Skip to main content

Եսայեայ (35-66)

35
ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ
1 Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան
Եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի։
2 Անիկա բոլորովին պիտի ծաղկի
Եւ ցնծութեամբ ու երգերով պիտի ուրախանայ։
Անոր պիտի տրուի Լիբանանին փառքը,
Կարմեղոսին ու Սարօնին վայելչութիւնը.
Անոնք Տէրոջը փառքը,
Մեր Աստուծոյն վայելչութիւնը պիտի տեսնեն։
3 Թուլցած ձեռքերը ուժովցուցէ՛ք
Ու դողդոջուն ծունկերը զօրացուցէ՛ք։
4 Թուլասիրտներուն ըսէ՛ք.
«Ուժովցէ՛ք, մի՛ վախնաք.
Ահա ձեր Աստուածը վրէժխնդրութիւնով
Ու Աստուծոյ հատուցումովը պիտի գայ.
Անիկա պիտի գայ ու ձեզ պիտի ազատէ»։
5 Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին
Ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։
6 Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ
Ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ,
Քանզի անապատին մէջ ջուրեր
Ու անբնակ երկրին մէջ հեղեղներ պիտի բղխին։
7 Խորշակահար երկիրը լիճի պիտի դառնայ
Ու ծարաւուտ երկիրը ջուրի աղբիւրներ պիտի բղխեցնէ
Եւ չագալներուն պառկած բնակարանը
Եղէգի ու կնիւնի գաւիթ պիտի ըլլայ։
8 Հոն պողոտայ ու ճամբայ պիտի ըլլայ
Ու անիկա Սրբութեան Պողոտայ պիտի կոչուի։
Անկէ պիղծ մէ՛կը պիտի չանցնի։
Հապա անիկա անոնց համար պիտի ըլլայ,
Որոնք անոր կ՚երթան ու յիմարներն անգամ պիտի չմոլորին։
9 Հոն առիւծ պիտի չըլլայ
Անոր վրայ պատառող գազան պիտի չելլէ
Եւ հոն պիտի չգտնուի,
Հապա փրկուածները հոն պիտի քալեն։
10 Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան,
Երգով Սիօն պիտի գան
Եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։
Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան
Եւ տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան։


36
ԱՍՈՐԵՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՆ
(Դ. Թագ. 18։13-27, Բ. Մնաց. 32։1-19)
1 Եզեկիա թագաւորին տասնըչորրորդ տարին, Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը Յուդային բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն վրայ յարձակեցաւ ու զանոնք առաւ։ 2 Ասորեստանի թագաւոր Ռափսակը Լաքիսէն շատ զօրքով Երուսաղէմ ղրկեց Եզեկիա թագաւորին ու անիկա թափիչի ագարակին ճամբան՝ վերի աւազանին ջրմուղին վրայ կայնեցաւ։ 3 Եւ պալատին հազարապետը՝ Քեղկիայի որդին Եղիակիմ ու Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափին որդին Յովաղը անոր գացին։
4 Ռափսակ անոնց ըսաւ. «Եզեկիային ըսէք. ‘Մեծ թագաւորը, Ասորեստանի թագաւորը, այսպէս կ՚ըսէ. 5 Ո՞րն է այն յոյսը, որուն դուն կ՚ապաւինիս։ Դուն կը խորհիս թէ պարզ խօսքերը պատերազմի համար ռազմագիտութիւն եւ զօրութիւն են, բայց անոնք շրթունքի խօսքեր են։ Ուրեմն որո՞ւն ապաւինելով ինծի դէմ ապստամբեցար։ 6 Դուն այն ջախջախուած եղէգէ ցուպին՝ Եգիպտոսին՝ ապաւինեցար, որ եթէ անոր մարդ մը կռթնի՝ ձեռքը պիտի մտնէ ու զանիկա պիտի ծակէ։ Եգիպտոսին Փարաւոն թագաւորը բոլոր իրեն ապաւինողներուն այնպէս է։ 7 Բայց եթէ ինծի ըսես թէ՝ ‘Մենք մեր Եհովա Աստուծոյն կ՚ապաւինինք’, ասիկա ան չէ՞, որուն բարձր տեղերն ու սեղանները Եզեկիան վերցուց եւ Յուդային ու Երուսաղէմին ըսաւ. ‘Միայն այս սեղանին առջեւ երկրպագութիւն ըրէք’։ 8 Ու հիմա իմ տիրոջս Ասորեստանի թագաւորին հետ հաշտուէ ու քեզի երկու հազար ձի տամ, եթէ դուն քու կողմանէդ անոնց վրայ հեծնողներ ունիս։ 9 Եւ իմ տիրոջս ամենէն պզտիկ ծառաներէն մէկ կուսակալին ի՞նչպէս կրնաս դէմ դնել, որ դուն կառքերու ու ձիերու համար Եգիպտոսին կ՚ապաւինիս։ 10 Հիմա այս երկրին վրայ արդեօք առանց Եհովայի հրամանի՞ն ելեր եմ՝ զանիկա աւերելու համար։ Ինծի Եհովան ըսաւ. ‘Այն երկրին վրայ ելի՛ր ու զանիկա աւերէ՛’»։
11 Եղիակիմ եւ Սեբնա ու Յովաք Ռափսակին ըսին. «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ հետ Ասորերէն խօսիր, քանզի մենք կը հասկնանք։ Մեզի հետ Եբրայեցերէն մի՛ խօսիր, քանի որ պարսպին վրայ եղող ժողովուրդը կը լսէ» 12 Բայց Ռափսակ ըսաւ. «Միթէ այս խօսքերը լսելու համար իմ տէրս զիս միայն քու տիրոջդ ու քեզի՞ ղրկեց. չէ՞ որ այն մարդոց ալ՝ որոնք պարսպին վրայ կը նստին ձեզի հետ իրենց աղբը ուտելու ու իրենց մէզը խմելու»։
13 Ռափսակ ոտքի ելաւ ու մեծ ձայնով մը Եբրայեցերէն աղաղակեց ու ըսաւ. «Մեծ թագաւորին, Ասորեստանի թագաւորին, խօսքերուն մտիկ ըրէ՛ք։ 14Թագաւորը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Եզեկիա ձեզ թող չխաբէ, քանզի անիկա չի կրնար ձեզ ազատել։ 15 Եզեկիա թող ձեր յոյսը Եհովային վրայ չդնէ՝ ըսելով. Եհովա մեզ անշուշտ պիտի ազատէ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի’։ 16 Եզեկիային մտիկ մի՛ ընէք, քանզի Ասորեստանի թագաւորը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Ինծի հետ հաշտութիւն ըրէ՛ք ու ինծի ելէ՛ք։ Ամէն մարդ իր որթատունկէն ու ամէն մարդ իր թզենիէն թող ուտէ։ Ամէն մարդ իր ջրհորին ջուրէն թող խմէ, 17 Մինչեւ ես գամ ու ձեզ ձեր երկրին պէս երկիր մը, ցորենի ու գինիի երկիր մը, հացի ու այգիներու երկիր մը տանիմ։ 18 Չըլլայ թէ Եզեկիա ձեզ գլխէ հանէ՝ ըսելով. ‘Եհովա մեզ պիտի ազատէ’։ Միթէ միւս ազգերուն աստուածները Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն՝ ամէն մէկը իր երկիրը ազատե՞ց։ 19 Եմաթին ու Արփաթին աստուածները ո՞ւր են. Սեփարուիմին աստուածները ո՞ւր են. միթէ անոնք Սամարիան իմ ձեռքէս ազատեցի՞ն։ 20 Այս երկիրներուն աստուածներէն ո՞րը իր երկիրը իմ ձեռքէս ազատեց, որ Եհովան Երուսաղէմը իմ ձեռքէս ազատէ’»։ 21 Անոնք լուռ կեցան եւ անոր ամենեւին պատասխան մը չտուին. քանզի թագաւորը հրամայեր էր՝ «Անոր պատասխան մի՛ տաք»։
22 Քեղկիային որդին Եղիակիմ՝ պալատին հազարապետը եւ Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափին որդին Յովաք հանդերձնին պատռած՝ Եզեկիային գացին ու Ռափսակին խօսքերը անոր պատմեցին։


37
ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿԸ ԴԻՄԷ
(Դ. Թագ. 19։1-7)
1 Երբ Եզեկիա թագաւորը լսեց, իր հանդերձները պատռեց ու քուրձ հագաւ եւ Տէրոջը տունը մտաւ. 2 Պալատին հազարապետը՝ Եղիակիմ եւ Սեբնա ատենադպիրն ու քահանաներուն ծերերը քուրձեր հագած՝ Ամովսին որդիին Եսայի մարգարէին ղրկեց։ 3 Անոնք անոր ըսին. «Եզեկիան այսպէս կ՚ըսէ. ‘Այսօր նեղութեան, կշտամբանքի ու նախատինքի օր է. քանզի տղաքը մինչեւ ծնանելու վայրկեանը հասան, բայց ծնանելու ոյժ չկայ։ 4 Կարելի է քու Տէր Աստուածդ Ռափսակին խօսքերը լսէ, որ իր տէրը, Ասորեստանի թագաւորը, ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար ու քու Տէր Աստուածդ իր լսած խօսքերուն համար պիտի յանդիմանէ։ Ուրեմն մնացորդին համար աղօթք ըրէ՛’»։ 5 Եզեկիա թագաւորին ծառաները Եսայիին գացին։ 6 Ու Եսայի անոնց ըսաւ. «Ձեր տիրոջը այսպէս ըսէք. Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Մի՛ վախնար այն լսած խօսքերէդ, որոնցմով Ասորեստանի թագաւորին ծառաները ինծի հայհոյեցին։ 7 Ահա ես անոր վրայ ոգի մը կը ղրկեմ ու լուր մը լսելով՝ իր երկիրը պիտի դառնայ ու զանիկա իր երկրին մէջ սուրով պիտի կործանեմ’»։
 ԱՍՈՐԵՍՏԱՆՑԻՆԵՐԸ ՈՒՐԻՇ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ՄԸ ԿԸ ՂՐԿԵՆ
 (Դ. Թագ. 19։8-19)
8 Ռափսակ դարձաւ ու Ասորեստանի թագաւորը գտաւ, որ Լեբնային հետ կը պատերազմէր, վասն զի լսած էր որ Լաքիսէն չուեր է։ 9Սենեքերիմ Եթովպիացիներուն Թարակա թագաւորին համար լսեց թէ կ՚ըսէին. «Ահա անիկա քեզի հետ պատերազմելու ելեր է»։ Երբ ասիկա լսեց, Եզեկիային դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. 10 «Յուդային Եզեկիա թագաւորին այսպէս խօսեցէք ու ըսէք. ‘Այն քու Աստուածդ, որուն դուն ապաւիներ ես, թող քեզ չխաբէ, որպէս զի Երուսաղէմը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը չտրուի։ 11 Ահա դուն լսեցիր ինչ որ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր երկիրներուն ըրին ու ի՛նչպէս զանոնք բոլորովին կործանեցին ու հիմա դո՞ւն պիտի ազատիս։ 12 Միթէ իմ հայրերուս կործանած ազգերուն, այսինքն Գովղանին, Խառանին, Ռեսեփին ու Թելասարի մէջ եղող Եդեմին որդիներուն աստուածները զանոնք ազատեցի՞ն։ 13 Ո՞ւր է Եմաթին թագաւորն ու Սեփարուիմ քաղաքին, Անայի եւ Աւայի թագաւորը’»։
14 Եզեկիա նամակը դեսպաններուն ձեռքէն առաւ ու զանիկա կարդաց եւ Տէրոջը տունը ելաւ ու Եզեկիա Տէրոջը առջեւ բացաւ զանիկա։ 15 Եզեկիա Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. 16 «Ո՛վ Տէր զօրութեան, Աստուած Իսրայէլի, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, երկրին բոլոր թագաւորներուն վրայ միայն դո՛ւն ես Աստուած. երկինքն ու երկիրը դուն ստեղծեցիր։ 17 Ո՛վ Տէր, ականջդ խոնարհեցո՛ւր ու լսէ՛։ Ո՛վ Տէր, աչքերդ բա՛ց ու նայէ՛ եւ լսէ՛ Սենեքերիմին բոլոր խօսքերը, որոնք ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար։ 18 Ո՛վ Տէր, իրաւցընէ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր ազգերը ու անոնց երկիրները աւերեցին, 19Անոնց աստուածները կրակի տուին. վասն զի անոնք աստուած չէին, հապա մարդու ձեռագործ, փայտ ու քար էին. անոր համար զանոնք կորսնցուցին։ 20 Եւ հիմա դուն, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, ազատէ՛ մեզ անոր ձեռքէն, որպէս զի երկրին բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան թէ միայն դուն ես Տէրը»։
 ԵՍԱՅԻԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ
 (Դ. Թագ. 19։20-37)
21 Ամովսին որդին Եսայի Եզեկիային մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ. Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին համար աղօթք ըրիր ինծի, 22 Անոր վրայով Տէրոջը ըսած խօսքը այս է.
‘Սիօնին կոյս աղջիկը քեզ անարգեց, քեզ ծաղր ըրաւ,
Երուսաղէմին աղջիկը քու ետեւէդ գլուխ շարժեց։
23 Դուն ո՞վ նախատեցիր ու որո՞ւ հայհոյեցիր
Ու որո՞ւ վրայ ձայնդ վերցուցիր
Եւ աչքերդ Իսրայէլի Սուրբին դէմ վեր վերցուցիր։
24 Քու ծառաներուդ ձեռքով Տէրը նախատելով՝ ըսիր,
Իմ կառքերուս շատութիւնովը լեռներուն բարձրերը,
Լիբանանի քովերը ելայ
Ու անոր բարձր եղեւինները
Եւ ընտիր մայրիները պիտի կտրեմ
Ու անոր խիստ բարձր ծայրը,
Անոր Կարմեղոսի անտառը պիտի մտնեմ։
25 Ես փորեցի ու ջուր խմեցի։
Պաշարուած տեղերուն բոլոր գետերը
Ոտքերուս թաթովը ցամքեցուցի։
26 Միթէ լսած չե՞ս որ ասիկա ես շինեցի
Ու առաջուընէ ձեւակերպեցի.
Հիմա հասցուցի,
Որպէս զի դուն պարսպապատ քաղաքները աւերակի հողակոյտերու դարձնես։
27 Ուստի անոնց բնակիչներուն ձեռքը կարճ ըլլալուն համար
Զարհուրեցան ու շփոթեցան։
Անոնք դաշտի խոտի եւ կանանչ բանջարի պէս
Ու տանիքի խոտի պէս
Եւ դեռ չհասած ու խորշակէն զարնուած հունձքի պէս եղան։
28 Բայց ես քու բնակութիւնդ, ելլելդ ու մտնելդ
Եւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ գիտեմ։
29 Որովհետեւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ
Ու քու ամբարտաւանութիւնդ իմ ականջներուս հասան,
Ես ալ իմ կարթս քու քիթդ ե իմ սանձս քու բերանդ պիտի դնեմ
Ու քու եկած ճամբայէդ քեզ ետ պիտի դարձնեմ։
30 «Եւ ասիկա քեզի նշան ըլլայ,
Այս տարի ինքնիրմէ բուսածը
Ու երկրորդ տարին ինկած հատերէն բուսածը պիտի ուտէք
Ու երրորդ տարին ցանեցէ՛ք ու հնձեցէ՛ք
Եւ այգիներ տնկեցէ՛ք ու անոնց պտուղը կերէ՛ք։
31 Եւ Յուդային տանը ազատուած մնացորդը
Վարէն արմատ պիտի արձակէ
Ու վերէն պտուղ պիտի տայ։
32 Քանզի Երուսաղէմէն՝ մնացորդ մը
Ու Սիօն լեռնէն՝ ազատուածներու խումբ մը պիտի գայ.
Ասիկա զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ»։
33 Ասոր համար Ասորեստանի թագաւորին վրայով Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Անիկա այս քաղաքը պիտի չմտնէ,
Անոր նետ պիտի չնետէ,
Անոր դէմ պատնէշ պիտի չկանգնեցնէ, այլ
34 Իր եկած ճամբայէն ետ պիտի դառնայ
Ու այս քաղաքը պիտի չմտնէ։
35 Եւ այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ ու զանիկա ազատեմ,
Ինծի համար ու իմ ծառայիս Դաւիթին համար»։
36 Ու Տէրոջը հրեշտակը ելաւ եւ Ասորեստանի բանակին մէջ հարիւր ութսունըհինգ հազար մարդ զարկաւ։ Երբ առաւօտուն կանուխ ելան, ահա անոնց ամէնքը մեռած մարմիններ էին։ 37 Ուստի Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը չուեց գնաց ու դարձաւ Նինուէի մէջ նստաւ։ 38 Երբ անիկա իր Աստուծոյն Նեսրաքին տանը մէջ երկրպագութիւն կ՚ընէր, անոր որդիները Ադրամելէք ու Սարասար զանիկա սուրով զարկին ու Արարատի երկիրը փախան եւ անոր տեղ անոր որդին Ասորդան թագաւոր եղաւ։


38
ԵԶԵԿԻԱՅԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԱԶԴՈՒՐՈՒՄԸ
(Դ. Թագ. 20։1-11, Բ. Մնաց. 32։24-26)
1 Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն անոր եկաւ ու անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Տանդ համար պատուէր տուր, քանզի դուն մեռնելու ես ու պիտի չապրիս’»։ 2 Եզեկիա իր երեսը պատին դարձուց ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ 3 Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, կ՚աղաչեմ, քու առջեւդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալելս եւ քու աչքիդ առջեւ բարութիւն ընելս յիշէ» ու Եզեկիա մեծ լացով մը լացաւ։
4 Տէրոջը խօսքը եղաւ Եսայիին՝ ըսելով. «Գնա՛, Եզեկիային ըսէ՛. 5 Քու հօրդ Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ. ‘Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ։ Ահա ես քու օրերուդ վրայ տասնըհինգ տարի պիտի աւելցնեմ 6 Եւ քեզ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատեմ։ 7 Այս քաղաքին պաշտպանութիւն պիտի ընեմ’։ Ասիկա քեզի Տէրոջմէն նշան ըլլայ թէ Տէրը այս իր ըսած խօսքը պիտի կատարէ. 8 ‘Ահա ստուերը Աքազին արեւու ժամացոյցին վրայ իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ պիտի դարձնեմ’» ու արեւը իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ դարձաւ։
9 Այս է Յուդայի Եզեկիա թագաւորին գրածը, որ իր հիւանդանալուն ու հիւանդութենէ ելլելուն ատենը գրեց.
10 «Ես ըսի՝ ‘Իմ օրերուս հանգիստ ժամանակին մէջ
Գերեզմանին դռները պիտի երթամ.
Մնացած տարիներէս զրկուեցայ’։
11 Ըսի՝ Տէրը պիտի չտեսնեմ,
Տէրը պիտի չտեսնեմ կենդանիներուն երկրին մէջ
Եւ միւս աշխարհին բնակիչներուն հետ ըլլալով,
Ա՛լ մարդու պիտի չնայիմ։
12 Իմ շրջանս կը չուէ
Ու հովիւներուն տաղաւարին պէս ինծմէ կը փոխադրուի։
Իմ կեանքս կտրեցի ոստայնանկի պէս.
Առէջէն զիս կը կտրէ,
Ցորեկուրնէ մինչեւ գիշեր զիս պիտի լմնցնես։
13 Մինչեւ առաւօտ սպասեցի.
Առիւծի պէս բոլոր ոսկորներս կը կոտրէ.
Ցորեկուընէ մինչեւ գիշեր զիս պիտի լմնցնես։
14 Կռունկի պէս կամ ծիծեռնակի պէս կը ճչէի,
Աղաւնիի պէս կը մնչէի։
Վեր նայելէն աչքերս տկարացան։
Ո՛վ Տէր, տագնապի մէջ եմ, ինծի ձեռնտո՛ւ եղիր։
15 Ի՞նչ ըսեմ. ինք ինծի խօսեցաւ ու ինք կատարեց։
Իմ բոլոր տարիներուս մէջ
Հոգիիս այս ցաւին համար կամաց կամաց պիտի քալեմ։
16 Ո՛վ Տէր, մարդիկ ասոնցմով կ՚ապրին
Ու իմ հոգիիս կեանքը ասոնց ամենուն մէջն է։
Զիս բժշկեցիր ու ապրեցուցիր։
17 Խաղաղութեան տեղ մեծ դառնութիւն եկաւ ինծի.
Բայց դուն իմ հոգիս սիրեցիր ու ապականութեան գուբէն փրկեցիր,
Վասն զի բոլոր մեղքերս կռնակիդ ետեւը նետեցիր։
18 Քանզի գերեզմանը քեզ չի կրնար օրհնել,
Մահը քեզի փառք չի կրնար տալ.
Գուբը իջնողները քու ճշմարտութեանդ չեն կրնար յուսալ։
19 Ապրողը, ապրո՛ղը քեզ պիտի օրհնէ,
Ինչպէս ես այսօր կ՚ընեմ։
Հայրը իր որդիներուն պիտի գիտցնէ քու ճշմարտութիւնդ։
20 Տէրը իմ փրկութիւնս եղաւ,
Անոր համար մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ,
Իմ օրհնութիւններս Տէրոջը տանը մէջ
Լար ունեցող նուագարաններով պիտի երգենք։
21 Վասն զի Եսայի ըսեր էր. «Չոր թուզեր թող առնեն, մանրեն ու վէրքին վրայ դնեն եւ պիտի առողջանայ»։ 22 Ու Եզեկիա ըսեր էր. «Տէրոջը տունը ելլելուս նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։


39
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ
(Դ. Թագ. 20։12-19)
1 Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորը, Բաղադանին որդին Մարովդաք-Բաղադան, նամակներ ու ընծաներ ղրկեց Եզեկիային, քանզի անոր հիւանդանալը եւ առողջանալը լսեր էր։ 2 Եզեկիա ատոնց համար ուրախացաւ եւ իր թանկագին բաներուն տունը, արծաթն ու ոսկին ու խունկերը եւ պատուական իւղը ու իր զէնքերուն բոլոր տունը եւ իր գանձերուն մէջ բոլոր գտնուածը ցուցուց։ Իր տանը մէջ եւ իր բոլոր տէրութեանը մէջ բան մը չմնաց, որ Եզեկիա անոնց չցուցնէ։
3 Եսայի մարգարէն Եզեկիա թագաւորին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Այդ մարդիկը ի՞նչ ըսին եւ ուրկէ՞ եկան քեզի»։ Եզեկիա ըսաւ. «Ինծի հեռու տեղէ, Բաբելոնէն եկան»։ 4 Անիկա ըսաւ. «Քու տանդ մէջ ի՞նչ տեսան»։ Եզեկիա ըսաւ. «Տանս մէջ ինչ որ կար՝ տեսան ու գանձերուս մէջ բան չմնաց որ անոնց չցուցնէի»։ Այն ատեն Եզեկիային ըսաւ. 5 «Զօրքերու Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ. 6 ‘Ահա օրեր պիտի գան, որ քու տանդ մէջ ինչ որ կայ ու ինչ որ քու հայրերդ մինչեւ այսօր հաւաքեցին Բաբելոն պիտի տարուին, բան մը պիտի չմնայ’։ 7 Քու սեփական որդիներդ ալ պիտի առնեն եւ անոնք Բաբելոնի թագաւորին պալատին մէջ ներքինիներ պիտի ըլլան»։ 8 Եզեկիա Եսայիին ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը, որ դուն ըսիր, բարի է»։ Նաեւ ըսաւ. «Որովհետեւ իմ օրերուս մէջ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ»։


40
1 «Մխիթարեցէ՛ք, մխիթարեցէ՛ք, իմ ժողովուրդս»,
Կ՚ըսէ ձեր Աստուածը.
2 Երուսաղէմին քաղցրութեամբ խօսեցէք
Ու անոր ըսէք թէ՝ իր պատերազմելու ժամանակը լրացաւ
Եւ իր անօրէնութիւնը ներուեցաւ,
Քանզի իր բոլոր մեղքերուն համար
Տէրոջ ձեռքէն կրկին հատուցում առաւ»։
3 Անապատին մէջ կանչողին ձայնը.
«Տէրոջը ճամբա՛ն պատրաստեցէք
Ու ամայութեան մէջ մեր Աստուծոյն համար շաւի՛ղ շտկեցէք։
4 Ամէն ձոր պիտի բարձրանայ,
Ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ,
Ծուռը պիտի շտկուի,
Խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ըլլան։
5 Տէրոջը փառքը պիտի յայտնուի
Եւ ամէն մարմին մէկտեղ զանիկա պիտի տեսնէ.
Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։
6 Ձայն մը ըսաւ. «Կանչէ՛»
Ու ես ըսի. «Ի՞նչ կանչեմ»։
Ամէն մարմին խոտ է։
Անոր բոլոր վայելչութիւնը դաշտի ծաղիկին պէս է։
7 Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի,
Երբ անոր վրայ Տէրոջը հովը փչէ։
Իրաւցընէ ժողովուրդը խոտ է։
8 Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի,
Բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ։
9 Ելի՛ր բարձր լերան վրայ,
Ո՛վ դուն, որ Սիօնին աւետիս կը բերես,
Քու ձայնդ ուժո՛վ բարձրացուր,
Ո՛վ դուն, որ Երուսաղէմին աւետիս կը բերես.
Բարձրացո՛ւր, մի՛ վախնար.
Յուդայի քաղաքներուն ըսէ. «Ահա ձեր Աստուածը»։
10 Ահա Տէր Եհովան զօրութեամբ պիտի գայ
Ու անոր բազուկը իրեն համար պիտի իշխէ։
Ահա իր վարձքը իրեն հետ է
Ու գործերու հատուցումը իր առջեւն է։
11 Անիկա հովիւի պէս իր հօտը պիտի հովուէ.
Գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ
Ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ
Եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ։
 ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԸ
12 Ո՞վ իր ափովը ջուրերը չափեց
Ու թիզով երկինքը ծրագրեց
Ու երկրի հողը չափի մէջ ամփոփեց
Ու լեռները կշռաթաթով
Ու բլուրները կշիռքով կշռեց։
13 Ո՞վ քննեց Տէրոջը Հոգին
Ու անոր խորհրդակից ըլլալով՝ ուղղութիւն տուաւ անոր։
14 Անիկա որո՞ւ խորհուրդ հարցուց,
Ո՞վ անոր իմաստութիւն տուաւ
Ու դատաստանի ճամբան սորվեցուց։
Ո՞վ անոր գիտութիւն սորվեցուց
Ու իմաստութեան ճամբան ճանչցուց։
15 Ահա ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են
Ու կշիռքին մէջի մանր փոշիին պէս կը սեպուին,
Ահա կղզիները ցրուած փոշիի պէս են։
16 Լիբանանը կրակի համար բաւական չէ
Ու անոր անասունները ողջակէզի համար բաւական չեն։
17 Բոլոր ազգերը անոր առջեւ ոչինչի պէս
Ու ոչինչէն պակաս եւ ունայնութիւն կը սեպուին։
18 Ուստի դուք Աստուած որո՞ւ կը նմանցնէք
Ու զանիկա ի՞նչ նմանութեան հետ կը բաղդատէք։
19 Արուեստագէտը կը ձուլէ կուռքը
Ու ոսկերիչը զանիկա ոսկիով կը պատէ
Եւ անոր արծաթէ շղթաներ կը շինէ։
20 Այն աղքատը որ չի կրնար մեծածախս նուէրներ տալ,
Անփուտ փայտ կ՚ընտրէ,
Իրեն վարպետ արհեստաւոր կը փնտռէ,
Որպէս զի անշարժ կուռք մը շինէ։
21 Միթէ չգիտցա՞ք, չլսեցի՞ք,
Ձեզի առաջուրնէ չըսուեցա՞ւ,
Երկրին հիմնադրութենէն չհասկցա՞ք։
22 Ի՛նքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողը
Ու անոր բնակիչները մարախներու պէս են։
Ի՛նքն է երկինքը վարագոյրի պէս տարածողը
Ու նստելու համար զանիկա վրանի պէս կանգնեցնողը։
23 Ի՛նքն է իշխանները բնաջինջ ընողը
Ու երկրի դատաւորները ոչնչացնողը։
24 Հազիւ թէ անոնք տնկուած, ցանուած են ու
Անոնց բունը հողի մէջ արմատացած է,
Անիկա անոնց վրայ կը փչէ ու անոնք կը չորնան
Եւ փոթորիկը զանոնք մղեղի պէս կը տանի։
25 «Արդ՝ որո՞ւ կը նմանցնէք զիս,
Որ ես անոր հաւասար ըլլամ», կ՚ըսէ Սուրբը։
26 Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք,
Ասոնք ո՞վ ստեղծեց։
Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։
Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։
Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը
Անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր։
27 Ո՛վ Յակոբ, ինչո՞ւ կ՚ըսես
Ու ո՛վ Իսրայէլ, ինչո՞ւ կը յայտարարես թէ՝
«Իմ ճամբաս Տէրոջմէ ծածկուեցաւ
Եւ իմ իրաւունքս իմ Աստուծմէս զանց առնուեցաւ»։
28 Միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞ր
Թէ յաւիտենական Աստուածը՝ Եհովան,
Երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը,
Չի յոգնիր ու չի թուլնար.
Անոր իմաստութիւնը չի քննուիր։
29 Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը
Ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը։
30 Երիտասարդները անգամ պիտի յոգնին ու թուլնան
Եւ ընտիր կտրիճները բոլորովին պիտի իյնան,
31 Բայց Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի
Եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն,
Պիտի վազեն ու չթուլնան,
Պիտի քալեն ու չյոգնին։


41
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ
1 Ո՛վ կղզիներ, իմ առջեւս լո՛ւռ կեցէք։
Ժողովուրդները իրենց ոյժը թող նորոգեն,
Թող մօտենան ու ապա խօսին։
Մէկտեղ դատաստանի մօտենանք։
2 Ո՞վ արդարը արեւելքէն ոտքի հանեց
Եւ զայն իր ոտքը կանչեց։
Ազգերը անոր առջեւը բերաւ
Եւ թագաւորները ոտքի տակ կոխկռտեց,
Իր սուրով զանոնք փոշիի պէս ըրաւ
Եւ հողմավար մղեղի պէս աղեղով քշեց։
3 Զանոնք հալածեց եւ խաղաղութեամբ անցաւ
Այնպիսի ճամբայէ մը, ուր բնաւ ոտք կոխած չէր։
4 Ո՞վ է ասիկա գործողն ու ընողը
Ու ազգերը սկիզբէն կանչողը։
Ես, Տէրս, որ առաջինն եմ
Ու վերջիններուն հետ պիտի ըլլամ։
5 Կղզիները տեսան ու վախցան,
Երկրին ծայրերը դողացին,
Անոնք հաւաքուեցան ու մօտեցան։
6 Ամէն մէկը իր ընկերին օգնեց,
Ամէն մարդ իր ընկերին «Զօրացի՛ր», ըսաւ։
7 Արուեստագէտը՝ ոսկերիչին,
Ուռով ծեծողը սալի վրայ զարնողին սիրտ կու տայ
Ու կ՚ըսէ. «Ասիկա փակցնելու համար աղէկ է»։
Եւ զանիկա գամերով կը գամէ, որպէս զի չշարժի։
8 Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Իսրայէլ եւ
Իմ ընտրեալս Յակո՛բ,
Իմ սիրելիիս՝ Աբրահամին՝ սերունդը,
9 Որ երկրի ծայրերէն առի,
Քեզ անոր եզերքներէն կանչեցի
Եւ քեզի ըսի. «Դուն իմ ծառաս ես,
Քեզ ընտրեցի ու չմերժեցի»։
10 Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ.
Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ.
Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ
Ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ։
11 Ահա քեզի դէմ ամէն բարկացողները
Պիտի ամչնան ու պիտի պատկառին
Ու քեզի հետ վիճող մարդիկը
Չեղածի պէս պիտի ըլլան ու պիտի կորսուին։
12 Քեզի հետ կռուող մարդիկը
Պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես.
Քեզի հետ պատերազմող մարդիկը
Չեղածի պէս պիտի ըլլան։
13 Քանզի ես քու Տէր Աստուածդ եմ,
Որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ՚ըսեմ.
«Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»։
14 Ո՛վ Յակոբի որդի, մի՛ վախնար,
Ո՛վ Իսրայէլի մահկանացուներ,
Ձեզի պիտի օգնեմ, կ՚ըսէ Տէրը
Ու Իսրայէլի Սուրբը, քու Փրկիչդ։
15 Ահա ես քեզ նոր, սուր եւ ատամնաւոր կամնասայլի պէս պիտի ընեմ։
Լեռները պիտի մանրես ու փշրես
Եւ բլուրները մղեղի պիտի դարձնես.
16 Զանոնք պիտի հոսես ու հովը զանոնք պիտի տանի
Եւ փոթորիկը զանոնք պիտի ցրուէ
Ու դուն Տէրոջմով պիտի ցնծաս,
Իսրայէլի Սուրբովը պիտի պարծենաս։
17 Աղքատներն ու տնանկները ջուր կը փնտռեն, բայց չկայ.
Անոնց լեզուն ծարաւէն չորցեր է.
Ես Տէրս անոնց խնդրուածքին պիտի պատասխանեմ։
Ես, Իսրայէլի Աստուածը, զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ։
18 Բարձր տեղերու վրայ՝ գետեր
Ու հովիտներու մէջ աղբիւրներ պիտի բանամ.
Անապատը՝ ջուրի լճի
Ու չոր երկիրը ջուրի աղբիւրներու պիտի դարձնեմ։
19 Անապատին մէջ եղեւին,
Սատիմ, մրտենի եւ իւղի ծառ պիտի տնկեմ,
Անջուր երկրին մէջ մայրի,
Սօսի ու տօսախ մէկտեղ պիտի դնեմ,
20 Որպէս զի տեսնեն ու գիտնան
Ու մէկտեղ մտածեն ու հասկնան,
Թէ ասիկա Տէրոջը ձեռքը ըրաւ
Ու Իսրայէլի սուրբը ստեղծեց։
 ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ԿՈՒՌՔԵՐՈՒՆ
21 «Ձեր դատը յառա՛ջ բերէք», կ՚ըսէ Տէրը.
«Ձեր զօրաւոր փաստերը մօտեցուցէ՛ք», կ՚ըսէ Յակոբին Թագաւորը։
22 Թող մօտեցնեն ու ինչ ըլլալիքը մեզի պատմեն.
Առաջինները մեզի պատմեն թէ անոնք ի՛նչ էին,
Որպէս զի մտքերնիս պահենք ու անոնց վախճանը գիտնանք,
Կամ ապագայ բաները մեզի գիտցնեն։
23 Ասկէ ետքը ըլլալիքները պատմեցէ՛ք,
Որպէս զի ձեր աստուած ըլլալը գիտնանք.
Կա՛մ աղէկ կա՛մ գէշ բան մը ըրէք,
Որպէս զի զարմանանք ու մէկտեղ տեսնենք։
24 Ահա դուք ոչինչ էք, ձեր գործն ալ ոչինչ է։
Ձեզ ընտրողը գարշելի է։
25 Հիւսիսի կողմէն մէկը արթնցուցի
Եւ պիտի գայ ու արեւելքէն իմ անունս պիտի կանչէ
Եւ իշխանները տիղմի պէս պիտի կոխկռտէ,
Ինչպէս բրուտը կաւը կը կոխկռտէ։
26 Ո՞վ պատմեց սկիզբէն՝ որ գիտնանք
Ու առաջուան դարերէն՝ որ «Ճշմարիտ է», ըսենք.
Ո՛չ յայտնող մը կայ, ո՛չ գիտցնող մը
Եւ ո՛չ ալ ձեր խօսքերուն մտիկ ընող մը։
27 Առաջ ես զայն ըսի Սիօնին
Ու Երուսաղէմին աւետիս բերող մը տուի։
28 Եւ նայեցաւ ու մարդ մը չկար,
Բնաւ խորհրդական մը չկար,
Որուն հարցնէի, որ պատասխան տար։
29 Ահա ամէնքը սնոտի են, գործերնին ոչինչ է.
Անոնց ձուլածոյ կուռքերը պարապ հով են։


42
ՏԷՐՈՋԸ ԾԱՌԱՆ
1 Ահա իմ ծառաս, որուն ձեռնտու պիտի ըլլամ
Ու իմ ընտրածս, որուն իմ սիրտս հաւնեցաւ։
Իմ հոգիս անոր վրայ դրի.
Անիկա ազգերուն իրաւունք պիտի ընէ։
2 Անիկա պիտի չպոռայ ու պիտի չաղաղակէ
Եւ իր ձայնը դուրսը լսել պիտի չտայ։
3 Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ
Ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ,
Իրաւունքը հաւատարմութեամբ պիտի յայտնէ։
4 Անիկա պիտի չտկարանայ ու պիտի չթուլնայ,
Մինչեւ որ իրաւունքը երկրի վրայ հաստատէ։
Կղզիները անոր օրէնքին պիտի սպասեն։
5 Երկինքը ստեղծող ու զանիկա կազմող,
Երկիրը ու անոր մէջ բուսածը տարածող,
Անոր վրայ եղող ժողովուրդին՝ շունչ
Եւ անոր մէջ քալողներուն ոգի տուող
Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ.
6 «Ես՝ Տէրս՝ քեզ արդարութեամբ կանչեցի։
Ձեռքէդ պիտի բռնեմ ու քեզ պիտի պաշտպանեմ։
Քեզ ժողովուրդին՝ իբր ուխտ
Ու ազգերուն իբր լոյս պիտի տամ,
7 Որպէս զի կոյրերուն աչքերը բանաս,
Բանտարկեալները բանտէն հանես
Ու խաւարի մէջ նստողները՝ կապանքի տունէն։
8 Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է.
Իմ փառքս ուրիշին չեմ տար,
Ո՛չ ալ իմ պատիւս՝ կուռքերուն։
9 Առաջուան բաները ահա եղան
Ու նորերը ես կը յայտնեմ։
Անոնք դեռ չեղած ձեզի պիտի իմացնեմ»։
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
10 Նոր ե՛րգ երգեցէք Տէրոջը
Ու անոր գովութիւնը՝ երկրի ծայրերէն,
Ո՛վ ծով իջնողներ ու զանիկա լեցնողներ,
Կղզիներ եւ անոնց բնակիչները։
11 Անապատն ու անոր քաղաքները,
Կեդարի բնակած գիւղերը թող ձայն բարձրացնեն։
Վէմին բնակիչները յաղթանակի երգով
Լեռներուն գլխէն թող ձայն տան.
12 Տէրոջը փառք տան
Եւ անոր գովութիւնը կղզիներուն մէջ պատմեն։
13 Տէրը հզօրի պէս պիտի ելլէ,
Պատերազմող մարդու պէս իր նախանձը պիտի արթնցնէ.
Պիտի աղաղակէ ու բարձրաձայն պիտի գոչէ
Եւ իր թշնամիներուն պիտի յաղթէ։
 ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՕԳՆԵԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
14 Ես երկար ժամանակ լուռ կեցայ,
Ձայնս կտրեցի ու զիս զսպեցի.
Հիմա ծնանող կնոջ պէս պիտի պոռամ,
Պիտի աւերեմ ու մէկէն պիտի կլլեմ.
15 Լեռներն ու բլուրները անապատ պիտի ընեմ,
Անոնց բոլոր խոտը պիտի չորցնեմ,
Գետերը ցամաքի պիտի վերածեմ
Եւ լիճերը պիտի ցամքեցնեմ։
16 Կոյրերը իրենց չգիտցած ճամբուն մէջ պիտի պտըտցնեմ,
Զանոնք իրենց չգիտցած շաւիղներուն մէջ պիտի քալեցնեմ.
Անոնց առջեւ խաւարը՝ լոյս ու խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ընեմ.
Անոնց այս բաները պիտի ընեմ ու զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ։
17 Քանդակուած կուռքերու ապաւինողները
Եւ ձուլածոյ կուռքերուն՝ ‘Դուք մեր աստուածներն էք’ ըսողները
Ետ պիտի դառնան ու պիտի ամչնան։
 ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹԵՐԱՑՈՒՄԸ ՍՈՐՎԵԼՈՒ ՄԷՋ
18 Ո՛վ խուլեր, լսեցէ՛ք
Եւ ո՛վ կոյրեր, նայեցէ՛ք, որպէս զի տեսնէք։
19 Ո՞վ է կոյր իմ ծառայէս զատ,
Կամ խուլ՝ իմ ղրկած դեսպանիս պէս.
Ո՞վ է կոյր՝ Աստուծոյ նուիրեալին պէս
Եւ խուլ՝ Տէրոջը ծառային պէս։
20 Շատ բաներ կը տեսնես, բայց զգուշութիւն չես ըներ.
Ականջներդ բաց են, բայց չես լսեր։
21 Տէրը իր արդարութեանը համար անոր հաճեցաւ,
Իր օրէնքը մեծցուց ու փառաւորեց,
22 Բայց անիկա յափշտակուած եւ կողոպտուած ժողովուրդ մըն է,
Ամէնքը քարայրներու մէջ որոգայթի բռնուեցան
Ու բանտերու մէջ պահուեցան։
Անոնք յափշտակուեցան, բայց ազատող մը չկայ.
Կողոպտուեցան, բայց մէկը չի գտնուիր որ «Ետ տուր», ըսէ։
23 Ձեր մէջ ո՞վ կայ, որ ասոր ականջ դնէ
Եւ մտիկ ընէ ու լսէ ինչ որ պիտի գայ։
24 Ո՞վ մատնեց Յակոբը՝ յափշտակուելու
Ու Իսրայէլը՝ կողոպտուելու։
Չէ՞ որ Տէրը՝ որուն դէմ մեղք գործեցին,
Վասն զի անոր ճամբաներուն մէջ քալել չուզեցին
Եւ անոր օրէնքին չհնազանդեցան։
25 Ուստի իր սաստիկ բարկութիւնը
Ու պատերազմի ուժգնութիւնը անոր վրայ թափեց։
Ամէն կողմէ զանիկա բռնկցուց, բայց անիկա չգիտցաւ.
Զանիկա այրեց, բայց անիկա իր սրտին մէջ չառաւ։


43
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՓՐԿԵԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
1 Հիմա, ո՛վ Յակոբ, քեզ ստեղծողը
Ու ո՛վ Իսրայէլ, քեզ ձեւակերպող Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Մի՛ վախնար, վասն զի ես քեզ փրկեցի,
Քեզ քու անունովդ կանչեցի. դուն իմս ես։
2 Երբ ջուրերէն անցնիս, ես քեզի հետ պիտի ըլլամ,
Երբ գետերէն անցնիս, պիտի չընկղմիս,
Երբ կրակի մէջէն քալես, պիտի չայրիս,
Բոցը քեզ պիտի չբռնկեցնէ։
3 Քանզի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝
Իսրայէլի Սուրբը՝ քու Փրկիչդ եմ.
Եգիպտոսը քեզի իբր փրկանք,
Եթովպիան ու Սաբան քու տեղդ տուի։
4 Քանի որ իմ առջեւս պատուական եղար,
Պատիւ գտար եւ ես քեզ սիրեցի.
Անոր համար քու անձիդ փոխարէն՝ մարդ
Ու քու հոգիիդ փոխարէն ժողովուրդներ պիտի տամ։
5 Մի՛ վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ.
Քու սերունդդ արեւելքէն պիտի բերեմ
Եւ քեզ արեւմուտքէն պիտի հաւաքեմ։
6 Հիւսիսին պիտի ըսեմ՝ «Տո՛ւր»
Ու հարաւին՝ «Մի՛ արգիլեր».
Իմ տղաքներս հեռուէն
Ու աղջիկներս երկրի ծայրէն բե՛ր,
7 Այսինքն բոլոր իմ անունովս կոչուածները.
Վասն զի անոնք իմ փառքիս համար ստեղծեցի,
Զանոնք ձեւակերպեցի ու կազմեցի»։
 ԻՍՐԱՅԷԼ՝ ՏԷՐՈՋԸ ՎԿԱՆ
8 Աչք ունեցող կոյր ժողովուրդը
Ու ականջ ունեցող խուլերը հանեցէք։
9 Բոլոր ազգերը մէկտեղ թող հաւաքուին
Եւ ժողովուրդները թող հաւաքուին.
Անոնցմէ ո՞վ կրնայ ասիկա յայտնել
Ու սկիզբի բաները մեզի գիտցնել։
Իրենց վկաները թող բերեն որպէս զի արդարանան
Եւ մարդիկ լսեն ու ըսեն թէ՝ ‘Ասիկա ճշմարիտ է’։
10 «Իմ վկաներս դուք էք», կ՚ըսէ Տէրը,
Նաեւ իմ ընտրած ծառաս.
Որպէս զի գիտնաք ու ինծի հաւատաք
Եւ հասկնաք թէ ես եմ.
Ինծմէ առաջ Աստուած չեղաւ
Ու ինծմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ։
11 Տէրը ե՛ս եմ, ե՛ս եմ
Եւ ինծմէ ուրիշ փրկիչ չկայ։
12 Ես պատմեցի ու փրկեցի եւ գիտցուցի,
Երբ ձեր մէջ օտար աստուած չկար
Ու իմ վկաներս դո՛ւք էք, կ՚ըսէ Տէրը, որ ե՛ս եմ Աստուած»։
13 Սկիզբէն ի վեր ես նոյնն եմ
Ու չկայ մէկը, որ իմ ձեռքէս կարենայ ազատիլ.
Երբ ես բան մը ընեմ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել»։
 ՓԱԽՈՒՍՏ ԲԱԲԵԼՈՆԷՆ
14 Այսպէս կ՚ըսէ Տէրը՝
Ձեր Փրկիչը՝ Իսրայէլի Սուրբը.
«Ձեր սիրոյն համար Բաբելոն կը ղրկեմ
Եւ անոնց ամէն փախստականները
Ու նաւերու մէջ աղաղակող Քաղդէացիները կ՚իջեցնեմ։
15 Ես եմ Եհովան՝ ձեր Սուրբը,
Իսրայէլի Ստեղծիչը, ձեր Թագաւորը։
16 Այսպէս կ՚ըսէ Տէրը, որ ծովու մէջ ճամբայ
Ու զօրաւոր ջուրերու մէջ շաւիղ կը բանայ,
17 Որ կառքն ու ձին, զօրքը եւ հզօրութիւնը կը հանէ,
Անոնք մէկտեղ կը պառկին ու չեն ելլեր,
Անոնք պատրոյգի պէս կը մարին եւ կ՚անցնին։
18 «Առաջուանները մի՛ յիշէք
Ու հին բաները մտքերնիդ մի՛ բերէք։
19 Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի յայտնուի։
Միթէ զանիկա պիտի չգիտնա՞ք։
Ես անապատի մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամ
Ու անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի բղխեցնեմ։
20 Զիս դաշտի գազանները,
Չագալներն ու ջայլամները պիտի փառաւորեն,
Վասն զի իմ ժողովուրդիս, իմ ընտրեալներուս, խմցնելու համար,
Անապատի մէջ ջուրեր
Եւ անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի տամ։
21 Եւ այս ժողովուրդը ինծի համար ստեղծեցի,
Անոնք իմ գովութիւնս պիտի պատմեն։
 ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ՄԵՂՔԸ
22 «Բայց դուն ինծի չկանչեցիր, ո՛վ Յակոբ.
Հապա ինծմէ ձանձրացար, ո՛վ Իսրայէլ։
23 Քու ողջակէզներուդ ոչխարները ինծի չբերիր
Եւ քու զոհերովդ զիս չփառաւորեցիր.
Ընծայի համար քեզ չաշխատցուցի,
Կնդրուկի համար քեզ չյոգնեցուցի։
24 Ինծի համար ստակով խունկեղէգը ծախու չառիր,
Քու զոհերուդ ճարպովը զիս չկշտացուցիր,
Հապա քու մեղքերովդ զիս նեղեցիր,
Քու անօրէնութիւններովդ զիս յոգնեցուցիր»։
25 «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ քու յանցանքներդ ինծի համար կը ջնջեմ
Ու քու մեղքերդ ա՛լ պիտի չյիշեմ։
26 Միտքս ձգէ՛, մէկտեղ դատի ելլենք.
Դուն խօսիր, որպէս զի արդարանաս։
27 Քու նախահայրդ մեղք գործեց
Եւ քու ուսուցիչներդ ինծմէ ապստամբեցան։
28 Ուստի ես ալ սրբարանին իշխանները պիղծ սեպեցի
Եւ Յակոբը՝ նզովքի
Ու Իսրայէլը նախատինքի մատնեցի»։


44
ՄԻԱՅՆ ՏԷՐԸ ԱՍՏՈՒԱԾ Է
1 «Հիմա մտիկ ըրէ, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ
Ու դուն, ո՛վ իմ ընտրած Իսրայէլս։
2 Քեզ ստեղծող եւ արգանդի մէջ ձեւակերպող
Ու քեզի օգնութիւն ընող Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
Ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ
Եւ դուն, ո՛վ իմ ընտրած Իսրայէլս, մի՛ վախնար.
3 Քանզի ծարաւին վրայ ջուր պիտի թափեմ
Անջուր երկրին վրայ՝ հեղեղներ։
Քու սերունդիդ վրայ իմ Հոգիս պիտի թափեմ
Եւ քու որդիներուդ վրայ՝ իմ օրհնութիւնս։
4 Անոնք իբր թէ՝ խոտերու պէս,
Ջուրի վտակներու քով եղող ուռիներու պէս պիտի բուսնին։
5 Մէկը պիտի ըսէ թէ ‘Ես Տէրոջն եմ’.
Մէկն ալ Յակոբին անունովը պիտի կանչուի,
Միւսն ալ իր ձեռքովը պիտի գրէ թէ ‘Ես Տէրոջն եմ’
Ու Իսրայէլին անունովը պիտի մականուանուի»։
6 Տէրը՝ Իսրայէլի Թագաւորը
Եւ զօրքերու Տէրը, անոր Փրկիչը, այսպէս կ՚ըսէ.
«Ե՛ս եմ առաջինը ու ե՛ս եմ վերջինը,
Ինծմէ զատ Աստուած չկայ։
7 Հին ժողովուրդը հաստատելէս ի վեր
Ո՞վ կրցաւ ինծի ձայն տալ ու պատմել,
Ասիկա ինծի համար կարգի դնել.
Թող ըսեն գալու եւ ըլլալու բաները։
8 Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք.
Միթէ ես ձեզի այն ատենէն չգիտցուցի՞ ու չյայտարարեցի՞
Թէ իմ վկաներս դուք էք։
Ինծմէ զատ Աստուած կա՞յ.
Յիրաւի ուրիշ Վէմ չկայ. ուրիշ մը չեմ գիտեր»։
 ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԵԳՆՈՒԻ
9 Բոլոր կուռք շինողներն ալ ունայնութիւն են,
Անոնց ընտիր գործերը օգուտ մը չեն ըներ,
Իրենք իրենց դէմ վկաներ են.
Չեն տեսներ ու չեն իմանար, որ ամչնան։
10 Բայց ո՞վ է անիկա որ աստուած կը շինէ,
Կուռք կը ձուլէ, որ օգուտ մը չ՚ըներ։
11 Ահա անոր բոլոր ընկերները պիտի ամչնան,
Վասն զի արուեստագէտները՝ իրենք մարդ են.
Թող անոնք ամէնքը հաւաքուին ու կայնին։
Պիտի վախնան ու մէկտեղ պիտի ամչնան։
12 Երկաթագործը ածուխի վրայ կը շինէ տապարը,
Կռաններով անոր ձեւ կու տայ,
Զանիկա իր զօրաւոր բազուկովը կը շինէ։
Երբ անօթենայ, ուժէ կը կտրի.
Երբ ջուր չխմէ, կը մարի։
13 Հիւսնը լար կը քաշէ եւ մատիտով կուռքը կը գծագրէ,
Զանիկա քանդակագործի գրիչով կը քանդակէ,
Անոր վրայ կարկինով կը գծէ,
Զանիկա մարդու կերպարանքով
Եւ մարդկային գեղեցկութիւնով կը շինէ,
Որպէս զի տան մէջ դրուի։
14 Անիկա իրեն եղեւիններ կը կտրէ
Եւ թեղօշ ու կաղնի կ՚առնէ,
Զանոնք անտառի ծառերէն կ՚ընտրէ։
Սոճի կը տնկէ եւ անձրեւը զանիկա կը մեծցնէ։
15 Անոնք մարդուն վառելիք կ՚ըլլան.
Անոնցմէ կ՚առնէ, որպէս զի կրակ վառէ ու տաքնայ.
Անոնց մէկ մասը կ՚այրէ ու հաց կ՚եփէ,
Նաեւ աստուած մը կը շինէ եւ անոր երկրպագութիւն կ՚ընէ։
Անկէ կուռք կը շինէ ու կը պաշտէ։
16 Անոր կէսը կրակի մէջ կը վառէ,
Կէսին վրայ հաց ու
Խորոված կ՚եփէ ու կը կշտանայ,
Կը տաքնայ ու կ՚ըսէ.
«Ահա տաքցայ, կրակը տեսայ»։
17 Անոր մնացածով աստուած՝ այսինքն կուռք կը շինէ իրեն,
Զանիկա կը պաշտէ ու անոր երկրպագութիւն կ՚ընէ,
Անոր աղօթք կ՚ընէ ու կ՚ըսէ.
«Զիս ազատէ՛, քանզի իմ աստուածս դո՛ւն ես»։
18 Չեն գիտեր ու չեն հասկնար,
Քանզի անոնց աչքերը՝ տեսնելէ
Եւ անոնց սրտերը հասկնալէ դադրեցան։
19 Ոեւէ մէկը միտքը չի բերեր
Եւ գիտութիւն ու հանճար չունի, որ ըսէ.
«Ասոր կէսը կրակի մէջ վառեցի,
Անոր կայծերուն վրայ հաց ալ եփեցի.
Միս խորովեցի ու կերայ
Եւ մնացածն ալ պիղծ բա՞ն շինեմ,
Ծառի կո՞ճղ պաշտեմ»։
20 Անիկա մոխիրով կը սնանի,
Անոր խաբուած սիրտը զինք կը մոլորեցնէ
Եւ իր հոգին չի կրնար փրկել ու չի հարցներ.
«Իմ աջ ձեռքիս մէջ ստութիւն չկա՞յ»։
 ՏԷՐԸ. ԱՐԱՐԻՉԸ. ՓՐԿԻՉԸ
21 Ասոնք միտքդ բեր, ո՛վ Յակոբ
Եւ դո՛ւն, ո՛վ Իսրայէլ, քանզի իմ ծառաս ես.
Ես ստեղծեցի քեզ, դուն իմ ծառաս ես։
Ո՛վ Իսրայէլ, քեզ պիտի չմոռնամ։
22 Քու յանցանքներդ՝ մէգի պէս
Ու քու մեղքերդ ամպի պէս ջնջեցի։
Ինծի՛ դարձիր, քանզի քեզ փրկեցի։
23 Ուրա՛խ եղէք, ո՛վ երկինք, քանզի Տէրը ըրաւ ասիկա։
Ո՛վ երկրի վարի կողմեր, ցնծութեամբ աղաղակեցէք.
Լեռնե՛ր, անտա՛ռ ու անոր մէջ եղող բոլո՛ր ծառեր,
Ուրախութեան ձայներ հանեցէ՛ք,
Քանզի Տէրը փրկեց Յակոբը
Եւ Իսրայէլի մէջ փառաւորուեցաւ։
24 Այսպէս կ՚ըսէ Տէրը, քու Փրկիչդ
Ու քեզ արգանդի մէջ Ստեղծողը.
«Ե՛ս եմ Տէրը, որ բոլոր բաները ըրի։
Երկինքը միայն ե՛ս տարածեցի
Ու երկիրը իմ ուժովս հաստատեցի։
25 Ստախօսներուն նշանները պարապը կը հանեմ
Եւ գուշակողները կը յիմարացնեմ,
Իմաստունները ե՛տ կը դարձնեմ
Ու անոնց գիտութիւնը յիմարութեան կը փոխեմ։
26 Իմ ծառայիս խօսքը կը հաստատեմ
Եւ դեսպաններուս խորհուրդը կը կատարեմ։
Ե՛ս եմ, որ Երուսաղէմի համար կ՚ըսեմ, թէ ‘Պիտի բնակուի’
Ու Յուդայի քաղաքներուն համար՝ թէ ‘Պիտի շինուին
Ու անոր աւերակները պիտի վերաշինեմ’։
27 Անդունդին կ՚ըսեմ թէ ‘Չորցի՛ր
Ու քու գետերդ պիտի ցամքեցնեմ’։
28 Եւ Կիւրոսին համար կ՚ըսեմ ‘Իմ հովիւս է
Ու իմ ամէն կամքս պիտի կատարէ’։
Ու Երուսաղէմին կ՚ըսեմ թէ ‘Պիտի շինուիս’
Եւ տաճարին՝ թէ ‘Քու հիմերդ պիտի ձգուին’»։


45
ՏԷՐԸ ԿԻՒՐՈՍԸ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ
1 Այսպէս կ՚ըսէ Տէրը՝ իր օծեալ Կիւրոսին,
Որուն աջ ձեռքը բռնեցի,
Որպէս զի ազգերը անոր առջեւ հնազանդեցնեմ,
Թագաւորներուն մէջքը թուլցնեմ,
Անոր առջեւ դռներուն փեղկերը բացուին,
Դռները բնաւ չգոցուին։
2 Ես քու առջեւէդ պիտի երթամ,
Խորտուբորտ տեղերը պիտի շտկեմ,
Պղնձէ դռները պիտի փշրեմ,
Երկաթէ նիգերը պիտի կոտրտեմ
3 Եւ խաւարի մէջ ծածկուած գանձերը
Ու պահուած հարստութիւնները քեզի պիտի տամ,
Որպէս զի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը՝
Իսրայէլի Աստուածը՝ որ քեզ անունովդ կը կանչեմ։
4 Իմ Յակոբ ծառայիս համար
Եւ իմ ընտրած Իսրայէլիս համար
Քեզ քու անունովդ կանչեցի։
Քեզի մականուն դրի՝ թէեւ զիս չէիր ճանչնար։
5 Ես եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ,
Ինծմէ զատ Աստուած չկայ։
Ես քեզի գօտի կապեցի, թէեւ զիս չէիր ճանչնար,
6 Որպէս զի արեւելքէն ու արեւմուտքէն գիտնան
Թէ ինծմէ զատ մէ՛կը չկայ։
Ե՛ս եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ։
7 Լոյսը հաստատողը եւ խաւարը ստեղծողը,
Խաղաղութիւն ընողն ու չարիքը ստեղծողը,
Այս բոլոր բաները ընողը ես Տէրս եմ։
8 «Ո՛վ երկինքներ, վերէն ցօղ կաթեցուցէ՛ք
Եւ ամպերը արդարութիւն թող տեղան։
Երկիրը թող բացուի ու փրկութեան պտուղ թող տայ
Ու մէկտեղ արդարութիւն թող բուսնի։
Ասոնք ստեղծողը ես՝ Տէրս եմ։
 ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՏԷՐԸ
9 Վա՜յ անոր որ իր Արարիչին հետ կը վիճի,
Թէեւ ինք երկրի խեցիներուն պէս խեցի մըն է.
Միթէ կաւը զինք ձեւացնողին կրնա՞յ ըսել թէ ‘Ի՞նչ կը շինես’,
Կամ քու գործդ կրնա՞յ քեզի ըսել թէ ‘Ձեռք չունիս’։
10 Վա՜յ անոր որ իր հօրը կ՚ըսէ. ‘Ի՞նչ կը ծնանիս’
Ու իր մօրը՝ ‘Ի՞նչ զաւակ կը բերես’»։
11 Այսպէս կ՚ըսէ Տէրը՝
Իսրայէլի Սուրբը ու անոր Արարիչը.
«Գալու բաներուն վրայով ինծի հարցուցէ՛ք,
Իմ որդիներուս համար ու իմ ձեռքերուս գործերուն համար,
Ինծի պատուէր տուէ՛ք։
12 Երկիրը ես շինեցի
Ու անոր վրայ մարդը ստեղծեցի։
Երկինքը իմ ձեռքերս տարածեցին
Եւ անոր բոլոր զօրքին ես պատուէր տուի։
13 Ես զանիկա արդարութեամբ արթնցուցի
Ու անոր բոլոր ճամբաները պիտի շտկեմ։
Անիկա իմ քաղաքս պիտի շինէ
Եւ իմ աքսորուածներս ետ պիտի դարձնէ
Առանց հատուցումի ու առանց վարձատրութեան».
Կ՚ըսէ զօրքերու Տէրը։
14 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Եգիպտոսի վաստակը,
Եթովպիացիներու եւ երկայնահասակ Սաբայեցիներու վաճառականութիւնը
Քեզի պիտի անցնին ու քուկդ պիտի ըլլան։
Անոնք քու ետեւէդ պիտի քալեն
Եւ շղթաներով պիտի պտըտին
Ու քեզի երկրպագութիւն ընելով՝
Քեզի պիտի աղաչեն ու ըսեն.
‘Միայն քու մէ՛ջդ Աստուած կայ
Ու անկէ զատ ուրիշ Աստուած մը չկայ’»։
15 Յիրաւի դուն քեզ ծածկող Աստուած մըն ես,
Ո՛վ Իսրայէլի փրկիչ Աստուածը։
16 Անոնք ամէնքը պիտի ամչնան ու պատկառին,
Կուռք շինողները մէկտեղ ամօթով պիտի երթան։
17 Իսրայէլ յաւիտենական փրկութիւնով Տէրոջմէն պիտի փրկուի։
Դուք յաւիտեանս յաւիտենից պիտի չամչնաք ու պիտի չպատկառիք։
18 Քանզի այսպէս կ՚ըսէ երկինքը ստեղծող Տէրը,
Այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց,
Զանիկա շինեց եւ հաստատեց,
Զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց,
Հապա բնակութեան համար կազմեց։
«Տէրը ե՛ս եմ ու ինծմէ ուրիշը չկայ։
19 Ես ծածկաբար երկրի մութ տեղը չխօսեցայ,
Յակոբի սերունդին չըսի թէ
‘Քաոսի մէջ զիս փնտռեցէք’.
Ես՝ Տէրս՝ արդարութիւն կը խօսիմ
Եւ ճշմարիտ բաներ կը յայտնեմ։
 ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԷՐԸ ԵՒ ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԿՈՒՌՔԵՐԸ
20 Հաւաքուեցէ՛ք ու եկէ՛ք,
Մէկտեղ մօտեցէ՛ք դուք, ո՛վ ազգերէն ազատուածներ։
Անոնք գիտութիւն չունին, որ իրենց փայտէ կուռքեր կը կանգնեցնեն
Ու փրկելու կարողութիւն չունեցող աստուծոյ աղօթք կ՚ընեն։
21 Քարոզեցէ՛ք ու զանոնք մօտեցուցէ՛ք
Եւ անոնք մէկտեղ խորհուրդ թող ընեն։
Ո՞վ գիտցուց ասիկա սկիզբէն,
Այն ժամանակէն ի վեր ո՞վ պատմեց.
Չէ՞ որ ե՛ս՝ Տէ՛րս։ Ինծմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ,
Ինծմէ ուրիշ ճշմարիտ Աստուած ու Փրկիչ չկայ։
22 Ո՛վ երկրի բոլոր ծայրեր, ինծի՛ նայեցէք, որպէս զի փրկուիք.
Քանզի ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը չկայ։
23 Իմ անձիս վրայ երդում ըրի,
Իմ բերնէս արդարութեան խօսք ելաւ ու ետ չի դառնար,
‘Թէ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի
Եւ ամէն լեզու երդում պիտի ընէ’։
24 Մէկը պիտի ըսէ.
‘Միայն Տէրոջմով արդարութիւն ու զօրութիւն ունիմ’.
Ամէն մէկը անոր պիտի գայ
Եւ անոր դէմ բոլոր բարկացողները պիտի ամչնան։
25 Իսրայէլի բոլոր սերունդը
Տէրոջմով պիտի արդարանայ ու պիտի պարծենայ»։


46
1 Բէլ խոնարհեցաւ, Նաբաւ ծռեցաւ,
Անոնց կուռքերը կենդանիներու ու անասուններու վրայ էին։
Ձեր բեռցուցած բեռները
Յոգնած անասունին ծանրութիւն եղան։
2 Անոնք ծռեցան ու մէկտեղ խոնարհեցան,
Չկրցան բեռը ազատել
Եւ իրենք ալ գերութեան գացին։
3 «Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՛վ Յակոբի տուն
Ու Իսրայէլի տանը բոլոր մնացորդը,
Որ ձեզ որովայնէ կը կրեմ եւ արգանդէ կը վերցնեմ.
4 Մինչեւ ձեր ծերութիւնը ես նոյնն եմ,
Մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը ես ձեզ պիտի կրեմ.
Ե՛ս ստեղծեցի ու ե՛ս պիտի վերցնեմ,
Ե՛ս պիտի կրեմ ու պիտի ազատեմ։
5 Զիս որո՞ւ կը նմանցնէք եւ որո՞ւ հաւասար կը սեպէք,
Զիս որո՞ւ հետ կը բաղդատէք, որ նման ըլլանք։
6 Քսակէն ոսկի կը թափէն ու կշիռքով արծաթ կը կշռեն,
Վարձքով ոսկերիչ կը բռնեն, որ անով աստուած շինէ։
Զանիկա կը պաշտեն եւ անոր երկրպագութիւն կ՚ընեն։
7 Զանիկա ուսերու վրայ կը վերցնեն, կը տանին,
Իր տեղը կը հաստատեն ու կը կենայ։
Անիկա իր տեղէն չի շարժիր
Եւ եթէ մէկը անոր աղաղակէ, պատասխան չի տար,
Զանիկա իր նեղութենէն չ՚ազատեր։
8 «Ասիկա յիշեցէք ու մա՛րդ եղէք,
Մտքերնիդ բերէ՛ք, ո՛վ յանցաւորներ։
9 Սկիզբէն եղած բաները յիշեցէ՛ք.
Քանզի ես եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը՝ չկայ.
Ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծի պէս մէ՛կը չկայ,
10 Որ վերջինը՝ սկիզբէն
Ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի
Ու կ՚ըսեմ թէ ‘Իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի
Եւ իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի’։
11 Ես եմ որ արեւելքէն գիշատիչ թռչունը կը կանչեմ
Ու հեռու երկրէ՝ իմ խորհուրդս գործադրելու մարդը։
Ես խօսեցայ ու ես պիտի կատարեմ։
Ես խորհեցայ ու ես պիտի գործադրեմ։
12 «Ո՛վ արդարութենէ հեռացած խստասիրտներ,
Ինծի՛ մտիկ ըրէք.
13 Իմ արդարութիւնս մօտեցուցի,
Անիկա պիտի չհեռանայ։
Իմ փրկութիւնս պիտի չուշանայ.
Սիօնի մէջ փրկութիւն պիտի դնեմ
Ու իմ փառքս՝ Իսրայէլին համար»։


47
ԲԱԲԵԼՈՆԻ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
1 Ո՛վ Բաբելոնի կոյս աղջիկ,
Իջի՛ր ու հողի վրայ նստէ.
Ո՛վ Քաղդէացիներու աղջիկ,
Գետնի վրայ առանց աթոռի նստէ,
Քանզի անգամ մըն ալ քնքուշ ու փափուկ պիտի չկոչուիս։
2 Աղօրիքին քարերը ա՛ռ, ալի՛ւր աղա.
Լաչակդ հանէ՛, քղանցքդ վերցո՛ւր.
Սրունքդ բա՛ց, գետերէն անցի՛ր։
3 Թող քու մերկութիւնդ բացուի
Եւ նախատինքդ ալ երեւնայ։
Քեզմէ վրէժ պիտի առնեմ
Ու ոեւէ մէկուն միջնորդութիւնը պիտի չընդունիմ։
4 (Մեր Փրկչին անունը Եհովա Սաբաւովթ է.
Անիկա Իսրայէլին Սուրբն է)։
5 Լո՛ւռ նստէ՛, խաւարի մէ՛ջ մտի՛ր, ո՛վ Քաղդէացիներու աղջիկ,
Քանզի անգամ մըն ալ թագաւորութիւններու տիկին պիտի չկոչուիս։
6 Ես իմ ժողովուրդիս բարկացայ,
Իմ ժառանգութիւնս պղծեցի,
Զանոնք քու ձեռքդ տուի.
Դուն անոնց գթութիւն չցուցուցիր,
Ծերին վրայ քու լուծդ խիստ ծանրացուցիր
7 Եւ ըսիր. «Ես յաւիտեան տիկին պիտի մնամ»։
Այնպէս որ ասիկա մտքիդ մէջ չդրիր,
Ասոր վախճանը չյիշեցիր։
8 Հիմա մտի՛կ ըրէ,
Ո՛վ անհոգութեամբ նստող հեշտասէր,
Որ սրտիդ մէջ կ՚ըսես.
«Ե՛ս եմ ու ինծմէ զատ մէկը չկայ։
Որպէս որբեւարի պիտի չնստիմ
Եւ զաւակ պիտի չկորսնցնեմ»։
9 Հիմա ասոնց երկուքն ալ՝
Անզաւակութիւն եւ որբեւարութիւն՝
Յանկարծ՝ մէկ օրուան մէջ քու վրադ պիտի գան։
Քու դիւթանքներուդ շատութեանը մէջ
Եւ քու անթիւ կախարդութիւններուդ մէջ
Անոնք ամբողջ քու վրադ պիտի գան։
10 Դուն քու չարութեանդ ապաւինեցար
Ու ըսիր. «Զիս տեսնող չկայ»։
Քեզ գլխէ հանողը քու իմաստութիւնդ ու գիտութիւնդ են։
Սրտիդ մէջ ըսիր. «Ե՛ս եմ ու ինծմէ զատ մէկը չկայ»։
11 Անոր համար քու վրադ ձախորդութիւն մը պիտի գայ,
Որուն ուրկէ ծագիլը պիտի չգիտնաս։
Քու վրադ թշուառութիւն մը պիտի իյնայ,
Որը ետ դարձնելու կարող պիտի չըլլաս։
Քու վրադ յանկարծ աւերում մը պիտի գայ,
Բայց դուն պիտի չգիտնաս։
12 Հիմա քու կախարդութիւններուդ եւ շատ դիւթանքներուդ մէջ կեցիր,
Որոնցմով քու մանկութենէդ ի վեր աշխատեր ես,
Թերեւս օգուտ մը գտնելու կարող ըլլաս,
Թերեւս կարենաս յաղթել։
13 Խորհուրդներուդ շատութենէն ձանձրացար։
Հիմա երկինքը զննողները, աստղագէտները,
Նոր ամիսներով գուշակութիւն ընողները թող ելլեն
Եւ քու վրադ գալիք չարիքէն քեզ ազատեն։
14 Ահա անոնք մղեղի պէս պիտի ըլլան
Ու զանոնք կրակը պիտի այրէ։
Իրենց հոգին բոցին զօրութենէն պիտի չկրնան ազատել։
Տաքնալու համար կայծ մը,
Կամ դիմացը նստելու համար կրակ պիտի չմնայ։
15 Այսպէս պիտի ըլլան քեզի անոնք, որոնց հետ աշխատեցար
Ու մանկութենէդ ի վեր առուտուր ըրիր։
Ամէն մէկը իր ճամբան երթալով՝ ցիրուցան պիտի ըլլան
Ու քեզ ազատող մը պիտի չըլլայ։


48
ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՏԷՐՆ Է
1 Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ Յակոբի տուն,
Որ Իսրայէլի անունովը կանչուած էք
Ու Յուդայի աղբիւրէն ելեր էք
Եւ Տէրոջը անունովը երդում կ՚ընէք
Ու Իսրայէլի Աստուածը կը յիշէք,
Բայց ճշմարտութեամբ չէ ու արդարութեամբ չէ։
2 (Քանզի անոնք Սուրբ քաղաքին անունովը կը յիշուին
Եւ Իսրայէլին Աստուծոյն կը կռթնին,
Որուն անունը Եհովա Սաբաւովթ է)։
3 Առաջուան բաները կանուխէն պատմեցի։
Անոնք իմ բերնէս ելան եւ զանոնք իմացուցի.
Զանոնք յանկարծ ըրի ու եղան։
4 Որովհետեւ գիտէի թէ դուն խիստ ես
Եւ քու պարանոցդ երկաթէ ջիղեր ունի
Ու պղնձէ ճակատ մը ունիս։
5 Քեզի կանուխէն պատմեցի
Ու դեռ չեղած քեզի իմացուցի,
Որ չըլլայ թէ ըսես. «Զանոնք իմ արձանս ըրաւ
Եւ իմ քանդակած ու ձուլածոյ կուռքս հրամայեց»։
6 «Դուն զանոնք լսեցիր, նայէ, անոնց ամէնքը կատարուեցան
Ու դուն զանիկա պիտի չհրապարակե՞ս.
Ես քեզի ասկէ ետքը նոր ու ծածուկ բաներ պիտի գիտցնեմ,
Որոնք դուն չգիտցար։
7 Անոնք հիմա՛ ստեղծուեցան եւ ո՛չ թէ առաջուընէ։
Ասկէ առաջ զանոնք չլսեցիր,
Որ չըլլայ թէ ըսես. ‘Ահա զանոնք գիտցայ’։
8 Դուն ո՛չ լսեցիր, ո՛չ ալ գիտցար։
Սկիզբէն քու ականջդ չբացուեցաւ.
Վասն զի գիտցայ թէ դուն խիստ նենգաւոր ես։
Դուն որովայնէն ապստամբ կոչուեցար։
9 Եւ իմ անուանս համար բարկութիւնս պիտի յետաձգեմ
Եւ իմ փառքիս համար պիտի համբերեմ քեզի,
Որպէս զի քեզ չկորսնցնեմ։
10 Ահա քեզ մաքրեցի, բայց ոչ թէ արծաթի պէս։
Քեզ նեղութեան հալոցին մէջ փորձեցի։
11 Ասիկա ինծի՛ համար, ինծի՛ համար պիտի ընեմ։
Ինչո՞ւ իմ անունս պղծուի։
Ես իմ փառքս ուրիշի չեմ տար։
 ԿԻՒՐՈՍ ՏԷՐՈՋԸ ԸՆՏՐԱԾ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ
12 Ո՛վ Յակոբ ու իմ կանչած Իսրայէլս, ինծի՛ մտիկ ըրէք.
Ես նոյնն եմ։
Առաջինը ե՛ս եմ, վերջի՛նն ալ ես եմ։
13 Իմ ձեռքս երկիրն ալ հիմնեց
Ու իմ աջ ձեռքս տարածեց երկինքը։
Երբ ես զանոնք կանչեմ,
Անոնք մէկտեղ իմ առջեւս պիտի կենան։
14 Ամէնքդ հաւաքուեցէ՛ք ու մտի՛կ ըրէք։
Անոնցմէ ո՞վ պատմեց այս բաները։
Տէրոջը սիրածը Բաբելոնի մէջ անոր կամքը պիտի գործադրէ
Եւ իր բազուկը Քաղդէացիներուն վրայ պիտի երկնցնէ։
15 Ե՛ս, ե՛ս խօսեցայ ու զանիկա կանչեցի։
Զանիկա բերի եւ անոր ճամբան պիտի յաջողի։
16 Ինծի՛ մօտեցէք, ասիկա՛ լսեցէք.
Առաջուընէ ծածուկ չխօսեցայ։
Այս բաներուն եղած ժամանակէն ի վեր ես հոն եմ»։
Ու զիս Տէր Եհովան՝ անոր Հոգին ղրկեց։
 ՏԷՐՈՋԸ ԾՐԱԳԻՐԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
17 Այսպէս կ՚ըսէ Տէրը,
Քու Փրկիչդ, Իսրայէլի Սուրբը.
«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ,
Որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ,
Քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ՚առաջնորդեմ։
18 Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։
Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս
Ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար.
19 Քու սերունդդ՝ աւազի չափ
Ու որովայնիդ ծնունդը անոր խիճին չափ պիտի ըլլար։
Անոր անունը իմ առջեւէս պիտի չկտրուէր ու չկորսուէր»։
20 Բաբելոնէն ելէ՛ք, Քաղդէացիներէն փախէ՛ք.
Ասիկա յաղթութեան երգով պատմեցէ՛ք ու հրատարակեցէ՛ք.
Ասիկա մինչեւ երկրի ծայրը տարածեցէ՛ք,
Ըսելով. «Տէրը իր Յակոբ ծառան փրկեց»։
21 Երբ զանոնք անապատներու մէջ պտըտցուց, չծարաւցան.
Անոնց համար վէմէն ջուրեր վազցուց,
Վէմը պատռեց ու անկէ ջուրեր բղխեցան։
22 «Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան», կ՚ըսէ Տէրը։


49
ԻՍՐԱՅԷԼ, ԱԶԳԵՐՈՒ ԼՈՅՍ ՄԸ
1 Ո՛վ կղզիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք,
Ո՛վ ժողովուրդներ, հեռուէն ակա՛նջ տուէք.
Տէրը զիս արգանդէն կանչեց,
Իմ անունս մօրս որովայնէն յիշեց
2 Եւ իմ բերանս սրած թուրի պէս ըրաւ։
Զիս իր ձեռքին հովանիին տակ ծածկեց,
Զիս փայլուն նետի պէս ըրաւ։
Իր կապարճին մէջ պահեց զիս
3 Եւ ինծի ըսաւ. «Դուն իմ ծառաս ես,
Ո՛վ Իսրայէլ, քեզմով պիտի փառաւորուիմ»։
4 Ու ես ըսի. «Պարապ տեղը աշխատեցայ
Եւ իմ զօրութիւնս ոչինչ ու դատարկ տեղը գործածեցի.
Բայց իմ իրաւունքս Տէրոջը առջեւն է
Եւ իմ գործս իմ Աստուծոյս քովն է»։
5 Հիմա այսպէս կ՚ըսէ Տէրը,
Որ զիս որովայնէն իրեն ծառայ ըլլալու համար ստեղծեց,
Որ Յակոբը անոր դարձնեմ
Եւ Իսրայէլ անոր քով հաւաքուի,
Որ Տէրոջը առջեւ փառաւորուիմ
Եւ իմ Աստուածս ինծի զօրութիւն ըլլայ.
6 Այսպէս կ՚ըսէ. «Յակոբին ցեղերը նորէն հաստատելու համար
Եւ Իսրայէլին ազատուածները դարձնելու համար,
Իմ ծառաս ըլլալդ քեզի քիչ է։
Ահա քեզ ազգերուն լոյս պիտի ընեմ,
Որպէս զի մինչեւ երկրին ծայրը իմ փրկութիւնս ըլլաս»։
7 Այսպէս կ՚ըսէ Տէրը՝ Իսրայէլի Փրկիչը, անոր Սուրբը,
Անարգուած անձին, ազգերու ատելի եղողին, իշխաններու ծառային.
«Թագաւորները պիտի տեսնեն ու ոտքի պիտի ելլեն.
Իշխաններն ալ երկրպագութիւն պիտի ընեն
Տէրոջը համար, որ հաւատարիմ է,
Իսրայէլի Սուրբին համար, որ քեզ ընտրեր է»։
 ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ
8 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Ընդունելի ժամանակի մը մէջ քեզի լսեցի,
Փրկութեան օրը քեզի օգնութիւն ըրի,
Քեզ պահեցի եւ ժողովուրդին նախապէս ուխտ ըրի,
Որպէս զի երկիրը հաստատես,
Աւերուած ժառանգութիւնները՝ բաժնես
9 Եւ կապուածներուն ըսես՝ «Ելէ՛ք»
Ու խաւարի մէջ եղողներուն՝ «Յայտնուեցէ՛ք»։
Անոնք ճամբաներու վրայ պիտի արածին
Եւ անոնց արօտը բոլոր բլուրներուն վրայ պիտի ըլլայ։
10 Անոնք պիտի չանօթենան ու չծարաւին,
Խորշակը կամ արեւը պիտի չզարնէ անոնց,
Քանզի անոնց ողորմութիւն ընողը պիտի առաջնորդէ անոնց
Ու ջուրի աղբերակներու քով պիտի տանի զանոնք։
11 Բոլոր լեռներս ճամբայ պիտի ընեմ
Ու իմ պողոտաներս պիտի բացուին։
12 Ահա ոմանք՝ հեռուէն,
Ոմանք՝ հիւսիսէն ու արեւմուտքէն
Եւ ոմանք Սինէացիներու երկրէն պիտի գան»։
13 Ո՛վ երկինք, ուրա՛խ եղէք ու ո՛վ երկիր, ցնծութի՛ւն ըրէ,
Ո՛վ լեռներ, ուրախութեան ձայնով աղաղակեցէ՛ք,
Քանզի Տէրը իր ժողովուրդին մխիթարութիւն տուաւ
Ու իր տնակներուն ողորմեցաւ։
14 Բայց Սիօն ըսաւ. «Եհովան զիս թողուց
Ու Տէրը զիս մոռցաւ»։
15 Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ,
Այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չի գթայ։
Թէեւ անոնք մոռնան,
Բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ։
16 Ահա ես քեզ ին ձեռքերուս մէջ դրոշմեցի,
Քու պարիսպներդ միշտ իմ առջեւս են։
17 Քեզ շինողները պիտի գան
Եւ քեզ փլցնողները եւ աւերողները պիտի մեկնին։
18 Աչքերդ վերցուր ու բոլորտիքդ նայէ՛.
Ամէնքը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։
Տէրը կ՚ըսէ. «Որչափ ատեն որ ես կենդանի եմ,
Անշուշտ անոնք բոլորը զարդերու պէս պիտի հագնիս
Եւ անոնցմով հարսի պէս պիտի զարդարուիս։
19 Քանզի քու աւերակներդ, ամայի տեղերդ
Ու քու կործանուած երկիրդ
Հիմա իր բնակիչներուն նեղ պիտի գայ
Եւ քեզ կլլողները պիտի հեռանան։
20 Քու ամլութենէդ յետոյ ծնանելու որդիներդ
Քու ականջներուդ պիտի ըսեն.
«Այս տեղը ինծի նեղ է,
Տե՛ղ տուր ինծի, որ բնակիմ»։
21 Ու դուն սրտիդ մէջ պիտի ըսես.
«Ասոնք ինծի ո՞վ ծնաւ.
Ես անզաւակ ու ամուլ էի,
Ես գերի ու աքսորուած էի,
Ասոնք ո՞վ մեծցուց։
Ահա ես մինակ մնացեր էի,
Ասոնք ո՞ւր էին»։
22 Այսպէս կ՚ըսէ Տէր Եհովան.
«Ահա իմ ձեռքս ազգերու վրայ պիտի վերցնեմ,
Իմ դրօշակս ժողովուրդներու մէջ պիտի կանգնեցնեմ.
Անոնք քու տղաքներդ իրենց գրկին մէջ պիտի կրեն,
Քու աղջիկներդ անոնց ուսերուն վրայ պիտի վերցուին։
23 Թագաւորները քու խնամակալներդ պիտի ըլլան,
Անոնց թագուհիները՝ քու դայեակներդ։
Երեսնին գետինը ծռելով՝ քեզի երկրպագութիւն պիտի ընեն,
Ոտքերուդ փոշին պիտի լզեն
Եւ պիտի գիտնաս, թէ ե՛ս եմ Տէրը։
Ինծի ապաւինողները պիտի չամչնան»։
24 Միթէ հզօրէն աւարը կ՚առնուի՞,
Կամ ահարկու մարդուն գերի առածը կ՚ազատուի՞։
25 Բայց Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Հզօրին գերի առածն անգամ պիտի առնուի
Ու բռնաւոր մարդուն աւարը պիտի ազատուի
Ու քեզի հետ վիճողներուն դէմ ես պիտի վիճիմ
Եւ քու տղաքներդ ե՛ս պիտի ազատեմ։
26 Քեզ հարստահարողներուն իրենց մարմինները պիտի կերցնեմ,
Իրենց արիւնը նոր գինիի պէս խմելով՝ պիտի գինովնան։
Ամէն մարմին պիտի գիտնայ
Թէ ե՛ս եմ Տէրը, որ քեզ ազատեցի
Ու քու Փրկիչդ, Յակոբին Հզօրը»։


50
1 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Ո՞ւր է ձեր մօրը ապահարզանի թուղթը,
Որով ես զանիկա արձակեցի.
Կամ ո՞վ է այն պարտատէրս,
Որուն ես ձեզ ծախեցի։
Ահա դուք ձեր անօրէնութիւններուն համար ծախուեցաք
Ու ձեր մայրը ձեր յանցանքներուն համար արձակուեցաւ։
2 Ինչո՞ւ համար իմ եկած ատենս մարդ մը չկար
Ու կանչած ատենս պատասխան տուող մը չկար։
Միթէ իմ ձեռքս կարճըցա՞ւ, որ փրկելու կարող չըլլամ,
Կամ թէ ազատելու զօրութիւն չունի՞մ։
Ահա ես սաստելով ծովը կը ցամքեցնեմ,
Գետերը անապատի կը դարձնեմ,
Անոնց ձուկերը ջուր չըլլալուն համար կը հոտին
Ու ծարաւէն կը մեռնին։
3 Երկինքներուն խաւար կը հագցնեմ։
Ու ծածկոցի համար անոնց վրայ քուրձ կը դնեմ»։
 ՏԷՐՈՋԸ ԾԱՌԱՆԵՐՈՒՆ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ
4 Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ,
Որպէս զի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին։
Ամէն առտու զիս կ՚արթնցնէ,
Անիկա իմ ականջս կը բանայ,
Որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ։
5 Տէր Եհովան իմ ականջս բացաւ
Ու ես անհնազանդ չեղայ, ետ չդարձայ։
6 Իմ կռնակս զարնողներուն
Եւ այտերս փետտողներուն տուի.
Իմ երեսս նախատինքէն ու թուքէն չծածկեցի,
7 Բայց Տէր Եհովան ինծի կ՚օգնէ,
Անոր համար ամօթապարտ պիտի չըլլամ,
Անոր համար իմ երեսս գայլախազի պէս ըրի
Ու գիտեմ թէ պիտի չամչնամ։
8 Զիս արդարացնողը մօտ է։
Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի։ Միասին մէջտեղը կենանք։
Իմ դատախազս ո՞վ է։ Թող ինծի մօտենայ։
9 Ահա Տէր Եհովան ինծի պիտի օգնէ։
Ո՞վ զիս յանցաւոր պիտի հանէ։
Ահա ամէնքը հանդերձի պէս պիտի մաշին,
Ցեցը պիտի ուտէ զանոնք։
10 Ձեր մէջ Տէրոջմէն վախցող,
Անոր ծառային ձայնին մտիկ ընող կա՞յ,
Որ մութի մէջ կը քալէ ու բնաւ լոյս չունի։
Թող անիկա Տէրոջը անուանը ապաւինի
Ու իր Աստուծոյն կռթնի։
11 Ահա դուք ամէնքդ, որ կրակ կը վառէք
Ու կայծերով կը շրջապատուիք,
Ձեր կրակին լոյսովը
Ձեր վառած կայծերուն մէջ քալեցէք։
Ասիկա ձեզի իմ ձեռքովս պիտի ըլլայ,
Դուք տրտմութեամբ պիտի պառկիք։


51
ՍՓՈՓԱՐԱՐ ԽՕՍՔԵՐ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ
1 «Դո՛ւք, արդարութեան հետեւողներ,
Տէրը փնտռողներ, ինծի մտի՛կ ըրէք.
Այն վէմին նայեցէ՛ք, ուրկէ կոփուեցաք,
Այն գուբին՝ ուրկէ հանուեցաք։
2 Ձեր հօրը Աբրահամին
Ու ձեզ ծնանող Սառային նայեցէ՛ք.
Քանզի երբ մէկ հատ էր, զանիկա կանչեցի
Եւ զանիկա օրհնեցի ու բազմացուցի։
3 Վասն զի Տէրը Սիօնը պիտի մխիթարէ.
Անոր բոլոր աւերակները պիտի մխիթարէ,
Անոր անապատը՝ Եդեմի պէս,
Անոր ամայութիւնը Տէրոջը դրախտին պէս պիտի ընէ։
Անոր մէջ ցնծութիւն եւ ուրախութիւն,
Գովութեան եւ օրհնութեան ձայն պիտի գտնուի։
4 Ո՛վ իմ ժողովուրդս, ինծի մտի՛կ ըրէ,
Ո՛վ իմ ազգս, ինծի ունկնդրէ.
Քանզի ինծմէ օրէնք պիտի ելլէ,
Իմ իրաւունքս ժողովուրդներուն լոյս ըլլալու համար պիտի հաստատեմ։
5 Իմ արդարութիւնս մօտ է, իմ փրկութիւնս ելած է։
Իմ բազուկներս ժողովուրդները պիտի դատեն.
Կղզիները ինծի պիտի յուսան
Եւ իմ բազուկիս պիտի ապաւինին։
6 Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք դէպի երկինքը,
Վա՛ր նայեցէք դէպի երկիրը,
Քանզի երկինք ծուխի պէս պիտի անցնի
Ու երկիրը հանդերձի պէս պիտի մաշի։
Նմանապէս անոր բնակիչներն ալ պիտի մեռնին,
Բայց իմ փրկութիւնս յաւիտենական պիտի ըլլայ
Ու իմ արդարութիւնս պիտի չպակսի։
7 Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՜վ արդարութիւն ճանչցողներ
Եւ իմ օրէնքս ձեր սրտին մէջ պահող ժողովուրդ.
Մարդոց նախատինքէն մի՛ վախնաք,
Անոնց բամբասանքէն մի՛ զարհուրիք։
8 Վասն զի ցեցը պիտի ուտէ զանոնք հանդերձի պէս
Եւ մեցը պիտի ուտէ զանոնք բուրդի պէս,
Բայց իմ արդարութիւնս յաւիտեան պիտի մնայ
Ու իմ փրկութիւնս ազգէ ազգ պիտի ըլլայ»։
9 Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, ով Տէրոջը բազուկը, զօրութի՛ւն հագիր։
Արթնցի՛ր հին օրերուն պէս,
Անցած դարերուն պէս։
Դուն անիկա չե՞ս, որ Ռահաբը ջարդեցիր
Ու վիշապը վիրաւորեցիր։
10 Դուն անիկա չե՞ս, որ ծովը,
Մեծ անդունդին ջուրերը, ցամքեցուցիր,
Ծովուն խորունկ տեղերը ճամբայ բացիր,
Որպէս զի փրկուածները անկէ անցնին։
11 Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան
Ու երգերով Սիօն պիտի գան։
Անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։
Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան,
Տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան։
12 «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ ձեզ կը մխիթարեմ։
Դուն ո՞վ ես, որ մահկանացու մարդէն
Ու խոտի նմանող մարդու զաւկէն կը վախնաս։
13 Քեզ՝ ստեղծող, երկինքները տարածող
Ու երկրին հիմերը դնող Տէրը կը մոռնաս
Ու բռնաւորին սրտմտութենէն ամէն օր կը վախնաս,
Իբր թէ քեզ կորսնցնելու պատրաստուած է.
Բայց հիմա ո՞ւր է բռնաւորին սրտմտութիւնը.
14 Կապուածը շուտով պիտի արձակուի,
Գուբին մէջ պիտի չմեռնի,
Իր հացը պիտի չպակսի,
15 Քանզի քու Տէր Աստուածդ ե՛ս եմ,
Որ ծովը կը յուզեմ, այնպէս որ ալիքները կը գոռան։
Իմ անունս Եհովա Սաբաւովթ է։
16 Իմ խօսքերս քու բերանդ դրի,
Քեզ ձեռքիս հովանիովը ծածկեցի,
Որպէս զի երկինքը հաստատեմ ու երկրին հիմերը դնեմ
Եւ Սիօնին ըսեմ՝ ‘Դուն իմ ժողովուրդս ես’։
17 Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր ու ելի՛ր, ո՛վ Երուսաղէմ,
Որ Տէրոջը ձեռքէն անոր բարկութեանը բաժակը խմեցիր,
Թմրութեան բաժակին մրուրը քամելով խմեցիր։
18 Անոր բոլոր ծնած որդիներէն՝ իրեն առաջնորդ չկայ
Ու բոլոր մեծցուցած տղաքներէն՝ իրեն ձեռնտու չկայ։
19 Երկու բաներ քեզի պատահեցան,
Ո՞վ քեզի պիտի ցաւակցի.
Կործանում ու կոտորած, սով ու սուր։
Քեզ ինչո՞վ մխիթարեմ։
20 Քու տղաքդ նուաղած են,
Փողոցներուն գլուխը կը պառկին
Որոգայթի մէջ բռնուած յամոյրի պէս։
Անոնք Տէրոջը բարկութիւնովը,
Քու Աստուծոյդ յանդիմանութիւնովը լեցուած են։
21 Ուրեմն մտի ըրէ՛, ո՛վ ողորմելի,
Որ արբած ես, բայց ոչ գինիէն.
22 Այսպէս կ՚ըսէ քու Եհովա Տէրդ
Եւ քու Աստուածդ, որ իր ժողովուրդին դատը կը պաշտպանէ.
«Ահա քու ձեռքէդ՝ թմրութեան բաժակը,
Իմ բարկութեանս բաժակին մրուրը առի.
Զանիկա անգամ մըն ալ պիտի չխմես։
23 Զանիկա քեզ հարստահարողներուն ձեռքը պիտի տամ,
Որոնք քու անձիդ կ՚ըսէին՝ ‘Ծռէ՛, որպէս զի անցնինք’
Ու դուն կռնակդ՝ անցնողներուն համար՝
Գետնի պէս ու փողոցի պէս դրիր»։


52
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ՊԻՏԻ ՓՐԿԷ
1 Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, քու զօրութիւնդ հագիր, ո՛վ Սիօն.
Քու փառաւոր հանդերձներդ հագիր, ո՛վ Երուսաղէմ սուրբ քաղաք.
Քանզի անգամ մըն ալ անթլփատ ու պիղծ մէկը քու մէջդ պիտի չմտնէ։
2 Փոշին քեզմէ թօթուէ՛,
Ել նստէ՛, ո՛վ Երուսաղէմ.
Քու պարանոցիդ կապերը քակէ՛
Ո՛վ Սիօնի գերի աղջիկ։
3 Վասն զի Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Ձրի ծախուեցաք
Եւ առանց ստակի պիտի փրկուիք»։
4 Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ՚ըսէ.
«Իմ ժողովուրդս առաջ Եգիպտոս իջաւ,
Որպէս զի հոն պանդխտանայ
Ու Ասորեստանցիները առանց պատճառի ճնշեցին»։
5 «Հիմա հոս ի՞նչ ունիմ, կ՚ըսէ Տէրը,
Որ իմ ժողովուրդս պարապ տեղ քշուեցաւ»։
«Անոր իշխողները կ՚ողբան, կ՚ըսէ Տէրը
Ու ամէն օր իմ անուանս կը հայհոյեն»։
6 «Ասոր համար իմ ժողովուրդս պիտի գիտնայ իմ անունս.
Ասոր համար այն օրուան մէջ պիտի գիտնայ,
Թէ ես ա՛ն եմ, որ կը խօսէի։ Ահա ես եմ»։
7 Ի՜նչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը,
Որ աւետիս կը բերէ, խաղաղութիւն կը քարոզէ,
Բարութեան աւետիս կը բերէ, փրկութիւն կը քարոզէ
Ու Սիօնին կ՚ըսէ՝ «Քու Աստուածդ կը թագաւորէ»։
8 Քու պահապաններդ ձայն պիտի բարձրացնեն,
Ցնծութեան ձայնով միաբերան պիտի երգեն.
Քանզի՝ երբ Տէրը Սիօնը ետ դարձնէ՝
Անոնք յայտնապէս պիտի տեսնեն։
9 Ո՛վ Երուսաղէմի աւերակներ,
Ցնծութեան ձայնով մէկտեղ աղաղակեցէ՛ք,
Քանզի Տէրը իր ժողովուրդը մխիթարեց
Ու Երուսաղէմը փրկեց։
10 Տէրը իր սուրբ բազուկը մերկացուց
Բոլոր ազգերուն աչքերուն առջեւ
Ու երկրին բոլոր ծայրերը
Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը պիտի տեսնեն։
11 Քաշուեցէ՛ք, քաշուեցէ՛ք, անկէ ելէ՛ք,
Պիղծ բանի մի՛ դպչիք,
Անոր մէջէն ելէ՛ք.
Մաքուր եղէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը սպասները կրողներ։
12 Քանզի ո՛չ թէ արտորալով պիտի ելլէք
Եւ ո՛չ թէ փախչելով պիտի երթաք,
Հապա Տէրը ձեր առջեւէն պիտի երթայ,
Իսրայէլին Աստուածը ձեզի թիկնապահ պիտի ըլլայ։
 ՏԱՌԱՊՈՂ ԾԱՌԱՆ
13 Ահա իմ ծառաս յաջողութիւն պիտի գտնէ
Եւ պիտի մեծնայ ու պիտի բարձրանայ ու խիստ պիտի փառաւորուի։
14 Որքա՜ն շատեր անոր վրայ ապշեցան,
(Անոր երեսը մարդու երեսէն
Ու կերպարանքը մարդու որդիներուն կերպարանքէն աւելի աւրուած ըլլալուն համար)
15 Այնպէս շատ ազգեր պիտի զարմացնէ,
Թագաւորները անոր առջեւ իրենց բերանը պիտի գոցեն,
Վասն զի իրենց չպատմուածը պիտի տեսնեն
Եւ իրենց չլսածը պիտի իմանան։

53
1 Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին,
Տէրոջը բազուկը որո՞ւն յայտնուեցաւ։
2 Քանզի անիկա անոր առջեւ մատաղատունկի պէս
Եւ ծարաւուտ երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ։
Անիկա կերպարանք կամ վայելչութիւն չունէր, որպէս զի անոր նայէինք,
Ոչ ալ այնպիսի երեւոյթ մը, որպէս զի անկէ ախորժէինք։
3 Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ,
Վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ։
Անկէ երես դարձնելու մարդու պէս եղաւ,
Անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք։
4 Իրաւցընէ անիկա մեր ցաւերը վերցուց
Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ։
Մենք զանիկա վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած
Ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք։
5 Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ
Եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։
Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ
Եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք։
6 Ամէնքս ոչխարներու պէս մոլորեցանք։
Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ։
Տէրը մեր ամենուն անօրէնութիւնը անոր վրայ դրաւ։
7 Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ,
Բայց իր բերանը չբացաւ։
Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս,
Իր խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս՝
Այնպէս իր բերանը չբացաւ։
8 Նեղութեամբ եւ դատապարտութեամբ վերցուեցաւ
Ու անոր ազգատոհմը ո՞վ պիտի յայտնէ,
Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ,
Անիկա իմ ժողովուրդիս յանցանքին համար զարնուեցաւ։
9 Անոր գերեզմանը ամբարիշտներուն հետ դրուեցաւ,
Բայց երբ մեռաւ հարուստին հետ եղաւ։
Քանզի անիկա անօրէնութիւն մը չգործեց
Ու անոր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ։
10 Տէրը հաճեցաւ, որ ան ճզմուի եւ տագնապի հանդիպի,
Երբ իր անձը մեղքի համար ողջակիզէ,
Անիկա սերունդ պիտի տեսնէ, իր օրերը պիտի երկնցնէ
Ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի։
11 Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ։
Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ,
Քանզի անոնց անօրէնութիւնները ինք պիտի կրէ։
12 Անոր համար մեծերուն հետ բաժին պիտի տամ անոր
Եւ հզօրներուն հետ աւարէն բաժին պիտի առնէ,
Քանզի իր անձը մահուան մատնեց,
Յանցաւորներու հետ սեպուեցաւ.
Շատերու մեղքը վերցուց
Ու յանցաւորներու համար միջնորդութիւն ըրաւ։


54
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՆԴԷՊ
1 «Ո՛վ չծնանող ամուլ, ցնծա՛.
Ո՛վ ծննդական ցաւ չքաշող, ցնծութեամբ գոչէ՛ եւ աղաղակէ՛.
Քանզի երեսէ ձգուածին տղաքները
Այր ունեցողին տղաքներէն շատ պիտի ըլլան», կ՚ըսէ Տէրը։
2 «Վրանիդ տեղը լայնցուր,
Քու բնակարանիդ վարագոյրները թող տարածուին.
Մի՛ խնայեր, չուաններդ երկնցուր ու ցիցերդ ամրացո՛ւր։
3 Քանզի աջ ու ձախ կողմը պիտի տարածուիս
Եւ քու սերունդդ ազգեր պիտի ժառանգէ,
Աւերուած քաղաքները բնակիչներով պիտի լեցնէ։
4 Մի՛ վախնար, վասն զի պիտի չամչնաս
Ու մի՛ շփոթիր, վասն զի պիտի չնախատուիս,
Քանզի քու մանկութեանդ նախատինքը պիտի մոռնաս
Եւ քու որբեւարութեանդ մեղադրանքը անգամ մըն ալ պիտի չյիշես,
5 Քանզի քու այրդ քու Ստեղծիչդ է,
Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է
Ու քու Փրկիչդ Իսրայէլի Սուրբն է,
Անիկա երկրին Աստուածը պիտի կոչուի։
6 Տէրը քեզ՝ երեսէ ձգուած եւ հոգիով վշտացած կնոջ պէս
Ու մերժուած նորահասակ հարսի պէս կանչեց», կ՚ըսէ քու Աստուածդ։
7 «Փոքր վայրկեան մը քեզ թողուցի,
Բայց մեծ ողորմութիւններով քեզ պիտի հաւաքեմ։
8 Քիչ մը սրտմտութեամբ, մէկ վայրկեան երեսս քեզմէ ծածկեցի,
Բայց յաւիտենական ողորմութիւնով քեզի պիտի ողորմիմ»,
Կ՚ըսէ քու Փրկիչդ Եհովան։
9 «Քանզի ասիկա ինծի Նոյին ջուրերուն պէս է.
Ինչպէս երդում ըրի թէ՝ Նոյին ջուրերը անգամ մըն ալ երկրի վրայ չանցնին,
Նոյնպէս երդում ըրի, որ քեզի չբարկանամ ու քեզ չյանդիմանեմ։
10 Քանզի լեռները պիտի վերնան
Եւ բլուրները պիտի սասանին,
Բայց իմ ողորմութիւնս քեզմէ պիտի չվերնայ
Ու իմ խաղաղութեանս ուխտը պիտի չսասանի»,
Կ՚ըսէ Տէրը, որ քեզի կ՚ողորմի։
 ԱՊԱԳԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ
11 «Ո՛վ փոթորիկէ զարնուած անմխիթար ողորմելի,
Ահա ես քու քարերդ գոյնզգոյն պիտի ընեմ,
Քեզ շափիւղաներով պիտի հիմնեմ.
12 Քու մարտկոցներդ կարմիր յակինթներով,
Դռներդ՝ կարկեհաններով,
Բոլոր պարիսպներդ թանկագին քարերով պիտի շինեմ։
13 Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին
Ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ։
14 Դուն արդարութեամբ պիտի հաստատուիս,
Բռնութենէն հեռու պիտի ըլլաս, որպէս զի չվախնաս
Ու արհաւիրքէն՝ որպէս զի քեզի չմօտենայ։
15 Ահա անշուշտ քեզի դէմ ժողով պիտի ընեն, բայց ինծմէ չէ.
Ով որ քու վրադ ելլէ, քու պատճառովդ պիտի իյնայ։
16 Ե՛ս ստեղծեցի դարբինը, որ կրակը կ՚արծարծէ
Եւ իրեն համար պիտանի գործիքներ կը շինէ։
Ե՛ս ստեղծեցի կործանողը, որ կ՚աւերէ։
17 Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի
Եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի։
Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւնը ասիկա է
Ու անոնց արդարութիւնը ինծմէ է», կ՚ըսէ Տէրը։


55
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄԵԼՈՒ ԽՈՍՏՈՒՄԸ
1 «Ո՛վ ծարաւցածներ, ջուրերուն եկէ՛ք
Եւ ստակ չունեցողնե՛ր, եկէ՛ք, ծախու առէ՛ք ու կերէ՛ք.
Եկէ՛ք, առանց ստակի եւ ձրի
Գինի ու կաթ ծախու առէք։
2 Ինչո՞ւ ձեր ստակը կը վատնէք ոչ թէ հացի համար
Եւ ձեր վաստակը՝ այնպիսի բանի համար, որ չի կշտացներ.
Ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ըրէ՛ք, որպէս զի բարիքներ ուտէք
Ու ձեր հոգին պարարտութեամբ զուարճանայ։
3 Ձեր ականջը խոնարհեցուցէք ու ինծի եկէ՛ք.
Մտիկ ըրէ՛ք ու ձեր հոգին պիտի ապրի։
Ձեզի հետ յաւիտենական ուխտ պիտի ընեմ,
Դաւիթին մնայուն ողորմութիւնները ձեզի տալով։
4 Ահա զանիկա ժողովուրդներուն՝ վկայ,
Ազգերուն առաջնորդ ու հրամանատար դրի։
5 Ահա անծանօթ ազգը պիտի կանչես
Եւ քեզ չճանչցող ազգերը քեզի պիտի դիմեն
Քու Տէր Աստուծոյդ համար
Ու Իսրայէլի Սուրբին համար,
Քանզի անիկա քեզ փառաւորեց։
6 Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի.
Զանիկա՛ կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է։
7 Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն
Ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի
Եւ Տէրոջը դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անոր
Ու մեր Աստուծոյն՝ վասն զի անիկա առատապէս կը ներէ։
8 Քանզի ‘Իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդները չեն
Ու իմ ճամբաներս ձեր ճամբաները չեն’, կ՚ըսէ Տէրը։
9 Հապա որչափ երկինք երկրէն բարձր է,
Այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են
Եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն։
10 Վասն զի ինչպէս անձրեւն ու ձիւնը երկնքէն կ՚իջնեն եւ հոն չեն դառնար,
Հապա երկիրը կ՚ոռոգեն ու զանիկա պտղաբեր եւ արգասաւոր կ՚ընեն,
Ցանողին՝ հունտ եւ ուտողին հաց կու տան,
11 Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։
Ինծի պարապ պիտի չդառնայ,
Հապա իմ կամքս պիտի կատարէ,
Յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի։
12 Քանզի ուրախութեամբ պիտի ելլէք
Ու խաղաղութեամբ պիտի առաջնորդուիք։
Լեռներն ու բլուրները ձեր առջեւէն ցնծութեամբ պիտի աղաղակեն
Եւ դաշտերուն բոլոր ծառերը ծափ պիտի զարնեն։
13 Թուփին տեղ մայրի
Ու դժնիկին տեղ մրտենի պիտի բուսնի։
Ասիկա Տէրոջը անուանը փառքին համար
Անջինջ ու յաւիտենական նշան մը պիտի ըլլայ»։


56
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԲՈԼՈՐ ԱԶԳԵՐԸ ՊԻՏԻ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ
1 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Իրաւունքը պահեցէ՛ք ու արդարութիւն ըրէ՛ք,
Քանզի իմ փրկութիւնս պիտի գայ
Եւ արդարութիւնս պիտի յայտնուի։
2 Երանի՜ այն մարդուն, որ ասիկա կ՚ընէ
Ու մարդու որդիին, որ ասիկա ամուր կը բռնէ,
Այսինքն շաբաթը կը պահէ ու զանիկա չի պղծեր
Եւ իր ձեռքը անիրաւութիւն ընելէ ետ կը պահէ»։
3 Տէրոջը յարող օտարականին որդին թող չխօսի՝ ըսելով.
«Տէրը զիս իր ժողովուրդէն բոլորովին զատեց»։
Ու ներքինին ալ թող չըսէ՝
«Ահա ես չոր ծառ մըն եմ»։
4 Քանզի Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. «Այն ներքինիներուն,
Որոնք իմ շաբաթներս կը պահեն
Եւ ինծի հաճոյ եղածը կ՚ընտրեն
Ու իմ ուխտիս մէջ հաստատ կը կենան
5 Անոնց՝ իմ տանս մէջ եւ պարիսպներուս մէջ եղող
Տղաքներէն ու աղջիկներէն աւելի՝ աղէկ տեղ ու անուն պիտի տամ։
Անոնց յաւիտենական անուն պիտի տամ,
Որ պիտի չջնջուի։
6 Այն օտարականին որդիները, որոնք Տէրոջը յարեր են՝
Անոր ծառայութիւն ընելու,
Տէրոջը անունը սիրելու
Ու անոր ծառաներ ըլլալու համար,
Այսինքն ամէն անոնք, որ շաբաթը կը պահեն ու չեն պղծեր
Եւ իմ ուխտիս մէջ հաստատ կը կենան,
7 Զանոնք ալ իմ սուրբ լեռս պիտի բերեմ
Եւ իմ աղօթքի տանս մէջ զանոնք պիտի ուրախացնեմ։
Անոնց ողջակէզներն ու զոհերը իմ սեղանիս վրայ ընդունելի պիտի ըլլան,
Քանզի իմ տունս բոլոր ազգերուն համար աղօթքի տուն պիտի կոչուի։
8 Այսպէս կ՚ըսէ Տէր Եհովան,
Որ Իսրայէլի աքսորուածները կը հաւաքէ.
«Արդէն հաւաքուածներուն վրայ ուրիշներ ալ պիտի հաւաքեմ անոր»։
 ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ԵՆ
9 Ո՛վ դաշտի գազաններ,
Ո՛վ անտառի գազաններ, ուտելու եկէ՛ք։
10 Անոր բոլոր պահապանները կոյր են, բան մը չեն տեսներ,
Ամէնքն ալ համր շուներ են, հաջելու կարող չեն.
Անոնք կը ցնորին, կը պառկին, քունը կը սիրեն։
11 Այո՛, շատակեր ու անյագ շունե՛ր են,
Անոնք հասկացողութենէ զուրկ հովիւներ են։
Ամէնքը իրենց ճամբաներուն դարձան,
Ամէն մէկը իր անիրաւ վաստակը փնտռելով՝ ըսին.
12 «Եկէ՛ք, գինի բերենք
Ու ցքիով արբենանք.
Վաղն ալ այսօրուան պէս
Ու ա՛լ աւելի առատ պիտի ըլլայ»։


57
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ
1 Արդարը կը կորսուի եւ ուշադրութիւն ընող չկայ
Ու բարի մարդիկը աշխարհէն կը վերցուին։
Առանց մէկուն իմանալուն արդարը չարիքին երեսէն կը վերցուի։
2 Անիկա խաղաղութեան մէջ կը մտնէ.
Ուղղութեամբ քալողները
Իրենց անկողիններուն վրայ հանգստութիւն կը գտնեն,
3 Բայց դուք, ո՛վ վհուկի որդիներ՝
Շնացողի ու պոռնիկի սերունդ՝ հո՛ս մօտեցէ՛ք.
4 Դուք ո՞վ ծաղր կ՚ընէք,
Ձեր բերանը որո՞ւ վրայ կը լայնցնէք
Ու լեզունիդ կ՚երկնցնէք։
Չէ՞ որ դո՛ւք անօրէնութեան զաւակներ ու ստութեան սերունդ էք։
5 Դուք ամէն կանանչ ծառերու տակ
Դէպի կուռքերը ցանկութեամբ կը տաքնաք։
Տղաքները ձորերու մէջ,
Վէմերու խոռոչներուն մէջ կը մորթէք։
6 Քու բաժինդ ձորին տափակ քարերուն մէջ է։
Քու վիճակդ անոնք են, անոնք.
Անոնց անգամ նուէր թափեցիր, ընծայ մատուցանեցիր։
Միթէ ես ասոնց կրնա՞մ համբերել։
7 Դուն քու անկողինդ բարձրացած ու վերացած լերան վրայ դրիր,
Հոն ալ զոհ ընելու ելար։
8 Դռներուն ու դրանդիքներուն ետեւը քու յիշատակդ դրիր.
Զիս լքեցիր եւ մահիճդ բացիր
Ու վեր ելլելով անկողինդ լայնցուցիր
Եւ անոնց հետ համաձայնեցար,
Անոնց անկողինը սիրեցիր, անոնց մերկութիւնը դիտեցիր։
9 Թագաւորին քով հոտաւէտ իւղով գացիր,
Անուշահոտութիւններդ շատցուցիր,
Դեսպաններդ հեռաւոր տեղեր ղրկեցիր,
Ինքզինքդ մինչեւ դժոխք իջեցուցիր։
10 Քու ճամբուդ երկայնութենէն յոգնեցար,
Բայց չըսիր. «Յոյս չկայ»։
Քու ձեռքիդ նոր կեանք գտար,
Անոր համար չթուլցար։
11 Դուն որմէ՞ զարհուրեցար ու վախցար, որ ստախօս եղար,
Զիս չյիշեցիր ու իմ մասիս չխորհեցար։
Չէ՞ որ երկար ատեն լուռ կենալուս համար է,
Որ ինծմէ չես վախնար։
12 Ես քու արդարութիւնդ ու գործերդ պիտի հրատարակեմ,
Որոնք քեզի օգուտ պիտի չընեն։
13 Երբ դուն աղաղակես, թող քու հաւաքած կուռքերդ քեզ փրկեն։
Բայց հովը պիտի տանի ամէնքը,
Շունչ մը զանոնք պիտի հեռացնէ.
Սակայն ինծի յուսացողները երկիրը՝ իբրեւ կալուած պիտի ստանան
Ու իմ սուրբ լեռս պիտի ժառանգեն։
 ԱՍՏՈՒԱԾ ՕԳՆԵԼ ԵՒ ՓՐԿԵԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
14 Եւ պիտի ըսեն.
«Պատրաստեցէ՛ք, պատրաստեցէ՛ք.
Ճամբայ բացէ՛ք,
Խոչը իմ ժողովուրդիս ճամբայէն վերցուցէ՛ք»։
15 Քանզի այսպէս կ՚ըսէ Բարձրը ու Բարձրեալը,
Որ յաւիտենականութեան մէջ կը բնակի ու անոր անունը Սուրբ է.
«Ես բարձր ու սուրբ տեղը կը բնակիմ,
Բայց կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցողին հետ եմ,
Որպէս զի խոնարհներուն հոգին կենդանացնեմ
Եւ կոտրած սրտերը ապրեցնեմ։
16 Քանզի յաւիտեան պիտի չվիճիմ
Ու միշտ պիտի չբարկանամ,
Վասն զի իմ առջեւս հոգիները պիտի մարին
Եւ այն կեանքերը՝ որոնք ես ստեղծեցի։
17 Անոր ագահութեան անօրէնութեանը համար բարկացայ
Ու զանիկա զարկի, իմ երեսս ծածկեցի ու սրդողեցայ,
Բայց ապստամբը իր կամքին ճամբուն հետեւացաւ։
18 Անոր ճամբաները տեսայ, բայց զանիկա պիտի բժշկեմ,
Անոր առաջնորդութիւն պիտի ընեմ,
Զանիկա ու անոր սգաւորները պիտի մխիթարեմ։
19 Շրթունքներուն պտուղը ես կ՚ստեղծեմ»։
«Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն ըլլայ հեռուն եղողին
Եւ մօտը եղողին, կ՚ըսէ Տէրը,
Ես զանիկա պիտի բժշկեմ։
20 Բայց ամբարիշտները ալեծուփ ծովու պէս են, որ չի կրնար հանդարտիլ,
Որուն ջուրերը տիղմ ու ցեխ դուրս կը նետեն։
21 Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան», կ՚ըսէ իմ Տէր Աստուածս։


58
ԾՈՄԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ
1 «Բարձրաձայն կանչէ եւ մի՛ խնայեր,
Ձայնդ փողի պէս բարձրացուր
Եւ իմ ժողովուրդիս՝ իրենց յանցանքը
Ու Յակոբին տանը՝ իրենց մեղքերը յայտնէ։
2 Անոնք ամէն օր զիս կը փնտռեն
Եւ իմ ճամբաներս գիտնալ կը փափաքին,
Այնպիսի ազգի մը պէս, որ արդարութիւն կ՚ընէ
Ու իր Աստուծոյն օրէնքները զանց չ՚ըներ։
Ինծի արդարութեան կանոնները կը հարցնեն,
Աստուծոյ մօտենալ կը փափաքին,
3 Ու կ՚ըսեն՝
‘Մենք ինչո՞ւ ծոմ պահեցինք եւ դուն չտեսար,
Մեր անձերը չարչարեցինք ու դուն չգիտցար’։
Ահա ձեր ծոմապահութեան օրը ձեր բաղձանքը կը կատարէք
Եւ ձեր բոլոր պահանջները խստութեամբ կը պահանջէք։
4 Ահա կռիւի ու վէճի
Եւ չարութեան բռունցքով զարնելու համար ծոմ կը պահէք,
Որ ձեր ձայնը բարձրերը լսել տաք։
5 Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս
Ու մարդու մը իր անձը խոնարհեցնելու օրը այսպէ՞ս կ՚ըլլայ.
Իր գլուխը կնիւնի պէս ծռելով
Եւ իր տակ քուրձ ու մոխիր տարածելո՞վ կ՚ըլլայ։
Ասիկա ծոմապահութիւն ու Տէրոջը ընդունելի օ՞ր պիտի անուանես։
6 Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝
Անիրաւութեան կապերը քակելը,
Լուծին կապերը թուլցնելը,
Հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը,
Ամէն լուծ կտրելը,
7 Հացդ անօթիին բաժնելը,
Թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը,
Մերկ մը հագուեցնելը
Ու մարմինդ անտեսելն է։
8 Այն ատեն քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի
Ու բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի։
Քու արդարութիւնդ քու առջեւէդ պիտի երթայ
Ու Տէրոջը փառքը քու ետեւէդ պիտի պաշտպանէ։
9 Այն ատեն պիտի կանչես եւ Տէրը պիտի պատասխանէ,
Պիտի աղաղակես ու անիկա պիտի ըսէ. ‘Ահա ես’։
Եթէ քու մէջէդ լուծը,
Մատով ցուցնելն ու չար խօսքերը վերցնես,
10 Եթէ անօթին յօժարութեամբ կերակրես
Եւ կարօտին հոգին կշտացնես,
Այն ատեն քու լոյսդ խաւարի մէջ պիտի ծագի
Ու քու խաւարդ կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ։
11 Տէրը միշտ քեզի առաջնորդութիւն պիտի ընէ,
Քու հոգիդ երաշտութեան ատեն պիտի կշտացնէ,
Ոսկորներդ պիտի զօրացնէ.
Դուն ջրարբի պարտէզի պէս
Աղբիւրի պէս պիտի ըլլաս, որուն ջուրը չի պակսիր։
12 Քեզմէ ծնածները հին աւերակները պիտի շինեն։
Նախկին դարերուն հիմերը պիտի վերականգնես։
Դուն փլածներ նորոգող
Ու բնակութեան համար ճամբաներ շտկող պիտի կոչուիս։
 ՇԱԲԱԹԸ ՊԱՀԵԼՈՒՆ ՎԱՐՁՔԸ
13 Եթէ շաբաթը՝ իմ սուրբ օրս՝
Քու ցանկութիւնդ կատարելէ ոտքդ դարձնես
Ու շաբաթը՝ քու զուարճութիւնդ
Եւ Տէրոջը նուիրուած օրը պատուական անուանես,
Զանիկա պատուես՝ քու ճամբաներուդ չհետեւելով,
Քու ցանկութիւնդ չկատարելով ու պարապ խօսք չխօսելով,
14 Այն ատեն Տէրոջմով պիտի ուրախանաս։
Քեզ երկրին բարձր տեղերը պիտի հանեմ,
Քու հօրդ Յակոբին ժառանգութիւնը քեզի պիտի կերցնեմ.
Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։


59
ՄԱՐԳԱՐԷՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԵՂՔԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ
1 Միթէ Տէրոջը ձեռքը կարող չէ՞ փրկել,
Կամ անոր ականջը ծանրացա՞ւ, որ չլսէ։
2 Բայց ձեր ու ձեր Աստուծոյն միջեւ բաժանում ձգողը
Ձեր անօրէնութիւնները եղան։
Ձեր մեղքերը անոր երեսը ձեզմէ ծածկեցին, որ չլսէ։
3 Քանզի ձեր ձեռքերը՝ արիւնով
Ու ձեր մատերը անօրէնութիւնով պղծուեցան։
Ձեր շրթունքը սուտ խօսեցան
Եւ ձեր լեզուները անիրաւութիւն արտաբերեցին։
4 Չկայ մէկը, որ արդարութեան համար բողոքէ
Ու չկայ մէկը, որ ճշմարտութեամբ դատ վարէ.
Անոնք սնոտի բաներու կը յուսան եւ ունայնութիւն կը խօսին.
Թշուառութիւն կը յղանան ու անօրէնութիւն կը ծնանին։
5 Քարբի հաւկիթներ կը թխսեն
Ու սարդի ոստայն կը հիւսեն։
Անոնց հաւկիթները ուտողը կը մեռնի,
Եթէ կոտրեն՝ իժ կ՚ելլէ։
6 Անոնց ոստայններէն հանդերձ չըլլար
Եւ իրենց գործերովը չեն կրնար զիրենք ծածկել։
Անոնց գործերը անօրէնութեան գործեր են
Ու անոնց ձեռքերուն մէջ բռնութեան գործ կայ։
7 Անոնց ոտքերը չարութեան կը վազեն
Ու անմեղ արիւն թափելու կ՚արտորան։
Անոնց խորհուրդները անօրէնութեան խորհուրդներ են,
Անոնց ճամբաներուն մէջ կործանում ու կոտորած կայ։
8 Խաղաղութեան ճամբան չեն ճանչնար
Եւ անոնց ընթացքին մէջ արդարութիւն չկայ։
Իրենց շաւիղները խոտորցուցին.
Բոլոր անոնք, որ անոնց միջեւ կը քալեն՝ խաղաղութիւն չունին։
 ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐԵՆՑ ՄԵՂՔԸ ԿԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՆ
9 Ատոր համար իրաւունքը մեզմէ հեռացաւ
Ու արդարութիւնը մեզի չի հասնիր.
Լոյսի կը սպասենք եւ ահա խաւար կ՚ըլլայ,
Պայծառութեան կը սպասենք, բայց մառախուղի մէջ կը շրջինք։
10 Կոյրերու պէս պատերը կը շօշափենք
Ու աչք չունեցողներու պէս կը խարխափենք։
Կէսօրին գիշերուան պէս կը գլորինք.
Պտղաբեր արտերու մէջ մեռելներու պէս ենք։
11 Ամէնքս արջերու պէս կը մրթմրթանք
Ու աղաւնիներու պէս անդադար կը մնչենք.
Դատաստանի կը սպասենք, բայց չկայ.
Փրկութեան համար կը նայինք, բայց անիկա մեզմէ հեռու է։
12 Քանզի մեր յանցանքները քու առջեւդ շատցան
Ու մեր մեղքերը մեզի դէմ վկայութիւն կու տան,
Վասն զի մեր յանցանքները մեր քովն են
Ու մեր անօրէնութիւնները գիտենք։
13 Յանցանք գործեցինք, Տէրը ուրացանք
Եւ մեր Աստուծոյն հետեւելէն խոտորեցանք։
Հարստահարութիւն եւ ապստամբութիւն յառաջացուցինք,
Մեր սրտին մէջ սուտ խօսքեր յղացանք ու ըսինք՝
14 Իրաւունքը ետ դարձաւ
Ու արդարութիւնը հեռացաւ,
Քանզի ճշմարտութիւնը հրապարակին մէջ ինկաւ
Եւ ուղղութիւնը չի կրնար ներս մտնել։
15 Ճշմարտութիւնը կը պակսի,
Չարութենէ զգուշացողը կը կողոպտուի։
 ՏԷՐԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՓՐԿԵԼՈՒ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ
Տէրը տեսաւ եւ ասիկա անոր առջեւ գէշ երեւցաւ,
Քանզի իրաւունք չմնաց։
16 Տեսաւ, որ մարդ մը չկար
Եւ զարմացաւ, որ միջնորդ մը չէր գտնուեր,
Ուստի իր բազուկը իրեն օգնեց
Ու իր արդարութիւնը իրեն ձեռնտու եղաւ։
17 Արդարութիւնը զրահի պէս հագաւ,
Փրկութիւնը սաղաւարտի պէս իր գլուխը դրաւ
Եւ վրէժխնդրութեան զգեստը պատմուճանի պէս հագաւ
Ու նախանձը վերարկուի պէս իր վրայ առաւ։
18 Իրենց վարմունքին համեմատ հատուցում պիտի ընէ։
Բարկութիւն՝ իր հակառակորդներուն,
Հատուցում՝ իր թշնամիներուն,
Կղզիներուն հատուցում պիտի ընէ։
19 Արեւմուտքը՝ Տէրոջը անունէն,
Արեւելքը անոր փառքէն պիտի վախնան.
Երբ թշնամին գետի պէս գայ,
Տէրոջը Հոգին անոր դէմ դրօշակ պիտի կանգնեցնէ։
20 «Փրկիչ պիտի գայ Սիօնին
Ու Յակոբին մէջ չարութենէ դարձողներուն», կ՚ըսէ Տէրը։
21 «Անոնց հետ այս ուխտը պիտի ընեմ», կ՚ըսէ Տէրը։
«Իմ Հոգիս, որ քու վրադ է
Ու իմ խօսքերս, որոնք քու բերանդ դրած եմ,
Քու բերնէդ ու քու զաւակներուդ բերնէն
Եւ քու զաւակներուդ զաւակներուն բերնէն պիտի չպակսին,
Այսօրուընէ մինչեւ յաւիտեան», կ՚ըսէ Տէրը։


60
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻՆ ԱՊԱԳԱՅ ՓԱՌՔԸ
1 Ելի՛ր, լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւ
Ու Տէրոջը փառքը քու վրադ ծագեցաւ։
2 Վասն զի ահա խաւարը՝ երկիրը
Ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ,
Բայց քու վրադ Տէրը պիտի ծագի
Եւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երեւնայ։
3 Ազգեր քու լոյսիդ պիտի գան
Եւ թագաւորներ՝ քու վրադ ծագած պայծառութեանը։
4 Աչքերդ վերցո՛ւր ու բոլորտիքդ նայէ՛.
Ամէնքը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։
Քու տղաքներդ հեռուէն պիտի գան
Եւ քու աղջիկներդ գրկի մէջ մանուկներու պէս պիտի տարուին։
5 Այն ատեն պիտի տեսնես եւ ուրախանաս
Ու սիրտդ պիտի ուրախանայ ու ցնծայ,
Քանզի ծովուն առատութիւնը քեզի պիտի դառնայ,
Ազգերուն հարստութիւնը քեզի պիտի գայ։
6 Ուղտերուն երամակը եւ
Մադիամի ու Գեփայի տաճիկ ուղտերը, քեզ պիտի ծածկեն։
Ամէնքը Սաբայէն պիտի գան,
Ոսկի ու կնդրուկ պիտի բերեն
Եւ Տէրոջը փրկութիւնը պիտի աւետեն։
7 Կեդարի բոլոր հօտերը քու քովդ պիտի հաւաքուին
Ու Նաբէօթի խոյերը քեզի պիտի ծառայեն։
Անոնք իմ սեղանիս վրայ պիտի ելլեն՝ ընդունելի զոհ ըլլալու։
Իմ աղօթքիս տունը պիտի փառաւորեմ։
8 Ո՞վ են ասոնք, որ կը թռչին ամպի պէս
Ու դէպի իրենց վանդակը թռչող աղաւնիներու պէս։
9 Քանզի կղզիներն ու Թարսիսի նաւերը
Ինծի համար պատրաստ պիտի ըլլան,
Որպէս զի հեռուէն քու տղաքներդ
Եւ անոնց հետ անոնց արծաթն ու ոսկին բերեն,
Քու Տէր Աստուծոյդ անուանը համար
Ու Իսրայէլի Սուրբին համար, քանզի անիկա քեզ կը փառաւորէ։
10 Օտարներուն որդիները քու պարիսպներդ պիտի շինեն
Ու անոնց թագաւորները քեզի ծառայութիւն պիտի ընեն,
Քանզի իմ բարկութիւնովս քեզ զարկի,
Բայց բարեհաճութիւնովս քեզի պիտի ողորմիմ։
11 Քու դռներդ միշտ բաց պիտի ըլլան,
Ցորեկ ու գիշեր պիտի չգոցուին,
Որպէս զի քեզի կրեն ազգերուն ստացուածքը
Եւ անոնց թագաւորները բերուին։
12 Քանզի այն ազգն ու թագաւորութիւնը որ քեզի չեն ծառայեր՝ պիտի կորսուին
Ու բոլորովին պիտի կործանին։
13 Լիբանանի փառքը քեզի պիտի գայ,
Մայրին, սօսին ու տօսախը մէկտեղ՝
Իմ սրբարանս զարդարելու համար։
Իմ ոտքերուս տեղը պիտի փառաւորեմ։
14 Քեզի նեղութիւն տուողներուն տղաքները
Ծռելով քեզի պիտի գան։
Բոլոր քեզ անարգողները
Քու ոտքերուդ գարշապարներուն երկրպագութիւն պիտի ընեն։
Քեզ Տէրոջը քաղաքը,
Իսրայէլի Սուրբին Սիօնը պիտի անուանեն։
15 Դուն որ երեսէ ձգուած ու ատելի եղար
Եւ քեզմէ անցնող չեղաւ,
Քեզ՝ յաւիտենական փառք
Ու ազգէ ազգ տեւող ուրախութիւն պիտի ընեմ։
16 Ազգերուն կաթը պիտի ծծես,
Թագաւորներուն ստինքը պիտի ծծես
Եւ պիտի գիտնաս թէ ես Տէ՛րս եմ քու Ազատիչդ
Ու Փրկիչդ, Յակոբին Հզօրը։
17 Պղնձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ,
Երկաթի տեղ՝ արծաթ,
Փայտերու տեղ՝ պղինձ,
Քարերու տեղ երկաթ պիտի բերեմ։
Քու վերակացուներդ խաղաղութիւն պիտի սիրեն,
Քու իշխաններդ արդարութիւն պիտի ընեն։
18 Անգամ մըն ալ քու երկրիդ մէջ՝ բռնութիւն
Եւ քու սահմաններուդ մէջ յափշտակութիւն ու կոտորած տեղի պիտի չունենայ,
Հապա քու պարիսպներդ՝ Փրկութիւն
Ու դռներդ Գովութիւն պիտի անուանես։
19 Անգամ մըն ալ ցորեկը քու լուսատուդ արեւը պիտի չըլլայ
Ու գիշերը լուսինը իր պայծառութիւնովը քեզի լոյս պիտի չտայ.
Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս
Եւ քու Աստուածդ քու փառքդ պիտի ըլլայ։
20 Քու արեւդ անգամ մըն ալ պիտի չմարի
Ու քու լուսինդ պիտի չնուազի.
Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ
Եւ սուգի օրերդ պիտի վերջանան։
21 Ու քու բոլոր ժողովուրդդ արդար պիտի ըլլայ
Ու երկիրը յաւիտենապէս պիտի ժառանգէ։
Իմ տնկած տունկս՝ իմ ձեռքերուս գործը՝
Իմ փառքիս համար պիտի ըլլայ։
22 Քիչուորը՝ հազարաւոր
Ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ.
Ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա։


61
ԱԶԱՏԱԳՐՄԱՆ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ
1 Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է,
Վասն զի Տէրը զիս օծեց
Ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու,
Կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու,
Գերիներուն՝ ազատութիւն
Եւ բանտարկեալներուն բանտին բացուիլը հրատարակելու։
2 Տէրոջը՝ ընդունելի տարին
Ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակելու,
Բոլոր սգաւորները մխիթարելու,
3 Սիօնի սգաւորները որոշելու
Ու անոնց մոխիրի տեղ՝ փառք,
Սուգի տեղ՝ ուրախութեան իւղ,
Կոտրած հոգիի տեղ գովութեան պատմուճան տալու։
Եւ զանոնք պիտի անուանեն Արդարութեան բեւեկնիներ,
Որոնք Տէրը տնկեր է իր փառքին համար։
4 Հին աւերակները պիտի շինեն,
Առաջուան կործանուածները պիտի կանգնեցնեն,
Աւերուած քաղաքները
Ու շատ դարերէ ի վեր աւերակ մնացածները պիտի նորոգեն։
5 Օտարականները պիտի գան ու ձեր հօտերը պիտի հովուեն։
Օտարներուն որդիները ձեր երկրագործները եւ այգեգործները պիտի ըլլան։
6 Բայց դուք Տէրոջը՝ քահանաներ,
Մեր Աստուծոյն պաշտօնեաներ պիտի կոչուիք։
Ազգերուն հարստութիւնը պիտի ուտէք
Ու անոնց փառքովը պիտի փառաւորուիք։
7 Ձեր ամօթին տեղ՝ կրկին ուրախութիւն
Եւ անարգանքին տեղ ձեր ժառանգութեանը մէջ պիտի ցնծաք,
Ուստի ձեր երկրին մէջ կրկին ժառանգութիւն պիտի առնէք։
Յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ունենաք։
8 Քանզի ես Տէրս արդարութիւնը կը սիրեմ.
Անիրաւութիւնն ու յափշտակութիւնը կ՚ատեմ.
Իրաւցընէ անոնց գործերուն վարձքը պիտի տամ
Ու անոնց հետ յաւիտենական ուխտ պիտի ընեմ։
9 Անոնց սերունդը ազգերուն մէջ,
Անոնց տղաքները ժողովուրդներուն մէջ պիտի ճանչցուին,
Զանոնք բոլոր տեսնողները պիտի գիտնան,
Թէ անոնք Տէրոջը օրհնած սերունդն են։
10 Ես Տէրոջմով մեծապէս պիտի ցնծամ
Ու իմ հոգիս իմ Աստուծմովս պիտի ուրախանայ.
Քանզի ինծի փրկութեան հանդերձներ հագցուց,
Զիս արդարութեան պատմուճանով ծածկեց
Փեսայի պէս, որ իրեն փառաւոր խոյրը կը դնէ
Ու հարսի պէս, որ իր զարդերովը կը զարդարուի։
11 Քանզի ինչպէս երկիր իր տունկը կ՚աճեցնէ
Ու պարտէզը իր մէջ ցանուածները կը բուսցնէ,
Այնպէս Տէր Եհովան բոլոր ազգերուն առջեւ
Արդարութիւն ու գովութիւն պիտի բուսցնէ։


62
1 Սիօնի սիրոյն համար պիտի չլռեմ
Ու Երուսաղէմի սիրոյն համար պիտի չհանդարտիմ.
Մինչեւ որ անոր արդարութիւնը՝ լոյսի պէս
Եւ անոր փրկութիւնը բոցավառ ջահի պէս ճառագայթէ։
2 Ազգերը՝ քու արդարութիւնդ
Ու բոլոր թագաւորները քու փառքդ պիտի տեսնեն։
Դուն նոր անունով պիտի կոչուիս,
Որ Տէրոջը բերանը պիտի անուանէ։
3 Տէրոջը ձեռքին մէջ՝ վայելչութեան պսակ
Ու քու Աստուծոյդ ձեռքին մէջ արքայական թագ պիտի ըլլաս։
4 Դուն անգամ մըն ալ Լքուած պիտի չկոչուիս
Ու քու երկիրդ անգամ մըն ալ Աւերակ պիտի չկոչուի,
Հապա դուն Իմ հաւնածս
Ու քու երկիրդ Ամուսնացեալ պիտի կոչուի,
Քանզի Տէրը քեզի պիտի հաւնի
Ու քու երկիրդ պիտի ամուսնանայ։
5 Վասն զի ինչպէս երիտասարդ մը կոյսի հետ կ՚ամուսնանայ,
Այնպէս քու տղաքներդ քեզի հետ պիտի ամուսնանան։
Ինչպէս փեսան հարսին վրայ կ՚ուրախանայ,
Այնպէս քու Աստուածդ քու վրադ պիտի ուրախանայ։
6 Քու պարիսպներուդ վրայ, ո՛վ Երուսաղէմ, պահապաններ դրի.
Անոնք բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը բնաւ պիտի չլռեն։
Դուք, ո՛վ Տէրը յիշողներ, լուռ մի՛ կենաք
7 Ու անոր հանգստութիւն մի՛ տաք,
Մինչեւ անիկա հաստատէ,
Մինչեւ Երուսաղէմը երկրին գովելի քաղաքը դարձնէ։
8 Տէրը իր աջ ձեռքին վրայ ու իր զօրաւոր բազուկին վրայ այսպէս երդում ըրաւ.
«Քու ցորենդ անգամ մըն ալ քու թշնամիներուդ կերակուր պիտի չտամ
Եւ օտարներու որդիները պիտի չխմեն քու գինիդ,
Որուն համար դուն աշխատեցար.
9 Հապա հնձողները պիտի ուտեն զանիկա
Ու Տէրոջը փառք պիտի տան
Եւ զանիկա հաւաքողները իմ սուրբ սրահներուս մէջ պիտի խմեն»։
10 Անցէ՛ք, անցէ՛ք դռներէն,
Ժողովուրդին ճամբայ պատրաստեցէ՛ք.
Շտկեցէ՛ք, շտկեցէ՛ք շաւիղները,
Քարերը անկէ հաւաքեցէ՛ք.
Ժողովուրդներուն վրայ դրօշակ բարձրացուցէք։
11 Ահա Տէրը մինչեւ երկրի ծայրը յայտարարեց, որ
Սիօնի աղջկանը ըսեն.
«Ահա քու Փրկիչդ կու գայ,
Ահա անոր վարձքը իրեն հետ է
Ու գործերու հատուցումը իր առջեւն է»։
12 Անոնք Սուրբ ժողովուրդ, Տէրոջը փրկածները, պիտի կոչուին
Ու դուն Փնտռուած ու Չլքուած քաղաք պիտի կոչուիս։


63
ՏԷՐՈՋԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ԱԶԳԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
1 Ո՞վ է ասիկա, որ կու գայ Եդովմէն,
Կարմրագոյն զգեստով՝ Բօսրայէն,
Որ փառաւոր հանդերձով զարդարուած է
Եւ իր շատ զօրութիւնովը պանծալով կը քալէ։
«Ես եմ, որ արդարութեամբ կը խօսիմ
Ու փրկելու կարողութիւն ունիմ»։
2 Ինչո՞ւ համար քու հանդերձդ կարմիր է
Ու քու զգեստներդ հնձանի մէջ կոխկռտողին հագուստին պէս են։
3 «Հնձանի մէջ միայն ես կոխեցի
Եւ ժողովուրդներէն ինծի հետ մա՛րդ չկար։
Զանոնք իմ բարկութիւնովս կոխեցի
Եւ իմ սրտմտութիւնովս զանոնք ճմլեցի։
Անոնց արիւնը իմ զգեստներուս վրայ ցատկեց
Եւ բոլոր հանդերձներս ներկեցի,
4 Քանզի իմ սրտիս մէջ էր վրէժխնդրութեան օրը
Ու իմ փրկուած տարիս հասած էր։
5 Նայեցայ, բայց օգնող չկար։
Զարմացայ, որ ձեռնտու եղող մը չկար,
Ուստի իմ բազուկս զիս փրկեց
Ու իմ բարկութիւնս ինծի ձեռնտու եղաւ։
6 Եւ իմ բարկութիւնովս ժողովուրդներ կոխեցի
Ու զանոնք իմ սրտմտութիւնովս գինովցուցի
Եւ անոնց արիւնը գետինը թափեցի։
 ՏԷՐՈՋԸ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՆԴԷՊ
7 Տէրոջը ողորմութիւնները, Տէրոջը գովութիւնները պիտի յիշեմ՝
Տէրոջը բոլոր մեզի շնորհածներուն համեմատ
Եւ այն շատ բարիքներուն համեմատ
Որոնք իր գթութիւնովը եւ առատ ողորմութիւնովը
Իսրայէլի տանը ըրած է։
8 Քանզի ըսաւ. «Իրաւցընէ անոնք իմ ժողովուրդս են,
Սուտ չելլելու որդիներ են»։
Անիկա անոնց փրկիչ եղաւ,
9 Անոնց բոլոր նեղութիւններուն ատենը նեղութիւն քաշեց,
Իր ներկայութեան հրեշտակը զանոնք ազատեց,
Իր սիրովն ու գթութիւնովը զանոնք փրկեց։
Զանոնք վերցուց ու անցեալ օրերուն մէջ զանոնք կրեց։
10 Բայց անոնք ապստամբեցան ու անոր Սուրբ Հոգին բարկացուցին։
Անիկա ալ անոնց թշնամի դարձաւ
Ու ինք անոնց հետ պատերազմ ըրաւ։
11 Այն ատեն յիշեցին հին օրերը՝ Մովսէսը եւ անոր ժողովուրդը։
Ո՞ւր է անիկա, որ իր հօտին հովիւովը զանոնք ծովէն հանեց,
Ո՞ւր է անիկա, որ անոնց մէջ իր Սուրբ Հոգին դրաւ,
12 Իր փառաւոր բազուկը Մովսէսին աջ ձեռքին հետ պտըտցուց,
Իրեն յաւիտենական անուն վաստկելու համար
Անոնց առջեւէն ջուրերը պատռեց
13 Զանոնք անդունդներէն առանց սահելու անցուց,
Ինչպէս ձի մը անապատէն կ՚անցնի։
14 Տէրոջը Հոգին զանիկա հանգստացուց,
Հովիտը իջնող անասուններու պէս։
Դուն քու ժողովուրդիդ առաջնորդութիւն ըրիր,
Որպէս զի քեզի փառաւոր անուն վաստկիս։
 ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԳԹՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
15 Երկնքէն նայէ՛,
Քու սուրբ ու փառաւոր բնակութենէդ տե՛ս։
Ո՞ւր է քու նախանձդ ու զօրութիւնդ։
Քու աղիքներուդ գալարուիլը եւ ինծի ըրած ողորմութիւններդ արգիլուեցա՞ն։
16 Քանզի մեր Հայրը դուն ես,
Թէեւ Աբրահամ մեզ չի գիտեր
Ու Իսրայէլ մեզ չի ճանչնար.
Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, մեր Հայրն ես
Ու սկիզբէն քու անունդ մեր Փրկիչն է։
17 Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ համար մեզ քու ճամբաներէդ կը մոլորեցնես,
Ինչո՞ւ մեր սիրտը կը խստացնես, որ քեզմէ չվախնանք։
Քու ծառաներուդ սիրոյն համար,
Քու ժառանգութեանդ ցեղերուն դարձիր։
18 Քու սուրբ ժողովուրդդ իրենց ժառանգութիւնը քիչ ատեն վայելեցին։
Մեր թշնամիները քու սրբարանդ ոտնակոխ ըրին։
19 Մենք այնպէս եղանք,
Որպէս թէ դուն մեր վրայ չէիր տիրեր
Եւ քու անունդ մեր վրայ չէր կանչուեր։

64
1 Երանի՜ թէ երկինքը ճեղքելով վար իջնէիր,
Քու ներկայութենէդ լեռները հալէին։
2 Խռիւները՝ բռնկցնող կրակի պէս,
Ջուրերը՝ եռացնող կրակի պէս,
Որ քու անունդ թշնամիներուդ յայտնէիր
Ու ազգերը քու երեսէդ դողային
3 Երբ այն սոսկալի բաները ըրիր, որոնց չէինք յուսար,
Իջա՛ր եւ քու երեսէդ լեռները հալեցան։
4 Քանզի սկիզբէն ի վեր չլսուեցաւ ու ականջ չլսեց
Եւ աչք չտեսաւ քեզմէ զատ ուրիշ Աստուած մը,
Որ իրեն յուսացողներուն այսպիսի բաներ ընէ։
5 Անոնց հանդիպեցար, որոնք ուրախութեամբ արդարութիւն կ՚ընեն
Եւ քու ճամբաներուդ մէջ քեզ կը յիշեն։
Ահա բարկացար, վասն զի մեղք գործեցինք
Եւ անոնց մէջ երկար ատեն մնացինք. արդեօք պիտի փրկուի՞նք։
6 Բայց ամէնքս պիղծ բանի պէս եղանք
Ու մեր բոլոր արդար գործերը անմաքուր լաթի պէս են։
Ամէնքս տերեւի պէս կը թառամինք
Ու մեր անօրէնութիւնները հովի պէս մեզ կը հեռացնեն։
7 Քու անունդ կանչող չկայ,
Որ արթննայ ու քեզմէ ոյժ գտնէ,
Քանզի քու երեսդ մեզմէ ծածկեցիր
Ու մեր անօրէնութիւններուն պատճառով մեզ մաշեցուցիր։
8 Բայց հիմա, ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես։
Մենք կաւ ենք ու դուն մեր Բրուտն ես։
Ամէնքս քու ձեռքիդ գործն ենք։
9 Շատ մի՛ բարկանար, ո՛վ Տէր
Ու մեր անօրէնութիւնը յաւիտեան մի՛ յիշեր։
Ահա նայէ՛, կաղաչենք, ամէնքս քու ժողովուրդդ ենք։
10 Սուրբ քաղաքներդ անապատ եղան,
Սիօն անապատ եղաւ,
Երուսաղէմ աւերակ եղաւ։
11 Մեր սուրբ ու փառաւոր տունը,
Որուն մէջ մեր հայրերը քեզ կ՚օրհնէին,
Հրոյ ճարակ եղաւ։
Մեր բոլոր ցանկալի տեղերը ամայացան։
12 Դեռ ինքզինքդ պիտի զսպե՞ս, ո՛վ Տէր,
Տակաւին պիտի լռե՞ս ու մեզ խիստ շատ պիտի նեղե՞ս։


65
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՏԻԺԸ ԱՊՍՏԱՄԲՆԵՐՈՒՆ
1 Զիս չհարցնողներէն փնտռուեցայ,
Զիս չխնդրողներէն գտնուեցայ։
Իմ անունս չկանչող ազգին
«Ահա հոս եմ, ահա հոս եմ», ըսի։
2 Ամէն օր իմ ձեռքերս երկնցուցի ապստամբ ժողովուրդի մը,
Որոնք այնպիսի ճամբու մէջ կը քալեն, որ աղէկ չէ
Եւ իրենց խորհուրդներուն կը հետեւին։
3 Այնպիսի ժողովուրդի մը, որ միշտ երեսիս դէմ զիս կը բարկացնէ.
Պարտէզներու մէջ կը զոհեն,
Աղիւսներու վրայ խունկ կը ծխեն,
4 Գերեզմաններու մէջ կը նստին,
Գիշերը առանձին տեղերը կ՚անցընեն,
Խոզի միս կ՚ուտեն,
Իրենց ամաններուն մէջ գարշելի բաներու արգանակ կայ։
5 Անոնք կ՚ըսեն.
«Մէկդի՛ կեցիր, ինծի մի՛ դպչիր,
Քանզի ես քեզմէ սուրբ եմ»։
Ասոնք իմ ռնգունքներուս մէջ ծուխ են
Ու ամէն օր բորբոքած կրակ են։
6 Ահա իմ առջեւս գրուած է.
«Պիտի չլռեմ, հապա պիտի հատուցանեմ։
Այո՛, անոնց ծոցին մէջ պիտի հատուցանեմ
7 Ձեր անօրէնութիւնները՝ ձեր հայրերուն անօրէնութիւններուն հետ մէկտեղ,
Որոնք լեռներու վրայ խունկ ծխեցին
Ու բլուրներուն վրայ զիս անարգեցին, կ՚ըսէ Տէրը,
Ուստի անոնց առաջուան գործերը իրենց ծոցերուն մէջ պիտի լեցնեմ»։
8 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Զոր օրինակ երբ ողկոյզի մը վրայ քաղցու գտնուի, կ՚ըսեն՝
‘Ատիկա մի՛ կորսնցներ,
Քանզի ատոր վրայ օրհնութիւն կայ’։
Ես ալ իմ ծառաներուս համար այնպէս պիտի ընեմ,
Որպէս զի ամէնքը չկորսնցնեմ։
9 Յակոբէն՝ սերունդ,
Յուդայէն իմ լեռներուս ժառանգորդ պիտի հանեմ։
Իմ ընտրեալներս այն երկիրը պիտի ժառանգեն։
Իմ ծառաներս հոն պիտի բնակին։
10 Զիս փնտռող ժողովուրդիս համար Սարօն՝ հօտերու փարախ
Եւ Աքովրի ձորը արջառներու մակաղատեղի պիտի ըլլայ։
11 Քանի որ դուք Տէրը թողուցիք
Ու իմ սուրբ լեռս մոռցաք,
Գաղ կուռքին սեղան պատրաստեցիք
Ու Մենիին թափելու նուէր լեցուցիք,
12 Ես ալ ձեզ սուրի պիտի մատնեմ
Եւ ամէնքդ պիտի ծռիք մորթուելու համար.
Քանզի կանչեցի ու պատասխան չտուիք,
Խօսեցայ ու մտիկ չըրիք,
Հապա իմ առջեւս չարութիւն ըրիք
Եւ ինծի հաճելի չեղածը ընտրեցիք»։
13 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ՚ըսէ.
«Ահա իմ ծառաներս պիտի ուտեն,
Բայց դուք անօթի պիտի մնաք։
Ահա իմ ծառաներս պիտի խմեն,
Բայց դուք ծարաւ պիտի մնաք։
Ահա իմ ծառաներս պիտի ուրախանան,
Բայց դուք պիտի ամչնաք։
14 Ահա իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան,
Բայց դուք սրտի ցաւէ պիտի աղաղակէք
Եւ հոգիի ճնշումէ պիտի ոռնաք։
15 Ձեր անունը իմ ընտրածներուս անէծքի համար պիտի թողուք։
Տէր Եհովան քեզ պիտի մեռցնէ
Ու իր ծառաները ուրիշ անունով պիտի կանչէ,
16 Որպէս զի երկրի վրայ օրհնուողը
Ճշմարիտ Աստուծմով օրհնուի
Ու երկրի վրայ երդում ընողը
Ճշմարիտ Աստուծմով երդում ընէ։
Քանզի առաջուան նեղութիւնները մոռցուեցան
Ու անոնք իմ աչքերէս ծածկուեցան։
 ՆՈՐ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
17 Քանզի ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ
Եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան։
18 Բայց դուք իմ ստեղծագործութիւնովս
Յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք.
Վասն զի ահա ես Երուսաղէմը՝ ցնծութեան համար
Ու անոր ժողովուրդը ուրախութեան համար կը ստեղծեմ։
19 Երուսաղէմի վրայ պիտի ցնծամ
Ու իմ ժողովուրդիս վրայ պիտի ուրախանամ։
Հոն անգամ մըն ալ լացի ձայն ու ողբի ձայն պիտի չլսուի։
20 Հոն անգամ մըն ալ՝ քիչ օր ապրող տղայ,
Կամ օրերը չլեցուած ծեր պիտի չըլլայ,
Քանզի երիտասարդը հարիւր տարեկան պիտի մեռնի
Եւ հարիւր տարեկան մեղաւորը անէծքի պիտի հանդիպի։
21 Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին,
Այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։
22 Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին,
Անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն.
Վասն զի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան
Եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։
23 Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին
Ու դժբաղդութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին.
Քանզի անոնք Տէրոջը օրհնածներուն սերունդն են
Ու իրենց հետ իրենց զաւակներն ալ։
24 Անոնք դեռ չկանչած՝ պատասխան պիտի տամ,
Մինչ կը խօսին՝ պիտի լսեմ։
25 Գայլն ու գառը մէկտեղ պիտի արածին։
Առիւծը արջառին պէս յարդ պիտի ուտէ։
Օձին կերակուրը հող պիտի ըլլայ։
Անոնք իմ սուրբ լերանս մէջ պիտի չվնասեն
Ու պիտի չապականեն», կ՚ըսէ Տէրը։


66
ՏԷՐԸ ԱԶԳԵՐԸ ԿԸ ԴԱՏԷ
1 Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Երկինք իմ աթոռս է
Ու երկիր իմ ոտքերուս պատուանդանն է։
Այս ի՞նչ տուն է որ ինծի համար կը շինէք
Եւ այս ի՞նչ տեղ է իմ հանգստութեանս համար։
2 Քանզի այս բոլորը իմ ձեռքս շինեց
Ու այս բոլորը իմս են, կ՚ըսէ Տէրը,
Բայց ես այս մարդոց պիտի նայիմ,
Այսինքն խոնարհին եւ կոտրած հոգի ունեցողին
Ու իմ խօսքէս դողացողին։
3 Արջառ մորթողը մարդ մեռցնողի պէս է,
Գառնուկ զոհողը շուն մորթողի պէս։
Նուէր մատուցանողը խոզի արիւն մատուցանողի պէս,
Կնդրուկ ծխողը կուռք պաշտողի պէս։
Իրաւցընէ անոնք իրենց ճամբաները ընտրեցին
Ու անոնց հոգիները իրենց գարշելիներէն կ՚ախորժին։
4 Ես ալ անոնց թշուառութիւնները պիտի ընտրեմ
Եւ այն բոլոր բաները, որոնցմէ կը վախնան, իրենց վրայ պիտի բերեմ։
Վասն զի կանչեցի ու պատասխան տուող չեղաւ,
Խօսեցայ ու մտիկ չըրին։
Իմ առջեւս չարութիւն ըրին
Եւ իմ չհաւնածս ընտրեցին»։
5 Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք,
Ո՛վ անոր խօսքերէն դողացողներ.
«Իմ անուանս համար ձեզ ատող
Ու ձեզ անարգող ձեր եղբայրները ըսին՝
‘Թող Տէրը փառաւորուի
Ու ձեր ուրախութիւնը տեսնենք’.
Բայց անոնք պիտի ամչնան։
6 Քաղաքէն աղաղակ մը, տաճարէն ձայն մը կու գայ,
Տէրոջը ձայնը, որ իր թշնամիներուն վարձքը կը հատուցանէ։
7 Առանց ցաւ կրելու ծնաւ,
Երկունքի ցաւը գալէ առաջ մանչ մը ծնաւ։
8 Ո՞վ լսեց այսպիսի բան մը, ո՞վ տեսաւ նման բան։
Միթէ երկիր մէկ օրուան մէ՞ջ կը ծնի,
Կամ ազգ մը մէկ անգամէ՞ն ծնաւ։
Քանզի Սիօն հազիւ երկունք քաշեց երբ իր տղաքները ծնաւ։
9 ‘Ես որ ծնանելու վայրկեանը կը բերեմ,
Ծնանիլ պիտի չտա՞մ’, կ՚ըսէ Տէրը.
‘Ես որ յղանալ կ՚արտօնեմ,
Արգանդը պիտի գոցե՞մ’, կ՚ըսէ քու Աստուածդ։
10 Երուսաղէմին հետ ուրախացէ՛ք ու անոր հետ ցնծացէ՛ք
Դո՛ւք բոլորդ, որ զանիկա կը սիրէք։
Մեծապէս ուրախացէ՛ք անոր հետ
Դո՛ւք, բոլորդ որ անոր համար սուգ կը բռնէք։
11 Վասն զի անոր մխիթարութեան ստինքներէն
Պիտի ծծէք ու կշտանաք։
Վասն զի դուք կաթով պիտի սնանիք
Եւ անոր փառքին առատութիւնովը պիտի զուարճանաք»։
12 Քանզի Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.
«Ահա ես անոր վրայ խաղաղութիւնը գետի պէս
Ու ազգերուն փառքը յորդահոս հեղեղի պէս պիտի տարածեմ։
Եւ կաթով պիտի սնանիք եւ ձեզ գրկի վրայ պիտի կրեն
Ու ծունկերու վրայ պիտի գգուեն ձեզ։
13 Ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգստացնէ,
Այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ
Ու Երուսաղէմ պիտի մխիթարէ ձեզ։
14 Պիտի տեսնէք ու սրտերնիդ պիտի ուրախանայ
Եւ ձեր ոսկորները կանանչ խոտի պէս պիտի ծաղկին։
Տէրոջը ձեռքը իր ծառաներուն վրայ
Եւ անոր բարկութիւնը թշնամիներուն վրայ պիտի յայտնուի։
15 Քանզի ահա Տէրը կրակով պիտի գայ։
Անոր կառքերը մրրիկի պէս են,
Որպէս զի իր բարկութիւնը սրտմտութիւնով
Եւ իր սպառնալիքը կրակի բոցով գործադրէ։
16 Քանզի Տէրը կրակով ու իր սուրովը պիտի դատէ ամէն մարմին։
Տէրոջմէն սպաննուածները շատ պիտի ըլլան»։
17 «Զիրենք սրբողները եւ պարտէզներու մէջ զիրար մաքրողները,
Խոզի միս ու պիղծ բաներ եւ մուկ ուտողները
Մէկտեղ բնաջինջ պիտի ըլլան», կ՚ըսէ Տէրը։
18 «Բայց ես անոնց գործերն ու խորհուրդները գիտեմ
Եւ բոլոր ազգերն ու լեզուները պիտի հաւաքեմ։
Անոնք պիտի գան ու իմ փառքս պիտի տեսնեն։
19 Անոնց մէջ նշան պիտի դնեմ,
Անոնցմէ ազատուածները ազգերուն պիտի ղրկեմ,
Այսինքն դէպի Թարսիս, դէպի Փուղ եւ Ղուդ (աղեղնաւորները)՝
Դէպի Թոբէլ ու Յաւան,
Այն հեռու կղզիները, որոնք իմ համբաւս չլսեցին
Եւ իմ փառքս չտեսան։
Իմ փառքս ազգերու մէջ պիտի պատմեն։
20 Անոնք ձիերով ու կառքերով,
Գահաւորակներով, ջորիներով ու տաճիկ ուղտերով՝
Ձեր բոլոր եղբայրները բոլոր ազգերէն
Իմ սուրբ լեռս՝ Երուսաղէմ՝
Տէրոջը ընծայ պիտի բերեն», կ՚ըսէ Տէրը,
«Ինչպէս Իսրայէլի որդիները
Մաքուր ամանով Տէրոջը տունը ընծայ կը բերեն։
21 Անոնցմէ ալ պիտի առնեմ՝
Քահանաներ ու Ղեւտացիներ ըլլալու համար», կ՚ըսէ Տէրը։
22 «Քանզի նոր երկինքն ու նոր երկիրը, որ պիտի ստեղծեմ,
Իմ առջեւս հաստատ պիտի մնան», կ՚ըսէ Տէրը։
Այնպէս ալ ձեր սերունդը եւ ձեր անունը պիտի մնան։
23 «Եւ ամէն նոր լուսնի տօնին եւ ամէն շաբաթ
Բոլոր մարդիկը իմ առջեւս երկրպագելու պիտի գան», կ՚ըսէ Տէրը։
24 «Անոնք պիտի ելլեն
Ու իմ դէմս ապստամբողներուն դիակները պիտի տեսնեն,
Քանզի անոնց որդը պիտի չմեռնի,
Անոնց կրակը պիտի չմարի,
Անոնք ամէն մարմնի զզուելի պիտի ըլլան»։