքը իմ ազդրիս զարկի.
Ամչցայ ու նախատուեցայ,
Վասն զի մանկութեանս անարգանքը կրեցի’։
20 Միթէ Եփրեմ իմ պատուական որդի՞ս է,
Կամ սիրական զաւա՞կ մըն է.
Վասն զի երբ ես անոր վրայով խօսիմ,
Շարունակ զանիկա կը յիշեմ.
Այս պատճառով իմ աղիքս կը գալարի անոր համար.
‘Անշուշտ անոր ողորմութիւն պիտի ընեմ’ կ՚ըսէ Տէրը։
21 Քեզի կոթողներ կանգնեցո՛ւր, քեզի սիւներ տնկէ՛,
Սիրտդ մեծ ճամբուն՝ քու գացած շաւիղիդ՝ դի՛ր։
Դարձի՛ր, ո՛վ Իսրայէլի կոյս,
Այս քու քաղաքներդ դարձիր։
22 Ո՛վ ապստամբ աղջիկ,
Մինչեւ ե՞րբ աստանդական պիտի շրջիս,
Քանզի Տէրը երկրի վրայ նոր բան ստեղծեց,
Կին մարդը պիտի պաշտպանէ այր մարդը»։
 ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄԸ
23 Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ՚ըսէ.
«Այսուհետեւ Յուդայի երկրին մէջ
Ու անոր քաղաքներուն մէջ այս խօսքը պիտի ըսեն՝
Երբ անոնք գերութենէ դարձնեմ.
‘Տէրը քեզ օրհնէ,
Ո՛վ արդարութեան բնակարան, սո՛ւրբ լեռ’։
24 Եւ հոն, Յուդայի մէջ ու միանգամայն անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ
Երկրագործներ ու հօտերու հետ չուողներ պիտի բնակին։
25 Քանզի յոգնած հոգին պիտի զովացնեմ
Ու ամէն մարած հոգի պիտի կշտացնեմ»։
26 Ասոր վրայ արթնցայ ու նայեցայ
Եւ իմ քունս ինծի անոյշ էր։
27 «Ահա օրեր կու գան, կ՚ըսէ Տէրը,
Երբ Իսրայէլին տունը եւ Յուդային տունը
Մարդու սերմ ու անասունի սերմ պիտի ցանեմ։
28 Ինչպէս խլելու, փլցնելու, աւերելու
Եւ կորսնցնելու ու չարիք հասցնելու համար
Անոնց վրայ հսկեցի,
Նոյնպէս ալ շինելու ու տնկելու համար
Անոնց վրայ պիտի հսկեմ, կ՚ըսէ Տէրը։
29 Այն օրերը անգամ մըն ալ պիտի չըսեն.
‘Հայրերը ազոխ կերան
Ու որդիներուն ակռաները առին’.
30 Հապա ամէն մարդ իր անօրէնութեանը համար պիտի մեռնի.
Ով որ ազոխ ուտէ,
Անոր ակռաները պիտի առնեն»։
31 «Ահա օրեր կու գան, կ՚ըսէ Տէրը,
Եւ Իսրայէլին տանը հետ ու Յուդային տանը հետ
Նոր ուխտ պիտի ընեմ,
32 Ո՛չ թէ այն ուխտին պէս, որ անոնց հայրերուն ըրի
Այն օրը երբ անոնց ձեռքէն բռնեցի՝
Զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար.
Քանզի անոնք իմ ուխտս զանց ըրին,
Ես ալ զանոնք մերժեցի», կ՚ըսէ Տէրը.
33 Բայց այն օրերէն ետքը
Իսրայէլի տանը հետ ընելու ուխտս ասիկա է.
«Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ
Ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ։
Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ
Եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։
34 Ու անկէ ետքը մարդ մը իր ընկերին
Ու ուրիշ մը իր եղբօրը պիտի չսորվեցնէ՝
Ըսելով. ‘Տէրը ճանչցիր’.
Հապա անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը
Ամէնքը զիս պիտի ճանչնան,
Վասն զի անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ
Ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ»։
35 Այսպէս կ՚ըսէ Տէրը,
Որ արեւը հաստատեց օրուան լոյսին համար
Եւ գիշերուան լոյսին համար լուսինին ու աստղերուն կանոններ դրաւ,
Որ ծովը կը յանդիմանէ, երբ անոր ալիքները կը գոռան.
Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։
36 «Եթէ այս կանոնները իմ առջեւէս դադարին,
Իսրայէլի սերունդն ալ իմ առջեւէս ազգ ըլլալէ պիտի դադարի»։
37 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Եթէ երկինքը կրնայ վերէն չափուիլ
Ու երկրին հիմերը՝ վարէն քննուիլ,
Ես ալ Իսրայէլի բոլոր սերունդը,
Իրենց բոլոր ըրածներուն համար պիտի մերժեմ»։
38 «Ահա օրեր կու գան, կ՚ըսէ Տէրը,
Երբ Անանայէլին աշտարակէն մինչեւ Անկեան դուռը
Քաղաքը Տէրոջը համար պիտի շինուի
39 Եւ չափին լարը անկէ
Մինչեւ Գարեբին բլուրը պիտի ելլէ
Ու դէպի Գոաթ պիտի դառնայ
40 Եւ դիակներուն ու մոխիրներուն բոլոր ձորը
Ու բոլոր արտերը մինչեւ Կեդրոն հեղեղատը,
Մինչեւ Ձիերուն դրանը անկիւնը՝ դէպի արեւելք,
Սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը.
Անգամ մըն ալ պիտի չքակուի ու պիտի չփլչի յաւիտեան։

32
ԵՐԵՄԻԱՆ ԱՐՏ ՄԸ ԿԸ ԳՆԷ
1 Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին տասներորդ տարին, այսինքն Նաբուգոդոնոսորի տասնըութերորդ տարին, Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է։ 2 Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորին զօրքը Երուսաղէմը կը պաշարէր ու Երեմիա մարգարէն Յուդայի թագաւորին տունը եղող բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր։ 3 Վասն զի Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը զանիկա բանտարկեց՝ ըսելով. «Դուն ինչո՞ւ համար մարգարէութիւն ըրիր ու ըսիր թէ Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տամ ու զանիկա պիտի առնէ 4 Եւ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը Քաղդէացիներուն ձեռքէն պիտի չազատի. հապա անշուշտ Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի ու անոր հետ բերան առ բերան պիտի խօսի եւ անոր հետ աչք աչքի պիտի տեսնուի։ 5 Ու անիկա Սեդեկիան Բաբելոն պիտի տանի ու Սեդեկիա հոն պիտի մնայ մինչեւ ես անոր այցելեմ, կ՚ըսէ Տէրը. եթէ Քաղդէացիներուն հետ պատերազմ ընէք, յաջողութիւն պիտի չգտնէք»։
6 Այն ատեն Երեմիան ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 7 ‘Ահա քու հօրեղբօրդ Սեղղումին որդին՝ Անամայէլը քեզի պիտի գայ ու պիտի ըսէ. «Անաթովթի մէջ եղող ագարակս քեզի ծախու առ, վասն զի ազգականութեան իրաւունքով քեզի կ՚իյնայ, որ ծախու առնես»։ 8 Եւ Տէրոջը խօսքին համեմատ իմ հօրեղբօրս որդին Անամայէլը ինծի եկաւ բանտին գաւիթը ու ինծի ըսաւ. ‘Շնորհք ըրէ՛, Բենիամինին երկիրը Անաթովթի մէջ ունեցած ագարակս ծախու ա՛ռ, վասն զի ժառանգութեան իրաւունքը քուկդ է ու քեզի կ՚իյնայ, որ փրկես, քեզի ծախու ա՛ռ’։ Այն ատեն գիտցայ թէ ասիկա Տէրոջը խօսքն էր։ 9 «Եւ հօրեղբօրս որդիէն, Անամայէլէն, Անաթովթի մէջ եղող ագարակը ծախու առի ու ստակը տասնըեօթը սիկղ արծաթ կշռեցի անոր։ 10 Մուրհակ մը գրեցի ու կնքեցի ու վկաներ բռնեցի եւ արծաթը կշիռքով կշռեցի։ 11 Ստացուածքին մուրհակը, թէ՛ հրամանին ու կանոններուն համեմատ կնքուածը եւ թէ՛ բաց եղածը առի։ 12 Ու ստացուածքին մուրհակը, հօրեղբօրս որդիին Անամայէլին աչքերուն առջեւ ու ստացուածքի մուրհակին մէջ գրուող վկաներուն աչքերուն առջեւ, բանտի գաւիթին մէջ նստող բոլոր Հրեաներուն աչքերուն առջեւ, Մաասիային որդիին Ներիային որդիին Բարուքին տուի։ 13 Անոնց աչքերուն առջեւ, Բարուքին պատուիրեցի ու ըսի. 14 ‘Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ՚ըսէ. «Այս մուրհակները, այս կնքուած ստացուածքին մուրհակը ու այս բաց մուրհակը ա՛ռ եւ զանոնք հողէ ամանի մը մէջ դիր, որպէս զի շատ օրեր մնան։ 15 Քանզի զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ՚ըսէ. ‘Այս երկրին մէջ նորէն տուներ ու ագարակներ եւ այգիներ ծախու պիտի առնուին’։
 ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
16 Ստացուածքին մուրհակը Ներիային որդիին Բարուքին տալէս ետքը, Տէրոջը աղօթք ըրի ու ըսի. 17 ‘Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա դուն քու մեծ զօրութիւնովդ ու երկնցած բազուկովդ երկինքն ու երկիրը ստեղծեցիր. ոեւէ բան քեզի դժուար չէ։ 18 Դուն հազարներուն ողորմութիւն կ՚ընես ու հայրերուն անօրէնութեան պատիժը անոնցմէ ետքը անոնց որդիներուն կու տաս. դուն մեծ ու հզօր Աստուած ես եւ քու անունդ Զօրքերու Տէր է։ 19 Դուն խորհուրդով՝ մեծ ու գործով զօրաւոր ես, այնպէս որ ամէն մէկուն իր ճամբաներուն համեմատ ու անոր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընելու համար՝ քու աչքերդ մարդոց որդիներուն բոլոր ճամբաներուն վրայ բաց են։ 20 Դուն մինչեւ այսօր Եգիպտոսի երկրին մէջ ու Իսրայէլի մէջ եւ բոլոր մարդոց մէջ նշաններ ու հրաշքներ ընելով՝ քեզի անուն վաստկեցար, ինչպէս այսօր կ՚երեւնայ։ 21 Քու ժողովուրդդ Իսրայէլը, նշաններով ու հրաշքներով եւ զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով եւ մեծ սարսափով Եգիպտոսէն հանեցիր 22 Ու անոնց տուիր այս երկիրը, որ իրենց հայրերուն երդում ըրեր էին իրենց տալու, այնպիսի երկիր մը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի։ 23 Անոնք մտան ու զանիկա ժառանգեցին, բայց քու ձայնիդ ականջ չտուին եւ քու օրէնքիդ համեմատ չքալեցին. անոնք չըրին քու պատուիրածներդ, ուստի այս բոլոր չարիքը անոնց վրայ բերիր։ 24 Ահա քաղաքին դէմ պատնէշներ կանգնուեցան, որպէս զի զանիկա առնեն եւ քաղաքը սուրին, սովին ու ժանտախտին պատճառով, անոր դէմ պատերազմ ընող Քաղդէացիներուն ձեռքը տրուեցաւ եւ քու ըսածդ կատարուեցաւ ու ահա կը տեսնես։ 25 Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, ինծի ըսիր թէ ‘Ագարակը ստակով քեզի ծախու ա՛ռ ու վկաներ բռնէ՛. թէեւ քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը կը մատնուի’»։
26 Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 27 «Ահա ես եմ Եհովա՝ ամէն մարմնի Աստուածը. միթէ ինծի դժուար բան մը կա՞յ։ 28 Անոր համար Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը ու Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որ զանիկա պիտի առնէ. 29 Այս քաղաքին դէմ պատերազմ ընող Քաղդէացիները պիտի գան ու այս քաղաքը կրակի պիտի տան ու այրեն։ Նաեւ պիտի այրեն այն տուները, որոնց տանիքներուն վրայ Բահաղի խունկ կը ծխէին եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէին՝ զիս բարկացնելու համար։ 30 Քանզի Իսրայէլի որդիները ու Յուդայի որդիները իրենց մանկութենէն ի վեր իմ առջեւս միայն չարութիւն գործեցին եւ որովհետեւ Իսրայէլի որդիները իրենց ձեռքերուն գործերովը անդադար զիս բարկացուցին’, կ՚ըսէ Տէրը։ 31 Քանզի այս քաղաքը իր շինութեան օրէն մինչեւ այսօր իմ բարկութեանս ու սրտմտութեանս համար եղաւ, որպէս զի զանիկա երեսիս առջեւէն վերցնեմ, 32 Իսրայէլի որդիներուն ու Յուդայի որդիներուն, թէ՛ իրենց եւ թէ՛ իրենց թագաւորներուն, իշխաններուն, քահանաներուն ու մարգարէներուն եւ Յուդայի մարդոցն ու Երուսաղէմի բնակիչներուն բոլոր չարութեանը պատճառով, որ ըրին զիս բարկացնելու համար։ 33 Եւ ինծի կռնակ դարձուցին եւ ո՛չ թէ՝ երես։ Թէեւ անոնց սորվեցուցի՝ կանուխ ելլելով ու սորվեցնելով՝ բայց անոնք մտիկ չըրին, որ խրատ ընդունին. 34 Հապա իմ անունովս կոչուած տանը մէջ իրենց պղծութիւնները դրին, զանիկա պղծելու համար։ 35 Ու Ենովմի որդիին ձորին մէջ Բահաղին բարձր տեղեր շինեցին, իրենց տղաքներն ու աղջիկները Մողոքին համար կրակէ անցընելու, որ ես անոնց հրամայած չէի ու մտքէս ալ անցած չէր, որ անոնք այս պղծութիւնը ընեն՝ Յուդային մեղանչել տալու համար»։
 ՅՈՅՍԻ ԽՈՍՏՈՒՄ ՄԸ
36 «Ուստի հիմա Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ այս քաղաքին համար, որ դուք կ՚ըսէք թէ ‘Սուրով, սովով ու ժանտախտով Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը կը մատնուի’. 37 Ահա ես զանոնք պիտի հաւաքեմ այն բոլոր երկիրներէն, ուր զանոնք իմ բարկութիւնովս, սրտմտութիւնովս ու մեծ ցասումովս ցրուեցի եւ զանոնք այս տեղ պիտի դարձնեմ ու ապահովութեամբ պիտի բնակեցնեմ։ 38 Եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։ 39 Անոնց մէկ սիրտ ու մէկ ճամբայ պիտի տամ, որպէս զի միշտ ինծմէ վախնան եւ իրենց ու իրենցմէ ետքը իրենց զաւակներուն աղէկ ըլլայ։ 40 Անոնց հետ յաւիտենական ուխտ մը պիտի ընեմ, որ անոնց բարիք ընելէն անոնցմէ ետ չքաշուիմ ու իմ վախս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ, որպէս զի ինծմէ չխոտորին։ 41 Անոնց բարիք ընելով՝ անոնց համար պիտի ուրախանամ ու զանոնք բոլոր սրտովս ու բոլոր հոգիովս ու ճշմարտութեամբ այս երկրին մէջ պիտի տնկեմ։ 42 Քանզի Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. «Ինչպէս այս ժողովուրդին վրայ այս բոլոր մեծ չարիքը բերի, նոյնպէս անոնց վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր բարիքը, որ անոնց խոստացայ։ 43 Նորէն ագարակներ ծախու պիտի առնուին այդ երկրին մէջ, որուն համար դուք կ՚ըսէք թէ ‘Ամայացած է ու մարդէ եւ անասունէ զուրկ է ու Քաղդէացիներուն ձեռքը տրուած է’։ 44 Բենիամինին երկրին մէջ ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերը եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու լեռնային քաղաքներուն մէջ եւ դաշտային քաղաքներուն մէջ ու հարաւային քաղաքներուն մէջ ստակով ագարակներ ծախու պիտի առնեն եւ մուրհակներ պիտի գրեն ու պիտի կնքեն ու վկաներ պիտի բռնեն, վասն զի զանոնք գերութենէ ետ պիտի դարձնեմ»։

33
ՅՈՅՍԻ ՈՒՐԻՇ ԽՈՍՏՈՒՄ ՄԸ
1 Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Երեմիային եղաւ, երբ անիկա տակաւին բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր. 2 «Այսպէս կ՚ըսէ Տէրը, այս քաղաքը շինող Տէրը, որ զանիկա հաստատելու համար զանիկա ստեղծեց, որուն անունը Եհովա է. 3 Ինծի կանչէ՛ ու քեզի պատասխան տամ եւ քեզի մեծ ու խորհրդաւոր բաներ պատմեմ, որոնք դուն չես գիտեր։ 4 Վասն զի այս քաղաքին ու Յուդայի թագաւորներուն տուներուն համար, որոնց պատնէշներն ու ամրոցները փլած են, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ. 5 Քաղդէացիներուն դէմ պատերազմ ընելու կու գան։ Այն տուները մեռած մարդոց դիակներովը պիտի լեցուին, որոնք իմ բարկութիւնովս ու սրտմտութիւնովս պիտի զարնեմ. վասն ես այս քաղաքէն իմ երեսս ծածկեցի՝ իրենց բոլոր չարութեանը համար։ 6 Ահա անոր առողջութիւն ու բժշկութիւն պիտի բերեմ ու զանոնք պիտի բժշկեմ եւ խաղաղութեան ու բարօրութեան առատութիւնը անոնց պիտի յայտնեմ։ 7 Յուդան գերութենէ ու Իսրայէլը գերութենէ պիտի դարձնեմ ու զանոնք առաջուան պէս պիտի հաստատեմ։ 8 Անոնց ինծի դէմ գործած բոլոր անօրէնութենէն զանոնք պիտի սրբեմ ու անոնց ինծի դէմ ըրած բոլոր անօրէնութիւններն ու յանցանքները պիտի ներեմ։ 9 Ասիկա ինծի ուրախութեան անուն, փառք ու պարծանք պիտի ըլլայ երկրի բոլոր ազգերուն մէջ, որոնք պիտի լսեն այն բարութիւնները, որ ես անոնց պիտի ընեմ եւ պիտի վախնան ու դողան այն բարութեան ու յաջողութեանը համար, որ ես այս քաղաքին պիտի ընեմ»։
10 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. «Այս տեղին մէջ, որուն համար դուք կ՚ըսէք թէ ‘Մարդէ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ անապատ դարձած է’ եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, որոնք անմարդ ու անբնակ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ ամայացած են, նորէն պիտի լսուի 11 Ցնծութեան ձայն եւ ուրախութեան ձայն, փեսայի ձայն ու հարսի ձայն. նաեւ անոնց ձայնը, որոնք Տէրոջը տունը գոհութեան ընծաներ բերելով՝ կ՚ըսեն. ‘Գոհացէ՛ք զօրքերու Տէրոջմէն, վասն զի Տէրը բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է’. քանզի այս երկրին գերիները իրենց առաջուան վիճակին պիտի դարձնեմ», կ՚ըսէ Տէրը։ 12 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. «Այս տեղին մէջ, որ մարդէ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ անապատ դարձած է անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ նորէն հօտեր պառկեցնող հովիւներու բնակարաններ պիտի ըլլան. 13 Լեռնային քաղաքներուն մէջ, դաշտային քաղաքներուն մէջ ու հարաւային քաղաքներուն մէջ եւ Բենիամինի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերը եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ հօտերը դարձեալ զիրենք համրողին ձեռքէն պիտի անցնին», կ՚ըսէ Տէրը։
14 «Ահա օրեր պիտի գան, կ՚ըսէ Տէրը, որ Իսրայէլի տանը համար եւ Յուդայի տանը ըրած խոստումս պիտի կատարեմ։ 15 Այն օրը ու այն ժամանակը Դաւիթէն արդարութեան շառաւիղ մը պիտի բուսցնեմ եւ անիկա երկրի վրայ իրաւունք ու արդարութիւն պիտի ընէ։ 16 Այն օրերը Յուդան պիտի ազատի ու Երուսաղէմը ապահովութեամբ պիտի բնակի եւ այս է անոր անունը որով պիտի կոչուի. ‘Տէրը Մեր Արդարութիւնը’։ 17 Վասն զի Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. «Դաւիթէն Իսրայէլի տանը աթոռին վրայ նստող մարդ պակաս պիտի չըլլայ 18 Ու Ղեւտացի քահանաներէն ողջակէզ, հացի ընծայ ու զոհ մատուցանող մարդ յաւիտեան պակաս պիտի չըլլայ իմ առջեւս»։
19 Եւ Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. 20 «Եթէ ցորեկուան ուխտս ու գիշերուան ուխտս կրնաք աւրել, որ ցորեկը եւ գիշերը իրենց ժամանակովը չըլլան, 21 Իմ ծառայիս Դաւիթին հետ ունեցած ուխտս ալ պիտի աւրուի, որ իր աթոռին վրայ թագաւորութիւն ընելու որդի չունենայ. նոյնպէս ալ ինծի ծառայութիւն ընող Ղեւտացի քահանաներուն հետ ունեցած ուխտս։ 22 Ինչպէս երկնքի զօրքերը չեն համրուիր ու ծովուն աւազը չի չափուիր, իմ ծառայիս Դաւիթին սերունդը եւ ինծի ծառայութիւն ընող Ղեւտացիները այնքան պիտի շատցնեմ»։
23 Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 24 «Չե՞ս լսեր թէ այս ժողովուրդը ի՛նչ կը խօսի ու կ՚ըսէ. ‘Տէրը իր ընտրած երկու ազգատոհմերը երեսէ ձգեց ու անոնք իմ ժողովուրդս կ՚անարգեն, զանիկա իրենց առջեւ ազգ չսեպելու չափ’։ 25 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Եթէ ցորեկուան ու գիշերուան համար ուխտ ըրած չեմ եւ երկինքներուն ու երկրի կանոններ դրած չեմ, 26 Յակոբին ու իմ ծառայիս Դաւիթին սերունդն ալ երեսէ պիտի ձգեմ, որպէս զի ա՛լ անոր սերունդէն Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի սերունդին վրայ իշխաններ չդնեմ. վասն զի անոնք գերութենէ պիտի դարձնեմ ու անոնց պիտի ողորմիմ’»։

34
ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ՍԵԴԵԿԻԱՅԻՆ
1 Երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովն ու իր իշխանութեան տակ եղող երկրին բոլոր թագաւորութիւններովը եւ բոլոր ժողովուրդներով Երուսաղէմի վրայ ու անոր բոլոր քաղաքներուն դէմ պատերազմ կ՚ընէր, Տէրոջը կողմէ Երեմիային այս խօսքը եղաւ.
2 Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ. «Գնա՛, Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին խօսէ՛ ու անոր ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Ահա այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որ զանիկա կրակով այրէ։ 3 Դուն անոր ձեռքէն պիտի չազատիս, անշուշտ պիտի բռնուիս ու անոր ձեռքը պիտի տրուիս. քու աչքերդ Բաբելոնի թագաւորին աչքերը պիտի տեսնեն ու անոր բերանը քու բերնիդ հետ պիտի խօսակցի ու Բաբելոն պիտի երթաս’։ 4 Բայց Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ, ո՛վ Սեդեկիա՝ Յուդայի թագաւոր՝ Տէրը քեզի համար այսպէս կ՚ըսէ. ‘Դուն սուրով պիտի չմեռնիս, 5 Դուն խաղաղութեամբ պիտի մեռնիս. ինչպէս քեզմէ առաջ եղող քու հայրերուդ, առաջուան թագաւորներուն համար խունկեր ծխեցին, նոյնպէս քեզի համար պիտի ծխեն ու «Վա՜յ, տէր իմ» ըսելով՝ քու վրադ պիտի ողբան, վասն զի այս խօսքը ես խօսեցայ’, կ՚ըսէ Տէրը։
6 Յետոյ Երեմիա մարգարէն այս բոլոր խօսքերը Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին խօսեցաւ Երուսաղէմի մէջ։ 7 Բաբելոնի թագաւորին զօրքը Երուսաղէմի դէմ ու Յուդայի մնացած բոլոր քաղաքներուն դէմ, Լաքիսի ու Ազեկայի դէմ, պատերազմ կ՚ընէր, վասն զի Յուդայի քաղաքներէն պարսպապատ քաղաքներ ասոնք մնացեր էին։
 ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ ԽԱԲԵՊԱՏԻՐ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ
8 Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, երբ Սեդեկիա թագաւորը Երուսաղէմի մէջ եղող բոլոր ժողովուրդին հետ ուխտ ըրաւ, որ ազատութիւն քարոզեն, 9 Որ ամէն մարդ իր ծառան ու ամէն մարդ իր աղախինը, Եբրայեցի մարդն ու Եբրայեցի կինը, ազատ արձակէ ու անգամ մըն ալ մարդ մը իր Հրեայ եղբայրը ծառայ չընէ։ 10 Հնազանդեցան բոլոր իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը, որոնք այն ուխտին մէջ մտան, որ ամէն մարդ իր ծառան ու ամէն մարդ իր աղախինը ազատ արձակէ եւ ա՛լ անոնք ծառայ չըլլան։ Հնազանդեցան եւ զանոնք արձակեցին. 11 Բայց անկէ ետքը դարձան ու իրենց ազատ արձակած ծառաներն ու աղախինները ետ դարձուցին եւ զանոնք բռնադատեցին որ ծառայ ու աղախին ըլլան։
12 Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 13 «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Ես ձեր հայրերուն հետ ուխտ ըրի զանոնք Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ հանած օրս ու ըսի. 14 Եօթը տարիէն ետքը ձեզմէ ամէն մէկը ազատ պիտի արձակէ իր Եբրայեցի եղբայրը, որ իրեն ծախուած է ու վեց տարի իրեն ծառայեր է, զանիկա ազատ արձակէ. բայց ձեր հայրերը ինծի մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին։ 15 Թէեւ դուք ատեն մը դարձաք ու ամէն մարդ իր ընկերին ազատութիւն քարոզելով՝ իմ առջեւս ուղիղ եղածը ըրիք եւ իմ առջեւս ուխտ ըրիք այն տանը մէջ, որ իմ անունովս կոչուած է. 16 Բայց ետքը դառնալով՝ իմ անունս պղծեցիք ու ամէնքդ ալ ձեր ազատ արձակած ու իրենց կամքին ձգուած ծառաներն ու աղախինները ետ դարձուցիք ու զանոնք բռնադատեցիք որ ձեզի ծառայ ու աղախին ըլլան’»։
17 Անոր համար Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. «Դուք ինծի մտիկ չըրիք եւ ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը համար ու ամէն մէկը իր ընկերին համար ազատութիւն չքարոզեց, ուստի ես ձեզի համար կ՚ըսէ Տէրը, սուրին, ժանտախտին ու սովին ազատութիւն պիտի տամ ու ձեզ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ նեղութեան պիտի մատնեմ։ 18 Այն մարդիկը, որոնք զուարակը երկուքի կտրելով ու անոր կտորներուն մէջտեղէն անցնելով՝ իմ առջեւս ըրած ուխտերը չկատարեցին եւ իմ ուխտս զանց ըրին, պիտի մատնեմ, 19 Այսինքն Յուդայի իշխաններն ու Երուսաղէմի իշխանները, պալատականները եւ քահանաները ու երկրին բոլոր ժողովուրդը, որոնք զուարակին կտորներուն մէջտեղէն անցան, 20 Զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը ու իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ եւ անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան։ 21 Եւ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորն ու անոր իշխանները իրենց թշնամիներուն ձեռքը ու իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը եւ ձեզմէ դարձող Բաբելոնի թագաւորին զօրքերուն ձեռքը պիտի մատնեմ»։ 22 «Ահա ես հրամայեցի, կ՚ըսէ Տէրը ու անոնք այս քաղաքը պիտի գան, անոր դէմ պատերազմ պիտի ընեն ու զանիկա պիտի առնեն ու կրակով այրեն. այսպէս Յուդայի քաղաքները անբնակ ամայութեան պիտի վերածեմ»։

35
ԵՐԵՄԻԱ ԵՒ ՌԵՔԱԲԵԱՆՆԵՐԸ
1 Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին օրերը Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ. 2 «Ռեքաբեաններուն տունը գնա՛ ու անոնց հետ խօսէ՛ եւ զանոնք Տէրոջը տունը՝ սենեակ մը տա՛ր ու անոնց գինի խմցո՛ւր»։ 3 Ես ալ Քաբասինիային որդիին Երեմիային որդին Յեզոնիան ու անոր եղբայրները եւ բոլոր որդիները ու Ռեքաբեաններուն բոլոր տունը առի 4 Եւ զանոնք Տէրոջը տունը տարի Սեղղումին որդիին Մաասիա դռնապանին սենեակին վրայ եղող իշխաններուն սենեակին քովի՝ Աստուծոյ մարդուն Յեգդողիային որդիին Անանին որդիներուն սենեակը. 5 Ռեքաբեաններուն որդիներուն առջեւ գինիով լեցուն ամաններ ու գաւաթներ դրի եւ անոնց ըսի. «Գինի խմեցէ՛ք»։ 6 Ու անոնք ըսին. «Գինի չենք խմեր. քանզի մեր հայրը, Ռեքաբին որդին Յովնադաբը, մեզի պատուիրեց ու ըսաւ. ‘Դուք ու ձեր որդիները յաւիտեան գինի պիտի չխմէք 7 Եւ տուն մի՛ շինէք ու մի՛ ցանէք եւ այգի մի՛ տնկէք ու մի՛ ստանաք, հապա ձեր բոլոր օրերը վրաններու մէջ բնակեցէ՛ք, որպէս զի ձեր պանդուխտ եղած երկրին վրայ շատ օրեր ապրիք’։ 8 Մեր հօրը Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին մեզի հրամայածին պէս անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ մեր բոլոր օրերուն մէջ մենք, մեր կիները, մեր տղաքներն ու մեր աղջիկները գինի չենք խմեր, 9 Բնակելու համար տուներ չենք շիներ ու այգի եւ ագարակ ու սերմ չենք ստանար. 10 Հապա վրաններու մէջ կը բնակինք ու հնազանդութիւն ընելով՝ մեր հօրը Յովնադաբին մեզի հրամայածը կը գործադրենք։ 11 Բայց երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը այս երկիրը եկաւ, ըսինք. ‘Եկէք, Քաղդէացիներուն զօրքին երեսէն ու Ասորիներու զօրքին երեսէն Երուսաղէմ երթանք’. այսպէս Երուսաղէմի մէջ կը բնակինք»։
12 Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. 13 Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ՚ըսէ. «Գնա՛ Յուդայի մարդոց ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըսէ՝ ‘Իմ խօսքերուս մտիկ ընելու համար խրատ չէ՞ք ընդունիր’։ 14 Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին իր որդիներուն գինի չխմելու համար պատուիրած խօսքերը հաստատ պահուեցան. վասն զի իրենց հօրը հրամանին հնազանդութիւն ընելով՝ մինչեւ այսօր չեն խմեր, բայց թէեւ ես ձեզի խօսեցայ, կանուխ ելլելով, սակայն դուք ինծի մտիկ չըրիք։ 15 Եւ իմ բոլոր ծառաներս՝ մարգարէները՝ ձեզի ղրկեցի՝ կանուխ ելլելով ու ըսի՝ ‘Ամէն մարդ իր չար ճամբայէն թող դառնայ։ Բարի գործեր ըրէք ու օտար աստուածներու ետեւէն մի՛ երթաք ու անոնց ծառայութիւն մի՛ ընէք, որպէս զի ձեզի ու ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ բնակիք’, բայց ձեր ականջը չծռեցիք ու ինծի մտիկ չըրիք։ 16 Մինչ Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին որդիները իրենց հօրը պատուիրած հրամանը հաստատ պահեցին, բայց այս ժողովուրդը ինծի մտիկ չըրաւ»։ 17 Անոր համար զօրքերու Տէր Աստուածը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ՚ըսէ. «Ահա ես Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր չարիքը, որ անոնց համար որոշեր էի. վասն զի անոնց խօսեցայ, բայց մտիկ չըրին ու անոնց կանչեցի, բայց պատասխան չտուին»։
18 Երեմիա Ռեքաբեաններուն տանը ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ՚ըսէ. ‘Որովհետեւ ձեր հօրը Յովնադաբին պատուէրին մտիկ ըրիք ու անոր բոլոր հրամանները պահեցիք եւ ձեզի պատուիրածին պէս ըրիք, 19 Ուստի Ռեքաբեան Յովնադաբէն միշտ իմ առջեւս կայնող մարդ պակաս պիտի չըլլայ’»։

36
ԲԱՐՈՒՔ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՏՈՄՍԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ
1 Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին Տէրոջը կողմէ այս խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով. 2 «Քեզի գրքի տոմս մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ՛ այն բոլոր խօսքերը, որոնք քեզի հետ խօսելու սկսած օրէս Յովսիային օրերէն մինչեւ այսօր Իսրայէլի վրայով ու Յուդայի վրայով եւ բոլոր ազգերուն վրայով խօսեցայ։ 3 Կարելի է, որ Յուդայի տունը լսէ այն բոլոր չարիքը, որ ես մտադրած եմ անոնց ընել, որպէս զի ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ եւ ես անոնց անօրէնութիւնն ու մեղքը ներեմ»։
4 Երեմիա Ներիային որդին Բարուքը կանչեց։ Բարուք Երեմիային բերնէն Տէրոջը անոր ըսած բոլոր խօսքերը այն գրքի տոմսին վրայ գրեց։ 5 Երեմիա Բարուքին պատուիրեց ու ըսաւ. «Ես այս տեղ արգելափակուած եմ, չեմ կրնար Տէրոջը տունը երթալ, 6 Ուստի դուն գնա՛ ու ծոմապահութեան օրը Տէրոջը տանը մէջ ժողովուրդին ականջներուն տոմսին վրայ գրուած Տէրոջը խօսքերը կարդա՛, նաեւ իրենց քաղաքներէն եկող բոլոր Յուդայի ականջներուն կարդա՛, 7 Թերեւս Տէրոջը առջեւ իյնալով աղօթք ընեն եւ ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ. քանզի մեծ է այն բարկութիւնն ու սրտմտութիւնը, որ Տէրը այս ժողովուրդին համար վճռեց»։ 8 Ու Ներիային որդին Բարուքը Երեմիա մարգարէին հրամայածին պէս ըրաւ եւ այն տոմսէն Տէրոջը խօսքերը կարդաց Տէրոջը տանը մէջ։
9 Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին հինգերորդ տարուան իններորդ ամիսը, բոլոր Երուսաղէմի ժողովուրդին ու Յուդայի քաղաքներէն Երուսաղէմ եկող բոլոր ժողովուրդին, Տէրոջը առջեւ ծոմապահութիւն քարոզեցին։ 10 Բարուք Սափան դպիրին որդիին Գամարիային սենեակը, Տէրոջը տանը նոր դրանը մուտքը, վերի գաւիթին մէջ բոլոր ժողովուրդին ականջներուն այն տոմսէն Երեմիային խօսքերը կարդաց։
 ՏՈՄՍԸ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ԿԱՐԴԱՑՈՒԻ
11 Սափանին որդիին Գամարիային որդին Միքիան, երբ տոմսին վրայ գրուած Տէրոջը բոլոր խօսքերը լսեց, 12 Թագաւորին տունը դպիրին սենեակը իջաւ։ Բոլոր իշխանները, Եղիսամա դպիրը, Սեմայիային որդին Դաղայիան ու Աքոբորին որդին Եղնաթանը եւ Սափանին որդին Գամարիան ու Անանիային որդին Սեդեկիան եւ բոլոր իշխանները հոն նստեր էին։ 13 Միքիան անոնց յայտնեց այն բոլոր խօսքերը, որոնք լսեր էր, երբ Բարուք ժողովուրդին ականջներուն այն տոմսը կը կարդար։ 14 Բոլոր իշխանները Քուսիին որդիին Նաթանիային որդին Յուդինը Բարուքին ղրկեցին՝ ըսելով. «Ժողովուրդին ականջներուն կարդացած տոմսդ ա՛ռ ու հոս եկուր»։ Ուստի Ներիային որդին Բարուքը տոմսը առաւ ու անոնց գնաց։ 15 Անոնք ըսին իրեն. «Կ՚աղաչենք, նստէ՛ ու մեր առջեւ ալ կարդա՛ զանիկա»։ Բարուք անոնց առջեւ կարդաց։ 16 Երբ այն բոլոր խօսքերը լսեցին, վախով իրարու նայեցան ու Բարուքին ըսին. «Անշուշտ այդ բոլոր խօսքերը թագաւորին պիտի պատմենք»։ 17 Բարուքին հարցուցին. «Շնորհք ըրէ՛, պատմէ՛ մեզի թէ ի՛նչպէս գրեցիր այդ խօսքերը անոր բերնէն»։ 18 Բարուք անոնց ըսաւ. «Այս խօսքերը անիկա ինծի իր բերնովը ըսաւ ու ես զանոնք մելանով այս տոմսին վրայ գրեցի»։ 19 Այն ատեն իշխանները Բարուքին ըսին. «Գնա՛, պահուըտեցէք թէ՛ դուն եւ թէ՛ Երեմիան եւ ուր ըլլալնիդ մարդ թող չգիտնայ»։
 ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՏՈՄՍԸ ԿԸ ՎԱՌԷ
20 Անոնք սրահը թագաւորին մտան, բայց տոմսը Եղիսամա դպիրին սենեակին մէջ պահեր էին։ Այս բոլոր խօսքերը թագաւորին ալ պատմեցին։ 21 Թագաւորը Յուդին ղրկեց, որ այն տոմսը բերէ։ Ան ալ զանիկա Եղիսամա դպիրին սենեակէն առաւ եւ թագաւորին ու թագաւորին քով կայնող բոլոր իշխաններուն առջեւ կարդաց։ 22 Իններորդ ամիսը ըլլալով՝ թագաւորը ձմեռնատանը մէջ նստած էր ու առջեւը վառուած կրակարան մը կար։ 23 Երբ Յուդին երեք կամ չորս երես կարդաց, զանիկա զմելիով կտրեց ու կրակարանին կրակին մէջ նետեց, մինչեւ որ բոլոր տոմսը կրակարանին կրակին մէջ սպառեցաւ։ 24 Թագաւորն ու անոր բոլոր ծառաները, որոնք այս բոլոր խօսքերը կը լսէին, չվախցան, ո՛չ ալ հանդերձնին պատռեցին. 25 Եւ Եղնաթանը, Դաղայիան ու Գամարիան թագաւորին աղաչեցին, որ տոմսը չայրէ, բայց անոնց մտիկ չըրաւ։ 26 Եւ թագաւորը՝ իր որդիին Յերամէլին ու Եզրիէլի որդիին Սարայիային ու Աբդիէլին որդիին Սեղեմիային հրամայեց, որ Բարուք դպիրն ու Երեմիա մարգարէն բռնեն. բայց Տէրը զանոնք պահեց։
 ԵՐԵՄԻԱ ՈՒՐԻՇ ՏՈՄՍ ՄԸ ԿԸ ԳՐԷ
27 Թագաւորը այն տոմսը ու Երեմիային բերնէն Բարուքին գրած խօսքերը այրելէն ետքը՝ Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով. 28 «Նորէն գնա՛, քեզի ուրիշ տոմս մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ առաջուան խօսքերը, որոնք Յուդայի Յովակիմ թագաւորին այրած տոմսին մէջ կային։ 29 Եւ Յուդայի Յովակիմ թագաւորին ըսէ, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Դուն այդ տոմսը այրեցիր, ըսելով թէ «Ինչո՞ւ համար անոր վրայ գրեցիր թէ Բաբելոնի թագաւորը անպատճառ պիտի գայ ու այս երկիրը պիտի աւերէ եւ անկէ մարդն ու անասունը պիտի վերցնէ»’»։
30 Անոր համար Տէրը Յուդայի Յովակիմ թագաւորին վրայով այսպէս կ՚ըսէ. «Անիկա Դաւիթին աթոռին վրայ նստող մարդ պիտի չունենայ եւ անոր մեռելը ցորեկը տաքի մէջ ու գիշերը ցուրտի մէջ պիտի ձգուի։ 31 Զինք եւ իր սերունդը ու իր ծառաները պիտի պատժեմ իրենց անօրէնութեանը համար եւ անոնց վրայ ու Երուսաղէմի բնակիչներուն վրայ ու Յուդայի մարդոցը վրայ պիտի բերեմ այն չարիքը, որ անոնց յայտնեցի, բայց անոնք մտիկ չըրին»։
32 Երեմիա ուրիշ տոմս մը առաւ ու զանիկա Ներիայի որդիին Բարուք դպիրին տուաւ։ Անիկա ալ անոր վրայ Երեմիային բերնէն՝ Յուդայի Յովակիմ թագաւորին կրակով այրած գրքին բոլոր խօսքերը գրեց ու անոնց վրայ անոնց պէս ուրիշ շատ խօսքեր աւելցան։

37
ՍԵԴԵԿԻԱՅԻՆ ԽՆԴՐԱՆՔԸ ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ
1 Յովսիային որդին Սեդեկիա թագաւորը Յովակիմին որդիին Յեքոնիային տեղ թագաւորեց, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Յուդայի վրայ թագաւոր դրաւ. 2 Բայց անիկա ու իր ծառաները ու երկրին ժողովուրդը Տէրոջը Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսած խօսքերուն մտիկ չըրին։
3 Սեդեկիա թագաւորը Սեղեմիային որդին Յուքաղը ու Մաասիային որդին Սոփոնիա քահանան Երեմիա մարգարէին ղրկեց՝ ըսելով. «Շնորհք ըրէ՛, մեզի համար մեր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրէ՛»։ 4 Այն ժամանակ Երեմիան ժողովուրդին մէջ կը մտնէր կ՚ելլէր ու զանիկա տակաւին բանտը դրած չէին։ 5 Եգիպտոսէն Փարաւոնին զօրքը եկաւ ու Երուսաղէմը պաշարող Քաղդէացիները երբ այդ լուրը լսեցին, Երուսաղէմէն քաշուեցան։
6 Տէրոջը խօսքը Երեմիա մարգարէին եղաւ՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ. 7 Ինծի հարցնելու համար ձեզ ինծի ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. ‘Ահա ձեզի օգնութեան համար եկող Փարաւոնին զօրքը իր երկիրը՝ Եգիպտոս պիտի դառնայ 8 Ու Քաղդէացիները պիտի դառնան եւ այս քաղաքին դէմ պատերազմ պիտի ընեն ու զանիկա պիտի առնեն եւ կրակով այրեն’։ 9 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Մի՛ խաբէք ձեր անձերը՝ ըսելով թէ «Քաղդէացիները անշուշտ մեզմէ պիտի երթան», վասն զի պիտի չերթան. 10 Քանզի թէեւ ձեզի հետ պատերազմ ընող Քաղդէացիներու բոլոր զօրքը զարնէք եւ անոնցմէ միայն մէկ քանի վիրաւորուած մարդիկ մնան, նորէն անոնց ամէն մէկը իր վրանէն ելլելով՝ այս քաղաքը կրակով պիտի այրեն’»։
ԵՐԵՄԻԱՆ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻ ՈՒ ԿԸ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԻ
11 Ու երբ Քաղդէացիներու զօրքը Փարաւոնին զօրքին պատճառով Երուսաղէմին վրայէն քաշուեցան, 12 Երեմիա Երուսաղէմէն ելաւ, որ Բենիամինին երկիրը երթայ ու անկէ ժողովուրդին մէջ իր բաժինը առնէ։ 13 Երբ անիկա Բենիամինին դուռն էր, հոն Անանիային որդիին Սեղեմիային որդին, Յերիա անունով ոստիկան մը կար։ Անիկա Երեմիա մարգարէն բռնեց ու ըսաւ. «Դուն Քաղդէացիներուն կողմը կ՚անցնիս»։ 14 Ու Երեմիա ըսաւ. ‘Սուտ է, ես Քաղդէացիներու կողմը չեմ անցնիր’։ Բայց ոստիկանը անոր մտիկ չըրաւ ու բռնեց Երեմիան ու զանիկա իշխաններուն տարաւ։ 15 Իշխանները Երեմիային սրդողեցան ու զանիկա ծեծեցին եւ բանտարկեցին Յովնաթան դպիրին տանը մէջ. վասն զի այն տունը բանտ ըրեր էին։
16 Երեմիան բանտը ու խուցերուն մէջ մտաւ ու հոն երկար ատեն նստաւ։ 17 Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց, զանիկա առաւ։ Թագաւորը իր տանը մէջ գաղտուկ անոր հարցուց ու ըսաւ. «Արդեօք Տէրոջմէ խօսք մը կա՞յ»։ Երեմիա ըսաւ. «Կայ». նաեւ ըսաւ. «Դուն Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուիս»։ 18 Երեմիա ըսաւ Սեդեկիա թագաւորին. «Քեզի կամ ծառաներուդ կամ այս ժողովուրդին դէմ ի՞նչ մեղք գործեցի, որ զիս բանտը դրիք։ 19 Ո՞ւր են ձեր մարգարէները, որոնք ձեզի մարգարէութիւն ըրին ու ըսին. ‘Բաբելոնի թագաւորը ձեր վրայ ու այս երկրին վրայ պիտի չգայ’։ 20 Հիմա կ՚աղաչեմ, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, մտի՛կ ըրէ, թող իմ աղաչանքս քու առջեւդ ընդունելի ըլլայ ու զիս նորէն Յովնաթան դպիրին տունը մի՛ ղրկեր, որ հոն չմեռնիմ»։ 21 Սեդեկիա թագաւորը հրամայեց ու Երեմիան բանտին գաւիթը դրին ու ամէն օր հացագործներուն փողոցէն մէկմէկ նկանակ հաց կու տային անոր, մինչեւ որ քաղաքին հացը բոլորովին հատաւ։ Երեմիան բանտին գաւիթին մէջ կը նստէր։

38
ԵՐԵՄԻԱՆ ՉՈՐ ՋՐՀՈՐԻ ՄԸ ՄԷՋ
1 Մատթանին որդին Սափատիան ու Փասուրին որդին Գոդողիան եւ Սեղեմիային որդին Յուքազն ու Մեղքիային որդին Փասուրը Երեմիային բոլոր ժողովուրդին հետ խօսած խօսքերը լսեցին, որ ըսաւ, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. 2 «Այս քաղաքին մէջ կեցողը սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ Քաղդէացիներուն հետ ելլողը ողջ պիտի մնայ եւ անոր կեանքը իրեն աւարի մը պէս պիտի ըլլայ ու պիտի ապրի»։ 3 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. «Այս քաղաքը անպատճառ Բաբելոնի թագաւորին զօրքին ձեռքը պիտի տրուի, որը զանիկա պիտի առնէ»։ 4 Իշխանները թագաւորին ըսին. «Կ՚աղաչենք, թող այս մարդը մեռցուի, վասն զի այս քաղաքին մէջ մնացած պատերազմիկներուն ձեռքերն ու բոլոր ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէ՝ անոնց այսպիսի խօսքեր ըսելով. վասն զի այս մարդը այս ժողովուրդին խաղաղութիւնը չի փնտռեր, հապա անոր չարիքը»։ 5 Սեդեկիա թագաւորը ըսաւ. «Ահա անիկա ձեր ձեռքն է, որովհետեւ թագաւորը ձեզի հակառակ բան մը չի կրնար ընել»։ 6 Երեմիան առին եւ զանիկա թագաւորին որդիին Մեղքիային գուբը նետեցին, որ բանտին գաւիթին մէջ էր։ Երեմիան չուաններով իջեցուցին։ Այն գուբին մէջ ջուր չկար, հապա միայն տիղմ, որով Երեմիա տիղմին մէջ կ՚ընկղմէր։
7 Թագաւորին տունը եղող Եթովպիացի ներքինին Աբդեմելէք լսեց, որ Երեմիան գուբը ձգեցին։ Երբ թագաւորը Բենիամինին դուռը կը նստէր, 8 Աբդեմելէք թագաւորին տունէն ելաւ ու թագաւորին խօսեցաւ ու ըսաւ. 9 «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, այս մարդիկը սխալ ըրին Երեմիա մարգարէն գուբը նետելով. քանզի քաղաքին մէջ ա՛լ հաց չգտնուելուն համար՝ անիկա հոն անօթութենէն պիտի մեռնի»։ 10 Թագաւորը Եթովպիացի Աբդեմելէքին հրամայեց ու ըսաւ. «Ասկէ քեզի հետ երեսուն մարդ ա՛ռ ու Երեմիա մարգարէն գուբէն հանէ, քանի որ մեռած չէ»։ 11 Աբդեմելէքը իրեն հետ մարդիկ առաւ ու թագաւորին տունը՝ շտեմարանին տակ գնաց եւ անկէ պատռած լաթեր ու հին լաթեր առաւ եւ զանոնք չուաններով գուբը Երեմիային իջեցուց։ 12 Եթովպիացի Աբդեմելէք Երեմիային ըսաւ. «Այս պատռած ու հին լաթերը թեւերուդ տակ չուաններուն տակը դիր»։ Երեմիան այնպէս ըրաւ։ 13 Ու Երեմիան չուաններով քաշեցին եւ զանիկա գուբէն դուրս հանեցին ու Երեմիա բանտին գաւիթին մէջ նստաւ։
 ՍԵԴԵԿԻԱՆ ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿԸ ԴԻՄԷ
14 Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց ու Երեմիա մարգարէն իր քով առաւ Տէրոջը տանը երրորդ մուտքը եւ Երեմիային ըսաւ. «Քեզի բան մը պիտի հարցնեմ, ինծմէ բան մի՛ պահեր»։ 15 Երեմիան ըսաւ Սեդեկիային. «Եթէ քեզի պատմեմ, զիս անշուշտ պիտի մեռցնես եւ եթէ քեզի խրատ տամ, ինծի մտիկ պիտի չընես»։ 16 Բայց Սեդեկիա թագաւորը Երեմիային գաղտուկ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Մեզ ստեղծող Տէրը կենդանի է, որ քեզ պիտի չմեռցնեմ եւ քեզ պիտի չմատնեմ այս մարդոց ձեռքը, որոնք քու հոգիդ կը փնտռեն»։ 17 Այն ատեն Երեմիան Սեդեկիային ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուածը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ՚ըսէ. ‘Եթէ Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն յանձնուիս, քու հոգիդ ողջ պիտի մնայ եւ քաղաքը կրակով պիտի չայրի եւ դուն ու քու տունդ ողջ պիտի մնաք. 18 Բայց եթէ Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն չյանձնուիս, այն ատեն այս քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը պիտի տրուի, որոնք զանիկա կրակով պիտի այրեն եւ դուն անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս’»։ 19 Սեդեկիա թագաւորը Երեմիային ըսաւ. «Քաղդէացիներուն կողմը անցած Հրեաներէն կը վախնամ. չըլլայ որ զիս անոնց ձեռքը տան ու ինծի հետ անարգանքով վարուին»։ 20 Երեմիան ըսաւ. «Պիտի չտան. կ՚աղաչեմ, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ, որ քեզի ըսի, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու քու անձդ ապրի, 21 Բայց եթէ ելլել չուզես, Տէրոջը ինծի ցուցուցած տեսիլքն այս է. 22 ‘Ահա Յուդայի թագաւորին տունը մնացած բոլոր կիները Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն պիտի տարուին ու այն կիները պիտի ըսեն. «Քու բարեկամներդ քեզ հրապուրեցին ու քեզի յաղթեցին ու ոտքերդ տիղմի մէջ ընկղմելուն պէս՝ անոնք ետ քաշուեցան»։ 23 Քու բոլոր կիներդ ու տղաքներդ Քաղդէացիներուն պիտի հանեն. դուն ալ անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս, հապա Բաբելոնի թագաւորին ձեռքով պիտի բռնուիս եւ դուն պատճառ պիտի ըլլաս, որ այս քաղաքը կրակով այրի’»։ 24 Ու Սեդեկիան ըսաւ Երեմիային. «Այս խօսքերը մարդ թող չիմանայ ու դուն պիտի չմեռնիս։ 25 Եւ եթէ իշխանները քեզի հետ խօսիլս լսեն ու քեզի գան ու քեզի ըսեն՝ ‘Թագաւորին հետ ի՞նչ խօսեցար, մեզի պատմէ. մեզմէ մի՛ պահեր, որ քեզ չմեռցնենք։ Թագաւորը քեզի հետ ի՞նչ խօսեցաւ’. 26 Այն ատեն անոնց ըսէ. «Ես թագաւորին առջեւ աղաչանք ըրի, որ զիս Յովնաթանին տունը չղրկէ, որ հոն մեռնիմ’»։ 27 Բոլոր իշխանները Երեմիային եկան ու անոր հարցուցին եւ անոնց պատմեց այն խօսքերուն համաձայն, որոնք թագաւորը պատուիրեր էր։ Անոնք խօսելէն դադարեցան. վասն զի բանը չյայտնուեցաւ։ 28 Երեմիան բանտին գաւիթին մէջ մնաց, մինչեւ Երուսաղէմի առնուած օրը։ Երբ Երուսաղէմ առնուեցաւ, անիկա հոն էր։

39
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ ԱՆԿՈՒՄԸ
1 Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմ եկաւ ու զանիկա պաշարեց։ 2 Սեդեկիային տասնըմէկերորդ տարուան չորրորդ ամիսը, ամսուան իննին քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ։ 3 Եւ Բաբելոնի թագաւորին բոլոր իշխանները, այսինքն Ներգեղսարասարը, Սամերգանաբաւ, Սարսեքիմ ներքինապետը, Ներգեղսարասար մոգպետը ու Բաբելոնի թագաւորին բոլոր մնացած իշխանները եկան միջին դուռը նստան։
4 Երբ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորն ու բոլոր պատերազմիկները զանոնք տեսան, փախան ու քաղաքէն գիշերով թագաւորին պարտէզին ճամբովը երկու պարսպին մէջի դռնէն դուրս ելան։ 5 Քաղդէացիներուն զօրքը անոնց ետեւէն ինկան ու Երիքովի դաշտերուն մէջ Սեդեկիային հասան եւ զանիկա բռնեցին ու Եմաթի երկիրը՝ Ռեբղա՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին առջեւ հանեցին, որ անոր դատը տեսաւ։ 6 Բաբելոնի թագաւորը Ռեբղայի մէջ Սեդեկիային տղաքը անոր աչքերուն առջեւ ու Յուդայի բոլոր ազնուականները մորթեց։ 7 Եւ Սեդեկիային աչքերը կուրցուց ու զանիկա շղթաներով կապեց, որպէս զի Բաբելոն տանի։ 8 Քաղդէացիները կրակով այրեցին թագաւորին ու ժողովուրդին տուները ու Երուսաղէմի պարիսպները փլցուցին։ 9 Նաբուզարդան դահճապետը քաղաքին մէջ մնացած ժողովուրդը ու իր կողմը անցած փախստականները եւ ուրիշ մնացորդներ Բաբելոն գերի տարաւ։ 10 Նաբուզարդան դահճապետը Յուդայի երկրին մէջ թողուց ժողովուրդին աղքատները, որոնք բան մը չունէին եւ նոյն օրը անոնց այգիներ ու արտեր տուաւ։
 ԵՐԵՄԻԱ ՎԵՐՍՏԻՆ Կ՚ԱԶԱՏԻ
11 Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Երեմիային համար Նաբուզարդան դահճապետին պատուիրեց ու ըսաւ. 12 «Զանիկա ա՛ռ եւ աչքդ անոր վրայ ըլլայ ու անոր ամենեւին չարիք մի՛ հասցներ եւ ինչ որ քեզի ըսէ՝ այնպէս ըրէ՛»։ 13 Նաբուզարդան դահճապետը ու Նաբուսազաբան ներքինապետը ու Ներգեղսարասար մոգպետը եւ Բաբելոնի թագաւորին բոլոր նախարարները մարդ ղրկեցին 14 Ու Երեմիան բանտին գաւիթէն առին ու զանիկա Սափանին որդիին Աքիկամին որդիին Գոդողիային տուին, որպէս զի զանիկա տունը տանի։ Անիկա ժողովուրդին մէջ բնակեցաւ։
ԱԲԴԵՄԵԼԷՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՅՈՅՍ
15 Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային, երբ անիկա բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր, ըսելով. 16 «Գնա՛ Եթովպիացի Աբդեմելէքին խօսէ՛ ու ըսէ՛. «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ՚ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքին վրայով ըսած խօսքերս պիտի գործադրեմ՝ չարիքի եւ ոչ թէ բարիքի համար ու այն օրը քու աչքերուդ առջեւ պիտի կատարուին։ 17 Եւ այն օրը քեզ պիտի ազատեմ ու այն մարդոց ձեռքը պիտի չտրուիս, որոնց երեսէն դուն կը վախնաս։ 18 Վասն զի քեզ անշուշտ պիտի ազատեմ ու սուրով պիտի չիյնաս եւ քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի ըլլայ, քանզի ինծի ապաւինեցար’», կ՚ըսէ Տէրը։

40
ԵՐԵՄԻԱ ԳՈԴՈՂԻԱՅԻՆ ՔՈՎ ԿԸ ՄՆԱՅ
1 Այն խօսքը, որ Տէրը Երեմիային ըսաւ, Նաբուզարդան դահճապետին զանիկա Ռամայէն արձակելէն ետքը (երբ Բաբելոն տարուող Երուսաղէմի ու Յուդայի բոլոր գերիներուն մէջ զանիկա ալ շղթաներով կապած առեր էր)։
2 Դահճապետը Երեմիան առնելով՝ անոր ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ այս տեղին վրայ այս չարիքին մասին խօսած էր։ 3 Տէրը իր ըսածին պէս ըրաւ, քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցիք եւ անոր ձայնին մտիկ չըրիք. ատոր համար այս բանը ձեզի եղաւ։ 4 Այսօր քու ձեռքերուդ շղթաները քակեցի. եթէ ինծի հետ Բաբելոն երթալը քու աչքիդ առջեւ աղէկ է՝ եկո՛ւր ու իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ. բայց եթէ ինծի հետ Բաբելոն երթալը քու աչքիդ գէշ կ՚երեւնայ՝ մի՛ գար։ Ահա բոլոր երկիրը քու առջեւդ է, ուր որ քեզի աղէկ ու հաճոյ կ՚երեւնայ՝ հո՛ն գնա։ 5 Ուստի կա՛մ Բաբելոնի թագաւորին Յուդայի քաղաքներուն վրայ դրած Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան դեռ ետ չդարձած՝ անոր գնա՛ ու անոր հետ ժողովուրդին մէջ բնակէ՛ եւ կա՛մ ուր որ քեզի աղէկ կ՚երեւնայ՝ հո՛ն գնա»։ Դահճապետը անոր պաշար ու պարգեւ տուաւ եւ զանիկա արձակեց։ 6 Երեմիան Մասփա գնաց Աքիկամին որդիին Գոդողիային եւ անոր հետ երկրին մէջ մնացած ժողովուրդին մէջ բնակեցաւ։
 ԳՈԴՈՂԻԱ ՅՈՒԴԱՅԻ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ
 (Դ. Թագ. 25։22-24)
7 Երբ դաշտը եղող բոլոր զօրավարները, իրենք ու իրենց մարդիկը լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Աքիկամին որդին Գոդողիան երկրին վրայ վերակացու դրաւ եւ Բաբելոն չքշուած մարդիկն ու կիները եւ տղաքներն ու երկրին աղքատները անոր յանձնեց, 8 Մասփա եկան Գոդողիային, այսինքն Նաթանիային որդին Իսմայէլը ու Կարէին որդիները, Յօհանան ու Յովնաթան եւ Թանհումէթին որդին Սարայիան ու Նետոփաթացի Եփային որդիները ու Մաքաթիին որդին Յեզոնիան՝ թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց մարդիկը։ 9 Եւ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան անոնց ու անոնց մարդոցը երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Քաղդէացիներու ծառայութիւն ընելէն մի՛ վախնաք. այս երկրին մէջ բնակեցէ՛ք եւ Բաբելոնի թագաւորին ծառայութիւն ըրէ՛ք ու ձեզի աղէկ պիտի ըլլայ։ 10 Ես ահա Մասփայի մէջ կը բնակիմ, որպէս զի մեզի եկող Քաղդէացիներուն առջեւ կենամ ու դուք գինի եւ ամառնային պտուղ ու իւղ հաւաքեցէք ու ձեր ամաններուն մէջ դրէք եւ ձեռքերնուդ տակ եղած քաղաքներուն մէջ բնակեցէ՛ք»։ 11 Մովաբի, Ամմոնին որդիներուն, Եդովմի եւ այլ երկիրներու մէջ եղող բոլոր Հրեաներն ալ՝ երբ լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Հրէաստանի մէջ մնացորդ թողուցեր է ու անոնց վրայ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան դրեր է, 12 Բոլորն ալ իրենց ցրուած տեղերէն դարձան ու Յուդայի երկիրը Մասփա՝ Գոդողիային եկան եւ խիստ շատ գինի ու ամառնային պտուղներ հաւաքեցին։
 ԳՈԴՈՂԻԱՆ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻ
 (Դ. Թագ. 25։25-26)
13 Կարէին որդին Յօհանան ու դաշտը եղող բոլոր զօրավարները Մասփա եկան Գոդողիային 14 Ու անոր ըսին. «Գիտե՞ս թէ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը Բաալիս՝ Նաթանիային որդին Իսմայէլը ղրկեց քեզ մեռցնելու համար»։ Բայց Աքիկամին որդին Գոդողիան անոնց չհաւատաց։ 15 Կարէին որդին Յօհանան Մասփայի մէջ Գոդողիային հետ գաղտուկ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Հիմա երթամ ու Նաթանիային որդին Իսմայէլը զարնեմ։ Թող մարդ չիմանայ։ Ինչո՞ւ անիկա քեզ մեռցնէ ու քովդ հաւաքուած բոլոր Հրեաները ցրուին եւ Յուդայի մնացորդը կորսուի»։ 16 Աքիկամի որդին Գոդողիան Կարէի որդիին Յօհանանին ըսաւ. «Այդ բանը մի՛ ըներ, վասն զի դուն Իսմայէլին մասին սուտ կը խօսիս»։

41
1 Եօթներորդ ամսուան մէջ թագաւորական սերունդէն եղող Եղիսամային որդիին Նաթանիային որդին Իսմայէլը թագաւորին նախարարներովը ու իրեն հետ տասը մարդ Մասփա եկաւ Աքիկամին որդիին Գոդողիային ու հոն մէկտեղ հաց կերան Մասփայի մէջ։ 2 Նաթանիային որդին Իսմայէլն ու իրեն հետ եղող տասը մարդը ելան եւ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան սուրով զարկին ու մեռցուցին զանիկա, որ Բաբելոնի թագաւորը երկրին վրայ վերակացու դրեր էր։ 3 Իսմայէլը Գոդողիային հետ Մասփայի մէջ եղող բոլոր Հրեաները եւ հոն գտնուած Քաղդէացի պատերազմիկները կոտորեց։
4 Գոդողիային սպաննուելուն հետեւեալ օրը՝ դեռ մարդ չիմացած՝ Սիւքէմէն, Սելովէն, 5 Սամարիայէն մօրուքնին ածիլած եւ հանդերձնին պատռած ու իրենց մարմնին վրայ կտրածներ ըրած ութսուն մարդ եկան։ Իրենց ձեռքը ընծաներ ու կնդրուկ ունէին՝ Տէրոջը տանը համար։ 6 Նաթանիային որդին Իսմայէլը Մասփայէն ելաւ զանոնք դիմաւորելու։ Անիկա գացած ատենը լալով կ՚երթար։ Երբ անոնց հասաւ՝ անոնց ըսաւ. «Աքիկամին որդիին Գոդողիային եկէ՛ք»։ 7 Ու երբ անոնք քաղաքին մէջտեղը եկան, Նաթանիային որդին Իսմայէլը՝ իրենց հետ եղող մարդոցմով զանոնք մեռցուց ու փոսի մը մէջ նետեց։ 8 Անոնց մէջ տասը մարդ գտնուեցան, որոնք Իսմայէլին ըսին. «Մեզ մի՛ մեռցներ, վասն զի մենք դաշտը ցորենի, գարիի, իւղի ու մեղրի ծածուկ շտեմարաններ ունինք»։ Ուստի Իսմայէլ զանոնք իրեն եղբայրներուն հետ չմեռցուց։
9 Այն փոսը, որուն մէջ Իսմայէլ Գոդողիային պատճառով բոլոր մեռցուած մարդոց դիակները նետեց, այն փոսն էր, որ Ասա թագաւորը շիներ էր՝ Իսրայէլի Բաասա թագաւորին երեսէն վախնալուն համար. Նաթանիային որդին Իսմայէլը զանիկա մեռելներով լեցուց։
10 Իսմայէլ Մասփայի մէջ եղող ժողովուրդին բոլոր մնացորդը գերի բռնեց, թագաւորին աղջիկները ու Մասփայի մէջ մնացած բոլոր ժողովուրդը, որոնց վրայ Նաբուզարդան դահճապետը Աքիկամին որդին Գոդողիան վերակացու դրեր էր։ Նաթանիային որդին Իսմայէլը զանոնք գերի առնելով՝ գնաց Ամմոնին որդիներուն քով։
11 Կարէին որդին Յօհանան ու անոր հետ եղող բոլոր զօրավարները, երբ Նաթանիային որդիին Իսմայէլին ըրած չարութիւնը լսեցին, 12 Իրենց բոլոր մարդիկը առին ու Նաթանիային որդիին Իսմայէլին դէմ պատերազմելու գացին եւ զանիկա Գաբաւոնին ջուրերուն քով գտան։ 13 Իսրայէլին հետ եղող բոլոր ժողովուրդը, երբ Կարէին որդին Յօհանանն ու անոր հետ եղող զօրավարները տեսան, ուրախացան։ 14 Իսմայէլին Մասփայէն գերի քշած բոլոր ժողովուրդը երեսնին դարձուցին ու Կարէին որդիին Յօհանանին գացին։ 15 Բայց Նաթանիային որդին Իսմայէլը ութ մարդով Յօհանանին երեսէն փախաւ ու Ամմոնին որդիներուն քով գնաց։
16 Կարէին որդին Յօհանան ու անոր հետ եղող զօրավարները Նաթանիային որդիէն Իսմայէլէն ետ բերած ժողովուրդին բոլոր մնացորդը Մասփայէն առին՝ Աքիկամին որդիին Գոդողիային մեռցուելէն ետքը, այսինքն Գաբաւոնէն ետ բերած պատերազմող կտրիճներն ու կիները եւ տղաքներն ու ներքինիները 17 Ու գացին Բեթլէհէմի քով եղող Քամաամի պանդոկին մէջ նստան, որպէս զի երթան Եգիպտոս մտնեն Քաղդէացիներուն երեսէն, 18 Վասն զի վախցան. քանզի Նաթանիային որդին Իսմայէլը Բաբելոնի թագաւորին՝ երկրին վրայ դրած Աքիկամին որդին Գոդողիան մեռցուցեր էր։

42
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐԵՆՑ ՀԱՄԱՐ ԵՐԵՄԻԱՅԷՆ ԱՂՕԹՔ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ
1 Բոլոր զօրավարները ու Կարէին որդին Յօհանան եւ Ովսիային որդին Յեզոնիան ու բոլոր ժողովուրդը, պզտիկէն մինչեւ մեծը, մօտեցան։ 2 Երեմիա մարգարէին ըսաւ. «Մեր խնդրանքները քու առջեւդ ընդունելի ըլլան ու մեզի համար, այսինքն այս բոլոր մնացորդներուն համար, քու Տէր Աստուծոյդ աղօթք ըրէ՛. վասն զի շատ քիչ մնացինք, ինչպէս աչքերդ մեզ կը տեսնեն 3 Եւ քու Տէր Աստուածդ մեր երթալու ճամբան ու մեր ընելիքը մեզի թող իմացնէ»։ 4 Երեմիա մարգարէն անոնց ըսաւ. «Լսեցի. ահա ձեր Տէր Աստուծոյն աղօթք կ՚ընեմ ձեր խօսքերուն համաձայն եւ Տէրը ձեզի համար ինչ պատասխան որ տալու ըլլայ, ձեզի պիտի իմացնեմ. ձեզմէ բան մը պիտի չպահեմ»։ 5 Անոնք Երեմիային ըսին. «Տէրը մեր մէջ ճշմարիտ ու հաւատարիմ վկայ ըլլայ, եթէ չընենք այն բոլոր բաները, որոնց համար Տէր Աստուած քեզի պիտի յայտնէ, 6 Թէ՛ բարի եւ թէ՛ չար։ Մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին պիտի հնազանդինք, որուն քեզ կը ղրկենք, որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին հնազանդելով՝ մեզի աղէկ ըլլայ»։
 ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԵՐԵՄԻԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔԻՆ
7 Տասը օր ետքը Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային։ 8 Ան Կարէին որդին Յօհանան եւ անոր հետ եղող բոլոր զօրավարներն ու պզտիկէն մինչեւ մեծը, բոլոր ժողովուրդը, կանչեց 9 Ու անոնց ըսաւ. «Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որուն դուք զիս ղրկեցիք ձեր աղաչանքը մատուցանելու համար, այսպէս կ՚ըսէ. 10 ‘Եթէ շարունակէք այս երկրին մէջ բնակիլ, ես ալ ձեզ պիտի շինեմ ու պիտի չփլցնեմ եւ ձեզ պիտի տնկեմ ու պիտի չխլեմ. վասն զի ձեզի ըրած չարիքիս վրայով զղջացի։ 11 Մի՛ վախնաք Բաբելոնի թագաւորին երեսէն, որմէ կը վախնաք։ Անկէ մի՛ վախնաք, վասն զի ձեզ անոր ձեռքէն ազատելու համար ու ձեզ ապրեցնելու համար ես ձեզի հետ եմ 12 Ու ձեզի ողորմութիւններ գտնել պիտի տամ եւ անիկա ձեզի պիտի ողորմի, ձեզ ձեր երկիրը պիտի դարձնէ’։ 13 Բայց եթէ ըսէք՝ ‘Այս երկրին մէջ չենք բնակիր’ ու ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքին մտիկ չընելով՝ 14 Ըսէք. ‘Ո՛չ, հապա Եգիպտոսի երկիրը երթանք, ուր պատերազմ պիտի չտեսնենք ու փողի ձայն պիտի չլսենք եւ հացի համար անօթի պիտի չմնանք ու հոն պիտի բնակինք’, 15 Այն ատեն Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք։ Ո՛վ Յուդայի մնացորդ, զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ՚ըսէ. ‘Եթէ դուք ձեր երեսները շտկէք դէպի Եգիպտոս ու հոն պանդխտանալու երթաք, 16 Այն ատեն այն սուրը, որմէ կը վախնաք, հոն Եգիպտացիներու երկրին մէջ ձեր վրայ պիտի գայ եւ այն սովը, որմէ դուք կը զարհուրիք, հոն Եգիպտացիներու երկրին մէջ ձեզ պիտի պաշարէ ու հոն պիտի մեռնիք։ 17 Այն մարդիկը, որոնք իրենց երեսները կը շտկեն դէպի Եգիպտոս, հոն պանդխտանալու համար, սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնին ու իմ անոնց վրայ բերելիք չարիքիս երեսէն անոնցմէ մնացորդ ու ազատուած պիտի չմնայ’։
18 Վասն զի զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ՚ըսէ. «Ինչպէս իմ բարկութիւնս ու սրտմտութիւնս Երուսաղէմի բնակիչներուն վրայ թափուեցաւ, այնպէս ձեր վրայ պիտի թափուի իմ սրտմտութիւնս, երբ Եգիպտոս մտնէք եւ անէծքի, զարմանքի, նզովքի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ըլլաք ու ա՛լ այս տեղը պիտի չտեսնէք»։ 19 Ո՛վ Յուդայի մնացորդներ, Տէրը ձեզի համար ‘Եգիպտոս մի՛ մտնէք’ ըսաւ. ուստի աղէկ գիտցէք, որ այսօր ձեզի վկայութիւն կ՚ընեմ։ 20 Վասն զի դուք ձեր հոգիին դէմ նենգութիւն ըրիք, երբ զիս ձեր Տէր Աստուծոյն ղրկեցիք՝ ըսելով. «Մեզի համար մեր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրէ՛ ու մեր Տէր Աստուծոյն ըսած ամէն խօսք մեզի պատմէ ու պիտի ընենք»։ 21 Ես այսօր ձեզի պատմեցի ու դուք մտիկ չըրիք ձեր Տէր Աստուծոյն ձայնին ու այն ամէն խօսքերուն, որոնց համար զիս ձեզի ղրկեց։ 22 Հիմա աղէկ գիտցէք, որ դուք սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնիք այն տեղը՝ ուր կ՚ուզէք երթալ հոն պանդխտանալու համար։

43
ԵՐԵՄԻԱ ԵԳԻՊՏՈՍ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ
1 Երբ Երեմիա բոլոր ժողովուրդին՝ Տէր Աստուծոյն բոլոր խօսքերը լմնցուց, որոնց համար անոնց Տէր Աստուածը զանիկա անոնց ղրկեր էր, այսինքն այս բոլոր խօսքերը, 2 Այն ատեն Ովսիային որդին Ազարիան ու Կարէին որդին Յօհանան եւ բոլոր ամբարտաւան մարդիկը Երեմիային խօսեցան ու ըսին. «Դուն սո՛ւտ կը խօսիս. մեր Տէր Աստուածը քեզ չղրկեց, որ մեզի ըսես թէ ‘Եգիպտոս մի՛ մտնէք հոն պանդխտանալու համար’. 3 Հապա Ներիային որդին Բարուքը քեզ մեզի դէմ կը հանէ, որպէս զի մեզ Քաղդէացիներուն ձեռքը տայ, որ մեզ մեռցնեն ու մեզ Բաբելոն գերի տանին»։ 4 Կարէին որդին Յօհանան ու բոլոր զօրավարները եւ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը ձայնին մտիկ չըրին, որ Յուդայի երկրին մէջ բնակին. 5 Հապա Կարէին որդին Յօհանան ու բոլոր զօրավարները Յուդայի բոլոր մնացորդները առին, որոնք Յուդայի երկրին մէջ բնակելու համար ետ դարձեր էին այն բոլոր ազգերէն՝ ուր ցրուած էին. 6 Այսինքն այր մարդիկն ու կիները եւ տղաքներն ու թագաւորին աղջիկները եւ Նաբուզարդան դահճապետին՝ Սափանին որդիին Աքիկամին որդիին Գոդողիային քով թողուցած բոլոր մարդիկը ու Երեմիա մարգարէն եւ Ներիային որդին Բարուքը 7 Ու Եգիպտոսի երկիրը տարին, վասն զի Տէրոջը ձայնին մտիկ չըրին ու մինչեւ Տափնաս հասան։
8 Տափնասի մէջ Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով. 9 «Ձեռքդ մեծ քարեր ա՛ռ ու զանոնք Յուդայի մարդոցը աչքերուն առջեւ Տափնաս եղող՝ Փարաւոնին տանը դրանը առջեւի աղիւսատունը կաւին մէջ թաղէ 10 Եւ անոնց ըսէ, զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ՚ըսէ. ‘Ահա ես պիտի ղրկեմ ու իմ ծառաս Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը պիտի առնեմ եւ անոր աթոռը այս իմ թաղած քարերուս վրայ պիտի դնեմ ու անիկա իր արքայական խորանը անոնց վրայ պիտի տարածէ 11 Եւ պիտի գայ Եգիպտոսի երկիրը պիտի զարնէ. մահուան համար եղողները մահուան, գերութեան համար եղողները գերութեան եւ սուրի համար եղողները սուրի պիտի մատնէ։ 12 Եգիպտոսի աստուածներուն տուներուն մէջ կրակ պիտի բռնկեցնեմ. անիկա զանոնք պիտի այրէ ու զանոնք գերի պիտի տանի եւ անիկա Եգիպտոսի երկիրը պիտի հագնի, ինչպէս հովիւը իր հանդերձը կը հագնի ու անկէ խաղաղութեամբ պիտի ելլէ։ 13 Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ եղող արեւու տանը արձանները պիտի կոտրտէ ու Եգիպտոսի աստուածներուն տուները կրակով պիտի այրէ’»։

44
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
1 Եգիպտոս բնակող բոլոր Հրեաներուն համար, այսինքն Մագդողի, Տափնասի, Մեմփիսի ու Պաթուրէսի մէջ բնակողներուն համար Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ.
2 «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ՚ըսէ. ‘Դուք տեսաք այն ամէն չարիքը, որ Երուսաղէմի վրայ ու բոլոր Յուդայի քաղաքներուն վրայ բերի եւ ահա անոնք այսօր աւերակ են ու անոնց մէջ բնակող չկայ, 3 Զիս բարկացնելու համար ըրած չարութիւններուն պատճառով, որ գացին, խունկ ծխեցին ու ծառայութիւն ըրին ուրիշ աստուածներու, որոնք ո՛չ իրենք ճանչցեր էին, ո՛չ դուք, ո՛չ ալ ձեր հայրերը։ 4 Եւ ես ձեզի ղրկեցի իմ ծառաներս՝ մարգարէները՝ կանուխ ելլելով եւ ըսի. «Այդ պիղծ գործը մի՛ ընէք, որը ես կ՚ատեմ»։ 5 Բայց մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին, որ իրենց չարութիւններէն դառնան եւ ուրիշ աստուածներու խունկ չծխեն։ 6 Ուստի իմ սրտմտութիւնս ու բարկութիւնս թափեցաւ եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ բորբոքեցաւ ու անոնք այսօրուան եղածին պէս անապատ ու ամայի եղան’։ 7 Եւ հիմա զօրքերու Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Ինչո՞ւ համար դուք ձեր հոգիին դէմ այս մեծ չարութիւնը կը գործէք, որ Յուդայի մէջէն այր մարդն ու կինը, տղան ու կաթնկեր մանուկը կորսնցնէք, այնպէս որ ձեզի մնացորդ մը չմնայ. 8 Ձեր ձեռքերուն գործերովը զիս սրդողեցնելով եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխելով Եգիպտոսի մէջ, ուր դուք մտաք հոն պանդխտանալու համար, որպէս զի ձեր անձը կորսնցնէք ու երկրի բոլոր ազգերուն մէջ անէծք ու նախատինք ըլլաք։ 9 Միթէ Յուդայի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ ձեր հայրերուն ըրած չարութիւնները եւ Յուդայի թագաւորներուն չարութիւնները ու անոնց կիներուն չարութիւնները մոռցա՞ք։ 10 Անոնք մինչեւ այսօր իրենց անձերը չխոնարհեցուցին ու չվախցան եւ ձեր առջեւ ու ձեր հայրերուն առջեւ դրած օրէնքիս ու պատուիրանքներուս մէջ չքալեցին։ 11 Անոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ՚ըսէ. «Ահա ես իմ երեսս ձեզի կ՚ուղղեմ չարիքի ու բոլոր Յուդան կորսնցնելու համար 12 Եւ պիտի առնեմ Յուդային մնացորդը, որոնք երեսնին դարձուցին դէպի Եգիպտոս, հոն պանդխտանալու համար, բայց անոնք Եգիպտոսի մէջ պզտիկէն մինչեւ մեծը սուրով ու սովով պիտի մեռնին եւ անէծքի, զարմանքի, նզովքի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ըլլան։ 13 Եգիպտոսի մէջ բնակողները պիտի պատժեմ, ինչպէս Երուսաղէմը՝ սուրով, սովով ու ժանտախտով պատժեցի։ 14 Եւ Յուդայի մնացորդէն, այսինքն Եգիպտոս պանդխտանալու գացողներէն, մնացորդ ու ազատուած պիտի չմնայ, որ Յուդայի երկիրը դառնան, ուր անոնք կը յուսան դառնալ եւ հոն բնակիլ. վասն զի Եգիպտոսէն փախչողները միայն պիտի դառնան։
15 Այն բոլոր մարդիկը, որոնք գիտէին թէ իրենց կիները օտար աստուածներու խունկ կը ծխէին եւ բոլոր ներկայ եղող կիները, մեծ ժողով մը ըրին ու Եգիպտոսի եւ Պաթուրէսի մէջ բնակող բոլոր ժողովուրդը Երեմիային պատասխան տուին՝ ըսելով. 16 «Տէրոջը անունով մեզի խօսած խօսքիդ մենք մտիկ չենք ըներ. 17 Հապա անշուշտ մեր բերնէն ելած խօսքը պիտի ընենք, երկնքի թագուհիին խունկ ծխելով եւ անոր ըմպելի նուէրներ մատուցանելով, ինչպէս ըրինք մենք ու մեր հայրերը, մեր թագաւորներն ու մեր իշխանները՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, ուր հացով կշտացանք եւ հանգիստ էինք ու չարիք մը չտեսանք։ 18 Սակայն այն ատենէն ի վեր, որ երկնքի թագուհիին խունկ ծխելէն ու անոր ըմպելի նուէրներ մատուցանելէն ետ կեցանք, ամէն բանի կարօտ եղանք եւ սուրով ու սովով հատանք։ 19 Երբ երկնքի թագուհիին խունկ կը ծխէինք եւ անոր ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէինք, միթէ առանց մեր այրերուն հրամանի՞ն զանիկա պաշտելու համար բլիթներ կը շինէինք ու անոր ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէինք»։
20 Երեմիա բոլոր ժողովուրդին, այրերուն եւ կիներուն ու իրեն այս պատասխանը տուող ժողովուրդին ըսաւ. 21 «Միթէ այն խունկը, որ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ կը ծխէիք, դուք ու ձեր հայրերը, ձեր թագաւորներն ու ձեր իշխանները ու երկրին ժողովուրդը, Տէրը չյիշե՞ց ու անոր միտքը չինկա՞ւ։ 22 Տէրը ձեր չար գործերուն ու ձեր ըրած գարշութիւններուն ա՛լ չկրցաւ համբերել, ուստի ձեր երկիրը անապատ, ամայի ու նզովուած եւ անբնակ եղաւ, ինչպէս այսօր կ՚երեւնայ։ 23 Որովհետեւ դուք խունկ ծխեցիք ու Տէրոջը դէմ մեղք գործեցիք եւ Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն չըրիք ու անոր օրէնքին, պատուիրանքներուն ու վկայութիւններուն մէջ չքալեցիք, անոր համար այս չարիքը ձեզի եկաւ, ինչպէս այսօր կ՚երեւնայ»։
24 Երեմիա բոլոր ժողովուրդին ու բոլոր կիներուն ըսաւ. «Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Եգիպտոսի մէջ եղող Յուդա. 25 Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ՚ըսէ. ‘Դուք ու ձեր կիները ձեր բերնովը խօսեցաք ու ձեր ձեռքովը գործադրեցիք ու ըսիք «Անշուշտ ըրած ուխտերնիս պիտի կատարենք, այսինքն երկնքի թագուհիին խունկ պիտի ծխենք ու անոր ըմպելի նուէրներ պիտի մատուցանենք». այո՛, դուք ձեր ուխտերուն վրայ հաստատ պիտի կենաք եւ ձեր ուխտերը պիտի կատարէք։ 26 Անոր համար Տէրոջը խօսքը լսեցէք, ո՛վ բոլոր Յուդա, որ Եգիպտոսի մէջ կը բնակիք. ‘Ահա ես իմ մեծ անունովս երդում ըրի, կ՚ըսէ Տէրը, որ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ա՛լ բնաւ Յուդայի մարդու մը բերնէն իմ անունս պիտի չկանչուի՝ ըսելով. «Եհովա Տէրը կենդանի է». 27 Ահա ես անոնց վրայ կը հսկեմ չարիքի համար եւ ո՛չ թէ բարիքի համար ու Եգիպտոսի մէջ եղող Յուդայի բոլոր մարդիկը սուրով ու սովով պիտի կոտորուին մինչեւ հատնին։ 28 Եւ խիստ քիչ մարդիկ պիտի ըլլան որ սուրէն ազատուելով՝ Եգիպտոսէն Յուդայի երկիրը պիտի դառնան ու Եգիպտոս պանդխտանալու գացող Յուդայի բոլոր մնացորդները պիտի գիտնան թէ որո՛ւն խօսքը պիտի հաստատուի, ի՞մս թէ իրենցը’։ 29 ‘Եւ ասիկա ձեզի նշան ըլլայ, կ՚ըսէ Տէրը, որ այս տեղ ձեզ պիտի պատժեմ, որպէս զի գիտնաք թէ իմ խօսքս ձեր վրայ անշուշտ պիտի հաստատուի չարիքի համար’։ 30 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Ահա ես Եգիպտոսի Փարաւոն Վափառ թագաւորը իր թշնամիներուն ձեռքը ու իր հոգին փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ. ինչպէս Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը իր թշնամիին ու իր հոգին փնտռող Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը մատնեցի’»։

45
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԲԱՐՈՒՔԻՆ
1 Երեմիա մարգարէին խօսքը, որ Ներիային որդիին՝ Բարուքին խօսեցաւ, երբ անիկա այս խօսքերը Երեմիայի բերնէն գրքի մը մէջ դրեց, Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիային որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին ու ըսաւ. 2 «Ո՛վ Բարուք, Իսրայէլին Տէր Աստուածը քեզի համար այսպէս կ՚ըսէ. 3 ‘Դուն ըսիր, Հիմա վա՜յ ինծի, վասն զի Տէրը իմ ցաւիս վրայ տրտմութիւն աւելցուց. իմ հեծութենէս յոգնեցայ ու հանգստութիւն չեմ գտներ»’։ 4 Անոր այսպէս ըսէ, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Ահա ես իմ շինածս պիտի փլցնեմ ու իմ տնկածս պիտի խլեմ, այսինքն այս բոլոր երկիրը։ 5 Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես։ Մի՛ փնտռեր, քանզի ահա ես ամէն մարմնի վրայ չարիք պիտի բերեմ, կ՚ըսէ Տէրը, բայց քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի տամ քու ամէն երթալու տեղերդ’»։

46
ԵԳԻՊՏՈՍ ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԷՆ ԿԸ ՊԱՐՏՈՒԻ
1 Տէրոջը խօսքը Երեմիա մարգարէին, ազգերուն վրայով։ 2 Եգիպտոսի համար, Եգիպտացիներու թագաւորին, Փարաւոն Նեքաւովին, Քարքամիսի մէջ Եփրատ գետին քով եղող զօրքին վրայ, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ՝ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին։
3 «Ասպար ու վահան պատրաստեցէ՛ք
Եւ պատերազմի մօտեցէ՛ք։
4 Ձիերը լծեցէք ու դուք, ո՛վ ձիաւորներ, հեծէ՛ք.
Սաղաւարտներով կայնեցէ՛ք,
Նիզակները փայլեցուցէ՛ք, զրահներ հագէ՛ք։
5 Զանոնք ինչո՞ւ համար զարհուրած ու ետ դարձած կը տեսնեմ։
Անոնց զօրաւորները անգամ ջարդուեցան
Ու արտորնօք փախչելով իրենց ետեւը չնայեցան.
‘Ամէն կողմէ վախ կայ’, կ՚ըսէ Տէրը։
6 Շուտ վազողը թող փախչի
Ու զօրաւորը չազատի։
Անոնք հիւսիսային կողմը, Եփրատ գետին քով,
Գլորելով պիտի իյնան։
7 Ո՞վ է ասիկա, որ գետի պէս կը տարածուի,
Որուն ջուրերը գետերու պէս կ՚ուռին։
8 Եգիպտոս գետի պէս կը տարածուի
Եւ անոր ջուրերը գետերու պէս կ՚ուռին։
Ու կ՚ըսէ. ‘Տարածուիմ, երկիրը ծածկեմ,
Քաղաքն ու անոր բնակիչները բնաջինջ ընեմ’։
9 Ո՛վ ձիեր, ելէ՛ք եւ ո՛վ կառքեր, կատղեցէ՛ք
Եւ զօրաւորները թող ելլեն,
Վահան բռնող Եթովպիացիները ու Փութացիները
Ու աղեղ բռնող ու լարող Ղուդացիները։
10 Վասն զի այսօր զօրքերու Տէր Եհովային վրէժխնդրութեան օրն է,
Որ իր թշնամիներէն վրէժ առնէ։
Սուրը պիտի ուտէ ու կշտանայ,
Անոնց արիւնովը պիտի գինովնայ,
Վասն զի հիւսիսի երկրին մէջ, Եփրատ գետին քով,
Զօրքերու Տէր Եհովան զոհ ունի։
11 Դէպի Գաղաադ ելի՛ր ու Բալասանը ա՛ռ,
Ո՛վ Եգիպտոսի կոյս աղջիկ,
Դեղերը պարապ տեղ կը շատցնես,
Քանզի քեզի բժշկութիւն չկայ։
12 Ազգերը քու անարգանքդ լսեցին
Ու քու աղաղակդ երկիրը լեցուց.
Վասն զի զօրաւորը զօրաւորին վրայ գլորեցաւ,
Երկուքը մէկտեղ ինկան»։
 ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԸ
13 Ասիկա է այն խօսքը, որ Տէրը Երեմիա մարգարէին խօսեցաւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին գալուն ու Եգիպտոսը զարնելուն համար։
14 «Եգիպտոսի մէջ պատմեցէ՛ք, Մագդողի,
Մեմփիսի ու Տափնասի մէջ հրատարակեցէ՛ք
Ու ըսէ՛ք. ‘Կայնէ՛ ու պատրաստ եղի՛ր,
Վասն զի քու բոլորտիքդ սուրը պիտի ուտէ՛։
15 Քու զօրաւորներդ ինչո՞ւ կործանեցան.
Անոնք չկրցան կենալ, վասն զի Տէրը զանոնք վար ձգեց։
16 Գլորուածները շատցուց ու իրարու վրայ ինկան
Ու ըսին. ‘Ելի՛ր ու բռնաւորին սուրին պատճառով
Մեր ժողովուրդին ու մեր ծննդեան երկիրը դառնանք’։
17 Հոն կը կանչէին.
‘Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը պարապ տեղը կ՚աղաղակէ.
Անիկա իր որոշուած ժամանակը անցուց’։
18 «Ես կենդանի եմ, կ՚ըսէ այն Թագաւորը
Որուն անունը Զօրքերու Տէր է,
Ինչպէս Թաբօրը լեռներու մէջ է,
Ինչպէս Կարմեղոսը մինչեւ ծովը կը հասնի,
Այնպէս անիկա պիտի գայ։
19 Ո՛վ Եգիպտոս բնակող աղջիկ,
Գերութեան կարասիներ պատրաստէ քեզի.
Վասն զի Մեմփիսը ամայի պիտի ըլլայ
Ու աւերակ առանց բնակիչի։
20 «Եգիպտոս խիստ գեղեցիկ երինջ մըն է,
Բայց կոտորած մը կու գայ, հիւսիսէն կու գայ։
21 Եւ անոր մէջ վարձքով բռնուած զօրքերը գիրցած զուարակներու պէս են.
Սակայն անոնք ալ ետ դարձան, մէկտեղ փախան, չկայնեցան.
Վասն զի անոնց վրայ՝ անոնց կորստեան օրը
Ու անոնց պատուհասի ժամանակը հասաւ։
22 «Անոր ձայնը օձի ձայնին պէս պիտի ըլլայ,
Վասն զի զօրքով պիտի հասնին
Եւ անոր վրայ փայտահատներու պէս տապարներով պիտի գան.
23 Անոր անտառը պիտի կտրտեն, կ՚ըսէ Տէրը,
Թէպէտեւ անոր ծառերը անթիւ են
Ու անոնք մարախէն շատ են,
Այնպէս որ չեն համրուիր։
24 Եգիպտոսի աղջիկը ամօթով պիտի ըլլայ,
Հիւսիսային ժողովուրդին ձեռքը պիտի մատնուի»։
25 Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ կ՚ըսէ.
«Ահա ես Նովացի Ամոնին եւ Փարաւոնին
Ու Եգիպտոսին եւ անոր աստուածներուն ու թագաւորներուն,
Այսինքն Փարաւոնին ու անոր ապաւինողներուն, պատուհաս պիտի բերեմ
26 Եւ զանոնք՝ իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը
Ու Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը
Ու անոր ծառաներուն ձեռքը պիտի մատնեմ
Եւ անկէ ետքը հին օրերու պէս պիտի բնակուի, կ՚ըսէ Տէրը։
 ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԻՏԻ ԱԶԱՏԷ
27 «Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, մի՛ վախնար
Եւ ո՛վ Իսրայէլ, մի՛ զարհուրիր.
Քանզի ահա ես քեզ հեռուէն
Եւ քու սերունդդ իրենց գերութեան երկրէն պիտի ազատեմ։
Յակոբ պիտի դառնայ եւ հանդարտ ու հանգիստ պիտի ըլլայ
Եւ զանիկա վախցնող պիտի չըլլայ»։
28 «Դուն մի՛ վախնար, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, կ՚ըսէ Տէրը,
Վասն զի ես քեզի հետ եմ.
Քանզի պիտի սպառեմ այն բոլոր ազգերը,
Որոնց մէջ քեզ ցրուեցի,
Բայց քեզ պիտի չսպառեմ,
Հապա քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ,
Թէեւ քեզ բոլորովին անմեղ պիտի չհանեմ»։

47
ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ
1 Տէրոջը խօսքը, որ Երեմիա մարգարէին եղաւ Փղշտացիներուն վրայով՝ դեռ Փարաւոն Գազանը չզարկած։
2 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Ահա հիւսիսէն ջուրեր կու գան,
Որոնք յորդած հեղեղի պէս պիտի ըլլան
Ու երկիրը եւ անոր լիութիւնը,
Քաղաքն ու անոր բնակիչները պիտի կոխեն.
Մարդիկ պիտի աղաղակեն,
Երկրին բոլոր բնակիչները պիտի ոռնան։
3 Անոր երիվարներուն սմբակներուն ձայնէն,
Անոր կառքերուն շաչիւնէն,
Անիւներուն շառաչիւնէն՝
Հայրերը իրենց տղոցը պիտի չնային
Իրենց ձեռքերուն թուլնալուն համար,
4 Բոլոր Փղշտացիները կորսնցնելու
Եւ Տիւրոսի ու Սիդոնի
Բոլոր մնացած օգնականները կոտորելու եղող օրուանը պատճառով,
Քանզի Տէրը Փղշտացիները,
Կափթոր կղզիին մնացորդները, պիտի կորսնցնէ։
5 Գազայի վրայ կնտութիւն եկաւ,
Ասկաղոնը՝ իր հովտին մնացորդովը աւերակ եղաւ.
Մինչեւ ե՞րբ քու մարմնիդ վրայ կտրածներ պիտի ընես։
6 Ո՛վ Տէրոջը սուրը,
Մինչեւ ե՞րբ հանդարտ պիտի չկենաս։
Քու պատեանդ դարձիր,
Հանգչէ՛ ու լռէ՛։
7 Ի՞նչպէս կրնայ հանդարտ կենալ.
Երբ Տէրը անոր հրամայեր է,
Ասկաղոնի ու ծովեզերքի դէմ
Ղրկեր է զանիկա»։

48
ՄՈՎԱԲԻՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ
1 Մովաբին վրայով զօրքերու Տէրը՝
Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ՚ըսէ.
«Վա՜յ Նաբաւին, վասն զի աւերուեցաւ.
Կարիաթեմը ամչցաւ ու առնուեցաւ.
Մասգաբը ամչցաւ ու զարհուրեցաւ։
2 Մովաբը ա՛լ պիտի չպարծի։
Եսեբոնի մէջ անոր վրայ չարիք խորհեցան ու ըսին.
‘Եկէ՛ք, զանիկա ազգ ըլլալէ դադրեցնենք’։
Դո՛ւն ալ, ո՛վ Մադմէն, լռութեան պիտի դատապարտուիս,
Քու ետեւէդ սուր կու գայ։
3 Որոնայիմէն աղաղակի ձայն կու գայ.
‘Աւերում ու մեծ կոտորած կայ’։
4 Մովաբ կործանուեցաւ,
Անոր պզտիկ տղաքները աղաղակ բարձրացուցին։
5 Քանզի Ղուիթի զառիվերէն
Մեծ լացով պիտի ելլեն.
Քանզի Որոնայիմի զառիվարէն
Թշնամիները կոտորածի աղաղակ լսեցին։
6 Փախէ՛ք, ձեր անձը ազատեցէ՛ք
Եւ անապատին մէջի մոշային պէս եղէ՛ք։
7 Քանզի քու գործերուդ ու գանձերուդ ապաւինելուդ համար՝
Դուն ալ պիտի առնուիս
Եւ Քամովսը գերութեան պիտի երթայ
Իր քուրմերով ու իր իշխաններով մէկտեղ։
8 Եւ ամէն քաղաքի վրայ կործանողը պիտի գայ
Ու քաղաք մը պիտի չազատի.
Հովիտը պիտի կորսուի ու դաշտը պիտի աւերուի,
Ինչպէս Տէրը ըսաւ։
9 «Մովաբին թեւեր տուէ՛ք, որպէս զի թռչելով փախչի,
Քանզի անոր քաղաքները ամայի պիտի ըլլան՝ բնակիչ չունենալով։
10 «Տէրոջը գործը նենգութեամբ կատարողը անիծեալ ըլլայ
Ու իր սուրը արիւնէն խնայողը անիծեալ ըլլայ։
 ՄՈՎԱԲԻՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ
11 «Մովաբ իր տղայութենէն ի վեր հանգստութեան մէջ էր,
Գինիի պէս իր մրուրին վրայ կը նստէր,
Ամանէ աման չթափուեցաւ,
Գերութեան չգնաց.
Անոր համար իր համը իր մէջ մնաց
Ու հոտը չփոխուեցաւ։
12 «Բայց ահա օրեր կու գան, կ՚ըսէ Տէրը,
Երբ փոխադրողներ պիտի ղրկեմ
Զանիկա պիտի փոխադրեն,
Անոր ամանները պիտի պարպեն,
Տիկերը կտոր կտոր պիտի ընեն։
13 Մովաբը Քամովսէն պիտի ամչնայ,
Ինչպէս Իսրայէլին տունը իր ապաւինած Բեթէլէն ամչցաւ։
14 «Ի՞նչպէս կ՚ըսէք թէ ‘Մենք կտրիճներ ենք
Ու պատերազմի համար զօրաւոր մարդիկ ենք’։
15 Մովաբը աւերուեցաւ եւ անոր քաղաքները այրուեցան
Ու անոր ընտիր երիտասարդները մորթուելու տարուեցան,
Կ՚ըսէ այն Թագաւորը, որուն անունը Զօրքերու Տէր է։
16 Մովաբին կորուստը գալու մօտ է
Եւ անոր պատուհասը խիստ կ՚որոտայ։
17 Ո՛վ անոր բոլորտիքը եղողներ, ամէնքդ անոր վրայ ողբացէ՛ք
Ու ըսէք դուք՝ որ անունը գիտէք.
‘Զօրութեան գաւազանը, փառքի ցուպը,
Ի՜նչպէս կոտրեցաւ’։
18 «Ով Դեբոնի մէջ բնակող աղջիկ,
Փառքէն իջիր ու չոր գետնի վրայ նստէ՛.
Վասն զի Մովաբը կործանողը քու վրադ պիտի ելլէ
Եւ քու պարիսպներդ պիտի աւերէ։
19 Ճամբուն վրայ կայնէ ու դիտէ,
Ո՛վ Արոէրի բնակիչ,
Փախչողին ու ազատողին հարցուր
Ու ըսէ՛ թէ՝ ‘Ի՞նչ եղաւ’։
20 Մովաբը ամչցաւ, վասն զի կոտրեցաւ.
Ողբա՛ ու աղաղակէ՛.
Մովաբին աւրուիլը Առնոնի մէջ պատմեցէ՛ք։
21 «Դաշտային երկրին,
Քօղօնի, Յասսայի ու Մեփայաթի վրայ դատաստան եկաւ,
22 Նաեւ Դեբոնի, Նաբաւի, Բեթդէբլաթեմի,
23 Կարիաթեմի եւ Բեթգամովղի, Բեթմաւոնի,
24 Կարիօթի, Բօսրայի
Ու Մովաբի երկրին բոլոր քաղաքներուն վրայ,
Թէ՛ հեռաւոր եւ թէ՛ մօտաւոր։
25 Մովաբին եղջիւրը կոտրուեցաւ
Ու բազուկը բեկանուեցաւ», կ՚ըսէ Տէրը։
 ՄՈՎԱԲԻՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԻՆ
26 Զանիկա գինովցուցէ՛ք,
Վասն զի Տէրոջը դէմ հպարտացաւ։
Մովաբ թող իր փսխունքին մէջ թաւալի
Եւ ինքն ալ ծաղրանքի առարկայ ըլլայ։
27 Միթէ Իսրայէլ քեզի ծաղրանքի առարկայ չեղա՞ւ.
Անիկա գողերո՞ւ մէջ գտնուեցաւ,
Երբ դուն անոր վրայով կը խօսէիր, գլուխ կը շարժէիր։
28 «Ո՛վ Մովաբի բնակիչներ,
Քաղաքները թողուցէ՛ք, ծերպերու մէջ բնակեցէ՛ք։
Փոսի բերնին քովերը իր բոյնը շինող աղաւնիին պէս եղէ՛ք»։
29 Մովաբին ամբարտաւանութիւնը լսեցինք.
Անիկա խիստ ամբարտաւան է։
Անոր հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, յոխորտանքը
Ու սրտին գոռոզութիւնը լսեցինք։
30 «Ես անոր ամբարտաւանութիւնը գիտեմ, կ՚ըսէ Տէրը,
Բայց պարապ է.
Անոր սնապարծ խօսքերը պարապ պիտի ելլեն»։
31 Ուստի Մովաբին համար պիտի ողբամ ու աղաղակեմ։
Կիրհարէսի մարդոցը համար սուգ պիտի բռնուի։
32 Ո՛վ Սեբամայի որթատունկ, քու վրայ Յազերի լացովը պիտի լամ.
Քու շառաւիղներդ ծովէն անցնելով
Մինչեւ Յազերի ծովը հասեր էին։
Քու ամառնային պտուղիդ վրայ եւ այգեկութիդ վրայ աւարառուն ինկաւ։
33 Ու պտղաբեր արտերէն եւ Մովաբի երկրէն
Ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը պիտի վերնան։
Հնձաններէն գինին դադրեցուցի.
Ցնծութեամբ խաղող պիտի չկոխուի
Ու ցնծութեան ձայն պիտի չլսուի։
34 «Եսեբոնին աղաղակը մինչեւ Եղէաղէ,
Մինչեւ Յասսա ձայն տուաւ,
Երեք տարեկան երինջի պէս, Սեգովրէն մինչեւ Որոնայիմ.
Քանզի Նեմերիմին ջուրերը անգամ աւրուեցան։
35 Մովաբին բարձր տեղը ողջակէզ մատուցանողը
Ու իր աստուածներուն խունկ ծխողը
Պիտի վերցնեմ», կ՚ըսէ Տէրը։
36 Այս պատճառով իմ սիրտս Մովաբին համար սրինգներու պէս պիտի հնչէ
Ու Կիրհարէսին մարդոցը համար ալ իմ սիրտս սրինգներու պէս պիտի հնչէ.
Վասն զի անոնց ստացած հարստութիւնը կորսուեցաւ։
37 «Քանզի ամէն գլուխ կնտակ պիտի ըլլայ
Եւ ամէն մօրուք պիտի կտրուի
Ու ամէն ձեռքի վրայ կտրածներ պիտի ըլլան
Եւ ամէն մէջքի վրայ քուրձ պիտի ըլլայ։
38 Մովաբի բոլոր տանիքներուն վրայ
Ու անոր փողոցներուն մէջ միայն կոծ պիտի ըլլայ,
Վասն զի Մովաբը կոտրեցի այնպիսի ամանի մը պէս,
Որով ո՛չ ոք կը մտահոգուի, կ՚ըսէ Տէրը։
39 ‘Ի՜նչպէս կոտրեցաւ Մովաբը,
Ի՜նչպէս ամօթով կռնակ դարձուց’, պիտի ըսեն ու ողբան։
Մովաբ ամէն իր բոլորտիքը եղողներուն՝
Խայտառակութեան ու սոսկումի պատճառ պիտի ըլլայ»։
 ՄՈՎԱԲԻՆ ԱԶԱՏՈՒՄ ՉԿԱՅ
40 Վասն զի Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Ահա թշնամին արծիւի պէս պիտի թռչի
Ու իր թեւերը Մովաբին վրայ պիտի տարածէ։
41 Քաղաքները կ՚առնուին
Եւ բերդերը կը նուաճուին
Ու այն օրը Մովաբի զօրաւորներուն սիրտը
Իր երկունքին մէջ եղող կնոջ սրտին պէս պիտի ըլլայ։
42 Եւ Մովաբ ժողովուրդ ըլլալէ պիտի դադրի,
Վասն զի Տէրոջը դէմ հպարտացաւ։
43 ‘Ով Մովաբի բնակիչ,
Քու առջեւդ վախ, գուբ ու որոգայթ կայ’, կ՚ըսէ Տէրը։
44 ‘Վախէն փախչողը գուբը պիտի իյնայ
Եւ գուբէն ելլողը որոգայթի մէջ պիտի բռնուի.
Քանզի անոր վրայ, Մովաբի վրայ,
Անոնց պատուհասի տարին պիտի բերեմ’, կ՚ըսէ Տէրը։
45 «Ուժէն փախչողները Եսեբոնի հովանիին տակ կայնեցան.
Բայց Եսեբոնէն կրակ
Ու Սեհոնի մէջէն բոց ելաւ
Եւ Մովաբին ծայրը
Ու աղաղակողներուն գագաթը կերաւ։
46 Վա՜յ քեզի, Մովաբ,
Քամովսի ժողովուրդը կորսուեցաւ.
Քանզի քու տղաքներդ գերի առնուեցան
Ու աղջիկներդ՝ գերութեան։
47 Բայց վերջին օրերը
Մովաբը գերութենէ պիտի դարձնեմ», կ՚ըսէ Տէրը։
Մովաբին դատաստանը մինչեւ հոս է։

49
ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԱՄՄՈՆԻՆ
1 Ամմոնին որդիներուն վրայով Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Միթէ Իսրայէլ տղաքներ չունի՞.
Միթէ անիկա ժառանգ չունի՞.
Ինչո՞ւ Մեղքոմը Գադին ժառանգ եղաւ։
Ու իր ժողովուրդը անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ։
2 Ասոր համար ահա օրեր կու գան, կ՚ըսէ Տէրը,
Երբ Ամմոնին որդիներուն Ռաբբայի մէջ
Պատերազմի աղաղակ լսել պիտի տամ
Ու անիկա աւերակներու դէզ պիտի ըլլայ
Եւ անոր գիւղերը կրակով պիտի այրին
Ու Իսրայէլ իրեն տիրողներուն վրայ պիտի տիրէ, կ՚ըսէ Տէրը։
3 «Ողբա՛, ո՛վ Եսեբոն, վասն զի Գային կորսուեցաւ։
Աղաղակեցէ՛ք, ո՛վ Ռաբբայի աղջիկներ,
Քուրձեր հագէ՛ք, լացէ՛ք
Ու ցանկէ ցանկ վազեցէ՛ք.
Վասն զի Մեղքոմ գերութեան կ՚երթայ
Իր քուրմերովն ու իշխաններովը մէկտեղ։
4 Ինչո՞ւ քու հովիտներովդ կը պարծիս։
Քու հովիտդ աւերուեցաւ, ո՛վ ապստամբ աղջիկ,
Որ քու գանձերուդ ապաւիներ էիր
Ու կ՚ըսէիր թէ ‘Իմ վրաս ո՞վ կրնայ գալ’։
5 «Ահա ես, կ՚ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան,
Քու վրադ վախ պիտի բերեմ
Բոլորտիքդ եղողներէն
Եւ ամէն մէկը իր առջեւի ճամբան երթալով՝ պիտի ցրուիք
Ու փախստականները հաւաքող պիտի չըլլայ։
6 Եւ անկէ ետքը Ամմոնին որդիները գերութենէ
Պիտի դարձնեմ», կ՚ըսէ Տէրը։
 ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵԴՈՎՄԻՆ
7 Եդովմի վրայով զօրքերու Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Արդեօք Թեմանի մէջ ա՛լ իմաստութիւն չկա՞յ
Ու հանճարեղներէն խորհուրդը կորսուեցա՞ւ.
Անոնց իմաստութիւնը հատա՞ւ։
8 Փախէ՛ք, դարձէ՛ք, խորունկ տեղեր բնակեցէ՛ք,
Ո՛վ Դեդանի բնակիչներ,
Վասն զի Եսաւին կորուստը
Անոր պատժուելու ժամանակը անոր վրայ պիտի բերեմ։
9 Եթէ քեզի այգի կթողներ գային,
Միթէ ճիռեր պիտի չթողուի՞ն.
Եթէ գիշերով գողեր գային.
Իրենց բաւարար եղածին չա՞փ պիտի յափշտակէին։
10 Բայց ես Եսաւը բոլորովին մերկացուցի,
Անոր ծածուկ տեղերը բացի,
Այնպէս որ ան չկրցաւ պահուըտիլ։
Անոր զաւակները, անոր եղբայրներն ու անոր դրացիները կորսուեցան
Եւ ինք չկայ։
11 Որբերդ թո՛ղ տուր, ես զանոնք ողջ կը պահեմ
Ու քու որբեւարիներդ թող ինծի ապաւինին»։
12 Վասն զի Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Ահա անոնք, որ բաժակը խմելու պարտաւոր չէին, անշուշտ պիտի խմեն.
Իսկ դուն բոլորովին անպատի՞ժ պիտի մնաս։
Անպատիժ պիտի չմնաս,
Հապա անպատճառ պիտի խմես։
13 Վասն զի իմ անձիս վրայ երդում կ՚ընեմ, կ՚ըսէ Տէրը,
Որ Բօսրան ամայութիւն, նախատինք, աւերակ ու անէծք պիտի ըլլայ
Եւ անոր բոլոր քաղաքները յաւիտենապէս աւերակ պիտի ըլլան»։
14 Տէրոջը կողմէ լուր լսեցի
Ու ազգերուն դեսպան ղրկուած է, որ կ՚ըսէ.
«Հաւաքուեցէ՛ք եւ անոր վրայ գացէ՛ք
Ու պատերազմի ելէ՛ք»։
15 Քանզի ահա քեզ ազգերու մէջ՝ պզտիկ
Ու մարդոց մէջ անարգ ըրի։
16 Քու ահաւորութիւնդ, քու սրտիդ հպարտութիւնը քեզ խաբեցին,
Ո՛վ վէմին խոռոչներուն մէջ բնակող
Ու բարձր բլուրներուն փակչող.
Եթէ քու բոյնդ արծիւի պէս բարձրերն ալ շինես,
Քեզ անկէ պիտի իջեցնեմ, կ՚ըսէ Տէրը։
17 «Եդովմ ամայի պիտի ըլլայ.
Անկէ ամէն անցնող պիտի զարմանայ
Եւ անոր բոլոր աղէտներուն համար պիտի սուլէ։
18 Սոդոմի ու Գոմորի եւ անոր շրջակայ քաղաքներուն կործանումին պէս», կ՚ըսէ Տէրը,
«Հոն ա՛լ մարդ պիտի չնստի
Ու անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի։
19 Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանի վրայ պիտի ելլէ
Յորդանանի ջուրերուն յորդելէն.
Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանիկա
Եւ ո՞վ է այն ընտրեալը, որ անոր վրայ դնեմ.
Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայ
Ու ինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի
Եւ ո՞վ է այն հովիւը, որ իմ առջեւս պիտի կենայ։
20 Անոր համար Եդովմի վրայով Տէրոջը խորհուրդը
Ու Թեմանի բնակիչներուն վրայով կազմած ծրագիրը լսեցէ՛ք.
Հօտին ամենէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք,
Անշուշտ անոնց բնակարանները անոնց հետ պիտի աւերէ։
21 Անոնց իյնալու ձայնէն երկիրը պիտի շարժի.
Անոնց աղաղակին ձայնը մինչեւ Կարմիր ծով պիտի լսուի։
22 Ահա թշնամին արծիւի պէս բարձրանալով պիտի թռչի
Ու իր թեւերը Բօսրայի վրայ պիտի տարածէ
Եւ այն օրը Եդովմին զօրաւորներուն սիրտը
Իր երկունքին մէջ եղող կնոջ սրտին պէս պիտի ըլլայ»։
 ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ
23 Դամասկոսի վրայով։
«Եմաթ ու Արփաթ ամչցան,
Քանզի գէշ լուր լսեցին ու մարեցան։
Ծովուն մէջ տառապանք կայ,
Անիկա չի կրնար հանդարտիլ։
24 Դամասկոս տկարացաւ,
Սկսաւ փախչիլ,
Արհաւիրքը անոր վրայ հասաւ.
Զանիկա ծննդական կնոջ պէս նեղութիւն ու ցաւեր բռնեցին։
25 Ի՜նչպէս լքուեցաւ երեւելի քաղաքը
Ու ուրախութեան քաղաքը։
26 Ուստի անոր կտրիճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան
Եւ բոլոր պատերազմիկները
Այն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան, կ՚ըսէ զօրքերու Տէրը։
27 Դամասկոսի պարսպին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ,
Որ Բենադադին պալատները պիտի լափէ»։
 ԿԵԴԱՐԻ ՑԵՂԻՆ ԵՒ ՀԱՍՈՐ ՔԱՂԱՔԻՆ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
28 Կեդարին վրայով ու Հասորի թագաւորութիւններուն վրայով, որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ, Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Ելէ՛ք, Կեդարի՛ վրայ գացէք
Եւ արեւելքի բնակիչները ջարդեցէ՛ք.
29 Անոնց վրաններն ու հօտերը պիտի առնուին,
Անոնց վարագոյրներն ու բոլոր կարասիները
Եւ ուղտերը իրենցմէ հեռու պիտի տարուին
Ու անոնց պիտի ըսուի թէ
‘Ամէն կողմանէ վախ կայ’։
30 Փախէ՛ք, շուտով հեռացէ՛ք, խորունկ տեղեր բնակեցէ՛ք,
Ո՛վ Հասորի բնակիչներ, կ՚ըսէ Տէրը,
Վասն զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը
Ձեզի դէմ բան մը ծրագրեց
Ու ձեզի դէմ դիտաւորութիւն մը մտածեց։
31 «Ելէ՛ք ու հանգստութեան եւ ապահովութեան մէջ բնակող ազգին գացէ՛ք, կ՚ըսէ Տէրը,
Որ դռներ ու նիգեր չունի ու առանձինն կը բնակի։
32 Եւ անոնց ուղտերը պիտի կողոպտուին
Ու անոնց խաշինքներուն բազմութիւնը պիտի յափշտակուի
Եւ իրենց մօրուքին ծայրը կտրողները ամէն հովի պիտի ցրուեմ
Ու անոնց կործանումը ամէն կողմէ պիտի բերեմ, կ՚ըսէ Տէրը
33 Եւ Հասորը չագալներու բնակարան,
Յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ.
Հոն մարդ պիտի չնստի
Ու հոն մարդու զաւակ պիտի չբնակի»։
 ՏԷՐՈՋԸ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵՂԱՄԻՆ
34 Յուդայի թագաւորին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը Եղամին մասին Երեմիա մարգարէին եղած Տէրոջը խօսքն է, որ ըսաւ.
35 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Ահա ես Եղամին աղեղը,
Անոնց գլխաւոր զօրութիւնը պիտի կոտրեմ։
36 Ու Եղամին վրայ երկնքի չորս կողմէն չորս հովեր պիտի բերեմ,
Զանոնք այս բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմ
Ու պիտի չըլլայ ազգ մը, որուն Եղամի փախստականները չերթան։
37 Ու Եղամացիները իրենց թշնամիներուն առջեւ
Եւ իրենց հոգին փնտռողներուն առջեւ պիտի վախցնեմ
Ու անոնց վրայ պատուհաս պիտի բերեմ,
Այսինքն իմ սաստիկ բարկութիւնս, կ՚ըսէ Տէրը։
Եւ անոնց ետեւէն սուր պիտի ղրկեմ,
Մինչեւ զանոնք հատցնեմ։
38 Ու իմ աթոռս Եղամի մէջ պիտի դնեմ
Եւ թագաւոր ու իշխաններ պիտի կորսնցնեմ անկէ, կ՚ըսէ Տէրը։
39 Բայց վերջին օրերը
Եղամը գերութենէ պիտի դարձնեմ», կ՚ըսէ Տէրը։

50
ԲԱԲԵԼՈՆԻՆ ԳՐԱՒՈՒՄԸ
1 Բաբելոնի վրայով, Քաղդէացիներու երկրին վրայով, Երեմիա մարգարէին միջոցով Տէրոջը ըսած խօսքը։
2 «Ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք.
Հրատարակեցէ՛ք ու դրօշ վերցուցէ՛ք.
Հրատարակեցէ՛ք ու մի՛ ծածկէք ու ըսէ՛ք՝
‘Բաբելոնը առնուեցաւ, Բէլը ամչցաւ,
Մարովդաքը կոտրեցաւ,
Անոր արձանները ամչցան,
Անոր կուռքերը կոտրտեցան’.
3 Վասն զի անոր վրայ հիւսիսէն ազգ մը ելաւ,
Որը անոր երկիրը աւերակ պիտի ընէ
Ու հոն բնակիչ պիտի չմնայ.
Մարդէ մինչեւ անասուն պիտի փախչին երթան»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
4 «Այն օրերը ու այն ժամանակը, կ՚ըսէ Տէրը,
Իսրայէլին որդիները, իրենք ու Յուդային որդիները, մէկտեղ պիտի գան,
Քալելով ու լալով պիտի գան
Եւ իրենց Տէր Աստուածը պիտի փնտռէն։
5 Սիօնի համար պիտի հարցնեն՝
Իրենց երեսը դէպի հոն դարձնելով.
‘Եկէ՛ք ու Տէրոջը յարի՛նք
Յաւիտենական ու անմոռաց ուխտով մը’։
6 «Իմ ժողովուրդս կորսուած ոչխարներու պէս եղաւ,
Իրենց հովիւները զանոնք մոլորեցուցին։
Զանոնք լեռներու վրայ պտըտցուցին։
Անոնք ալ լեռնէ լեռ ու բլուրէ բլուր գացին
Ու իրենց մակաղատեղին մոռցան։
7 Բոլոր գտնողները զանոնք կերան
Ու անոնց թշնամիները ըսին՝
‘Մենք յանցանք չունինք,
Վասն զի անոնք արդարութեան բնակարան եղող Տէրոջը դէմ
Ու իրենց հայրերուն յոյսը եղող Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին’։
8 «Բաբելոնէն փախէ՛ք
Ու Քաղդէացիներու երկրէն ելէք
Եւ հօտերուն առջեւէն գացող նոխազներուն պէս եղէ՛ք։
9 Քանզի ահա ես Բաբելոնի վրայ
Հիւսիսի երկրէն մեծ ազգերու խումբ մը
Պիտի արթնցնեմ ու հանեմ։
Անոր առջեւ գունդերով պիտի շարուին
Եւ ան պիտի առնուի։
Անոնց նետերը, յաջողակ պատերազմողի նետերու պէս
Պարապ պիտի չդառնան։
10 Եւ Քաղդէացիներու երկիրը պիտի կողոպտուի
Ու զանիկա թալլողները պիտի կշտանան», կ՚ըսէ Տէրը։
 ԲԱԲԵԼՈՆԻՆ ԱՆԿՈՒՄԸ
11 «Որովհետեւ դուք ուրախացաք ու խնդացիք,
Ո՛վ իմ ժառանգութեանս կողոպտիչներ,
Կանանչ խոտերու մէջ արածուող երինջի պէս ցատկեցէ՛ք
Ու երիվարներու պէս վրնջեցէ՛ք։
12 Ձեր մայրը խիստ ամչցաւ.
Ձեզ ծնանողը շնորհազուրկ եղաւ։
Ահա անիկա ազգերուն յետինը,
Անապատ, անջրդի ու ամայի պիտի ըլլայ։
13 Տէրոջը բարկութեանը պատճառով հոն մարդ պիտի չբնակի,
Բոլորովին ամայի պիտի ըլլայ։
Ով որ Բաբելոնի քովէն անցնի՝
Անոր հարուածներուն վրայ
Պիտի զարմանայ ու պիտի սուլէ։
14 Բաբելոնի շուրջը շարուեցէ՛ք,
Ո՛վ աղեղ լարողներ,
Անոր նետեցէ՛ք, նետին մի՛ խնայէք,
Քանզի անիկա Տէրոջը դէմ մեղք գործեց։
15 Անոր շուրջը աղաղակ բարձրացուցէ՛ք.
Անիկա անձնատուր եղաւ,
Անոր հիմերը կործանուեցան,
Անոր պարիսպները աւերուեցան,
Վասն զի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութիւնն է։
Անկէ վրէժ առէ՛ք,
Անոր իր ըրածին պէս ըրէ՛ք։
16 Բաբելոնէն սերմանողը ու հունձքի ժամանակ մանգաղ բռնողը կոտորեցէ՛ք.
Բռնաւորին սուրին երեսէն
Ամէն մարդ իր ժողովուրդին պիտի դառնայ
Ու ամէն մարդ իր երկիրը պիտի փախչի։
 ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ
17 «Իսրայէլ մոլորեալ ոչխար մըն է,
Առիւծներէն հալածուած.
Նախ Ասորեստանի թագաւորը զանիկա կերաւ
Ու ետքը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը անոր ոսկորները կրծեց։
18 Ասոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ՚ըսէ.
‘Ահա ես Բաբելոնի թագաւորին ու անոր երկրին վրայ պատուհաս պիտի բերեմ,
Ինչպէս Ասորեստանի թագաւորին ըրի։
19 Եւ Իսրայէլը իր բնակարանը պիտի դարձնեմ
Ու Կարմեղոսի եւ Բասանի մէջ պիտի արածի
Ու անոր հոգին Եփրեմի լերանը վրայ
Ու Գաղաադի վրայ պիտի կշտանայ’։
20 Այն օրերն ու այն ժամանակը, կ՚ըսէ Տէրը,
Իսրայէլի մէջ անօրէնութիւն պիտի փնտռուի,
Բայց անօրէնութիւն պիտի չըլլայ
Եւ Յուդայի մէջ մեղքեր պիտի փնտռուին,
Բայց պիտի չգտնուին.
Վասն զի պիտի ներեմ անոնց մեղքը, որոնք իբր մնացորդ պահած եմ»։
 ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԲԱԲԵԼՈՆԻՆ
21 Մերաթայիմի երկրին վրայ
Եւ Փակուդի բնակիչներուն վրայ ելի՛ր,
Զանոնք աւերէ՛
Ու նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՛, կ՚ըսէ Տէրը
Եւ քեզի պատուիրածիս պէս ըրէ՛։
22 Երկրին մէջ պատերազմի ձայն
Ու մեծ կոտորած կայ։
23 Բոլոր երկրին մուրճը ի՜նչպէս կոտրուեցաւ ու փշրուեցաւ։
Բաբելոն ազգերուն մէջ ի՜նչպէս աւերակ եղաւ։
24 Քեզի որոգայթ լարեցի ու բռնուեցար, ո՛վ Բաբելոն,
Բայց դուն չգիտցար։
Գտնուեցար ու ձեռքը անցար,
Վասն զի Տէրոջը դէմ մաքառեցար։
25 Տէրը իր զինարանը բացաւ
Ու իր բարկութեան զէնքերը հանեց,
Քանզի Քաղդէացիներու երկրին մէջ
Զօրքերու Տէր Եհովան կատարելիք գործ մը ունի։
26 Երկրի ծայրէն անոր վրայ եկէ՛ք,
Անոր շտեմարանները բացէ՛ք,
Զանիկա շեղջերու պէս դիզեցէ՛ք
Ու նզովուածի պէս զանիկա բնաջինջ ըրէ՛ք.
Անկէ մնացորդ մի՛ թողուք։
27 Անոր բոլոր զուարակները կորսնցուցէ՛ք,
Թող անոնք սպանդանոցը իջնեն։
Վա՜յ անոնց, քանզի անոնց օրը,
Անոնց պատուհասի ժամանակը հասած է։
28 Բաբելոնի երկրէն փախչողներուն ու ազատուածներուն ձայնը կու գայ,
Որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն վրէժխնդրութիւնը,
Անոր տաճարին վրէժխնդրութիւնը, Սիօնի մէջ պատմէ։
29 «Բաբելոնի վրայ աղեղնաւորներ կանչեցէ՛ք.
Ո՛վ բոլոր աղեղ լարողներ,
Անոր բոլորտիքը բանակեցէ՛ք.
Չըլլայ թէ մարդ մը ազատի։
Անոր իր գործերուն համեմատ հատուցում ըրէք։
Անոր իր ամէն ըրածին պէս ըրէ՛ք.
Վասն զի անիկա Տէրոջը դէմ՝
Իսրայէլին Սուրբին դէմ՝ հպարտացաւ։
30 Ուստի անոր կտրիճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան
Եւ անոր բոլոր պատերազմիկները
Այն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան», կ՚ըսէ Տէրը։
31 «Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ հպարտ,
Կ՚ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան,
Քանզի քու օրդ, քեզ պատուհասելու ժամանակը հասած է։
32 Հպարտը գլորուելով պիտի իյնայ
Ու մէ՛կը պիտի չըլլայ, որ զանիկա վերցնէ։
Անոր քաղաքներուն մէջ կրակ պիտի բռնկեցնեմ,
Որ անոր բոլոր շրջակայ տեղերը ուտէ»։
33 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Իսրայէլի որդիները ու Յուդայի որդիները մէկտեղ զրկանք կրեցին
Ու անոնց բոլոր գերեվարները զանոնք բռնեցին
Ու չեն ուզեր զանոնք արձակել։
34 Անոնց Փրկիչը զօրաւոր է,
Անոր անունը Զօրքերու Տէր է.
Անիկա անշուշտ անոնց դատին ջատագով պիտի ըլլայ,
Որպէս զի երկրին հանգստութիւն տայ
Ու Բաբելոնի բնակիչները խռովեցնէ։
35 Տէրը կ՚ըսէ թէ Քաղդէացիներուն վրայ
Ու Բաբելոնի բնակիչներուն վրայ
Եւ անոր իշխաններուն ու իմաստուններուն վրայ սուր պիտի գայ։
36 Ստախօսներուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի խենդենան։
Անոր կտրիճներուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի զարհուրին։
37 Անոր ձիերուն ու կառքերուն վրայ
Եւ անոր մէջ եղող բոլոր խառնիճաղանճ բազմութեանը վրայ սուր պիտի գայ
Ու կիներու պէս պիտի ըլլան։
Անոր գանձերուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի յափշտակուին։
38 Անոր ջուրերուն վրայ չորութիւն պիտի գայ ու պիտի ցամքին։
Քանզի անիկա կուռքերու երկիր է
Ու իրենց կուռքերովը կը յիմարանան։
39 Անոր համար հոն վայրենի կատուներ ու բորենիներ պիտի բնակին
Ու հոն ջայլամներ պիտի բնակին։
Եւ հոն անգամ մըն ալ մարդ պիտի չբնակի
Ու ազգէ ազգ հոն բնակիչ պիտի չըլլայ։
40 Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին
Եւ անոր շրջակայ քաղաքներուն պէս, կ՚ըսէ Տէրը,
Հոն ա՛լ մարդ պիտի չնստի
Եւ անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի։
41 «Ահա հիւսիսէն ժողովուրդ մը պիտի գայ
Ու մեծ ազգ մը եւ շատ թագաւորներ
Երկրի ծայրերէն պիտի արթննան։
42 Անոնք աղեղ ու նիզակ կը կրեն,
Անոնք անգութ ու անողորմ են։
Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ
Եւ անոնք ձիերու վրայ կը հեծնեն
Ու պատերազմող մարդու պէս
Քեզի դէմ կը շարուին, ո՛վ Բաբելոնի աղջիկ։
43 Երբ Բաբելոնի թագաւորը այս լուրը լսեց,
Անոր ձեռքերը թուլցան.
Նեղութիւնը շրջապատեց զանիկա
Ծննդական կնոջ երկունքին պէս։
44 Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանի վրայ պիտի ելլէ
Յորդանանի ջուրերուն յորդելէն։
Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանոնք։
Ո՞վ է այն ընտրեալը, որ անոր վրայ դնեմ.
Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայ։
Ինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի.
Ո՞վ է այն հովիւը, որ իմ առջեւս պիտի կենայ։
45 Անոր համար Բաբելոնի վրայով ունեցած Տէրոջը խորհուրդը
Ու Քաղդէացիներու երկրին վրայ ունեցած մտածումը լսեցէ՛ք.
Հօտին ամենէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք.
Անշուշտ անոնց բնակարանները իրենց հետ պիտի աւերէ։
46 Բաբելոնի առնուելու ձայնէն երկիրը կը շարժի
Ու ազգերուն մէջ աղաղակ կը լսուի»։

51
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՆԱՉԱՌ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
1 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Ահա ես Բաբելոնի վրայ
Ու իմ թշնամիներուս մէջտեղ բնակողներուն վրայ
Ապականիչ հով մը պիտի հանեմ։
2 Բաբելոնի վրայ հոսողներ պիտի ղրկեմ
Ու զանիկա պիտի հոսեն եւ անոր երկիրը պիտի պարպեն։
Վասն զի պատուհասին օրը անոր վրայ ամէն կողմէն պիտի գան։
3 Աղեղնաւորը պիտի լարէ իր աղեղը աղեղնաւորին դէմ
Ու իր զրահը՝ հպարտացողին դէմ։
Անոր երիտասարդներուն մի՛ խնայէք,
Անոր բոլոր զօրքը նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՛ք։
4 Քաղդէացիներուն երկրին մէջ սպաննուածներ
Եւ անոր հրապարակներուն մէջ խոցոտուածներ պիտի իյնան։
5 Քանզի Իսրայէլն ու Յուդան իրենց Աստուծմէն՝
Զօրքերու Տէրոջմէն՝ չմերժուեցան,
Թէպէտեւ իրենց երկիրը Իսրայէլի Սուրբին դէմ
Յանցանքով լեցուեցաւ։
6 «Բաբելոնի մէջէն փախէ՛ք։
Ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ,
Որպէս զի անոր անօրէնութիւնովը չկործանիք.
Քանզի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութեան ժամանակն է,
Ինք անոր հատուցում պիտի ընէ։
7 Բաբելոն Տէրոջը ձեռքին մէջ
Բոլոր երկիրը գինովցնող ոսկի գաւաթ մը եղաւ.
Անոր գինիէն ազգերը խմեցին,
Ատոր համար ազգերը յիմարացան։
8 Բաբելոն յանկարծ ինկաւ կոտրեցաւ,
Անոր վրայ ողբացէ՛ք.
Անոր վէրքին համար բալասան առէ՛ք,
Թերեւս բժշկութիւն գտնէ։
9 Բաբելոնին դեղ ըրինք, բայց բժշկութիւն չգտաւ.
Զանիկա թողուցէ՛ք ու մեզմէ իւրաքանչիւրը իր երկիրը թող երթայ.
Վասն զի անոր դատաստանը մինչեւ երկինք հասաւ
Ու մինչեւ ամպերը ելաւ։
10 Տէրը մեր արդարութիւնը երեւան հանեց։
Եկէ՛ք ու Սիօնի մէջ
Մեր Տէր Աստուծոյն գործը պատմենք։
11 Նետերը փայլեցուցէ՛ք, վահանները առէ՛ք.
Տէրը Մարերու թագաւորներուն հոգին արթնցուց,
Քանզի Տէրը խորհեցաւ, որ Բաբելոնը բնաջնջէ։
Վասն զի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութիւնը,
Իր տաճարին վրէժխնդրութիւնն է։
12 Բաբելոնի պարիսպներուն դէմ դրօշակ վերցուցէ՛ք,
Պահապան զօրքը ուժովցուցէ՛ք,
Դէտեր կարգեցէ՛ք, դարաններ պատրաստեցէ՛ք,
Քանզի Տէրը որոշեց
Եւ Բաբելոնի բնակիչներուն համար որոշածը գործադրեց։
13 Ո՛վ շատ ջուրերու քով բնակող ու շատ գանձեր ունեցող,
Քու վախճանդ հասաւ ու քու ագահութեանդ չափը լեցուեցաւ»։
14 Զօրքերու Տէրը իր անձին վրայ երդում ըրաւ՝ ըսելով.
‘Անշուշտ քեզ մարախի բազմութեանը չափ մարդոցմով պիտի լեցնեմ,
Որոնք քու վրադ բարձր ձայնով պիտի պոռան’։
 ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
15 Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց։
Աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց։
Երկինքը իր խորհրդովը տարածեց։
16 Երբ իր ձայնը տայ, երկնքի մէջ ջուրերու բազմութիւն կ՚ըլլայ։
Երկրի ծայրերէն շոգի կը հանէ,
Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ
Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։
17 Ամէն մարդ գիտութենէ զրկուած՝ անասուն դարձաւ,
Ամէն ոսկերիչ իր քանդակած կուռքին պատճառով ամչցաւ,
Վասն զի իր ձուլած կուռքը ստութիւն է։
Անոնք հոգի չունին,
18 Անոնք ունայնութեան եւ խաբէութեան գործեր են.
Իրենց պատուհասի ատեն անոնք պիտի կորսուին։
19 Յակոբին բաժինը ասոնց պէս չէ,
Վասն զի ամենուն Ստեղծողն է անոր բաժինը
Ու Իսրայէլ անոր ժառանգութեան վիճակն է
Եւ անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։
20 «Դուն՝ իմ կռանս, պատերազմական գործիքս ես։
Քեզմով ազգեր պիտի կոտորեմ։
Ու քեզմով թագաւորութիւններ պիտի աւերեմ։
21 Ձին ու անոր հեծեալը քեզմով պիտի կոտորեմ,
Կառքն ու կառավարը քեզմով պիտի կոտրտեմ,
22 Քեզմով մարդն ու կինը պիտի կոտորեմ,
Քեզմով ծերն ու երիտասարդը պիտի կոտորեմ։
Կտրիճը եւ կոյսը քեզմով պիտի կոտորեմ։
23 Հովիւը եւ անոր հօտը քեզմով պիտի կոտորեմ,
Երկրագործն ու անոր եզներուն զոյգը քեզմով պիտի կոտորեմ,
Կուսակալներն ու նախարարները քեզմով պիտի կոտորեմ։
24 «Եւ Բաբելոնի ու Քաղդէացիներու երկրին բոլոր բնակիչներուն
Պիտի հատուցանեմ իրենց բոլոր չարութիւնը,
Ինչպէս ձեր աչքերուն առջեւ Սիօնին ըրին, կ՚ըսէ Տէրը։
25 «Ո՛վ բոլոր երկիրը աւերող ապականիչ լեռ,
Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ՚ըսէ Տէրը,
Իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ,
Քեզ ժայռերէն վար պիտի գլորեմ։
Քեզ այրած լեռ պիտի ընեմ
26 Ու քեզմէ անկեան քար եւ հիմի քար պիտի չառնեն,
Քանզի յաւիտենապէս աւերակ պիտի ըլլաս», կ՚ըսէ Տէրը։
27 Երկրին մէջ դրօշակ բարձրացուցէ՛ք,
Ազգերուն մէջ փող հնչեցուցէ՛ք,
Անոր դէմ ազգեր պատրաստեցէք,
Անոր վրայ Արարատի, Միննիի
Ու Ասքանազի թագաւորութիւնները կանչեցէ՛ք,
Անոր վրայ զօրապետներ դրէ՛ք,
Մազոտ մարախներու պէս ձիեր հանեցէ՛ք.
28 Անոր վրայ ազգեր, Մարերու թագաւորները,
Անոնց կուսակալներն ու բոլոր նախարարները
Եւ անոնց հպատակ երկիրը պատրաստեցէ՛ք։
29 Երկիրը պիտի դողայ ու նեղութիւն պիտի կրէ,
Վասն զի Բաբելոնի համար Տէրոջը խորհուրդները պիտի հաստատուին,
Բաբելոնի երկիրը անբնակ ու ամայի ընելու համար։
30 Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը պատերազմէն դադարեցան
Եւ բերդերու մէջ բնակեցան.
Ուժերնին հատաւ, կիներու պէս եղան։
Անոր բնակարանները այրուեցան, անոր նիգերը կոտրուեցան։
31 Սուրհանդակը սուրհանդակի հանդիպելու
Ու լրաբերը լրաբերի հանդիպելու պիտի վազէ,
Բաբելոնի թագաւորին պատմելու համար
Թէ անոր քաղաքը մէկ ծայրէն առնուեցաւ,
32 Թէ անցքերը բռնուեցան,
Եղէգները կրակով այրուեցան,
Պատերազմիկները զարհուրեցան։
33 Ահա զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ՚ըսէ.
«Բաբելոնի աղջիկը կալի պէս է.
Անոր ծեծուելու ատենն է.
Քիչ ատենէն ետքը անոր հունձքին ժամանակը պիտի գայ»։
34 «Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը
Զիս կերաւ, զիս բնաջինջ ըրաւ,
Զիս պարապ ամանի պէս ըրաւ,
Վիշապի պէս զիս կլլեց,
Իմ փափկութիւններէս իր փորը կշտացուց,
Զիս դուրս նետեց»։
35 Սիօնի բնակիչը պիտի ըսէ.
«Ինծի ու իմ մարմնիս եղած զրկանքը Բաբելոնի վրայ ըլլայ»։
Ու Երուսաղէմ պիտի ըսէ.
«Իմ արիւնս Քաղդէացիներուն երկրին բնակիչներուն վրայ ըլլայ»։
 ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ
36 Անոր համար Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Ահա ես քու դատիդ պաշտպան պիտի կանգնիմ,
Քեզի համար վրէժխնդիր պիտի ըլլամ,
Անոր ծովը պիտի ցամքեցնեմ,
Անոր աղբիւրը պիտի չորցնեմ։
37 Բաբելոն աւերակի դէզեր,
Չագալներու բնակարան,
Զարմանքի եւ սուլելու ենթակայ պիտի ըլլայ։
Հոն մարդ պիտի չբնակի։
38 «Անոնք առոյգ առիւծներու պէս մէկտեղ պիտի մռնչեն
Եւ կորիւններու պէս պիտի մրմռան։
39 Երբ անոնք գինիէն տաքնան, անոնց կոչունք պիտի ընեմ
Ու զանոնք պիտի գինովցնեմ, որպէս զի զուարթանան
Եւ յաւիտենական քունով քնանան
Ու չարթննան», կ՚ըսէ Տէրը։
40 «Զանոնք սպանդանոցը պիտի իջեցնեմ գառնուկներու պէս
Կամ խոյերու պէս՝ նոխազներու հետ»։
 ԲԱԲԵԼՈՆԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
41 «Ի՜նչպէս առնուեցաւ Սիսակը
Ու բոլոր երկրի պարծանքը բռնուեցաւ.
Բաբելոն ի՜նչպէս աւերակ եղաւ ազգերուն մէջ
42 Ծովը Բաբելոնի վրայ ելաւ,
Անոր ալիքներուն շատութենէն ծածկուեցաւ ան։
43 Անոր քաղաքները աւերակ,
Անջրդի երկիր ու անապատ եղան։
Այնպիսի երկիր մը եղան, ուր մարդ չի բնակիր
Ու անկէ մարդու զաւակ չ՚անցնիր։
44 Բաբելոնի մէջ Բէլը պիտի պատժեմ
Ու անոր բերնէն՝ իր կլլածը պիտի հանեմ
Ու անգամ մըն ալ ազգեր անոր պիտի չդիմեն։
Բաբելոնի պարիսպն ալ պիտի փլչի։
45 «Անոր մէջէն ելէ՛ք, ո՛վ իմ ժողովուրդս
Եւ ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ
Տէրոջը սաստիկ բարկութենէն։
46 Չըլլայ թէ երկրին մէջ տարածուած լուրէն
Ձեր սիրտը թուլնայ ու վախնաք,
Երբ մէկ տարուան մէջ լուր մը,
Հետեւեալ տարուան մէջ ուրիշ լուր մը գայ,
Երկրին մէջ բռնութիւն ըլլայ,
Իշխան իշխանի դէմ ելլէ։
47 «Անոր համար ահա օրեր կու գան,
Երբ Բաբելոնի կուռքերը պիտի պատժեմ.
Անոր բոլոր երկիրը պիտի ամչնայ,
Անոր բոլոր սպաննուածները անոր մէջ պիտի իյնան։
48 Այն ատեն երկինք ու երկիր եւ բոլոր անոնց մէջ եղածը
Բաբելոնի վրայ պիտի խնդան,
Վասն զի աւերողները հիւսիսէն պիտի գան, կ՚ըսէ Տէրը։
49 Ինչպէս Բաբելոն Իսրայէլի սպաննուածները վար ձգեց,
Այնպէս Բաբելոնի մէջ բոլոր երկրին սպաննուածները պիտի իյնան»։
 ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
50 «Ո՛վ սուրէ ազատուածներ, գացէ՛ք, մի՛ կենաք,
Հեռուէն Տէրը յիշեցէ՛ք
Ու Երուսաղէմ ձեր միտքը թող գայ։
51 «Նախատինքներուն համար ամչցանք.
Ամօթը մեր երեսը ծածկեց,
Քանզի Տէրոջը տանը սրբարաններուն մէջ օտարազգիներ մտան։
52 Անոր համար ահա օրեր կու գան, կ՚ըսէ Տէրը,
Երբ անոր կուռքերը պիտի պատժեմ
Եւ անոր բոլոր երկրին մէջ վիրաւորներ պիտի հեծեն։
53 Թէեւ Բաբելոն մինչեւ երկինք ելլէ
Ու իր զօրութիւնը բարձրութեան մէջ հաստատէ,
Իմ կողմէ աւերողներ պիտի գան անոր», կ՚ըսէ Տէրը։
 ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԱՒԵՐՈՒՄԸ
54 Բաբելոնէն աղաղակի ձայն
Ու Քաղդէացիներու երկրէն մեծ կոտորածի ձայն կու գայ։
55 Քանզի Տէրը Բաբելոնը կ՚աւերէ
Ու անոր մեծ ձայնը կը խափանէ.
Որովհետեւ անոնց ալիքները շատ ջուրերու պէս կը գոռան
Եւ անոնց ձայնը աղմուկի փոխուած է։
56 Քանզի Բաբելոնի վրայ աւերող մը եկաւ
Ու անոր զօրաւորները առնուեցան,
Անոնց աղեղները կոտրուեցան,
Քանզի Տէրը հատուցանող Աստուած ըլլալուն՝
Անշուշտ հատուցում պիտի ընէ։
57 «Անոր իշխաններն ու իմաստունները,
Կուսակալներն ու նախարարները
Եւ զօրաւոր մարդիկը պիտի գինովցնեմ
Ու անոնք յաւիտենական քունով պիտի քնանան
Ու պիտի չարթննան», կ՚ըսէ այն Թագաւորը
Որուն անունը Զօրքերու Տէր է։
58 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Բաբելոնի լայն պարիսպները բոլորովին պիտի փլին,
Անոր բարձր դռները կրակով պիտի այրին։
Ժողովուրդները պարապ տեղը
Ու ազգերը կրակի համար պիտի աշխատին ու յոգնին»։
 ԵՐԵՄԻԱՅԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԲԱԲԵԼՈՆ ԿԸ ՂՐԿՈՒԻ
59 Այս խօսքն է որ Երեմիա մարգարէն պատուիրեց Մաասիայի որդիին Ներիայի որդիին Սարայիային, երբ անիկա Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին կողմէ, անոր թագաւորութեանը չորրորդ տարին, Բաբելոն գնաց ու Սարայիան գլխաւոր սենեկապետն էր։ 60 Վասն զի Երեմիա Բաբելոնի վրայ գալու ամէն չարիքները գրքի մէջ գրեց, այսինքն այս բոլոր խօսքերը, որ Բաբելոնի դէմ ըսուած են։ 61 Երեմիա Սարայիային ըսաւ. «Երբ Բաբելոն երթաս, նայէ՛ ու կարդա՛ այս բոլոր խօսքերը 62 Ու ըսէ՛. ‘Ո՛վ Տէր, դուն այս տեղին համար ըսիր, թէ զանիկա պիտի աւերես ու մարդէ մինչեւ անասուն անոր մէջ բնակիչ պիտի չմնայ, հապա յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ’»։ 63 Երբ այս գիրքը կարդաս լմնցնես, անոր վրայ քար մը կապէ ու զանիկա Եփրատի մէջ նետէ 64 Ու ըսէ՛. «Այսպէս պիտի ընկղմի Բաբելոն ու անգամ մըն ալ պիտի չկանգնի՝ իմ անոր վրայ բերելու չարիքներուս պատճառով եւ անոնք պիտի յոգնին»։
Երեմիային խօսքերը մինչեւ հոս են։

52
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՆԿՈՒՄԸ
(Դ. Թագ. 24։18–25։7)
1 Սեդեկիա քսանըմէկ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր ու Լեբնացի Երեմիային աղջիկն էր։ 2 Անիկա Յովակիմին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ. 3 Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Երուսաղէմի ու Յուդայի վրայ բորբոքեցաւ եւ զանոնք իր երեսէն ձգեց։ Անոր համար Սեդեկիան Բաբելոնի թագաւորէն ապստամբեցաւ։
4 Անոր թագաւորութեանը իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմի վրայ եկաւ ու անոր դէմ բանակեցաւ եւ շուրջը պատնէշներ շինեցին 5 Ու մինչեւ Սեդեկիա թագաւորին տասնըմէկերորդ տարին քաղաքը պաշարուած էր։ 6 Չորրորդ ամսուն, ամսուան իննին, քաղաքին մէջ սաստիկ սով եղաւ ու ժողովուրդը հաց չունէր 7 Եւ քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ ու բոլոր պատերազմողները փախան եւ գիշերով թագաւորին պարտէզին մօտակայ երկու պարսպին մէջի դրանը ճամբայով քաղաքէն ելան։ Քաղդէացիները քաղաքին շուրջը կեցեր էին։ Փախստականները դաշտի ճամբայէն գացին։ 8 Քաղդէացիներու զօրքը թագաւորին ետեւէն ինկան ու Երիքովի դաշտերուն մէջ Սեդեկիային հասան։ Անոր բոլոր զօրքը իր քովէն ցրուեցան։ 9 Թագաւորը բռնեցին ու զանիկա Բաբելոնի թագաւորին Ռեբղա տարին Եմաթի երկրին մէջ եւ անոր դատաստանը տեսաւ։ 10 Բաբելոնի թագաւորը Սեդեկիային տղաքները անոր աչքերուն առջեւ մորթեց եւ Յուդայի բոլոր իշխաններն ալ Ռեբղայի մէջ մորթեց 11 Եւ Սեդեկիային աչքերը կուրցուց ու զանիկա շղթաներով կապեց։ Բաբելոնի թագաւորը զանիկա Բաբելոն տարաւ ու մինչեւ իր մահուան օրը բանտի մէջ պահեց։
 ՏԱՃԱՐԻՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ
12 Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին տասնըիններորդ տարուան հինգերորդ ամիսը, ամսուան տասին Բաբելոնի թագաւորին առջեւ կայնող Նաբուզարդան դահճապետը Երուսաղէմ մտաւ 13 Ու Տէրոջը տունը եւ թագաւորին տունը այրեց ու Երուսաղէմի բոլոր տուները ու բոլոր մեծ տուները կրակով այրեց։ 14 Դահճապետին հետ եղող Քաղդէացիներու բոլոր զօրքերը Երուսաղէմի շրջակայ բոլոր պարիսպները փլցուցին։ 15 Ժողովուրդին աղքատներէն մաս մը, քաղաքին մէջ մնացած ժողովուրդին մնացորդը ու Բաբելոնի թագաւորին բռնած փախստականները ու մնացած բազմութիւնը Նաբուզարդան դահճապետը գերի տարաւ։ 16 Բայց Նաբուզարդան դահճապետը երկրին աղքատներէն մաս մը թողուց իբր այգեգործներ ու երկրագործներ։
17 Քաղդէացիները Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ սիւներն ու մեքենովթները ու Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ ծովը կտոր կտոր ըրին ու անոնց բոլոր պղինձը Բաբելոն տարին։ 18 Եւ թաղարներն ու թիակները եւ բազմակալներն ու կոնքերը եւ խնկամաններն ու պաշտօնի համար գործածուած բոլոր պղնձէ անօթները առին։ 19 Գաւաթներն ու բուրվառները եւ կոնքերն ու թաղարները եւ աշտանակներն ու խնկամանները եւ բաժակները առաւ դահճապետը՝ ինչ որ ոսկիէ էր՝ իբրեւ ոսկի ու ինչ որ արծաթէ էր՝ իբրեւ արծաթ։ 20 Նաեւ Սողոմոն թագաւորին՝ Տէրոջը տանը համար շինած երկու սիւները, մէկ ծովն ու մեքենովթներուն տակ եղած տասներկու պղնձէ եզները, բոլոր այս գործիքներուն պղինձին կշիռքը անհաշիւ էր։ 21 Սիւներէն մէկուն բարձրութիւնը տասնըութը կանգուն էր ու անոր շրջապատը տասներկու կանգուն էր։ Անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր ու մէջը պարապ էր։ 22 Անոր վրայ պղնձէ խոյակ մը կար։ Մէկ խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն էր եւ խոյակին շուրջը ցանցակերպ զարդ ու նուռեր կային։ Բոլորն ալ պղնձէ էին։ Միւս սիւնն ալ նուռերով այնպէս էր։ 23 Նուռերը ամէն կողմէն իննիսունըվեց հատ էին ու ցանցակերպ զարդին շուրջի բոլոր նուռերը հարիւր հատ էին։
 ՅՈՒԴԱՅԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԲԱԲԵԼՈՆ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ
 (Դ. Թագ. 25։18-21, 27-30)
24 Դահճապետը առաջին քահանան Սարայիան ու երկրորդ քահանան Սոփոնիան ու դրան երեք պահապանները առաւ 25 Եւ քաղաքէն ներքինի մը առաւ, որ պատերազմող մարդոց զօրագլուխն էր ու քաղաքին մէջ գտնուած՝ թագաւորին առջեւ կեցողներէն եօթը մարդ ու երկրին ժողովուրդը զինուորագրող մեծ գրագիրը եւ քաղաքին մէջ գտնուած երկրին ժողովուրդէն վաթսուն մարդ առաւ։ 26 Նաբուզարդան դահճապետը զանոնք առաւ ու Բաբելոնի թագաւորին՝ Ռեբղա տարաւ։ 27 Բաբելոնի թագաւորը զանոնք զարկաւ մեռցուց Եմաթի երկրին Ռեբղայի մէջ։ Այսպէս Յուդա իր երկրէն գերի տարուեցաւ։
28 Նաբուգոդոնոսորի գերի քշած ժողովուրդը ասիկա է։ Եօթներորդ տարին երեք հազար քսանըերեք Հրեայ. 29 Նաբուգոդոնոսորի տասնըութերորդ տարին՝ Երուսաղէմէն ութ հարիւր երեսունըերկու հոգի. 30 Նաբուգոդոնոսորի քսանըերեքերորդ տարին Նաբուզարդան դահճապետը Հրեաներէն եօթը հարիւր քառասունըհինգ հոգի գերի քշեց. ամէնքը չորս հազար վեց հարիւր հոգի եղան։
31 Յուդայի Յովաքին թագաւորին գերութեանը երեսունըեօթներորդ տարուան տասներկրորդ ամսուան քսանըհինգերորդ օրը, Բաբելոնի Եղմարովդաք թագաւորը իր թագաւոր եղած տարին, Յուդայի Յովաքին թագաւորին գլուխը բարձրացուց ու զանիկա բանտէն հանեց։ 32 Անոր հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ ու անոր աթոռը Բաբելոնի մէջ իրեն հետ եղող թագաւորներուն աթոռէն վեր դրաւ. 33 Անոր բանտի լաթերը փոխեց ու անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ միշտ անոր հետ հաց կ՚ուտէր։ 34 Անոր ռոճիկը մշտատեւ ռոճիկ ըլլալով, անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ մինչեւ անոր մահուան օրը Բաբելոնի թագաւորին կողմէ ամէն օր անոր կը տրուէր։