Skip to main content

Սաղմոսաց 1-30

1
ՃՇՄԱՐԻՏ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ
1 Երանելի է այն մարդը,
Որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր,
Ու մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չի կենար,
Եւ ծաղր ընողներուն նստած տեղը չի նստիր.
2 Հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է,
Եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։
3 Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ,
Որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ.
Ու անոր տերեւը պիտի չթափի,
Եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի։
4 Այսպէս չեն ամբարիշտները,
Հապա մղեղի պէս՝ որ հովը կը ցրուէ։
5 Ասոր համար ամբարիշտները դատաստանի մէջ պիտի չկրնան կենալ,
Ո՛չ ալ մեղաւորները՝ արդարներուն ժողովին մէջ։
6 Վասն զի Տէրը կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան,
Բայց ամբարիշտներուն ճամբան պիտի կորսուի։
2
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏՐԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1 Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն կ՚ընեն
Ու ժողովուրդները պարապ բան կը մտածեն,
2 Երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատեն
Ու իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ՚ընեն
Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ,
3 Ըսելով. «Կոտրե՛նք անոնց կապերը,
Ու մեզմէ ձգե՛նք անոնց լուծը»։
4 Երկինքը բնակողը անոնց վրայ պիտի ծիծաղի։
Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանոնք։
5 Այն ատեն իր բարկութիւնովը պիտի խօսի անոնց
Եւ իր սրտմտութիւնովը պիտի խռովեցնէ զանոնք, ըսելով.
6 «Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորս
Իմ սուրբ լերանս՝ Սիօնին վրայ»։
7 Հրամանը պիտի պատմեմ։
Տէրը ինծի ըսաւ.
«Դո՛ւն իմ որդիս ես,
Ես այսօր քեզ ծնայ։
8 Խնդրէ՛ ինծմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ
Ու երկրի ծայրերը քեզի ստացուածք։
9 Զանոնք երկաթէ գաւազանով պիտի կոտրես,
Բրուտի ամանի պէս պիտի փշրես զանոնք»։
10 Ուստի հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք,
Երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։
11 Երկիւղով ծառայեցէ՛ք Տէրոջը,
Ու դողալով անկէ վախցէ՛ք։
12 Որդին համբուրեցէք՝ որպէս զի չբարկանայ
Ու ճամբուն մէջ չկորսուիք,
Երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի։
Երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր կը յուսան։
3
ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի, իր որդիին Աբիսողոմին երեսէն փախած ժամանակը։
1 Ո՛վ Տէր, իմ թշնամիներս որչա՜փ շատցան։
Իմ վրաս ելլողները շատուոր են։
2 Շատերը իմ անձիս համար կ՚ըսեն թէ՝
«Ասոր փրկութիւն չկայ Աստուծմէն»։ (Սէլա։)
3 Բայց, ո՛վ Տէր, դուն ես իմ ասպարս,
Իմ փառքս ու իմ գլուխս բարձրացնողը։
4 Իմ ձայնովս Տէրոջը կանչեցի
Ու իր սուրբ լեռնէն ինծի պատասխանեց։ (Սէլա։)
5 Ես պառկեցայ ու քնացայ.
Արթնցայ, վասն զի Տէրը զիս պաշտպանեց։
6 Ես պիտի չվախնամ բիւրաւոր ժողովուրդներէն,
Որոնք իմ չորս կողմս պատեցին։
7 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, զիս փրկէ, ո՛վ իմ Աստուածս,
Վասն զի դուն զարկիր իմ բոլոր թշնամիներուս թուշը։
Ամբարիշտներուն ակռաները փշրեցիր։
8 Փրկութիւնը Տէրոջն է։
Քու օրհնութիւնդ քու ժողովուրդիդ վրայ է։ (Սէլա։)
4
ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Կանչելու ատենս ինծի պատասխան տուր, ո՛վ իմ արդարութեանս Աստուածը։
Նեղութեան մէջ զիս ընդարձակեցիր.
Ողորմէ՛ ինծի ու լսէ՛ իմ աղօթքս։
2 Մարդո՛ց որդիներ, մինչեւ ե՞րբ իմ փառքս ամօթի պիտի դարձնէք
Եւ ունայնութիւն պիտի սիրէք ու ստութիւն փնտռէք։ (Սէլա։)
3 Բայց գիտցէք թէ Տէրը իրեն նուիրուած մարդը որոշեց։
Տէրը պիտի լսէ իրեն կանչելու ատենս։
4 Դողացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք.
Խօսեցէ՛ք սրտերնուդ հետ ձեր անկողիններուն վրայ ու լռեցէ՛ք։ (Սէլա։)
5 Արդարութեան զոհեր մատուցանեցէ՛ք,
Ու Տէրոջը յուսացէ՛ք։
6 Շատեր կ՚ըսեն թէ՝ «Ո՞վ մեզի բարութիւն պիտի ցուցնէ»։
Ո՛վ Տէր, քու երեսիդ լոյսը մեր վրայ ծագեցուր։
7 Իմ սրտիս ուրախութիւն տուիր՝
Անոնց ցորենին ու գինիին առատութեան ժամանակէն աւելի։
8 Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ,
Վասն զի դո՛ւն միայն, Ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես։
5
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Ո՛վ Տէր, ականջ դիր իմ խօսքերուս,
Միտքդ առ իմ աղաղակս։
2 Իմ կանչելուս ձայնին մտիկ ըրէ, ո՛վ իմ Թագաւորս ու Աստուածս,
Վասն զի ես քեզի կ՚աղաչեմ։
3 Ո՛վ Տէր, առտուն պիտի լսես իմ ձայնս.
Առտուն պատրաստ պիտի ըլլամ քեզի ու սպասեմ։
4 Վասն զի դուն անօրէնութիւն ուզող Աստուած չես.
Չարը քու քովդ պիտի չբնակի։
5 Հպարտները քու աչքերուդ առջեւ պիտի չկենան.
Բոլոր անօրէնութիւն գործողները կ՚ատես.
6 Սուտ խօսողները կը կորսնցնես։
Տէրը արիւնահեղ ու նենգաւոր մարդէն կը զզուի։
7 Բայց ես քու ողորմութեանդ շատութիւնովը քու տունդ պիտի մտնեմ.
Քու վախովդ երկրպագութիւն պիտի ընեմ քու սուրբ տաճարիդ մէջ։
8 Ո՛վ Տէր, քու արդարութիւնովդ ինծի առաջնորդ եղիր թշնամիներուս համար.
Քու ճամբադ շտկէ իմ առջեւս.
9 Վասն զի անոնց բերնին մէջ ճշմարտութիւն չկայ,
Անոնց ներսիդին չարութիւն կայ։
Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է,
Իրենց լեզուովը նենգաւոր եղան։
10 Ո՛վ Աստուած, յանցաւոր հանէ զանոնք.
Իրենց խորհուրդներովը թող իյնան.
Անոնց շատ ամբարշտութիւններուն համար հալածէ՛ զանոնք.
Վասն զի քեզի դէմ ապստամբեցան։
11 Բայց բոլոր քեզի յուսացողները թող ուրախ ըլլան.
Յաւիտեան թող ցնծան, վասն զի դուն զանոնք կը պաշտպանես
Եւ քու անունդ սիրողները թող քեզմով զուարճանան։
12 Վասն զի դուն պիտի օրհնես արդարը, ո՛վ Տէր,
Բարի կամեցողութիւնով անոր չորս կողմը պիտի պատես՝ որպէս թէ վահանով մը։
6
ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ
Եւ քու բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։
2 Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի տկար եմ ես.
Զիս բժշկէ, ո՛վ Տէր, վասն զի ոսկորներս կը սարսափին։
3 Իմ անձս ալ խիստ սարսափեցաւ.
Եւ դուն, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ։
4 Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, փրկէ իմ անձս,
Քու ողորմութեանդ համար զիս ազատէ։
5 Վասն զի մահուան մէջ քեզ յիշատակել չկայ.
Գերեզմանին մէջ ո՞վ քեզի շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ։
6 Հառաչանք ընելէ յոգնեցայ.
Ամէն գիշեր կը լուամ իմ անկողինս,
Արցունքներովս կը թրջեմ իմ մահիճս։
7 Իմ աչքս մաշեցաւ տրտմութենէն,
Իմ բոլոր թշնամիներուս պատճառով հինցաւ։
8 Ինծմէ ե՛տ կեցէք ամէնքդ ալ, որ անօրէնութիւն կը գործէք.
Վասն զի Տէրը իմ լալուս ձայնը լսեց.
9 Տէրը իմ աղօթքս լսեց.
Տէրը իմ խնդրուածքս պիտի ընդունի։
10 Թող ամչնան ու խիստ զարհուրին իմ բոլոր թշնամիներս,
Ետ թող դառնան ու շուտով ամչնան։
7
ԱՂՕԹՔ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Դաւիթ երգեց Քուշի խօսքերուն համար
1 Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, քեզի կը յուսամ,
Փրկէ զիս իմ բոլոր հալածիչներէս ու ազատէ զիս.
2 Չըլլայ որ առիւծի պէս իմ անձս գիշատէ
Ու պատառէ եւ ազատող մը չըլլայ։
3 Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, եթէ այս բանը ըրի,
Կամ եթէ իմ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն կայ,
4 Եթէ բարեկամիս չարութիւն ըրի
Ու կողոպտեցի զանիկա՝ որ առանց պատճառի իմ թշնամիս էր,
5 Թող թշնամին հալածէ իմ անձս ու հասնի անոր
Ու երկրի վրայ կոխկռտէ իմ կեանքս,
Եւ իմ փառքս հողի վրայ բնակեցնէ։ (Սէլա։)
6 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, քու բարկութիւնովդ,
Իմ թշնամիներուս կատաղութիւններուն դէմ բարձր եղիր,
Արթնցի՛ր, ո՛վ Աստուած, դուն սահմանած ես դատաստան մը։
7 Եւ ժողովուրդներուն ժողովը քու չորս կողմդ պիտի պատէ.
Անոնց վրայ բարձրացիր։
8 Տէրը պիտի դատէ ժողովուրդները.
Ո՛վ Տէր, իմ դատաստանս տես,
Իմ ունեցած անարատութեանս ու անմեղութեանս նայելով։
9 Ամբարիշտներուն չարութիւնը թող հատնի։
Բայց դուն արդարը հաստատէ.
Վասն զի դուն, ո՛վ արդար Աստուած, կը քննես սրտերը ու երիկամունքները։
10 Իմ պաշտպանութիւնս Աստուծմէ է.
Որ կ՚ապրեցնէ սրտով ուղիղները։
11 Աստուած արդար դատաւոր է
Ու Աստուած մեղաւորին ամէն օր բարկացած է.
12 Եթէ անիկա չդառնայ, իր սուրը պիտի սրէ.
Աղեղը լարեր ու պատրաստեր է։
13 Ու մահու գործիքները անոր համար պատրաստեր է,
Իր նետերը հալածիչներուն համար շիներ է։
14 Ահա անօրէնութեան երկունքը բռնեց զանիկա.
Չարութիւն յղացաւ ու ստութիւն ծնաւ։
15 Հոր փորեց ու խորունկցուց,
Բայց իր շինած փոսին մէջ ի՛նք պիտի իյնայ.
16 Անոր չարութիւնը իր գլուխը պիտի դառնայ
Ու անոր բռնութիւնը իր գագաթին վրայ պիտի իջնէ։
17 Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իր արդարութեանը համար
Սաղմոս պիտի երգեմ Բարձրեալ Տէրոջը անուանը։
8
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՐԺԱՆԻՔԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Ո՛վ Տէր, մեր Տէրը,
Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ,
Որ քու փառքդ երկինքներէն վեր դրիր։
2 Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնով
Գովութիւն կատարեցիր՝ քու թշնամիներուդ համար,
Որպէս զի թշնամին ու վրէժխնդիրը լռեցնես։
3 Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատերուդ գործը՝
Լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր,
4 Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես,
Կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կընես։
5 Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն,
Փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա.
6 Քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ իշխան դրիր զանիկա.
Ամէն բան անոր ոտքին տակ դրիր.
7 Բոլոր ոչխարները ու արջառները,
Նաեւ վայրենի անասունները,
8 Երկնքի թռչունները ու ծովուն ձուկերը
Եւ ինչ որ ծովու ճամբաներուն մէջ կը պտըտի։
9 Ով Տէր, մեր Տէրը,
Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ։
9
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իմ բոլոր սրտովս.
Քու բոլոր սքանչելիքներդ պիտի պատմեմ։
2 Քեզմով ուրախ պիտի ըլլամ ու ցնծամ.
Քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ, ո՛վ Բարձրեալ։
3 Թշնամիներս ետ դառնալու ատեննին
Քու երեսէդ պիտի իյնան ու կորսուին.
4 Վասն զի դատաստանս եւ իրաւունքս դուն տեսար.
Աթոռին վրայ նստար իբրեւ արդարութեան դատաւոր։
5 Հեթանոսները յանդիմանեցիր,
Ամբարիշտը կորսնցուցիր,
Անոնց անունները ջնջեցիր յաւիտեանս յաւիտենից։
6 Թշնամիին աւերմունքները բոլորովին վերջացան.
Քաղաքները աւերեցիր.
Անոնց յիշատակը իրենց հետ կորսուեցաւ։
7 Բայց Տէրը յաւիտեան պիտի մնայ.
Անիկա իր աթոռը պատրաստեց դատաստանի համար։
8 Ինք պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով,
Ժողովուրդներուն դատաստան պիտի ընէ ուղղութիւնով։
9 Տնանկին ալ ապաւէն պիտի ըլլայ Տէրը,
Ապաւէն՝ նեղութեան ժամանակները։
10 Անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի յուսան.
Վասն զի քեզ փնտռողները, ո՛վ Տէր, երեսէ չձգեցիր։
11 Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջը, որ Սիօն կը բնակի,
Ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք անոր ըրածները։
12 Վասն զի արեան վրէժխնդիրը յիշեց զանոնք,
Չմոռցաւ նեղեալներուն աղաղակը։
13 Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի,
Տե՛ս իմ թշնամիներէս կրած նեղութիւնս,
Դուն որ զիս մահուան դռներէն կը վերցնես.
14 Որպէս զի քու բոլոր օրհնութիւններդ պատմեմ
Սիօնի աղջկան դռներուն մէջ.
Պիտի ցնծամ քու փրկութիւնովդ։
15 Հեթանոսները իրենց շինած փոսին մէջ ընկղմեցան.
Իրենց գաղտուկ լարած որոգայթին մէջ իրենց ոտքը բռնուեցաւ։
16 Տէրը ճանչցուած է, վասն զի դատաստան ըրաւ.
Ամբարիշտը իր ձեռքին գործերովը որոգայթը կ՚իյնայ։ (Հիկկայօն Սէլա։)
17 Ամբարիշտները դժոխքը պիտի դառնան
Եւ այն բոլոր ազգերը, որոնք Աստուած կը մոռնան։
18 Քանզի աղքատը պիտի չմոռցուի մինչեւ վերջը.
Տնանկներուն յոյսը յաւիտեան պիտի չկորսուի։
19 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, մարդը թող չզօրանայ.
Թող հեթանոսները դատուին քու առջեւդ.
20 Ո՛վ Տէր, զանոնք վախցուր.
Թող հեթանոսները գիտնան թէ իրենք մարդ են։ (Սէլա։)
10
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
1 Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ հեռու կը կենաս.
Նեղութեան ժամանակները կը ծածկուիս։
2 Ամբարշտին ամբարտաւանութեանը պատճառով աղքատը կը տոչորի,
Իրենց խորհած հնարքներուն մէջ իրենք թող բռնուին։
3 Վասն զի ամբարիշտը իր անձին ցանկութիւնովը կը պարծենայ
Եւ ագահը իր անձին երանի կու տայ, բայց կ՚անարգէ Տէրը։
4 Ամբարիշտը իր երեսին ամբարտաւանութեանը համար Աստուած չի փնտռեր.
Անոր մտքին մէջ բոլորովին Աստուած չկայ։
5 Ամէն ժամանակ անոր ճամբաները պինդ են.
Քու դատաստաններդ անոր առջեւէն բարձր են.
Անիկա իր բոլոր թշնամիներուն վրայ կը փչէ։
6 Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Պիտի չսասանիմ.
Վասն զի ազգէ մինչեւ ազգ նեղութեան մէջ պիտի չըլլամ»։
7 Անոր բերանը անէծքով ու նենգութիւններով ու հարստահարուիթւններով լեցուն է.
Անիրաւութիւնը ու անօրէնութիւնը անոր լեզուին տակ են։
8 Գիւղերուն դարանի տեղերը կը նստի,
Գաղտուկ տեղերու մէջ անմեղը կը սպաննէ.
Անոր աչքերը ծածկաբար տնանկներուն կը նային։
9 Գաղտուկ տեղեր դարանամուտ կ՚ըլլայ, ինչպէս առիւծը՝ իր որջին մէջ.
Դարանակալ կը նստի՝ աղքատը յափշտակելու համար.
Աղքատը կը յափշտակէ՝ իր որոգայթը ձգելով զանիկա։
10 Կծկտած կը պառկի
Եւ տնանկները անոր ճանկերուն տակ կ՚իյնան։
11 Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Աստուած մոռցեր է
Ու իր երեսը ծածկեր է, որպէս զի բնաւ չտեսնէ»։
12 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր. ո՛վ Աստուած, ձեռքդ վե՛ր վերցուր,
Մի՛ մոռնար նեղեալները։
13 Ինչո՞ւ համար ամբարիշտը Աստուած կ՚անարգէ։
Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Պիտի չքննես»։
14 Դուն տեսար, վասն զի ցաւին ու նեղութեանը կը նայիս՝
Քու ձեռքովդ փոխարէն հատուցանելու համար։
Աղքատը ինքզինք քեզի կը յանձնէ.
Որբին օգնականը դուն ես։
15 Ամբարշտին բազուկը կոտրէ,
Ու չարին անօրէնութիւնը փնտռէ մինչեւ որ ալ չգտնես։
16 Տէրը յաւիտեանս յաւիտենից Թագաւոր է։
Հեթանոսները կորսուած են անոր երկրէն։
17 Տնանկներուն ցանկութիւնը լսեցիր, ո՛վ Տէր.
Անոնց սրտերը պիտի հաստատես ու քու ականջդ պիտի խոնարհեցնես
18 Որբին ու տնանկին դատաստանը տեսնելու,
Որպէս զի երկրի մարդը ա՛լ զանոնք չվախցնէ։
11
ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋԸ ՎՐԱՅ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Տէրոջը ապաւինեցայ.
Ի՞նչպէս իմ անձիս կ՚ըսէք թէ՝
«Թռչունի պէս դէպի ձեր լեռը թռչէ.
2 Վասն զի ահա մեղաւորները աղեղ լարեցին,
Իրենց նետերը լարին վրայ պատրաստեցին,
Որպէս զի մութ ատեն սիրտը շիտակ եղողներուն նետեն։
3 Եթէ հիմերը կործանին,
Արդարը ի՞նչ պիտի ընէ»։
4 Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է.
Տէրոջը աթոռը երկինքն է.
Անոր աչքերը կը տեսնեն,
Անոր թարթիչները կը քննեն մարդոց որդիները։
5 Տէրը կը քննէ արդարը.
Բայց անոր անձը կ՚ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը։
6 Ամբարիշտներուն վրայ պիտի տեղան որոգայթներ,
Հուր եւ ծծումբ ու խորշակ.
Ա՛յս պիտի ըլլայ անոնց բաժակին բաժինը։
7 Քանզի արդար Տէրը արդարութիւնը կը սիրէ,
Անոր երեսը ուղիղին կը նայի։
12
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Ո՛վ Տէր, փրկէ, վասն զի սուրբ չմնաց.
Վասն զի հաւատարիմները մարդոց որդիներուն մէջէն պակսեցան։
2 Ամէն մարդ սուտ կը խօսի իր ընկերին.
Շողոքորթող շրթունքներով ու կրկին սրտով կը խօսին։
3 Տէրը պիտի կտրէ բոլոր շողոքորթող շրթունքները
Ու մեծախօս լեզուն,
4 Որոնք ըսին թէ՝ «Մեր լեզուներով պիտի յաղթենք,
Մեր շրթունքները մերն են։ Մեր վրայ ո՞վ պիտի տիրէ»։
5 «Աղքատներուն զրկանքին ու տնանկներուն հեծութեանը համար
Հիմա պիտի ելլեմ, կ՚ըսէ Տէրը,
Ազատութեան մէջ պիտի դնեմ զանիկա, որուն կը բաղձայ»։
6 Տէրոջը խօսքերը մաքուր խօսքեր են.
Հողէ բովքի մէջ զտուած,
Եօթը անգամ մաքրուած արծաթի պէս են։
7 Ո՛վ Տէր, դուն պիտի պահես զանոնք
Ու պիտի պաշտպանես այս ազգէն մինչեւ յաւիտեան։
8 Ամբարիշտները ամէն կողմ կը պտըտին,
Երբ մարդոց որդիներուն մէջ անարգները բարձրանան։
13
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ բոլորովին զիս պիտի մոռնաս,
Մինչեւ ե՞րբ քու երեսդ ինծմէ պիտի ծածկես։
2 Մինչեւ ե՞րբ մտքիս մէջ հոգեր պիտի ունենամ,
Ամէն օր սրտիս մէջ տրտմութիւն ունենալով.
Մինչեւ ե՞րբ թշնամիս իմ վրաս պիտի բարձրանայ։
3 Նայէ՛, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս ու պատասխան տուր ինծի.
Լուսաւորէ՛ իմ աչքերս,
Որպէս զի մահուան քունը չքնանամ։
4 Չըլլայ որ թշնամիս ըսէ թէ՝ «Յաղթեցի անոր»,
Կամ թէ ինծի դէմ կեցողները խնդան իմ սասանելու ատենս։
5 Ես քու ողորմութեանդ յուսացի,
Իմ սիրտս քու փրկութիւնովդ պիտի ցնծայ։
6 Պիտի երգեմ Տէրոջը,
Վասն զի ինծի բարերարութիւն ըրաւ։
14
ՄԱՐԴՈՑ ԱՆՕԳՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ թէ՝ «Աստուած չկայ»։
Ապականեցան ու պիղծ գործեր ըրին.
Մէկը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։
2 Տէրը երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն,
Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը,
Որ Աստուած փնտռէ։
3 Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան.
Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։
4 Միթէ չե՞ն ճանչնար բոլոր անօրէնութիւն ընողները,
Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ՚ուտեն
Ու Տէրոջը չեն կանչեր.
5 Այն ատեն շատ վախցան.
Քանզի Աստուած արդարներուն ազգին մէջ է։
6 Աղքատին խորհուրդը շփոթեցուցիք,
Սակայն անոր յոյսը Տէրն է։
7 Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլին փրկութիւնը.
Տէրը իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝
Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։
15
ՏԷՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ,
Ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ։
2 Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ՚ընէ
Եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն։
3 Ան որ լեզուովը չի զրպարտեր,
Ընկերին չարութիւն չ՚ըներ,
Եւ իր դրացիին վրայ նախատինք չի դներ.
4 Որուն առջեւ անարգուած է չարագործը,
Բայց աստուածավախները կը պատուէ.
Երդում կ՚ընէ իր վնասին ու չի դառնար.
5 Իր արծաթը վարձքով չի տար
Ու անմեղին դէմ կաշառք չ՚առներ։
Ով որ ասոնք կ՚ընէ, յաւիտեան պիտի չսասանի։
16
ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
Երգ Դաւիթի
1 Ո՛վ Աստուած, զիս պահէ՛,
Վասն զի քեզի յուսացի։
2 Տէրոջը ըսի. «Իմ Տէրս դուն ես,
Առանց քեզի բարիք մը չունիմ»։
3 Երկրի մէջ եղող սուրբերուն ու պատուականներուն վրայ է իմ բոլոր հաճութիւնս։
4 Անոնց ցաւերը պիտի շատնան, որոնք ուրիշ աստուած մը կը նախընտրեն.
Անոնց արիւնի նուէրները պիտի չնուիրեմ
Ու անոնց անունները շրթունքներուս վրայ պիտի չառնեմ։
5 Տէրն է իմ ժառանգութեանս ու բաժակիս բաժինը.
Իմ վիճակս դուն պիտի պահես։
6 Վիճակներ ելան ինծի զուարճալի տեղերու մէջ.
Իրաւ իմ ժառանգութիւնս ինծի գեղեցիկ եղաւ։
7 Պիտի օրհնեմ Տէրը որ զիս խրատեց.
Նաեւ իմ երիկամունքներս գիշերուան մէջ ինծի կը սորվեցնեն։
8 Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի.
Որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ։
9 Ասոր համար սիրտս ուրախ եղաւ ու փառքս բերկրեցաւ
Ու մարմինս ալ յոյսով պիտի հանգստանայ։
10 Վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս
Ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս։
11 Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես.
Երեսիդ առջեւ լեցուն ուրախութիւն կայ,
Քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան։
17
ԱՆՄԵՂԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
Դաւիթին Աղօթքը
1 Ո՛վ Տէր, լսէ՛ արդար դատս,
Մտիկ ըրէ իմ աղաղակիս։
Ականջ դիր աղօթքիս,
Որ խաբեբայ շրթունքներով չէ։
2 Իմ դատաստանս քու երեսէդ թող ելլէ.
Քու աչքերդ ուղղութիւնը թող տեսնեն։
3 Իմ սիրտս փորձեցիր, գիշեր ատեն քննեցիր,
Զիս կրակով փորձեցիր ու բան մը չգտար.
Միտքս դրի որ բերանս պատուիրանազանց չըլլայ։
4 Մարդոց գործերուն նայելով եւ
Քու շրթունքներուդ խօսքերովը ես բռնաւորին ճամբաներէն զգուշացայ։
5 Իմ քայլերս քու ճամբաներուդ մէջ պահէ,
Որպէս զի իմ գնացքներս չսասանին։
6 Ես քեզի կանչեցի, վասն զի ինծի պատասխան պիտի տաս, ո՛վ Աստուած։
Խոնարհեցո՛ւր ինծի քու ականջդ, լսէ՛ իմ խօսքս։
7 Սքանչելի կերպով քու ողորմութիւններդ ցուցուր,
Դուն որ քեզի յուսացողները աջ ձեռքովդ կ՚ազատես
Հակառակ կեցողներէն։
8 Աչքի բիբի պէս զիս պահէ՛,
Թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ զիս ծածկէ՛
9 Ինծի տառապանք տուող ամբարիշտներուն երեսէն։
Իմ անձիս թշնամիները զիս պաշարեցին։
10 Իրենց պարարտութիւնովը ծածկուեցան,
Իրենց բերնովը ամբարտաւանութեամբ խօսեցան։
11 Հիմա մեր քայլերուն չորս կողմը պատելով՝
Աչքերնին մեր վրայ տնկեցին գետինը զարնելու համար,
12 Առիւծի պէս, որ կը փափաքի գիշատել,
Առիւծի կորիւնի պէս, որ դարանակալ կ՚ըլլայ։
13 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, անոր առջեւ ինծի օգնութեան հասիր,
Զանիկա գետի՛նը զարկ։
Քու սրովդ փրկէ՛ իմ անձս ամբարիշտներէն,
14 Քու ձեռքովդ՝ մարդոցմէն, ո՛վ Տէր,
Աշխարհի մարդոցմէն, որոնց բաժինը այս կեանքին մէջ է
Ու անոնց փորերը շտեմարաններէդ կը լեցնես.
Անոնց որդիներն ալ կը կշտանան
Ու իրենցմէ աւելցածը իրենց տղոցը կը թողուն։
15 Իսկ ես արդարութեամբ պիտի տեսնեմ քու երեսդ.
Երբ արթննամ քու դէմքէդ պիտի կշտանամ։
18
ԴԱՒԻԹԻՆ ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Տէրոջը ծառային Դաւիթին Սաղմոսը
1 Ո՛վ Տէր, իմ զօրութի՛ւնս, քեզ պիտի սիրեմ։
2 Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։
Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ,
Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը
Ու իմ բարձր աշտարակս է։
3 Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմ
Ու իմ թշնամիներէս կ՚ազատիմ։
4 Մահուան լարերը իմ բոլորտիքս առին
Ու անօրէնութեան հեղեղները զիս վախցուցին։
5 Գերեզմանին լարերը զիս պաշարեցին
Ու մահուան որոգայթները իմ առջեւս առին։
6 Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի
Ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի.
Անիկա իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց
Ու իմ աղաղակս անոր առջեւ՝ անոր ականջը հասաւ։
7 Այն ատեն երկիր սասանեցաւ ու դողաց
Ու լեռներուն հիմերը շարժեցան ուսասանեցան,
Քանզի անիկա բարկացաւ։
8 Անոր քթէն ծուխ ելաւ
Ու բերնէն՝ մաշող կրակ,
Անկէ կայծակներ բռնկեցան։
9 Անիկա երկինքը խոնարհեցուց ու իջաւ,
Անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար։
10 Քերովբէի մը վրայ ելաւ ու թռաւ
Ու հովին թեւերուն վրայ սլացաւ։
11 Խաւարը իրեն ծածկոյթ ըրաւ
Ու իր բոլորտիքը՝ իրեն բնակարան,
Թանձր ջուրերը ու երկնքի ամպերը ըրաւ։
12 Անոր պայծառութենէն ամպերը անցան
Կարկուտով ու կրակի կայծակներով։
13 Տէրը երկնքին մէջ որոտաց
Եւ Բարձրեալը իր ձայնը լսել տուաւ
Կարկուտով ու կրակի կայծակներով։
14 Իր նետերը ղրկեց ու զանոնք ցրուեց
Եւ շատ կայծակներ ղրկեց ու զանոնք խռովեցուց։
15 Քու յանդիմանութիւնովդ, ո՛վ Տէր,
Քու բարկութեանդ հովին փչելովը
Ջուրերուն յատակները երեւցան
Ու աշխարհի հիմերը յայտնուեցան։
16 Բարձրէն ղրկեց ու զիս բռնեց
Եւ շատ ջուրերէն զիս հանեց։
17 Իմ զօրեղ թշնամիէս ու զիս ատողներէն ազատեց զիս.
Թէեւ ինծմէ զօրաւոր էին։
18 Իմ նեղութեանս օրը իմ առջեւս առին,
Բայց Տէրը ինծի հաստատութեան գաւազան եղաւ
19 Եւ զիս լայնարձակ տեղ մը հանեց
Ու զիս ազատեց, վասն զի ինծի հաւնեցաւ։
20 Տէրը իմ արդարութեանս փոխարէն կը հատուցանէ,
Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ հատուցում կ՚ընէ ինծի.
21 Վասն զի Տէրոջը ճամբաները պահեցի
Ու իմ Աստուծոյս դէմ ամբարշտութիւն չըրի։
22 Քանզի անոր բոլոր դատաստանները իմ առջեւս էին
Ու անոր օրէնքները ինծմէ չհեռացուցի։
23 Նաեւ անոր առջեւ կատարեալ եղայ
Ու անօրէնութենէ զգուշացայ։
24 Տէրը ինծի հատուցում ըրաւ իմ արդարութեանս համեմատ,
Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ՝ որ անոր աչքերուն առջեւ է։
25 Ողորմածին հետ ողորմած կ՚ըլլաս,
Կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ՚ըլլաս.
26 Մաքուրին հետ մաքուր կ՚ըլլաս
Ու ծուռին հետ կը ծռիս։
27 Վասն զի դուն վշտացած ժողովուրդը կ՚ազատես
Ու ամբարտաւան աչքերը կը ցածցնես։
28 Քանզի դուն իմ ճրագս կը վառես։
Իմ Տէր Աստուածս իմ խաւարս կը լուսաւորէ։
29 Քանզի քեզմով գունդի մը վրայ կ՚արշաւեմ
Ու իմ Աստուծմովս պարիսպէ կ՚անցնիմ։
30 Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է
Տէրոջը խօսքերը փորձուած են։
Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է։
31 Քանզի Տէրոջմէն զատ ո՞վ է Աստուած,
Կամ մեր Աստուծմէն զատ ո՞վ է վէմ։
32 Աստուած է որ ինծի զօրութիւն կը հագցնէ
Ու իմ ճամբաս կատարեալ կ՚ընէ։
33 Իմ ոտքերս եղջերուի ոտքերուն պէս կ՚ընէ
Ու իմ բարձր տեղերուս վրայ զիս կը կայնեցնէ։
34 Ձեռքերս պատերազմի կը վարժեցնէ
Ու իմ բազուկներս պղնձէ աղեղ կը լարեն։
35 Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր.
Եւ քու աջ ձեռքդ զիս զօրացուց
Ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց։
36 Քալելու համար ճամբաս ներքեւս լայնցուցիր
Ու իմ ոտքիս յօդուածները չսասանեցան։
37 Իմ թշնամիներս հալածեցի ու անոնց հասայ
Ու ետ չդարձայ՝ մինչեւ որ զանոնք հատցուցի.
38 Զանոնք գետինը զարկի ու կանգնելու կարող չեղան։
Անոնք իմ ոտքերուս տակ ինկան։
39 Պատերազմի համար ինծի զօրութիւն հագցուցիր,
Իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր։
40 Իմ թշնամիներուս կռնակը ինծի դարձնել տուիր,
Որպէս զի զիս ատողները ջարդեմ։
41 Աղաղակեցին, բայց ազատող չկար։
Տէրոջը աղաղակեցին, բայց անոնց պատասխան չտուաւ։
42 Ու զանոնք հովին առջեւէն մղուած փոշիի պէս մանրեցի
Եւ փողոցներուն ցեխին պէս մէկդի ձգեցի զանոնք։
43 Ժողովուրդին կռիւներէն զիս ազատեցիր
Ու զիս ազգերու գլուխ ըրիր։
Ժողովուրդը, որ չէի ճանչնար, ինծի ծառայեց։
44 Իրենց ականջներով լսածներուն պէս՝ ինծի հնազանդեցան.
Օտարները ինծի խոնարհութիւն ըրին։
45 Օտարները տկարացան
Եւ իրենց պահուըտած տեղերէն դողացին։
46 Տէրը կենդանի է։
Իմ Վէմս օրհնեալ ըլլայ
Եւ իմ փրկութեանս Աստուածը բարձր ըլլայ։
47 Աստուած է, որ իմ վրէժս կը լուծէ
Ու ժողովուրդները ինծի կը հնազանդեցնէ։
48 Իմ թշնամիներէս զիս կը փրկէ.
Նաեւ զիս իմ հակառակորդներէս աւելի բարձրացուցիր
Ու բռնաւոր մարդէն զիս ազատեցիր։
49 Անոր համար, ո՛վ Տէր, ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ։
Ես քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ։
50 Իր թագաւորին փրկութիւնները մեծցնողը
Ու իր օծեալին՝ Դաւիթին ու անոր սերունդին
Յաւիտեան ողորմութիւն ընողը՝ Ա՛ն է։
19
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ
Ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ։
2 Օրը օրին կը յայտնէ խօսքը
Ու գիշերը գիշերին կը ցուցնէ գիտութիւնը։
3 Չկայ զրոյց ու չկան խօսքեր.
Անոնց ձայնը չի լսուիր։
4 Բայց ամէն երկիր ելաւ անոնց հնչիւնը
Ու մինչեւ աշխարհի ծայրը՝ անոնց խօսքը։
Անոնց մէջ արեւին համար վրան մը կանգնեց.
5 Անիկա իր առագաստէն ելած փեսայի պէս է,
Հզօր մարդու պէս իր ճամբան վազելով կ՚ուրախանայ։
6 Անոր ելքը երկնքի ծայրէն է
Ու անոր շրջանը մինչեւ անոնց ծայրերը
Եւ անոր տաքութենէն բան մը չի ծածկուիր։
 ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԸ
7 Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է, հոգին կը նորոգէ.
Տէրոջը վկայութիւնը ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ՚ընէ։
8 Տէրոջը կանոնները շիտակ են, սիրտը կ՚ուրախացնեն։
Տէրոջը պատուիրանքները պայծառ են, աչքերուն լոյս կու տան։
9 Տէրոջը վախը սուրբ է, յաւիտեան կը մնայ։
Տէրոջը դատաստանները ճշմարիտ ու բոլորովին արդար են։
10 Ցանկալի են անոնք ոսկիէն ու շատ փորձուած ոսկիէն.
Մեղրէն անոյշ են ու խորիսխէ կաթած մեղրէն։
11 Քու ծառադ անոնցմով կը խրատուի
Ու զանոնք պահելուն վարձքը շատ է։
12 Ո՞վ կրնայ միտք առնել իր յանցանքները։
Ծածուկ մեղքերէն զիս մաքրէ.
13 Ամբարտաւան մեղքերէն ալ պահէ քու ծառադ,
Թող անոնք ինծի չտիրեն։
Այն ատեն անմեղ կ՚ըլլամ
Ու կը մաքրուիմ մեծ անօրէնութենէ։
14 Բերնիս խօսքերը ու սրտիս խորհուրդը
Քու առջեւդ ընդունելի ըլլան,
Ո՛վ Տէր, իմ վէ՛մս ու փրկի՛չս։
20
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Նեղութեան օրը Տէրը պատասխանէ քեզի,
Յակոբին Աստուծոյն անունը քեզ պաշտպանէ.
2 Օգնութիւն ղրկէ քեզի սուրբ տեղէն
Ու Սիօնէն զօրացնէ քեզ։
3 Քու ամէն ընծաներդ յիշէ
Եւ քու ողջակէզներդ ընդունի։ (Սէլա։)
4 Քու սրտիդ համեմատ քեզի տայ
Եւ քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ։
5 Քու փրկութիւնովդ պիտի ուրախանանք
Ու մեր Աստուծոյն անունովը դրօշակը վերցնենք։
Տէրը կատարէ քու ամէն խնդրուածքներդ։
6 Հիմա գիտցայ թէ Տէրը կը պահէ իր օծեալը,
Անոր պատասխան կու տայ իր սուրբ երկնքէն՝
Իր աջ ձեռքին փրկութեան ուժովը։
7 Ոմանք՝ կառքերու եւ ոմանք ալ ձիերու կ՚ապաւինին,
Բայց մենք մեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի յիշենք։
8 Անոնք կորացան ու ինկան,
Բայց մենք ելանք ու շիտակ կանգնեցանք։
9 Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ թագաւորը,
Պատասխան տուր մեզի մեր կանչելու օրը։
21
ՓԱՌՔ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Ո՛վ Տէր, քու զօրութիւնովդ թագաւորը ուրախ պիտի ըլլայ
Ու քու փրկութիւնովդ ո՜րչափ շատ պիտի ցնծայ։
2 Անոր սրտին փափաքը իրեն տուիր
Ու անոր շրթունքներուն խնդիրքը իրմէ չարգիլեցիր։ (Սէլա։)
3 Վասն զի բարութեան օրհնութիւններով անոր հասար.
Անոր գլուխը մաքուր ոսկիէ պսակ դրիր։
4 Քեզմէ կեանք խնդրեց
Ու անոր երկայն օրեր տուիր յաւիտեանս յաւիտենից։
5 Անոր փառքը մեծ է քու փրկութիւնովդ.
Փառք ու վայելչութիւն դրիր անոր վրայ։
6 Վասն զի օրհնութիւնները անոր վրայ հաստատեցիր յաւիտեան.
Քու ներկայութեանդ ցնծութեամբ ուրախացուցիր զայն։
7 Վասն զի թագաւորը Տէրոջը կը յուսայ
Ու Բարձրելոյն ողորմութիւնովը պիտի չսասանի։
8 Քու ձեռքդ պիտի գտնէ քու բոլոր թշնամիներդ
Քու աջ ձեռքդ պիտի գտնէ քեզ ատողները։
9 Զանոնք կրակի հնոցի պէս պիտի ընես քու բարկութեանդ ժամանակը.
Տէրը իր բարկութիւնովը բոլորովին պիտի կորսնցնէ զանոնք
Ու կրակը պիտի ուտէ զանոնք։
10 Անոնց զաւակը երկրէն պիտի կորսնցնես
Ու անոնց սերունդը՝ մարդոց որդիներէն։
11 Եթէ քեզի դէմ չարութիւն ծրագրեն,
Եթէ նենգութիւն խորհին, պիտի չկրնան կատարել։
12 Վասն զի դու անոնց կռնակը ետ պիտի դարձնես.
Քու նետերդ անոնց երեսին դէմ՝ լարերդ անոնց պիտի ուղղես։
13 Ո՛վ Տէր, քու ուժովդ փառաւորուէ։
Պիտի երգենք ու սաղմոս ըսենք քու զօրութեանդ։
22
ՏԱՌԱՊԱՆՔԻ ՃԻՉ ՄԸ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Աստուա՛ծ իմ, Աստուած իմ, զիս ինչո՞ւ թողուցիր։
Զիս փրկելէն ու պոռալուս խօսքերէն հեռու կեցար։
2 Ո՛վ իմ Աստուածս, ցորեկը քեզի կը կանչեմ ու չես պատասխաներ.
Եւ գիշերը կը կանչեմ ու չեմ դադարիր։
3 Բայց դուն սուրբ ես,
Ով Իսրայէլի գովաբանութիւններուն մէջ բնակող։
4 Մեր հայրերը քեզի յուսացին։
Յուսացին ու փրկեցիր զանոնք։
5 Քեզի աղաղակեցին ու ազատեցան.
Քեզի յուսացին ու չամչցան.
6 Բայց ես որդ եմ ու մարդ չեմ,
Մարդոց մէջ՝ քամահարուած ու ժողովուրդներուն մէջ՝ անարգուած։
7 Բոլոր զիս տեսնողները զիս ծաղր կ՚ընեն.
Շրթունք կը բանան, գլուխ կ՚երերցնեն,
8 Ըսելով. «Տէրոջը յուսաց, թող փրկէ զանիկա.
Թող ազատէ զանիկա, վասն զի անոր հաւնեցաւ»։
9 Բայց զիս մօրս արգանդէն հանողը դուն ես.
Մօրս ծիծը եղած ատենս դուն ինծի յոյս տուիր։
10 Արգանդէն ես քեզի յանձնուեցայ.
Իմ մօրս որովայնէն դուն ես իմ Աստուածս։
11 Մի՛ հեռանար ինծմէ, վասն զի նեղութիւնը մօտ է,
Վասն զի օգնող մը չկայ։
12 Շատ զուարակներ չորս կողմս առին,
Բասանի ցուլերը զիս պաշարեցին։
13 Իրենց բերանը իմ վրաս բացին՝
Յափշտակող ու մռնչող առիւծի պէս։
14 Ջուրի պէս թափուեցայ
Ու բոլոր ոսկորներս քակուեցան.
Սիրտս մոմի պէս եղաւ,
Հալեցաւ փորիս մէջ։
15 Չորցաւ իմ ոյժս հողէ ամանի մը պէս
Ու լեզուս քիմքիս փակաւ
Եւ զիս մահուան հողը դրիր։
16 Վասն զի շուները չորս կողմս առին,
Չարերուն ժողովը զիս պատեց,
Ձեռքերս ու ոտքերս ծակեցին։
17 Իմ բոլոր ոսկորներս կրնամ համրել.
Անոնք կը նային, կը տեսնեն զիս։
18 Իմ հանդերձներս իրենց մէջ կը բաժնեն
Ու պատմուճանիս վրայ վիճակ կը ձգեն։
19 Բայց դուն, ո՛վ Տէր, մի՛ հեռանար ինծմէ.
Ո՛վ իմ զօրութիւնս, շուտով ինծի օգնութեան հասիր.
20 Իմ անձս սուրէն ազատէ
Ու կեանքս՝ շանը ձեռքէն։
21 Փրկէ՛ զիս առիւծին բերնէն
Ու վշտացած հոգիս՝ միեղջերուներուն եղջիւրներէն։
 ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
22 Քու անունդ եղբայրներուս պիտի պատմեմ,
Ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ։
23 Ո՛վ Տէրոջմէ վախցողներ, գովեցէ՛ք զանիկա.
Ո՛վ Յակոբի զաւակներ, փառաւորեցէ՛ք զանիկա,
Վախցէ՛ք անկէ, Իսրայէլի՛ զաւակներ։
24 Վասն զի չանարգեց ու չքամահարեց տառապեալին տառապանքը
Ու երեսը անկէ չդարձուց.
Հապա իրեն կանչած ատենս լսեց։
25 Քեզմով պիտի ըլլայ իմ գովութիւնս մեծ ժողովին մէջ.
Իմ ուխտերս անկէ վախցողներուն առջեւ պիտի կատարեմ։
26 Տնանկները պիտի ուտեն ու կշտանան.
Տէրը պիտի գովեն զանիկա փնտռողները։
Ձեր սիրտը յաւիտեան պիտի ապրի։
27 Պիտի յիշեն ու Տէրոջը դառնան երկրի ամէն ծայրերէն։
Ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն ազգերուն տոհմերը։
28 Վասն զի թագաւորութիւնը Տէրոջն է
Ու ան կը տիրէ ազգերուն վրայ։
29 Երկրի բոլոր հպարտները երկրպագութիւն պիտի ընեն.
Ամէն հողը իջնող ծունկ պիտի կրկնէ անոր առջեւ
Ու ան ալ, որ իր անձը չի կրնար ապրեցնել։
30 Զաւակը պիտի ծառայէ անոր։
Տէրոջը վրայով պիտի պատմուի յաջորդ սերունդին մէջ,
31 Անոր արդարութիւնը պիտի պատմեն
Այն ժողովուրդին, որ պիտի ծնանի։
Թէ այս բանը ա՛ն կատարեց։
23
ՏԷՐԸ ՄԵՐ ՀՈՎԻՒԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Տէրը իմ հովիւս է.
Ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։
2 Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ,
Հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ՚առաջնորդէ։
3 Հոգիս կը նորոգէ։
Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ՚առաջնորդէ ինծի։
4 Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ,
Չարէն պիտի չվախնամ,
Վասն զի դուն ինծի հետ ես,
Քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն։
5 Սեղան կը պատրաստես իմ առջեւս իմ թշնամիներուս դիմաց.
Իմ գլուխս իւղով կ՚օծես,
Իմ բաժակս խիստ լեցուն է։
6 Յիրաւի բարերարութիւնն ու ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի գան
Կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ
Ու շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ։
24
ՄԵԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Տէրոջն է երկիրն ու անոր լիութիւնը։
Աշխարհն ու անոր բնակիչները։
2 Վասն զի ինք անոր հիմերը ծովերուն վրայ ձգեց
Ու զանիկա գետերուն վրայ հաստատեց։
3 Ո՞վ պիտի ելլէ Տէրոջը լեռը,
Կամ ո՞վ պիտի կենայ անոր սուրբ տեղը։
4 Ձեռքերով սուրբը ու սրտով մաքուրը,
Որ ստութեան անձնատուր չեղաւ
Ու նենգութեամբ երդում չըրաւ.
5 Անիկա Տէրոջմէն օրհնութիւն պիտի ստանայ
Ու իր փրկութեանը Աստուծմէն՝ արդարութիւն։
6 Զանիկա փնտռողներուն ցեղը այս է.
Քու երեսդ խնդրողը Յակոբն է։ (Սէլա։)
7 Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք
Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ,
Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։
8 Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը,
Կարող ու հզօր Տէրը,
Պատերազմի մէջ հզօր Տէրը։
9 Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք
Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ,
Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։
10 Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը։
Զօրքերուն Տէրը,
Ինքն է փառաց Թագաւորը։ (Սէլա։)
25
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Ո՛վ Տէր, իմ անձս քեզի վերցուցի։
2 Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացի. թող չամչնամ
Ու թշնամիներս իմ վրաս չցնծան։
3 Բոլոր քեզի սպասողները թող չամչնան.
Ունայնութեամբ անօրէնութիւն ընողները թող ամչնան։
4 Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի,
Քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի։
5 Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի,
Քանզի դո՛ւն ես իմ փրկութեանս Աստուածը։
Ես քեզի կը սպասեմ ամէն օր։
6 Ո՛վ Տէր, քու գթութիւններդ ու ողորմութիւններդ յիշէ,
Վասն զի յաւիտենական են։
7 Մանկութեան մեղքերս ու յանցանքներս մի՛ յիշեր,
Հապա քու ողորմութիւնովդ զիս յիշէ՝
Քու բարութեանդ համար, ո՛վ Տէր։
8 Տէրը բարի եւ ուղիղ է.
Անոր համար մեղաւորներուն կը սորվեցնէ ճամբան։
9 Դատաստանի մէջ պիտի առաջնորդէ հեզերուն
Ու իր ճամբան հեզերուն պիտի սորվեցնէ։
10 Տէրոջը բոլոր ճամբաները ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն են՝
Իր ուխտը ու վկայութիւնները պահողներուն։
11 Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար
Ներէ իմ անօրէնութիւնս, վասն զի մեծ է։
12 Ո՞վ է այն մարդը որ Տէրոջմէն կը վախնայ։
Ահա անոր պիտի սորվեցնէ իր ընտրած ճամբան։
13 Անոր անձը բարութեան մէջ պիտի բնակի
Ու անոր սերունդը երկիրը պիտի ժառանգէ։
14 Տէրոջը բարեկամութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ է
Ու իր ուխտը անոնց կը սորվեցնէ։
15 Իմ աչքերս ամէն ատեն Տէրոջը կը նային,
Վասն զի ան պիտի հանէ իմ ոտքերս որոգայթէն։
16 Ինծի դարձիր ու ողորմէ ինծի,
Վասն զի մինակ ու վշտացած եմ։
17 Սրտիս նեղութիւնները շատցան.
Իմ վիշտերէս զիս դուրս հանէ։
18 Իմ նեղութեանս ու տառապանքիս նայէ
Ու բոլոր մեղքերս ներէ։
19 Տե՛ս իմ թշնամիներս, վասն զի շատցան
Ու սաստիկ ատելութիւնով զիս ատեցին։
20 Պահէ՛ իմ անձս ու փրկէ՛ զիս.
Թող չամչնամ, վասն զի քեզի յուսացի։
21 Կատարելութիւնը եւ ուղղութիւնը զիս թող պահեն,
Վասն զի քեզի սպասեցի։
22 Ո՛վ Աստուած, փրկէ Իսրայէլը
Իր ամէն նեղութիւններէն։
26
ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Ո՛վ Տէր, զիս դատէ,
Վասն զի իմ անարատութիւնովս քալեցի։
Տէրոջը յուսացի, պիտի չսասանիմ։
2 Ո՛վ Տէր, զիս փորձէ ու քննէ,
Փորձէ իմ երիկամունքներս ու սիրտս։
3 Վասն զի քու ողորմութիւնդ իմ աչքերուս առջեւ է
Ու քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեցի։
4 Խարդախ մարդոց հետ չնստեցայ
Ու կեղծաւորներու պիտի չընկերանամ։
5 Չարերուն ժողովը ատեցի
Ու ամբարիշտներուն հետ պիտի չնստիմ։
6 Անմեղութիւնով ձեռքերս պիտի լուամ
Եւ քու սեղանիդ չորս կողմը պիտի պտըտիմ, ո՛վ Տէր,
7 Որպէս զի շնորհակալութեան ձայնը լսել տամ
Ու քու բոլոր սքանչելիքներդ պատմեմ։
8 Ո՛վ Տէր, սիրեցի քու տանդ բնակութիւնը
Եւ քու փառքիդ կեցած տեղը։
9 Մի՛ կորսնցներ իմ անձս մեղաւորներուն հետ
Ու իմ կեանքս՝ արիւնահեղ մարդոց հետ,
10 Որոնց ձեռքերուն մէջ անօրէնութիւն կայ
Ու անոնց աջ ձեռքը կաշառքով լեցուն է։
11 Բայց ես իմ անարատութիւնովս պիտի քալեմ.
Զիս փրկէ՛ ու ինծի ողորմէ՛։
12 Իմ ոտքս ուղղութեան մէջ կը կենայ։
Ժողովներուն մէջ Տէրը պիտի օրհնեմ։
27
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է,
Ես որմէ՞ պիտի վախնամ։
Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է,
Ես որմէ՞ պիտի դողամ։
2 Չարերուն իմ մարմինս ուտելու համար ինծի մօտեցած ատենը՝
Իմ նեղիչներս ու թշնամիներս սահեցան ու ինկան։
3 Եթէ վրաս զօրքի բանակ ելլէ,
Սիրտս պիտի չվախնայ։
Եթէ ինծի դէմ պատերազմի պատրաստութիւն ըլլայ,
Դարձեալ ես վստահ պիտի ըլլամ։
4 Բան մը կը խնդրեմ Տէրոջմէն
Ու ասիկա կ՚աղաչեմ,
Որ կեանքիս բոլոր օրերը
Տէրոջը տանը մէջ բնակիմ՝
Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնելու
Ու անոր տաճարին մէջ զինք խնդրելու համար։
5 Վասն զի չար օրուան մէջ՝
Իր բնակարանին մէջ զիս պիտի պահէ,
Իր վրանին ծածկոցովը զիս պիտի ծածկէ,
Վէմի վրայ պիտի վերցնէ զիս։
6 Ու հիմա իմ գլուխս պիտի բարձրանայ
Իմ բոլորտիքս եղող թշնամիներուս վրայ։
Ու անոր վրանին մէջ ուրախութեան ձայնով զոհեր պիտի մատուցանեմ,
Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ Տէրոջը։
7 Ո՛վ Տէր, ձայնս լսէ՛ կանչելու ատենս
Ու ողորմէ՛ եւ պատասխան տուր ինծի։
8 «Իմ երեսս փնտռեցէք», ըսիր
Իմ սիրտս ալ քեզի ըսաւ. «Քու երեսդ պիտի փնտռեմ, ո՛վ Տէր»։
9 Քու երեսդ ինծմէ մի՛ ծածկեր,
Բարկութիւնովդ ծառադ մէկդի մի՛ ձգեր.
Ինծի օգնական եղար, զիս մի՛ մերժեր
Զիս մի՛ թողուր, ո՛վ իմ փրկութեանս Աստուածը։
10 Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թողուն,
Բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի։
11 Ո՛վ Տէր, քու ճամբադ ինծի սորվեցուր
Ու շիտակ ճամբուն մէջ ինծի առաջնորդէ՝ թշնամիներուս համար։
12 Զիս իմ թշնամիներուս կամքին մի՛ մատներ,
Վասն զի իմ վրաս սուտ վկաներ
Ու անիրաւութիւն փչողներ ելան։
13 Հաւատացի թէ Տէրոջը բարութիւնը պիտի տեսնեմ
Կենդանիներուն երկրին մէջ։
14 Տէրոջը սպասէ՛։
Զօրացի՛ր ու սիրտդ թող զօրանայ։
Դարձեա՛լ Տէրոջը սպասէ։
28
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ։
Ո՛վ իմ Վէմս, մի՛ լռեր,
Չըլլայ որ լռելուդ համար,
Գերեզմանը իջնողներուն նմանիմ։
2 Լսէ՛ իմ խնդրուածքիս ձայնը
Երբ քեզի աղաչեմ,
Երբ իմ ձեռքերս վերցնեմ
Դէպի քու սուրբ դաբիրդ։
3 Զիս մի՛ կորսնցներ ամբարիշտներուն հետ
Ու անօրէնութիւն գործողներուն հետ,
Որոնք իրենց ընկերներուն հետ խաղաղութեամբ կը խօսին,
Բայց սրտերնուն մէջ չարութիւն կայ։
4 Հատուցանէ անոնց իրենց գործերուն համեմատ
Ու իրենց ըրած չարութեանը համեմատ.
Իրենց ձեռքերուն գործերուն համաձայն
Հատուցում ըրէ անոնց։
5 Որովհետեւ անոնք Տէրոջը ըրածները
Ու անոր ձեռքերուն գործերը նկատի չեն առներ,
Պիտի կործանէ զանոնք ու ա՛լ պիտի չշինէ։
6 Օրհնեալ ըլլայ Տէրը,
Որ լսեց իմ աղօթքիս ձայնը։
7 Տէրը զօրութիւնս ու ասպարս է.
Իմ սիրտս անոր յուսաց ու ես օգնութիւն գտայ։
Ուստի սիրտս ուրախացաւ
Եւ ես իմ երգովս զանիկա պիտի գովեմ։
8 Տէրը անոնց ոյժն է
Ու իր օծեալին փրկութեանը պարիսպն է։
9 Փրկէ՛ քու ժողովուրդդ
Ու օրհնէ՛ քու ժառանգութիւնդ,
Նաեւ հովուէ զանոնք ու յաւիտեան բարձրացուր։
29
ՏԷՐՈՋԸ ՁԱՅՆԸ ՓՈԹՈՐԻԿԻՆ ՄԷՋ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Տէրոջը տուէք, ո՛վ հզօրաց որդիներ,
Տէրո՛ջը տուէք փառք ու զօրութիւն։
2 Տէրո՛ջը տուէք իր անուան փառքը,
Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք սրբութեան զարդարանքով։
3 Տէրոջը ձայնը ջուրերուն վրայ է։
Փառաց Աստուածը կ՚որոտայ։
Տէրը շատ ջուրերու վրայ է։
4 Տէրոջը ձայնը ուժով է։
Տէրոջը ձայնը վեհափառութիւնով է։
5 Տէրոջը ձայնը եղեւինները կը կոտրէ
Ու Տէրը կը կոտրտէ Լիբանանի եղեւինները.
6 Զանոնք կը ցատկեցնէ հորթի պէս,
Լիբանանը ու Սարիօնը՝ միեղջերուներու ձագի պէս։
7 Տէրոջը ձայնը կրակին բոցերը կը ճեղքէ։
8 Տէրոջը ձայնը կը դողացնէ անապատը։
Տէրը Կադէսի անապատը կը դողացնէ։
9 Տէրոջը ձայնը եղնիկները կը ծնցնէ
Ու անտառները կը մերկացնէ.
Անոր տաճարին մէջ ամէնքն ալ անոր փառքը կը հռչակեն։
10 Տէրը ջրհեղեղին վրայ կը նստի,
Տէրը յաւիտեան թագաւոր պիտի ըլլայ։
11 Տէրը իր ժողովուրդին զօրութիւն պիտի տայ,
Տէրը իր ժողովուրդը խաղաղութիւնով պիտի օրհնէ։
30
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
Դաւիթի տանը նաւակատիքի երգը
1 Ո՛վ Տէր, կը բարձրացնեմ քեզ, վասն զի զիս ազատեցիր
Ու թշնամիներս իմ վրաս չուրախացուցիր։
2 Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, քեզ օգնութեան կանչեցի
Ու զիս բժշկեցիր։
3 Ո՛վ Տէր, իմ անձս գերեզմանէն հանեցիր,
Գուբը իջնողներուն մէջէն զիս ապրեցուցիր։
4 Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջը, ո՛վ անոր սուրբերը
Ու անոր սրբութիւնը յիշելով շնորհակալ եղէք։
5 Վասն զի մէկ րոպէ է իր բարկութիւնը,
Բայց իր հաճութիւնը՝ մեր բոլոր կեանքի ընթացքին.
Իրիկունը լաց կայ,
Բայց առտուն՝ ուրախութիւն։
6 Ես իմ յաջողութեանս մէջ ըսի թէ՝
«Յաւիտեան պիտի չսասանիմ»։
7 Ո՛վ Տէր, քու հաճութիւնովդ իմ լեռս հաստատուն ըրիր.
Երեսդ ծածկեցիր ու ես խռովեցայ։
8 Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ
Ու Տէրոջը աղաչանք կ՚ընեմ։
9 Իմ արիւնէս ի՞նչ օգուտ կ՚ըլլայ
Եթէ ես գուբը իջնեմ։
Միթէ հողը քեզ պիտի գովէ՞,
Կամ անիկա պիտի պատմէ՞ քու ճշմարտութիւնդ։
10 Լսէ՛, ո՛վ Տէր ու ողորմէ՛ ինծի.
Ո՛վ Տէր, ինծի օգնական եղիր։
11 Իմ սուգս պարի փոխեցիր,
Քուրձս ինծմէ հանեցիր
Եւ ինծի ուրախութիւն հագցուցիր,
12 Որպէս զի իմ փառքս սաղմոս երգէ քեզի ու ալ չլռէ։
Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, յաւիտեան քեզ պիտի գովեմ։