Skip to main content

Սաղմոսաց 91-120


91
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵՐ ՊԱՇՏՊԱՆԸ
1 Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը՝
Ամենակարողին հովանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի։
2 Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. «Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է.
Իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ»։
3 Արդարեւ ան պիտի փրկէ քեզ որսորդին որոգայթէն,
Ապականիչ ժանտամահէն։
4 Քեզ իր փետուրներովը պիտի ծածկէ
Ու իր թեւերուն տակ պիտի ապաստանիս։
Անոր ճշմարտութիւնը վահան մը ու ասպար մը պիտի ըլլայ քեզի։
5 Պիտի չվախնաս գիշերուան զարհուրանքէն
Ու ցորեկը՝ թռչող նետէն,
6 Ոչ ալ՝ մութ տեղը պտըտող ժանտամահէն
Ու կէսօրուան ատեն սատկեցնող հարուածէն։
7 Հազար հոգի քու քովէդ
Ու տասը հազար՝ քու աջ կողմէդ պիտի իյնան,
Բայց քեզի հարուած մը պիտի չմօտենայ։
8 Միայն քու աչքերովդ պիտի նայիս
Ու ամբարիշտներուն հատուցումը պիտի տեսնես։
9 Որովհետեւ դուն Տէրը՝ իմ Ապաւէնս,
Բարձրեալը՝ քեզի ապաստանարան ըրիր,
10 Քեզի չարիք պիտի չհասնի
Եւ քու բնակարանիդ հարուած մը պիտի չմօտենայ։
11 Վասն զի իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար,
Որ քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ քեզ պահեն։
12 Անոնք ձեռքերնուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ,
Որ չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես։
13 Առիւծի ու իժի վրայ պիտի քալես.
Առիւծի կորիւնը ու վիշապը պիտի կոխկռտես։
14 Որովհետեւ ինծի կը ցանկայ,
Անոր համար ես պիտի փրկեմ զանիկա.
Անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ,
Վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ։
15 Ինծի պիտի կանչէ ու ես անոր պատասխան պիտի տամ,
Նեղութեան մէջ անոր հետ պիտի ըլլամ,
Պիտի ապրեցնեմ ու փառաւորեմ զանիկա,
16 Երկայն օրերով պիտի կշտացնեմ զանիկա
Ու իմ փրկութիւնս անոր պիտի ցուցնեմ։

92
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
Շաբաթ օրուան համար Սաղմոս ու երգ
1 Բարի է գոհանալ Տէրոջմէն
Ու սաղմոս ըսել քու անուանդ, ո՛վ Բարձրեալ,
2 Առտուները՝ քու ողորմութիւնդ
Ու գիշերները քու հաւատարմութիւնդ պատմել
3 Տասը լար ունեցող նուագարանով ու տաւիղով
Եւ քնարի ձայնով։
4 Վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, քու գործովդ զիս ուրախացուցիր.
Քու ձեռքերուդ գործերովը պիտի ցնծամ։
5 Ո՛վ Տէր, որքա՜ն մեծ են քու գործերդ,
Շատ խորունկ են քու խորհուրդներդ։
6 Անմիտ մարդը ասիկա չ՚իմանար
Ու յիմարը չի հասկնար։
7 Թէ՝ ամբարիշտներուն խոտի պէս բուսնիլը
Ու բոլոր անօրէնութիւն գործողներուն ծաղկիլը
Իրենց յաւիտենական կորուստին կը տանին։
8 Բայց դուն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան բարձր ես։
9 Վասն զի ահա քու թշնամիներդ, ո՛վ Տէր,
Վասն զի ահա քու թշնամիներդ պիտի կորսուին,
Բոլոր անօրէնութիւն գործողները պիտի ցրուին,
10 Բայց իմ եղջիւրս միեղջերուին եղջիւրին պէս պիտի բարձրացնես։
Եւ նոր իւղով օծուեցայ
11 Եւ իմ աչքերս թշնամիներուս կորուստը տեսան,
Իմ ականջներս ինծի դէմ ելնող չարագործներուն կրած պատիժը լսեցին։
12 Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի,
Լիբանանի եղեւինի պէս պիտի մեծնայ։
13 Տէրոջը տանը մէջ տնկուածները
Մեր Աստուծոյն սրահներուն մէջ պիտի ծաղկին,
14 Ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան,
Պարարտ ու կանանչ պիտի մնան,
15 Որպէս զի պատմեն թէ Տէրը ուղիղ է։
Անիկա իմ Վէմս է ու անիրաւութիւն չկայ անոր քով։

93
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1 Տէրը կը թագաւորէ։ Մեծածափառութիւն հագած է։
Տէրը զօրութիւն հագած ու գօտեւորուած է։
Աշխարհն ալ հաստատուած է, որպէս զի չսասանի։
2 Քու աթոռդ հինէն հաստատ է.
Յաւիտենական ես դուն։
3 Ո՛վ Տէր, գետերը բարձրացուցին,
Գետերը բարձրացուցին իրենց ձայնը.
Գետերը կը բարձրացնեն իրենց շառաչիւնը։
4 Շատ ջուրերու ձայնէն ու ծովու զօրաւոր ալիքներէն
Աւելի զօրաւոր է Տէրը բարձրութեան մէջ։
5 Քու վկայութիւններդ շատ վստահելի են։
Ո՛վ Տէր, սրբութիւնը քու տանդ կը վայլէ յաւիտեան։

94
ԱՍՏՈՒԱԾ ԲՈԼՈՐԻՆ ԴԱՏԱՒՈՐ
1 Ո՛վ Տէր, վրէժխնդրութեա՛ն Աստուած,
Ո՛վ վրէժխնդրութեան Աստուած, յայտնուէ՛։
2 Ելի՛ր, ո՛վ երկրի Դատաւոր,
Ամբարտաւաններուն հատուցում ըրէ՛։
3 Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները,
Մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները պարծենան.
4 Գոռոզութեամբ բարբառելով խօսին
Ու բոլոր անօրէնութիւն գործողները պարծենան։
5 Ո՛վ Տէր, անոնք քու ժողովուրդդ կը հարստահարեն
Ու քու ժառանգութիւնդ կը չարչարեն,
6 Որբեւարին ու պանդուխտը կսպաննեն
Եւ որբերը կը մեռցնեն
7 Ու կ՚ըսեն. «Տէրը չի տեսներ
Եւ Յակոբին Աստուածը չ՚իմանար»։
8 Իմացէ՛ք, ո՛վ անմիտներ
Ու դո՛ւք, ո՛վ յիմարներ, ե՞րբ միտք պիտի առնէք։
9 Միթէ ականջը տնկողը չի՞ լսեր,
Կամ թէ աչքը ստեղծողը չի՞ տեսներ։
10 Միթէ ազգերը խրատողը չի՞ յանդիմաներ.
Միթէ մարդուն գիտութիւն սորվեցնողը չի՞ գիտեր։
11 Տէրը մարդոց խորհուրդները գիտէ,
Որոնք ունայնութիւն են։
12 Երանի՜ այն մարդուն, որը դուն կը խրատես, ո՛վ Տէր
Եւ քու օրէնքդ անոր կը սորվեցնես,
13 Որպէս զի չարութեան օրերուն մէջ զանիկա հանգչեցնես,
Մինչեւ որ ամբարշտին համար հոր փորուի։
14 Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ
Ու իր ժառանգութիւնը պիտի չլքէ։
15 Հապա իրաւունքը արդարութեան պիտի դառնայ
Ու բոլոր սրտով ուղիղները անոր ետեւէն պիտի երթան։
16 Ո՞վ ինծի համար չարերուն դէմ պիտի ելլէ,
Ո՞վ ինծի համար անօրէնութիւն գործողներուն դէմ պիտի կանգնի։
17 Եթէ Տէրը ինծի օգնական չըլլար,
Քիչ պիտի մնար, որ իմ անձս լռութեան տեղը բնակէր։
18 Երբ կ՚ըսէի. «Իմ ոտքս կը սասանի»,
Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ զիս կը հաստատէր.
19 Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝
Քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ՚ուրախացնէին։
20 Միթէ քեզի հետ հաղորդակցութիւն ունի՞ անօրէնութեան աթոռը,
Որ օրէնքին դէմ չարիք կը պատրաստէ։
21 Արդարին անձին դէմ կը հաւաքուին
Ու անմեղ արիւնը կը դատապարտեն։
22 Բայց Տէրը իմ ամրութիւնս է
Ու իմ Աստուածս՝ իմ ապաւինութեանս վէմը։
23 Անոնց անօրէնութիւնը իրենց վրայ պիտի դարձնէ
Ու զանոնք իրենց չարութիւնովը պիտի ջնջէ։
Մեր Տէր Աստուածը պիտի ջնջէ զանոնք։

95
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
1 Եկէ՛ք ցնծութիւն ընենք Տէրոջը առջեւ,
Աղաղակե՛նք մեր փրկութեան Վէմին։
2 Գոհութիւնով անոր երեսին առջեւ գա՛նք,
Սաղմոսներով աղաղակե՛նք անոր։
3 Վասն զի Տէրը մեծ Աստուած է
Ու բոլոր աստուածներուն վրայ՝ մեծ Թագաւոր։
4 Անոր ձեռքին մէջ են երկրի խորունկ տեղերը
Ու լեռներուն բարձրութիւնները անորն են։
5 Իրն է ծովը ու ինք շինեց զանիկա
Եւ իր ձեռքերը ստեղծեցին ցամաքը։
6 Եկէ՛ք, երկրպագութիւն ընենք ու ծռինք.
Ծունկ կրկնենք մեզ ստեղծող Տէրոջը առջեւ,
7 Վասն զի ան է մեր Աստուածը
Ու մենք անոր արօտին ժողովուրդը եւ անոր ձեռքին ոչխարներն ենք։
Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք,
8 Ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք ինչպէս Մերիպայի մէջ,
Անապատին մէջ փորձութեան օրուանը պէս,
9 Ուր ձեր հայրերը զիս փորձեցին,
Քննեցին զիս ու իմ գործերս տեսան։
10 Քառասուն տարի զզուեցայ այն ազգէն
Ու ըսի. «Անոնք սրտով մոլորած ժողովուրդ մըն են,
Իմ ճամբաներս չճանչցան»։
11 Ուստի իմ բարկութեանս մէջ երդում ըրի,
Որ անոնք իմ հանգիստս չմտնեն։

96
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1 Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը,
Ո՛վ բոլոր երկիր, երգեցէ՛ք Տէրոջը։
2 Երգեցէ՛ք Տէրոջը, օրհնեցէ՛ք անոր անունը։
Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք։
3 Անոր փառքը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք
Ու անոր հրաշքները՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ,
4 Քանզի Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի։
Անիկա բոլոր աստուածներուն վրայ ահաւոր է,
5 Վասն զի ազգերուն բոլոր աստուածները կուռքեր են,
Բայց Եհովան երկինքը ստեղծեց։
6 Փառք ու վայելչութիւն կայ անոր առջեւ,
Զօրութիւն ու գեղեցկութիւն՝ անոր սրբարանին մէջ։
7 Տէրոջը տուէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդներու տոհմեր,
Տէրոջը տուէք փառք ու զօրութիւն։
8 Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը.
Ընծայ բերէ՛ք ու անոր սրահներուն մէջ մտէ՛ք.
9 Սուրբ հանդէսով Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք.
Վախցէ՛ք անոր երեսէն, ո՛վ բոլոր երկիր։
10 Հեթանոսներուն մէջ ըսէք. «Տէրը կը թագաւորէ.
Աշխարհն ալ հաստատած է, որպէս զի չսասանի.
Անիկա պիտի դատէ ժողովուրդները ուղղութիւնով»։
11 Երկինք թո՛ղ ուրախանայ ու երկիր ցնծայ.
Ծովը իր լիութիւնովը թո՛ղ գոռայ.
12 Դաշտը ու բոլոր անոր մէջ եղողները թո՛ղ ուրախանան.
Այն ատեն անտառին բոլոր ծառերը պիտի ցնծան
13 Տէրոջը առջեւ, վասն զի պիտի գայ,
Վասն զի պիտի գայ երկիրը դատելու.
Պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով
Ու ժողովուրդները՝ իր ճշմարտութիւնովը։

97
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՇԽՈՂԸ
1 Տէրը կը թագաւորէ, երկիր թո՛ղ ցնծայ.
Շատ կղզիներ թո՛ղ ուրախանան։
2 Անոր շուրջը ամպ ու մառախուղ կայ,
Արդարութիւնը ու իրաւունքը անոր աթոռին հիմերն են։
3 Անոր առջեւէն կրակ կ՚երթայ
Ու անոր շուրջի թշնամիները կ՚այրէ։
4 Անոր փայլակները աշխարհը կը լուսաւորեն։
Երկիր կը տեսնէ ու կը դողայ։
5 Լեռները մոմի պէս կը հալին Եհովային երեսէն,
Բոլոր երկրին Տէրոջը երեսէն։
6 Երկինք կը պատմէ անոր արդարութիւնը
Ու բոլոր ժողովուրդները կը տեսնեն անոր փառքը։
7 Թո՛ղ ամչնան այն ամէնքը, որոնք կուռքերուն կը ծառայեն,
Որոնք ունայնութիւններով կը պարծենան։
Ո՛վ բոլոր աստուածներ, անոր երկրպագութիւն ըրէ՛ք։
8 Սիօն լսեց եւ ուրախացաւ
Եւ Յուդային աղջիկները ցնծացին
Քու իրաւունքներուդ համար, ո՛վ Տէր։
9 Վասն զի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ։
Շատ բարձրացար բոլոր աստուածներուն վրայ։
10 Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք։
Անիկա իր սուրբերուն անձերը կը պահէ,
Ամբարիշտներուն ձեռքէն կը փրկէ զանոնք։
11 Արդարին համար լոյս ծագեցաւ
Եւ սրտով ուղիղներուն համար՝ ուրախութիւն։
12 Տէրոջմով ուրախացէ՛ք, ո՛վ արդարներ
Ու անոր սրբութիւնը յիշելով շնորհակալ եղէք։

98
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԻՇԽԱՆԸ
1 Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը,
Վասն զի հրաշքներ ըրաւ,
Իր աջ ձեռքը ու սուրբ բազուկը
Իրեն փրկութիւն տուին։
2 Տէրը ցուցուց իր փրկութիւնը,
Ազգերուն առջեւ յայտնեց իր արդարութիւնը։
3 Յիշեց իր ողորմութիւնը ու իր հաւատարմութիւնը
Իսրայէլի տանը համար.
Երկրի բոլոր ծայրերը
Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը տեսան։
4 Ցնծացէ՛ք Տէրոջը առջեւ, ո՜վ բոլոր երկիր.
Ուրախութեան ձայնով աղաղակեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք։
5 Սաղմոս երգեցէ՛ք Տէրոջը՝ քնարով,
Քնարով ու սաղմոսի ձայնով,
6 Փողերով ու շեփորի ձայնով,
Աղաղակեցէ՛ք Տէր Թագաւորին առջեւ։
7 Թո՛ղ գոռան ծովն ու անոր լիութիւնը,
Աշխարհ ու անոր բնակիչները։
8 Գետերը թո՛ղ ծափ զարնեն
Ու լեռները մէկտեղ թո՛ղ ցնծան
9 Տէրոջը առջեւ, վասն զի կու գայ երկիրը դատելու։
Անիկա պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով
Ու ժողովուրդները՝ ուղղութիւնով։

99
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
1 Տէրը կը թագաւորէ, ժողովուրդները թո՛ղ սարսափին։
Ինք քերովբէներուն վրայ կը նստի, երկիրը թո՛ղ շարժի։
2 Տէրը մեծ է Սիօնի մէջ
Ու բարձրացած է բոլոր ժողովուրդներուն վրայ։
3 Թող գովեն քու մեծ ու ահաւոր անունդ։
Անիկա սուրբ է։
4 Թագաւորին զօրութիւնը իրաւունքը կը սիրէ։
Ուղղութիւն հաստատեցիր,
Իրաւունք ու արդարութիւն ըրիր Յակոբին մէջ։
5 Բարձրացուցէք Տէրը, մեր Աստուածը
Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր ոտքերուն պատուանդանին։
Անիկա սուրբ է։
6 Մովսէսն ու Ահարոնը անոր քահանաներուն մէջ
Եւ Սամուէլն անոր անունը կանչողներուն մէջ
Տէրոջը կ՚աղաղակէին։
Անիկա պատասխան կու տար անոնց։
7 Ամպի սիւնին մէջէն կը խօսէր անոնց հետ։
Անոնք կը պահէին անոր վկայութիւնները
Ու այն հրամանը, որ իրենց տուաւ։
8 Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը, դուն կը լսէիր անոնց.
Դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, անոնց կը ներէիր,
Թէպէտ վրէժխնդիր եղար անոնց գործերուն։
9 Բարձրացուցէ՛ք Տէրը, մեր Աստուածը
Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր սուրբ լերանը վրայ.
Վասն զի Տէրը, մեր Աստուածը, սուրբ է։

100
ԳՈՀՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
Գոհութեան Սաղմոս
1 Աղաղակեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր։
2 Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ.
Անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ։
3 Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած.
Անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք.
Մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք։
4 Մտէ՛ք անոր դռները գոհութեամբ
Ու անոր սրահները՝ օրհնութեամբ.
Գոհացէ՛ք անկէ ու օրհնեցէ՛ք անոր անունը։
5 Վասն զի Տէրը բարի է.
Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է
Ու անոր հաւատարմութիւնը՝ ազգէ մինչեւ ազգ։

101
ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՄԸ ԽՈՍՏՈՒՄԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պիտի երգեմ։
Ո՛վ Տէր, քեզի սաղմոս պիտի ըսեմ։
2 Իմաստութիւնով պիտի քալեմ կատարելութեան ճամբուն մէջ.
Ե՞րբ ինծի պիտի գաս։
Իմ տանս մէջ սրտիս կատարելութիւնով պիտի վարուիմ։
3 Աչքերուս առջեւ շատ բան պիտի չդնեմ,
Մոլորածներուն գործը կ՚ատեմ,
Թող անիկա ինծի չփակչի։
4 Ծուռ սիրտը թող զատուի ինծմէ։
Չարը պիտի չճանչնամ։
5 Ան որ ծածուկ կը խօսի իր ընկերին դէմ, պիտի ջնջեմ.
Ան որ աչքերով բարձր է ու սրտով ամբարտաւան՝
Անոր պիտի չհամբերեմ։
6 Իմ աչքերս երկրի հաւատարիմներուն վրայ ըլլան,
Որպէս զի ինծի հետ բնակին։
Կատարելութեան ճամբուն մէջ քալողը
Ինծի ծառայութիւն պիտի ընէ։
7 Նենգաւորը պիտի չբնակի իմ տանս մէջ.
Սուտ խօսողը աչքերուս առջեւ պիտի չհաստատուի։
8 Առտուն կանուխ պիտի ջնջեմ երկրին բոլոր ամբարիշտները,
Որպէս զի Տէրոջը քաղաքէն բոլոր անօրէնութիւն գործողները կորսնցնեմ։

102
ՉԱՐՉԱՐՈՒԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
Վշտալիին աղօթքը՝ երբ սիրտը կը մարի ու գանգատը Տէրոջը առջեւ կը թափէ
1 Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս
Ու իմ աղաղակս թող քեզի հասնի։
2 Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինծմէ իմ նեղութեանս օրը,
Խոնարհեցո՛ւր ինծի քու ականջդ,
Շուտով պատասխան տուր ինծի այն օրը որ քեզի կը կանչեմ։
3 Վասն զի իմ օրերս մուխի պէս անհետացան
Եւ իմ ոսկորներս խռիւի պէս այրեցան։
4 Սիրտս զարնուեցաւ ու խոտի պէս չորցաւ,
Այնպէս որ իմ հացս ուտել մոռցայ։
5 Հառաչանքիս ձայնէն
Ոսկորներս մարմնիս փական։
6 Անապատին մէջի հաւալուսին նմանեցայ,
Աւերակներուն բուին պէս եղայ։
7 Անքուն մնացի ու նման եղայ
Տանիքին վրայ մինակ եղող ճնճղուկին։
8 Ամէն օր իմ թշնամիներս զիս կը նախատեն,
Իմ վրաս սաստիկ բարկացողները ինծի դէմ երդում կ՚ընեն։
9 Վասն զի մոխիրը հացի պէս կերայ
Ու խմելիքս արցունքով խառնեցի՝
10 Քու բարկութեանդ ու սրտմտութեանդ համար՝
Վասն զի զիս վերցուցիր ու նետեցիր։
11 Իմ օրերս երկնցած ստուերի պէս եղան
Ու ես խոտի պէս չորցայ։
12 Բայց դուն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան կը կենաս
Եւ քու յիշատակդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։
13 Դուն պիտի ելլես ու Սիօնին ողորմիս.
Վասն զի ժամանակն է անոր ողորմելու,
Քանզի որոշուած ժամանակը հասաւ։
14 Քու ծառաներդ անոր քարերուն կը հաւնին
Ու անոր հողին կը գթան։
15 Հեթանոսները պիտի վախնան Տէրոջը անունէն
Ու երկրի բոլոր թագաւորները քու փառքէդ։
16 Տէրը պիտի շինէ Սիօնը,
Իր փառքովը պիտի երեւնայ։
17 Տնանկներուն աղօթքին մտիկ պիտի ընէ
Ու անոնց աղօթքը պիտի չանարգէ։
18 Այս պիտի գրուի գալու ազգին համար։
Դեռ չծնած ժողովուրդը Տէրոջը գոհութիւն պիտի տայ։
19 Վասն զի իր սրբութեանը բարձրութենէն նայեցաւ։
Տէրը երկնքէն երկրի վրայ նայեցաւ,
20 Որպէս զի կապուածին հառաչանքը լսէ
Ու մահուան դատապարտուածները արձակէ։
21 Որպէս զի Սիօնի մէջ Տէրոջը անունը պատմեն
Ու անոր գովութիւնը՝ Երուսաղէմի մէջ,
22 Երբ ժողովուրդները ու թագաւորութիւնները
Մէկտեղ հաւաքուին՝
Տէրոջը ծառայելու համար։
23 Անիկա զօրութիւնս տկարացուց ճամբուն մէջ
Ու իմ օրերս կարճըցուց։
24 Ես ըսի. «Ո՛վ իմ Աստուածս,
Իմ օրերուս կիսուն մէջ զիս մի՛ վերցներ։
Քու տարիներդ ազգէ մինչեւ ազգ են։
25 Սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր
Ու երկինքը քու ձեռքերուդ գործն է։
26 Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն պիտի կենաս։
Անոնց ամէնքը լաթի պէս պիտի մաշին,
Հանդերձի պէս պիտի փոխես զանոնք
Ու պիտի փոխուին։
27 Բայց դուն նոյնն ես
Եւ քու տարիներդ պիտի չվերջանան։
28 Քու ծառաներուդ որդիները ապահով պիտի բնակին
Ու անոնց սերունդը հաստատ պիտի մնայ քու առջեւդ»։

103
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը
Ու այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը։
2 Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը
Եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար։
3 Որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ
Ու կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ,
4 Որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ
Եւ կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով ու գթութիւնով.
5 Որ կը լեցնէ քու ծերութիւնդ բարութիւնով
Ու քու մանկութիւնդ արծիւի պէս կը նորոգուի։
6 Տէրը արդարութիւն ու իրաւունք կ՚ընէ
Բոլոր զրկուածներուն.
7 Անիկա իր ճամբաները Մովսէսին ճանչցուց
Ու իր գործերը՝ Իսրայէլի որդիներուն։
8 Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը,
Երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։
9 Անիկա մինչեւ վերջը չի հակառակիր
Եւ յաւիտեանս ոխ չի պահեր։
10 Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի
Ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։
11 Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է,
Այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։
12 Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է,
Այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։
13 Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ,
Այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։
14 Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը,
Կը յիշէ թէ մենք հող ենք։
15 Մարդուն օրերը խոտի պէս են,
Դաշտի ծաղիկի պէս կը ծաղկին։
16 Վասն զի հովը անոր վրայէն կ՚անցնի ու ան կ՚ոչնչանայ
Եւ ա՛լ անոր տեղը չի ճանչնար զանիկա։
17 Բայց Տէրոջը ողորմութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից իրմէ վախցողներուն վրայ է
Ու անոր արդարութիւնը՝ որդիներուն որդիներուն վրայ.
18 Անոնց վրայ է՝ որոնք կը պահեն անոր ուխտը
Եւ կը յիշեն անոր պատուիրանքները եւ կը կատարեն։
19 Տէրը իր աթոռը երկնքի մէջ հաստատեց։
Անոր թագաւորութիւնը ամենուն վրայ կը տիրէ։
20 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ հրեշտակներ, որ ուժով զօրաւոր էք,
Որ անոր խօսքին ձայնը լսելով՝ իր հրամանը կը կատարէք։
21 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր,
Անոր կամքը կատարող պաշտօնեաներ։
22 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր գործեր,
Անոր տէրութեանը ամէն տեղերուն մէջ.
Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։

104
ԱՐԱՐՉԻՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
1 Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս.
Ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս, դուն խիստ մեծ ես.
Փառք ու վայելչութիւն հագած ես.
2 Լոյսը հանդերձի պէս կը հագնիս,
Երկինքը վարագոյրի պէս կը տարածես։
3 Անիկա իր վերնատունները ջուրերուն վրայ կը շինէ,
Ամպերը իրեն կառք կ՚ընէ,
Հովին թեւերուն վրայ կը պտըտի։
4 Իր հրեշտակները հոգիներ կ՚ընէ
Ու իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց։
5 Անիկա հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ,
Որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի։
6 Անիկա անդունդով ծածկեցիր, իբր թէ հանդերձով,
Ջուրերը լեռներուն վրայ կայնեցան։
7 Քու սաստելէդ փախան,
Քու որոտմունքիդ ձայնէն արտորալով փախան,
8 Լեռներուն վրայ ելան ու հովիտներուն մէջ ինկան,
Այն տեղը որ դուն հաստատեցիր անոնց համար։
9 Սահման դրիր, որպէս զի չանցնին
Ու նորէն երկիրը չծածկեն։
10 Ձորերուն մէջ աղբիւրներ կը ղրկէ,
Ջուրերը լեռներուն մէջէն կը հոսին։
11 Անոնք դաշտի բոլոր գազաններուն կը խմցնեն
Ու վայրի էշերը իրենց ծարաւը կ՚անցնեն։
12 Անոնց քով երկնքի թռչունները կը բնակին,
Ոստերուն մէջէն ձայն կու տան։
13 Անիկա իր վերնատուններէն լեռները կը ջրէ։
Քու գործերուդ պտուղէն երկիրը կը կշտանայ։
14 Անիկա անասուններուն համար խոտ կը բուսցնէ
Ու մարդուն ծառայութեան համար՝ բոյս,
Որպէս զի կերակուր հանէ երկրէն
15 Ու գինի՝ որ կ՚ուրախացնէ մարդուն սիրտը
Եւ իւղ՝ որ անոր երեսը կը փայլեցնէ
Ու հաց՝ որ կը հաստատէ մարդուն սիրտը։
16 Տէրոջը ծառերը առատութեամբ ոռոգուած են,
Լիբանանի եղեւինները՝ որոնք ինք տնկեց։
17 Հոն թռչունները բոյներնին կը շինեն
Ու արագիլին բնակարանը մայրիներուն վրայ է։
18 Բարձր լեռները այծեամներուն ապաւէն են
Ու վէմերը՝ ճագարներուն։
19 Ժամանակներու համար լուսինը ստեղծեց.
Արեգակը իր մարը մտնելու ժամանակը գիտէ։
20 Խաւարը կը դնես ու գիշեր կ՚ըլլայ,
Որուն մէջ անտառին բոլոր գազանները կը պտըտին։
21 Առիւծներուն կորիւնները կը մռնչեն յափշտակութեան համար
Ու Աստուծմէ իրենց կերակուրը կը խնդրեն.
22 Երբ արեգակը ծագի կը հեռանան
Եւ իրենց որջերուն մէջ կը պառկին։
23 Մարդ մինչեւ իրիկուն իր գործին
Ու իր ծառայութեանը կ՚երթայ։
24 Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ.
Որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։
Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ։
25 Այս ծովը մեծ ու լայն է,
Հոն անթիւ սողացողներ,
Պզտիկ ու մեծ կենդանիներ կան։
26 Հոն նաւերը կը քալեն
Ու Լեւիաթանը՝ որ անոնց մէջ խաղալու համար ստեղծեցիր։
27 Ամէնքը քեզի կը սպասեն,
Որպէս զի իրենց կերակուրը ժամանակին տաս։
28 Դուն անոնց կու տաս ու անոնք կը հաւաքեն։
Ձեռքդ կը բանաս ու բարութիւնով կը կշտանան։
29 Երբ քու երեսդ ծածկես՝ կը խռովին.
Երբ անոնց հոգին առնես՝ կը մեռնին
Եւ իրենց հողը կը դառնան։
30 Հոգիդ կը ղրկես ու անոնք կ՚ստեղծուին
Ու երկրին երեսը կը նորոգես։
31 Տէրոջը փառքը յաւիտենական թող ըլլայ.
Տէրը իր գործերուն վրայ թող ուրախանայ։
32 Երկրի վրայ կը նայի ու ան կը դողայ.
Լեռներուն կը դպչի եւ անոնք կը մխան։
33 Տէրոջ պիտի երգեմ բոլոր կեանքիս մէջ.
Սաղմոս պիտի ըսեմ իմ Աստուծոյս՝ քանի որ ողջ եմ։
34 Անոր վրայով իմ մտածութիւնս քաղցր պիտի ըլլայ։
Ես Տէրոջմով պիտի ուրախանամ։
35 Մեղաւորները աշխարհէն թող պակսին
Ու ամբարիշտները ոչնչանան։
Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։ Ալէլուիա՜։

105
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
1 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէ՛ք,
Անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք։
2 Երգեցէ՛ք անոր, սաղմոս ըսէ՛ք անոր,
Պատմեցէ՛ք անոր բոլոր հրաշքները։
3 Անոր սուրբ անունովը հպարտացէ՛ք։
Տէրը խնդրողներուն սիրտը թող ուրախ ըլլայ։
4 Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէ՛ք,
Ամէն ժամանակ անոր երեսը փնտռեցէ՜ք.
5 Յիշեցէ՛ք անոր ըրած հրաշքները,
Անոր նշանները ու բերնին դատաստանները։
6 Ո՛վ անոր ծառային՝ Աբրահամին՝ սերունդ,
Ո՛վ Յակոբի որդիներ, անոր ընտրեալները։
7 Եհովան ինքն է մեր Աստուածը.
Անոր դատաստանները բոլոր երկրի մէջ են։
8 Անիկա իր ուխտը յաւիտեան կը յիշէ
Ու իր պատուիրած խօսքը՝ մինչեւ հազար ազգ.
9 Այն ուխտը որ Աբրահամին ըրաւ
Ու իր երդումը որ Իսահակին ըրաւ,
10 Յակոբին ալ հաստատեց զանիկա՝ օրէնք մը ըլլալու
Ու Իսրայէլին՝ իբրեւ յաւիտենական ուխտ մը,
11 Ըսելով. «Քեզի պիտի տամ Քանանի երկիրը,
Ձեր ժառանգութեան վիճակը»։
12 Երբ անոնք սակաւաթիւ էին,
Քիչուոր ու պանդուխտ՝ անոր մէջ
13 Ու մէկ ազգէ ուրիշ ազգի գացին,
Մէկ թագաւորութենէ ուրիշ ժողովուրդի,
14 Անիկա մէկո՛ւն թող չտուաւ, որ զանոնք նեղէ.
Թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար,
15 Ըսելով. «Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք
Ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք»։
16 Երբ սով բերաւ երկրի վրայ,
Հացին բոլոր զօրութիւնը կոտրեց։
17 Անոնց առջեւէն մարդ ղրկեց,
Յովսէփը՝ որ ծառայութեան ծախուեցաւ։
18 Անոր ոտքերը կապանքով նեղեցին,
Անոր անձը երկաթի մէջ դրուեցաւ՝
19 Մինչեւ այն ժամանակ, երբ անոր խօսքը եկաւ,
Տէրոջը խօսքը փորձեց զանիկա։
20 Թագաւորը ղրկեց ու արձակեց զանիկա։
Ժողովուրդներուն իշխանը ազատեց զանիկա։
21 Իր տանը վրայ տէր կեցուց զանիկա
Եւ իր բոլոր ունեցածին վրայ՝ իշխան,
22 Որպէս զի անոր իշխանները իր ուզածին պէս կապէ
Ու անոր ծերերը իմաստուն ընէ։
23 Իսրայէլ Եգիպտոս եկաւ
Ու Յակոբ պանդուխտ եղաւ Քամի երկրին մէջ։
24 Տէրը իր ժողովուրդը խիստ շատցուց
Ու զանոնք իրենց թշնամիներէն աւելի զօրաւոր ըրաւ։
25 Անոնց սիրտը դարձուց, որպէս զի իր ժողովուրդը ատեն
Ու իր ծառաներուն նենգութիւն ընեն։
26 Իր ծառան Մովսէսը ղրկեց
Եւ իր ընտրած Ահարոնը,
27 Որոնք անոնց մէջ իր նշանները ըրին
Ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ։
28 Խաւար ղրկեց ու խաւարեցուց
Եւ անոր խօսքին դէմ չկեցան։
29 Անոնց ջուրերը արիւնի դարձուց
Ու անոնց ձուկերը սպաննեց։
30 Անոնց երկիրը առատօրէն գորտեր դուրս բերաւ,
Մինչեւ անոնց թագաւորներուն ներքին սենեակներուն մէջ։
31 Ըսաւ՝ ու շանաճանճը եւ մուները
Անոնց բոլոր սահմաններուն մէջ եկան։
32 Անձրեւի տեղ կարկուտ տուաւ անոնց
Ու կրակի բոցեր՝ անոնց երկրին մէջ։
33 Անոնց որթատունկերը ու թզենիները զարկաւ
Եւ անոնց սահմաններուն ծառերը կոտրտեց։
34 Ըսաւ՝ ու եկան մարախը
Եւ ջորեակը՝ առանց համրանքի,
35 Որոնք անոնց երկրին մէջի բոլոր խոտը
Եւ անոնց արտերուն պտուղը կերան։
36 Անոնց երկրին բոլոր անդրանիկները
Ու անոնց բոլոր զօրութեանը սկիզբը զարկաւ։
37 Զանոնք ոսկիով ու արծաթով հանեց
Ու անոնց ցեղերուն մէջ տկար մարդ չկար։
38 Եգիպտոս ուրախացաւ անոնց դուրս ելլելուն,
Վասն զի անոնց ահը իրենց վրայ ինկած էր։
39 Ցորեկը՝ հովանի ըլլալու համար ամպ
Ու գիշերը՝ լոյս տալու համար կրակ տարածեց։
40 Խնդրեցին ու լորամարգիներ բերաւ
Ու երկնքի հացով կշտացուց զանոնք։
41 Վէմը պատռեց ու ջուրերը վազեցին,
Գետի պէս հոսեցան չոր տեղերուն մէջէն։
42 Վասն զի իր սուրբ խոստումը յիշեց,
Որ իր Աբրահամ ծառային ըրեր էր։
43 Ժողովուրդը ցնծութիւնով հանեց
Եւ իր ընտրածները՝ ուրախութիւնով։
44 Հեթանոսներուն երկիրները անոնց տուաւ
Եւ անոնք ժողովուրդներուն վաստակները ժառանգեցին,
45 Որպէս զի անոր պատուիրանքները պահեն
Ու անոր օրէնքները կատարեն։ Ալէլուիա՜։

106
ՏԷՐՈՋԸ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
1 Ալէլուիա՜։ Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
2 Ո՞վ պիտի պատմէ Տէրոջը մեծ գործերը։
Ո՞վ պիտի իմացնէ անոր ամէն գովութիւնը։
3 Երանի՜ անոնց, որ իրաւունքը կը պահեն
Ու ամէն ժամանակ արդարութիւն կ՚ընեն։
4 Յիշէ՛ զիս, ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդիդ վրայ ունեցած հաճութեանդ համեմատ,
Ինծի այցելութիւն ըրէ քու փրկութիւնովդ,
5 Որպէս զի քու ընտրեալներուդ բարութիւնը տեսնեմ,
Քու ազգիդ ուրախութիւնովը ուրախանամ,
Քու ժառանգութիւնովդ պարծենամ։
6 Մենք մեր հայրերուն հետ մեղանչեցինք,
Անօրէնութիւն ըրինք, ամբարշտութիւն գործեցինք։
7 Մեր հայրերը Եգիպտոսի մէջ չիմացան քու հրաշքներդ,
Չյիշեցին քու ողորմութեանդ շատութիւնը,
Հապա ապստամբեցան ծովուն քով,
Կարմիր ծովուն քով։
8 Բայց զանոնք իր անուանը համար փրկեց,
Որպէս զի իր մեծ զօրութիւնը ճանչցնէ։
9 Եւ Կարմիր ծովուն հրամայեց ու ցամքեցաւ
Ու անդունդներուն մէջէն քալել տուաւ անոնց, իբր թէ անապատին մէջէն
10 Զանոնք փրկեց ատողին ձեռքէն
Ու ազատեց զանոնք թշնամիին ձեռքէն։
11 Ջուրերը անոնց թշնամիները ծածկեցին,
Անոնցմէ ո՛չ մէկը մնաց։
12 Այն ատեն հաւատացին անոր խօսքին
Եւ օրհնութիւն երգեցին անոր։
13 Շուտով մոռցան անոր գործերը
Ու անոր խրատին չսպասեցին։
14 Անապատին մէջ խիստ ցանկացին
Ու Աստուած փորձեցին անջուր տեղին մէջ։
15 Եւ անոնց տուաւ անոնց ուզածը
Թէպէտեւ վատուժութիւն ղրկեց անոնց անձերուն վրայ։
16 Երբ Մովսէսին նախանձեցան բանակին մէջ
Ու Տէրոջը սուրբին՝ Ահարոնին,
17 Երկիրը բացուեցաւ ու կլլեց Դաթանը
Ու Աբիրոնի ժողովը ծածկեց։
18 Կրակը բորբոքեցաւ անոնց ժողովին մէջ,
Բոցը այրեց ամբարիշտները։
19 Հորթ շինեցին Քորեբի մէջ
Ու երկրպագութիւն ըրին ձուլածոյ պատկերին։
20 Իրենց Փառքը
Խոտակեր արջառի նմանութեանը փոխեցին։
21 Մոռցան իրենց փրկիչ Աստուածը,
Որ մեծամեծ գործեր ըրաւ Եգիպտոսի մէջ
22 Ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ
Եւ ահաւոր բաներ՝ Կարմիր ծովուն մէջ։
23 Ուստի ըսաւ թէ՝ զանոնք պիտի կորսնցնեմ,
Եթէ անոր ընտրեալը՝ Մովսէս՝
Մէջտեղը անոր առջեւ կայնած չըլլար,
Անոր բարկութիւնը իջեցնելու համար, որպէս զի չսատկեցնէ։
24 Նաեւ այն ցանկալի երկիրը անարգեցին
Ու անոր խօսքին չհաւատացին։
25 Իրենց վրաններուն մէջ տրտնջեցին,
Տէրոջը ձայնը չլսեցին։
26 Ուստի անոնց համար երդում ըրաւ,
Որ զանոնք անապատին մէջ ձգէ
27 Եւ անոնց սերունդը՝ ազգերու մէջ,
Զանոնք երկիրներու մէջ ցրուէ։
28 Բայց անոնք Բելփեգովրի յարեցան
Ու մեռածներուն զոհերը կերան
29 Եւ իրենց գործերովը Տէրը բարկացուցին։
Ուստի անոնց վրայ ժանտամահ հասաւ։
30 Ետքը Փենէհէս ելաւ ու բարեխօսեց
Եւ ժանտամահը դադրեցաւ։
31 Այս բանը անոր արդարութիւն սեպուեցաւ՝
Ազգէ մինչեւ ազգ՝ յաւիտեան։
32 Նաեւ բարկացուցին զԱնիկա Մերիպայի ջուրերուն քով։
Անոնց համար Մովսէսին գէշ եղաւ,
33 Վասն զի դառնացուցին անոր հոգին։
Ան ալ անխորհրդաբար խօսեցաւ իր շրթունքներովը։
34 Չկորսնցուցին այն ազգերը,
Որ Տէրը պատուիրեր էր անոնց.
35 Հապա հեթանոսներուն հետ խառնուեցան
Ու անոնց գործերը սորվեցան
36 Եւ անոնց կուռքերուն ծառայեցին
Ու անոնք իրենց որոգայթ եղան։
37 Իրենց տղաքներն ու աղջիկները
Դեւերուն զոհեցին,
38 Անմեղ արիւն թափեցին,
Իրենց տղաքներուն ու աղջիկներուն արիւնը,
Որոնք զոհեցին Քանանի կուռքերուն։
Երկիրը պղծուեցաւ արիւնով։
39 Իրենց գործերովը պղծուեցան
Ու իրենց ըրածներովը պոռնկութիւն ըրին,
40 Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ իր ժողովուրդին վրայ
Ու զզուեցաւ իր ժառանգութենէն։
41 Զանոնք հեթանոսներուն ձեռքը մատնեց
Ու զանոնք ատողները տիրեցին անոնց վրայ։
42 Անոնց թշնամիները նեղեցին զանոնք
Ու անոնց ձեռքին տակ խոնարհեցան։
43 Շատ անգամ փրկեց անոնք,
Բայց անոնք իրենց խորհուրդներովը դառնացուցին Անիկա
Ու նուաստացան իրենց անօրէնութիւններուն համար։
44 Սակայն անիկա նայեցաւ անոնց նեղութեանը,
Երբ անոնց աղաղակը լսեց
45 Ու անոնց համար իր ուխտը յիշեց
Եւ իր մեծ ողորմութեանը համեմատ զղջաց
46 Ու անոնց բոլոր գերեվարներուն առջեւ
Գթութիւն գտնել տուաւ անոնց։
47 Փրկէ՛ մեզ, ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը
Ու հաւաքէ մեզ հեթանոսներուն մէջէն,
Որպէս զի քու սուրբ անուանդ գոհութիւն մատուցանենք
Ու քու օրհնութիւնովդ պարծենանք։
48 Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը,
Յաւիտեանս յաւիտենից։
Բոլոր ժողովուրդը թող ըսէ. «Ամէն»։ Ալէլուիա՜։

107
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
1 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
2 Թող այսպէս ըսեն Տէրոջը փրկածները,
Որոնք փրկեց թշնամիին ձեռքէն
3 Ու հաւաքեց զանոնք երկիրներէն,
Արեւելքէն, արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու ծովէն։
4 Անոնք մոլորեցան անապատին մէջ, անջուր ճամբու մէջ.
Բնակելու քաղաք չգտան։
5 Անօթի ու ծարաւ ըլլալով՝
Հոգինին իրենց ներսիդին կը մարէր։
6 Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ
Եւ անիկա փրկեց զանոնք իրենց տառապանքներէն
7 Ու զանոնք ուղիղ ճամբու մէջ առաջնորդեց,
Մինչեւ որ բնակելու քաղաքը հասան։
8 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար
Ու հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
9 Վասն զի անիկա ծարաւցած հոգին կը յագեցնէ
Ու անօթեցածը բարութիւնով կը լեցնէ։
10 Անոնք խաւարի ու մահուան շուքի մէջ կը նստէին,
Տառապանքով ու երկաթով կապուած էին,
11 Վասն զի Աստուծոյ խօսքերուն հակառակ կեցան
Ու Բարձրեալին խորհուրդը անարգեցին.
12 Ուստի անիկա ալ նեղութիւնով խոնարհեցուց անոնց սիրտը։
Ինկան ու օգնական մը չկար։
13 Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ
Ու զանոնք փրկեց իրենց տառապանքներէն։
14 Զանոնք խաւարէն ու մահուան շուքէն հանեց
Ու անոնց կապանքները կոտրտեց։
15 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար,
Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
16 Վասն զի պղնձէ դռները փշրեց
Ու երկաթէ նիգերը կոտրեց։
17 Յիմարները իրենց չար ճամբուն համար
Ու իրենց անօրէնութիւններուն համար նեղութիւն կը կրեն։
18 Անոնց անձը ամէն կերակուրէ կը զզուի
Ու մինչեւ մահուան դռներուն կը մօտենան։
19 Տէրոջը կ՚աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ
Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։
20 Իր խօսքը կը ղրկէ ու կը բժշկէ զանոնք
Ու կ՚ազատէ զանոնք իրենց կործանումէն։
21 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար,
Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
22 Գոհութեան պատարագներ թող մատուցանեն
Ու անոր գործերը ցնծութեամբ պատմեն։
23 Նաւերով ծովը իջնողները
Ու մեծ ջուրերու մէջ գործ գործողները,
24 Անոնք Տէրոջը գործերը
Ու անոր հրաշքները կը տեսնեն անդունդին մէջ։
25 Վասն զի ան կ՚ըսէ ու մրրկալից հովը կը հանէ,
Որ անոր ալիքները բարձրացնէ։
26 Երկինք կ՚ելլեն ու անդունդը կ՚իջնեն։
Անոնց անձերը նեղութենէ կը հալին,
27 Գինով մարդու պէս կը դողդղան ու կ՚երերան
Եւ անոնց բոլոր իմաստութիւնը կը հատնի։
28 Այն ատեն Տէրոջը կ՚աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ
Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։
29 Մրրիկը կը հանդարտեցնէ
Ու ալիքները կը դադարին։
30 Իրենք ալ կ՚ուրախանան, որ դադարեցան
Եւ կ՚առաջնորդէ զանոնք իրենց ուզած նաւահանգիստը։
31 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար,
Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
32 Թող բարձրացնեն զանիկա ժողովուրդին մէջ
Ու ծերերուն ատեանին մէջ թող գովեն զանիկա։
33 Գետերը անապատներու կը դարձնէ
Ու ջուրերուն գնացքները՝ չոր երկրի
34 Ու պտղաբեր երկիրը՝ աղի երկրի,
Անոր բնակիչներուն չարութեանը համար։
35 Անապատը ջուրերու լիճի կը փոխէ
Ու չոր երկիրը՝ ջուրերու գնացքի
36 Եւ անօթիները հոն կը բնակեցնէ,
Որպէս զի բնակելու քաղաք հիմնեն
37 Ու արտեր հերկեն ու ցանեն ու այգիներ տնկեն,
Որպէս զի պտուղ բերեն։
38 Զանոնք կ՚օրհնէ եւ անոնք խիստ կը բազմանան
Ու անոնց անասունները չի պակսեցներ։
39 Նորէն կը պակսին ու կը ցածնան
Բռնութենէ, նեղութենէ ու տրտմութենէ։
40 Անարգանք կը թափէ իշխաններուն վրայ
Ու զանոնք ճամբայ չունեցող անապատի մէջ կը մոլորեցնէ։
41 Բայց աղքատը խեղճութենէ կը բարձրացնէ
Եւ անոր տոհմերը ոչխարներու հօտի պէս կ՚ընէ։
42 Ուղիղները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան
Բայց ամէն անօրէնութիւն իր բերանը պիտի գոցէ։
43 Ո՞վ է իմաստուն՝ որ այս բաները պահէ։
Անիկա Տէրոջը ողորմութիւնները պիտի հասկնայ։

108
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Դաւիթին երգն ու Սաղմոսը
1 Իմ սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած. սիրտս պատրաստ է։
Պիտի երգեմ ու սաղմոս ըսեմ իմ փառքովս։
2 Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար։
Ես կանուխ պիտի արթննամ։
3 Ո՛վ Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ
Ու սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ։
4 Վասն զի քու ողորմութիւնդ մեծ է ու երկնքէն վեր
Եւ քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ ամպերը։
5 Երկնքի վրայ բարձրացիր, ո՛վ Աստուած
Ու քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։
6 Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին։
Աջ ձեռքովդ ապրեցուր ու պատասխան տուր ինծի։
7 Աստուած իր սրբութիւնովը խօսեցաւ.
«Ես ցնծութեամբ Սիւքէմը պիտի բաժնեմ
Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ։
8 Իմս է Գաղաադը ու իմս է Մանասէն
Եւ Եփրեմը գլխուս զօրութիւնն է։
Յուդան իմ օրէնսդիրս է.
9 Մովաբը իմ լուացուելու ամանս է։
Եդովմին վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս.
Փղշտացիներուն դէմ ցնծութեամբ պիտի աղաղակեմ»։
10 Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը.
Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչեւ Եդովմ։
11 Չէ՞ որ դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ
Ու մեր գործերուն հետ չելար, ո՛վ Աստուած։
12 Նեղութեան մէջ մեզի օգնէ,
Վասն զի փուճ է մարդուն օգնութիւնը։
13 Աստուծմով քաջութիւն պիտի ունենանք։
Ան պիտի ոտնակոխէ մեր թշնամիները։

109
ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ՏՐՏՈՒՆՋԸ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Ո՛վ իմ օրհնութեանս Աստուածը, լուռ մի՛ կենար.
2 Վասն զի ամբարշտին
Ու նենգաւորին բերանը բացուեցաւ իմ վրաս,
Ինծի դէմ սուտ լեզուով խօսեցան։
3 Ատելութեան խօսքերով զիս պատեցին
Եւ ինծի հետ անիրաւ տեղը կռուեցան։
4 Իմ սիրոյս փոխարէն հակառակութիւն ըրին ինծի,
Բայց ես աղօթք կ՚ընէի։
5 Նաեւ իմ բարիքիս տեղ չարիք հատուցանեցին
Ու իմ սիրոյս տեղ՝ ատելութիւն։
6 Անոր վրայ ամբարիշտ մը վերակացու դիր
Եւ Սատանան թող կայնի անոր աջ կողմը.
7 Երբ դատուի՝ յանցաւոր թող ելլէ
Ու անոր աղօթքը մեղք թող սեպուի։
8 Անոր օրերը թող պակսին
Եւ անոր պաշտօնը ուրիշը թող առնէ։
9 Անոր որդիները որբ թող ըլլան
Ու անոր կինը՝ որբեւարի։
10 Անոր որդիները թափառական թող ըլլան ու մուրան
Եւ իրենց աւերակներէն ելլելով հաց փնտռեն։
11 Փոխ տուողը թող առնէ անոր բոլոր ունեցածը
Ու օտարները յափշտակեն անոր վաստկածը։
12 Բնաւ մէկը գթութիւն թող չընէ անոր
Ու մէ՛կը թող չողորմի անոր որբերուն։
13 Անոր զաւակները կորուստի թող մատնուին,
Անոնց անունը գալու ազգին մէջէն թող ջնջուի։
14 Անոր հայրերուն անօրէնութիւնը Տէրոջը առջեւ թող յիշուի
Եւ անոր մօրը մեղքը՝ չջնջուի։
15 Անոնք ամէն ժամանակ Տէրոջը առջեւ թող ըլլան,
Որպէս զի անոնց յիշատակը երկրէն վերցուի։
16 Վասն զի անիկա ողորմութիւն ընելը չյիշեց,
Հապա խեղճը ու աղքատը հալածեց,
Որպէս զի սիրտը կոտրածը սպաննէ։
17 Նաեւ անէծքը սիրեց։ Անէծքը թող անոր վրայ գայ։
Օրհնութիւնը չուզեց, ուստի օրհնութիւնը թող անկէ հեռանայ։
18 Անէծքը իր հանդերձին պէս հագաւ,
Ուստի անէծքը ջուրի պէս անոր փորը թող մտնէ
Ու ձէթի պէս՝ անոր ոսկորներուն մէջ։
19 Հագնելու հանդերձի պէս
Ու միշտ մէջքը կապելու գօտիի պէս թող ըլլայ անոր։
20 Ինծի հակառակ կեցողներուն
Ու իմ անձիս համար չար խօսողներուն վարձքը այս թող ըլլայ Տէրոջմէն։
21 Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, օգնէ՛ ինծի քու անուանդ համար.
Փրկէ՛ զիս քու բարի ողորմութեամբդ։
22 Վասն զի ես խեղճ ու աղքատ եմ
Ու իմ սիրտս ներսիդիս խոցուած է։
23 Ես երկնցող ստուերի պէս անցայ,
Մարախի պէս թօթուըուեցայ։
24 Ծունկերս ծոմապահութենէն տկարացան
Ու մարմինս իր պարարտութենէն մաշեցաւ։
25 Ես անոնց նախատինք եղայ,
Երբ զիս տեսնեն՝ գլուխնին կը շարժեն։
26 Օգնէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս.
Փրկէ՛ զիս քու ողորմութեանդ համեմատ։
27 Թող գիտնան թէ ա՛յս է քու ձեռքդ
Եւ դուն ըրիր ասիկա, ո՛վ Տէր։
28 Թող անոնք անիծեն, բայց դուն օրհնէ՛,
Երբ ինծի դէմ ելլեն, թող ամչնան,
Բայց քու ծառադ թող ուրախ ըլլայ։
29 Իմ թշնամիներս թող նախատինք հագնին
Ու իրենց ամօթը պատմուճանի պէս իրենց վրայ առնեն։
30 Շատ պիտի գոհանամ Տէրոջմէն իմ բերնովս
Ու շատերուն մէջ պիտի օրհնեմ զանիկա։
31 Վասն զի ինք աղքատին աջ կողմը կը կենայ,
Որպէս զի անոր անձը դատապարտողներէն փրկէ։

110
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. «Նստէ՛ իմ աջ կողմս,
Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»։
2 Տէրը քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէն պիտի ղրկէ։
Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ։
3 Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը
Յօժարակամ պիտի ըլլայ սրբութեան զարդարանքներով.
Քու երիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն
Աւելի պիտի ըլլան քեզի։
4 Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ.
«Դուն յաւիտեան Մելքիսեդեկի կարգին պէս քահանայ ես»։
5 Տէրը քու աջ կողմդ է,
Անիկա իր բարկութեան օրը թագաւորներ պիտի ջարդէ։
6 Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի ընէ,
Մեռելներով պիտի լեցնէ,
Շատ երկիրներու վրայ գլուխ եղողները պիտի ջարդէ։
7 Ճամբուն մէջ գետէն պիտի խմէ.
Անոր համար գլուխ պիտի բարձրացնէ։

111
ՏԷՐՈՋԸ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
1 Ալէլուիա՜։ Բոլոր սրտով Տէրը պիտի գովեմ
Ուղիղներուն ժողովին ու ժողովուրդին մէջ։
2 Տէրոջը գործերը մեծ են։
Անոնք բոլոր սիրողներէն կը քննուին։
3 Անոր գործը փառաւոր ու վայելուչ է
Եւ անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ։
4 Յիշել տուաւ իր հրաշքները։
Տէրը ողորմած ու գթած է։
5 Կերակուր տուաւ իրմէ վախցողներուն։
Իր ուխտը յաւիտեան պիտի յիշէ։
6 Իր գործերուն զօրութիւնը ցուցուց իր ժողովուրդին,
Անոնց տալով ազգերուն ժառանգութիւնը։
7 Ճշմարտութիւնն ու իրաւունքը անոր ձեռքերուն գործերն են,
Անոր բոլոր պատուիրանքները հաւատարիմ են։
8 Յաւիտեանս յաւիտենից հաստատուած են,
Ճշմարտութեամբ եւ ուղղութեամբ եղած են։
9 Փրկութիւն ղրկեց իր ժողովուրդին,
Իր ուխտը յաւիտեանս պահել պատուիրեց։
Սուրբ ու ահաւոր է անոր անունը։
10 Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է.
Լաւ հասկացողութիւն ունին անոնք, որ զանոնք կը կատարեն.
Անոր օրհնութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։

112
ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՒՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ
1 Ալէլուիա՜։ Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ
Ու անոր պատուիրանքներուն շատ կը հաւնի։
2 Անոր սերունդը զօրաւոր պիտի ըլլայ երկրի վրայ եւ
Ուղիղներուն ցեղը պիտի օրհնուի։
3 Առատութիւն ու հարստութիւն պիտի ըլլայ անոր տանը մէջ
Ու անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։
4 Խաւարին մէջ լոյս կը ծագի ուղիղներուն, քանզի
Ողորմած ու գթած եւ արդար է։
5 Բարի մարդը կ՚ողորմի ու փոխ կու տայ,
Իր բաները իրաւունքով կը կատարէ։
6 Յիրաւի անիկա յաւիտեան պիտի չսասանի եւ
Արդարին յիշատակը յաւիտեան պիտի մնայ։
7 Անիկա գէշ լուրէն չի վախնար.
Անոր սիրտը հաստատ է ու Տէրոջը կը յուսայ։
8 Անոր սիրտը հաստատուած է, պիտի չվախնայ,
Մինչեւ իր թշնամիներուն կորուստը տեսնէ։
9 Բաշխեց եւ աղքատներուն տուաւ.
Անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։
Անոր եղջիւրը փառքով պիտի բարձրանայ։
10 Ամբարիշտը պիտի տեսնէ ու բարկանայ։
Իր ակռաները պիտի կրճտէ ու պիտի հալի։
Ամբարիշտներուն ցանկութիւնը պիտի կորսուի։

113
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
1 Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ,
Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը,
2 Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը
Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։
3 Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք
Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրոջը անունը։
4 Տէրը բարձր է բոլոր ազգերուն վրայ.
Անոր փառքը երկնքէն վեր է։
5 Մեր Տէր Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ,
Որ բարձրութեան մէջ կը բնակի.
6 Որ երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները
Տեսնելու համար կը խոնարհի,
7 Որ աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ
Ու տնանկը աղբանոցէն կը բարձրացնէ,
8 Որպէս զի զանոնք նստեցնէ իշխաններուն հետ՝
Իր ժողովուրդին իշխաններուն հետ,
9 Որ ամուլ կինը տունը կը բնակեցնէ
Ու որդիներու ուրախ մայրը կ՚ընէ։ Ալէլուիա՜։

114
ԶԱՏԿԱԿԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
1 Երբ Իսրայէլ Եգիպտոսէն դուրս ելաւ
Ու Յակոբին տունը օտարալեզու ժողովուրդին մէջէն,
2 Յուդան՝ անոր սրբարանը
Ու Իսրայէլ անոր իշխանութիւնը եղաւ։
3 Ծովը տեսաւ ու փախաւ։
Յորդանան ետ դարձաւ։
4 Լեռները խոյերու պէս ցատկռտեցին
Ու բլուրները՝ գառնուկներու պէս։
5 Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՛վ ծով, որ փախար
Եւ դո՛ւն, Յո՛րդանան, որ ետ դարձար։
6 Ո՛վ լեռներ, ինչո՞ւ խոյերու պէս ցատկռտեցիք
Ու դո՛ւք, բլուրներ՝ գառնուկներու պէս։
7 Սարսափէ՛, ո՛վ երկիր, Տէրոջը երեսէն,
Յակոբին Աստուծոյն երեսէն,
8 Որ վէմը ջուրերու լիճի դարձուց
Ու ապառաժը՝ ջուրերու աղբիւրի։

115
ՄԻԱԿ ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՍՏՈՒԱԾԸ
1 Ո՛չ թէ մեզի, ո՛վ Տէր, ո՛չ թէ մեզի,
Հապա քու անուանդ փառք տուր՝
Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար։
2 Ինչո՞ւ համար հեթանոսները ըսեն.
«Ո՞ւր է հիմա անոնց Աստուածը»։
3 Բայց մեր Աստուածը երկինքն է.
Անիկա իր բոլոր ուզածը ըրաւ։
4 Անոնց կուռքերը արծաթ ու ոսկի են,
Մարդու ձեռքի գործեր են,
5 Բերան ունին՝ բայց չեն խօսիր.
Աչքեր ունին՝ բայց չեն տեսներ.
6 Ականջներ ունին՝ բայց չեն լսեր.
Քիթ ունին՝ բայց հոտ չեն առներ.
7 Ձեռքեր ունին՝ բայց չեն շօշափեր.
Ոտքեր ունին՝ բայց չեն քալեր
Ու իրենց կոկորդովը ձայն չեն հաներ։
8 Անոնց նման կ՚ըլլան զանոնք շինողները
Ու բոլոր անոնց յուսացողները։
9 Ո՛վ Իսրայէլ, Տէրո՛ջը յուսա.
Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։
10 Ո՛վ Ահարոնի տուն, Տէրո՛ջը յուսացէք։
Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։
11 Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, Տէրո՛ջը յուսացէք։
Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։
12 Տէրը մեզ կը յիշէ ու պիտի օրհնէ,
Իսրայէլին տունը պիտի օրհնէ,
Ահարոնին տունը պիտի օրհնէ.
13 Տէրոջմէն վախցողները պիտի օրհնէ,
Պզտիկները՝ մեծերուն հետ։
14 Տէրը ձեզի բարիք պիտի աւելցնէ,
Ձեզի ու ձեր որդիներուն։
15 Օրհնեալ էք դուք Տէրոջմէն,
Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։
16 Երկինքներու երկինքը Տէրոջն է,
Բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ։
17 Մեռելները Տէրը չեն օրհներ,
Ոչ ալ անոնք, որ գերեզմանը կ՚իջնեն։
18 Բայց մենք Տէրը պիտի օրհնենք
Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։ Ալէլուիա՜։

101
ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՄԸ ԽՈՍՏՈՒՄԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պիտի երգեմ։
Ո՛վ Տէր, քեզի սաղմոս պիտի ըսեմ։
2 Իմաստութիւնով պիտի քալեմ կատարելութեան ճամբուն մէջ.
Ե՞րբ ինծի պիտի գաս։
Իմ տանս մէջ սրտիս կատարելութիւնով պիտի վարուիմ։
3 Աչքերուս առջեւ շատ բան պիտի չդնեմ,
Մոլորածներուն գործը կ՚ատեմ,
Թող անիկա ինծի չփակչի։
4 Ծուռ սիրտը թող զատուի ինծմէ։
Չարը պիտի չճանչնամ։
5 Ան որ ծածուկ կը խօսի իր ընկերին դէմ, պիտի ջնջեմ.
Ան որ աչքերով բարձր է ու սրտով ամբարտաւան՝
Անոր պիտի չհամբերեմ։
6 Իմ աչքերս երկրի հաւատարիմներուն վրայ ըլլան,
Որպէս զի ինծի հետ բնակին։
Կատարելութեան ճամբուն մէջ քալողը
Ինծի ծառայութիւն պիտի ընէ։
7 Նենգաւորը պիտի չբնակի իմ տանս մէջ.
Սուտ խօսողը աչքերուս առջեւ պիտի չհաստատուի։
8 Առտուն կանուխ պիտի ջնջեմ երկրին բոլոր ամբարիշտները,
Որպէս զի Տէրոջը քաղաքէն բոլոր անօրէնութիւն գործողները կորսնցնեմ։

102
ՉԱՐՉԱՐՈՒԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
Վշտալիին աղօթքը՝ երբ սիրտը կը մարի ու գանգատը Տէրոջը առջեւ կը թափէ
1 Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս
Ու իմ աղաղակս թող քեզի հասնի։
2 Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինծմէ իմ նեղութեանս օրը,
Խոնարհեցո՛ւր ինծի քու ականջդ,
Շուտով պատասխան տուր ինծի այն օրը որ քեզի կը կանչեմ։
3 Վասն զի իմ օրերս մուխի պէս անհետացան
Եւ իմ ոսկորներս խռիւի պէս այրեցան։
4 Սիրտս զարնուեցաւ ու խոտի պէս չորցաւ,
Այնպէս որ իմ հացս ուտել մոռցայ։
5 Հառաչանքիս ձայնէն
Ոսկորներս մարմնիս փական։
6 Անապատին մէջի հաւալուսին նմանեցայ,
Աւերակներուն բուին պէս եղայ։
7 Անքուն մնացի ու նման եղայ
Տանիքին վրայ մինակ եղող ճնճղուկին։
8 Ամէն օր իմ թշնամիներս զիս կը նախատեն,
Իմ վրաս սաստիկ բարկացողները ինծի դէմ երդում կ՚ընեն։
9 Վասն զի մոխիրը հացի պէս կերայ
Ու խմելիքս արցունքով խառնեցի՝
10 Քու բարկութեանդ ու սրտմտութեանդ համար՝
Վասն զի զիս վերցուցիր ու նետեցիր։
11 Իմ օրերս երկնցած ստուերի պէս եղան
Ու ես խոտի պէս չորցայ։
12 Բայց դուն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան կը կենաս
Եւ քու յիշատակդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։
13 Դուն պիտի ելլես ու Սիօնին ողորմիս.
Վասն զի ժամանակն է անոր ողորմելու,
Քանզի որոշուած ժամանակը հասաւ։
14 Քու ծառաներդ անոր քարերուն կը հաւնին
Ու անոր հողին կը գթան։
15 Հեթանոսները պիտի վախնան Տէրոջը անունէն
Ու երկրի բոլոր թագաւորները քու փառքէդ։
16 Տէրը պիտի շինէ Սիօնը,
Իր փառքովը պիտի երեւնայ։
17 Տնանկներուն աղօթքին մտիկ պիտի ընէ
Ու անոնց աղօթքը պիտի չանարգէ։
18 Այս պիտի գրուի գալու ազգին համար։
Դեռ չծնած ժողովուրդը Տէրոջը գոհութիւն պիտի տայ։
19 Վասն զի իր սրբութեանը բարձրութենէն նայեցաւ։
Տէրը երկնքէն երկրի վրայ նայեցաւ,
20 Որպէս զի կապուածին հառաչանքը լսէ
Ու մահուան դատապարտուածները արձակէ։
21 Որպէս զի Սիօնի մէջ Տէրոջը անունը պատմեն
Ու անոր գովութիւնը՝ Երուսաղէմի մէջ,
22 Երբ ժողովուրդները ու թագաւորութիւնները
Մէկտեղ հաւաքուին՝
Տէրոջը ծառայելու համար։
23 Անիկա զօրութիւնս տկարացուց ճամբուն մէջ
Ու իմ օրերս կարճըցուց։
24 Ես ըսի. «Ո՛վ իմ Աստուածս,
Իմ օրերուս կիսուն մէջ զիս մի՛ վերցներ։
Քու տարիներդ ազգէ մինչեւ ազգ են։
25 Սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր
Ու երկինքը քու ձեռքերուդ գործն է։
26 Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն պիտի կենաս։
Անոնց ամէնքը լաթի պէս պիտի մաշին,
Հանդերձի պէս պիտի փոխես զանոնք
Ու պիտի փոխուին։
27 Բայց դուն նոյնն ես
Եւ քու տարիներդ պիտի չվերջանան։
28 Քու ծառաներուդ որդիները ապահով պիտի բնակին
Ու անոնց սերունդը հաստատ պիտի մնայ քու առջեւդ»։

103
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը
Ու այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը։
2 Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը
Եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար։
3 Որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ
Ու կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ,
4 Որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ
Եւ կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով ու գթութիւնով.
5 Որ կը լեցնէ քու ծերութիւնդ բարութիւնով
Ու քու մանկութիւնդ արծիւի պէս կը նորոգուի։
6 Տէրը արդարութիւն ու իրաւունք կ՚ընէ
Բոլոր զրկուածներուն.
7 Անիկա իր ճամբաները Մովսէսին ճանչցուց
Ու իր գործերը՝ Իսրայէլի որդիներուն։
8 Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը,
Երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։
9 Անիկա մինչեւ վերջը չի հակառակիր
Եւ յաւիտեանս ոխ չի պահեր։
10 Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի
Ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։
11 Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է,
Այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։
12 Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է,
Այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։
13 Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ,
Այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։
14 Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը,
Կը յիշէ թէ մենք հող ենք։
15 Մարդուն օրերը խոտի պէս են,
Դաշտի ծաղիկի պէս կը ծաղկին։
16 Վասն զի հովը անոր վրայէն կ՚անցնի ու ան կ՚ոչնչանայ
Եւ ա՛լ անոր տեղը չի ճանչնար զանիկա։
17 Բայց Տէրոջը ողորմութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից իրմէ վախցողներուն վրայ է
Ու անոր արդարութիւնը՝ որդիներուն որդիներուն վրայ.
18 Անոնց վրայ է՝ որոնք կը պահեն անոր ուխտը
Եւ կը յիշեն անոր պատուիրանքները եւ կը կատարեն։
19 Տէրը իր աթոռը երկնքի մէջ հաստատեց։
Անոր թագաւորութիւնը ամենուն վրայ կը տիրէ։
20 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ հրեշտակներ, որ ուժով զօրաւոր էք,
Որ անոր խօսքին ձայնը լսելով՝ իր հրամանը կը կատարէք։
21 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր,
Անոր կամքը կատարող պաշտօնեաներ։
22 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր գործեր,
Անոր տէրութեանը ամէն տեղերուն մէջ.
Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։

104
ԱՐԱՐՉԻՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
1 Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս.
Ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս, դուն խիստ մեծ ես.
Փառք ու վայելչութիւն հագած ես.
2 Լոյսը հանդերձի պէս կը հագնիս,
Երկինքը վարագոյրի պէս կը տարածես։
3 Անիկա իր վերնատունները ջուրերուն վրայ կը շինէ,
Ամպերը իրեն կառք կ՚ընէ,
Հովին թեւերուն վրայ կը պտըտի։
4 Իր հրեշտակները հոգիներ կ՚ընէ
Ու իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց։
5 Անիկա հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ,
Որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի։
6 Անիկա անդունդով ծածկեցիր, իբր թէ հանդերձով,
Ջուրերը լեռներուն վրայ կայնեցան։
7 Քու սաստելէդ փախան,
Քու որոտմունքիդ ձայնէն արտորալով փախան,
8 Լեռներուն վրայ ելան ու հովիտներուն մէջ ինկան,
Այն տեղը որ դուն հաստատեցիր անոնց համար։
9 Սահման դրիր, որպէս զի չանցնին
Ու նորէն երկիրը չծածկեն։
10 Ձորերուն մէջ աղբիւրներ կը ղրկէ,
Ջուրերը լեռներուն մէջէն կը հոսին։
11 Անոնք դաշտի բոլոր գազաններուն կը խմցնեն
Ու վայրի էշերը իրենց ծարաւը կ՚անցնեն։
12 Անոնց քով երկնքի թռչունները կը բնակին,
Ոստերուն մէջէն ձայն կու տան։
13 Անիկա իր վերնատուններէն լեռները կը ջրէ։
Քու գործերուդ պտուղէն երկիրը կը կշտանայ։
14 Անիկա անասուններուն համար խոտ կը բուսցնէ
Ու մարդուն ծառայութեան համար՝ բոյս,
Որպէս զի կերակուր հանէ երկրէն
15 Ու գինի՝ որ կ՚ուրախացնէ մարդուն սիրտը
Եւ իւղ՝ որ անոր երեսը կը փայլեցնէ
Ու հաց՝ որ կը հաստատէ մարդուն սիրտը։
16 Տէրոջը ծառերը առատութեամբ ոռոգուած են,
Լիբանանի եղեւինները՝ որոնք ինք տնկեց։
17 Հոն թռչունները բոյներնին կը շինեն
Ու արագիլին բնակարանը մայրիներուն վրայ է։
18 Բարձր լեռները այծեամներուն ապաւէն են
Ու վէմերը՝ ճագարներուն։
19 Ժամանակներու համար լուսինը ստեղծեց.
Արեգակը իր մարը մտնելու ժամանակը գիտէ։
20 Խաւարը կը դնես ու գիշեր կ՚ըլլայ,
Որուն մէջ անտառին բոլոր գազանները կը պտըտին։
21 Առիւծներուն կորիւնները կը մռնչեն յափշտակութեան համար
Ու Աստուծմէ իրենց կերակուրը կը խնդրեն.
22 Երբ արեգակը ծագի կը հեռանան
Եւ իրենց որջերուն մէջ կը պառկին։
23 Մարդ մինչեւ իրիկուն իր գործին
Ու իր ծառայութեանը կ՚երթայ։
24 Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ.
Որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։
Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ։
25 Այս ծովը մեծ ու լայն է,
Հոն անթիւ սողացողներ,
Պզտիկ ու մեծ կենդանիներ կան։
26 Հոն նաւերը կը քալեն
Ու Լեւիաթանը՝ որ անոնց մէջ խաղալու համար ստեղծեցիր։
27 Ամէնքը քեզի կը սպասեն,
Որպէս զի իրենց կերակուրը ժամանակին տաս։
28 Դուն անոնց կու տաս ու անոնք կը հաւաքեն։
Ձեռքդ կը բանաս ու բարութիւնով կը կշտանան։
29 Երբ քու երեսդ ծածկես՝ կը խռովին.
Երբ անոնց հոգին առնես՝ կը մեռնին
Եւ իրենց հողը կը դառնան։
30 Հոգիդ կը ղրկես ու անոնք կ՚ստեղծուին
Ու երկրին երեսը կը նորոգես։
31 Տէրոջը փառքը յաւիտենական թող ըլլայ.
Տէրը իր գործերուն վրայ թող ուրախանայ։
32 Երկրի վրայ կը նայի ու ան կը դողայ.
Լեռներուն կը դպչի եւ անոնք կը մխան։
33 Տէրոջ պիտի երգեմ բոլոր կեանքիս մէջ.
Սաղմոս պիտի ըսեմ իմ Աստուծոյս՝ քանի որ ողջ եմ։
34 Անոր վրայով իմ մտածութիւնս քաղցր պիտի ըլլայ։
Ես Տէրոջմով պիտի ուրախանամ։
35 Մեղաւորները աշխարհէն թող պակսին
Ու ամբարիշտները ոչնչանան։
Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։ Ալէլուիա՜։

105
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
1 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէ՛ք,
Անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք։
2 Երգեցէ՛ք անոր, սաղմոս ըսէ՛ք անոր,
Պատմեցէ՛ք անոր բոլոր հրաշքները։
3 Անոր սուրբ անունովը հպարտացէ՛ք։
Տէրը խնդրողներուն սիրտը թող ուրախ ըլլայ։
4 Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէ՛ք,
Ամէն ժամանակ անոր երեսը փնտռեցէ՜ք.
5 Յիշեցէ՛ք անոր ըրած հրաշքները,
Անոր նշանները ու բերնին դատաստանները։
6 Ո՛վ անոր ծառային՝ Աբրահամին՝ սերունդ,
Ո՛վ Յակոբի որդիներ, անոր ընտրեալները։
7 Եհովան ինքն է մեր Աստուածը.
Անոր դատաստանները բոլոր երկրի մէջ են։
8 Անիկա իր ուխտը յաւիտեան կը յիշէ
Ու իր պատուիրած խօսքը՝ մինչեւ հազար ազգ.
9 Այն ուխտը որ Աբրահամին ըրաւ
Ու իր երդումը որ Իսահակին ըրաւ,
10 Յակոբին ալ հաստատեց զանիկա՝ օրէնք մը ըլլալու
Ու Իսրայէլին՝ իբրեւ յաւիտենական ուխտ մը,
11 Ըսելով. «Քեզի պիտի տամ Քանանի երկիրը,
Ձեր ժառանգութեան վիճակը»։
12 Երբ անոնք սակաւաթիւ էին,
Քիչուոր ու պանդուխտ՝ անոր մէջ
13 Ու մէկ ազգէ ուրիշ ազգի գացին,
Մէկ թագաւորութենէ ուրիշ ժողովուրդի,
14 Անիկա մէկո՛ւն թող չտուաւ, որ զանոնք նեղէ.
Թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար,
15 Ըսելով. «Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք
Ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք»։
16 Երբ սով բերաւ երկրի վրայ,
Հացին բոլոր զօրութիւնը կոտրեց։
17 Անոնց առջեւէն մարդ ղրկեց,
Յովսէփը՝ որ ծառայութեան ծախուեցաւ։
18 Անոր ոտքերը կապանքով նեղեցին,
Անոր անձը երկաթի մէջ դրուեցաւ՝
19 Մինչեւ այն ժամանակ, երբ անոր խօսքը եկաւ,
Տէրոջը խօսքը փորձեց զանիկա։
20 Թագաւորը ղրկեց ու արձակեց զանիկա։
Ժողովուրդներուն իշխանը ազատեց զանիկա։
21 Իր տանը վրայ տէր կեցուց զանիկա
Եւ իր բոլոր ունեցածին վրայ՝ իշխան,
22 Որպէս զի անոր իշխանները իր ուզածին պէս կապէ
Ու անոր ծերերը իմաստուն ընէ։
23 Իսրայէլ Եգիպտոս եկաւ
Ու Յակոբ պանդուխտ եղաւ Քամի երկրին մէջ։
24 Տէրը իր ժողովուրդը խիստ շատցուց
Ու զանոնք իրենց թշնամիներէն աւելի զօրաւոր ըրաւ։
25 Անոնց սիրտը դարձուց, որպէս զի իր ժողովուրդը ատեն
Ու իր ծառաներուն նենգութիւն ընեն։
26 Իր ծառան Մովսէսը ղրկեց
Եւ իր ընտրած Ահարոնը,
27 Որոնք անոնց մէջ իր նշանները ըրին
Ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ։
28 Խաւար ղրկեց ու խաւարեցուց
Եւ անոր խօսքին դէմ չկեցան։
29 Անոնց ջուրերը արիւնի դարձուց
Ու անոնց ձուկերը սպաննեց։
30 Անոնց երկիրը առատօրէն գորտեր դուրս բերաւ,
Մինչեւ անոնց թագաւորներուն ներքին սենեակներուն մէջ։
31 Ըսաւ՝ ու շանաճանճը եւ մուները
Անոնց բոլոր սահմաններուն մէջ եկան։
32 Անձրեւի տեղ կարկուտ տուաւ անոնց
Ու կրակի բոցեր՝ անոնց երկրին մէջ։
33 Անոնց որթատունկերը ու թզենիները զարկաւ
Եւ անոնց սահմաններուն ծառերը կոտրտեց։
34 Ըսաւ՝ ու եկան մարախը
Եւ ջորեակը՝ առանց համրանքի,
35 Որոնք անոնց երկրին մէջի բոլոր խոտը
Եւ անոնց արտերուն պտուղը կերան։
36 Անոնց երկրին բոլոր անդրանիկները
Ու անոնց բոլոր զօրութեանը սկիզբը զարկաւ։
37 Զանոնք ոսկիով ու արծաթով հանեց
Ու անոնց ցեղերուն մէջ տկար մարդ չկար։
38 Եգիպտոս ուրախացաւ անոնց դուրս ելլելուն,
Վասն զի անոնց ահը իրենց վրայ ինկած էր։
39 Ցորեկը՝ հովանի ըլլալու համար ամպ
Ու գիշերը՝ լոյս տալու համար կրակ տարածեց։
40 Խնդրեցին ու լորամարգիներ բերաւ
Ու երկնքի հացով կշտացուց զանոնք։
41 Վէմը պատռեց ու ջուրերը վազեցին,
Գետի պէս հոսեցան չոր տեղերուն մէջէն։
42 Վասն զի իր սուրբ խոստումը յիշեց,
Որ իր Աբրահամ ծառային ըրեր էր։
43 Ժողովուրդը ցնծութիւնով հանեց
Եւ իր ընտրածները՝ ուրախութիւնով։
44 Հեթանոսներուն երկիրները անոնց տուաւ
Եւ անոնք ժողովուրդներուն վաստակները ժառանգեցին,
45 Որպէս զի անոր պատուիրանքները պահեն
Ու անոր օրէնքները կատարեն։ Ալէլուիա՜։

106
ՏԷՐՈՋԸ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
1 Ալէլուիա՜։ Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
2 Ո՞վ պիտի պատմէ Տէրոջը մեծ գործերը։
Ո՞վ պիտի իմացնէ անոր ամէն գովութիւնը։
3 Երանի՜ անոնց, որ իրաւունքը կը պահեն
Ու ամէն ժամանակ արդարութիւն կ՚ընեն։
4 Յիշէ՛ զիս, ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդիդ վրայ ունեցած հաճութեանդ համեմատ,
Ինծի այցելութիւն ըրէ քու փրկութիւնովդ,
5 Որպէս զի քու ընտրեալներուդ բարութիւնը տեսնեմ,
Քու ազգիդ ուրախութիւնովը ուրախանամ,
Քու ժառանգութիւնովդ պարծենամ։
6 Մենք մեր հայրերուն հետ մեղանչեցինք,
Անօրէնութիւն ըրինք, ամբարշտութիւն գործեցինք։
7 Մեր հայրերը Եգիպտոսի մէջ չիմացան քու հրաշքներդ,
Չյիշեցին քու ողորմութեանդ շատութիւնը,
Հապա ապստամբեցան ծովուն քով,
Կարմիր ծովուն քով։
8 Բայց զանոնք իր անուանը համար փրկեց,
Որպէս զի իր մեծ զօրութիւնը ճանչցնէ։
9 Եւ Կարմիր ծովուն հրամայեց ու ցամքեցաւ
Ու անդունդներուն մէջէն քալել տուաւ անոնց, իբր թէ անապատին մէջէն
10 Զանոնք փրկեց ատողին ձեռքէն
Ու ազատեց զանոնք թշնամիին ձեռքէն։
11 Ջուրերը անոնց թշնամիները ծածկեցին,
Անոնցմէ ո՛չ մէկը մնաց։
12 Այն ատեն հաւատացին անոր խօսքին
Եւ օրհնութիւն երգեցին անոր։
13 Շուտով մոռցան անոր գործերը
Ու անոր խրատին չսպասեցին։
14 Անապատին մէջ խիստ ցանկացին
Ու Աստուած փորձեցին անջուր տեղին մէջ։
15 Եւ անոնց տուաւ անոնց ուզածը
Թէպէտեւ վատուժութիւն ղրկեց անոնց անձերուն վրայ։
16 Երբ Մովսէսին նախանձեցան բանակին մէջ
Ու Տէրոջը սուրբին՝ Ահարոնին,
17 Երկիրը բացուեցաւ ու կլլեց Դաթանը
Ու Աբիրոնի ժողովը ծածկեց։
18 Կրակը բորբոքեցաւ անոնց ժողովին մէջ,
Բոցը այրեց ամբարիշտները։
19 Հորթ շինեցին Քորեբի մէջ
Ու երկրպագութիւն ըրին ձուլածոյ պատկերին։
20 Իրենց Փառքը
Խոտակեր արջառի նմանութեանը փոխեցին։
21 Մոռցան իրենց փրկիչ Աստուածը,
Որ մեծամեծ գործեր ըրաւ Եգիպտոսի մէջ
22 Ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ
Եւ ահաւոր բաներ՝ Կարմիր ծովուն մէջ։
23 Ուստի ըսաւ թէ՝ զանոնք պիտի կորսնցնեմ,
Եթէ անոր ընտրեալը՝ Մովսէս՝
Մէջտեղը անոր առջեւ կայնած չըլլար,
Անոր բարկութիւնը իջեցնելու համար, որպէս զի չսատկեցնէ։
24 Նաեւ այն ցանկալի երկիրը անարգեցին
Ու անոր խօսքին չհաւատացին։
25 Իրենց վրաններուն մէջ տրտնջեցին,
Տէրոջը ձայնը չլսեցին։
26 Ուստի անոնց համար երդում ըրաւ,
Որ զանոնք անապատին մէջ ձգէ
27 Եւ անոնց սերունդը՝ ազգերու մէջ,
Զանոնք երկիրներու մէջ ցրուէ։
28 Բայց անոնք Բելփեգովրի յարեցան
Ու մեռածներուն զոհերը կերան
29 Եւ իրենց գործերովը Տէրը բարկացուցին։
Ուստի անոնց վրայ ժանտամահ հասաւ։
30 Ետքը Փենէհէս ելաւ ու բարեխօսեց
Եւ ժանտամահը դադրեցաւ։
31 Այս բանը անոր արդարութիւն սեպուեցաւ՝
Ազգէ մինչեւ ազգ՝ յաւիտեան։
32 Նաեւ բարկացուցին զԱնիկա Մերիպայի ջուրերուն քով։
Անոնց համար Մովսէսին գէշ եղաւ,
33 Վասն զի դառնացուցին անոր հոգին։
Ան ալ անխորհրդաբար խօսեցաւ իր շրթունքներովը։
34 Չկորսնցուցին այն ազգերը,
Որ Տէրը պատուիրեր էր անոնց.
35 Հապա հեթանոսներուն հետ խառնուեցան
Ու անոնց գործերը սորվեցան
36 Եւ անոնց կուռքերուն ծառայեցին
Ու անոնք իրենց որոգայթ եղան։
37 Իրենց տղաքներն ու աղջիկները
Դեւերուն զոհեցին,
38 Անմեղ արիւն թափեցին,
Իրենց տղաքներուն ու աղջիկներուն արիւնը,
Որոնք զոհեցին Քանանի կուռքերուն։
Երկիրը պղծուեցաւ արիւնով։
39 Իրենց գործերովը պղծուեցան
Ու իրենց ըրածներովը պոռնկութիւն ըրին,
40 Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ իր ժողովուրդին վրայ
Ու զզուեցաւ իր ժառանգութենէն։
41 Զանոնք հեթանոսներուն ձեռքը մատնեց
Ու զանոնք ատողները տիրեցին անոնց վրայ։
42 Անոնց թշնամիները նեղեցին զանոնք
Ու անոնց ձեռքին տակ խոնարհեցան։
43 Շատ անգամ փրկեց անոնք,
Բայց անոնք իրենց խորհուրդներովը դառնացուցին Անիկա
Ու նուաստացան իրենց անօրէնութիւններուն համար։
44 Սակայն անիկա նայեցաւ անոնց նեղութեանը,
Երբ անոնց աղաղակը լսեց
45 Ու անոնց համար իր ուխտը յիշեց
Եւ իր մեծ ողորմութեանը համեմատ զղջաց
46 Ու անոնց բոլոր գերեվարներուն առջեւ
Գթութիւն գտնել տուաւ անոնց։
47 Փրկէ՛ մեզ, ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը
Ու հաւաքէ մեզ հեթանոսներուն մէջէն,
Որպէս զի քու սուրբ անուանդ գոհութիւն մատուցանենք
Ու քու օրհնութիւնովդ պարծենանք։
48 Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը,
Յաւիտեանս յաւիտենից։
Բոլոր ժողովուրդը թող ըսէ. «Ամէն»։ Ալէլուիա՜։

107
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
1 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
2 Թող այսպէս ըսեն Տէրոջը փրկածները,
Որոնք փրկեց թշնամիին ձեռքէն
3 Ու հաւաքեց զանոնք երկիրներէն,
Արեւելքէն, արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու ծովէն։
4 Անոնք մոլորեցան անապատին մէջ, անջուր ճամբու մէջ.
Բնակելու քաղաք չգտան։
5 Անօթի ու ծարաւ ըլլալով՝
Հոգինին իրենց ներսիդին կը մարէր։
6 Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ
Եւ անիկա փրկեց զանոնք իրենց տառապանքներէն
7 Ու զանոնք ուղիղ ճամբու մէջ առաջնորդեց,
Մինչեւ որ բնակելու քաղաքը հասան։
8 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար
Ու հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
9 Վասն զի անիկա ծարաւցած հոգին կը յագեցնէ
Ու անօթեցածը բարութիւնով կը լեցնէ։
10 Անոնք խաւարի ու մահուան շուքի մէջ կը նստէին,
Տառապանքով ու երկաթով կապուած էին,
11 Վասն զի Աստուծոյ խօսքերուն հակառակ կեցան
Ու Բարձրեալին խորհուրդը անարգեցին.
12 Ուստի անիկա ալ նեղութիւնով խոնարհեցուց անոնց սիրտը։
Ինկան ու օգնական մը չկար։
13 Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ
Ու զանոնք փրկեց իրենց տառապանքներէն։
14 Զանոնք խաւարէն ու մահուան շուքէն հանեց
Ու անոնց կապանքները կոտրտեց։
15 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար,
Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
16 Վասն զի պղնձէ դռները փշրեց
Ու երկաթէ նիգերը կոտրեց։
17 Յիմարները իրենց չար ճամբուն համար
Ու իրենց անօրէնութիւններուն համար նեղութիւն կը կրեն։
18 Անոնց անձը ամէն կերակուրէ կը զզուի
Ու մինչեւ մահուան դռներուն կը մօտենան։
19 Տէրոջը կ՚աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ
Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։
20 Իր խօսքը կը ղրկէ ու կը բժշկէ զանոնք
Ու կ՚ազատէ զանոնք իրենց կործանումէն։
21 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար,
Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
22 Գոհութեան պատարագներ թող մատուցանեն
Ու անոր գործերը ցնծութեամբ պատմեն։
23 Նաւերով ծովը իջնողները
Ու մեծ ջուրերու մէջ գործ գործողները,
24 Անոնք Տէրոջը գործերը
Ու անոր հրաշքները կը տեսնեն անդունդին մէջ։
25 Վասն զի ան կ՚ըսէ ու մրրկալից հովը կը հանէ,
Որ անոր ալիքները բարձրացնէ։
26 Երկինք կ՚ելլեն ու անդունդը կ՚իջնեն։
Անոնց անձերը նեղութենէ կը հալին,
27 Գինով մարդու պէս կը դողդղան ու կ՚երերան
Եւ անոնց բոլոր իմաստութիւնը կը հատնի։
28 Այն ատեն Տէրոջը կ՚աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ
Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։
29 Մրրիկը կը հանդարտեցնէ
Ու ալիքները կը դադարին։
30 Իրենք ալ կ՚ուրախանան, որ դադարեցան
Եւ կ՚առաջնորդէ զանոնք իրենց ուզած նաւահանգիստը։
31 Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար,
Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։
32 Թող բարձրացնեն զանիկա ժողովուրդին մէջ
Ու ծերերուն ատեանին մէջ թող գովեն զանիկա։
33 Գետերը անապատներու կը դարձնէ
Ու ջուրերուն գնացքները՝ չոր երկրի
34 Ու պտղաբեր երկիրը՝ աղի երկրի,
Անոր բնակիչներուն չարութեանը համար։
35 Անապատը ջուրերու լիճի կը փոխէ
Ու չոր երկիրը՝ ջուրերու գնացքի
36 Եւ անօթիները հոն կը բնակեցնէ,
Որպէս զի բնակելու քաղաք հիմնեն
37 Ու արտեր հերկեն ու ցանեն ու այգիներ տնկեն,
Որպէս զի պտուղ բերեն։
38 Զանոնք կ՚օրհնէ եւ անոնք խիստ կը բազմանան
Ու անոնց անասունները չի պակսեցներ։
39 Նորէն կը պակսին ու կը ցածնան
Բռնութենէ, նեղութենէ ու տրտմութենէ։
40 Անարգանք կը թափէ իշխաններուն վրայ
Ու զանոնք ճամբայ չունեցող անապատի մէջ կը մոլորեցնէ։
41 Բայց աղքատը խեղճութենէ կը բարձրացնէ
Եւ անոր տոհմերը ոչխարներու հօտի պէս կ՚ընէ։
42 Ուղիղները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան
Բայց ամէն անօրէնութիւն իր բերանը պիտի գոցէ։
43 Ո՞վ է իմաստուն՝ որ այս բաները պահէ։
Անիկա Տէրոջը ողորմութիւնները պիտի հասկնայ։

108
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Դաւիթին երգն ու Սաղմոսը
1 Իմ սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած. սիրտս պատրաստ է։
Պիտի երգեմ ու սաղմոս ըսեմ իմ փառքովս։
2 Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար։
Ես կանուխ պիտի արթննամ։
3 Ո՛վ Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ
Ու սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ։
4 Վասն զի քու ողորմութիւնդ մեծ է ու երկնքէն վեր
Եւ քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ ամպերը։
5 Երկնքի վրայ բարձրացիր, ո՛վ Աստուած
Ու քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։
6 Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին։
Աջ ձեռքովդ ապրեցուր ու պատասխան տուր ինծի։
7 Աստուած իր սրբութիւնովը խօսեցաւ.
«Ես ցնծութեամբ Սիւքէմը պիտի բաժնեմ
Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ։
8 Իմս է Գաղաադը ու իմս է Մանասէն
Եւ Եփրեմը գլխուս զօրութիւնն է։
Յուդան իմ օրէնսդիրս է.
9 Մովաբը իմ լուացուելու ամանս է։
Եդովմին վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս.
Փղշտացիներուն դէմ ցնծութեամբ պիտի աղաղակեմ»։
10 Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը.
Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչեւ Եդովմ։
11 Չէ՞ որ դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ
Ու մեր գործերուն հետ չելար, ո՛վ Աստուած։
12 Նեղութեան մէջ մեզի օգնէ,
Վասն զի փուճ է մարդուն օգնութիւնը։
13 Աստուծմով քաջութիւն պիտի ունենանք։
Ան պիտի ոտնակոխէ մեր թշնամիները։

109
ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ՏՐՏՈՒՆՋԸ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
1 Ո՛վ իմ օրհնութեանս Աստուածը, լուռ մի՛ կենար.
2 Վասն զի ամբարշտին
Ու նենգաւորին բերանը բացուեցաւ իմ վրաս,
Ինծի դէմ սուտ լեզուով խօսեցան։
3 Ատելութեան խօսքերով զիս պատեցին
Եւ ինծի հետ անիրաւ տեղը կռուեցան։
4 Իմ սիրոյս փոխարէն հակառակութիւն ըրին ինծի,
Բայց ես աղօթք կ՚ընէի։
5 Նաեւ իմ բարիքիս տեղ չարիք հատուցանեցին
Ու իմ սիրոյս տեղ՝ ատելութիւն։
6 Անոր վրայ ամբարիշտ մը վերակացու դիր
Եւ Սատանան թող կայնի անոր աջ կողմը.
7 Երբ դատուի՝ յանցաւոր թող ելլէ
Ու անոր աղօթքը մեղք թող սեպուի։
8 Անոր օրերը թող պակսին
Եւ անոր պաշտօնը ուրիշը թող առնէ։
9 Անոր որդիները որբ թող ըլլան
Ու անոր կինը՝ որբեւարի։
10 Անոր որդիները թափառական թող ըլլան ու մուրան
Եւ իրենց աւերակներէն ելլելով հաց փնտռեն։
11 Փոխ տուողը թող առնէ անոր բոլոր ունեցածը
Ու օտարները յափշտակեն անոր վաստկածը։
12 Բնաւ մէկը գթութիւն թող չընէ անոր
Ու մէ՛կը թող չողորմի անոր որբերուն։
13 Անոր զաւակները կորուստի թող մատնուին,
Անոնց անունը գալու ազգին մէջէն թող ջնջուի։
14 Անոր հայրերուն անօրէնութիւնը Տէրոջը առջեւ թող յիշուի
Եւ անոր մօրը մեղքը՝ չջնջուի։
15 Անոնք ամէն ժամանակ Տէրոջը առջեւ թող ըլլան,
Որպէս զի անոնց յիշատակը երկրէն վերցուի։
16 Վասն զի անիկա ողորմութիւն ընելը չյիշեց,
Հապա խեղճը ու աղքատը հալածեց,
Որպէս զի սիրտը կոտրածը սպաննէ։
17 Նաեւ անէծքը սիրեց։ Անէծքը թող անոր վրայ գայ։
Օրհնութիւնը չուզեց, ուստի օրհնութիւնը թող անկէ հեռանայ։
18 Անէծքը իր հանդերձին պէս հագաւ,
Ուստի անէծքը ջուրի պէս անոր փորը թող մտնէ
Ու ձէթի պէս՝ անոր ոսկորներուն մէջ։
19 Հագնելու հանդերձի պէս
Ու միշտ մէջքը կապելու գօտիի պէս թող ըլլայ անոր։
20 Ինծի հակառակ կեցողներուն
Ու իմ անձիս համար չար խօսողներուն վարձքը այս թող ըլլայ Տէրոջմէն։
21 Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, օգնէ՛ ինծի քու անուանդ համար.
Փրկէ՛ զիս քու բարի ողորմութեամբդ։
22 Վասն զի ես խեղճ ու աղքատ եմ
Ու իմ սիրտս ներսիդիս խոցուած է։
23 Ես երկնցող ստուերի պէս անցայ,
Մարախի պէս թօթուըուեցայ։
24 Ծունկերս ծոմապահութենէն տկարացան
Ու մարմինս իր պարարտութենէն մաշեցաւ։
25 Ես անոնց նախատինք եղայ,
Երբ զիս տեսնեն՝ գլուխնին կը շարժեն։
26 Օգնէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս.
Փրկէ՛ զիս քու ողորմութեանդ համեմատ։
27 Թող գիտնան թէ ա՛յս է քու ձեռքդ
Եւ դուն ըրիր ասիկա, ո՛վ Տէր։
28 Թող անոնք անիծեն, բայց դուն օրհնէ՛,
Երբ ինծի դէմ ելլեն, թող ամչնան,
Բայց քու ծառադ թող ուրախ ըլլայ։
29 Իմ թշնամիներս թող նախատինք հագնին
Ու իրենց ամօթը պատմուճանի պէս իրենց վրայ առնեն։
30 Շատ պիտի գոհանամ Տէրոջմէն իմ բերնովս
Ու շատերուն մէջ պիտի օրհնեմ զանիկա։
31 Վասն զի ինք աղքատին աջ կողմը կը կենայ,
Որպէս զի անոր անձը դատապարտողներէն փրկէ։

110
ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
Սաղմոս Դաւիթի
1 Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. «Նստէ՛ իմ աջ կողմս,
Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»։
2 Տէրը քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէն պիտի ղրկէ։
Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ։
3 Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը
Յօժարակամ պիտի ըլլայ սրբութեան զարդարանքներով.
Քու երիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն
Աւելի պիտի ըլլան քեզի։
4 Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ.
«Դուն յաւիտեան Մելքիսեդեկի կարգին պէս քահանայ ես»։
5 Տէրը քու աջ կողմդ է,
Անիկա իր բարկութեան օրը թագաւորներ պիտի ջարդէ։
6 Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի ընէ,
Մեռելներով պիտի լեցնէ,
Շատ երկիրներու վրայ գլուխ եղողները պիտի ջարդէ։
7 Ճամբուն մէջ գետէն պիտի խմէ.
Անոր համար գլուխ պիտի բարձրացնէ։

111
ՏԷՐՈՋԸ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
1 Ալէլուիա՜։ Բոլոր սրտով Տէրը պիտի գովեմ
Ուղիղներուն ժողովին ու ժողովուրդին մէջ։
2 Տէրոջը գործերը մեծ են։
Անոնք բոլոր սիրողներէն կը քննուին։
3 Անոր գործը փառաւոր ու վայելուչ է
Եւ անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ։
4 Յիշել տուաւ իր հրաշքները։
Տէրը ողորմած ու գթած է։
5 Կերակուր տուաւ իրմէ վախցողներուն։
Իր ուխտը յաւիտեան պիտի յիշէ։
6 Իր գործերուն զօրութիւնը ցուցուց իր ժողովուրդին,
Անոնց տալով ազգերուն ժառանգութիւնը։
7 Ճշմարտութիւնն ու իրաւունքը անոր ձեռքերուն գործերն են,
Անոր բոլոր պատուիրանքները հաւատարիմ են։
8 Յաւիտեանս յաւիտենից հաստատուած են,
Ճշմարտութեամբ եւ ուղղութեամբ եղած են։
9 Փրկութիւն ղրկեց իր ժողովուրդին,
Իր ուխտը յաւիտեանս պահել պատուիրեց։
Սուրբ ու ահաւոր է անոր անունը։
10 Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է.
Լաւ հասկացողութիւն ունին անոնք, որ զանոնք կը կատարեն.
Անոր օրհնութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։

112
ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՒՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ
1 Ալէլուիա՜։ Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ
Ու անոր պատուիրանքներուն շատ կը հաւնի։
2 Անոր սերունդը զօրաւոր պիտի ըլլայ երկրի վրայ եւ
Ուղիղներուն ցեղը պիտի օրհնուի։
3 Առատութիւն ու հարստութիւն պիտի ըլլայ անոր տանը մէջ
Ու անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։
4 Խաւարին մէջ լոյս կը ծագի ուղիղներուն, քանզի
Ողորմած ու գթած եւ արդար է։
5 Բարի մարդը կ՚ողորմի ու փոխ կու տայ,
Իր բաները իրաւունքով կը կատարէ։
6 Յիրաւի անիկա յաւիտեան պիտի չսասանի եւ
Արդարին յիշատակը յաւիտեան պիտի մնայ։
7 Անիկա գէշ լուրէն չի վախնար.
Անոր սիրտը հաստատ է ու Տէրոջը կը յուսայ։
8 Անոր սիրտը հաստատուած է, պիտի չվախնայ,
Մինչեւ իր թշնամիներուն կորուստը տեսնէ։
9 Բաշխեց եւ աղքատներուն տուաւ.
Անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։
Անոր եղջիւրը փառքով պիտի բարձրանայ։
10 Ամբարիշտը պիտի տեսնէ ու բարկանայ։
Իր ակռաները պիտի կրճտէ ու պիտի հալի։
Ամբարիշտներուն ցանկութիւնը պիտի կորսուի։

113
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
1 Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ,
Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը,
2 Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը
Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։
3 Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք
Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրոջը անունը։
4 Տէրը բարձր է բոլոր ազգերուն վրայ.
Անոր փառքը երկնքէն վեր է։
5 Մեր Տէր Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ,
Որ բարձրութեան մէջ կը բնակի.
6 Որ երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները
Տեսնելու համար կը խոնարհի,
7 Որ աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ
Ու տնանկը աղբանոցէն կը բարձրացնէ,
8 Որպէս զի զանոնք նստեցնէ իշխաններուն հետ՝
Իր ժողովուրդին իշխաններուն հետ,
9 Որ ամուլ կինը տունը կը բնակեցնէ
Ու որդիներու ուրախ մայրը կ՚ընէ։ Ալէլուիա՜։

114
ԶԱՏԿԱԿԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
1 Երբ Իսրայէլ Եգիպտոսէն դուրս ելաւ
Ու Յակոբին տունը օտարալեզու ժողովուրդին մէջէն,
2 Յուդան՝ անոր սրբարանը
Ու Իսրայէլ անոր իշխանութիւնը եղաւ։
3 Ծովը տեսաւ ու փախաւ։
Յորդանան ետ դարձաւ։
4 Լեռները խոյերու պէս ցատկռտեցին
Ու բլուրները՝ գառնուկներու պէս։
5 Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՛վ ծով, որ փախար
Եւ դո՛ւն, Յո՛րդանան, որ ետ դարձար։
6 Ո՛վ լեռներ, ինչո՞ւ խոյերու պէս ցատկռտեցիք
Ու դո՛ւք, բլուրներ՝ գառնուկներու պէս։
7 Սարսափէ՛, ո՛վ երկիր, Տէրոջը երեսէն,
Յակոբին Աստուծոյն երեսէն,
8 Որ վէմը ջուրերու լիճի դարձուց
Ու ապառաժը՝ ջուրերու աղբիւրի։

115
ՄԻԱԿ ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՍՏՈՒԱԾԸ
1 Ո՛չ թէ մեզի, ո՛վ Տէր, ո՛չ թէ մեզի,
Հապա քու անուանդ փառք տուր՝
Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար։
2 Ինչո՞ւ համար հեթանոսները ըսեն.
«Ո՞ւր է հիմա անոնց Աստուածը»։
3 Բայց մեր Աստուածը երկինքն է.
Անիկա իր բոլոր ուզածը ըրաւ։
4 Անոնց կուռքերը արծաթ ու ոսկի են,
Մարդու ձեռքի գործեր են,
5 Բերան ունին՝ բայց չեն խօսիր.
Աչքեր ունին՝ բայց չեն տեսներ.
6 Ականջներ ունին՝ բայց չեն լսեր.
Քիթ ունին՝ բայց հոտ չեն առներ.
7 Ձեռքեր ունին՝ բայց չեն շօշափեր.
Ոտքեր ունին՝ բայց չեն քալեր
Ու իրենց կոկորդովը ձայն չեն հաներ։
8 Անոնց նման կ՚ըլլան զանոնք շինողները
Ու բոլոր անոնց յուսացողները։
9 Ո՛վ Իսրայէլ, Տէրո՛ջը յուսա.
Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։
10 Ո՛վ Ահարոնի տուն, Տէրո՛ջը յուսացէք։
Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։
11 Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, Տէրո՛ջը յուսացէք։
Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։
12 Տէրը մեզ կը յիշէ ու պիտի օրհնէ,
Իսրայէլին տունը պիտի օրհնէ,
Ահարոնին տունը պիտի օրհնէ.
13 Տէրոջմէն վախցողները պիտի օրհնէ,
Պզտիկները՝ մեծերուն հետ։
14 Տէրը ձեզի բարիք պիտի աւելցնէ,
Ձեզի ու ձեր որդիներուն։
15 Օրհնեալ էք դուք Տէրոջմէն,
Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։
16 Երկինքներու երկինքը Տէրոջն է,
Բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ։
17 Մեռելները Տէրը չեն օրհներ,
Ոչ ալ անոնք, որ գերեզմանը կ՚իջնեն։
18 Բայց մենք Տէրը պիտի օրհնենք
Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։ Ալէլուիա՜։

116
ՄԱՀՈՒԱՆԷ ԱԶԱՏՈՒԱԾԸ ՏԷՐԸ ԿԸ ԳՈՎԷ
1 Ուրախ եմ ես, վասն զի Տէրը
Իմ ձայնս ու աղաչանքս լսեց,
2 Վասն զի անիկա իր ականջը ինծի խոնարհեցուց,
Ուստի բոլոր կեանքիս մէջ անոր պիտի կանչեմ։
3 Մահուան լարերը զիս պատեցին
Ու գերեզմանին վիշտերը զիս գտան։
Նեղութիւն ու տրտմութիւն գտայ։
4 Բայց ես Տէրոջը անունը կանչեցի։
Կ՚աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս։
5 Ողորմած ու արդար է Տէրը
Եւ մեր Աստուածը գթած է։
6 Տէրը միամիտները կը պահէ։
Ես խեղճ եղայ ու անիկա զիս ազատեց։
7 Ո՛վ իմ անձս, դարձիր քու հանգստութեանդ,
Քանզի Տէրը քեզի բարիք ըրաւ։
8 Վասն զի դուն իմ անձս մահուանէ փրկեցիր,
Իմ աչքերս՝ արցունքի ու իմ ոտքերս՝ գայթակղելէն։
9 Տէրոջը առջեւ պիտի քալեմ
Կենդանիներուն երկրին մէջ։
10 Հաւատացի, անոր համար խօսեցայ։
«Ես խիստ թշուառացայ»։
11 Իմ շփոթութեանս մէջ ըսի.
«Ամէն մարդ սուտ է»։
12 Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝
Անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն։
13 Փրկութեան բաժակը պիտի առնեմ
Ու Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։
14 Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմ
Իր բոլոր ժողովուրդին առջեւ։
15 Պատուական է Տէրոջը առջեւ
Իր սուրբերուն մահը։
16 Կ՚աղաչեմ, ո՛վ Տէր, վասն զի եւ քու ծառադ եմ։
Ես քու ծառադ եմ ու քու աղախինիդ՝ որդին։
Դո՛ւն իմ կապերս արձակեցիր։
17 Գոհութեան պատարագ պիտի մատուցանեմ քեզի
Ու Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։
18 Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմ
Իր բոլոր ժողովուրդին առջեւ,
19 Տէրոջը տանը սրահներուն մէջ,
Քու մէջդ, ո՛վ Երուսաղէմ։ Ալէլուիա՜։

117
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
1 Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ բոլոր ազգեր,
Գովեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ.
2 Վասն զի անոր ողորմութիւնը մեր վրայ մեծ է
Ու Տէրոջը ճշմարտութիւնը յաւիտեան է։ Ալէլուիա՜։

118
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ
1 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է.
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
2 Իսրայէլ թող ըսէ.
«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։
3 Ահարոնին տունը թող ըսէ.
«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։
4 Տէրոջմէն վախցողները թող ըսեն.
«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։
5 Նեղութեան մէջ Տէրոջը կանչեցի
Եւ Տէրը պատասխան տուաւ ինծի, լայնարձակ տեղ մը հանելով։
6 Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար,
Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։
7 Տէրը իմ օգնականներուս հետ մէկտեղ ինծի հետ է
Ու ես թշնամիներուս կորուստը պիտի տեսնեմ։
8 Լաւ է Տէրոջը յուսալ,
Քան թէ մարդոց ապաւինիլ։
9 Լաւ է Տէրոջը յուսալ,
Քան թէ իշխաններուն ապաւինիլ։
10 Բոլոր ազգերը զիս պաշարեցին.
Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։
11 Իմ բոլորտիքս առին եւ զիս պաշարեցին,
Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։
12 Մեղուներու պէս իմ բոլորտիքս առին,
Փուշերու կրակի պէս վառեցան։
Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։
13 Սաստիկ հրեցին զիս, որպէս զի վար իյնամ.
Բայց Տէրը օգնեց ինծի։
14 Տէրը իմ զօրութիւնս ու սաղմոսս է
Ու իմ փրկութիւնս եղաւ։
15 Արդարներուն բնակարաններուն մէջ ցնծութեան ու փրկութեան ձայն կայ։
Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ։
16 Տէրոջը աջ ձեռքը բարձր է։
Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ։
17 Պիտի չմեռնիմ, հապա պիտի ապրիմ,
Որ Տէրոջը գործերը պատմեմ։
18 Տէրը զիս շատ խրատեց,
Բայց մահուան չմատնեց զիս։
19 Բացէ՛ք ինծի արդարութեան դռները,
Որ անոնց մէջ մտնեմ ու Տէրոջը գոհութիւն մատուցանեմ։
20 Ա՛յս է Տէրոջը դուռը,
Արդարները ասկէ պիտի մտնեն։
21 Կը գոհանամ քեզմէ, որ ինծի պատասխան տուիր
Ու ինծի փրկութիւն եղար։
22 Այն քարը, որ շինողները անարգեցին,
Անկիւնին գլուխը եղաւ։
23 Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ
Զարմանալի է ասիկա մեր աչքերուն։
24 Այս այն օրն է, որ Տէրը ստեղծեց.
Ցնծանք եւ ուրախ ըլլանք անոր մէջ։
25 Հիմա կ՚աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛.
Հիմա կ՚աղաչեմ, ո՛վ Տէր, յաջողցուր։
26 Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տէրոջը անունովը կու գայ։
Օրհնեցինք քեզ Տէրոջը տունէն։
27 Տէրը Աստուած է եւ լոյս կը ցուցնէ մեզի։
Զոհի անասունները չուաններով կապեցէք
Ու սեղանին եղջիւրներուն մօտեցուցէք։
28 Դուն ես իմ Աստուածս ու քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ։
Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզ պիտի բարձրացնեմ։
29 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է,
Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

119
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԷՆՔԸ
ԱԼԷՖ
1 Երանի՜ ճամբով անբիծներուն,
Որոնք Տէրոջը օրէնքին մէջ կը քալեն։
2 Երանի՜ անոնց՝ որոնք անոր վկայութիւնները կը պահեն
Ու բոլոր սրտով զինք կը խնդրեն
3 Եւ անօրէնութիւն չեն ըներ,
Հապա անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն։
4 Դուն պատուիրեցիր, որ շատ զգուշութեամբ
Քու հրամաններդ պահենք։
5 Երանի՜ թէ իմ ճամբաներս հաստատուին
Քու կանոններդ պահելով։
6 Այն ատեն պիտի չամչնամ՝
Երբ քու բոլոր պատուիրանքներուդ զգուշութիւն ընեմ։
7 Պիտի գովեմ քեզ ուղիղ սրտով,
Երբ քու արդար դատաստաններդ սորվիմ։
8 Քու կանոններդ պիտի պահեմ.
Զիս բոլորովին մի՛ թողուր։
 ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ
 ՊԷԹ
9 Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան։
Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով։
10 Իմ բոլոր սրտովս խնդրեցի քեզ։
Մի՛ թողուր զիս, որ քու պատուիրանքներէդ մոլորիմ։
11 Իմ սրտիս մէջ պահեցի քու խօսքերդ,
Որպէս զի չմեղանչեմ քեզի դէմ։
12 Օրհնեալ ես դուն, ո՛վ Տէր,
Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։
13 Իմ շրթունքներովս պատմեցի
Քու բերնիդ բոլոր պատուիրանքները։
14 Քու վկայութիւններուդ ճամբովը ուրախացայ,
Որպէս թէ ամէն կերպ հարստութիւնով։
15 Քու հրամաններուդ վրայով պիտի մտածեմ
Եւ քու ճամբաներդ պիտի դիտեմ։
16 Քու կանոններովդ պիտի ուրախանամ
Ու քու խօսքդ պիտի չմոռնամ։
 ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ
 ԿԻՄԷԼ
17 Բարութիւն ըրէ քու ծառայիդ,
Որպէս զի ապրիմ ու քու խօսքդ պահեմ։
18 Բաց իմ աչքերս,
Որպէս զի քու օրէնքէդ հրաշքներ տեսնեմ։
19 Պանդուխտ եմ ես երկրի վրայ։
Մի՛ ծածկեր ինծմէ քու պատուիրանքներդ։
20 Իմ անձս կը նեղուի
Ամէն ժամանակ քու դատաստաններուդ ցանկալէն։
21 Դուն սաստեցիր անիծեալ ամբարտաւանները,
Քու պատուիրանքներէդ մոլորածները,
22 Նախատինքը ու անարգանքը վերցուր ինծմէ,
Վասն զի քու վկայութիւններդ պահեցի։
23 Իշխաններ ալ կը նստէին ու ինծի դէմ կը խօսէին,
Բայց քու ծառադ քու կանոններուդ վրայով կը մտածէր։
24 Քու վկայութիւններդ իմ ուրախութիւնս
Ու իմ խորհրդատուներս են։
 ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ
 ՏԱԼԷԹ
25 Իմ անձս հողին կը փակչի,
Կենադանացո՛ւր զիս քու խօսքիդ համեմատ։
26 Իմ ճամբաներս պատմեցի ու դուն ինծի պատասխան տուիր։
Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։
27 Քու հրամաններուդ ճամբան ինծի իմացուր
Եւ քու սքանչելիքներուդ վրայով պիտի մտածեմ։
28 Իմ անձս տրտմութենէ կը հալի,
Հաստատէ՛ զիս քու խօսքիդ համեմատ։
29 Ստութեան ճամբան հեռացուր ինծմէ
Ու քու օրէնքդ շնորհէ ինծի։
30 Ճշմարտութեան ճամբան ընտրեցի
Եւ քու դատաստաններդ իմ առջեւս դրի։
31 Քու վկայութիւններուդ յարեցայ,
Ո՛վ Տէր, զիս մի՛ ամչցներ։
32 Քու պատուիրանքներուդ ճամբուն մէջ պիտի վազեմ,
Վասն զի դուն իմ սիրտս պիտի լայնցնես։
 ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ
 ՀԷ
33 Ո՛վ Տէր, սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններուդ ճամբան
Ու մինչեւ վերջը պիտի պահեմ զանիկա։
34 Իմաստո՛ւն ըրէ զիս, որպէս զի քու օրէնքդ պահեմ
Ու բոլոր սրտով զանիկա գործադրեմ։
35 Առաջնորդէ՛ ինծի քու պատուիրանքներուդ շաւիղին մէջ,
Վասն զի անոր հաւնեցայ։
36 Իմ սիրտս քու վկայութիւններուդ յօժարեցուր
Ու ո՛չ թէ ագահութեան։
37 Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն
Եւ զիս քու ճամբուդ մէջ կենդանացուր։
38 Հաստատէ՛ քու խօսքդ
Քեզմէ վախցող ծառայիդ վրայ։
39 Ե՛տ դարձուր ինծմէ իմ նախատինքս, որմէ կը վախնամ,
Վասն զի քու դատաստաններդ բարի են։
40 Ահա ցանկացի քու հրամաններուդ.
Քու արդարութեանդ մէջ կենդանացուր զիս։
 ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ
 ՎԱՎ
41 Ո՛վ Տէր, թող իմ վրաս գայ քու ողորմութիւնդ
Եւ քու փրկուիթւնդ՝ քու խօսքիդ համեմատ։
42 Ես խօսքով պատասխան պիտի տամ զիս նախատողին,
Վասն զի քու խօսքիդ կը յուսամ։
43 Ճշմարտութեան խօսքը բնաւ մի՛ հեռացներ իմ բերնէս,
Վասն զի իմ յոյսս քու դատաստանիդ վրայ է։
44 Քու օրէնքդ միշտ պիտի պահեմ,
Յաւիտեանս յաւիտենից։
45 Լայնարձակ տեղի մէջ պիտի քալեմ,
Քանզի քու հրամաններդ փնտռեցի։
46 Քու վկայութիւններդ թագաւորներու առջեւ պիտի յայտնեմ
Եւ պիտի չամչնամ։
47 Պիտի ուրախանամ քու պատուիրանքներովդ՝
Որոնք սիրեցի։
48 Ձեռքերս դէպի քու պատուիրանքներդ պիտի վերցնեմ՝ որոնք սիրեցի
Ու քու կանոններուդ վրայով պիտի մտածեմ։
 ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ
 ԶԱՅԻՆ
49 Յիշէ՛ քու ծառայիդ եղած խօսքը,
Որուն վրայ ինծի յուսալ տուիր։
50 Իմ նեղութեանս մէջ մխիթարութիւնս այս է,
Վասն զի քու խօսքդ զիս կենդանացուց։
51 Ամբարտաւանները խիստ շատ ծաղր ըրին զիս,
Բայց ես քու օրէնքէդ չխոտորեցայ։
52 Ո՛վ Տէր, քու առաջուան դատաստաններդ յիշեցի
Ու մխիթարուեցայ։
53 Սոսկումը զիս բռնեց այն ամբարիշտներուն համար՝
Որոնք քու օրէնքդ կը թողուն։
54 Քու կանոններդ ինծի երգեր եղան
Իմ պանդխտութեանս տանը մէջ։
55 Ո՛վ Տէր, գիշերը քու անունդ յիշեցի
Ու քու օրէնքդ պահեցի։
56 Այս օրհնութիւնդ ստացայ,
Վասն զի քու հրամաններդ պահեցի։
 ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄԸ
 ԽԷԹ
57 Դուն իմ բաժինս ես, ո՛վ Տէր.
Խոստացայ որ քու խօսքերդ պահեմ։
58 Բոլոր սրտով քու երեսդ խնդրեցի.
Ողորմէ՛ ինծի քու խօսքիդ համեմատ։
59 Իմ ճամբաներուս վրայով մտածեցի
Եւ իմ ոտքերս քու վկայութիւններուդ դարձուցի։
60 Քու պատուիրանքներդ պահելու
Արտորացի ու չուշացայ։
61 Ամբարիշտներուն խումբերը զիս պատեցին,
Բայց ես քու օրէնքդ չմոռցայ։
62 Կէս գիշերին կ՚ելլեմ քեզի գոհութիւն մատուցանելու
Քու արդար դատաստաններուդ համար։
63 Ես ընկեր եղայ այն ամենուն, որոնք քեզմէ կը վախնան
Ու քու հրամաններդ կը պահեն։
64 Ո՛վ Տէր, երկիրը լեցուն է քու ողորմութիւնովդ.
Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։
 ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՐԺԷՔԸ
 ԴԷԹ
65 Բարութիւն ըրիր քու ծառայիդ, ո՛վ Տէր,
Քու խօսքիդ համեմատ։
66 Բարի իմաստութիւն ու գիտութիւն սորվեցուցիր ինծի,
Վասն զի քու պատուիրանքներուդ հաւատացի։
67 Քանի որ վշտացած չէի՝ կը սխալէի,
Բայց հիմա քու խօսքդ կը պահեմ։
68 Բարի ես դուն ու բարերար։
Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։
69 Ամբարտաւանները ստութիւն հնարեցին ինծի դէմ,
Բայց ես բոլոր սրտովս քու հրամաններդ պիտի պահեմ։
70 Անոնց սիրտը ճարպի պէս պարարտացաւ,
Բայց ես քու օրէնքովդ ուրախացայ։
71 Աղէկ եղաւ ինծի որ վշտացայ,
Որպէս զի քու կանոններդ սորվիմ։
72 Ինծի հազարաւոր ոսկիէ ու արծաթէ
Աւելի աղէկ է քու բերնիդ օրէնքը։
 ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
 ԵՕՏ
73 Զիս քու ձեռքերդ ըրին ու ստեղծեցին.
Իմաստուն ըրէ զիս, որպէս զի քու պատուիրանքներդ սորվիմ։
74 Քեզմէ վախցողները զիս պիտի տեսնեն եւ ուրախանան,
Վասն զի քու խօսքիդ յուսացի։
75 Գիտեմ թէ, ո՛վ Տէր, քու դատաստաններդ արդար են
Ու իրաւունքով զիս վշտացուցիր։
76 Հիմա թող ողորմութիւնդ ինծի մխիթարութիւն ըլլայ՝
Քու ծառայիդ տուած խոստումիդ համեմատ։
77 Թող քու գթութիւններդ իմ վրաս գան, որպէս զի ապրիմ,
Վասն զի քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս է։
78 Ամբարտաւանները պիտի ամչնան,
Վասն զի առանց պատճառի անիրաւութիւն ըրին ինծի,
Բայց ես քու հրամաններուդ վրայ պիտի մտածեմ։
79 Թո՛ղ ինծի դառնան քեզմէ վախցողները
Եւ քու վկայութիւններդ ճանչցողները։
80 Թո՛ղ իմ սիրտս կատարեալ ըլլայ քու կանոններուդ մէջ,
Որպէս զի չամչնամ։
 ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
 ՔԱՖ
81 Իմ անձս քու փրկութեանդ կը կարօտի
Ու ես քու խօսքիդ կը յուսամ։
82 Իմ աչքերս քու խօսքիդ համար կը նուաղին,
Ըսելով. «Ե՞րբ պիտի մխիթարես զիս»։
83 Վասն զի ես ծուխի մէջ դրուած տիկի պէս եղայ,
Բայց քու կանոններդ չմոռցայ։
84 Ո՞րչափ են քու ծառայիդ օրերը,
Զիս հալածողներուն ե՞րբ դատաստան պիտի ընես։
85 Ամբարտաւանները փոսեր փորեցին ինծի համար,
Որոնք քու օրէնքիդ համաձայն չեն։
86 Քու բոլոր պատուիրանքներդ ճշմարիտ են։
Զուր տեղ զիս կը հալածեն, օգնէ՛ ինծի։
87 Քիչ մնաց որ զիս կորսնցնէին երկրի մէջ,
Բայց ես քու հրամաններդ չթողուցի։
88 Քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացուր զիս
Եւ քու բերնիդ վկայութիւնը պիտի պահեմ։
 ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ
 ԼԱՄԷՏ
89 Ո՛վ Տէր, քու խօսքդ
Յաւիտեան հաստատ է երկնքի մէջ։
90 Քու հաւատարմութիւնդ ազգէ մինչեւ ազգ կը մնայ։
Դուն հաստատեցիր երկիրը ու կը կենայ։
91 Քու հրամաններուդ պէս կը կենան մինչեւ այսօր.
Վասն զի բոլորը քու ծառաներդ են։
92 Եթէ քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս չըլլար,
Այն ատեն կորսուած պիտի ըլլայի իմ տրտմութեանս մէջ։
93 Յաւիտեան պիտի չմոռնամ քու հրամաններդ,
Քանզի անոնցմով կենդանացուցիր զիս։
94 Ես քուկդ եմ, փրկէ՛ զիս.
Վասն զի քու հրամաններդ փնտռեցի։
95 Ամբարիշտները ինծի սպասեցին որպէս զի զիս կորսնցնեն,
Բայց ես քու վկայութիւններդ միտքս պիտի բերեմ։
96 Ամէն կատարելութեան վերջը տեսայ։
Քու պատուիրանքդ շատ ընդարձակ է։
 ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐ
 ՄԷՄ
97 Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։
Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս։
98 Քու պատուիրանքներդ զիս իմ թշնամիներէս իմաստուն ըրին,
Քանզի անոնք միշտ իմ քովս են։
99 Իմ բոլոր ուսուցիչներէս աւելի հանճարեղ եղայ,
Վասն զի քու վկայութիւններդ իմ մտածութիւնս են։
100 Ծերերէն աւելի իմաստուն եղայ,
Վասն զի քու հրամաններդ պահեցի։
101 Ամէն գէշ ճամբայէ իմ ոտքերս ետ քաշեցի,
Որպէս զի քու խօսքդ պահեմ։
102 Քու դատաստաններէդ չխոտորեցայ,
Վասն զի դո՛ւն սորվեցուցիր ինծի։
103 Ո՜րչափ քաղցր է քու խօսքդ իմ քիմքիս,
Մեղրէն աւելի անոյշ է իմ բերնիս։
104 Քու հրամաններովդ իմաստուն եղայ,
Անոր համար ստութեան ամէն ճամբայ ատեցի։
 ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԷՆ՝ ԼՈՅՍ
 ՆՈՒՆ
105 Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է
Ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս։
106 Երդում ըրի ու պիտի կատարեմ,
Որպէս զի քու արդար դատաստաններդ պահեմ։
107 Շատ նեղացայ,
Ո՛վ Տէր, կենդանացո՛ւր զիս քու խօսքիդ համեմատ։
108 Հիմա իմ բերնիս կամաւոր զոհերը ընդունէ՛, ո՛վ Տէր
Ու քու դատաստաններդ սորվեցո՛ւր ինծի։
109 Իմ հոգիս ամէն ժամանակ ափիս մէջ է,
Բայց քու օրէնքդ չեմ մոռնար։
110 Ամբարիշտները որոգայթ լարեցին ինծի դէմ,
Բայց ես քու հրամաններէդ չմոլորեցայ։
111 Քու վկայութիւններդ յաւիտեան ժառանգեցի,
Վասն զի անոնք իմ սրտիս ցնծութիւնն են։
112 Խոնարհեցուցի իմ սիրտս, որպէս զի քու կանոններդ կատարեմ
Յաւիտեան՝ մինչեւ վերջը։
 ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ
 ՍԱՄԷԽ
113 Երկմիտները ատեցի,
Բայց քու օրէնքդ սիրեցի։
114 Իմ ապաւէնս ու ասպարս դուն ես,
Քու խօսքիդ յուսացի։
115 Ե՛տ քաշուեցէք ինծմէ, ո՛վ չարագործներ,
Վասն զի ես իմ Աստուծոյս պատուիրանքները պիտի պահեմ։
116 Պահպանէ զիս քու խօսքիդ համեմատ, որպէս զի ապրիմ
Եւ զիս իմ յոյսէս մի՛ ամչցներ։
117 Զօրացո՛ւր զիս, որպէս զի ապրիմ
Ու միշտ քու կանոններուդ ուշադրութիւն ընեմ։
118 Անարգեցիր այն ամէնը, որոնք քու կանոններէդ խոտորեցան,
Քանզի անոնց խորամանկութիւնը փուճ է։
119 Դուն մետաղներու կղկղանք կը համարիս երկրի բոլոր ամբարիշտները,
Անոր համար ես քու վկայութիւններդ կը սիրեմ։
120 Իմ մարմինս քու ահէդ դողաց
Ու ես քու դատաստաններէդ վախցայ։
 ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ
 ԱՅԻՆ
121 Իրաւունք ու արդարութիւն ըրի,
Զիս իմ նեղիչներուս մի՛ մատներ։
122 Քու ծառայիդ բարութեան համար երաշխաւոր եղիր.
Ամբարտաւանները թող չհարստահարեն զիս։
123 Իմ աչքերս նուաղեցան քու փրկութեանդ համար
Ու քու արդարութեանդ խօսքին համար։
124 Քու ծառայիդ քու ողորմութեանդ համեմատ ըրէ՛
Եւ քու կանոններդ սորվեցո՛ւր ինծի։
125 Ես քու ծառադ եմ, իմաստուն ըրէ՛ զիս,
Որպէս զի քու վկայութիւններդ ճանչնամ։
126 Տէրոջը գործելու ժամանակն է,
Վասն զի քու օրէնքդ խափանեցին։
127 Անոր համար քու պատուիրանքներդ
Ոսկիէն ու ազնիւ ոսկիէն աւելի սիրեցի,
128 Ուստի ամէն բանի վրայով պատուիրած քու բոլոր հրամաններդ ուղիղ կը համարեմ
Ու ստութեան ամէն ճամբայ կ՚ատեմ։
 ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՒ ՓԱՓԱՔ
 ՓԷ
129 Քու վկայութիւններդ զարմանալի են,
Անոր համար իմ անձս զանոնք կը պահէ։
130 Քու խօսքերուդ յայտնուիլը լոյս կու տայ
Ու միամիտները իմաստուն կ՚ընէ։
131 Իմ բերանս բացի ու հեւացի,
Վասն զի քու պատուիրանքներուդ ցանկացի։
132 Ինծի նայէ՛ ու ողորմէ՛ ինծի,
Ինչպէս սովորաբար կ՚ընես քու անունդ սիրողներուն։
133 Իմ գնացքներս հաստատէ՛ քու խօսքիդ մէջ
Ու ոչ մէկ անօրէնութիւն թո՛ղ չտիրէ ինծի։
134 Փրկէ՛ զիս մարդոց բռնութենէն
Եւ քու հրամաններդ պիտի պահեմ։
135 Երեսդ փայլեցո՛ւր քու ծառայիդ վրայ
Ու սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։
136 Ջուրերու առուներ կ՚իջնեն իմ աչքերէս,
Վասն զի մարդիկ քու օրէնքդ չպահեցին։
 ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
 ՑԱՏԷ
137 Արդար ես դուն, ո՛վ Տէր
Եւ քու դատաստաններդ ուղիղ են։
138 Քու պատուիրած վկայութիւններդ
Արդար ու խիստ ճշմարիտ են։
139 Իմ նախանձս զիս մաշեցուց,
Վասն զի իմ թշնամիներս քու խօսքերդ մոռցան։
140 Քու խօսքդ խիստ մաքուր է,
Անոր համար քու ծառադ զանիկա կը սիրէ։
141 Ես ցած ու անարգուած եմ,
Բայց քու հրամաններդ չմոռցայ։
142 Քու արդարութիւնդ յաւիտենական արդարութիւն է
Ու քու օրէնքդ ճշմարտութիւն է։
143 Նեղութիւն ու վիշտ զիս գտան,
Բայց քու պատուիրանքներդ իմ ուրախութիւնս են։
144 Քու վկայութիւններուդ արդարութիւնը յաւիտենական է.
Իմաստուն ըրէ՛ զիս ու պիտի ապրիմ։
 ԱՂՕԹՔ ՄԸ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
 ԳՕՖ
145 Բոլոր սրտով աղաղակեցի,
Ո՛վ Տէր, պատասխան տուր ինծի ու քու կանոններդ պիտի պահեմ։
146 Քեզի աղաղակեցի, փրկէ՛ զիս
Եւ քու վկայութիւններդ պիտի պահեմ։
147 Կանուխ ելայ արշալոյսին ու աղաղակեցի.
Քու խօսքիդ յուսացի։
148 Գիշերուան պահերէն առաջ բացուեցան իմ աչքերս՝
Քու խօսքերուդ վրայ մտածելու համար։
149 Իմ ձայնս լսէ՛ քու ողորմութեանդ համեմատ.
Ո՛վ Տէր, քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։
150 Անօրէնութեան հետեւողները ինծի մօտեցան.
Քանզի քու օրէնքէդ հեռացան։
151 Ո՛վ Տէր, դուն մօտ ես
Ու քու բոլոր պատուիրանքներդ ճշմարտութիւն են։
152 Սկիզբէն իմացած եմ քու վկայութիւններդ,
Որոնք յաւիտեան հաստատեցիր։
 ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ
 ՐԷՇ
153 Տե՛ս իմ խեղճութիւնս ու զիս փրկէ՛,
Վասն զի քու օրէնքդ չմոռցայ։
154 Իմ իրաւունքս պաշտպանէ ու փրկէ՛ զիս,
Քու խօսքիդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։
155 Փրկութիւնը հեռու է ամբարիշտներէն,
Վասն զի քու կանոններդ չփնտռեցին։
156 Ո՛վ Տէր, քու գթութիւններդ շատ են,
Քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։
157 Շատ են իմ հալածիչներս ու թշնամիներս.
Բայց ես քու վկայութիւններէդ չխոտորեցայ։
158 Անօրէնները տեսայ ու զզուեցայ.
Վասն զի անոնք քու խօսքդ չէին պահեր։
159 Նայէ՛, քու հրամաններդ որքա՜ն կը սիրեմ.
Ո՛վ Տէր, քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։
160 Քու խօսքիդ սկիզբը ճշմարտութիւն է
Ու քու բոլոր արդար դատաստաններդ յաւիտենական են։
 ՏԷՐՈՋԸ ՕՐԷՆՔԻՆ ԸՆԾԱՅՈՒՄ
 ՇԻՆ
161 Իշխանները զուր տեղ զիս հալածեցին,
Բայց իմ սիրտս քու խօսքէդ վախցաւ։
162 Ես կը ցնծամ քու խօսքերովդ,
Շատ աւար գտնողի պէս։
163 Ստութիւնը ատեցի ու անարգեցի,
Բայց քու օրէնքդ սիրեցի։
164 Օրը եօթը անգամ կ՚օրհնեմ քեզ
Քու արդար դատաստաններուդ համար։
165 Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ
Ու անոնց գայթակղութիւն չկայ։
166 Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ սպասեցի
Եւ քու պատուիրանքներդ կատարեցի։
167 Իմ անձս քու վկայութիւններդ պահեց
Ու ես զանոնք շատ կը սիրեմ։
168 Քու հրամաններդ եւ քու վկայութիւններդ պահեցի,
Վասն զի իմ բոլոր ճամբաներս քու առջեւդ են։
 ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
 ԹԱՎ
169 Ո՛վ Տէր, թո՛ղ իմ աղաղակս քու առջեւդ մօտենայ
Քու խօսքիդ համեմատ իմաստուն ըրէ զիս։
170 Թո՛ղ իմ աղաչանքս քու առջեւդ ելլէ.
Քու խօսքիդ համեմատ փրկէ՛ զիս։
171 Իմ շրթունքներէս օրհնութիւն պիտի բղխի,
Վասն զի քու կանոններդ սորվեցուցիր ինծի։
172 Իմ լեզուս քու խօսքդ պիտի պատմէ,
Վասն զի քու բոլոր պատուիրանքներդ արդար են։
173 Թող քու ձեռքդ ինծի օգնական ըլլայ,
Վասն զի քու հրամաններդ ընտրեցի։
174 Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ ցանկացի
Ու քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս է։
175 Թող իմ անձս ապրի ու քեզ օրհնէ
Եւ քու դատաստաններդ օգնեն ինծի։
176 Կորսուած ոչխարի պէս մոլորեցայ.
Փնտռէ՛ քու ծառադ, վասն զի քու պատուիրանքներդ չմոռցայ։

120
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Աստիճաններուն երգը
1 Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը աղաղակեցի
Ու անիկա ինծի պատասխան տուաւ։
2 Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս սուտ շրթունքներէն
Ու նենգաւոր լեզուէն։
3 Ո՛վ նենգաւոր լեզու, քեզի ի՞նչ պիտի տրուի
Եւ քեզի ի՞նչ պիտի աւելցուի.
4 Զօրաւոր մարդուն սուր նետերը
Ու գիհիին կայծերը։
5 Վա՜յ ինծի, որ Մոսոքի մէջ պանդուխտ եղայ
Եւ Կեդարի վրաններուն քովերը բնակեցայ։
6 Շատ ժամանակ իմ անձս բնակեցաւ
Խաղաղութիւնը ատողներուն հետ։
7 Ես խաղաղասէր էի.
Բայց երբ կը խօսէի, անոնք կռիւ կ՚ընէին։